Մայր դիւան Մխիթարեանց Վենետկոյ ի Ս. Ղազար 1707-1773 ի ծագմանէ ուխտիս մինչեւ ցբաժանումն Թրեստեան հարց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Հետեւեալ նամակը գրուած է Հ. Պօղոս ծառայ կրօնաւոր քահանայէ. սա Հ. Պօղոս Սիմոնեանն է, Մխիթար Աբբայի առաջին աշակերտներէն, այս ժամանակներս Հ. Գէորգ Այնթապցիի հետ առաքելութեան մեջ էր արեւելք: Սոյն երկու Հայրերն են որ յետոյ ի Պոլիս 450 դահեկանի գնելով կ՚ազատեն Մեթոնի մեր երկու հայ վարդապետները զՀ. Ղազար եւ զՀ. Յակոբ, որ Օսմանցւոց ու Վենետկեան Հասարակապետութեան պատերազմի պահուն` Մեթոն առ ոտնակոխ ըլլալով` գերի տարուեր էին եւ հայ վաճառականները զանոնք գնած էին:
       Հ. Պօղոս ներկայ նամակաւս նաեւ կը հաղորդէ Աբբահօր ի Մեթոն` Պոլսոյ եւ գաւառներու մեջ տեղի ունեցած դէպքերն ու անցուդարձը:
       Ուլահ պէկն որ էր ի Կոստանդիոնիպօլիս ի բանսն, յետ բազմաց չարչարանաց, զորս ետուն նմա, որպէս զի զոր ինչ ունիցի առնուցուն ի նմանէ, եւ յետ առնլոյ զտասն եւ եօթն հազար քսան դրամս ի յօգոստոսի ամսոյ 17ին սպանին եւ ընդ նմա հինգ արք ես, որոց ոմանք լեալք են որդիք իւր, եւ ոմանք խորհրդականք իւր եւ զգիս վեցեցունս եւս եդին առաջի դրան թագաւորին: Տակաւին կին նորա եւ դստերքն ի ձեռն պօստանճի պաչոյն են . եւ ոյ յայտնի զինչ արարելոց են եւ նոցա… Միանգամ` այսպէս լուր ել թէ ի յԱնատօլի բազում տաճկունք ժողովեցեալք իցեն, եւ կարդացմամբ զիրաւունս` եկեալք ի Ստամպօլ զթագաւորն եւ զայլս ոմանս փոխելոցք իցեն, բայց սուտ էել: Ի յուլիսի ամսոյն ի Թօխադ կրակ անկեալ է, եւ այրեալ է զերկոտասան հազար կրպակ, զեօթն բաղանիկ, եւ զչորս խան: Երկու անգամ կրակ անկաւ ի Ստամպօլ, մինն ի սարայն թագաւորին, նորում այրեցան երկու եւ երեք հացի բուռք, եւ միւսն ի սուլթան Պայազըն, նորում քսան եւ երեսուն կր[պ]ակ այրեցան մերձ այնր տեղի, ուր վաճառին հաւք: Սկսեալ է թագաւորն զչորս եւ զհինգ մաւունայ շինել տալ. եւ զայլս բազումս պատրաստութիւնս առնէ օրըստօրէ, բայց առ որ կողմ գնալն ոչ է յայտնի: ԶՂալադա սարայն, որ վաղուց հետէ աւերեցեալ էր, այս վէզիրս շինել ետ այնու վախճանաւ, որոյ վախճանի նախապէս շինեցեալ է եւ յետոյ խանգարեալ է, վախճան` որոյ վասն շինեցեալ է, այս լեալ իցէ, զի սահմանեալ ժամանակօք թւով այսքան եւ այնքան ի յուռումելի զորդիս քրիստոնէից ժողովեալ, բերեալ եւ դրեալ իցեն հանդերձ տաճկացուցմամբք ի Կազադա սարայն, եւ անդէն ուսուցեալ եւ կրթեալ զնոսա ի պաշտօն արքունական կարգեալ իցեն : Նմանապէս եւ այժմ առնելոցն են: Ի ժամանակի թագաւորիս այսորիկ ամենայն էսնաւ ասեն, թէ ոչ գոն առք եւ տուրք: Ի յամիս այսորիկ ոչ եղեն մինչեւ ցայս վայր գրեթէ մահք, այսինքն եումուրճախք:
      
       Ի թւին Հայոց ռճկգ [1714] եւ ի սեպտեմբերի 2 գրեցաւ թուղթս ի Հայր Պօղոս ծառայ կրօնաւոր քահանայէ
      
       Նամակիս ներքեւ բացի այս թուականէն կը գտնուի քիչ մը հեռուն` նաեւ ուրիշ մը, այսպէս «իսկ միւսն գրեցաւ ի թւին Հայոց ռձկգ եւ ի յօգոստոսի 30ին»: Մենք ուրիշ գիր չտեսանք. թերեւս ատիկայ ակնարկութիւն մ'է նոյն նամակին` տարբեր անձի ձեռքով ղրկած նախընթաց օրինակի մը` ինչպէս նոյն ժամանակի սովորութիւն էր, ապահով ըլլալու համար: