Այն
քրիստոնեաները
որ
պատեհութիւն
կ՚ունենան
այցելելու
այս
քաղաքը,
ցոյց
կը
տրուի
անոնց`
հարաւային
պարսպին
մնացորդէն
եւ
փարոսէն
ոչ
հեռի
փոքր
մզկիթ
մը`
որուն
համար
կ՚ըսուի
թէ
Սիմոն
խաղախորդին
տան
տեղն
է:
Միջին
դարու
յիշատակարանները
ցոյց
կու
տան
թէ
Ս.
Պետրոսի
եկեղեցին
կը
գտնուէր
քաղաքին
հարաւային
կողմը
եւ
հարաւա-
արեւմուտքի
անկիւնը:
Վերջին
ժամանակներս
փոքր
մզկիթին
յարակից
շէնքի
մը
պատը,
հարաւի
կողմէն,
փլչելով`
երեւցան
եկեղեցիի
մը
երկու
կոզակները
եւ
քանի
մը
պատերու
մասերը,
միջին
դարու
շինուածքով.
այս
գիւտը
կը
հաստատէ
թէ
սոյն
եկեղեցիին
աւանդւոթիւնը
շարունակութիւնն
է
ԺԲ.
դարու
աւանդութեան:
Այրի
Այծեմնեկին
տան
տեղը,
եթէ
երբեք
ծանօթ
էր,
այժմ
մոռցուած
կը
թուի:
Սակայն
3-4
դար
յառաջ,
քաղաքէն
մէկ
ու
կէս
քիլոմէթր
հեռի,
պարտէզներուն
մէջ,
դէպի
արեւելք,
Ապու
Նապպուտ
ըսուած
աղբիւրէն
կէս
քիլոմէթր
հեռի,
ցոյց
կը
տրուէր
այն
գերեզմանական
այրը`
ուր
թաղուած
էր
այս
բարեպաշտ
կինը:
Այս
այրը
հողաքարի
մէջ
փորուած
սենեակ
մ՚է,
ուր
կարելի
է
իջնել
վեց
կամ
եըթը
աստիճան
սանդուխով
մը:
Ան
զարդարուած
է
մոզայիքով
եւ
երեք
կողմերէն
գերեզմանատեղիներ
բացուած
են:
Այս
գերեզմանին
սեպհականատէր
Ռուսերը
մատուռի
վերածած
են
զայն
փոքրիկ
գմբէթով
մը:
Նոյն
գերեզմաններուն
իսկութիւնը
երաշխաւորելու
եւ
անոնց
վաւերականութեան
վստահելու
համար
տեղագրական
ստոյգ
տուիքները
շատ
տկար
են
եւ
վաւերագիրնեը
շատ
հազուագիւտ:
Այծեմնիկին
նուիրուած
եկեղեցի
մը
կառուցուած
է
անոր
գերեզմանէն
ոչ
հեռի:
Ոմանք
կը
կարծեն,
բայց
առանց
ապացոյցի,
թէ
այս
կնոջ
բնակարանը
կը
գտնուէր
միեւնոյն
տեղը:
(Տե'ս
Vihouroux,
Dict.
de
la
Bible,
բառն
Joppe,
էջ
1640):