ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Սոյն վանքին ու եկեղեցւոյն նկատմամբ կատարուած հնախօսական քննութիւնները պիտի յիշատակենք . Ա. 1854ին, Գերմանացի Թոպլէր գիտնականը անձամբ կատարած է այդ վանքին աւերակաց ուսումնասիրութիւնը եւ սա եզրակացութեան եկած է թէ այդ աւերակները նշաններ ցոյց տուած են հեռաւոր հնութեան մը, մինչեւ Ե. կամ նոյն իսկ Դ. դար. իր խօսքերն են. «Պատերը խիստ թանձր են, եւ ցարդ անվնաս մնացած կարմանրեըթ` շատ հաստատուն: Պատերը` այնչափ հաստատուն են որ կարելի է ըսել թէ անոնք տասնեեւհինգ դարեր կարողացած են տոկալ եւ զերծ մնալ փլուզումէ: Չափեցի անկիւնաքար մը` որ ունէր երկու մէթր երկարութիւն, վաթսուն սանթիմե թր բարձրութիւն եւ նոյնքան թանձրութիւն:
       Աւանդութիւնը` այս հաստատութիւններուն համար ընտրած է խիստ սեպաձեւ զառիվայր մը` որ թոյլ չկրնար տալ միեւնոյն հաւասարութիւնը ունեցող գետնի մը վրայ հաստատել մեծ շէնք մը: Մենք հոն ճշգրտիւ չգտանք երկյարկանի շէնքի մը գոյութիւնը: Գուարէսմիոս` լատին կրօնաւորը նոյն վանքը կը նկատէ երկու մասի բաժանուած շինութիւն մը. կարելի է եզրակացնել թէ կային հոն ստորնայարկ շէնք մը, դէպի հիւսիս, եւ վերնայարկ շինուած մը, դէպի հարաւ, մին միւսին ետեւը, խիստ զանազան հաւասարութեամբ, այնպէս որ` ստորնայարկ եկեղեցիէն վերնայարկ եկեղեցին կրնային ելնել սանդուխի մը միջոցաւ»: (Տե'ս Topographie Von rusalem. Հտր. Բ. Պերլին, 1854. էջ 355-356):
       Բ. Երբ, 1861ին, նոյն վանքին ու եկեղեցւոյն գետինը կատարելապէս մաքրուած էր, եւ ստորնայարկը նորոգուած, անգլիացի մաքրուած էր, եւ ստորնայարկը նորոգուած, անգլիացի Գոնտէր եւ Քիչնէր անոնց մասին հետեւեալ տեղեկագիրը ներկայացուցին. «Այն Սիթթի Մարիամ ըսուած աղբիւրին արեւմուտքը, հարաւյին բլուրին վրայ, եւ ռուսական նորաշէն հիւրանոցին խիստ մօտիկ, լատինք` 1861ին, աւերակներ գտած են, երբ կը շինէին Զաքարիայի գիւղական տան նոր մատուռը: Գետինը մաքրուած էր 15-20 ոտք խորութեամբ եւ գտած են հին եկեղեցւոյն ստորին յարկը, Յովհաննէս Բոլոնըրի յիշատակութեան համաձայն. վասն զի նոյն ուխտաւոր ուղեգիրն էր որ 1422ին, կը գրէր թէ Այնքեարիմի վանքը ունէր ստորերկեայ մատուռ մը եւ վերնայարկ եկեղեցի մը : Հո'ն ցոյց կը տրուի այն վէմը, որ մոմի պէս կակուղնալով, պատսպարեց փոքրիկն Յովհաննէս Մկրտիչ, Հերովդէսի զինուորներու հալածանքէն: Այս մատուռէն դուրս, դէպի հարաւ, կը տեսնուին կործանուած կամարներ եւ եղեղնաձեւ զարդեր (arceau), հին վանքի մը մնացորդը: Պատերը լաւ շինուած են եզերքները տաշուած կմբաւոր քարերով (bossage): Արեւմուտքէն կարելի է մտնել բակի մը մէջ, ուր միակտուր սինի մը վրայ, կը բարձրանայ քարէ կամարի հատուածը (segment) ցած սրածայրով. ասիկա կամարի մը մնացորդն է, եւ միւս մասը փլած: Քանի մը քարեր շեղակի քանդուած են, բայց անոնց վրայ չեն տեսնուիր որմադրի նշանները:
       Բակին հիւսիսային կողմի ճեմելիքէն, նեղ աստիճան մը կը տանի վերեւ յիշատակուած վերնայարկ եկեղեցին, որուն պատերուն վարի մասը միայն մնացած է, կոզակը եւ սեղանը կարելի է գծել: Եկեղեցիին ներսի կողմը, յանցելումն, կճակով (stuc) ծեփուած էր եւ կային որմանկարներ: Կճածեփին վրայ կը նշմարուին շատ մը որմագիրներ (graffito) եւ քարի մը վրայ կոշտօրէն քանդակուած է քահանայապետին եփուտը (éphod) կամ վակասը այս քանդակըշինուած է անտարակոյս համաձայն աւանդութեան մը` որ անճշտօրէն կ’ենթադրէ թէ Զաքարիան քահանայապետ մ’էր: Կոզակին հարաւային կողմը կը գտնուի աւազանը: Յետոյ մատուռին կողմը, դարձեալ դէպի հարաւ, կը) տեսնուին խուցերու եւ աստիճաններու հետքեր: Այս աւերակները մասամբ մը ծածկուած էին գետնին տակը մրգաստանի մը` որ երբեմն կը ծածկէր բոլոր այս տեղերը, ուր գտնուած են մատուռը, խուցերը եւ ուրիշ շէնքեր: Քարէ յիշատակարաններու պակասը ցոյց կու տայ թէ այս վանքին շինութիւնը ԺԲ դարու չի վերաբերիր եւ թէ Խաչակիրներու ժամանակ շինուած չէ ան: Այս տեղ կան երկու աղբիւրներ»: (Տե'ս Survey of W. Palestine, moirs III. Londres. 1883, էջ 60-61):