Մայր դիւան Մխիթարեանց Վենետկոյ ի Ս. Ղազար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Սարգիս Արքեպիսկոպոս Կապադովկեցւոյ մեր Դիւանի նամակներու շարքին մէջ կայ 1746 Յունուար 1 թուակիր թուղթ մը առ Մխիթար, սկիզբը հետեւեալ ոտանաւորով.
       Ամրաւենւոյդ Բարձրադիտակ Սրբաստեղուն
       Բարւոքապէս Արմատացեալ Յար Անշարժուն
       Համեղ պտ[ղ]օք Առատացեալ Րախջան սիրուն
       Յարաս[աղ]արթ` Րախաբերուն Գեր կատարուն.
       Կրօնիւ մաքուր Ուղղադաւան, եւ Սրբասուն
       Չիք քան զքեզ Եռամեծար այր Իմաստուն
       Ծառ որ կամիմ Ես յետնեցեալս Սրտիւ բծուն
       Անհատ սիրով Լիագունիւ ձօնել զՈղջուն:
       Գալեմքեարեան վերոյիշեալ նամակներն հրատարակած ատեն պէտք չէ տեսած այս վերջին թուղթն ի լոյս ընծայել, որովհետեւ Ծննդեան եւ Նոր Տարւոյ շնորհաւորագիր մ'է ան, ինչպէս ինքն ալ բաւականացած է այս յիշատակութեամբ անցնիլ, դնելով լոկ ոտանաւորը: Սակայն, չենք գիտեր ինչո'ւ, անոր երկու վերջին տողերը կը պակսին իր հրատարակութեան մէջ, ինչ որ սխալ հետեւանքի մը տարած է զինքը` երբ կ՚ըսէ. «Առաջին երկու սիւներու գլխագիրները ընթացիկ` իսկ վերջին սիւնը վերէն վար կարդալով կ՚ունենանք Աբբայ Հայր կոչէ Սարգսի`». մենք ամբողջին հրատարակութեամբ կ՚ունենանք այժմ որոշ իմաստ մը. «ԱԲԲԱՅ ՀԱՅՐ ԿՈՉԵԾԵԱԼ ՍԱՐԳԻՍ ՈՂՋՈՒՆ» (վերջին բառ երրորդ սիւն):