ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Դպրոցական արձակուրդէն օգտուելով, Սեպտ. 19ին մեր Ս. Ծննդեան վանքի արդի եւ նախկին տեսուչներուն` Տ. Վրթանէս եւ Տ. Աշոտ վարդապետաց, Նորայր եւ Մատթէոս սարկաւագաց (այժմ Տ. Նորայր վրդ. եւ Տ. Շաւարշ վրդ. ) եւ Բեթղեհէմի դպրոցին ուսուցիչ Յակոբ Կարապետեանի հետ այցելեցինք Տէյր Էր-Ռաւաթի եկեղեցին, որ կը գտնուէր ընդարձակ դաշտի մը կեդրոնը. ա'ն որրանաձեւ էր եւ այրի մի մէջ փորուած. եկեղեցւոյն արեւմտեան կողմը, իրարմէ փոքր անջատումով երկու մարմարեայ սիւներու տակ կը գտնուէր երեք Հովուաց գերեզմանը, որուն մօտերը կային մոզայիքի մնացորդներ. հարաւային եւ հիւսիսային պատերը ունէին պատուհաններ վերնայարկի եկեղեցիէն լոյս առնելու համար, եւ որք այժմ փակուած են քարերով, կոզակին երկու կողմերը կը նշմարուին հետքեր որմանկարներու, որ 35 տարի յառաջ, հրդեհի մը հետեւանքով ոչնչացած են: Այս եկեղեցիին վրայ, ի հնումն, կառուցուած էր ուրիշ եկեղեցի մ’ալ, որուն աւերակները տակաւին կ’երեւին. կը թուի թէ ան աւելի պայծառ էր եւ ունէր շքեղ կառուցուածք մը, տակաւին կ’տեսնուին սեղանը իր վէմքարով, կամարներուն չորս վիմաշարքը, կոզակին աջակողմեան հնօրեայ պատը. կիսով փլած, մոզայիքի բեկորներ եւ եկեղեցւոյն սեանը. աւանդաբար կը պատմուի թէ Հովուանոցի այս եկեղեցին ունէր կանանց յատուկ վանք մը. այս վերնայարկ եկեղեցւոյն տեղւոյն ջվրայ հոս հոն ցրուած կան խոյակներ` ծաղկաձեւ քանդակներով, մարմարէ սիւնաբուներ, որ հաւանաբար Խաչակրաց քանդակագործութեան արտադրութիւններն են: Տէյր Էր-Ռաւաթի այս վանքը, ինչպէս վերեւ ակնարկեցինք, բուն Հովուանոցի եկեղեցին էր, եւ այժմ կը գտնուի Յունաց ձեռքը. կ’թուի թէ ան, որքան որ Պարսից յարձակման կործանուած էր, բայց ստորնայարկը կանգուն մնացած էր եւ վերնայարկը վերաշինուած էր Խաչակրաց օրով, ինչպէս կ’ապացուցանեն տաշուած սիւներու մնացորդները: Համաձայն մեր քննութեան, ճշգրիտ կը նկատենք մեր Կաղանկայտուացիին վերեւ մէջ բերուած յիշատակութիւնը եւ Լիէվէնի բացտրութիւնները, որ ճշգրտօրէն կ’ապացուցանեն թէ Պէյթ- Սահուրի Հովուաց դաշտի եկեղեցին` պատմական մեր «Հովուանոցն» է:
       Այցելեցինք նաեւ Սիար Էլ-Կանէմի դաշտը, Տէյր Էր-Ռաւթէն քիչ մը հեռի. Ֆրանչիսկեանք հոն արտ մը գնելով` այգիի վերածած են զայն եւ պարսպած. 1859ին ալ պեղումներ կատարուած են եւ գտած են շատ մը այրեր` որ հաւանաբար գերեզմաններ էին. չգտանք հոն ո'չ վանքի եւ ո'չ եկեղեցւոյ հետքեր. եւ ըստ մեր համոզաման, Սիար Էլ-Կանէմի արտի տեղագրութիւնը եւ պրպտումները չեն հաստատեր Մէսթէրմանի դիտողութիւնները. հետեւաբար Տէյր Էր-Ռաւաթ` դարաւոր աւանդութեամբ եւ պատմականութեամբ կը մնայ իբր բուն «Հովուանոց»ը, որուն ընկերովի սեպհականատէր` Հայք, Յոյնք եւ Լատինք Ծննդեան գիշերը, ի հնումն, կ’երթային հոն թափօրով, «Փառք ի բարձունս» երգելու եւ պատարագելու համար: Մենք վերեւ յիշատակեցինք մեր ազգային յիշատակութիւնք, որ կը հաստատեն այս պարագան: Բայց աւելի վերջին դարերու մէջ, մինչեւ 1813 թուականը` երբ ուխտաւորք եւ միաբանութիւնը Ս. Ծննդեան տօնին հանդիսաւորութեամբ Բեթղեհէմ կ’երթային` սովորութին էր Ս. Աստուածածնի քառասունք պահած մաղարան ուխտի երթալով եւ ապա դուրսի կողմը, անոր առջեւը կեցած` Հովուաց տեղւոյն դիմացը, «խորհուրդ մեծ» շարակէն յետոյ կը կարգային Աւետարան եւ կ’երգէին «Փառք ի բարձունս» երգը. եւ ապա կը դառնային Ս. Ծննդեան եկեղեցին (տե'ս ձեռ. Ս. Աթոռոյ մատ. ին, Թ. 893, էջ 245): Օտար ծիսարաններն ալ հետեւեալ կերպով կը նկարագրեն «Հովուանոց» երթալու հանդիսական թափօրը. «կէս գիշերին զանգակահարութիւն կ’ըլլայ, բոլոր ուխտաւորնեը կը հաւաքուին Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան եկեղեցին. եւ հո'ն կը կատարեն գիշերային ժամերգութիւնը, կղերը կ’զգեստաւորուի Ս. Այրին մէջ եւ կը մատուցանէ գիշերուան պատարագը. յետոյ կը կազմուի մեծ թափօր, ժողովուրդը եւ կղերը լապտերներով եւ մոմեղինօք եւ կանթեղներով կ’իջնեն Հովուաց դաշտի «Փառք ի բարձունս»ի եկեղեցին, ուր կը կատարուի առաւօտեան ժամերգութիւնը եւ բարձրաստիճան եկեղեցական մը կը պատարագէ. լուսածագին` բոլորն ալ կը վերադառնան ի Բեթղեհէմ, եւ Պատրիարք աւագ սեղանին վրայ Ս. պատարագ կը մատուցանէ. » (տե'ս Bethléem, le Sanctuaire de la Nativité, էջ 182): Դարաւոր սովորութիւն մը, այժմ թէեւ խափանուած, բայց Երուսաղէմի Հայ Եկեղեցին` նախընտրած է «քաջ հովուին» ծննդեան Ս. Այրին մէջ երգել հրեշտակային չքնաղ երգը, - «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն»: