ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Հին Կտակարանի յունարէն թարգմանութեան եւ Նոր Կտակարանի համաձայն, Սելովամը կը կոչուի եբրայեցերէն Has-Siloah եւ Siloah, որ անունն է աղբիւրի մը, ջրանցքի մը եւ աւազանի մը եւ այն տեղին որ կը գտնուի Երուսաղէմի հարաւը, Թրէբէոնի հովտին մէջ, Ոփալի, Մորիայի եւ Սիոնի լերան միջեւ, մօտ այն տեղին, ուր Կեդրոնը կը միայնայ Եննոմի Ձորին: Աւետարանչին կողմէն (Յովհ. Թ. 7) աւելցուած որ թագրմանի առաքեալ մեկնութիւնը կը հաստատէ թէ պատմական եւ աւանդական պարագայի մը համաձայն, նոյն բառը կ’արտասանուի hով եւ կ’ածանցուի salah արմատով, որ կը նշանակէ ղրկուած էր. յունական նոյն բառին ն արտասանուած գիրը գործածուած է քաղցրաձայնութեան համար, եւ Siloan ձեւը Արաբները առած են Բիւզանդացիներէն: Մեկնիչներուն մեծագոյն մասը այս մեկնաբանութեան մէջ կ’ուզեն տեսնել Աւետարանչին մտեդրութիւնը մարգարէական եւ խորհրդական իմաստով մը կապելու այս անունը իր կողմէն պատմուելիք դէպքի մը: Նոյն բառը տառապէս հոսումն (ջրոյ) նշանակելով` համազօր է ջրանցքի եւ ջրմուղի, եւ այս անունը տրուած է անոնց ա'յն ժամանակ` երբ անոնք շինուած էին աղբիւրին ջուրը ղրկելու թագաւորաց պարտէզները ոռոգլու կամ աւազանը լեցնելու: Ջրմուղին անունը յետոյ տարածուած է աղբիւրին, աւազանին եւ տեղին վրայ:
       1. - Սելովամի աղբիւրը . Ընդհանուր ասացուածքով կը հասկցուի Սելովամի ջուրը. Եսայի Ը. 6 համարին համաձայն, միեւնոյն ժամանակ կը նշանակէ Սելովամի ջուրերուն ընթացքը: Մարգարէն «զջուրն վՍելովայ որ գնայ խաղաղ» ըսելով կ’ուզէ հասկցնել Դաւթի տան պատկերը. իսկ «զջուր գետոյն զհզօրն եւ զյորդ» ըսելով` Եփրատը, որ կը ներկայացնէ «Ասորեստանի թագաւորը եւ անոր զօրութիւնը»: Սելովամը կոչուած է պարզապէս աղբիւր . Եզր. Գ. 15), վասն զի Երուսաղէմի միակ աղբիւրն էր. միւսները նշանակուած են քաղաքէն դուրս: Առաջին դարու Հրէաներն ալ միեւնոյն ձեւով կը բացատրէին Յովսեպոսի բերնով. «Սելովամը ա'յն անունն է զոր կու տանք աղբիւրին»: Հրեայ պատմագիրը նոյնիսկ կը զանազնէ «Սելովամը եւ քաղաքէն դուրս գտնուած աղբիւրները»: Ըստ նոյն պատմիչին, Սելովամը կամ «աղբիւրը» քաղաքին կամ Թրէբէոնի հարաւային ծայրը գտնուելով` կը վազէ Տաճարին լերան եւ վերի քաղաքին միջեւ: Պատմիչը այս կերպով կը սահմանէ ջրանցքին բերանը` ուրկէ դուրս կ’ելնեն ջուրերը: Բ. Եզր. Գ. 15 համարին մէջ, աւազանի մերձակայ դրան անունը կը կոչուի «աղբիւրի դուռ», անտարակոյս այս դուռն ա'յն է որ 1897ին Բրօֆ. Blissի հետազօտութեամբ գտնուեցաւ վերի լերան հարաւ - արեւելեան կողմը: Արաբները նոյն տեղը կը կոչեն Այն Սիլուան. միանգամայն նոյն անունը կու տան ա'յն աղբիւրին, ուրկէ ջուրերը կու գան: Յերոնիմոս իր Մատթէի Աւետարանի Մեկնութեան մէջ նոյն աղբիւրը կ’անուանէ «Սելովամի աղբիւր», եւ տեղը ցոյց կու տայ «յոտս Սիոնի լերան», այսինքն «ի ստորոտս Մորէայ լերան»:
       2 . Սելովամի ջրմուղը . Աստուածաշունչը, շատ մը մեկնիչներու եւ հնախօսն երու համաձայն, Սելովամի ջուրերուն համար երկու հոսանք կը յիշատակէ.
       ա. Բացօթեայ հոսանք մը, որ Կեդրոնէն անցնելով` Երուսաղէմի կամ Ոփալի արեւելեան բլուրը կը շրջապատէ:
       բ. Միեւնոյն բլուրին ժայռի մի մէջ փորուած անցքը, որ կը տանի նոյն ջուրերը ժայռի մը մէջ փորուած անցքը, որ կը տանի նոյն ջուրերը հարաւ - արեւմուտք: Առաջին ջրմուղի պեղումէն յառաջ է, որուն կ’ակնարկէ Եսայի Սելովամի «խաղաղ ընթացքը» բացատրութեամբ . 6). երկրորդով կ’ակնկարկուի այն աշխատանքին, որով Եզեկիա ջանացած է ջուրի այս հոսանքը ծածկել թշնամիներէն: Երկաթի գործիքներով ժայռերը փորուած եւ ջրմուղը շինուած է Գեհոնի ջուրերը իրենց ընթացքէն դարձնելու համար:
       3 . Սելովամի աւազանը . Բ. Եզր. ԺԳ. 15 եւ Յովհ. Թ. 7. կը յիշատակուի նոյն աւազանը որ ջրանցքէն վազած ջուրերը կը հաւաքէ: Սելովամի աւազանը մէկ անգամ միայն յիշուած է Հին Կտակարանին մէջ, իր յատուկ անունով: Նեեմի Բ. 14. Դ. 15 համարներուն մէջ կը յիշուին Նեեմիի աղբիւրին դուռը եւ Սելովամի աւազանին պատը թագաւորին պարտէզէն եւ Դաւթի քաղաքէն իջնող աստիճաններու մօտ, 1896ին գտնուիծ դրան հիւսիս - արեւելքէն 60 մէթր հեռի եւ որ Նեեմիի աղբիւրին դուռն ըլլալու երեւոյթը ունի: Այս նշանները ցոյց կու տան թէ աղբիւրը եւ աւազանը մեծ հնութիւն մը ունին: Նոյն աւազանին հարաւային կողմը շինուած է անցարգել պատ մը, որ կը տարածուի Ոփալի բլուրին հարաւային ծայրէն մինչեւ Սիոնի արեւմտեան լեռը, 90 մէթրի չափ: Այս պատը երկուքուկէս մէթր թանձրութիւն ունի, վեց մէթր լայնութեամբ հիման վրայ: Պատին մօտ գտնուած են ուրիշ հաստահիմն կառուցուածքներ` թումբին հաստատութեան ծառայելու համար:
       Սելովամի այն աւազանը, ուր մեր Փրկչին կողմէ ի ծնէ կոյրը ղրկուեցաւ, աւանդութեան մը համաձայն, այն տեղն է, ուրկէ ջրմուղը կը վազէ: Հոն կը տեսնուի աւազան մը, որուն պատերը այժմ խարխլած են, երկայնութիւնն է տասնեւհինգ մէթր, լայնութիւնը հինգ. նոյն չափ ալ խորութիւնը: Աւազանի մէջ կը տեսնուին սիւնի բեկորներ: Բնիկները կը կոչեն զայն Birket-Siloan: Բրօֆ. Bliss 1896ին իր պեղումներու առիթով հոն գտած է մեծ աւազանի մը մնացորդները, որուն մէկ մասն է վերեւ յիշուածը: Գտնուած աւազանը քառակուսի է, հիւսիսէն հարաւ քսաներկու մէթր, արեւելքէն արեւմուտք քսաներեք, բարձրութիւնը հինգուկէս: Հիւսիսային կողմը աւազանին մօտ կար մէկ կոնքով (nef) եկեղեցի մը:
       1880ին այս ջրմուղին մէջ դիպուածով գտնուած է փիւնիկեան գիրով եբրայական պեղումի մասին արձանագրութիւն մը, որ կը պատմէ այս ջրմուղին պեղումի մասին տեղեկութիւններ: Այս արձանագրութիւնը քանդակուած է տասն մէթր հեռաւորութեամբ արեւելեան ներսակողման վրայ: Հոս կը դնենք այդ արձանագրութիւնը, Joseph Derenbourgի ֆրանսերէն (R. J. N0. 6. նոյ. դեկտ. 1881) թարգմանութեան համաձայն հայերէնի վերածելով զայն:
       «Պեղումէն վերջ: Եւ ահա' ինչ որ կը վերաբերի այս պեղումի մասին: Երբ գործաւորները քարհատը (pic) կը շարժէին մին միւսին դիմաց, երբ տակաւին երեք կանգուն կը մնար ժայռը պատռելու, կը լսուէր ձայն մը` որով մին միւսը կը կոչէր, վասնզի ժայռին մէջ աջ ու ձախ դէպք մը? պատահած էր: Եւ պեղումին օրը, գործաւորները կը զարնէին մին միւսին դիմաց, քարհատ քարհատի դէմ: Ջուրերը այն ատեն աղբիւրէն վազեցին աւազանը, գրեթէ հազար երկու հարիւր կանգուն երկայնութենէն: Գործաւորներու գլխուն վրայ ժայռին բարձրութիւնը մէկ կանգունի չափ էր: »