Մաթիկ Մելիքխանեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Գ.

Տրիբունը կ՚աշխատէր ապացուցանել, որ մարդոց սրբազնագոյն իրաւունքը ազատութիւնն էր, թէ ճիշդ չէր գլուխ ծռել աղաներուն, որոնք բռնապետութեան դաշնակիցներն էին, թէ տկլոր ժողովուրդը շտեմարանն էր գերագոյն զօրութեան, որ պիտի տապալէր բոլոր բռնութիւնները…

Չէի կրնար հաւատալ ականջներուս։ Այս շուարումը պէտք է անդրադարձած ըլլար երեսիս, քանի որ գիւղացիներէն մէկը, թեւէս քաշելով, կամաց ու վախկոտ, հարցուց.

- Վարժապե՛տ, ի՛նչ կ՚ասի…

Յայտնի էր, որ մարդերը ոչինչ կը հասկնային խօսուածէն։ Բացի մուխթարէն, որ իր անունը թուղթի մը ներքեւ դնելու չափ կը ճանչնար հայերէնը, ու տղայէն, որուն հետ Պրուսա երկու տարուան, ազգային վարժարան մեր ուսանողութեան, սորված էինք հայերէնը, ոչ ոք կար այդ գեղին մէջ հայերէն հասկցող, հակառակ անոր, որ իրենց լեզուն թուրքերէնը չէր։ Պրուսայի վարժարանին մէջ մեզի համար նոր բառ՝ այդ հայերէնը, քանի որ մեր տէյպայտունը գոյութիւն չունէր նման դաս մը։ Մենք ունէինք մեր  նախնեաց  պատուական լեզուն գրաբարը իր ահաւոր քերականութեամբը, զոր սորված ըլլալ յաւակնելու համար, ըստ մեր քերթող վարժապետին վկայութեան, ութ անգամ առնուազն ծայրէ ի ծայր գոց խմած ըլլալ անհրաժեշտութիւն մըն էր։ Մենք դպրութիւնը . Գարագաշ), անկէ յետոյ Տարերքը (Բագրատունի) մեր տուներուն ծակուծուկերուն չափ կը ճանչնայինք ու երբեմն ալ վարժապետին բացակայութեանը գաղտուկ նայուածք կը պտտցնէինք Զարգացելոցին (Բագրատունի) վրայ ու կը լուծէինք, որ լրումն էր իմաստութեան։ Գեղի վարժատան սա դասերը Պրուսա չեղան անշուշտ գահընկէց։ Բայց կը յիշեմ, թէ մեր փառասիրութիւնը փոխադրուած էր ուրիշ լեզուներու։ Երիտասարդ մը, որ կարճ վիզ մը ու երկու մանուկ պարունակելու բաւ փոր մը ունէր ու կ՚արդարացնէր իր մականունը, Չօրպաճեան, Կուրտիկեանի իր աշակերտութիւնը կ՚արժեւորէր վարպետին պէս քերթուածներ գրելով գահակալութեան տարեդարձներու հանդէսներուն կարդացուող, հաւանութեանը արժանանալով կուսակալին, իւլէմաներուն, արաբերէնի փաթթոցաւոր դասախօսներուն, իրենց շատ խրթին լեզուին ու ճոխ յանգերուն համար։ Կը կրկնուէր գրաբարին բախտը, այսպէսով թուրքերէնին վրայ։ Ու կը յիշեմ դարձեալ, որ դաս առինք ֆրանսերէն, Դաւիթ Փեշթոֆճեան անուն իմաստուն տնօրէնէ մը, ա՛յնքան իմաստուն, որ խելքը չսեղմելով գանկին տակ, ծակած էր ոսկորը մէկ կէտէն ու ցցունք կազմած հաւկիթին ձեւով, նստելով ճիշդ գագաթին, բուն ուղեղը՝ հարկաւ, ուր պէտք է դիզուած ու մամուլի տրուած ըլլալու էին օտար լեզուին բոլոր բառերը եւ օրէնքները։ Ու 1900ի վարժարանի մը համար ընթացիկ բոլոր ութիւնները, մինչեւ իսկ Ազգանազի նշանաւոր Գրագիտութիւնին առաջին հատորը, Ոճը, մեր գեղի մեծ կարգերուն ճարտասանութիւնը փոխարինող՝ ինչպէս կը հաւաստէր զայն աւանդող բազմահռչակ բանաստեղծը, հեղինակ՝ Վարդ եւ Շուշան անունով  բանաստեղծութեանց [1] հատորի  մը չհաւնող դասագիրքին օրինակները, այս ու այն ոճէն ու վաւերականները կը մատուցանէր մեր հիացումին՝ հասկանալի է՝ իր քերթուածներէն։ Ո՜վ իմ պատանութիւնը։ Ո՜ր երեսէդ խնդացիր, որ խնդայիր միտքին ճամբաներուն։ Բայց եղար դուն ուրիշներուն մօտ, - թուրքեր, որոնց ամբողջ ապականութիւնը անկարող մնաց քու սրբութիւնը պղծելու։ Ո՜ր երեսէդ խնդացիր, որպէսզի քեզի յաջորդ իմ երիտասարդութիւնը սա աշխարհին ունենար ո՛չ թէ մեզի չգրուած բաժինը բարիքին, գէթ չարիքը չըլլար ստիպուած ապրումի փոխակերպելու։ Որպէսզի քեզ աւարտող սա հասունութիւնը ըլլար նուազ գարշանք, բռնի թխմուած իմ ատամներուն, հացի տեղ նախատինք, արեւին տեղ թուք ու շողիք ու մանաւանդ ծովը սուտին։ Հիմա, երբ կը գրուին սա տողերը, գիւղապետին տղան, Փարիզ, հաւանաբար չոր հացին պատառը ճարելու համար ստիպուած է իր կործանած հասակը քիչիկ մըն ալ փոքրել, իր անկողինը բաժնող կէս խելագար, լման խուլ հիւանդն ալ դարմանել ու յիշել երիտասարդը, որ երկու թիզ սեղանի մը առջեւ, առանց մախանքի ու առանց ցաւի, թուղթին կը թափէ հին ու հակառակ այդ ամէնուն ոսկի, օգոստափառ մեր պատանութեան սա վկայութիւնը, ապրելով փարիզեան մանսարդին եղրեւաններով գինով առտուները Արեւելքի այդ քաղաքին, ու կը տեսնէ իր նիհար, անօթի, բայց «կայծ ու կրակ» ընկերը, առանց նախաճաշի, հացի տեղ մէջքին դաշոյն, որ զինքը կ՚առնէ տունէն ու թրքաբնակ փողոցներէն, անոր փարթամ մարմինը կ՚առաջնորդէր Փեշթոֆճեան դասերուն։ Մի ըսէք, թէ ինչո՞ւ կը գրուին այս բաները։ Խորհեցէք, որ ձեզմէ առաջ մենք կանք այդ տողերուն թախիծն ու խռովքը ապրելու։ Ու գրելը ծիծաղելի նարգիսականութիւն մը չէ, երբ անձի մը վրայէն շրջաններ կը փրկէ կորուստէ։

- Վարժըպե՛տ, ի՛նչ կ՚ասի…

Կը կրկնեն գեղացիները, քիթերնուն ծակերը լայն-լայն բանալով։ Դուրսը հով է ելած ու կալերուն կողմէն մղեղը ամպ-ամպ կը դառնայ՝ փոշի միայն դարձած փողոցներուն աղիքներէն։

Օ՜, գեղացին այդ թշուառ գեղին։ Հիմա, այսքան հեռուէն կը տեսնեմ ու կը հասկնամ, թէ որքա՜ն իրաւ, խորունկ, զատ մարդեր էին անոնք։ Նիկիոյ շրջանի միւս գեղացիներուն մօտ խաղողը, պտուղը, ձէթը, հողը իբրեւ բարիք մասամբ կը մեղմէին գերութիւնը, թուրքին ահը։

