ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Բեթղեհէմի արեւելեան կողմը կը գտնուի Պէյթ-Սահուր փոքրիկ գիւղը, որ է ըստ Ս. Գրոց Բերութքամամ «հանդէպ Բեթղահէմի» (Երեմ. ԽԱ. 17). այս գիւղին սահմանին մէջ է «Հովուաց դաշտը», ուր շինուած է «Հովանոց»ը (արաբ. Տէյր էր- Ռաւաթ) եւ հո'ս էր որ հրեշտակները հովիւներուն աւետեցին Յիսուսի ծնունդը: Մարինոս լատին պատմիչը կը վկայէ թէ շատ հին ժամանակներէն, այս տեղւոյն վրայ շինուած էր փառաւոր եկեղեցի մը Ս. Հեղինէ թագուհիին կողմէն, երկարութիւնը 46 թզաչափ, իսկ լայնութիւնը` 25, եւ նուիրաուած էր Ս. Հրեշտակապետաց: Ըստ վկայութեան Նիկեփորոսի, այս եկեղեցւոյ մէջ կը գտնուին երեք հովուաց գերեզմանները, ինչպէս 670ին տեսած է Արգուլֆ եպիսկոպոս, իր ուխտաւորութեան առթիւ: Մարինոս դիտել կու տայ թէ այս նուիրական տեղը կը յարգեն ո'չ միայն քրիստոնեաները, այլ նաեւ մահմետականները կանթեղ կը վառեն, խունկ կը ծխեն, եւ լատին կրօնաւորք Ծննդեան Ճրագալուցին «Փառք ի բարձունս» կ’երգէին:
       Ե. դարուն, Կիւրեղ Սկիւթուպոլսեցին` իր «Մար-Սապայի» կենսագրութեան մէջ շահեկան տեղեկութիւններ կու տայ Հովուանոցի եկեղեցւոյն հիմնարկութեան համաձայն, աբբա Մարկիանոս, որ հակառակորդ մը եղած է Քաղկեդոնի Ժողովին եւ վանական էր Երուսաղէմի Ս. Բեսսարիոնի վանքին, Եւդոկսիա թագուհիին նիւթական օժանդակութեամբ, 454ին, Բեթղեհէմի արեւելեան հիւսիսային կողմը, կը հիմնէ «Հովուանոցի եկեղեցին»: Սկիւթուպոլսեցիէն զատ, միաբնակ Զաքարիա հռետորի Եկեղց. Պատմութիւնը եւ Նախատեսութիւնք Սրբոց (Plé rophorie) գործը, Լանտի Anecdota Syriaca աշխատութիւնը կը պատմեն Մարկիանոս վանականին հակաքաղկեդոնական գործերը, որոնց համաձայն կը հասկցուի թէ Մարկիանոս միանալով իր գաղափարակից Ռոմանոս վանականին հետ ջանացած է քաղկեդոնիկ Յոբնաղի տեղ 451ին Երուսաղէմի Մարտիրոս եպիսկոպոսը ընդունելու (484ին) Զենոնի հրովարտակը: Այս վերջին տեղեկութիւնը կը հերքէ Սկիւթուպոլսեցիին այն հաւաստիքը թէ` Մարկիանոս յետոյ իր համոզումը փոխած եւ յարած է քաղկեդոնականութեան: Մարկիանոս ցո'րչափ հաւատարիմ կը մնայ միաբնակութեան, իր վանքը չէն եւ ճոխ էր, եւ ո'ւր հարիւրաւոր վանականներ կը բնակէին իր տեսչութեան տակ. բայց յետոյ իր վանքը ինկաւ չքաւորութեան մէջ եւ անշքացաւ: Սկիւթուպոլսեցին երկու դէպքեր եւս կը պատմէ, եւ այդ առթիւ կը յիշէ «Հովուանոց»ը. առաջինով` կը պատմէ Տէյր-Տօզի վանքին հիմնադիր Ս. Թէոդորոսի այցելութիւնը Հովուանոցին, որ կը գտնուէր Տէյր Տօզի վանքին եւ Բեթղեհէմի միջեւ. իսկ երկրորդով` Թեկուայի վանքն ապաստանած Որոգինէսեան վանկանաց մէկ արաքը. 542ին նոյն վանականները, զէն ի ձեռին, կ’ուզէին քանդել Մար- Սապայի վանքը. բայց անոնք չկրցան հասնիլ իրենց նպատակին. եւ շատ մը դեգերումներէ յետոյ, յոգնած` ապաստանեցան «երանելի Մարկիանոսի վանքը». դարձեալ, ըստ նոյն պատմչին, Մարկիանոս վախճանած է 492ին: 542էն վերջ Հովուանոցի նկատմամբ պատմական յիշատակութիւն չենք գտներ օտար եկեղեցական մատենգարց քով: Հաւանաբար այդ վանքը 614ին կիսաքանդ եղած է պարսկական յարձակումներու ատեն: