Մայր դիւան Մխիթարեանց Վենետկոյ ի Ս. Ղազար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Գաբրիելեան փողըն գոչէ,
       Սուրբք ամենայն անդր հաոաքին,
       Արդարոց դասքըն բերկրին…:
       (ԺԱՄԱԳԻՐՔ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ)
       Հրեշտակապետաց տօնն էր:
       Եւ հոգի մը վաղայարոյց` փութկոտ երկրէս դէպի երկինք, ձայնակցելու հրեշտակային փառափանութեան:
       Մխիթարայ Ուխտին կը պատկանէր այդ հոգին: Մկրտութեան անունը` հրեշտակային ու քաղցրախօսիկ երկու մեծ Սուրբերու անունովը` Փրանկիսկոս, որոնցմէ կ՚երեւի թէ ընդունած էր սրբարար ցոլքեր:
       Սքեմաւորուելով ըստ կրօնին` կը կոչուի Փրանկիսկոսը Աւետիք: Այնուհետեւ ի մի մը ձուլուին իր մէջ անուններու ճառագայթած իմաստները` շնորհիւ ոկեքանդակ խօսքերուն իր սրբակենցաղ դաստիարակ Հ. Գարեգին Վ. Զարբհանալեանի, եւ յետ կատարելու մշտնջենաւոր Ուխտը` օր մ'ալ (1887 Ապրիլ 10) կը կերտուի Մխիթարեան կրօնաւորը աստուածային խորանին պաշտօնեայ, Ալիշաններու կենդանի շունչովն արդէն տաքցած Ս. Ղազարու կղջեկին մէջ: Ուխտադրութեան հետ վճռական հաստատութիւն մ՚առած ըլլալու է հանգուցեալ Հօր առ Տիրամայրն ունեցած անպայման սէրն ու վստահութիւնն ալ, նախապէս իւրացուած ու զուգադիպած անշուշտ իր փիլոնառութեան օրը` Աւետիք կոչումին:
       Արդէն բոլոր Մխիթարեաններուս ծանօթ է իր այդ ջերմեռանդական նախասիրութիւնը: Ան կը դաւանէր կորովի հաւատքով ու շնորհապարտ զգացումով թէ Ս. Կոյսն եղած էր բովանդակ կենաց մէջ իր միակ յոյսն ու ապաւէնը` յաջողութեանց ու ձախորդութեանց պահերուն, ինչ որ ըստ առթին կը պատմէր ժամանակին ալ մեզ աշակերտներուս եւ հոգեւոր որդւոց ` իբր աւանդ եւ խրախոյս, եւ գտած բարիքներուն ալ ինքզինքը անարժան կը սեպէր` խոր եւ անկեղծ համոզմամբ մը: Եւ իրօք, գրեթէ չէ լսուած մեր հանգուցեալ Հօր բերնէն հոգեշահ խօսք մը` առանց Տիրամօր հանդէպ իր սիրոյն եւ հաւաքին նշանները զգացնելու:
       Հ. Աւետիք Վարդապետի ամբողջ կեանքը նկատի ունենալով` կարելի է այր Աստուծոյ որակել զինքը: Իր հոգեկան ներքին եռուզեռը չէր կրնար ծածկել, եւ յաճախ կը մատնուէր նոյն իսկ փութկոտ քայլերէն: կարծես թէ մրցանքի ելած էին իր մէջ ձիրք եւ առաքինութիւնք: Գրած նամակները կրօնաւորական եւ քահանայական հոգւոյն ջինջ հայելիներն են:
       Շատ ցայտուն էին անոր աբրահամեան հաւատքն ու հնազանդութիւնը, ինչպէս նաեւ զարմանալի խոնարհութիւն մը. միով կը դաւանէր անթերի համակերպութեամբ մը աստուածային ձայնը հեղինակութեան մէջ` ուսկից ալ որ բխէր ան, միւսով կը դասէր ինքզինքը քան զամենքն յետնագոյն ու կարօտ: Խոնարհութեան մէջ գտեր էր իր ամենասիրելի գանձը` սրտի ուրախութիւն եւ գոհութիւն, այս պատճառաւ նոյն իսկ առտնին ծառայական գործերն իր առանձին ուշադրութեան առարկայ էին: Կրօնաւորական աղքատութիւնը սիրելու եւ գործադրելու կերպէն պիտի ուղէինք ըսել թէ կարծես մկրտութեան անուանակից Սուրբէն հոգեպէս դաս կ՚առնէր:
       Իսկ իր ծայր աստիճան հասարակասիրութեան վկայ են բոլոր վանականք ու զինքը մօտէն ճանչցօղ ազգայինք: Այդ ոգւով` նախանձախնդիր էր Մխիթարայ Տան ներքին եւ արտաքին փայլին ու բարեզարդութեան, անոր վաղեմի սովորոյթներուն, օրինապահութեանց եւ աւանդութեան, անոր բարոյական եւ գրական զարգացումին երբեք կասիլ չէր գիտեր Միաբանութեան սիրոյն առջեւ, որուն համար զոհուիլն իսկ ոչինչ էր իրեն համար:
       Սոյն եռանդէն մղուած` ամէն կողմ կը հասնէր, մինչեւ իսկ վանական պարտէզին ներքին խորշերն ու անկիւնները: Շատ կը սիրէր ծաղկադարմանութիւն, եւ յիրաւի` ծաղիկի մը կեանքին հետ այլաբանական մտքով եւ հիացումով կը դիտէր ու կը համեմատէր բարոյական կեանքի մը աճումը ու արտադրութիւնները: Ծաղիկ հասցնելու ինքնահնար միջոցներ ունէր, ու երբ կը յաջողէր- ինչպէս ստէպ- գոհ եւ անմեղ ժպիտով մը կը բերէր ու կը յանձնէր բուրաստաններու ազատ տրամադրութեան, առանց ո եւ է փոքրիկ նախապատուութեան մը ակնկալութեան , ո'ր հասակէ ալ ըլլար ծաղկադարման եղբայրակիցը, ինչ որ ինքնին ցոյց կու տար անոր խոնարհ հոգին: Իր մէկ փափագն էր, ինչպէս կ՚ըսէր, օրին մէկը բազմագոյն վարդերէ կազմուած գօտիի մը մեջ տեսնել ամբողջ կղզեակը` իբրեւ ի վարդապսակ շրջանակի, տալով անոր խորհրդաւոր նշանակութիւն մը. եւ այդ դիտաւորութեամբ լռիկ մնջիկ բազմաթիւ արմատներ ու ճղիկներ անծանօթ անկիւններու մէջ կը մշակէր: Երկիւղած յարգանք եւ յատուկ բարեպաշտ հոգածութիւն մ'ունէր մայրավանքիս «Աստուածածնայ բլրակ»ի ածուներուն եւ անոր մերձակայ Մխիթարեան Գերեզմաննոցի պարտէզին հանդէպ: Հոս տնկեր էր աստիճանական կարգերով` ըստ եղանակի բացուող բազմատեսակ ծաղիկներ, որպէս զի ասոնք միշտ զարդարուած պահեն ոսկրերը Եր. Մխիթարայ երջանկայիշատակ զաւակաց, որոնց հոգիէն շատ բան ամբարած էր իր մէջ մեր Հանգուցեալը: Գերեզմանատան կեդորնը շինած էր նաեւ սրտաձեւ աւազանիկ մը, որուն տուած խորհրդական իմաստը գուշակել դժուար չէ: Իր զգացած անհուն երախտագիտութիւնը ստէպ զինքը հոն կը մղէր. ուստի շատ անգամ զինքը հոն գտնելն աւելի ապահով էր:
       Սակայն Հ. Աւետից Վ. ի մեծագոյն արժանիքը կը կազմեն անոր բազմամեայ առաքելութիւնը եւ հոգեւոր հայրութիւնը իբր դաստիարակ, եւ այս կրկնակ մարզերուն մէջ ալ հոգւոց փրկութեան իր եռանդն ու անձնասիրութիւնը ամէն գովասանքէ վեր եղած է: Տէրունական այգւոյն մէջ տիպար հովիւ մ'էր հայրագորով հոգածութեամբ. գութ եւ կարեկցութիւն կը սփռէր ամէն ատեն եւ ամենքին հանդէպ անխտիր:
       Քահանայ ձեռնադրուելէն անմիջապէս ետքն է որ կը ղրկուի ի Պարտիզակ (1888- 1892) իբր օգնական Հ. Ներսէս Վ. Ճնտոյեանի (յետոյ Եպիսկոպոս Մշոյ եւ Վասպուրականի ): Ապա կը տեսնենք զինքը Ժողովրդապետ թէ ' ի Պարտիզակ եւ թէ ի Նիկոմիդիա (1894- 1899): Նոյն միջոցին Ս. Հնազանդութիւնը ուրիշ կարեւոր առաքելութեան մը կը կոչէ արդիւնազարդ եւ աստուածասէր հովիւը. այն էր` վանական աշակերտաց ԼԴ. դասուն վերակացութեան: Եւ Հ . Աւետիք Վ. հպատակելով Մեծաւորաց կամքին` կու գայ ի Ս. Ղազար ու կը ստանձնէ նոր փափուկ պաշտօնը, զոր ամբողջ 6 տարի վարելով անձնուէր ու հայրագութ սիրով եւ եռանդով` կու տայ 1906-ին Ուխտիս 7 նոր Մխիթարեան քահանաներ: Այս ժամանակամիջոցիս` իրեն կը յանձնուի նաեւ վարչական ժողովի անդամակցութեան պաշտօնը որ կը տեւէ մինչեւ ընդհ. ժողով (1903- 1909): Յետոյ կը կարգուի դարձեալ ժողովրդապետ Նիկոմիդիոյ Կաթողիկէ Հայոց, ճանչցուելով հոն թուրք իշխանութեան առջեւ` նաեւ իբր մուրախաս : Հոս` առաջնորդարանին հին շէնքը այլ եւս անբաւական նկատելով իր նպատակին, Գերպ. Աբբահօր հրամանով կը գնէ հող կայարանին մօտիկ, եւ իր անխոնջ աշխատութեամբը եւ անմիջական հսկողութեամբը կանգնել կու տայ Միաբանութեանս ծախքով եկեղեցի եւ առաջնորդարան դպրոցով միասին : Եւ մինչեւ նոր աւարտած` կը սկսէր տեսնել եկեղեցւոյ օծման պատրաստութիւնները, յորում իր յոգնածութեանց պտուղը քաղէր ուրախութիւն եւ մխիթարութիւն, ահա վերահաս համազգային սարսափելի աղէտը, տարեգրութիւնը… ու անձնանուէր Հովիւը համակերպելով Նախախնամութեան անքնին կամքին կը սկսի իր սիրելի հօտին հետ անկոխ ճամբայ մը կտրել դէպ ի նոր Գողգոթայ: Հ. Աւետիք Վարդապետ ըլլալով «այր հաւատոց»` այդ տառապանքի կեանքը նկատեց իրեն առաքելական կարեւորագոյն ասպարէզ մը. աստուածավառ եռանդով ու չարքաշ` նետուեցաւ ամէն կողմ, թէ` իր տարաբախտ հօտին եւ թէ բախտակից բազմաթիւ հայորդիներու բարոյական եւ այլ ամէն կերպ աջակցութիւն մատուցանելու` ճշմարիտ հովուի մը գիտակցութեամբ. երբեք չնայելով որ իր այդ անձնուիրութիւնը եւ համարձակ վերաբարումը օրուան թուրք վարիչներու հետ, ահաւոր նեղութեանց ու չարատանջ մահուան կրնային յանգիլ:
       Տարի մը Գոնիայի կողմերը խոստովանողի կեանք անցընելէ վերջ` աստուածային յատուկ ողորմութեամբ, Վեր. Հ. Մեսրոպ Վ. Սահակեանի մահէն ետք կը վերադառնայ ի Պոլիս եւ կը ստանձնէ Միաբանութենէս յանձնուած Մեծաւորութեան պաշտօնը (1917- 1920): Բայց քիչ յետոյ դարձեալ ընտրուելով անգամ Ուխտիս վարչական ժողովին` կը թողու Պոլիսն ալ ու կուգայ Ս. Ղազար, ուր կը մնայ մինչեւ վերջ: Այս շրջանիս կ՚ունենայ ի վանս նորագոյն կարեւոր ծառայութիւններ: Առաջիկայութեան հետ կը վարէ բաւական ժամանակ վանքին Գործակալութիւնը : Այլ եւ յոյժ թանկագին եղան մատուացած բարոյական ծառայութիւնները: Յատկապէս ճանչցուած եւ ընդհանրութենէն յարգուած ըլլալով իբրեւ խղճամիտ, ներանձնասէր եւ կրօնաւորական ողջ սկզբունքներս տէր, ամենքը կը նկատէին զինքը իբրեւ հայր: Իր վայելած այս հանգամանքովը եղաւ ընտիր խորհրդատու իրեն դիմողներուն եւ տարիներով վարեց Խոստովանահայրութեան եւ Հոգ. Հայրութեան պաշտօնը` վանքի քահանայից եւ աշակերտաց, ինչպէս նաեւ Մ. Ռափայելեան սաներու համար:
       Հ. Աւետիք Վարդապետի այս բարեմասնութիւնները գնահատուած են նաեւ արտաքին անձերէ: Եւ յիրաւի իր ուղիղ , ողջամիտ եւ բարեացակամ վարմուքին ու գործերուն համար արժանացած էր ժամանակակից Հայ. Կաթ. Գերեջ. Պատրիարքներու, Գերպ. Թեմականներու, ընդհանուր կղերին եւ ժողովուրդին մասնաւոր համարման եւ յարգանքին: Նոյն իսկ Հայութեան միւս հատուածները, ըլլայ կղեր կամ ժողովուրդ` որոնց հետ շփում ունեցած էր, մեծապէս կ՚ակնածէին իրմէ` ծանրախոհ վարմունքին եւ աստիճանին վայել ձիրքերուն համար:
       1929-ի Ընդհ. Ժողովր, յորում կ՚ունենայինք Միաբանութեանս նորընտիր Ընդհանրական Աբբայհայր Գերյ. Տ. Տ. Յովհան Վ. Աւգեր, կ՚ընտրուէր նաեւ Վ. Հ. Աւետիք Վ. Գազէզեան Ընդհ. Աթոռակալ եւ Առաջիկայ: Սակայն չկրցաւ Ուխտս այս անգամ վայելել անոր թանկագին աջակցութիւնը եւ օգտուիլ այնքան միաբանասէր խորհուրդներէն` վերահաս անողոք հիւանդութեանը պատճառաւ, որ եւ հուսկ խլեց զինք մեզմէ դժբախտաբար վախճան դնելով անոր աստուածանուէր քայլերուն եւ վշտահար թողլով զՄիաբանութիւնս:
       Հանգուցեալը որքան որ կեանէն կարեւորագոյն մաս մը նուիրեց առաքելական գործունէութեան եւ վարչական գործերու, սակայն գիտցաւ միանգամայն օգտագործել պարագաները ուսումնական աշխատութեամբ ալ ըստ կարելւոյն պարպելու: Իր նախասիրած նիւթերն էին Հայ Եկեղ. Պատմութիւն եւ Հայ Հնախօսութիւն: Գրած է Բազմավեպի մէջ շատ յօդուածներ. վերջին ժամանակներս` նաեւ Ո. Կ. ստորագրութեամբ: Դեռ նորերս հրատարակած էր նաեւ Թուռնըպիզի «Հայաստան եւ Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն»:
       Հ. Աւետիք Վարդապետէ կը մնան այժմ աւելի հետաքրքրական` իբր ձեռագիր անտիպ երկասիրութիւն` Համառօտ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն մը ի սկզբանէ մինչեւ մեր օրերը, ինչպէս նաեւ Քրիստոնէական վարդապետութիւն մը: Բաց աստի ուշադրութեան արժանի է համեմատական աշխատութիւն մը Հայ պատարագի աղօթից վրայ, ուր նշանակած է զանազան ճաշոցներու տարբերութիւնները: Սկսած էր պատրաստել նաեւ Մայրավանքիս Ձեռագրաց Նոր Ցուցակ մը Հ. Բ. Սարգիսեանի Մայր Ցուցակէն տարբեր կարգով եւ ոճով: Հոն ամփոփուած էին 300-է աւելի գրչագիրներ` սեղմ պարունակութեամբ եւ յարակից կարեւոր ծանօթութիւններով, ինչ որ կիսաւարտ կը մնայ այսօր: Պատրաստ ունէր նաեւ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Հայրախօսութիւն մը (յետոյ կորսուած` աքսորի միջոց ), ուր կային Հայ Եկեղեցւոյ նախկին Հայրերէն ալ: Իր այս երկասիրութեան վրայէն դասախօսած էր մեզ ատենօք` երբ կը վայելէինք միաժամանակ իր հայրագորով Վերակացութիւնը :
       Ահա ' ուրեմն Առաքինին, ահա ' բազմերախտ Մխիթարեանը` Լուսահոգի Վ. Հ. Աւետիք Վ. Գազէզեան, որուն անմոռանալի յիշատակին ի սրտէ կը նուիրուի այս համեստ աշխատութիւն «ՄԱՅՐ ԴԻԻԱՆ»ը` իբրեւ նշան սիրոյ եւ երախտագիտութեան :
       Հ. Ղ . Տ.