ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ա. Պատմութիւնը.
       Գազան` լատին յաղթանակի ատեն աւերուած եւ լքուած ըլլալով` Խաչակիրները նորոգեցին զայն: 1149ին Պաղտին Բ. ամրացուց Գազան. 1170ին Սալահէտտին աւերակի վերածեց զայն. բայց դղեակը դիմադրեց. 1187ին ան գրաւուեցաւ: 1192ին Ռիչարտ վերագրակեց զայն. դաշնադրութեան պայմաններուն համաձայն ամրութիւնները քանդուեցան. 1244ին Խարիզմեանց արշաւանքներուն պատճառաւ Գազան դարձեալ աւերեցաւ, եւ այլեւս իր հին կարեւրութիւնը չկրցաւ ստանալ:
       Գազան քրիստոնէական հին քաղաք մ՚էր: 406ին Պորփիւրիոս եպիսկոպոս հոն շինած էր երկու թեւերով պազիլիքա մը: Պորփիւրիոսի գերեզմանը ցայժմ կը տեսնուի Յունաց եկեղեցիին մէջ. շէնք մը որ իր ամբողջութեամբը շինուած է Խաչակիրներուն կողմէն եւ թեւ չունի: Հին պազիլիքայէն հին սիւներ եւ թերեւս յղկուած քարեր:
      
       Բ. Մայր եկեղեցին.
       Ս. Յովհաննէս Մկրտչի նուիրուած լատին մայր եկեղեցին ուրիշ թաղի մը մէջ կը գտնուի, եւ ան կը կոչուի Մեծ Մզկիթ: Այժմ ան աւերակ է, վասն զի 1916ին անգղիական հրետանին անկէ օդը հանած է ռազմանիւթերու մթերք մը:
       Vogue պարզապէս միայն կը յիշատակէ: The Survey of Western Palestine նկարագրած է նոյն եկեղեցին եւ յատակագիծն ալ շինած: Գազայի Մայր եկեղեցին եւ Ս. Պորփիւրը ընտիր եւ կատարեալ ուսումնասիրութեան նիւթ եղած են Clermont-Ganneauի կողմէն ընկերակցութեամբ ոչ նուազ գեղեցիկ յատակագիծերով Lecomte du Nouyի:
       Մայր եկեղեցին բիւզանդական պազիլիքայի մը տեղը կը գրաւէ, եւ կ՚օգտագործէ անոր հին սիւները: Ան վերաշինուած է 1150ին, երբ Պաղտին Բ. քաղաքը կ՚ամրացնէր: Անոր յատակագիծը նման էր Խաչակրաց ուրիշ շատ մը մայր եկեղեցիներու յատակագիծերուն. ունի երեք կոզակ, նաւ մը, կողմնակի թեւեր: Իսլամները կոզակները քանդած են. բայց անոնց թերի մասերը կը մնան. ըթ թուի թէ գլխաւոր կոզակը երկու կողմով ուղղանկիւն երկու խոռոչներ ունեցած է, ուրիշ բազմաթիւ բիւզանդական եկեղեցիներու նման, եւ թէ կոզակները ուղղագիծ սնարքի մը մէջ տեղաւորուած են:
       Երեք միջավայրերթ ցցանկիւններով կամարակապ են. ունին չորս գերանամէջեր, քառակուսի գաւիթ մը, այն ալ կամարով եւ կ՚երկարաձգէ նաւը, ինչպէս Պէյրութի Մայր եկեղեցին: Մոյթերը խաչաձեւ են. բարակորները եւ թակաղակները կը ձեւացնեն շարունակական լար մը, որուն վրայ կրկնակ նաւին սիւնը կը դնէ երկրորդ հիմ մը: Վերի խոյակներու ըակաղակկները կապուած են լարով մը որ կ՚անցնի պատուհաններու նեցուկին ներքեւիէն: Միեւնոյն կարգը կը տեսնուի կողմնակի թեւերուն մէջ:
       Թակաղակները եւ լարերը ունին միաձեւ հատած մը (profil), այսինքն գօտի, փողաձեւ փորուած խորոփ, կլոր փոքր ցցուակ:
       Բլոր աղեղները բեկուած դրոշմ ունին: Նաւը որմայեցեր չունի, բայց կողմնաթեւերու որմայեցերը խաչաձեւ կիսասիւներու դրոշմը ունին:
       Բոլոր սիւները կը բաղկանան կորնթական խոյակներէ եւ գործածուած հին մարմարէ սիւնագլուխներէ: Սիւնագլուխներու մէկուն վրայ քանդակեալ կ՚երեւնայ պսակի մը մէջ զետեղուած եօթնաստեղնեան աշտանակ մը, եւ հոն կը կարդացուի եբրայական արգադիր արձանագրութիւն մը: Ուրեմն սիւները սինակոկէ մը բերուած են եւ հոս օգտագործուելէ յառաջ բիւզանդական եկեղեցիի մը զարդարանք ը եղած են: Ուրիշ սիւնագլուխներ պատերու մէջ հիւսած են, իբր որմաբարձք (chainage): Clermont-Ganneau կը յիշէ թէ Եւդոկսիա թագուհին պազիլիքային ընծայած է երեսուն մարմարեայ սիւներ եւ կը կարծէ թէ անոնք բերուած են Կեսարիոյ սինակոկէն:
       Գաւիթը ունի թեռաս մը, ինչպէս կողմնաթեւերը. բայց նաւին տանիքը ցած է, վասն զի շէնքին ամբողջ եր եսը կը վերջանայ երեք անկիւնի զարդով մը (fronton): Այս զարդին եւ գաւիթին միջեւ կը բացուի պարզապէս դէպ ի ներս շեղակուած շրջանակաձեւ մեծ պատուահն մը (rose), զարդարուած անուրներէ եւ բացուածքներէ` կրկնակ շրջանակի մը վրայ ընդելուզուած ըլլալով: Ան կորուսած է իր քարէ պահպանակը:
       The Survey Western Palestineի ծանօթագրութեան մը մէջ մայծր եկեղեցիին դուռը իտալական արուեստ կը պամարուի. վասն զի շինուած է համակ սպիտակ մարմարէ. բայց իր ոճը փրանսական է. խիստ թեթեւ կերպով փոխուած արաբական ազդեցութեան տակ: Աս ԺԲ. դարու երկրորդ կիսուն պաղեստինեան ոճէ է իր բոլոր պարզութեամբը:
       Թմբուկը ողորկ է եւ նկարուած պէտք է ըլլայ: Ան չի կռթնիր ցցուած ձեւով փայտի մը` այլ դրանդիներուն բարաւորներուն վրայ: Կամարաքիւը ունի երեք կամարներ` իւրաքանդիւր կողմէ սիւներու համապատասխանող եւ զարդարուած բացուածքներով:
      
       Գ. Ս. Պորփիւրի եկեղեցին.
       Clermont-Ganneau այս եկեղեցիին նկարագրականը ունի յատակագիծով միասին: Եկեղեցին արտաքին կերպով շատ խորացած է եւ ունի լայն կոզակ մը, եւ կամարկապ դասի կարճ գերանամէջ մը: Կամարի պարանոցը կրող երկու կիսասիւներուն գործածած են սիւներ` որ հին հատուածներ են եւ ամբողջացուած են բիւզանդական թակաղակով մը եւ շեղեզրուած պատուանդաններով: Դուռը ոճ չունի. գաւիթը անհետացած է. պատուհանները կամարաձեւ են. որմայեցերը կրկնակ են, ինչպէս մայր եկեղեցիինը: Արեւելեան կողմի խոշոր որմայեցերուն մէջ է որ հոգացուած են երկու փոքր առանձնոցներ:
       Դրան վրայ զետեղուած յունական արձանագրութիւն մը կը վկայէ թէ եկեղեցին նորոգուած է եւ պաշտամունքի համար կը ծառայէ յոյն հասարակութեան միջոցաւ 1856 թուականին:
      
       Դ. Տուներու դուռներ.
       Ս. Պորփիւրէն ոչ հեռի միջահասակ դուռներով երկու տուներ կը տեսնուին, հորիզոնական շեղեզրով մը վեր ելած եւ մանրածաղիկներով քանդակուած. Այս ոճը բիւզանդական է, բայց մանրածաղիկներուն օրինակը տեղական ծագում ունենալ կը թուի:
      
       Ե. Կորճը կամ զինանշանակիր առիւծը.
       Հետաքրքրական յիշատակարան մը գտնուած է Գազայի մէջ եւ հրատարակուած է Clermont-Ganneauէն,, որ գտած է զայն Սիւլէյման Զարիֆի տանը մէջ: Էլ-Մունթարի արեւելեան կողմը երեք ժամ հեռի գտնուած աւերակէն բերուած է ան:
       Սողացող քարէ կորճ մը (առասպելական անասուն) կամ առիւծ մ՚է ան, որուն յետակողմեան թաթերը կը հանգչին սիւնակի մը վրայ եւ առջեւի թաթգրը կը բռնեն անհետացած առարկայ մը` որ կը կարծուի ըլլալ զինանշան մը:
       Անասունը որովայնին տակ ստինքներ ունի, ինչպէս Moissacի մեծ դրան էգ առիւծները: Հաւանական է որ այս քանդակը կը վերաբերի արեւմտեան արուեստին եւ թէ աս մնացորդն է յիշատակարնի մը տանուտիրական իրաւանց վկայող ազգի մը կամ ազնոական ընտանիքը մը, որուն զինանշանը բռնած է սոյն կենդանին: Այս դասակարգին մէջ կը մտնեն ազնուականաց սատնդուխները, տանուտիրական սահմանաքարերը, տեսացիցերը, հիւպատոսական դրօշակները: Կրնան այսպէս զարդարուիլ աղբիւր մը, սանդուխ մը, կամ ո'եւէ շէնք մը: Ֆրանսայի մէջ այսպիսի օրինակներ պահուած են: