Մայր դիւան Մխիթարեանց Վենետկոյ ի Ս. Ղազար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Հետագայ պաշտօնագրով կ՚իմանանք, թէ Մխիթար իր կենդանութեան կը վարէր Վենետկոյ Հասարակապետութեան կողմանէ Ռէվիզօր (=Գրաքննիչ) պաշտօնը:
       Հիմնադրիս մահէն յետոյ նոյն Պետութիւնը ներկայ հրովարտակով կը յանձնէ այդ պատուաբեր պաշտօնը անոր Յաջորդին` Մելգոնեան Աբբահօր, իշխանութեամբ վարելու ոչ միայն ի Վենետիկ` այլ եւ «ի տէրութեանս Վնէժականի»: Սոյն թղթով` ի հարկին` անոր փոխանորդ կը ճանչնայ իբր գրաքննիչ զՀ. Մկրտիչ Անանեանը:
       Ոորոշ չէ` թէ բնագրին այս հայերէն թարգմանութիւնը որո'ւ գործ է, մեզ կը թուի որ անիկա եղած ըլլայ Հ. Անտոն Պաղտասարեանէ, որ արդէն ասկէ քիչ առաջ ալ կատարած էր ուրիշ վաւերաթուղթի մը թարգմանութիւնը:
       Բանասէրք պիտի իմանան ինքնին, թէ ո'րքան մեծ ու շահագրգռական է թուղթիս պարունակութիւնը, որ միանգամայն կը ցոլացնէ Վենետկոյ Հասարակապետութեան որդեգրած կրօնական ըմբռնողութեան եւ ոգւոյն աստիճանը:
      
       Յամի տեառն ՌՉԾԲին. ԻԴ Օգոստ.
      
       Գերապայծառ եւ եւս Գերազանցագոյն Տեարքն Ռէֆօռմաթօրք դպրութեանն Պատվայու, զկնի մահուանն Հ. Մխիթարայ Աբբային Միանձանց Հայոց ի կղզւոջն Սրբոյն Ղազարու եղելոց, որ եւ վարէր զՊաշտօնն Ռէվիզօրի գրեանցն Հայկականաց, նկատելով թէ հարկաւոր է ստորակացուցանել զանձն ոք ի միջոյ նոցա, որ վարեսցէ զնախանձաւոր եւ զծանրակշիռ պաշտօնն, զի մի ըստ պատահման տպեսցին գիրք ինչ, որ իւիք կերպիւ եւ իմացուածով ի մասին ինչ, թէեւ յոյժ փոքրագունի, հակառակ իցեն Ուղղափառ Հաւատոյ կամ Պսակաւորաց, եւ բարի վարուց, կամ ունիցին յինքեանս զոր եւ իցէ անվայել իր. իւրեանց գերազանց տէրութիւնքն, յետ քննելոյ զբանն եւ հարցանելոյ, եւ գտանելոյ ի մէջ Միանանցն Արամեանց նոյնոյն կղզւոյն , թէ ոք իցէ յարմար ընդունակ, եւ եմուտ լցուցանելոյ զայնպիսի փափուկ եւ փոյթեռանդն պաշտօնատարութիւն, մտախոհ եղեն ի կացուցանել, որպէս ահա` առաջիկայ գրովս կացուցանեն եւ բացորոշեն. զի լցուսցէ զայսպիսի պաշտօնս Հ. Ստեփաննոս Մելքոնեան Աբբայն ասացելոյ Միանձանց կարգին Սրբոյն Անտոնի Աբբային: Եւ արդ` ուժգնութեամբ առաջիկայ բացորոշութեանս պարտի լինել ժրաջան հոգ, եւ փոյթ նոյնոյ Ռէվիզօրին տեսանելոյ եւ ընթեռնլոյ ամենայն ուշադրութեամբ եւ ամբողջութեամբ զամենայն գրեանս Հայոց ձեռագիրս, կամ յայլ անգամ տպեալս, որք պարտիցեն վերստին տպիլ այսպէս յայսմ Քաղաքի որպէս եւ ի տէրութեանս Վնէժականի, ուրոյն նայելով եթէ ի նոյն գրեանս գտանիցէ իրս ինչ, որք հակաչրեսցին, կամ իցեն որով եւ իցէ կերպիւ անհամաձայնք կամ Ուղղափառք Հաւատոյ, կամ Պսակաւորաց եւ բարի վարուց , կամ ունիցին յինքեանս զանվայելուչ ինչ, որպէս ասացաւ, որ թէ գտանիցին, յայնժամ իցէ պարտական նոյն ինքն Ռէվիզօրն տալ գրոյց իսկական, պատրաստական եւ հաւատարմական` նմին իսկ Պետութեանն յաղագս պատշաճաւոր բացորոշութեանց: Իսկ յորժամ ի տեսանելն զի վերայ ասացեալ գրեանսն, ոչինչ գտանիցէ ներհակ վերոգրեալ բանցն, տուեալ լինի հրամանի նմին Ռէվիզօրի եւ մանաւանդ պարտ լինի նմա առնել զվկայական մի իտալական լեզուաւ ի զատ թղթի, յորում զկնի նշանակելոց զօրն եւ զտարին, գրեսցէ զայսոսիկ իսկական բանս :
       Վկայեմ եւս ստորագրեալս թէ տեսի եւ փորձառեալ հաստատեցի (ըստ որում կամ որչափ ինչ հայի յՈւղղափառ Հաւատն, ի Պսակաւորսն եւ ի բարի վարս ) զգիրքն Արամեան լեզուաւ, կոչեցեալ իտալականւն, են. եւ ցուցցէ զամբողջ Խորագրին գրքին, զառաջին բանսն սկզբանն եւ վախճանին. եւ թէ քանի՞ են հատորքն եւ ստուարութիւնն :
       Ապա ստորագրեսցէ զնոյն վկայական Ռէվիզօր անուամբ, որպէս եւ սովոր են առնել այլք Ռէվիզօրք գրեանց, տալով իւրաքանչիւր հաղի ունիլ զնոյն վկայականն մերում Սէգրէթարի` յաղագս սովորական հրամանին նորուն իսկ Պետութեանն, զի թոյլ տացէ տպագրողին տպել. բաց յայսմանէ նկատեալ Գերազանց Տէրութեանցն իւրեանց, զի կարէ հանդիպիլ կամ վասն բացակայութեան, կամ վասն ստուար մատենին եւ երկարութեան գործոցն, կամ վասն պատճառի հիւանդութեան, թէ մենաւոր վերոյասացեալ Ռէվիզօրն չիցէ իւիք կերպիւ բաւական, կացուցին եւս եւ բացորոշեցին, զի ի սոյնպիսի պարագայս կարասցէ լցուցանել զտեղին նորա ըստ նախադրեալ եղանակաց նոյն վկայութեանց Հ. Մկրտիչ Անանիայի որդի Միանձնականն նոյնոյ կարգի, եւ առաջակայ Հ. Աբբային յիշատակելոյ, երկոքեան եւս, որք եղեն իսկ ընծայեցուցեալք ի բարեկեցութենէ Միանձանցն վերոյասացեալ Կղզւոյն Սրբոյն Ղազարու :
       Պարտի այս գրոյս օրինակն տուեալ լինիլ նոցուն իսկ Ռէվիզօրից վասն իւրոյ անթերի կատարմանն, զոր քաջ իսկ համարի Պետութիւնն լիով եղանիլ յառաքինութենէն, ի բարեպաշտութենէ եւ յանտրատութենէ նոյն Հարցն Աբբայի եւ առաջակայի ի վեր անդր ակնարկեցելոյ :
       Յոհ. Էմս Փռօգուրաթօր Ռէֆօրմաթօր Բարբոն Մօրոզինի Փռօգուրաթօր Ռէֆօրմաթօր Ալոյիսիոս Մօչէնիկօ, չորրորդ Ասպետ Փռօգուրաթօր Ռէֆօրմաթօր Յոհ. Հերոն, Ձուգգաթօ Սէգրէթար