ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Արդէն նկարագրեցին Ս. Փրկչի վանքը որ շինուած էր Կայիափայի տան տեղւոյն վրայ, եւ ուր Պետրոս առաքեալ ուրացաւ իր վարդապետը եւ այս դէպքին յիշատակին համար էր` որ Հայերը կառուցին նոյն վանքը եւ արաբացիք անոր Հապս Էլ- Մէսիհ անունը կուտան:
       Ս. Պետրոսի անուամբ շինուած է Ե. դարուն վանք մը եւս, ՍԻոն լերան արեւելեան կողին վրայ, ի յիշատակ Պետրոս առաքելոյն զղջման եւ ապաշխարութեան: Ոմանք խնդիր կը յարուցանեն ըսելով թէ` Հայոց Ս. Փրկչի վանքին կառուցումը աւելի վերջին դարերու աւանդութեան համաձայն է, վաղնջական աւանդութիւնը եւ նորագոյն հետազօտութիւնները կ’ապացուցանեն թէ Կայիափայի տունը կը գտնուի Սի ոնի արեւելեան կողմը, Սելովամ գացող ճանապարհին զառիվայրին վրայ, եւ թէ այդ տան տեղւոյն վրայ շինուած է տաճար մը Պետրոսի թէ' ուրացման եւ թէ ապաշխարութեան յիշատակին համար. նոյն տեղւոյն այժմու սեպհականատէր ասսոմբսիոնիսդներուն կարծիքն է այս, որուն հակառակը կը գրեն ուրիշ գիտուններ եւ մասանւորապէս Ֆրանչիսկեանք: Թէ' աւանդութիւնը եւ թէ' ուխտաւորաց Ուղեգրութիւնները կ’ապացուցանեն թէ յանուն Ս. Պետրոս առաքելոյն երկու եկեղեցիներ կառուցուած են, մին` ուրացման տեղւոյն վրայ, որ է Հայոց Ս. Փրկիչ վանքը, միւսն` Սիոնի արեւելեան կողմը, Սելովամ տանող ճանապարհին վրայ, եւ ան կը կոչուի Պետրոսի հառաչանաց վանքը:
       Այս երկրորդ վանքին առաջինէն զատ ըլլալուն եւ անոր գոյութեան մասին ուղեգրաց պատմական ծանօթութիւնները մէջբերելէ յետոյ, վանքին հայկական հիմնարկութիւն մը ըլլալուն եւ անոր նկարագրութեան վերաբերութեամբ օտարազգի երկու մասնագէտ գիտուններու մէկ գրուածքը պիտի թարգմանենք, կցելով անոր նոյն վանքին աւերակներէն երեւան ելած բազմատեղեան պղնձէ ճրագարանին մասը կազմող հողէ սկաւառակի մը եզերքին յունարէն արձանագր ութեան մեկնաբանութիւնը` նոյն գիտուններուն կողմէն: