Մայր դիւան Մխիթարեանց Վենետկոյ ի Ս. Ղազար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Էջմիածնի Կաթողիկոսաց պատմութեան պատկանող կարեւոր էջեր կը ներկայացնենք յաջորդաբար:
       Խնդրոյն առանցքը կը կազմէ Ղազար ԺԱ Կաթողիկոս Ջահեկցի (1737-1748 եւ 1749-1751): Իրեն դէմ յարուցուած հակառակութեան պատճառը իր իսկ գործերն են: Պատրւորուած էր` ըրած չարաշահութեան իբրեւ տունգանք` հատուցանել չորս հազար թուման, ու չունենալով բաւարար դրամ` «Էառ զանօթս աթոռոյն Էջմիածնայ զոսկեղէնս եւ զարծաթեղէնս, զորոց զոմանս վաճառեաց եւ զոմանս ետ տանիլ ի ծածուկ յայլ տեղի. եւ տուեալ հարկապետին երկու հազար եւ հարիւր թուման փախեաւ ի Կարին»:
       Ինչպէս կը տեսանենք` դարձեալ չէր կրցած ամբողջութեամբ հատուցանել. ուստի լսելով հարկապետ անոր փախուստը` «Կալաւ եւ կապեաց զամենայն միաբանս աթոռոյն եւ եդ ի բանտի. կողոպտեաց զամենայն` զոր ինչ եւ եգիտ յԷջմիածին. եւ մերկացոյց զաթոռն յամենայն զարդուց: Եւ զի նոքիմբք ոչ վճարէին բովանդակ այն պարտք, կամեցաւ ի տանջանս արկանել զմիաբանսն. եւ նոցա ի սպառ անճարացեալ` բողոքեցին առ արքայ, բայց ոչինչ շահեցան: Ապա անկեալ ի դրունս մեծամեծաց` խնդրեցին փոխ` եւ անհնարին տառապանօք ժողովեալ ետուն զամենայն հարկապետին եւ արձակեցին զնա»:
       Այս ծանրածանր չարիքներէն միաբանք մեծապէս նեղուած` աստ եւ անդ թուղթեր կը ղրկեն, որպէս զի ազգը Ղազարու տեղ ուրիշ մը կաթողիկոս դնէ: Ահա այս կէտէն է որ կը սկսի Հ. Միքայէլ իր նամակը:
       Գերյարգելոյ Աբբայ Հօրդ մերոյ տեառն տեառն Մխիթարայ Աստուածաբանութեան Վարդապետի
       Կաթողիկոսն լուեալ թէ զինքն ոչ կամին գալ աստ, եւ թէ մին զայլ ոմն ընտրել մինչ ինքն փախուցեալ իցէ ի Շահ թահմազէն, եւ չէ կարելի վերստին դառնալ ի տեղ իւր, գրեալ է աստ թէ չէ օրէն մինչ կենդանի է կաթողիկոսն, զայլ կաթողիկոս դնել, ապա թէ ոչ` բանադրեմ զձեզ: Եւ ի յԷջմիածնայ կողմն եղեալ վարդապետքն զգիր գրեալ աստ, թէ քանի որ Ղազար կաթողիկոսն նս[տ]աւ, պատիժ պատուհասն ի գլխնոյս պակաս չեղաւ: Վասն որոյ կամ Երուսաղէմէ, Գրիգոր վարդապետն, կամ Յակոբ պատրիարգն Կոստանդինուպօլսոյ, յերկուց զմինն, զորն եւ ընտ[ր]իցէք եւ ուղարկիցէք մեզ, հաճելի է: Բայց պատրիարգն չի ուզեր ելանել աստի. ի կիրակէի միոյ, ի յատեան եկեղեցւոյն ողբերգական կերպիւ պատրիարգն ի դիմաց իւրոց ասացեալ է, Ո՞վ Յակոբ հաբեղայ, ոչ տեսանեմ զքեզ թողուլ զաթոռդ քո զԿոստանդինուպոլիս եւ գնալ, միայն թէ մեռանիցիմ: Եւ զՍահակ ահագին նուիրակն վարդապետն մէնզիլով ուղարկեցին առ կաթողիկոսն, թերեւս առ ի հաճեցուցանել զմիտս նորին, զի զայլս ընտրիցեն: Աստ վերստին յայժմ ժանտացաւն սկսաւ արծարծիլ:
      
       Պատրաստական ծառայ ամենայնի Հ. Միքայէլ Վ.
       Ի յամի տեառն 1747-ին ի մայիսի 30-ին [Պոլիս]