ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Նկատի առնելով Ս. Յարութեան Հայոց Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցիին նախնական անունը որ կ՚ըսուի Ս. Խաչ, ինչպէս նաեւ նոյն եկեղեցիին ու Գիւտ Խա չի այրին տեղագրութիւնը ու թէ եկեղեցիին ու նոյն այրին սերտ յարակցութինը` մեր գրուածքին ամբողջութեան համար` պէտք կը տեսնենք հակիրճ տողերով ծանօթագրել խաչի գիւտին վկայութիւնները ու անոնց եզրակացութիւնը գիտական արդի քննութեանց համաձայն:
       Գիւտ խայի նկատմամբ ճոխ է աւանդութիւնը եւ եկեղեցական մատենագրութիւնը: Մենք այս տողերով պիտի ջանանք համառօտեք գիւտ խաչի նկատմամբ գրուած հին հեղինակութիւններու ստուգութիւնը, քաղելով Dictionary of Christian Biography and Litterature գիրքին մէջ M. F. A. ի յօդուածէն (էջ 439-441):
       (1) 333ին Պորտոյի Անանուն ուխտաւորը որ գիւտ խաչի թուականէն եօթը տարի յետոյ Երուսաղէմ կ՚այցելէ: Յիշեալը կը նկարագրէ քաղաքը եւ կը յիշատակէ աւանդական Ս. Տեղերը: Նոյն նկարագրութեան մէջ կը գտնուինԿայիափայի տունը եւ Ձաղանաց սիւնը որուն կապեցին մեր Տէրը, Պտղատոսի պալատը, Գողգոթայի բլուրը, Ս. Յարութեան այրը, որուն վրայ Կոստանդիանոս շինեց գեղեցիկ եկեղեցի մը, ինչպէս երկու եկեղեցիներ` մին Ձիթենեաց լերան, եւ միւսը` Համբարձման լերան վրայ: Սակայն խաչին ակնարկութիւն չկայ եւ ոչ իսկ կը յիշուի Հեղինէի անունը:
       (2) Եւսեբիոս Վարք Կոստանդիանոսի գիրքը գրած է հաւանաբար 338ին, Պորտոյի ուխտաւորէն հինգ տարի վեր: Ան կը պատմէ Հեղինէ Երուսաղէմ այցելութիւնը, բայց անոր անունը չի կապեր Խաչելութեան եւ Ս. Գերեզմանի տեղերուն հպետ: Ան կը յարէ թէ Կոսատնդիանոս եկեղեցի մը շինեց Յարութեան տեղւոյն վրայ, գեղեցկացնելով Ս. Ծննդեան եւ Ս. Համբարձման այրերը, եւ իր մօրը յիշատակին երկու եկեղեցիներ` մին Բեթղեհէմի մէջ, միւսը Ձիթենեաց լերան վրայ. Եւսեբիոս` Հեղինէին եւ Ս. Յարութեան այրին հետ կապակցութիւն մը չի դներ, այլ միայն միւս երկուքին: Ան կը գրէ թէ կայսր մօր ճամբորդութեան շարժառիթը ժողովրդեան վիճակին վրայ տեղեկութիւն մը քաղել էր, եւ Հեղինէ ձեռօք խաչի գիւտի մասին ակնարկութիւն մը չունի:
       (3) Կիւրեղ Երուսաղէմացին` որ գրած է երաքայական ընթերցուածքներ, կը յիշէ այն տեղը ուր մեր Տէրը խաչուած էր. եւ յիշուած գիւտէն վերջ ոյ աւելի քան քսան տարի, Խաչափայտի մասին ունի երեք ակնարկութիւններ . 10, Ժ. 19, ԺԳ. 4): Ամէնէն որոշը գրուած է Ժ. 19, ուր ան կը նկարագրէ թէ «խաչը մինչեւ հիմակ կը տեսնուի մեր մէջ»:
       Կիւրեղ խաչի երեւման առթիւ իր Կոստանդ կայսեր գրած նամակին մէջ որոշապէս կը գրէ թէ խաչը գտնուած էր իր հօրը` Կոստանդիանոսի օրով:
       Կիւրեղ իր առաջին վկայութեան մէջ կ՚ապացուցանէ որ իր օրը կը հաւատային թէ Տիրոջ իրական խաչափայտը գտնւած էր. բայց հաւատքի հողը կը պակասէր: Ան երբ խաչին վրայ կը խօսի, չի յիշեր Հեղինէն: Այս երեք հին հիեղինակութիւնները ցոյց չեն տար Հեղինէն իբր գտնողը խաչին:
       Սիւլբիկոս Սեւերոս (395), Ամբրոսիոս (395), Ռուփինոս (400), Կիւրեղ Աղեքսանդարցի (420), Սոկրատ (430), Սոզեմինոս (430), Թէոդորէտ (448), Տուրացի Գրիգոր (595). ասոնք են հիներէն գլխաւոր հեղինեկները որ բաւակն մանրամասն կը պատմեն խաչի գիւտը Հեղինէի ձեռքով, ասոնցմէ ոմանք կը յիշեն թէ խաչին հետ գտնուած են նաեւ խաչին բեւեռները եւ Պիղատոսի տախտակը: Կիւրեղ Աղեքսանդրացին սակայն, յատկանշական պարագայ մը կը հաղորդէ մեզ Զաքարիայ մարգարէին մեկնութեան մէջ, ըսելով թէ խաչափայտը տարբեր ժամանակներու մէջ գտոնւած է խաչին վրայ գամուած բեւեռներուվ:
       Թէոդորէտ ալ խաչը գտնուած տեղւոյն մասին տարբերակ մը ունի եւ Կ՚ըսէ թէ «խաչը գտնուած է տիրոջ գերեզմանին մօտ: Իսկ Գրիգոր Տուրացին խայի գիւտի մասին կը գրէ այնպիսի մանրամասնութիւններ` զոր չունին ուրիշները:
       Օքսֆորտի Ս. Ստեփանոս դպրոցի նախորդ մեծաւոր Argels`որուն յօդուածէն քաղեցինք մեր վերոգրեալ համառօտ տողերը, մէկ խոսքով, կանխագոյն հեղինակներու վկայութեանց վրայ յենլով հականական չի գտներ որ Հեղինէ մասն ունեցած ըլլա խաչի եիւտին մղջ:
       Ստոյգ է թէ Հեղինէի Երուսաղէմ այցելութեան առթիւ չափազանցուած պատմութծիւններ շինուած են եւ անոր նկատմամբ ստեղծուած զրոացները դարէ դար զարգացում ետած են, եւ նոյնիսկ պատմիդ մը` Նիկոփորոս իր Եկեղեցական Պատմութեան մէջ (ԳԻրք Է, 30) Հեղինէի կ՚ընծայէ բազմաթիւ եկեղեցիներու հիմնարկութիւնը, թէ' Երուսաղէմի եւ թէ' Գալիլիոյ մէջ, ինչ որ պատմականօրէն ստոյգ չէ, վասն զի Հեղինէ ութսունամեայ կին մը շատ քիչ մնացած էօ Երուսաղէմի մէջ եւ իր վերադարձէն քիչ չյետոյ վախճանած է: Կիւրեղ Երուսաղէմացին իր Կոչումն Ընծայութեան գիրքին մէջ թէեւ կը յիշատակէ խաչին ներկայութիւնը ու անոր մասանց աշխարհի ամէն կողմն ցրուումը, բայց շիտակ է թէ չի յիշատակեր հեղինէի միջոցաւ խաչին գիւտը, նոյնպէս Եւսեբիոս Վարք Կոստանդիանոսի գիրքին մէջ Հեղինէին Երուսաղէմ այցելութիւնը կը յիշատակէ, բայց ան ալ կը լռէ խաչի գիւտին վրայ. սակայն պէտք է նկաին առնել որ Կիւրեղ Երուսաղէմացին որքան որ իր վերեւ յիշուած գիրքին մէջ չի յիշեր խաչին գիւտը, բայց ան շատ բացայայտ կը յիշատակկէ խաչի երեւման առթիւ Կոստանդ կայսեր գրած նամակին մէջ, - այդ նամակին վաւերականութիւնը անհերքելի է - թէ խաչը գտնուած է իր հօրը` Կոստանդիանոսի օրով, ինչպէս յիշեցինք. իսկ գալով Եւսեբիոսի` ա'ն ալ խաչի գիւտը կը յիշէ իր Քրոնիկոն գիրքին մէջ: Այս պատմիչները Հեղինէի ժամանակակից ըլլալով` կը տարուինք մտածել թէ խաչի գիւտին մէջ Հեղինէն հեռուէի կամ մօտէն դեր մը ունեցած պէտք է ըլլայ, մանաւանդ որ Դ. դարէն սկսեալ խիստ տարածուած է աւանդութիւնը քրիստոնեայ ժողովուրդներու մէջ, եւ մատենադորւթինը ու եկեղեցական երգերը աւելի կը շեշտեն այս գաղափարը, որուն մեծապէս կը սատարէ Գիւտ խաչի տեղին վրայ կառուցուած Հայոց Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցիին աւագ սեղանին մօտ, պատուհանաձեւ այն բացուածքը` որուն համար աւանդութիւնը կ՚ըսէ թէ ան Հեղինէ թագուհիին նստած տեղն էր, եւ ուրկէ խաչին ծածկուած տեղին մէջ աշխատողներուն ան առատօրէն դրամ կը հասցնէր` աւելի արագ յառաջ տանելու պեղումները: Աւանդութիւնը երբեմն կը փոխուի կամ չափազանցութեան կ՚ենթարկոի, բայց խորքը կը մնայ անայլայլ: Հայատսանեայց Եկեղեցին այդ մասին ալ կը հետեւի քրիստոնէական ընդհանուր եկեղեցւոյ ճամբուն, Ս. Յարութեան մէջ ունեցած իր եկեղեցիովը, տօնակարգովը եւ իր խաչի հին ներբողներովն ու երգերովը: Այս տողերուն իբր կնիք կը դնեմլ մեր Խորենացիին հետեւեալ խօսքերը . Գիրք, էջ 173) «… Յետ այնորիկ առաքեաց զՀեղինէ զմայրն իւր յԵրուսաղէմ ի խնդիր պատուական Խաչին, զոր եւ եգիտ իսկ զփրկական փայտն, հանդերձ հինգ բեւեռօքն»: