ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
1 . Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան եկեղեցին կը յիշատակուի Մովսէս Կաղանկայտուացիին . դար) Պատմութիւն Աղուանից խորագրով գրքին մէջ (էջ 422). Իսկ Բեթղեհէմ հեռագոյն է ի Յարութենէն 220 հրասախ յարեւմտից կողմանց: Չափ մեծութեան եկեղեցւոյն 200 կանգուն յերկայնութիւնն եւ 100 ի լայն սեամբք մարմարոնովք, քարեայ կմարկապ եւ ի նմա է կրկին այրն զոր Աբրահամ գնեաց ի կալուածս շիրմացն: Եւ ի ներքոյ բեմին սուրբ այրն եւ մսուրն, ուր սեղան է եւ պատարագ մատչի: Եւ յաջմէ եկեղեցւոյն մատուռն, յորում մանկանցն սպանելոցն ի Հերովդէէ նշխարք պահին:
       Կաղանկայտուացիին մէջբերած այս յիշատակարանթ հաւանաբար Դ. կամ Ե. դարուն ուխտաւորի մը Օրագրութիւնն է, գրուածքին հիմը թէեւ շատ հին, բայց կը թուի որ ընդօրինակողը ինչ ինչ ձեռնմխութիւններ կամ յաւելումներ ըրած է. եւ ի նմա է կրին այրն զոր Աբրահամ գնեաց ի կալուածս շիրմանց խօսքը կ՚ակնարկէ Մակփելայի այրին (Ծննդ. ԻԳ. 9) որ հին յիշատակարաններու մէջ Բեթղեհէմի այրին յիշատակութենէն յետոյ կը չասակարգուի: Յիշատակարանիս նկարագրութիւնը ժամանակագրական տեսակէտով կը վվերաբերի Ս. Ծննդեան եկեղեցւոյն Կոստանդինեան շինութեան:
       Մեր մատենադրութեան մէջ այս վկայութենէն լատ ուրիշ վկայութիւն մը չունինք նոյն եկեղեցւոյ նկատմամբ, ունինք միայն, 1501524ին Եղնովիտ ընդօրինակուած Ոսկեփորիկ - Հաւաքածոյի մը յիշատակագրութիւնը, (Տե'ս Տաշեան Ցուցակ, էջ 485) որուն համաձայն գրիչը կը յիշատակէ թէ Բեթղեհէմի տաճարին մէջ կը գտնուի «Ծ. սիւն մարմարեայ եւ մի սիւն խաչ նկարեալ ձեռամբ Լուսաւորչին Գրիգորի, զոր Լուսաւորչի սիւն կոչեն»: Ուստի բուն իսկ եկեղեցւոյ մէջ պէտք է մտնենք հայեցի յիշատակութիւններ գտնելու համար: Սիւնազարդ գաիւթը երթալու համար կը մտնենք գաւթի փայտեայ աւագ դուռնէն, որ արաբական ոճով եւ գեղարուեստական մեծ արժէքով ունի խաչազարդ եւ քանդակազարդ ու գեղակերտ երկու փեղկեր որոնց մին կը կրէ հայերէն արձանարգութիւն մը հետեւեալ բովանդակութեամբ. «Թվ. ՈՀԶ. կազմեցաւ դուռս Ս. Աստուածածնի ձեռամբ Տէր Աբրահամի եւ Տէր Առաքելի ի թագաւորութեանս Հայոց Հեթմոյ որդւոյ Կոստանդէի, Քրիստոս Աստուած ողոմրի աշխատաւորաց»: Իսկ միւս փեղկը կը կրէ հետեւեալ արաբերէն արձանագրութիւնը. (արաբ. ) Թագրմանութիւնն է հետեւեալը.
       «Կատարեցաւ դուռս օգնականութեամբ բարձրելոյն Աստուծոյ յաւուրս տէրութեան մեծափառ արքային մերոյ ի թուին Տաճկաց 624»: Հայերէն արձանագրութեան մէջ յէշատակուած եկեղեցականները եպիսկոպոսներ են եւ 1227ին կը վարէին Ս. Աթոռոյ վարչական գործերը, անոնց մասին մանրամասնութիւն չունին` բայց մեր Ս. Աթոռոյ պատմիչներէն ոմանք անոնց անունները կը դնեն պատրիարքաց գաւազանագիրքին մէջ: Հեթմոյ որդւոյ Կոստանդէի Խօսքով պէտք է հասկնալ Հայոց Հեթում Ա. թագաւորը (1224-1269):
       Գալով արաբերէն արձանագրութեան թագրմանութեան` Բովանդակութիւն Ազգային Սեփականութեանց գրքուկին հեղինակը էս սուլթան էլմէլիք էլ Մուազզամ խօսքը կը թարգմանէ էրութեան մեծափառ արքային մերոյ, մինչդեռ էլ Մուազզամը Դամասկոսի սուլթանին անունն է որ կը կոչուէր էլ մէլէք էլ Մուազզամ Շէրէֆ-էտ-տին Իսա (615-1218-624-1227). նոյն միջոցներուն Երուսաղէմի կ՚իշխէին Դամասկոսի սուլթանները եւ դրան շինութեան տարին (1227) կը մեռնի մէլիք էլ - Մուազզամը:
       Դրան հայկական արձանարգութիւնները սակայն, պիտի կրնա՞ն մեզ համոզել թէ ԺԳ. դարուն Ս. Ծննդեան եկեղեցին Հայոց սեպհականութիւնն էր. մենք տեղեկացանք թէ նոյն եկեղեցւոյ առաջին շինութենէն սկսեալ մինչեւ Խաչակրաց դարը համազգային էր նոյն եկեղեցին եւ է այսօր ալ. հզօր մրցակիցները պիտի ներեէ՞ին որ հայերը իրենց սեպհականութիւն դարձնէին զայն: Երուսաղէմի պատմիչ հանգուցեալ Աստուածատուր եպիսկոպոս Տէր Յովգհաննէսեան իր գրին ծանօթագրութեան մղջ (էջ 182, Ա. Հտր. ) կը գրէ. Եթէ յոյնրեը Ծննդեան եկեղեցիին արձանագրութիւնները չաւրէին կամ չծածկէին, ակներեւ պիտի տեսնուէր Հեթում թագաւորին գործը, վասն զի խաչակիրներուն հեռանալովը Ս. Տեղիքը մնացին հայ կրօնաւորներու ձեռքը, նկարակերտ դրան հետ շինուեցաւ նաեւ Հեթում թագաւորին ծախքով տաճարին վայտակերտ առաստաղը, որուն փայտերը Տարսոնի մէջ տաշել տրուած է եւ որուն կը վկայեն ոչ միայն ազգային աւանդութիւնը, այլ նաեւ գերանաց ձեւը, եւ անփուտ փայտի ատաղձներու շինուածքը կը հաստատեն թէ անոնք Տարսոնի ճարտարներուն գործերն են: Հանգուցեալ պատմիչ Սրբազանին այս խօսքերը կրնան հաւանական ըլլալ, բայց գրաւոր յիշատակարանի մը պակասութեան պատճառաւ բացարձակ կերպով համոզական չեն կրնար ըլլալ նոյն խօսքերը. եւ Խաչակրաց մեկնումէն յետոյ Ս. Ծննդեան եկեղեցին ազգային սեպհականութիւն նկատել միմիայն քանդակազարդ դրան վերոյիշեալ արձանագրութեամբ հնարաւոր չէ, քանի որ դրան սեպհականութիւնը եկեղեցիին սեպհականութիւն չ՚ենթադրեր, թէեւ միեւնոյն ատեն Աստուածատուր Սրբազան կը յաւելու (Տե'ս անդ Բ. Հտր. էջ 516) թէ սիւնազարդ դաւիթին մէջ կային հայերէն արձանագրութիւններ եւ խաչքարեր որ ուրիշներու կողմէն 1845ին ծածկուած են կամ ջնջուած:
