Մայր դիւան Մխիթարեանց Վենետկոյ ի Ս. Ղազար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Վենետկոյ Հայոց Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը Մխիթար Աբբահօր կենդանութեան ատեն ինչ ինչ պարագաներու մէջ միայն ստիպուած վարեր էին Միաբանութեանս անձինք: Մելգոնեանի ժամանակն է որ Ուխտս կարոնաւորապէս կը ստանձնէ անոր հոգաբարձութիւնը, որ ցարդ կը շարունակուի:
       Հոս պիտի ներկայացնենք նոյն ինքն յիշեալ Գերյ. Նամակագրին հեղինակաւոր տեղեկութիւնները այս սկզբնաւորութեան մասին. ծանօթութիւններ` որոնք ստուգիւ նորութիւններ են ի նպաստ անոր պատմութեան:
       Վերապատուելի հօր մերում Զաքարիայ վարդապետին ողջոյն բազում յոյժ
       մուտ արարաք ի հայոց ժամն յաւուր վերափոխման սուրբ Աստուածածնին: Եւ առաքեցի նոցա քարոզիչ մասնաւոր ի մերոց. եւ ժողովեալ գրեթէ ամենայն հայոց յեկեղեցին` տուաւ նոցա քարոզ յաղագս միաբանութեան` յաւուրս երկուս ընդ ժամս ձիգս. այնչափ, մինչեւ ժողովուրդն լուծաւ, մեղկացաւ, միաբանեցաւ. դարձեալ կարկատեցաւ բազմապառակ հերձումն նոցա. եւ անպատմելի ցնծութեամբ խայտային, մինչեւ չժուժեալ յանձինս` գրեթէ ամենայն հայք մեծամեծք եւ փոքունք միաբանեալ եկին ի վասն մեր` եւ արարին միմեանց զհասարակաց խրախճան` ի գրքատան մերում, առ չտանելոյ սենեկաց զբազմութիւնն. կոչեալ էին ընդ ինքեանս եւ զերկոսին զեպիսկոպոսունս մեր զՄինաս եւ զՍարգիս, որք եւ նոքա պառակտեալք էին ի միմեանց եւ ոխացեալք, եւ գտան ըստ տնօրինելոյ տեառն հասարակաց քարոզութեանն ներկայք, եւ տերամբ շահեցան յոյժ. զի եւ նոքա հաշտեցան: Եւ դարձեալ առաքեցի զքարոզիչ մասնաւոր ի ծննդեան սուրբ Աստուածածնին, որ արար նոցա ներբողեան մեծ` զսուրբ աստուածածէն` ներկայութեամբ Սարգիս վարդապետին եւ բաղձանօք Մինաս վարդապետին, զի փափագէր ներկայ գտանիլ եւ ինքն. բայց` ի նախընթաց գիշերին ախտացան երեսք նորա, զի եկն պատահական ուսոյց ինչ եւ արգելաւ. եւ ժողովուրդն խռնեցաւ զեկեղեցեաւ. եւ տեառն գործակցութեամբ մեծապէս շահեալ` խայտային, եւ փոխեաց զնոսա տէր գրեթէ յայլ մարդ. եւ ասեն, այժմ իմացաք, թէ ունինք մեք հայք ի Վէնէտիկ զվանք:
      
       Յամի Տեառն 1751 Սեպտեմբերի 11 [Վենետիկ]
       Նուաստ ծառայ Ստեփաննոս Վրդ . Աբբահայր