Մայր դիւան Մխիթարեանց Վենետկոյ ի Ս. Ղազար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Մեր հրատարակած վաւերագրերու շարքին մէջ ընթերցողք ստուգիւ եզական նորութիւն մը հանդիպած էին: Մոռացութեան մատնուած պատուաբեր դէմք մ'էր ան, որ իբրեւ ծաղիկ մը ելած հայրենի յարկին մէջ` փոխադրուած էր օտար երկնքի տակ, օտար ընկերութեան մը ծողը, ուր իր սրբութեան գեղով զմայլեցուցած էր ո'չ միայն զինքը շրջապատող ընկերութիւնը` այլ նոյն իսկ զինքն հիւրընկալող միջավայրը:
       Կ'ակնարկենք այն հայ «էզիզ» կուսանը` որուն գոյութեան նորագիւտ պատմութիւնը տուին մեզ մեր ԿԵ եւ ԿԶ վաւերաթուղթերը: Անոնց մէջ կը պակսէր սակայն էական ծանօթութիւն մը` ինչ ինչ կարեւոր պարագաներուն շուրջ:
       Ուրախ ենք այժմ, որ հետեւեալ թուղթը այդ մասին նոր լոյս մը պիտի սփռէ եւ այդպէս լիով գոհացում պիտի պատճառէ:
       Գերապայծառի Տեառն Տեառն Մխիթարի Աբբայ հօրդ մերոյ Գերազանցի Վարդապետիդ Աստուածաբանութեան
       Կոյս ոմն գաղատացի ի ձեռն ֆրանցուզ Էլչիին ի վաղուց ժամանակաց յղեցեալ էր ի Ֆռանցայ Կուսանաց Վանքն. սոյն կոյսս ստացեալ է զգերազանց վարս առաքինութեան, այնքան մինչ զի զարմացեալք սքանչելի վարուց նորա կուսանքն այնմ վանքի գրեալք են զպատմութիւն վարուց նորա առ հրեշտակին ֆռանցուզի. եւ նա կոչեալ զսեբաստացի Մինաս վարդապետն տուեալ է զպատմութիւն վարուց այնմիկ կուսին, եւ ասացեալ է նմա յղել առ գերյարգութիւն ձեր. եւ Մինաս վ. ն եւս գրեալ զողջունագիր մի առ ձեզ եւ ընդ այնմ գրոյ յղեալ է եւ պատմութիւն այնմիկ կուսին ի միւս անցելում զատկի, եւ մինչեւ ցայժմ ոչ է ընկալեալ զպատասխանի գրոյն, արդ վասն այսորիկ աղաչեաց զիս մինաս վ. ն վերոյգրեալ, եւ ասաց թէ գրեա ' զողջոյն յարգութեան ի դիմաց իմոց առ գերյարգութիւն Աբբայ հօրն, եւ հարց թէ արդեօ՞ք այսպիսի գիր եհաս առ ձեզ թէ ոչ. եթէ ոչ, գրեսցէ ինձ` զի կրկին գրեցից զպատմութիւն կուսին եւ զողջագիր առ Տէրութիւն իւր. եւ զպատասխանի գրոյս շուտով յղեսցէ ինձ, որպէս զի մի յամօթ եղէք մերձ հրեշտակին վերոյգրեցելոյ երբ կրկին հարցանէ զիս: Աստ եղեալ միսիօնարքն ոչ ունին զհամաձայնութիւն ընդ մեզ ի տօնելն զտօնս հանդիսաւորս, եւ ասեն թէ սուրբ ժողովն միայն զհինկ տօնս պատուիրեալ է առնել հին տօմարով եւ ոչ զայլսն…: յայսմ ամի յոյժ սաստիկ ժանտամահ, մինչեւ ցհինկ ամիս տեւեաց…:
      
       Յամի Տեառն 1738 Նոյեմբերի 24 [Կ . Պոլիս]
      
       Նուաստ ծառայ Տ. Ձ . Հայր Թոմաս վարդապետ Թէոդոսեան