Մայր դիւան Մխիթարեանց Վենետկոյ ի Ս. Ղազար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Հ. Յակոբ Բուզայեան յաջորդելով Հ. Եղիայի` կը ստանձնէ հովուութեան պաշտօնը Պելկրատի Հայ ժողովուրդին` որ կը համակրի իրեն, ծանօթ ըլլալով մանաւանդ տեղական լեզուին. թէեւ միւս կողմանէ հօտը կը դժուարի յոյժ նախորդէն զրկուելուն, մինչեւ իսկ փափագելով որ ինքն ալ քովերնին մնայ. - ահա ինչ որ ուրեմն կարդացած ենք Հ. Եղիայի մէկ ուրիշ նամակին մէջ:
       Բուզայեան մին է Մխիթարայ այն աշակերտներէն` որոնք քաղաքական վերահաս աղէտին պատճառով` Մեթոնի Մենաստանին մէջ իբր պահապան մնացին, եւ ապա գերի բռնուելով Պոլիս տարուեցան ու փրկանքով միայն ազատեցան: Եւ որովհետեւ այժմ իր մասին է մեր խօսքը` յօգուտ իր կենսագրութեան կը դնեն շատ փոքրիկ տեղեկութիւն մ'ալ, թէ յիշեալ վարդապետը Մխիթարայ Միաբանութեան կը նուիրուի` անէն փախչելով, ինչպէս ինքն իսկ կը յիշատակէ ազգականներուն, ըսելով ծնողաց մասին` թէ «տնէն փախչելոյս կսկիծն քաշեցին»: Աւելորդ չենք նկատեր յիշատակելու նաեւ Մխիթարայ մէկ հայրենի գողտրիկ բացատրութիւնը` զոր Հ. Յակոբ իբր համեմատական եզր մէջ կը բերէ այսպէս. «Մեր Գերյարգելի աբբայ հայրն որ զիս Պէլըղրատ խրկեց, ասաց թէ քո կարօտդ Կոմիտասէն եւ Ստէփանէն կառնեմ. ուրեմն դու ալ ո՞վ սրբուհի, զիմ կարօտս Սիմաէն եւ Չէչիլիաէն առնես, զի որպէս գիտես որ Սիման քոյր իմ է եւ հօր քուր քո, իսկ Չէչիլեան դուստր եղբօրս է եւ քոյր քո (Գր. 1735 Պէլրղատ. Դեկտ. 2):
       Իբրեւ կարեւոր կէտ մը կը նշանակեմ եւ այն, որ նոր առաքեալը ըստ հետագայ նամակին` իր պաշտօնին կը ձեռնարկէ 1735 Հոկտ. 8ին. այսպէս ինքնին կ՚ուղղուի ուրեմն Վանքիս Ժամանակագրութեան այն անցքը` որ փոխանակ 1735ի` դրուեր է 1736:
       Նամակագիրս յետ նշանակելու Պելկրատի մէջ կրած իր առաջին տպաւորութիւնները` կը տեղեկագրէ նաեւ Ռուսիոյ եւ Աւստրիոյ միջեւ տեղի ունեցած պատերազմական դէպքերը:
       Գերյարգութեան քում եւ հօր մերոյ աբբաի
       Ողջունիւ սիրոյ յայտ լիցի ամենապատիւ հօր մերոյ, զի յութնում հոկտեմբերի հազիւ հասի ի Պէլղրատ: Եւ յաւուր տօնի սրբոյն Պետրոսի Ալգանթարա եկեալ վիգարն որ աստ էր, յանձնեաց ինձ զեկեղեցին եւ զժողովուրդն, որք ներկայք էին այնորիկ հանդիսութեան, համառօտութեամբ բանից ոմանց շուրջ զհնազանդութեամբ առ նորագոյն հովիւս իւրեանց: Բայց նախ քան զայս իրակութիւնս արարեալ էաք զամենայն այցելութիւնս, թէ ' իշխանաց քաղաքիս եւ թէ մեծաւորաց Վանորէից, ներկայացուցեալ զ[ը]նծայս, բաց ի յեպիսկոպոսէ, որ չէ տակաւին եկեալ ի Վէննայու:
       Իսկ հայ ժողովուրդն երեւեցաւ ինձ յոյժ բարի. եւ յուսամ թէ այնպէս երեւեսցին միշտ: 5 ոսկի խարշլըխէն յաւելաւ ինձ իբրու ոսկի եւ կէս, վասն զի յայն 14 աւուրս յորս ի Վիէննա կացի` զոչ ինչ ծախեցի սակս կերակրոյ. յորս հայքն ի ճաշ կոչեցին զիս կարգաւ… եւ եթէ յաւելի եւս մնայի ի Վիէննա, զնոյն առնէին ինձ. հատուսցէ տէր ըստ արդեանց իւրեանց զվարձս: . . .
       Նորագոյն լուր ի կողմանս մեր այս է, զի ի Թիրօլու բանակէ կայսերն հայ մի անդ գոլով, գրեաց աստ եղեալ հայոց զգիր, եւ ասէ, թէ ճերմակ լաթն ընդ սաւօեարտի բանակին յանդգնեցան մտանել ընդ նեղ կիրճն Թիրօլ գաւառին : Եւ բնակիչք երկրին պատրաս[տ]ք եւ վառեալք գոլով ի կիրճն, տուեալք իցեն զմեծ ջուրը, եւ կոտորում ճերմակ լաթից, եւս առաւել Սաւօից. եւ այնպէս ամօթով եւ մեծաւ վնասու իւրեանց յետս դարձեալ: Եւ ասեն իշխանք քաղաքիս, թէ թիրօլցիքն բազմիցս տուեալք իցեն նոցա զնման սմին սուր ի յանցեալ եւ ի հին պատերազմունս, որպէս եւ մեք լսէաք զայս յայդրէն: Իսկ Ֆիլիզպօրկու այս ինչ գրեցաւ. թէ մինչ քառասուն հազար զօրքն մօսկօվու հեռի իբրու ժամաւ միով ճանապարհի ի բանակէ կայսերն բանակեալ իցէ, յանկարծ ֆռանսուզն զօրու մեծաւ դիմեալ գոլ ի վերայ մօսկովու: Իսկ մօսկովի ճէնէրալն նախապէս գիտակ գոլով նոցին անկարծ գալստեանն, վառեալ իցէ զզօրս իւր մեծաւ պատրաստութեամբ եւ սպասեալ գալստեան նոցին: Ապա ֆռանսուզն ի գիշերայն եւ անշշնչիւ, եկեալ կարի մերձեցեալ իցէ բանակի մօսկովին, զի յարշալոյսն յանկարծ կալեալ ջարդեսցէ: Այլ մօսկովն, մինչ նոքա սպասեն այն լուսոյն, կանխագոյն քան զնոսա, դիմէ ի վերայ նոցա, եւ տայ անխնայ ջարդ մի , եւ տեւէ մարտն մինչեւ 3 ժամ աւուրն եւ առեալ զամենայն կահ կարասի դառնայ ի բանակ իւր: Եւ սոյն յաղթանակօղ մօսկովքս յայժմ ցրուեալ ի գաւառս Ֆռանսու, ուր 5, 1000 եւ ուր 10, 000 անհնարինս նեղեն զնոսա եւ կողոպտեն զգիւղս եւ զքաղաքս անպարիսպս:
      
       1735 հոկտեմբերի 20 [Պելկրատ]
      
       Ստրուկ ծառայ տէրութեան քոյ Հայր Յակոբ [Բուզայեան]