Այս գեղացին տարբեր էր անոնցմէ ամէն երեսի վրայ։ Ընթացիկ ճամբաներէ անոր հեռու իյնալը կերպով մը նպաստեր էր անոր այդ ինքնամփոփման, զանոնք մեկուսացնելով խճուղիէն, որ բարքերու ապականման կոյուղին դարձաւ կէս տարի պակաս միջոցի մէջ աւերելով ինչ որ քսան տարու հալածանքը անզօր էր մնացեր գլուխ հանելու։ Քարքարուտ -անունն ալ կը կրկնէր նկարագիրը  այդ յօրինումին, մարմարեղէն, որ անոր կռնակը շինող ամբողջ բլուրները կ՚ընծայէր ազնիւ մարմարի բացօթեայ, անսպառ հանք մը - իրենց բնակավայրին հարազատ զաւակներ, ըսի թէ կը զատուէին շրջանին միւս հայ գեղացիներէն իրենց մոյնքին խիստ, ցանոտ, յարդաբոյր գորշութեամբ մը, դնդերի չորութեամբ մը, պրկութեամբ մը, որոնք անդուլ աշխատանքին արտաքին գրաւականները կը կազմեն։ Մալարիային հետ դարաւոր փորձուիլ մը անշուշտ մորթերը կ՚ընէր դէպի մագաղաթ, դէպի մելան՝ որոշ երանգով։ Բայց անգամ մը անցընելէ ետք հողին քննութիւնը, կը գտնէին չորութեան փառքը։ «Ջիղ ու ոսկոր» բացատրութիւնը իմաստ մը ունէր անոնց այրերուն համար։ Մեծ ըմբիշներ տուած է այդ գեղը Պրուսայի տարեկան մրցանքներուն մէջ առաջնութեան արժանացող։ Բացառաբար հողագործ, ինչպէս սկսած են հաւանաբար ըլլալով միւս գիւղերը, երբ ԺԷ, րդ դարուն Հայաստանէն փախած հաստատուեցան լիճին հարաւն ու հիւսիսը ու քիչ մը աւելի անդին, լեռնանիստ ծմակներու խորը, աշխարհէն մոռցուելու յայտ ու հասկնալի մտադրութեամբ մը։ Բայց մինչ միւս գիւղերը քալած են ժամանակին հետ, արտերը վերածելով պարտէզի, այգիի, ձիթենիի, մարմարեայ գիւղը յամառած է իր աւանդութեանց մնալ փաթթուած ու թիզ մը արտ -այս բառը անոնց բերնէն կը զգայի, որ պատկառոտ ծանրութեամբ մը կ՚ելլէր, կրօնական երանգով գրեթէ- չէ զոհած անիկա թթենիին, որ որդերուն ծառն է ու Նոյի տունկին, որ գինովները կը ծնի, որոնք՝ հացի բոյսեր չեն, ինչպէս կը վճռէին ծերերը, երբ կը դատէին իրենց բերքը։ Իմ հոն աշխատած ատեն, գեղացին անհող էր գրեթէ, վասնզի դաշտի ճահիճը վրայէ վրայ եօթը տարի է ահա կալանաւոր կը պահէր արտերը, քիչ մը առատ անձրեւներէն աճած՝ տարածուելով դէպի մշակելի, մշակուած հողերը, ամէնէն արգասաբեր մասը գեղին անդաստաններուն։ Այն տարին, տէրտէրին ու ծերերուն հաւաստիքովը վախճանն էր սովի եօթը տարիներուն, քանի որ Ծննդոց գիրքին պատմութիւնը զուր տեղը չէր, որ ստեղծած էր փարաւոններու երազներ։ Գեղին տարեգրութիւնն ալ -բերանացի անշուշտ, քանի որ գիրը անծանօթ իրողութիւն մըն էր ներքին կեանքի դէպքերուն շուրջ- հաւատարիմ էր այդ ակնկալութեանց։ Ճահիճը, այդ աշնան կը թուէր սմքած, արտերուն տեղ շքեղ եղէգնուտ մը փայլեցնելով։ Կը հասկնաք խոնաւութիւնը, գարշահոտութիւնը, օձերը, մալարիային բիւրաթռիչ մարմինը, ըսել կ՚ուզեմ պարարտ մժեղներու ամպերը, տզրուկները, աղուէսն ու գայլը, թռչունները, որոնք անոր եղէգներուն հանգոյցին մէջ բոյն կը զարնեն… ըլլային տպաւորիչ, գրաւիչ օտարներուն համար, որոնք անպայման կ՚ազդուէին մռայլ այդ անծանօթէն։ Բայց այդ զգայնութիւնները անպէտ բաներ էին գիւղացիին համար, որ իբրեւ թշնամի կը վարուէր ճահիճին հետ, անիծելով, հայհոյելով։ Միւս կողմէն, ըսի անգամ մը, մէկ տարի ցանք մը բաւ էր այդ եօթը տարուան զրկանքը լայնօրէն դիմաւորելու։ Նման տարի մը ես չտեսայ այդ արտերուն համար։ Բայց գեղացիներուն վկայութիւնը քնարական գեղեցկութեան կը բարձրանար, գովելու մէջ առատութիւնը, պէրէքէթը։ Մանգաղը կը հալէր ու հասկը կը դիմանար։ Առատութիւնը գեղացին կ՚ընէ զուարթ, հաճոյապաշտ։ Բայց կեանքին բարեկենդաններն են այդ բացառիկ շրջանները։ Ճահիճին չարիքը միայն հողով չէր, որ կ՚իշխէր հոն, այլեւ հովով, որ ո՛չ միայն թանձր ու գորշ փտութեան միազման վեր, գիւղ կը փոխադրէր, այլեւ կարծես կը վարէր բանակները մժեղներուն, առտուն, արշալոյսէն առաջ, ու իրիկունը՝ վերջալոյսէն ետք, խուժող սպառնագին, շունչէդ մտնելով բերանդ ու պղպեղի քսածի պէս այրելով-եփելով մարմինիդ բաց մասերը։ Բնական չարիքէն շատ աւելի անողոք, որովհետեւ աւելի խելացի, կար պետական չարիքը։ Քրիստոնեայէն գրաւուած երկիրներու իսլամ ժողովուրդը Թուրքիա փոխադրելու ծրագիրը քանի մը նպատակներ կը հետապնդէր նոյն ատեն։

Ատոնցմէ մէկը՝ հայերու հողերուն վրայ զետեղելն էր իսլամ գաղթականներ։ Առանց մէկուն հարցնելու, կառավարութիւնը առտու մը տնկած կ՚ըլլար գեղի մը հողերուն վրայ, երբեմն ռազմագիտական կէտերու, երբեմն գեղը կտտելու դիտումներով։ Յիսնեակ մը վրան, առժամեայ մը, որ քանի մը ամիս վերջ կը փոխուէր խսիրով ու թրիքով ու ոզորիի ճիւղերով հիւղակի մը։ Բորոտ այծերը կը ճլտորէին։ Էշուկը կ՚ըլլար գոմշուկ։ Գեղը ծրագրող յատակագիծին կեդրոնը՝ աղբիւրը, դարաւոր սօսին կամ ջաղացք մը կը դառնար աղօթատեղի։ Ու տարի մը ետք՝ երէկ հայուն պատկանող այդ հողամասին վրայ կը տեղաւորուէր գաղթական գիւղակը։ Ժամանակը պիտի տանի կամաց-կամաց այդ գիւղակին սահմանները աւելի ներս, դէպի հայերուն հողերը։ 1890ին հողային հարցը գրականութիւն մը արժելու չափ մելան է սպառած առաջնորդարաններու, պատրիարքարանի կողմէ կառավարութեան մօտ կատարուած դիմումներով։ Արդիւնքը այն եղաւ, որ 1900ին թուրքերը սպառնացին հին գեղերը ոչնչացնել, եթէ երբեք այդ գլուխ ցաւցնող դիմումները վերջ մը չգտնէին, միւս կողմէն՝ քաջալեր կեցան գաղթականներուն։ Ու ստեղծուած էր սա տեսակ կացութիւն, - գրեթէ ամէն շաբթու կը պատահէին սա դրուագները, առտու կանուխ իր արտը հերկելու իջնող հողագործը կը դառնար ետ, տուն, առանց եզի, արօրի, գլուխն ու ձեռքը թաշկինակով մը փաթթուած, գտնելով իր պապենական արտը վարուած թուրքի մը կողմէ։ Շարժուն ինչքերու վրայ կողոպուտ ու աւար ըմբռնելի են այդ կողմերուն։ Բայց դիւրին չէ հաշտուիլ օր ցերեկով, աշխարհ մը աչքերու առջեւ, արտի մը, տունի մը գողցուելուն ու, բռնապետութեան ահին իսկ գնով, լքել հողը, ուր սանկ քիչէն քիչ երեսուն տարի մատներդ խաղցեր են կանանչով ու ոսկիով, ինկեր է քրտինքդ, նետեր ես յոյս ու երազ, մա՛նաւանդ դրեր ես քու զաւկըներուդ, օճախիդ ապահովութեան մուրհակը, քեզ մարդոց երեսին փոշա մը չընող ամէնէն անսուտ վկայութիւնը, քու սրտիդ խորհուրդը։ Տեսարանը թատերական է, որքան եղերական։ Խօսք, ընդդիմութեան փորձ։ Արդարութեան զգացումներու կոչ։ Միւսլիւմանը ծանր գլուխ ու սակաւախօս, այդ առտու ծանրականջ ալ կ՚ըլլար։ Ու ահա դաշտին պահապանները, ալպանացի, հայ գիւղին դրամովը վարձուած։ Կը բուսնէին, առանց ձայնի կը զարնէին գլխուդ մաուզէրին բունովը, կը գրաւէին եզներդ, որոնք օտար հողի մէջ (ո՜վ հեգնութիւնը աշխարհի օրէնքներուն) բռնուած կ՚ըլլային եւ, հետեւաբար, ենթակայ տուգանքի։ Քանի՜-քանի՜ անպատիժ մահեր վարժեցուցեր էին գիւղացին ձայնը կուլ տալու ու կարճ  կապելու  ալպանացի  պահպանին  հետ, որ իրիկուան կու գար գիւղ, կը յանձնէր օտար հողի վրայ բռնուած եզները, կը գանձէր տուգանքը ու կ՚երթար իր հիւղակը, հայհոյելով կեավուրին չհասկցող խելքին։ Այսպէս սկսած սա ողբերգութեան լրումը կլլուիլն էր արտին։ Ու կրկնեցէք այս իրողութիւնը ամէն օր, գեղին ամէն սահմաններուն վրայ ու հետեւեցէք գեղացիին, որ պարտաւոր է բողոքել, պաշտօնապէս, գազայի գայմագամին, որպէսզի քննիչ յանձնախումբ մը տեղւոյն վրայ քննութիւն մը կատարէ։ Դատաւոր, երկրաչափ, քարտուղար, ոստիկան անուններու տակ ճշմարիտ պառականի մը այս քննիչ յանձնախումբը, որ իր տեղեկագիրը կը մատուցանէ՝ հաստատելով խեղճ գաղթականին արդար իրաւունքը, պատառ մը հողի տէր դառնալու, քանի որ վարուած հողին պատմական սեփականատէրը անդին ունի անոր նման տասնով, քսանով ուրիշ արտեր։ Այս տեղեկագիրը -աչքովս եմ կարդացեր- կ՚արտօնէր բռնագրաւողը վարել հողը, կը դատապարտէր հին սեփականատէրը քննութեան ծախքերու վճարման, որ կը նստէր եզներէն մէկուն հալելուն։ Հողին ճամբա՜յ։ Ու ասիկա այսպէս տարիով։ Զանց կ՚ընեմ ոճիրները, սպանութիւնները։ Ու կու գամ պատասխանելու ձեր շրթներուն վրայ ուրուացող հարցումին -ինչպէ՞ս կ՚ապրէին այդ գեղացիները։ Ապրո՜ւստը, պարզ ու վսեմ։ Բայց ատիկա բառ մըն է, որ իմաստէ զուրկ է եղած մեր ժողովուրդին մէկ կարեւոր մասին։ Սա անասնական պայմանները լայն տարբերակներով, բայց հանգունախորք՝ իշխեր են մեր հայրենիքին բոլոր գեղերուն վրայ, Հայկական հարցին գոյութենէն ալ առաջ։ Կէս-փոլիթիքը գերմաններէն առաջ թուրքերունը դարձաւ ԺԹ. րդ դարու կէսէն ասդին։ Կը սեղմեմ դիտողութեան ծիրը ու կը մասնաւորեմ այս գիւղակին վրայ։ Խօսեցայ մալարիայէն։ Հետզհետէ ուռող հարկերը, անպատուհաս սպանութիւնները, հացին թեփով, խաշած խոտով փոխանակուիլը բաւակա՞ն, որպէսզի պատանիները, կենալու տեղ իրենց հօրը կուշտին, գլուխնին առած քաշուէին շրջակօսները, իրենց բազուկները ծախէին հացի սիրոյն, ընդունուէին այրերէ սակաւցած թուրք հին գիւղերու մէջ դուրսի գործերու սպասին, կամաց-կամաց քալէին դէպի ներսը, տունին սահմաններէն ու իյնային այս ու այն այրիին անկողինը, հաւատքին գնովը…։ Մնացողները կը սպասէին տէրտէրին գուշակութեան իրագործման, ճահիճին քաշուելուն։ Ու մինչեւ այդ, անոնք մշակելու պարտաւորուած էին իրենց արօտները, ատենին շատ ընդարձակ, այդ օրերուն՝ ա՛լ անպէտ, նախիրին փճացումովը։ Արօտավայրը միշտ գէշ, զառածած արտ մըն է ու արդիւնքն ալ բնութքին համեմատական։ Ջուրին պակասը, բայց մա՛նաւանդ աւելորդ փառքը հաւասարապէս վնասաբեր իրողութիւններ են։ Թուրքերու կողմէ որդեգրուած գաղթային սա քաղաքականութիւնը (Համիտի ռէժիմին ամէնէն յատկանշական եղելութիւնը։ Այդ քաղաքականութիւնը բոլոր թուրքերուն սիրտին խօսող դրական արարք մըն էր։ Անոր աշխատանքին համար նոր տուրքեր, նոր ծրագիրներ հաստատուեցան ու կրօնական խանդէն տարբեր ազգային գիտակցութեան անդրանիկ զգայութիւններն ալ այդ ճամբով մատուցուեցան ամբոխներուն) արդէն մշակելի հողերու պարունակէն չափազանց նեղցուած այդ գեղին տուաւ վերջին հարուածը, արգիլելով անոր ընդլայնուիլ դէպի լեռ, անտառ, ուր հողը, դարերով անմշակ, չէ յոգնած տակաւին ու առաջին քանի մը  տասնամեակներուն կը վարձատրէ աշխատանքը։

Գրաւեց այդ արտին պետութեան պատկանող ամայքներն ու տրամադրեց իսլամ գաղթականներուն։ Մինչեւ տարագրութիւն (1915) այդ թշուառ մարդերը ստիպուած եղան վճարել գրաւուած այդ հողերուն կալուածատուրքը, յաճախ գնովը իշուկին։

Քանի մը խօսք՝ հոգեկան ալ տագնապներէն, վասնզի դուք թերեւս չէք գիտեր, որ հողը ապրում է, հոգի, տրամա, երբեմն կնոջ ու զաւկի չափ թանկ, գեղացիին զգացական դրութեան խորը։ Այս պարագան է, որ թերեւս կը լուծէ կարգ մը անբացատրելի իրողութիւններ։

Հոգեվարքի մահիճէն ելած են մարդեր, որ ձգած զիրենք շրջապատողները, ճարած անկարելի ուժը իրենց կործանած մարմիններուն ով գիտէ ո՛ր ալքերէն, իջած են վար, դէպի աս կամ ան արտը -բոլորն ալ անուն, պատմութիւն, հոգի, նկարագիր ունին այդ հողի կտորները, հարիւրաւոր տարիներու արգանդէն ինկած ու գեղացիին լաւ կամ վատ օրերուն, տրամադրութեանց բարեխառնութեամբը գունաւոր -ու նստած քարի մը, թումբի մը, ակօսի մը վրայ, նայած են անյագ, կարօտակէզ աչուըներով իրենց սիրելիին- ամբողջ բանաստեղծութիւն մը կայ այդ վերստերուն մէջ, որոնք ապրումներու արձագանգը կ՚երկարեն- ու ինկած, սիրտէն նետահար։ Հոգին առքն է ասիկա։ Հողին քաշելը։ Որոնք գեղացիին համար հոգեկան ստուգութիւններ են։ Ուրիշներ, հիւանդ, գիշերներու կէսերուն, գտնուած են իրենցմէ կորզուած պարտէզներու մէջ, անգիտակից իրենց ըրածին, բայց քողելով ծառերը, զարդարելով թուփերը, լալով, միշտ անձայն ու նուազած մինչեւ լոյս։ Այսպէս է, որ գրուեցաւ ապրիլ մեզմէ ոմանց։ Ըսի՞ թէ խոշոր ծառաստան մըն էր այդ գեղին անմիջական շրջապատը։ Ապառաժներով սապատաւոր ելեւէջներուն միջեւ, անձրեւներուն մաշումը գեղացին գիտցած էր շահագործել, երեւան բերելով փոքր ածուներ, ափերով կռուած հողերու միջոցով։ Ասոնք էին, որ կ՚ընդունէին ընդեղէններու հունտերը, այնքան անհրաժեշտ տղոց, կենդանիներու սնունդին։ Խիստ տագնապի տարիներ իրողութիւն էր, որ անոնց կիները ցրուած էին դաշտերը, ամայքները խոտ քաղելու, արմատ քակելու եւ խաշելու համար, պիտանիին հետ վնասակարն ալ ու մեռած են ուռեցուոր, բացաչք, ոռնալով։ Ու ասիկա այն ատեն, երբ քիչ անդին, իրմէ բռնագրաւուած հողերուն վրայ թշնամիին ցորենը հասակ կը թաղուէր ու գարին, անկարող իր բեռը կրելու, հասակը առած կը պառկէր արտին երեսին, փտելով հնձող բազուկներու պակասէն…։ Ո՜վ վէպը արեւմտահայ գրականութեան։ Դուն չես նմանիր ուրիշ ժողովուրդներու մօտ քու անունը կրող գրական սեռին, ուր արուեստագէտը թուղթին յանձնելու իր ցաւերը իր շուրջը կը գտնէ հատ-հատ, իր ներսը շատ- շատ, սանկ սեռային ակօսներէն ծլող կամ հոն հասնող։

Դուն վէպն ես այն ժողովուրդին, որ զգաց ինչ որ ուրիշներուն գրուած է զգալ, զգայարանքներու ճամբաներէն, բայց ապրեցաւ մնայուն մահուան, տիրական զրկանքին, ամէն րոպէ իր հոգիին վրայ առկախ սարսափին ճիրաններուն մէջ եւ արեւը, ցորենը, գինին, ձէթը, մարդերու միսը դիակներու վերածած ծամեց ու ծամեց, երբ իր քրտինքին գնովը իր այլազգ դրացիները այդ ամէնը կը փոխակերպէին հաշտ, հեշտ, քաղցր գինովութեան…։ Ո՜վ մեր վէպը։ Դուն նման ես քիչ մը մեր հին գրականութեան միակ բարգաւաճ սեռին, - մեր պատմագրութեան, որ իր հազարաւոր էջերուն մէջ դրած է սա արիւնին քերթուածը, սա գերութեան տախտակները, սա անհուն  ու անսպառ ողբերգութիւնը, ինչպէս իմ ցեղին իմաստի, երազի, երկինքի բոլոր տուրքերը։ Ահա թէ ինչու սա հատորները («Մնացորդաց») այնքան քիչ կը թուին, երբ կը բաղդատեմ զանոնք իմ ներսս մթերուած ապրումներուն, մտածումներուն ահաւոր լեռներուն։ Ի՜նչ դառն յաճախանք է իմ միտքին այն, որ մեր կեանքը եղաւ դարերով, թուրքին ճոկանին տակ։ Ու դո՜ւք չէիք գիտեր, թէ հարիւրաւոր հատոր բաւ չեն գար միակ գեղի մը ապրումները այդ գերութեան դժոխքէն սեւեռելու։ Ու վիպողը տրտում զաւակն է իր ժողովուրդին…։ «Մնացորդաց»ի հազարաւոր էջերը շուքն իսկ չեն իմ պատանութեանս քանի մը տարիները զարնող զգացումներուն։ Ու ասիկա առանց տարրական իսկ չափազանցութեան, խարդախման։ Այդ է պատճառը, որ դրուագումը ուռի ինքնաբերաբար…։ Ջարդը խնայուեցաւ այդ գեղին ոչ անշուշտ անոր համար, որ հրաշքը միջամտեց, այլ անոր համար, որ թուրք գեղերուն ու գազային ամէնէն ազդեցիկ, արիւնկզակ բռնապետը, Քէլ-էտհէմը, որ պէյ էր այդ օրերուն (աւելի յետոյ դէպի փաշայութիւն առագաստ պարզած, բայց կէս ճամբուն խողխողուած իր տղուն դանակէն։ Տեսնել հարիւր մէկ տարուան «Սիւլէյման Էֆէնտի» վէպը, որ ներկայացուցիչն էր Աստուծոյ Շուքին (Համիտ) ու… պապենական բարեկամութեամբ կապուած էր գիւղապետին ընտանիքին, իր աղքատութեան  օրերուն  վայելած  անոր  պաշտպանութիւնը ու այդ բարիքը երդում ըրած ո՛չ միայն չմոռնալ, այլեւ վճարել տարուէ տարի…։ Ժամանակները անցեր էին։ ՔէլԷտհէմը օր մը մեծահարուստ, ագարակներու տէր, արիւնկզակ բռնաւոր։ Անիկա մնաց հաւատարիմ իր տկլոր օրերու երդումին ու ջարդերու կազմակերպութեանց ծրագիրները այդ գեղին վրայէն շրջել յաջողցուց, երկրորդաբար, հակառակելու համար կառավարական շրջանակներուն -ջոլիրը պաշտօնէութեան եւ հասառու ճահիճներուն- անյագուրդ որկորներ, որ տասը տարին անգամ մը լիայագ կ՚ըլլան… կողոպուտով։ Ով որ պիտի գրէ ԺԹ. րդ դարու թուրքերու պատմութիւնը, պարտաւոր է նկատի ունենալ սա տարրական ու տրտում ճշմարտութիւնը, - շատ քիչ բացառութեամբ պաշտօնէութիւնը թուրքերուն համար վարչական եղանակ մը չէ, այլ՝  վաչկատուն բնազդներուն  վերադարձի  առիթ  մը։

Այդ է պատճառը, հարստահարութիւնը անոնց համար բարք է, որմէ չեն նեղուիր։ Էտհէմ պէյը ընդդիմացեր էր քեաթիպ, միւսթանթիք, ժանտարմա եւ Պոլսոյ հարիւրապետ էֆէնտիներուն, պէյէրուն կազմակերպել ուզած ջարդին։ Չարագործը, վաւերական ու կատարելատիպը, բնազդական արհամարհանք ունի, կիսակիրթ, անվաւեր, համբակ տիպարներուն հանդէպ։ Այդ խմբակին մէջ յիսնապետի մը կնիկը, փախած էրկանը քովէն՝ կ՚ապրէր պէյին ագարակը ու հակառակելու համար իր էրկանը, մղած էր Էտհէմ պէյը ընդդիմադիրի գերին։ Այդ խմբակին մէջ գազային գանձապետը, որ իւրացուցած քանի մը հարիւր ոսկիին համար ուզած էր երաշխաւորուիլ գիւղապետէն ու մերժուելուն վրայ, պաշտօնանկ՝ ամբաստանած էր զայն իբրեւ յեղափոխականներու դրամ հանգանակող, անշուշտ առանց փաստի։ Գիւղապետին բարեկամ պէյը դարձեալ կարկեր էր այդ անզգամը, անոր կնիկը գլխէ հանելով։ Ու այդ խմբակին մէջ անխուսափելի քանի մը մեծ մսավաճառներ, որոնք կենդանի մորթելու արհեստը շատ բնական կերպով մը կը փոխանակէին մարդ մորթելու սրբազնասուրբ պարտականութեան հետ։ Իրաւ է, որ ջարդը ազգային ճարտարարուեստն է թուրքերուն։

Բայց ամէն արհեստի համար անհրաժեշտ է նախակարապետը, որ կը գոյանայ վերը համառօտակի աչքէ անցած տիպարներէն։ Կառավարութեան պաշտօնական կազմը, հեռուէն հովանաւոր, կը միջամտէր պաշտօնապէս այն ատեն միայն, երբ ընդդիմութեան փորձեր, զոհերուն կողմէ, ինքնապաշտպանութեան քանի մը հրացաններ զգալի ընէին այդ պէտքը։ Այն ատեն մէնարէէն կը տրուէր կոչը։ Ամբոխը կը խուժէր զինարանը, կը զինուէր ուզուած առատութեամբ, կատարելութեամբ, ու կը խուժէր հայ թաղերուն վրայ, սկսելով շուկայէն։ Մնացեալը հոս չեմ պատմեր։ Էտհէմ պէյը ընդդիմացեր էր շրջակայ գեղերու թախանձագին պնդումներուն, որոնք, իրենց խղճմտանքը ընդմիշտ խաղաղեցնելու համար առիթը գտեր էին չափազանց յարմար, մէկ հարուածով ընդմիշտ ու հետախաղաղ մաքրելու կեավուրին պիղծ, տանջող գոյութիւնը, որ հակառակ հոճային սուրբ հաւաստիքին եւ կառավարութեան ալ վաւերացումին՝ սահմանուած էր չքանալու (ո՜վ 1915ը։ Դուն կայիր այդ մարդոց հոգիին մէջ տարիներ, չըսելու համար դարեր առաջ), բայց որ սիրտի դպող իրականութիւն էր միշտ, երբ իրենց արտերուն սահմաններուն վրայ, բոլորն ալ իրենց ու զաւկըներուն պակսող, այդ կեավուրները կը կենային լուռ, լալու անկարող ու կը ծածկէին իրենց դէմքը թաշկինակով…։ Այդ գեղերու խուժանը վարող թշուառականը Պրուսայէն փախստական թոքախտաւոր արզուհալճի [2] հոն մնաց մինչեւ որ ձեւի մտան 1896ի գրգռութիւնները ու պետական հրահանգով՝ դադար հրամայուեցաւ ջարդին։ Թուրքը, որ ինքզինքը գովելէ չի կշտանար այսօր, ու իր իմաստութիւնը կը յաւակնի փաստել իր պատմութեան հզօր յաղթանակներով, այս դարուն սկիզբը սա ժողովուրդն էր, առանց աւելորդութեան։ Ու դարձեալ իրաւ էին, այս դարու սկիզբը, այդ գիծէ մարդերը։ Քսան տարի ետք ատոնք ալ պակսէին պիտի։ 1921ին, վերածնուող Թուրքիան, երբ պոլսամերձ շրջաններու մէջ հոս ու հոն ծուարող վերջին բեկորներն ալ կը մաքրէր հայերուն, իր դերը կ՚աւարտէ՞ր անզէն մարդեր մորթելու հերոսամարտին մէջ։ Մեծատաղանդ ու այլապէս անսիրտ սպանդ մըն էր 1922ի յունական պարտութեան հետեւող կոտորածը։

Կ՚ըսեն, թէ բանակներու շարժումներէն դուրս ինկած ու տարագրութենէ հրաշքով ետ դարձող մարդոց վրայ գործադրուած եղեռնը ամէնէն տրտումն էր ջարդերուն։ Բոլոր գեղերուն մէջ եղան սրտաշարժ տեսարաններ։ Որովհետեւ արգիլուած էր կրօնափոխութիւնը, թուրքերը ստիպուեցան հանդարտ հոգիով ու արցունքոտ աչքերով մորթել ձեռք ձգուած հայերը, զանոնք լաւ մը կերակրելէ ետք, պզտիկները ամէնէն առաջ դանակէ անցընելով, ներսը, ախոռներու խորը, բերաննին կուղպ, որպէսզի իրենց ճիչերովը չխռովեն մեծերուն սիրտը։ Մեծերը, զինուորապէս, աչքերնին կապելով ու երբեմն ալ քաջաբար ընդունուած դանակը կամաց շարժելով…։ Ասոնք արարքներն են այն մարդոց, որոնք կը յաւակնին Ասիոյ ժողովուրդներուն քաղաքակրթութիւն ստեղծած ըլլալ… Քէլ-Էտհէմը, ոչ ոք գիտէր ինչ միջոցներով, կռնակը տուած Պոլիսին, այս դարուն սկիզբը կարող էր մահապարտը վար առնել չուանէն։ Հակառակ այբն իսկ չճանչնալուն, անիկա իր տրամադրութեան տակ կը պահէր կառավարական բոլոր պաշտօնատուները, ուր, հարիւրաւոր տետրակներէն ոչ մէկ էջ կը դառնար, առանց իր հրամանին, այնքան ճիշդ է, որ կայսրութեան մը մէջ որքան անկշիռ է թուղթին դերը ու որքան հզօր, անվրէպ՝ սուրինը։ Բոլոր պաշտօնեաները խորապէս ատելով հանդերձ այդ զզուելի մարդուն բոլոր ախորժակները -մասնաւորէր իր տաղանդը հազարումէկ միջոցներով բռնութիւն, պոռալ, դրամ, ծեծ, առեւանգում- հրապուրելու կիները օտար էֆէնտիներուն, պէյերուն, որոնք Պրուսայէն կը ղրկուէին, յանձնարարուած առաջին պարտականութիւն նկատել պայքարը բռնապետներու, կեղեքողներու, օրէնքը անսաստողներու դէմ -շաբաթ մը ետք հպատակ կը դառնային անոր ահաւոր կամքին։ Կառավարութեան մէջ կառավարութիւն։ Տարազը քիչ անգամ այսքան իրաւ ըսած է, որքան հոս կը թելադրէ։ Այդ անգիր եղեռնին սուտ զէնքը, հեռագի՛րը։ Կը մտնէր իր տունին պէս հեռագրատուն, որուն թիկնաթոռները իր նուէրն էին, կը հայհոյէր քարտուղարին կնոջը կամ քրոջը -իր բարձր  զուարթ տրամադրութեան յայտարար-  կ՚ապըսպրէր երկու սուրճ, քիչ անգամ նարկիլէ, կը պարպէր իր ոսկի ծխատուփին պարունակութիւնը, քարտուղարի տփիկին։ Ասիկա պայմանադրական հրամանն էր գործիքին բացման։ Յետոյ իր բառերը կը թելադրէր քեաթիպ էֆէնտիին։ Ընդհանրապէս, կուսակալն էր հասցէն, նեղ պարագային՝ Պոլիս, Սէրայը հիւմայուն (նուիրական պալատը Սուլթանին)։ Նոյն օրը, իրիկուն չեղած պատասխանը կու գար։ Ընդդիմադիրը կը կապէր իր կարասիներուն հակը ու լուսդէմ, ամօթէն կատղած, բայց անկարող, կը քշուէր մինչեւ ճէհէննեմին ճոթը։

Բաւակա՞ն՝ այսքանը խուլ ու անկարելի այն աշխարհէն, որուն պարագրկումը անհնար է թուղթերով։ Մեր ամէն մէկ օրը նման ապրումներու հետ ընդելոյզ, ինկեր է մեր ետին։ Այդ է պատճառը, որ մենք զարհուրինք մեր անցեալէն, անկէ փախիլ ստիպուինք ամէն րոպէ, ու զայն ոգեկոչելու հարցը վերածենք, առանց մեր գիտնալուն, միայն ու միայն եղերականութեան։ Ահա թէ ինչու իմ սերունդին հոգին ըլլայ այնքան տարբեր կանխողէն, ինչպէս յաջորդէն։ Ու սեւը, որով աղջաւոր, կպչումն է իմ գրականութիւնը, դիրտն է, մրուրն է այդ ապրումներուն։ Բարեբախտաբար զանգուածը, գեղացին զերծ են սա անդրադարձումներուն ժանգէն ու ժահրէն։ Եւրոպական մշակոյթով սնած մեր այսպէս որակուած մտաւորականութեան անդարման դժբախտութիւնը հետեւանք է սա հոգեվիճակին։ Ու դժուար է ինծի համար ձգել ու անցնիլ այդ ժանտահար պատկերները։ Բայց սիւնակները համրուած են։ Ու որքան ալ արհամարհես ընթերցողը, քու կարգիդ պիտի յոգնիս քրքրուած, մեր աշխարհը կանչուած այդ կպրահիւս ու գարշակուռ տարրերուն զգետնող բեռնէն։ Այսքանն ալ իբրեւ արգիլուած նիւթ։ Կ՚արձանագրեմ իմ ցաւը ու կը քալեմ։

Հիմա, թող այդ խեղճ մարդերը հարցնեն ինծի, իրարու բերնէ խլելով բառին մասերը, բայց անծանօթով ստեղծուած սա վիճակին շեշտն ալ արժեւորելով։

- Վարժապե՛տ, վարժապե՜տ…

Բոլորն ալ նոյն րոպէով, մրցումի մէջ կարծես։

Դժուար է պատասխանը։ Անծանօթներուն Կովկասը, մօրուքը, գիւղ ժամանող հաւանական թուրք աչքերը իմ մէջ ծնունդ կու տան վախի։ Մտահոգ եմ, անշուշտ, ամէնէն առաջ սա մարդերուն ճակատագրովը, որ այս անգամ կատակ չէ։ Ի զուր փնտռեցին իմ աչքերը սանկ սազի կտոր մը, քամանչայի նման բան մը, պատերէն, նշան՝ թէ աշուղներու զոյգի մը ներկայութիւնը։

- Դուք սրանց ուսուցի՞չն էք։

Անսպասելի այս հարցումը կ՚ընդհատէ մտածումներուս գնացքը։

- Այո, - կը պատասխանեմ գրեթէ նեղուած, ու չեմ ալ անդրադառնար թէ  ինչու։

- Էդ լաւ։ Որ էդպէս ա, ասացէք խնդրեմ… Ստիպուեցաւ լռել սակայն։ Այս ընդհատը առաջ բերողն էր զինքը բոլորող խումբին խորունկ զուարթութիւնը, երբեմն քրքիջի անգամ փոխուող։ Կային, որ ձեռքերնին իրարու կը քսքսէին հաճելի կերակուրի մը, քէյֆի մը, անուշ տեսարանի մը վայելումին պատրաստուող տրամադրութեամբ։ Անոնց թշուառ հագուստը եւ դէպի մագաղաթ զարնող մոյնքը հակասութեան պէս բան մըն ալ կ՚աւելցնէին։ Եօթը պորտէն զարնուած անոնց արիւնը կը խաղար այդ առտու։ Մեզ հիւսեր էին, հետզհետէ հասնողները զիրար կը հրէին ուս մը տեղ ճարելու համար ձրի ներկայացումէն։ Բոլոր այդ փոքրիկ գիւղերուն մէջ ձանձրոյթը պատճառ է, որ տաղաւարները փնտռուին, Կիրակիները յարգուին ու բացառիկ հանդիսանքը դառնայ մեծ իրականութիւն, ամբոխները տագնապի մատնող հարց։ Օտարականը, աշուղ կամ ոչ՝ բացառիկն է։

Ատկէ դուրս կայ գիւղացիներուն հզօր, կենդանի հետաքըրքրութիւնը մեծ մրցանքներէ, - գօտեմարտութիւն եւ կալի բարքեր, խաղեր, որոնք եղանակի հետ սերտ կապակցութեամբ մը կը մնային պայմանաւոր։ Չեմ պատմեր այդ շատ խորունկ, իրաւ պահերը, նիւթէն դուրս նկատելով անոնց շահեկանութիւնը։ Ձմեռները, գեղին սրճարանը, իր ետեւի հսկայ ախոռը կը փոխակերպէր բացօթեայ հանդիսավայրի։ Ուրիշ վայելքներէ զրկուած ամբոխը հաճոյքով կը կազմէր իր պարը աքլոր գզուըտցնողներու շուրջ, բաժնուած հակառակորդ խումբերը աս ու ան աքլորին կուսակից։ Աքլորամարտերու յիշատա՞կը հոս։ Ո՜վ գիտէ։ Երբեմն ժողովրդական բնազդը, աւելի սուր ու ամուր, քան ժողովրդական խելքը, գիրքերուն բառով, բանականութիւնը կ՚ընէ տարօրինակ սեւեռումներ, սրամիտ հարազատութիւն մըն ալ գտնելով անոնց արտայայտութեան մէջ։ Մէկը, Խաղցուկ Մինասը, որ տասնեօթը պիտակներ կցած էր իր անունին, իւրաքանչիւրին համար պատուակալ դրուագի մը պատմութիւնովը եւ որ չկտրտած չուան չէ ձգած թուրքերուն գեղերը։

Դուք կը հասկնաք անոնց այրիներուն մահիճները- փսփսաց թեթեւ, բայց բաւական յստակ, - հազի մը կտրատուն արձագանգներուն ընդմէջէն։

- Երկու խոռոզ…

- Ինչ ալ վայլեց, - կ՚աւելցնէ հոճա Մարուքը, - մէկը հինտ։

Կ՚ակնարկէր Կովկասէն եկող կարճառօտ մարդուն։ Հնդիկ տեսակը աքաղաղներուն կարճ էր, անխնամ, անցոյց։ Միայն գիրքերու մուկերը չեն, որ փոխաբերութիւն կը հանեն շրջաբերութեան, եթէ կը ներուի սա բացատրութիւնը։ Ռ. տը Կուռմոն կը հաւաստէ, որ Փարիզի հալին մէջ ժողովուրդը մէկ օրուան ընթացքին կը յօրինէ այնքան փոխաբերութիւն, որքան չեն կրնար ընել ֆրանսական գրականութեան բոլոր արհեստարանները տարուան մը ընթացքին։ Աքլո՜ր։ Հարկաւ։ Այդ մարդոց ներքին նկատառումը գիտնական, տիրացու տիպարէն, յատկանշական էր սա խուլ քաշքշուկով, գրել- կարդացող ցանցառ մարդերը պահող իրենց ընդհանրապէս ճիղճ մարմնէն ծորած պակասաւոր, քունի մը զգացողութեան մէջ։ Փչես, կը դառնայ, թելադրող այդ մարմնեղէնին նիհարութիւնը։ Աքլոր՝ թելադրող ոմանց յոխորտանքը, գզուըտուքի ախորժանքը, սնափառութիւնը։ Այդ գեղացիներուն կարծիքով ամէն կարդացուոր աքլոր մըն էր ու ամէն օտար աքլորի մը դէմ պարտաւոր էր կռիւ յայտարարել, առանց կանխապատրաստութեան, ուղղակի յարձակումով, երբ դէմ դիմաց արձակուէին, իմացական գետնի վրայ, բարքերը ուրիշ չէին կրնար ըլլալ այդ գեղին մէջ ալ։ Միայն փոխանակ լրագրի սիւնակի, անոնք ախոռը կամ փողոցը ունին իրենց տրամադրելի։ Կռի՞ւը։- Միտքի, ձեռքի, լեզուի գերագոյն վայելքն էր գեղացիին, մա՛նաւանդ՝ օտարներէ տեսարանուած։ Ո՛րը՝ կը հնարէր հանելուկը, կը հրաւիրէր հանդիսականները զայն լուծելու եւ պարգեւ առնելու։ Ո՛րը եղանակը կու տար երգին ու անոր մէջէն իրար բզկտելուն։ Ո՛րը մէկն ալ սուտը կ՚ածէր հաւերէն աւելի հեշտագին ու աղմկարար։ Ամէն օտարական տաղանդով մը օժտուած է, անպատճառ, որուն տուրքը կը գանձէ, սանկ քանի մը ժամ վայելք ստեղծելով այդ զրկեալ գեղացիներուն։ Այդ տաղանդը անոնց արտն է։ Մարդը իր ցորենը լեզուով կը քաղէ, կը հնձէ, կ՚աղայ ու կը ճաշակէ։ Աշո՜ւղ։ Որուն կալուածը մատն է, կոկորդը, երեւակայութիւնը, բոլորն ալ տարօրէն փորձ ու ճարտար, օգտագործելու օրուան կամ դրացի գիւղերուն մէջ շաբթուան պատահարը։ Աճպարար, որուն հնարքները ժամու պատկերին սատանաներն իսկ կը զարնեն այնքան անկարելի, հրաշք կը թուին, երբ բերնէն կը հանէ ողջ ճուտիկը, կը դնէ քիւլահին տակ, որպէսզի հաւկիթ դառնայ ու շունշանորդի ճուտիկը կը դառնայ խելօքիկ ու սպիտակ այդ հաւկիթը։ Թող տէրտէրը, վարժապետը ճաթին, խելք հասցնելու համար սա հրաշքներուն։ Աքլոր, անշուշտ։ Բայց երբ այդ գեղացիներուն համար տաղաւարի վայել հանդիսաւորութիւն ունէր ճակատումը երկու… վարժապետներու։ Անմոռանալի է տեսարանը, զոր ապրեր եմ այդ գեղին մէջ, ինձմէ առաջ սանկ քառասուն մը տարի վարժապետ այդ մարդուն, անունը Սիմոն, որուն ծերութիւնը առաջացած խորացած էր, սորվեցնելը, երգելը անհնար դարձնելու աստիճան։ Հիմա չուլ կը գործէր (այծի մազէ կապերտ)։ Ու նստելէն, նստելէն մէջքը երկուք՝ չէր կրնար հրաժարիլ աքլորութեան պարտադրանքէն նոր ժմնուկ, պեխ ու մօրուք չունեցող փալապ (սագին ձագուկը) պատանիին հետ, հրապարակաւ, հանդիսաւոր մրցումը ընելու, եւ եկած՝ երկու ձեռքերուն մէկ-մէկ ցուպ, սրճարան։ Մրցումի նիւթը անշուշտ Սիմոն վարժապետինն էր, որ այդ մարդոց բոլորէն կը սիրուէր, իրենց կեանքի հեռագոյն շրջանը իրենց իբրեւ դարձնող, յետոյ իր սրամտութիւններովը բոլորն ալ խենթացնող մը։ «Յայսմաւուրք»էն՝ նիւթը։

Գտնել անունը սուրբին, որ քաղաքի մը մէջ կուռքերը կոխոտելու սրբապղծութիւնն էր գործած արարողութեան պահուն, անոնց անբարբառ բերանին ու քիթին «մեծաձայն փուքս արձակելով»։ Անուշտ կարդացած ու մոռցած էր տարօրինակ սուրբին սա սրբազան հերոսութիւնը, որուն համար ի՜նչ հեշտագին յօժարած էր նահատակուիլ։ Բայց անո՞ւնը։ Ինչպէ՞ս գտնել ատիկա։ «Պապանձումն Զաքարիայի» վճռեց մեծ լրջութեամբ վարժապետ Սիմոն, սայլագործ, որ ակնոց ունէր ու «բորոտ» Աստուածաշունչ մը։ Վճիռը ընդունուեցաւ յաղթաձայն քրքիջով մը։ Պարտութիւնը բացարձակ էր։ Ու վա՜յ պարտուողին։ Կարելի՞ էր դպրոց յանձնել «աս չափիկ» բանն ալ չգիտցողին։ Չըլլար գիւղապետը, մա՛նաւանդ իր տղան, այդ մարդիկը իսկոյն «կօշիկներս ոտքս կու տային», զիս ղրկելու ուրկէ՛ որ եկած էի, տահա շատ հաց ուտելու, որ կը թարգմանուի սորվելու եւ յետոյ գալու։ Բայց քաշքշուկը կատարեալ էր։ Ինչպէ՞ս կարելի էր մոռնալ նման սուրբի մը անունը, երբ թարգմանուեցաւ, մա՛նաւանդ «փուք» արձակելն ալ, կուռքերուն քթին ու բերնին…

Երկու խոռոզներ էին։

- Ախր, դուք ինչո՞ւ էս մարդոց չէք սորվեցրել մեր պատմութիւնը, իսկի էսպէս կը լինի՞…

Շեշտ, դիմախաղ, յօնքերու կիտում, բարկութիւն։

Ամբոխը դատեց անմիջապէս։

Ողբերգականը հո՛ն էր, որ դիմացի ճամբէն փոշին կը բարձրանար։ Ձիաւորներու խուլ աղմուկ մը, սալակի պակասովը աւելի մատնիչ։ Ոստիկա՞ն։ Ժանտարմա՞։ Վասֆի՞ն։ Ո՛րն ալ ըլլար անոնցմէ, մեր բանը բուրդ էր, սա կարճ յիմարին ու իր ահաւոր մօրուքին անմիջական թելադրանքովը։

- Ուղիղ տկլոր են, չասելու համար անբան։ Իսկի ոչինչ չեն իմանում։ Ախր, ո՞ւր ենք ի վերջոյ։ Չինաստա՞ն թէ Հընդստան։ Ո՞ր ազգին են պատկանում սա թշուառ արարածները։

Արագ-արագ, ներդաշնակ ու քաղցր լեզուով սա հարցումները, հաստատումները, վճիռները ինծի տուին որոշ մտահոգութիւն։ Ճամբուն վրայ փոշին կ՚ամպանար։ Քրտինք՝ բարկ ճակտիս վրայէն։ Նշմարեցի՞նատիկա գեղացիները։

- Բանը բուրդ է, - ըսաւ մէկը շատ կամաց։ Բայց բոլորն ալ լսեցին։

- Ասացէք, խնդրեմ, աղբէր ճան, ասացէք խնդրեմ, էսպէս բան կը լինի՞։

- Վալլահ-պիլլահ, աղբէր ճան։

Ձայնակցողն էր կովարծ Թաթոսը, որ մօրը արգանդէն հովիւ էր եկած աշխարհ, ու հիմա, եօթանասունին, ոտքերէն «բռնուկ» (յօդացաւոտ), կը վայելէր իր թախթը ու յարակից հեղինակութիւնը, իրեն արդարօրէն շնորհաբաշխուած, վաթսունէ աւելի տարիներու վրայ գեղացիին կովերը կշտացնող, հորթերը դայեկէ մը աւելի գուրգուրագին կովերէն առնող, նախնական խնամքներով պաշտպանելով խեղճ անասունին առաջին ժամերը ու բերող զայն յաղթական տանտիկինին։ Դուք թերեւս չէք զգար, որ իր հարսին արգանդէն շառաւիղի մը աւետիսը եւ Թաթոսին կռնակէն հորթուկին բառաչը իրար կ՚արժեն գեղացիին հոգիին։ Կովերուն վրայ սորված, զարգացած ու կեանքով եղած (իւղոտած) իր սրամտութիւնը, կոշտութեան, հայհոյութեան, նախնական մարդու անսանձ արտայայտութեան աղովն ու պղպեղովը դիւր կու գար գեղացիներուն։ Կ՚ըսէր ի՛նչ որ կը մտածէր, այսինքն՝ աւելի առողջ ու իրաւ՝քան Պոլսու պատրիարքը։ Անոր փոյթը չէր, որ չորսը չէր կրնար հանել չորսէն, առանց մատներուն օգնութեան։ Անհուն ծխող մը ու դժուար ճկող իր մատներուն մէջ -յօդացաւը քարէ փշրանքներ կիտուածեր էր անոր յօդակապերուն- կը պլլէր (յօրինել) սիկարը, յաղթական տրիբունին մատուցուելու համար, սպասելով, որ գիւղապետն ալ զանոնք պատուէր սուրճով։ Հաշի՞ւ։ Չունէր ինծի հետ, քանի որ խորունկ համակրանքը կը վայելէր իմ պատանութեան դեռ լեռնական խռովքներուն։ Քանի՜- քանի՜ հեղ անտրտունջ պատմեր էր ինծի իր կռիւներէն, գայլերու, արջերու հետ, ու մա՛րդ ալ գազաններու   հետ։  Պատմեր  աւազակ-ասպատակներէն այդ օրերը կէս դար կանխող շրջանէ մը, ուր լեռները հովուողը սիրտն էր, բազուկը, երկու կանգուննոց դանակը եւ ոչ թէ հիմկու պէս փամփուշտը։ Անոր մասնագիտութիւնն էր Մանոլը, շատ նշանաւոր յուղկահար մը, որ մէկ ձեռքով կողոպտածը միւսով կը բաժնէր աղքատներուն ու գրաւ մը շահելու համար մտած էր կուսակալին տունը ու թռցուցած անոր Ֆէրմանը։ Հեքիաթը ծերութիւն է։ Կովարած Թաթոսը կ՚երիտասարդանար Մանոլին մէջէն ու կը կրկնէր իր յանկերգը, առնուազն քսան անգամ.

-Վալլահ-պիլլահ, աղբէր ճան։

Յորմէհետէ կովերը շրջանաւարտ է ըրած (նոր բառ, զոր գեղացին կը գործածէր անխնայ, ծաղրելու մէջ յամառելով նորելուկ վարժապետ մը, որ երկու նախադասութեան մէջ իսկ պատեհութիւն կը գտնէր քշելու) անիկա կը խառնուի ալ մարդոց կարծիքներուն։ Ջարդերը զինք ըրին հայրենասէր ու իր խօսքի միջամուխ ըլլալը կը հանդուրժեն իր քաջութեանը իբր զիջում։ Իր պաշտօնին բերումով՝ ան աւազակներու հետ իր քամարին արձանագրած է բախումներ։ Պահած է իրեն ծանօթ քարայրներու մէջ մէկէ աւելի մահապարտներ, ամիսներով։ Ու կ՚ատէ թուրքը, որմէ կերած ծեծերուն յիշատակը կենդանի պատմում է՝ բոլոր գեղացիները շահագրգռող։ Մարդիկ գիտեն նոյն ատեն, թէ մէկի դէմ տասնով այդ կռիւներուն մէջ անիկա պաշտպանած է լեռնականներուն վարկը ու տոկոսով վճարած հաւասարէ հաւասար ճակատումները։ Ա՛լ գեղին աղբէրն է, վասնզի ամէն մարդ իր բերնէն կ՚ելլէ այդպէս փաղաքշուած, նոյնիսկ չորս տարեկան մանուկը։

Կը նայիմ, հետզհետէ ոճերուն մտահոգութեամբ, պլլուող սիկարին։ Սուրճը հրամցուած է արդէն։ Տրիբունը օձիքս իր ձեռքը ամուր բռնած։ Աքլորամա՜րտը։ Ստիպուած եմ սակայն բան մը ընել, այնքան փափուկ է կացութիւնը։ Արդէն ձիերը կ՚երեւան։

-Ներեցէք, պարոն, կրնա՞մ հարցնել, թէ ով էք։

-Է՞տ, է՛ս րոպէին։

Շեշտը, մա՛նաւանդ հայեացքին վերնադիր արձակութիւնը դիւր են դարձեր ամբոխին, որ թեթեւ քմծիծաղով մը կը կանգնի քաջալեր թերեւս ատոր կարիքը չզգացող տրիբունին, քանի որ կը կրկնէ, երբ ոչ ոք իրմէ կ՚ուզէր ատիկա։

-Է՞տ, կը հասկանաք էլի շուտով։

Աքլո՞ր։ Ա՛յսքան կ՚ըլլար։

-Հիմի մի խօսք, խնդրեմ։ Ո՜ւր խնդիրք։

Շեշտը բիրտ, յանդիմանող վարժապետի մը խստութեամբը։

-Ասացէք խնդրեմ, որ ուսուցիչ էք, ի՞նչ ունէք արած։ Ու հոյակապ բառը անբաւական է՝ վեհափառ, արհամարհանքի մէջ մուկ մը խղդող տղու պայծառութեամբը,

-Սրանք իսկի չեն իմանում ո՞վ է Խրիմեանը։

-Խրիմեան, Խրիմեան…

Պոռացողն է ջորեպան Մինասը, գեղին ականջը ծակ-տարրերէն։ Մօտի հայ գեղերէն իր ջորին կը բերէ եղ (ձէթ) ու պոլամա, ճերմակ ջուր, ինչպէս նաեւ, երբեմն ալ իմաստութիւն, քաղաքական կարծիքի տաշեղներ, բոյծի դրուած սուտեր, ու խոշոր գայթակղութիւններ, որոնց մարդիկ ականջ կու տան՝ իրենց բերանէն ջուր վազեցնելով։ Խելացի, անշուշտ, սանկ տակէն, խորունկէն գեղապետին ընդդէմ գեղը ներկայացնող իմաստութեամբ մը, այսինքն՝ ընդդիմադիր, անխուսափելի, ամէն որոշման մէջ -հիւսիսի գեղերուն մէջ ճարակ գտած հիւանդութիւն, որուն հայրենիքը Պարտիզակն էր, ու տարածիչները՝ անկէ մեզի առաքուած վարժապետները։ Ընդդիմադիր, քանի որ մեր կեանքը, նոյնիսկ տասը տուննոց գեղի մը մէջ չի կրնար քալել առանց անոր շոգիին։ Հայրենասէր, հերոս, ժողովրդական վանեցիին անունը, Նիկիոյ շրջանի գեղերուն մէջ լայնօրէն ծանօթ, հաւանաբար բռնի անցք է կատարած անոր ջորիին իսկ ուղեղին, որ այդ բառը լսած ատեն ականջները կը շարժէ, ինչպէս դիտած է Մինաս։ Սրտառուչ երգի մը եղանակին հրաշքն էր ատիկա հաւանաբար, ջարդերէն առաջ բոլորին շրթներուն ու սրտի տունին։

-Խրիմեա՜ն, Խրիմեա՜ն, - կը մռլտան ուրիշներ ալ արգահատագին չափելով իմ քրտինքը։

Ձիաւոր մը արդէն գտած է գիւղապետը, անոր տուած թուղթ մը, որ ամբոխին գլխէն կը հասնի ինծի։

Հարկահանին ցանկն է, որ կախուելու է սրճարանի պատին։ Վաղը առտու կանուխ գիւղ կը հասնի ինքը ու այս պատրաստութեան միջոցն ալ կը յայտարարէ իր կողմէ կատարուած։ Իր ընթերցումը, անոր հաղորդումը գիւղապետին քանի մը անգամ կ՚ընդմիջուին նոյն բացագանչութիւններով՝

- Խրիմեա՜ն, Խրիմեա՜ն...

Վստահաբար գիտեմ, որ շատ քիչեր, հազիւ քանի մը նոր տղայ կը ճանչնան այդ անունին տակ հայոց դժբախտ կաթողիկոսը։ Բայց բառը ընտանի է փերեզակի մը վրայով, որ ամէն տարի, կալվրայ կու գայ գեղ, կը փռէ բանուկ ճամբաներու, փռառաջներու, կալելու հարթավայրին իր ապրանքները հելալ, ձիւթ, խունկ, մոմ, գաւաթ, պնակ, պատառաքաղ, մա՛նաւանդ պտտիկ զմելիներ, տղոց խորունկ հետաքրքրութիւնը, ախորժակները յուզող եւ կը կրէ պատկառելի անունը, շունշանորդիի մը կողմէ փակցուած։ Կնքահայրը նոր այդ անունը ճարած է, մեկնելով անոր նոյնքան վեհափառ քիթէն, որ Մկրտիչ Խրիմեանի դէմքին վրայ կը բազմի այնքան իրաւ վեհափառութեամբ մը։ Բայց կայ աւելին։ Այս փերեզակը ունի ձայներուն ամէնէն սրտայոյզը, իր ապրանքներուն կեդրոնը կոկոզած, սանտրերը տեղաւորելով երբ կ՚ոլորէ բոլորին սիրտը տակնուվրայ բերող եղանակը.

…Հրաժարական քարոզդ տուիր, Մեր սիրտերուն մէջ, Հայրիկ ճան, Կրակ վառեցիր…

 

Ու հեքիաթը։ Կը ձգեմ զայն։ Բաւ է ինծի ըսել հոս, որ շրջապատող ամբոխին համար այդ բառը հաւանաբար անունն է Քաջ Վարդանի թոռան կամ հայոց աշխարհի հին մէկ արքային։ Մեր ազգային գիտակցութեան պատմական երեսը նոր է անշուշտ։ Դարեր ու դարեր այդ գիտակցութիւնը պահպանուած է մեր աղօթքներով ու նման քանի մը բառերու յուռութքովը։

Խրիմեանէն ետք, բոլորը կ՚անցնին խռովքի։

«Կացութիւնը լուրջ է», ինչպէս կը խորհիմ, թէ պիտի եզրակացնէր երանելի Փանջունին, եթէ իմ տեղս ըլլար։ Չար է օրը, իր կէսէն ետք։

Հարկահաւաքին թուղթը, իր պարզելիք տեսարաններուն կսկիծին չափ, կը խռովէ զիս ուրիշ ալ հաւանականութեամբ մը։ Պատահած է, որ յարգէ իր թուղթին պարունակութիւնը ժամանակի վրայ, բայց նոյնքան հաւանական է, որ չսպասէ լուսնալուն ու էտինքին բուսնի։ Արիւնկզակ, խորանարդեալ թաթարը քանի մը անգամ ոճրագործ (որոնցմէ մէկը մարդասպանութիւն, միւսը՝ կին առեւանգել։ Այս կարգի յանցանքները, Համիտի ռեժիմին շատ դիւրաւ կ՚ամպարտանային, վեհապետին անձնական միջամտութեամբը, հերիք է, որ ոճրագործը ունենար այդ միջոցը մինչեւ կայսերական կանանոց մուտք ճարելու իր անունին ու ոճիրին) օրուան մարդն է գաւառակին պետին դէմ երդուեալ, բացայայտ, հրապարակաւ պոռացուած հակառակութեամբը, խորունկէն խախտելու չափ բիւրիցս խորանարդեալ ոճրագործին հեղինակութիւնը։ Անոր չափ արագ է դանակ գործածելու թէեւ հինցած, բայց միշտ օգտակար արհեստին մէջ։ Անիկա փաթթած է իր առջին գիշերանց իր տունը մտնող պէյը, իր տասէն աւելի արբանեակներով, հալածելով զանոնք կատղած ցուլի մը վայրագութեամբը, ծածկելով քանի մը չարագործ։ Աւելորդ է զբաղիլ տուն մտնելու սա հասարակ պատմութեամբ։ Գիտեն բոլորը, թէ թաթարին նոր կինը վեհափառին (իրենց փատիշահը) բերնին վայել կտոր մըն է։ Կիներու փէշերուն վրայէն Էտհէմ պէյին պատմութիւնները անհուն են ու միշտ արիւնոտ։ Հակառակ պէյին ճնշումին, Պրուսայէն պաշտօնապէս հրաժարեցուցուած է հարկահաւաքչութենէն, անիկա դիմած է պալատ (կայսեր) անձնական գիրով մը ու առաջարկած իր ծառայութիւնը վեհապետին, անթոշակ, պատուակալ պաշտօնեայ մը ինչպէս։ Հին դարերուն ամբաստանեալները  Հռովմ  կը  դիմէին երբ  իբրեւ հռովմէացի ամբաստանուէին կայսրութեան որեւէ մասին մէջ։ Իրենց իրաւունքը անբռնաբարելի էր։ «Պալատ» դիմելը պահի մը համար խնդրարկուն կ՚ընէր զերծ օրէնքին պարտադրանքներէն։ Հարկահաւաք թաթարը կ՚ապրի՝ տապալելու համար թրքութեան անունը արատաւորող գազանը ու կը պոռայ ասիկա, ձայնը ո՛ւր որ կը հասնի։ Անկէ կը քաշուին, ուղիղ ճակատելու ո՛չ միայն ինքը՝ փորձ մարդասպան պէյը, այլեւ անոր արարածները, բոլորն ալ անշուշտ երկու անգամ մարդասպան, որոնք կը վախնան անոր արջու բազուկէն, երբեք վրիպած՝ դանակ կամ ատրճանակ գործածելու ատեն իր թիրախէն։ Հարկահաւաքը պատրաստ է մտնելու ամէն պայմանադրութեան, պարտադրութեան, որուն ելքը յանգէր պէյին աս ու ան կերպով արատաւորման։ Ծանօթ եմ դաւադրական իր ընդունակութեանց։ Ընդարձակ ծրագիրներ կ՚որոճայ, պէյը զարնելու վեհապետին մօտ ամէնէն կասկածելի մարզերէն, քաղաքական ընդդիմադիրներու ցանցի մը մէջ զայն տեղն ու տեղը արժեւորելու։ Ու այդ գիծով՝ գոմիթան։ Պէյին պաշտպանութիւնը վայելող գիւղի՞ն մէջ։ Ի՜նչ հոյակապ առիթ։ Ամբոխը միշտ կ՚ալեծփի, տրիբունին բերնէն կախուած։ Իմ աչքը չի կրնար բաժնուիլ անոր մօրուքիկէն, որ անպայման թաթար հարկահաւաքը պիտի հետաքրքրէ շատ աւելի անդին, քան իրական իր արժէքը։ Յետոյ գիտեմ, թէ թուրքէ մը աւելի հայրենասէր ալ է, այսինքն՝ ընդունակ ջարդեր կազմակերպելու։ Տրապիզոնի կողմերը ան համբաւ ալ ունեցած է իր անգթութեամբ գոմիթա հալածելու մէջ առաջին աստիճանի փորձառութեամբ մը ու իբր այդ գնահատուած ալ։ Կը հասկնայ հայերէն, աւելի համեստ չափով, քան իր ոստիկանը, որ Վանի կողմերէն թրքացած քիւրտ մըն է ու անոր ականջը՝ բոլոր շրջանի գիւղերուն մէջ։ Կը բաւէ, որ նշմարէ, թէկուզ հեռուէն, տրիբունին չարաշուք մօրուքիկը, սուր ու յատկանշական, զիս ապշութեան, որքան սարսափի մատնող այդ յիմար վրձինը, որ, կը հաւատամ, պէտք է վտանգած ըլլայ անոր գլուխը Կովկասէն մինչեւ Պրուսա։ Թաթարը գիտէ նաեւ ո՛չ միայն ջորեպան Խրիմեանը, այլեւ կաթողիկոս Խրիմեանը, իր ոստիկանին սուտ ու փուտ նկարագրականներէն, աւելի քիչ դերովը, զոր այդ անունը ունեցաւ հարկահաւաքի պատանութեան օրերուն, թուրք հանրային կարծիքին մէջ, իբրեւ հայոց թագաւորցու…։ Ու նման ամէն պաշտօնեայի, անիկա իր գոյութեան իմաստը կ՚ընդունի, պետութեան սպասարկութեան մէջ դնելով կատաղի եռանդ, փատիշահին, կրօնքին, հայրենիքին ուղուրին, այն ամէն բաներէն, որոնցմով թրքութիւնը օր մը պիտի կանչուի իր պապերուն կայսրութիւնը վերականգնելու։ Այս ամէնը մտքիս մէջ կը դառնան ու կը դառնան։ Գեղապետին տղուն հասակը կը գծուի պատուհանէն։ Դուրսն է։ Պիտի երթանք խօսելու, դպրոցէն ետք, ինչպէս որոշած ենք իրիկուընէ։ Այդ երեւումը կը փորձեմ շահագործել.

-Բարեկամ, - կը ձայնեմ կամաց։

Տրիբունը, իր խօսքի թափին մէջ, ատեն չունի շշուկներով զբաղելու։ Տեսած է, իր կարգին, պատուհանէն ամբարձիկ պատկերը քաղքենի տարազով երիտասարդին։

- Բարեկամ, - կը ձայնեմ աւելի ամուր, - քիչ մը դուրս կրնա՞ք գալ։

- Կարի՞ք։

-  Ստիպողական։

- Որ էտպէս է, է՛ս րոպէիս։  Ու դառնալով շուրջիններուն,

- Կը շարունակենք էլի այս շատ շահեկան խօսակցութիւնը։

Անոր մանրիկ, ճկուն մարմինը չունի դժուարութիւն ինքզինքը ազատելու գիւղացիներու հանգոյցէն։ Փախչիլը չէ ասիկա, ոչ ալ սպրդիլը, այլ հալածական երէի վարժութիւն մը, տեղ մը ճարելու, սեղմելու, կծկուելու մշտական հարկէն մարզանք մը արագութեամբ ու քիչնալով  հաւասարապէս ուշագրաւ։ Կը  դիտեմ  սա յաջողակ ելքը։ Ով գիտէ քանի՜-քանի՜ անգամներ անիկա այսպէս հաւատարիմ է մնացած իր սովորութեան, հեռուէն թելադրուած նշաններ, կարգախօս հասկնալու։ Նոյն ատեն անիկա բռնած է ձեռքէն իր կրկինը հասակ պարզող իր ընկերոջ, որ անժպիտ, անիմաստ, դանդաղամիտ, գլուխը կախելու վարժութեամբ մը դէմքը ըրած քիչ մը ծուռիկ, մուռիկ, կը թթուեցնէ իր արտայայտութիւնը, սա տեղափոխումին անտեղութիւնն իսկ չհասկնալով ընկերոջ հաշուոյն։ Անիկա կը հետեւի ընկեր Մաթիկ Մելիքխանեանին, ինչպէս փողոցին վրայ, քիչիկ մը ցած շեշտով յայտարարէր պիտի գեղապետին տղուն ու ինծի։

- Ընկեր Մաթիկ Մելիքխանեանց…



[1]            Ինծի կու գայ, թէ բանաստեղծութեան համար իմ անկարող սարսափս պէտք է ծնունդ առած ընդունիլ սա մարդերէն։ Գեղի վարժապետը տապանաքարերու վրայ ոտանաւոր գրելով շահած էր իր վարկը։ Քաղաքինը՝ տպուած հատոր մը ունէր։ Արմաշ՝ քերթողներ էին իմ ուսուցիչները։ Պարզ՝ թէ ինչու քերթող չեմ եղած։

[2]            Արզուհալճի - աղերսագիր խմբագրող բացօթեայ գրագիր։