       Նոյն դրան շինութիւնը կը հանդիպի 1227ին, որ ատեն Գերմանիոյ Ֆրէտէրիկ Բ. ւայսիր ամոսնանալով Երուսաղէմի Յովհաննէս թագաւորին աղջկան Եօլատի հետ, ժառանգ կը դառնար Երուսաղէմի լատին թագաւորութեան գահուն: Հակառակ պապէն բանադրուած ըլլալուն` Ֆրէտէրիկ բանակով մը կը գրաւէ Երուսաղէմը, կղերն ու ասպետնրեը թէեւ ցուրտ ընդունելութիւն մը կ՚ընեն կայսեր, բայց ան Ս. Գերեզմանի եկեղեցւոյն մէջ Երուսաղէմի թագաւոր - կայսր կը պսակուի ու Եգիպտոսի էլ - Քամիլ սուլթանին հետ բնակցութեան մտնելով տասն տարուան դաշնագրութիւն մը կը յաջողի կնքել, օգտուելով սուլթանին եւ Դամասկոսի իշխողներու անհաշտութենէն:
       Ֆրէտէրիկի եւրոպական բանակին շարժման տարին` երբ տակաւ առ տակաւ խաղաղութիւն կը հաստատուի Երուսաղէմի մէջ, Աբրահամ եւ Առաքել եպիսկոպոսները ազատութեամբ կը տիրանան այն իրաւունքին զոր ունէին վաղուց հետէ եւ կը շինեն նկարակերտ դուռը, որ մշտական յիշաակարան մ՚է Ս. Ծննդեան եկեղեցիին մէջ հայկական իրաւոնքներուն եւ Հայոց վանքին ճանապարհի ապահովութեան:
       Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան ամբողջ եկեղեցիին Հայոց ընկերովի խրաւունքը հրովարտակներով հաստատուած է. սիւնազարդ գաւիթին կից հիւսիսային դասը կը պատկանի Հայոց որ հոն կը կատարեն սովորական ժամերգութիւնները: Հայոց սեպհական այս մասը ունի երկու խորան, սնտուկ եւ պահարաններ: Ս. Ծննդեան այրը Յունաց աւագ խորանին տակը կը գտնուի, ունի երկու պղնձէ դռներ` մին Յունաց հարաւային դասին մէջ եւ անոնց յատուկ, ուրկէ 13 աստիճանով վար կ՚իջնուի. միւսն` Հայոց հիւսիսային կողմը 16 աստիճանով` զոր կը գործածեն Հայք եւ Յոյնք, իսկ Քատինք որ այժմ նոյն դրան ընկեր են. յայտնի չէ օէ ո'ր թուականին այդ իրաւանց տիրացած են: Քրիստոսի ճիշդ ծննդեան տեղւոյն վրայ կը գտնուի պատարագամատույց սեղան մը, որուն վրայ Հայք եւ Յոյնք կը պատարագեն, մեղանին մարմարեայ յատակը կիսաբոլորակ ձեւով է եւ մէջտեղը փոսիկ մը կայ արծաթեայ ճաճանչ մը ագուցուած եւ բոլորտիքը հետեւեալ յատիներէն արձանագրութեամբ. Ասի ծնաւ Յիսուս Քրիստոս ի Մարեմայ կուսեն: Այս սեղանէն երեք մէթր դէպի հարաւային արեւմտեան կողմը երեք աստիճանով վար կ՚իջնուի Մսուրը, ուր Լատինք կը պատարագեն, ինչպէս