ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Երուսաղէմի Անապատին մէջ Դ. դարուն խցային կեանքը զարգացումը մը ունեցաւ. եգիպտական անապատներուն մէջ, մենակեացութիւն ը այլ եւս ապարդիւն դարձած էր, տարիներով առանձնական կեանք վարողները անտարակոյս մտածեցին թէ նոյն կեանքը իր մասնաւոր քաղցրութիւններէն զատ, ոչ մի կերպով հաւաքական օգտակարութիւն չի կրնար ընծայել, քիչ յետոյ յատկանշական գաղափար դարձաւ հետեւեալ ըմբռնումը, «պէտք է միացնել հոգիները ազատելու համար», խցային կեանքը պէտք էր տանիլ դէպ ի զարգացման ճանապարհը եւ յառաջ բերել միաբանակցի կեանքը, վասն զի այս կեանքը աւելի կատարեալ է քան անապատականինը` զօրութեամբն այն առաքինութեանց` որոնց գործադրոթիւնը կը պահանջէ համարիւն եղբարց ընկերութիւնը: Եգիպտական Անապատին մէջ փորձառութեամբ կը տեսնէին անապատական կեանքի անպատեհութիւնները: Այլ եւ գաղափարները փոխուած էին, մենակեացներուն յարաբերութիւնները փոխուած էին, մենակեացներուն յարաբերութիւնները մտերմացման: Անապատականները հետզհետէ խտացուցին իրենց շարքերը ու եկան հաստատուելու ծերունի մենակեացներու մօտ. հասունցած էր միաբանութեան գաղափարը: Անապատական Պախոմէոս հասկցած էր այս պարագան եւ գործի ձեռնարկեց. ան ընդարձակեց իր բնակարանը եւ պատրաստուեցաւ ընդունիլ այլ եղբայրները` որ պիտի գային իր շուրջը հաւաքուելու: Նեղ կու գար իր շէնքը. հետզհետէ բարձրացան վանքերը Նեղուսի երկու կողմերը եւ անոնք օժտուերան նաեւ եկեղեցիներով: Պախոմէոս ոգին էր նոյն վանքերուն, որոնց տուաւ նաեւ կանոնագրութիւն մը` որուն համար, աւանդութիւնը կ’ըսէ թէ` հրեշտակներէն ստացաւ զայն: Եգիպտոսի վանքերուն պատմութիւնը կը վկայէ թէ այս նոր հաստատութիւնները ո'րպիսի զարգացում ունեցան եւ ո'րպիսի արդիւնքներ ընծայեցին քրիստոնէական կեանքի համար:
       Այս բացատրութիւնները տալէ վերջ պէտք է դիտենք թէ Երուսաղէմի Անապատի խցային կեանքը Դ. դարէն վերջ տակաւին շատ ժամանակներ տեւական մնաց: Նոյն դարէն սկսեալ թէեւ մեծամեծ վանքեր ու եկեղեցիներ կառուցուեցան նոյն Անապատին մէջ, բայց չխափանուեցան անապատականներու խուցերը. նոյն իսկ արաբ պատմիչներ կը յիշեն թէ իսլամ տիրապետութեան օրով Սելովամի շրջակայքը, մասնաւորապէս Թէոդոսի եւ Սաբայի մեծ վանքերու քով, կը մնային հազարաւոր խուցեր ուր կը բնակէին մենակեացներ, որոնց այդքան բազմութեամբ խցաբնակութիւնն ու շրջագայութիւնը առիթ տուած է յարձակումներու եւ կոտորածներու: Պատմական այս իրողութենէն կը հետեւի ուրեմն թէ որքան որ Եգիպտոսի Անապատին մէջ խցային վիճակը դադրած ու անոր յաջորդած էին վանքերը, բայց Երուսաղէմի Անապատը կը պահէր իր խցային կեանքը, հիմնարկելով հանդերձ մեծամեծ ու բազմաթիւ վանքեր, որոնք փառքն ու պսակը եղան Ս. Երկրին` զարգացնելով հոն քրիստոնէական ճարտարապետութիւնն ու գեղարուեստը եւ հրապուրելով խուռներամ ուխտաւորներ այլ եւ այլ երկիրներէ. այլ եւս անապատը վերածուած էր շէնցած ու զարդարուած քաղաքի մը: Մեր նիւթին սահմանէն դուրս չեմ նկատէր քանի մը տող ալ գրել մեր Տիրոջ Տնօրինական Տեղեաց վրայ կառուցուած եկեղեցիներու մասին: Պաղեստինի վանքերու եւ եկեղեցի ներու կառուցուածքները զարգացման երեք գլխաւոր շրջաններ ուներած են. Ա. Կոստանինեան . դար), Բ. Եւդոկսեան . դար) եւ Գ. Յուստինիանոսեան . դար): Կոստանդիանոս կայսրը քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք հրատարակելէ վերջ 325ին հրամայեց որ Քրիստոսի Ս. Գերեզմանին վրայ կառուցուի հոյադամբան մը հելլենական դարու պանդէոնի ձեւով, եւ Գողգոթայի մեծ եկեղեցին շինուի բիւզանդական ոճով. կամարակապ եւ գեղազարդ` Կոստանդինեան Ս. Յարութեան տաճարը նախադուռներով միասին բիւզանդական ճարտարապետութեան գլուխ գործոց մ’էր, ուր ոսկին ու արծաթը առատօրէն կը փայլէր եւ փառքն էր քրիստոնէութեան: Նոյն կայսեր միջոցաւ շինուեցան նաեւ Վերնատան, Ձիթենեաց Լերան եւ Բեթղեհէմի եկեղեցիները: Անոնցմէ վերջը շինուած է Գեթսեմանիի Ս. Կուսի եկեղեցին: Ե. դարու առաջին քառորդին Երուսաղէմ կը գտնուէին Հռոմայեցի տիկիններ, ինչպէս Բաւլա եւ երկու Միլանիաներ` որոնք Երուսաղէմ բնակելով իրենց առատաձեռնութեամբ մղում կու տան նոր եկեղեցիներու եւ վանքերու կառուցման: Այս շրջանին Համբարձման Լերան ութանկիւնային եկեղե ցիին շինութեամբ` Երուսաղէմի մէջ կը ներմուծումի շինութեան նոր տիպար մը, որ քրիստոնէական աշխարհին մէջ տակաւին հազիւ կը ճանչցուէր:
       Եւդոկսիա Թէոդոս Բ. ի թագուհին էր, որ իբր աքսորական Երուսաղէմ կը բնակէր Ե. դարուն. ան Ս. Տեղեաց համար ունէր ջերմեռանդ նախանձաւորութիւն մը եւ շինեց բազմաթիւ հաստատութիւններ. նոր ոճ մը գործածուեցաւ շինութեանց մէջ: Եւդոկսիան էր որ շինել տուաւ Ս. Ստեփանոսի, Պրոպատիկէի եւ Սելովամի գմբէթաձեւ եկեղեցի ները, ինչպէս նաեւ Ս. Յովհաննու Մկրտչի երեք կոզակով եկեղեցին. մինչեւ Զ. դարու կիսուն եկեղեցիները շինուած են Եւդոկիա թագուհիին նախընտրած ճարտարապետական ոճով. Յուստիանոս նոյն ոճին կու տայ նոր կեանք մը եւ Երուսաղէմը կը դառնայ Մատապայի Մոզայիքի Սուրբ Քաղաքը:
       Մինչեւ Է. դարու սկիզբը թէ' կը պահպանուին Դ. դարէն սկզբնաւորուած եկեղեցեաց շինութիւններն ու վանքերը եւ թէ կ’աւելնան նորեր ալ. այս կերպով Երուսաղէմ Դ. էն մինչեւ Զ. ի վերջը եկեղեցիներով ու վանքերով զարդարուն քաղաք մը մկը դառնայ. իսկ Երուսաղէմի Անապատը կը բարձրանան մեծամեծ եւ փոքր վանքեր` պահպանե լով հանդերձ մենակեացներու հազարաւոր խրճիթները փապարներու բնական այրերու մէջ:
       Այս վանական շինութիւններու ոճը միաձեւ էր. վանքերը կ’ունենային ընդհանրապէս կանոնաւոր մեծութեամբ տաշուած եւ թանձր քարերով շինուած աշտարակ մը, որ կ’ունենար մի եւ նոյն ոճը եւ ներքնապէս ունէր անցքեր, սանդուխներ, ստորերկրեայ տեղեր. վանքը իր դիմացը կ’ունենար եկեղեցի մը կորնթական խոյակներով եւ բիւզանդական սիւներով. կամարները կամ առաստաղները կ’ըլլային կամարակապ եւ յատակը մոզայիքներով:
       Առանց պատճառի չէր որ վանականները իրենց աղքատիկ բնակարանները կը վերածէին բերդի. կրօնական շփոթները, Հրէից եւ Սամարացւոց ապստամբութիւնները, Արաբացւոց եւ Պարսից արշաւանքները չէին դադրեր Պաղեստինի խռովելէ, մինչեւ այն որոշ արշաւանքին` որ խլեց յունական կայսրութենէն այս գեղեցիկ եւ նշանաւոր գաւառը:
       614ին Պարսիկները իրենց արշաւանքին ժամանակ Երուսաղէմը կրակի տուին եւ այրեցին ու քանդեցին բոլոր սրբավայրերը: Երբ 627ին Տիգրիսի հովտին մէջ Բիւզանդացիք յաղթեցին Պարսիկներուն եւ Պարսից թագաւոր Խոսրովը մեռնելով Պարսիկները քաշուեցան Պաղեստինէն. Պարսիկները Հերակլի հետ խաղախութեան դաշինք կը կնքեն ու գերի տարուած խաչը կը վերադարձնեն Երուսաղէմ: Մոտեստոս` Թէոդոսի վանքին մեծաւորը` քանդուած քաղաքին սրբավայրերը կը նորոգէ օգնութեամբ Տիբերիոյ, Տիւրոսի, Դամասկոսի եւ Աղեքսանդրիոյ քրիստոնէից. նոյն իսկ ամենափոքր մատուռներն անգամ կը նորոգուին, ինչպէս յայտնի կ’ըլլայ Ը. դարու վրացական ծիսարանէն: Նիւթական միջոցներու անբաւականութեան պատճառաւ կարելի չըլլալով այս վերաշինութեան առթիւ գործադրել սրբավայրերու նախնական յատակագիծը, անոնցմէ շատերը առժամանակեայ շինուած են լաւագոյն ժամանակներու մէջ լրացնելու համար անոնց ամբողջացումը: 633ին Սոփրոնիոս յաջորդելով Մոտեստոսի` շարունակեց անոր վերանորոգութեան գործը: Արաբական արշաւանքէն յետոյ, ըստ Կոստանդին Պորփիւրոժէնի, Մեծն Կարալոս «Մեծ գումարներ ղրկեց Պաղեստին, ուր շինել տուաւ բազմաթիւ վանքեր»: 810ին Aix-la-Chapelleի մէջ գտնուած արձանագրութիւն մը կը յիշէ այն աղբիւրները` որոնցմով պիտի նորոգուէին Ս. Երկրի եկեղեցիները: Commemoratorium de Casis Deiի մէջ կը գտնուի Երուսաղէմի պատրիարքութեան կրօնական շինուածներուն եւ անոնց անձերուն մէկ ցուցակագրութիւնը, ինչպէս նաեւ յատկացուած ծախուց ցուցակ մը, զոր կայսրը կ’ստանար իր կողմէն ղրկուած պատուիրակին ձեռքով. ահա այս ցուցակներէն կը հասկցուի Թ. դարու ն Ս. Երկրի սրբավայրերուն եւ կղերին կացութիւնը: