Մայր դիւան Մխիթարեանց Վենետկոյ ի Ս. Ղազար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ընդհանրապէս Բարդողիմէոս վարդապետի առ Մխիթար Աբբահայր ունեցած թղթակցութիւնը ցարդ հետաքրքրական եղաւ մեզ` իր պարունակած զանազան օգտակար նիւթերուն համար: Այժմ իր առաքելական գործունէութեան շուրջ նոր տեղեկութիւն մը կու տայ. այսպէս.
       Ամենասիրելւոյ եւ պատուելւոյ տեառն տեառն Մխիթար աստուածաբանութեան վարդապետի եւ Աբբայ Հօր
       գիտենաս, Վերապատուելի Հայր, թէ արդէն պատրաստ եմ, եւ այժմ գնամ ի Գռայովայ, Վալաքի երկիրն, որ է` ի ներքոյ տէրութեանն կայսերին մերոյ վասն միսսօնարութեան եւ հոգաբարձութեան Հայոց ազգին, եւ ետ ինձ կայսրն որքան բաւական է` ապրելոյ եւ զպատիւն իմ առաւել ըստացայ քան զառաջինն, եւ եմ ի ներքոյ ազնուի եւ պատուական եպիսկոպոսի միոյ, եւ յոյժ յոյժ ուրախ եմ: Ձեր հրամանքն միաբանութեամբ աղօթս արարէք վասն իմ անարժանիս, որ եմ միշտ աղոթօղ վասն ձեր, զի ոչ գիտենաք թէ ունիմ ի սրտի իմոյ զխէթ ինչ, այլ եմ եւ առաւել եւս քան զառաջինն, զի ես ճանաչեմ եւ զտկարութիւնն իմ եւ զթշնամիս իմ. կամք տեառն օրհնեալ եղիցի…:
      
       Մնամ պատրաստական տէրութեան ձերում
      
       Վիեննայ 23 Ունիսի 1733
      
       Խոնարհագոյն Ծառայ Բարդողիմէոս վարդապետ Միսսիօն . Առաքելական