Մայր դիւան Մխիթարեանց Վենետկոյ ի Ս. Ղազար 1707-1773 ի ծագմանէ ուխտիս մինչեւ ցբաժանումն Թրեստեան հարց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
«Հարք յԵղիսաբեթուպոլիս Դրանսիլուանիոյ» հմտալից հատորին մէջ նամակագրիս գործունէութեան վրայ բաւական բան կը գտնենք: Հեղինակը զանիկայ առաքելական ոգւով վառուած, ազգասեր, գործունեայ ու յաջողակ կ՚անուանէ իրաւամբ, վասն զի «ամենայն զօրութեամբ, ճարտարութեամբն ու ճարտարաբանութեամբը կը ջանայ որ թէ' զԿերլա ու թէ' զՊաշտպալով ազատ քաղաքաց կարգը բարձրացնէ: Զինքը - կ՚ըսէ - մէյ մը Վիեննա, մէյ մը Հէրմանշդատ կը գտնենք, խօսելու, գործելու, արտօնութիւններ ընդունելու, մէկ խօսքով իւր ազգը բարձրացնելու ու երջանիկ ընելու համար»:
       Այս հակիրճ տեղեկութեանց հետ` հետեւեալ տողերն ալ անոր արդիւնաշատ կենաց մէկ քանի կենսագրական գիծերը կը ներկայացնեն. «Որչափ յարակցեալ պարագաներէն կրնանք հետեւցնել, տարիներէ ի վեր կայսերական արտօնութեանց հրովարտակի մը խնդիրն կար Եղիսաբեթուպոլսեցւոց մէջ: Այս միջոցին է որ (իբր 1724-ին) Հռոմէն կը խրկուի Դրանսիլուանիա առաքելական քարոզիչ մը: Այս գիտնական ու գործունեայ անձն Պաշտպալովցւոց քով միայն «միսօնար» անունով ծանօթ է. որ թերեւս Մինաս Թորոսեան վարդապետն ըլլայ: բայց Վիեննայի արքունեաց մէջ ճանչցուած ու կայսերէն մեծապէս գովուած անձ մըն է: Կարոլոս Զ. զինք «եռանդուն ու հաւատարիմ հպատակ, գեղեցիկ արուեստից ու փիլիսոփայութեան, ինչպէս նաեւ աստուածաբանութեան վարդապետ կ՚անուանէ, ու քանի մը տարի ետքը հրատարակուած կայսերական արտօնգրին մէջ Պարոնեան (Barun) անունով նշանակուած է»:
       Գերյարգելի Հայր իմ ի տէր
       սկսբանէ Նոննիոսն ըստ ասացելոյն իմոյ եւ խնդրուածօք իմովք իմփենիօ էառ բարեխօս լինիլ, եւ եղեւ, մինչ Է տարի Օգսէնտ եպիսկ. ոչ կարաց կէտն այն տալեց շինել, եւ հաստատեալ Ե զօլաթա տան գլոխ տալ տարոց տարի երկրին, որ միայն կամեր զհայս միաբան ոչ դնելով քանականութիւնն տալից, այժմ մեծ դժուարութեամբ եղեւ, այսինքն ամառնա(յ)ին ժամանակն, լսելով ես զայս լցեալ մեծաւ ուրախութեամբ պատրաստեցայ ի ճանապայր, զի այս էր մեծ արգելմունք: Հայք լուեալ զայս զարմացան թէ որպիսի հեշտ բան եղեալ է, եւ այսչափ տարի յամեցեալ է. սկսեցին քարշել զտեղիս եւ զագարակս Օլախ եպիսկոպոսի, որ անհամբեր եւ ի բնութենէ բարկասիրտ չարախօսեաց յայտնի ընդ(դ)էմ Հայոց (եւ ոչ եղեւ չարագոյն ) ընդդէմ Կայսերական իշխանաց: Հայք շուտով գրեցին ինձ մնալ աստ, զի եւ զայս հաստատիցեմ, եւ իշխանք բարկացեալք գրեցին աստ, ուստի վասն բազում հպարտութեան նորա յափշտակեցին գտեալ առիթ զագարակս, եւ ետին Հայոց: Մինչեւ զայս յաղթեցին հայք, սկսեցին եւ զայլս պահանջել, այսինքն ոչ կամին պահել եւ զօգնութիւնն տալ կայսերական զինուորաց, ի ժամանակի նեղութեան եւ պատերազմոյն, որ է անգէտ եւ անկարելի խնդիր. քանի ի նմին ժամանակի` ոչ եկեղեցիք եւ ոչ եկեղեցականք ազատ են: Կարես աստի իմանալ թէ որչափ վիշտ եւ նեղութիւն քաշեցի. նուազեցաւ զօրութիւն իմ եւ մաշեցայ: Ուստի խնդիր գրեցի իշխանի միոյ կայսերականի, որ զհայս խրնտիցէ առնուլ զայսմիկ շնորհս եւ ոչ երբեք յամեցուցանէ զփրիվիլեկումն, քանզի այսմիկ կերպիւ կորուսանիցէ զնա, մինչ երկիրն լուեալ զպարգեւեալ շնորհս Հայոց օր ըստ օրէ դադարի գանգատ գրել աստ կայսերի, թէ ցանել. եւ զայս խրատել նոցա հանգան հայք եւ լռեցին ի խնդրոյ, եւ թէ սակաւ ինչ ժամանակ թողեալ իցէին` ստուգապէս կորուսանէին զշնորհս. այժմիկ գրեցին հայք, զի առեալ զփրիվիլեկն երթիցեմ ի տուն, բայց աստ մնալոց եմ մինչւ մեծ պաք…:
      
       Պատրաստական ծառայ Տէր Մինաս Պարոնեան աստուածաբանութեան վրդպտ.
      
       ի Վիէնայ տեքտեմպ 1725