նաեւ անոր արեւելեան կողմի Երից մոգուց կոչուած սեղանին վրայ, ուր ըստ աւանդութեան մոգերը կանգնած էին իրենց ընծաները Մանուկ Թագաւրոին մատուցած ժամանակ: Այս վերջին սեղանին համար` կ՚ըսուի թէ` Հայոց սեպհական էր, որուն կանթեղին մախարան տակաւին կը տեսնուի (Տե'ս Հաննէ, Պատմ. Երուսաղէմի. էջ 288): Այրին արեմտեան դուռը Լատինաց կը պատկանի, ուրկէ իրենց եկեղեցին կ՚երթան, ստորերկրեայ գերեզմաններէն անցնելով: Ս. Ծննդեան եկեղեցւոյն մէջ կատարուած Ժամերգութեան, Ս. Պատարագի, հանդէսներու եւ այս սովորութեանց, ինչպէս նաեւ կանթեղներու եւ պատկերներու մասին տեղեկանալու եւ ասոնց վերաբերմամբ տեղի ունեցած դատերու մանրամասնութեանց համար տեսնել Աստուածատուր եպս. Տէր Յովհաննէսեանի Պատմ. Երուսաղէմի երկհատոր գիրքը, եւ Ս. Աթոռոյ ապարանէն հրատարակուած Բովանդակութիւն ազգային սեփականութեանց խորագրով տետրակը:
       2 . Յովհաննէս արքեպս. Տուեցի կամ Տայեցի Բեթղեհէմի մէջ . Ս. Ծննդեան եկեղեցիին նկարագրութիւնը աւարտելով պարտք կը զգամ յիշատակել Գարչմանի արքեպս. Տայեցիին Բեթղեհէմի եկեղեցւոյն այցելութիւնը, քաղելով Վարդան վրդ. Բարձրբերդցիին Տիեզերական Պատմութեան գրքէն (էջ 201-204). սոյն արքեպիսկոպոսը` ճգնասուն եկեղեցական մը` ( 1263) բոկոտն ուխտի կու գայ Երուսաղէմ, եւ Ս. Յարութեան տաճարին մէջ երեք յիսնակներ կը մնայ անհաց եւ անջուր, յոտին կեցած եւ լուռ. իր վարքովը կը զարմացնէ Ֆռանկները եւ կը տարածուի անոր համբաւը իբր հրաշագործ: Ս. Յարութեան տաճարին մէջ Գարդմանի արքեպիսկոպոսին Ս. Գերեզմանին վրայ կատարած հրաշալի լուսավառութեան առթիւ Բարձրբերդցիին պատմուածքը զանց ընելով` բառ առ բառ աշխարհաբարի կը վերածեմ միայն նոյն եպիսկոպոսին Բեթղեհէմի ուխտաւորութեան ժամանակ տեղի ունեցած պատմական մէկ դրուագը զոր կը յիշատակէ դարձեալ Բարձրբերդցին: գգ«Երբ Ս. Բեթղեհէմ գացի եւ տեսայ որ Սուրբ Առաքելոց պատկերները հոն` եկեղեցիին պարիսպին վրայ նկարուած էին, եւ թշնամիները անարգութեան պատճառով անոնց աչքերը փորած էին, շատ տրտմեցայ, եւ աղօթեցի Ս. Առաքելոց եւ աղաչեցի որ ինձ յայտնեն թէ իրենց հաճո՞յ է ամէն տեղ իրենց պատկերը նկարել: Եւ երբ Երուսաղէմ դարձայ, նոյն գիշերը տեսիլքի մը մէջ տեսայ երկու փառաւոր մարդեր` որ ինծի կու գային եւ ես անոնց առջեւը ելնելով ըսի թէ` ո՞վ էք դուք, Աստուծոյ սուրբեր, եւ անոնք կ՚ըսեն. Պետրոս եւ Յովհաննէս, դու էիր որ մեզի աղաչեից` որպէս զի քրիստոնեաներուն` մեզի ձեւակերպելու կամ նկարելու մասին մեր կամքը յայտնենք. այդ բանը բնաւ մեզի հաճոյ չէ. ձանձրացած ենք եւ տեղ տեղ ալ կը յայտնենք, բայց մտիկ չեն ըներ մեզի:
       1169 թուականին էր որ, ինչպէս տեսանք վերեւ, Յոյնք եւ Լատինք համաձայնելով Ս. Ծննդեան եկեղեցիին պատերը եւ պարիսպները զարդարեցին նկարներու եւ մոզայիքներու անօրինակ ճոխութեամբ մը, ինչպէս պարզեցինք, թէ ուխտաւորք հիացմամբ եւ զմայլանքով կը խօսին այդ նկարակերտ գաւիթներուն եւ կամարներուն վրայ: Ս. Երկրէն նոր մեկնած էին Լատինք եւ անոնց թագաւորութիւնը այլեւս վերջացած էր Երուսաղէմէն: Կ՚իշխէին Արաբները, որոնք յայտնի է թէ չպիտի ախորժէին Ս. Կուսի տաճարին ճոխ պատկերագրութենէն, եւ անպակաս պիտի ըլլային քանդող ձեռքեր, իչպէս կ՚երեւի Գարդմանի արքեպիսկոպոսին նկարագրութենէն: Անոր այցելութենէն յառաջ 30 տարիներ անցած էին երբ նոյն նկարները ու մոզայիքները շինուած էին արդէն, եւ Տայեցին պատեհութիւն կ՚ունենար իր այցելութեան` դիտելու այդ չափազանցօրէն ցուցադրուած պակերներու ճոխութիւնը: Նոյն նկարներու տպաւորութեան տակ իր առջեւ պարզուած տեսիլը կը ցոլացնէ թէ Տայեցիին միտքը այնքան հաշտ չէր նկարուած այլազան պատկերներու առատութենէն: Անոր պատահած տեսիլը մեզ կը պարզէ իր հայրենիքին` Գարդմանի (Գանձակ) մէջ Է. դարուն տեղի ունեցած պատկերամարտութեան հետեւեալ դէպքը (Տե'ս Մ. Կաղանկայտուացի, Պատմ. Աղուանից, էջ 401-5): Եղիվարդեցի Մովսէս կաթողիկոսի օրով` երբ Ազատ գետին անդիի կողմը յունահայ կեդրոններու մէջ ծագում առած էին բիւզանդական պատկերամարտ շարժումներ` նոյն ոգիով վարակուած երեք հայ կրօնաւորներ Յեսու քահանայ, Թադէոս եւ Գրիգոր Գարդման ապաստանելով պատկերամարտութիւն կը քարոզեն եւ կ՚ուզեն ջնջել պատկերները: Եղիվարդեցի կաթողիկոս կ՚իմանայ անոնց արաքը եւ Գարդմանի իշխանին միջոցաւ բռնի կերպով անոնք կը ղրկուին Հայոց կաթողիկոսին: Այս տողերը առնուած են այն պատասխանագրէն զոր Յովհան Մայրագոմեցին հռչականուն վարդապետը գրած է նոյնկողմերու Դաւիթ եպիսկոպոսի խնդրանքովը: Մայրագոմեցիէն մինչեւ Գարդմանի արքեպիսկոպոսը հինգ ու կէս դարեր անցած էին, բայց պատկերամարտ հայ կրօնաւորներու ցանծ սերմերը գուցէ Գարդմանի երկրին մէջ գաղտնօրէն բողբոջած ու անոնք հետեողներ ունեցած են. եւ կրնայ հաւանական նկատուիլ որ Գարդմանի ուխտաւոր արքեպիսկոպոսը, թէեւ խստակրօն ճգնաւոր մը, բայց ներքնապէս տհաճ էր Բեթղեհէմի եկեղեցիին մէջ նկարուած պատկերներու առատութեան, եւ այդ պատճառաւ կ՚ունենայ յիշուած տեսիլը:
       3 . Քանի մը խօսք ալ Բեթղեհէմի Հայոց վանքին վրայ: Մեր պատմութեան մէջ կը յիշատակուին այլ եւ այլ դարերու ընթացքին թէ' եկեղեցական եւ թէ' աշխարհական ուխտաւորներ. շատ անգամ բազմութեամբ կը լեցուէին անոնք: Վանքերը Ս. Երկրին մէջ կեդրոններ էին ոչ միայն աղօթքի եւ բարեպաշտական գործերու, այլ նաեւ կը ծառայէին ուխտաւորներու իբր իջեւան: Բեթղեհէմի մէջ Ս. Ծննդեան եկեղեցիին կից ունեցած ենք վաք մը, ուր կարելի էր մտնել տաճարին Հայոց դռնէն` որուն վրայ վերագոյն գրեցին, եկ արտաքին փոքր երկաթեայ դռնէն` որուն վրայ վերագոյն գրեցինք, եւ արտաքին փոքր երկաթեայ դռնէն` որուն բանալին շատ հին ժամանակ Հայոց քով կը մնար, եւ յետոյ ուրիշներ սեպհականեցին զայն: Որքան հին էր Հայոց ուխտաւորութիւնը` այնքան հին էր Բեթղեհէմի վանքը: Առաջին վկայութիւնը կը հասկցուի Լատին Եկեղեցւոյ Հայրերէն Ս. Յերոնիմոսի (331-420) խօսքերէն զոր կը յիշատակէ իր նամակներէն միոյն մէջ: Յերոնիմոս Հռովմէն եկած ու իբր մենակեաց հաստատուած էր Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան այրին մօտ. իր խօսքերն ասոնք են. «Ի՞նչ ըսել Հայոց, Պարսից, Հնդկաստանի եւ Եթովպիոյ եւ նոյն իսկ Եգիպտոսի, Պոնտոսն, Կապադովկիոյ եւ Միջագտքի եւ արեւելեան երկիրներու ժողովրդոց, որոնց վանականներու բազմութիւններն ամէ օր մեր մօտ կը հասնին: Տայը թողած է իր կապարճը. Հոնք Սաղմոսարանը կ՚ուսանին, իրենց հաւատքի ջերմութեամբ տաքցնելով սկիւթական եղեամը կամ ձիւնը»: Հայոց վանականները քանի որ Դ. դարուն գունդագունդ կը հասնէին Բեթղեհէմի մէջ ուխտի համար, կը նշանակէ թէ Յերոնիմոսի օրերէն արդէն հիմնարկուած եւ հատստաուած էր Հայոց վանքը ու ժամանակի ընթացքին ընդարձակուած էր: Նայելով այժմու կառուցուածքին կը դիտուի որ ի սկզբան ան շատ փոքր էր, բայց 1621ին Գրիգոր ապրոնտէր պատրիարքը ընդարձակած է զայն գնելով մերձակայ խանը եւ շէնքերն ու կցելով զանոնք վանքին: Ան հաստատած է ուխտաւորաց յատուկ իջեւաններ, հացի փուռ եւ սեղանատուն, պատրիարքի խուց մը, պարտէզներ եւ ջրհորներ. ասոնցմէ զատ շինած է Ս. Աստուածածնի անուամբ գեղեցիկ եկեղեցի մը, որուն ճակատը զետեղուած է հետեւեալ յիշատակարանը. «Ես Գրիգոր Եպս. որ եմ առաջնորդ Ս. Երուսաղէմայ. նորոգեցի ի Սբ. Ծնունդ զվիճակ ազգիս մերոյ ՌՀ. թվին (=1621). յիշատակ հոգւոյ իմոյ եւ ծնողացս, ի վայելումն եւ ի պարծանս Հայոց. որք տեսանէք լի սրտիւ ասացէք Աստուած ողորմի, եւ Տէր ձեզ ողոմեսցի, ամէն»: Այս եկեղեցին ու վանքը Շղթայակիր պատրիարքի օրով ալ կարեւոր նորոգութիւններ ունեցած են, ու վերջին երկրաշարժին ալ նորոգուեցան դարձեալ թէ' եկեղեցին եւ թէ' վանքը:
       Զանց Կ'ընենք յիշատակել վանքին այլ եւ այլ մասնակի նորոգութիւնները եւ յարդարումները: Վանքը ունի միաբանութիւն մը եւ ժամարարներ, տեսուչ վարդապետ մը որ կը հսկէ եկեղեցական արարողութեանց ու վանքին մատակարարութեան. կանուխէն եպիսկոպոսի մը կը յանձնուէր նոյն պաշտօնը, Յունաց նմա: 1860է սկսեալ մինչեւ մեր օրերը տեսուչներու ցուցակը կազմուած է. իսկ նախորդները կանոնաւոր ցուցակ մը դժբախտաբար չեն ունեցած: Վերեւ յիշեցինք լատին նշանաւոր գիտնական եւ մեկնիչ Յերոնիմոսը, որ Ս. Ծննդեան այրին մօտ վանք հաստատած էր, ինչպէս նաեւ ունէր դպրատուն մը կամ համալսարան մը, շինուած մարմարեայ սիւներու վրայ: Լատին մատենագիրները ու մեր միաբանաց աւանդութիւնը կը վկայեն թէ նոյն համալսարանը կը գտնուէր մեր վանքի սեղանատան ներքեւը: Յերոնիմոսի այդ համալսարանը 1706 թուականէն յառաջ եկեղեցիի վերածուած է եւ Ս. Երրորդութեան նուիրուած. Ռէմլէի Ս. Գէորգ եկեղեցիին մկրտութեան աւազանին մէջ երեք միատեսակ խաչքարեր կը գտնուին իրարու նման արձանագրութեամբ, որոնց մէկուն օրինակը կը դնենք հոս. «Կանգնեցաւ սուրբ խաչս բարեխօս առ Աստուած վասն հոգւոյ բազմաշխատ ծառայիս Աստուծոյ Կեսարացի մհի. Ղուկասի եւ ծնողացն, եղաւ ի սուրբ ծնունդն, Սուրբ Երրորդութիւնն, թվ. ՌՃԾԵ. (=1706)»: Վանուց 1733ին տպուած Յայսմաւուրքի մէկ յիշատակագրութենէն կը հասկցուի թէ աւազանին նորոգութեան ժամանակ Զէյթունցի Աթանաս վրդ. այս երեք խաչքարերը հանելով Բեթղեհէմի Սուրբ Երրորդութեան եկեղեցիէն (այժմ սեղանատուն) փոխադրած է Ռէմլէ: Արծաթապատ աւետարանի մը վրայ կը գտնուի նաեւ հետեւեալ յիշատակարանը. «Յիշատակ է սբ. աւետարանս մհի. Աստուածատուրին եւ կողակցւոյ Գոհարին եւ հանգուցեալ որդւոյն իւրոյ Աբրահամին եւ ամ. զարմիցն նորա ի սբ. յԵղմ. ի սբ. ծննդ. սբ. Երրորդութիւն տաճարին ի թվ. ՌՃՁԴ (=1735)»: Նոյն եկեղեցին յետոյ խափանուած ու հողով լեցուած էր: Երկու երեք տարի յառաջ հոգելոյս Դուրեան Ս. Պատրիարքի հրամանաւ լեցուած հողերը պարպուեցան ու քանդակազարդ մարմարեայ սիւները մէջտեղ հանուեցան:
       Մեծապէս բաղձալի էր որ Բեթղեհէմցի հայերը յիշեցին Յերոնիմոսի պանծալի համալսարանը ու ջանադիր ըլլային իրենց փոքրիկ դպրոցը հոգալ ու իրենց տղոցը սորվեցնել կրօնք եւ ուսումն, որպէս զի կարողանային հոգեւոր ծառայութիւն մը մատուցանել Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եկեղեցիին: