Մայր դիւան Մխիթարեանց Վենետկոյ ի Ս. Ղազար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Մեծ շահեկանութիւն մ'ունի Հ. Իգնատիոս Խաչատուրեանի նամակը:
       Վիեննայի Հայութիւնը կը յաջողի իր ջանիւք հովիւ ունենալ Մխիթարեան վարդապետ մը Ս. Ղազարու Միաբանութենէն: Այս դէպքը տեղի կ՚ունենայ 1752 թուականին, ներկայ Վիեննական Հարց Միաբանութեան Ս. Ղազարէ բաժանումէն 21 տարի առաջ:
       Սոյն թղթով Հ. Իգնատիոս վարդապետ ամփոփ տեղեկութիւն մը կու տայ իր առաքելութեան առաջին քայլերուն մասին առ Մելգոնեան Աբբահայր. շատ աւելի հետաքրքրական կը դառնայ այդ գործունէութեան պատմութիւնը` ուրիշ մէկ անտիպ նամակին հետեւեալ ծանօթութիւններով.
       «Եւ եւս աստ օգնութեամբ աղօթից ձերոց եւ շնորհօք տեառն ի վայելչագեղ մատռան, որ է ի կողմն մի հրապարակի սրբոյն Ս տեփաննոսի, յամենայն կիրակամուտ երեկոյի, եւ ի կիւրակէի առաւօտս, եւ յաւուրս տօնից փառաւորապէս կատարեմք զպաշտօնն աստուածային. եւ յետ առաւօտեան ժամուն զմի ժամ քարոզ տամ, եւ ապա ասեմք զթիւ պատարագ: Եւ գան յեկեղեցին մեր ամենայն հայք, եւ բազում գերմանացիք, եւ կառք կայսերն, յորժամ ի սուրբն Ստեփաննոս գայ կայսրն, առաջի մատռան մերոյ զկայ առնուն: Եւ զմայլեալ են յոյժ բազումք յերգս եւ յարարողութիւնս մեր, եւ գովեն եւ առնեն մեծարանս մեզ ստուգապէս, եւ ոչ վասն քաղաքավարութեան» . Իգնատիոս Վրդ. Խաչտաուրեան առ Մելգոնեան Աբբահայր, յամի 1752 Ապրիլի 15 ի Վիեննա):
       Դիտելի է, որ Հ. Իգնատիոս Վիեննայի մէջ ձեռք կը զարնէ առաքելութեան ի խնդրոյ ժողովրդեան ստիպեալ, եւ այդ հայութիւնը ուղղակի իր կողմանէ մինչեւ անգամ ջանադիր կ՚ըլլայ որ Մխիթարայ Ուխտը հոն ունենայ ուրիշ մենաստան մը եւս: Ահա այս մասին ի'նչպէս կը գրէ Մելգոնեան առ Հ. Գէորգ:
       «Հայք Վենացիք եւ մանաւանդ անտօն աղայն եւ խօճասար աղայն որդեգիրք «միաբանութեան մերոյ իբրեւ տեսին զսա [յՀայր Իգնատիոս վարդապետ], գրեթէ բռնի հրամանաւ սուրբ ժողովոյն սեպհականեցին զնա իւրեանց միսսոնար, մատուցեալ առ թագուհին մեծ` զմուրհակ աղաչանաց` տալ նոցա զտեղի ինչ մեծ եւ բարեխառն, շինել զնա մեզ մենաստան, եւ դեռ չեղեւ պատասխանի. թէպէտ պնդեն ոմանք թէ խնդիրն յաջող է…» (Գր. յամին 1752 Յունուար 15):
       Հետաքրքրական է մեզ գիտնալ, թէ արդեօք ինքն իսկ Մխիթար, Ս. Ղազարէն զատ, այլուր եւս մենաստան կանգնելու ո'ր եւ է ծրագիր մ'ունեցա՞ծ կամ հաղորդա՞ ծ է:
       Առ այս, անտարակոյս, պէտք է ապաւինիլ պատմական որոշ փաստերու, առանց որոց անզօր կը մնայ ամէն կարծիք:
       Վիեննական Ուխտին «ՅՈՒՇԱՐՁԱՆ»ը կ՚ըսէ.
       «1773 Մայիս 19ին կը հաւաքուին ի մի, երբ կը յիշեն երիցագոյններէն ոմանք թէ Մխիթարայ ծրագրին մէջ կար Տրիեստ վանատուն մը բանալ, եւ կ՚որոշեն միաբան այս միտքը իրագործել» (էջ 4):
       Թէ Մխիթար Թրիեստ վանատուն բանալու ծրագիր մ'ունեցած ըլլայ, ինչպէս կը կարծէ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆ, նախ այսպիսի աւանդութիւն մը գոյութիւն պիտի ունենար բուն իսկ Հիմնադիրս Ձեռակերտին մէջ. մինչ ո'չ Մխիթարայ անթաւ նամակներուն, ոչ նոյն ժամանակի Մխիթարեան թղթակցութեան եւ ոչ Մայրավանքիս Ժամանակագրութեան մէջ բառ մը կայ:
       Թրիեստ վանատուն բանալու, մենաստան հիմնելու մտադրութիւն մը գոյութիւն ունեցած է առաջին անգամ Մելգոնեանի աբբայութեան երկրորդ տարին, եւ հիմնադիր ուզած է ըլլայ Կ. Պոլսեցի Հ. Գաբրիէլ Փոքր կոչեցեալ` Միաբանութենէս վարդապետ մը, որ եղած է իր ընթացքով անկարգ, ինքնահաւան եւ անհնազանդ անձ մը: Մելգոնեան աբբահայր այսպէս կը գրէ առ Հ. Վրդանէս Ասկերեան.
       «Մինչեւ ցդարուն աստ է . Գաբրիէլ փոքր], եւ պատճառ սպասելոյն է զնմանութիւն Մխիթարայ աբբային բերել. քանզի թուղթ առ թագուհուն առաքեաց` որպէս ականատեսքն պատմեցին, տալ ինքեան զտեղի ի Թռէստ, շինել անդ շինուածս, կառուցանել զտպարանս, զկազմարանս, զդպրատունս. եւ առ յապայ զմենաստանս գերագոյն քան զմակամտածութիւն առաքելւոյն յօդափոխութիւն. եւ լինել օգտակար ազգին յոյժ յոյժ. եւ ունի առաջին հիմնադիրը մեծի իրագործութեան իւրոյ զտէր միքայէլին, զտէր Դաւիթն, զտէր Ճիվան մարիայն, եւ զամենայն որ միանգամայն ընդ ակամբք մեզ հայեցին, ընդ որս է եւ Կարապետ վարդապետն» (Գր. յամին 1752 Նոյեմբ. 25): Սակայն այդ շարժումները անյաջող վերջաւորութիւն մը կ՚ունենան հակառակ այն տարածուած լուրերուն` թէ ձեռք բերուեր են ակնկալուածները մինչդեռ «այն ամենայն սուտ եւ հնարք խաբէութեան իթալիան քահանայի, «որ պարտեալ զտէր միքայէլն առեալ է զայնչափ դրամ ի ձեռաց նորա». (գրէ Մելգոնեան առ Հ. Միքայէլ վրդ. յամին 1753. Յնվր. կամ փետր):
       Հ. Գաբրիէլի այս դիտաւորութիւնը անշուշտ չէր անծանօթ նախկին Թրիեստեան յետոյ Վիեննական (երբեմնի Վենետկեան) Հայրերուն: Ուստի պատմաբանօրէն խօսելով` Մխիթար չէ այդ ծրագրին յղացողը, այլ կրօնաւորական հոգւոյն անսաստող անձ մը, եւ խիստ տարօրինակ է` օգտագործել ուղել այդպիսի անձի մը ձգտումները, արդարացնելու համար ծագում մը, հակառակ ճշմարտութեան` ընծայելով զայն Մխիթարայ:
      
       Յարգոյապատիւ եւ գերապայծառ տեառն Ստեփաննոսի վարդապետի եւ աբբայհօր ողջունիւ խնդալ ի Քրիստոս
       Յաւուրս յայսոսիկ ի խնդրոյ ժողովրդեան ստիպեալ վասն լսելոյ զբանս աստուծոյ, եւ ի գութ շարժեալ ի վերայ նոցա իբրեւ ի վերայ ոչխարաց, որոց ոչ իցէ հովիւ, չոգայ առ արհիեպիսկոպոսն մայրաքաղաքիս, եւ խօսեցայ ընդ նմա վասն պակասութեան տեղւոյ ի լսել զխոստովանութիւնն, եւ հաղորդել , եւ քարոզել զբանս աստուծոյ. ասաց, բարիոք է խնդիրդ: Նոյնպէս խօսեցայ եւ ընդ աւագերիցու եկեղեցւոյ սրբոյն ստեփաննոսի վասն բանիս այսորիկ: Իսկ նոցա խորհուրդ արարեալ ետուն ինձ զմատուռ մի ի կողմն ինչ հրապարակի սրբոյն Ստեփաննոսի, որ է ըստ մեծութեան եկեղեցւոյն հայոց, որ է ի Վէնէտիկ. գեղեցիկ եւ վայելուչ եւ պայծառ: Ունի զխորան մի փառաւոր, եւ զվերնատուն հանդերձ երգեհոնիւ, եւ զարդարեալ պատկերօք: Հոգան զամենայն պէտս ծառայութեան նորա սպասաւորք եկեղեցւոյն սրբոյն Ստեփաննոսի : Եւ սկսայ զառաջին պաշտօն եւ զպատարագ մատուցանել ի նմա յաւագ հինգշաբթի աւուր. իսկ զերկրորդն այսօր մատուցի թիւ, թէ չունիմք այժմ զզգեստս ըստ հայոց վասն ձայնաւոր պատարագի: Եւ ի վաղիւն տեառն օգնականութեամբ ասեմք զժամ զառաւօտեան, յետոյ զքարոզ, եւ ապա զթիւ պատարագս: Ժամասաց եմք չորս քահանայք, ես, Կարապետ եպիսկոպոսն, Յովհաննէս վարդապետն եւ տէր մանուէլն: Եւ երկու դպիրք են տիրացու Պօղոսն եւ եղբայր թովմասն: Իսկ ժողովուրդք են թուով իբրեւ քառասուն: Այժմ յոյժ ուրախ է ժողովուրդն եւ մխիթարեալ: Տէր հաստատուն պահեսցէ եւ միաբան…: Յանձն առնելով զիս եւ զժողովուրդս զայս ի սուրբ աղօթս ձեր եւ ամենայն միաբանից… ողջոյն տամ մինասայ արհիեպիսկոպոսին…:
      
       Այս ԻԳ գիր է, զոր գրեմ ի վանս
       Նուաստ ծառայ Հայր Իգնատիոս վարդապետ Խաչատուրեան ի կարգէ սուրբ հօրն Անտոնի աբբայի
      
       Յամի տեառն 1752 Ապրիլի 1 [Վիեննա]