ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Վանական պատմութիւնը Երուսաղէմի Անապատ կը կոչէ այն ընդարձակ լեռնոտ միայնութիւնը` որ Ս. Քաղաքին արեւելքէն կ’երկարի հազար մէթր հակումով մինչեւ Յորդանան եւ Մեռեալ Ծով եւ կը տարածուի հիւսիսէն հարաւ: Այդ մասին պէտք է կցել Յորդանանի աջակողմի դաշտը` Երիքովէն սկսելով մինչեւ Ասփալտեան Լիճին հիւսիսը:
       «Երուսաղէմի Անապատ» սահմանուած վերոյիշեալ նոյն հողամասին մերձակաները հրէական, հռովմէական եւ բիւզանդական շրջաններուն, ինչպէս նաեւ իսլամական տիրապետութեան ժամանակ գիւղեր կային որոնք կ’ապրէին հողագործութեամբ. բայց նոյն հողամասին վրայ ջուրը անբաւական էր մշակութեան եւ առտնին պէտքերուն համար. անձրեւի ջուրը կը հաւաքուէր ջրհորներու մէջ եւ ամրան օրերուն մարդեր եւ անասուններ կը տառապէին ծարաւէն. վաղանցիկ գարուն մը միայն ունէին, անմիջապէս արեւի կիզիչ ճառագայթները կը խամրեցնէին նորաբոյս կանաչութիւնը եւ բուսականութիւնը: Ահա այս հողային բարիքներէ եւ ջուրէ զրկուած հողամասին վրայ է որ յաճախ կը հաստատուէին անապատականները որոնք ջրհորներ կը փորէին եւ կամ հեռի տեղերէ կը հայթայթէին ջուրը, արիաբար կը կրէին օրուան ծանրութիւնը եւ տապը: Շատ քիչ տեղեր կային որ ջրոտ վայրեր ունէին: Յորդանանի դաշտը Գ. դարու մէջ քանի անապատականներ կ’ապրէին հոն աղբիւրներու մօտիկ քարայրներուն մէջ: Անոնք հալածանքներէ փախչելով եկած բնակած էին Անապատին մէջ եւ հոս հոն Մեռեալ Ծովուն ափանց մօտիկ եղէգներու մէջ կը ծածկուէին:
       Երուսաղէմի անապատական կեանքին հիմնադիրը եղած է Խարիտոն. որուն բնակած տեղը մինչեւ այժմ կը կոչուի Ուատի Խարիթուն: Հետեւեալն էր կենցաղը այն անապատականներուն որ կը բնակէին այս հողամասին մէջ. այն այրը կամ հիւղակը` որուն մէջ երկար տարիներ կ’առանձնանար անապատական մը` կ’ըլլար լուսոյ եւ սրբութեան վառարան մը, երբ Ս. Անտոնի, Իլարիոնի, Եւթիմոսի եւ Սաբայի նման մեծ վանականներ կ’ստանձնէին նոյն բազմաթիւ հիւղակներու կրօնական դաստիարակութիւնը, եւ արդարեւ այն ատեն հիւղակը կը վերածուէր Մայր Հիւղակի երբ աշակերտներ կը հաւաքուէին նոյն հիւղակներու շուրջը: Ահա վանական հաստատութիւններէն առաջ խուցի (laure) կեանքը այն անապատականներուն` որոնք բազմաթիւ խումբերով ցրուած էին Երուսաղէմի Անապատին մէջ քաղաքէն միչեւ Մեռեալ Ծով, ինչպէս յիշեցինք:
       Ի՞նչ էին ասոնց կրօնական սովորութիւնները: Շաբաթ եւ կիրակի օրերը խուցին մէջ կը կատարուէր հասարակաց կրօնական կեանքին սկիզբը: Եկեղեցին` ուր կը կատարուէին հսկումները եւ պատարագը, հիմնաքարը եղաւ անոր` որ յետոյ պիտի կոչուէր վանք, տուն մը` ուր կրօնաւորները պիտի վարէին հասարակաց կեանք մը: Ծոմը կը խզուէր երեկոյին միայն աղ ու հացով: Այս ծայրահեղ սակաւակերութեան սահմաններուն մէջ, պէտք էր խոյս տալ յափրանքէն եւ վառ պահել ախորժակը: Ըմպելիքի համար միայն սակաւ ջուր գործածել: Սաղմոսերգութիւնը եւ ցերեկուան ու գիշերային աղօթքը որոշ եւ հաստատուն ձեւ մը կ’ստանար: Վանական օրէնսդիրը ցոյց կու տար նաեւ հարկը ձեռքի աշխատանքին եւ կը հասկցնէր թէ բոլոր չարիքներուն արմատը ծուլութիւնն է: Վանքը, Պաղեստինի մէջ, վանական ամենէն լաւագոյն թուականին իսկ, խուցը չ’անհետացուց. եւ նոյն իսկ Անապատի ամենէն մեծ անձերուն ցոյց կու տայ` թէ կրօնական կեանքին մէջ վանքը ստորակարգ էր խուցէն. խուցը համբակներուն կամ, ինչպէս կ’ըսեն` տղայոց տունն էր: Հոն էր որ ապագայ խրճիթաւորը պիտի շինուէր, եւ պիտի ենթարկուէր այն փորձերուն` որոնց տեւողոութիւնը իր զարգացումները միայն պիտ որոշէին: Մէկ խօսքով, այս կրօնական խցային կամ խրճիթային կեանքէն ծնան վանքերը:
       Երուսաղէմի Անապատին ո'չ ծագման եւ ոչ ալ զարգացման ժամանակ չիտեսնուիր որ Եգիպտոսի վանքերը միջամտած ըլլան: Պաղեստինի անապատներուն բոլոր մեծ հիմնադիրները եկած էին Փոքր Ասիայէն, կամ այն դաշտավայրէն որ կը տարածուի նոյն տեղւոյն արեւելեան սարահարթին ստորոտէն: Իրենց գործերը կը պարտին իրենց ձեռներեցութեան: Հաւանականութենէ եւ ճշմարտութենէ դուրս է մտածել սակայն թէ եգիպտական անապատները առանց ազդեցութեան մնացին Երուսաղէմի Անապատին վրայ: Դ. դարուն Եգիպտոս եւ Պաղեստին յաճախ յարաբերութեան մէջ էին: Երուսաղէմի անապատականները յաճախ կ’այցելէին Եգիպտոս Ս. Անտոնի անապատը` ուր անոնք երկար ժամանակ կը մնային Մեծ Անապատականին մօտ կը լսէին անոր հրահանգները: Եգիպտական մեծ անապատականներ ալ այցելած են Երուսաղէմի Անապատը: Պատմութիւնը կը վկայէ թէ արիոսական Վաղէս Նիտրիոյ Անապատէն աքսորական վանականներ` որոնց մէջ կային Սկիտեցիներ ալ` դարձալ աքսորուած են Պաղեստի, ինչպէս ոմանք ալ նոյն պատճառներով աքսորուած են Հայաստան, ուր անոնք առարկայ եղած են տեղւոյն հաւատացելոց յարգանքին: