Յովհաննու
Աւետարանին
(Դ.
5)
մէջ
կ
յիշատակուի
Սամարացւոց
լաղաք
մը`
Սիւքար
անուն,
մերձ
այն
կալուածին`
զոր
Յակոբ
Նահապետ
ընծայեց
իր
Յովսէփ
որդւոյն,
եւ
հոն
էր
Յակոբի
աղբիւրը
եւ
Յիսուս
ճանապարհէն
յոգնած`
կը
նստէր
նոյն
աղբիւրին
վրայ,
եւ
ուր
քիչ
յետոյ
Սամարացի
կին
մը
գալով`
երբ
ջուր
պիտի
քաշէր,
Յիսուս
անոր
հետ
խօսեցաւ
(անդ,
6-7):
Շատերը
Նապուլսը
կը
նոյնացնեն
Սիւքարի
հետ,
բայց
Եւսեբիոս
եւ
Յերոնիմոս
Սիւքարը
կը
զատեն
Նապլուսէն
դուրս
կը
դնէ
մասնաւոր
Սէքար
գիւղ
մկ
ուրկէ
եկաւ
Սամարացի
կինը
Յակոբի
ջրհորը:
Անունը
այս
տեղւոյն`
որ
կը
թուի
թէ
կը
գտնուի
ջրհորին
անմիջական
շրջակայքը,
մեզ
կը
յիշեցնէ
այժմու
մէկ
գիւղին`
Ասքարի
անունը,
համանուն
աղբիւրովը,
բայց
այս
անուն
գիւղը
մէկ
քիլոմէթր
հեռի
կը
գտնուի
Գեբաղ
լեռան
ստորոտը
գտնուած
Յակոբի
ջրհորէն:
Ասիկա
կը
համաձայնի
Askarothի`
որ
կը
գտնուի
Եփրեմի
երկրին
«բարձունք»ը
եւ
En
Sokhar
աղբիւրին
հետ,
այն
դաշտին
մէջ`
որ
իր
կանխահաս
ցորենովը
նշանաւոր
հանդիսացած
է.
Ասքարի
դաշտ
կը
նշանակէ
աս,
որ
Քարիզմի
եւ
Գեբաղի
առջեւէն
կը
տարածուի
արեւելք:
Յակոբի
ջրհորին
քով
կառուցուած
եկեղեցիին
ձախ
կողմը`
Մատապայի
քարտէսը
բաժնուաթ
կը
ներկայացնէ
Նապուլսը
վերոյիշեալ
տեղերէն.
ահա
կը
հասկցուի
ուրեմն
որ
հիները
զատ
զատ
տեղեր
կը
նկատէին
Նապլուսը
եւ
Սիւքարը:
Ըստ
Պոնիփակիոսի,
Յակոբի
ջրհորի
եւեղեցիին
մօտ
շինուած
էր
վանք
մը`
ուր
կային
հարիւր
կիներ.
բայց
իր
օրով
վանքը
ու
եկեղեցին
քանդուած
էնա.
Յակոբի
ջրհորտ
մօտ
կանանց
վանքը
շինուած
էր
յիշատակին
այն
Սամարացի
կնոջ`
որ
հաւատաց
Յիսուսի
եւ
որուն
զաւակները
նահատակուեցան
եւ
ինքն
ալ
բանտին
մէջ
մեռաւ:
Լատին
եկեղեցին
անոր
տօնը
կը
կատարէ
մարտ
20ին
(Mislin,
Հտր.
Գ.
էջ
427):
Աւետարանէն
սորվեցանք
թէ
Սամարացիք
նոյն
իսկ
Փրկչին
բերանէն
լսեցին
կենաց
բանին
քարոզութիւնը
եւ
շատերը
հաւատացին:
Ս.
Փիլիպպոս
յաջողութեամբ
քարոզեց
Աւետարանը
Սամարիոյ
շրջակայքը.
Ս.
Պետրոս
եւ
Ս.
Յովհաննէս
իրենց
կողմէն
Սամարիոյ
այցելութիւն
տալէ
վերջ,
«եւ
ի
բազում
գեօղս
Սամարացւոցն
աւետարանէին»
(Գործք
Առաք.
Ը.
25):
Միեւնոյն
թուականին
քրիստոնէութիւնը
մուտք
գտաւ
Նապլուսի
մէջ,
որ
ծնունդ
տուաւ
Յուստինիոսի`
երկրորդ
դարու
քրիստոնէութեան
մեծ
ջատագովին:
Դ.
դարուն
հոն
հաստատուեցաւ
եպիսկոպոսութեան
մը
աթոռը:
636ին
Նապուլսը
մտաւ
Իսլամաց
լուծին
տակ.
եւ
1100ին
Խաչակիրք
տիրեցին
անոր.
1120ինհոն
սինոդ
մը
գումարուեցաւ:
1184ին
Սալահէտտին
աւարառութեան
տուաւ
քաղաքը
եւ
1187ին
տիրացաւ
անոր:
1202ին
նապուլս
երկրաշարժէ
մը
քանդուեցաւ
եւ
միայն
Սամարացիներու
թաղը
ազատ
մնաց:
Արդի
ժամանակաց
պատմութիւնը
միշտ
ըմբոսի
կը
ներկայացնէ
Նապլուսի
բնակչութիւնը
Դամասկոսի
եւ
Աքքեայի
կառավարիչներուն
դէմ:
1834ին
անոնք
դարձեալ
ըմբոստացան
Իպրահիմ
փաշայի
դէմ:
Վերջինս
յանկարծ
յարձակեցաւ
Նապլուսի
վրայ,
թալանեց
զայն
եւ
իր
Շէյխը`
Հասան
Ահմէտը
շղթայելով
տարաւ
Դամասկոս`
ուր
ան
մահուան
դատապարտուեցաւ
իր
չորս
զաւակներուն
հետ: