Հայ-Վենետ կամ յարընչութիւնք հայոց եւ վենետաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՔ ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ ՀԱՅՈՑ ԸՆԴ ՀԱՍԱՐԱԿԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՆԵՏԿՈՅ. - ԼԵՒՈՆ ՄԵԾԱԳՈՐԾՆ ԵՒ ԴՈՒՔՍՆ ԵՆՐԻԿ ՏԱՆՏՈԼՈՅ:

Եթէ լոկ աւանդութիւնն այսչափ հեռու կարող է տանիլ զՀայն, ո ' րչափ եւս առաւել կրնայ յափշտակել զՎենետն ` իր հոյակապ գործոց, արձանաց եւ շինուածոց յիշատակաւ, աչքին առջեւ բերելով զաւարառուն յաղթող, զպանծալին ի շարս իր հարիւր եւ քսան տոժերու, զմեծն Ենրիկ Տանտոլոյ: Բայց անշուշտ թոյլ պիտի տայ եւ Հայոյն ` մասնակից ըլլալ իրեն ի մեծարանս այս անձին, վասն զի իրմով կու սկսի այն սերտ եւ ստոյգ կապակցութիւնն երկուց ազգաց եւ  պետութեանց, հայկականին եւ վենետկեան. եւ եթէ ներելի է ըսել, Տա ' նտոլոյ եւ Լեւոն Ռուբինեան ` երկու դարուց միջոցին մէջ կրկին գլուխք կրնան համարւիլ իրենց կցորդութեան կամըրջին, ուղղակի. անուղղակի կերպով մ ' եւս ` իրենց ժամանակէն մինչեւ հիմայ: Ինչպէս տեսանք, այս երկու ազգաց փոխադարձ ծանօթութիւնն հին ժամանակաց ի վեր սկսած էր, եւ հետզհետէ պայծառացաւ երկոտասաներորդ դարու մէջ, Վենետացի վաճառականաց յարեւելս յաճախելուն պատճառաւ, եւ ի Կիլիկիա ` հայկական իշխանութեան մը հաստատուելով, քիչ յառաջ քան զդղրդել Խաչակրաց յԱսորիս, որ Կիլիկիոյ դրացի աշխարհ մը կրնայ գրուիլ, եւ դար մի ամբողջ տատանելով մերթ հզօր ու յաջող, եւ մերթ տկար ու անյաջող բաղդիւ, երկոտասաներորդ դարու վերջերը հանդիսական կերպով հաստատուեցաւ ու զօրացաւ մեծագործն եւ քաջին Լեւոնի թագաւորութեամբ. որ ոչ միայն Ենրիկոսի ` այլ նա եւ ընդ ամենայն նշանաւոր իշխողս եւ զօրավարս ժամանակին ` կրնայ մրցիլ, առանց մէկէ մը յետնելու: Նոյն դարու մէջ, եւ իր հօրը ժամանակէն, յառաջադէմքն Վենետք ` որոց չէր պակսեր ոչ քաջութիւն եւ ոչ աշխարհաշինութիւն, Իտալիոյ ուրիշ վաճառական հասարակապետութեանց հետ մտեր ու հետազօտեր էին զՆորն Հայաստան, զԿիլիկիա, ( որոյ պէտք ` Իշխօղք լերանց կամ Լեռնականք կոչուէին, եւ ի շնորհս օժանդակութեանն զոր մատուցին Խաչակրաց, ասոնցմէ ` կոմսք, պարոնք եւ մարգիզք կոչուեցան ). եւ վաճառականական գանձաբեր արուեստին բանալին քաջութեամբ ձեռք ձգեցին, Տիւրոսի երրորդ մասին տիրապետելով, որ Լատինաց եւ բովանդակ խաչակրութեան ամուր ու ապահով ապաւէն մը եղաւ: Եւ ո՞ գիտէ թէ նախ անոր պարըսպաց տակ ( յամի 1124) ճանչցած, հաճած, ու զարմացած չըլլան Վենետք ` ընդ Հայս. երբ տեսան անոնց մէկ երէցը, զ Աւետիք (Ventura), որ իրենց մերձաւորներէն աւելի ճարտարագոյն ` պարսպամարտ մեքենայ հնարելով ` դիւրացոյց քաղաքին առումը, ու երկրորդ Տրոյա մը ըրաւ զՏիւրոս, Հայոց եւ Վենետաց իրարու հանդիման ստուգագոյն տեղի մը:

Վենետաց վաճառական տոհմից մէջ ` նոյն դարուն կիսէն մինչեւ զկէս յաջորդին, Նշանաւոր երեւեցաւ Ծիանի տոհմը, յորմէ եւ ճարտարք ոմանք եւ խոհականք ` վերացան եւ բարձրացան մինչեւ ի գահն զքսական: Ծանօթ է բազմաց թէ ինչպէս այն հռչականուն ցեղէն Սեբաստիանոս ` դեսպանութեամբ գնաց առ կայսրն Յունաց յարեւելս. ինչպէս ծանօթ է նաեւ իր մեծանձն առատաձեռնութիւնն եւ ճոխութիւնն: Կ՚աւանդեն, թէ ոսկի հորթ մը գտած ըլլայ յԱլդինոյ, ու բաղդին յաջողութեանը փափաքելով հաղորդ ընել եւ  կարօտեալս, մեր ազգէն Վենետիկ եկող աղքատաց ու պանդխտելոց համար ` ի բնակութիւն շնորհեր է զտարեկան հասս իր կալուածոց եւ տանց, որ ի վաճառափողոցն (merceria) Սրբոյն Յուլիանոսի եւ ի կամուրջն Պարատտէրի. յետոյ իր թոռն ` Մարկոս ` նմանաբար իր տուներէն մէկը պարգեւեր է սեպհական Հայոց ազգին. որ այն ժամանակէն (1253) ցայսօր ` վեցուկէս դարերէ ի վեր ` Հայոց տուն կը կոչուի եւ իրենց ձեռքն է. յանուն Հայոց կը կոչուի եւ փողոցն եւ մերձաւոր կամուրջն, որ յետոյ նաեւ Ponte dei ferali անունը կրած է, ինչպէս նաեւ հիմայ: Թերեւս Ծիանիի կտակին հաստատագոյն եւ աւելի ծանօթ մասն է սա, եւ որոյ արդիւնքն ու արգասիքը ` քիչ մը յետոյ պիտի տեսնեն ընթերցողք:

Գրեթէ նոյն ժամանակաց մէջ առաջին անգամ կը յիշատակուի աղտաղտուկ գետին մի եւս ` վենետկեան լճաց մէկ անկիւնը, tombe կամ tumbe կոչուած ` շատ քիչ ջրի երեսէն բարձր, անբնակ կալուած մը Բենեդիկտեան միանձանց. որք կը բնակէին ի մերձաւոր Ս. Սերվիլիոյ կղզւոջ. ասոնցմէ գնեց զհողն Ծո ' ւքոլա անունով բարեպաշտ անձ մի յամի 1182, եւ շինեց անկելանոց ու եկեղեցի մը, որ յետոյ յանուն Սրբոյն Ղազարու կոչեցաւ, եւ վրան հինգ հարիւր տարի անցնելէն ետքը ` բնակութիւն եւ կայան տրուեցաւ այլալեզու Բենեդիկտեան միանձանց գաղթելոց ի տարաշխարհէ, ի Հայոց. եւ ցայսօր յաջորդաբար կը պահեն զտեղին, որ յանուն իրենց Հիմնադրին եւ ազգին ` Սուրբ Ղազար Հայոց, S. Lazzaro degli Armeni, կամ Մխիթարեանց վանք կոչուի յԻտալացւոց, եւ մերթ եւս սոսկապէս Կղզի Հայոց Isola degli Armeni, կամ սոսկ ` Հայք, Gli Armeni:

Բայց մեք փութանք դառնալ առ Ենրիկ եւ Լեւոն, եւ հռչակել Հայոց եւ Լատինաց գրովք եւ դեսպանութեամբք ` դաշնակցութեան վաւերական սկզբնաւորութիւնը:

Ոմանք ի ծերունի հարց մերոց ` որ սրբոյն Մարկոսի հասարակապետութեան ատեն ապրեցան, հարցընելով քաղաքին գլխաւոր պաշտօնէից ոմանց, լսեր են անոնցմէ, թէ Հայոց առաջին գալուստն ի Վենետիկ եղած ըլլայ ի սկիզբն մետասաներորդ դարու, եւ երկրորդն ` ի վեշտասաներորդին: Այս վերջնոյս կրնամք վկայել մենք ` վասն զի թէպէտ երեքտասաներորդ դարէն ի վեր պակաս եղած չըլլայ Հայոց երթեւեկն, այլ ի կէս վեշտասաներորդին կը յաճախէ, եւ ի դիւանս եկեղեցեաց քաղաքին կը նշանակուին ` ոչ միայն անոնց հաստատուն բնակութիւնք, այլ նաեւ ծնունդք եւ մահք Հայոց. իսկ առաջին եկաւորութիւն նոցա ի մետասաներորդ դարու ` դեռ եւս մութ է. բայց գուցէ ի վերջ ԺԲ դարու, առ իշխանութեամբ երկոցուն յիշեալ վեհիցն եւ յառաջ քան զթագաւորել Լեւոնի ` երբ դեռ եւս Պարոն կ՚անուանէր, եւ արքունական թագին թեկնածու էր. որով հարկ կ՚ըլլայ ենթադրել թէ քանի որ Ենրիկ արեւելք եկած չէր, իր մէկ դեսպանին կամ նուիրակի ձեռքով սկզբնաւորած ըլլայ ծագումն հայ - վենետկեան յարաբերութեանց. ինչպէս կ՚աւանդէ Նաւաճերոյ ասոնց մէկ գրողն, իբր թէ 1196 ին ղրկուած ըլլայ ի Հայս ( Կիլիկիա ) իրենց առաջին գունցն [1]: Ինձ կ՚երեւի թէ պատմիչն կը կանխէ. որովհետեւ Պայլից հաստատուիլն ի Հայս աւելի ուշ է. ու իրենց հաստատութենէն ետքն ալ առջի բերան Պայլք Աքքեայ ` ի Հայաստան նստող Պայլին թոշակը կը հատուցանէին: Կարելի է որ յառաջ քան զայն ` Պայլք Վենետաց ունեցած ըլլան իրենց մէկ երեսփոխանը Ռուբինեանց երկրին մէջ, ուր ի սկզբան սակաւաթիւ էին իրենց քաղաքացիք քան զԳենուացիս, ինչպէս կը գուշակուի Լեւոնի պարգեւագիրներէն առ երկոսին ազգսն. յորոց Ճենովացիք քայլ մը կանխեցին քան զբնակիչս Ադրիականին, բայց վերջը մնացին յետ: Այդ երկու ժողովուրդք, ինչպէս նաեւ ուրիշ պետութիւնք եւրոպականք, կարծես թէ զարմանքով մը կը նկատէին զՀայս ` հին ասիական այլագեն ազգաց եւ եկամուտ արեւմտեան իշխանութեանց մէջ. եւ կը սպասէին հաստատուն ձեւով մը կերպաւորուած տեսանել անոնց իշխանութիւնը ` Կիլիկիոյ յարմարաւոր ու դիպան երկրին վրայ, որ լայնօրէն կը տարածէ զգիրկ ի Միջերկրականին, եւ կ՚ամրացընէ թիկունքը յանմատոյց պատուարս Տաւրոսի: Եւ ահա արիասիրտն, անխոնջ եւ խորագէտն Լեւոն ` տասն տարի աշխատելով, ու զէնքով եւ նուրբ քաղաքականութեամբ ամէն հնարք ուջանք գործածելով, կ՚ընդարձակէ հայրենի իշխանութեան սահմանը, կ՚ամրացընէ անընկճելի բերդերով, ու զինուց զօրութեամբ, Խաչակրաց նիզակակցութեամբ եւ արեւմտեայց հետ խնամութեամբ ` ահ ու սարսափ ձգելով թշնամեաց, Ասորւոց ու Փոքուն Ասիոյ հին ու նոր բնակչաց աչքին առջեւ կու բարձրացնէ իր թագապսակ գլուխը ի սկիզբն 1199 տարւոյն, մի եւ նոյն ժամանակի մէջ ընդունելով թագ ու պըսակի ի կայսերաց արեւելից եւ արեւմտից եւ յամիրապետէն, եւ ի քահանայապետէն Հռովմայ ` դրօշ եւ օրհնութիւն. Զայս տեսնելով ամենքն զարմացմամբ, կամ առ շահի կամ առ ահի, իրարմէ առաջ կու փութան մեծարել զնա, եւ բարեկարգ ազգաց եւ պետութեանց օրինաց եւ սովորութեանց համեմատ դաշինք դնել հետը:

Լեւոնի թագաւոր պսակուելէն առաջ սկսած են թղթակցութիւնք քահանայապետականք. բայց իր թագանիշ եւ ոսկէկնիք թուղթք ` որ կը պահուին ցարդ ի դիւանս Վատիկանի, երկոտասաներորդ դարու վերջին ամին թուանիշը կը կրեն. յետ որոյ են աշխարհական պետութեանց ու հասարակապետութեան հետ դրուած դաշինքն. այնպէս որ երեքտասաներորդ դարու առաջին տարին ` առաջին է եւ այս դաշնադրութեանց. եւ մի եւ նոյն 1201 թուականին տրուած եւ հաստատուած են դաշինք եւ շնորհմունք Լեւոնի առ Գենուացիս յամսեանն մարտի եւ առ Վենետս ի դեկտեմբերի: Առ առաջինս տրուածներուն մէջ կը նշմարուի, ինչպէս քիչ յառաջ ըսինք, իրենց ազգակցաց այլ աւելի ձեւաւոր հաստատութիւնը, եւ կը շնորհուի իրենց դատարան (curia) եւ բնակութիւն, եկեղեցի, եւ  փնդուկ ի մայրաքաղաքն Սիս, ի Տարսոն եւ ի Մամեստիա: Իսկ Վենետկեցւոց ` միայն Մամեստիոյ մէջ կը տրուի բնակութիւն, եկեղեցի եւ փնդուկ. սակայն դաշնագիրն աւելի երկար եւ մանրամասն է քան զշնորհեալն առ Գենուացիս: Եւ որովհետեւ հիմն կամ նախագաղափար կրնայ համարուիլ մեզի ծանօթ եւ ժամանակաւ կրտսեր ուրիշ ամեն դաշնագրոց եւ պարգեւագրաց. աւելորդ չենք համարիր համառօտիւ նշանակել այն ամէն պայմաններն ու շնորհքն, զոր Լեւոն ոչ միայն իւր ` այլ եւ յանուն յաջորդացն կու տայ Ենրիկի Տանտոլոյ դքսին Վենետկոյ, ( եւ Դալմատիոյ, Խռուադաց, եւ քառորդ մասին կայսերութեան Յունաց, դեռ եւս Բիւզանդիոն տիրած չըլլալով ), եւ ամենայն Վենետաց. ըստ խնդրոյ Յակովբայ Պատոէրի ` դեսպանին Ենրիկի. եւ շնորհէ:

Ա. Վենետաց ազատ երթեւեկ, իրենց ամեն ընչիւք իր տէրութեան ամեն սահմաներուն եւ անցից մէջ:

Բ. Անդրածովու (oltremare, արեւելք ) բնակիչք ` միայն ընդ պահնակ դրունս (Portella), անցած ատեննին  մաքս վճարեն, հաւասար ուրիշ ամէն քրիստոնէից: Այդ նշանակուած տեղ հիմայ Ալեքսանդրեակ կոչուած քաղաքին արեւելեան եզերաց մօտ. լերանց նեղ կապանի դուռ մէր, եւ Ասորւոց երկրի ի Կիլիկիա անցից գլխաւոր տեղն. այն պատճառաւ հօն հաստատուած էր պետական մեծ մաքսատունն եւ ճոխ գանձարան, եւ նոյն դռնէն կըլային ի ցամաքէ բերուած անբաւ վաճառաց մուտս եւ ելք:

Գ. Դրամահատութեան համար բերուած արծաթն եւ ոսկի, ինչպէս յԱքքեա, ասանկ նա եւ հօս, տրոց ենթակայ էին. իսկ դրամ չըլլալու ոսկին ազատ էր ի տրոց: Հայոց եւ Վենետաց վերջին ժամանակաց յարաբերութեանց մէջ ալ (1333, մայիս ) կը յիշուի հասարակապետութեան վճիռ մը, թէ այն նաւն որ կերթայ ի Հայս, եւ արծաթոյն  կէսը պիտի դնէ ի դրամատուն (zecca) թագաւորին Հայոց, անոր դեսպանէն երդումն պիտի առնու:

Այս վճռէն տարի մը յառաջ ի Հայս եւ ի Կիպրոս արծաթ չփոխադրելու վճիռ մը տըրւած էր (1332). նոյն վճիռը կը կրկնուի նա եւ յաջորդ 1334 տարւոյն մէջ ( օգոստոս 13):

Դ. Ամենեւին վնասու մը տակ չի ձգուին ոչ անձինք եւ ոչ ինչք Վենետաց:

Ե. Նոյնպէս եւ ի նաւաբեկութեան. բայց թէ անոնց նաւուց մեջ օտարականք գտնուին: միջին դարուց անհեթեթ օրէնքի մը համեմատ, այս վերջնոցս ինչք գրաւին յարքունիս:

Զ. Եթէ անոնց առ օտարս ըրած երթեւեկի ատեն ` իր երկրին մէջ վնաս մը հասնի, հատուցումն ըլլայ յարքունուստ:

Է. Վախճանեալ Վենետկեցւոյ մը կտակն հաստատուն ըլլայ. իսկ եթէ անկտակ մեռնի եւ հօն իրեն համաքաղաքացի մը գտնուի, ստացուածքն անոր տրուի. իսկ եթէ չգտնուի ոք, մեռնողին քով եղած ինչք կնքուին ու արքունի քարտուղարին (cancelliere) քով որ էր արքեպիսկոպոսն Սսոյ, պահուին. մինչեւ դքսեն կնքուած վաւերական գիր հասնի:

Ը. Իրարմէ դատուին Վենետք ` երբ Մէջերնին խնդիր մի ըլլայ. իսկ եւ չհամաձայնիլն ` արքեպիսկոպոսն Սսոյ վճռէ անոնց դատաստանը:

Թ. Անոնցմէ գործուած սպանութեան յանցանք մը ` թէ առ ազգայինս եւ թէ առ օտարս, արժանապէս դատուի:

Ժ. Նոյնպէս եթէ այլ եւ այլ վէճք կամ կռիւք ըլլան Վենետաց ընդ օտարս:

ԺԱ. Շնորհուի բնակութիւն քահանայի Վենետաց, եկեղեցի եւ փնդուկ ի Մամեստիա:

ԺԲ. Կարենան բնակիլ ուր որ ուզենան, թագաւորութեան երկրին մէջ:

Այս յետին երկու պայմաններուն առաջ նովը կը յայտնուի ` թէ թագաւորն ինքն ձրիաբար կը շնորհէր անոնց բնակութեան տեղի է Մահմեստիա. իսկ եթէ անկէ դուրս ուրիշ տեղուանք ուզենան բնակիլ ` ազատ էին անձամբ եւ իրենց դրամով հայթայթեալ. որով եւ գուշակուի թէ առաջ Գենուացւոց նման զանազան  քաղաքաց մէջ ցրուած չէին Վենետք, այլ եւ միայն ի մահմեստիա, ուր թուի թէ պղտի նաւերով կու գային վաճառականք ընդ Ջահան գետ, եւ անտի ցամաքի վրայէն կարաւանօք կերթային յարեւելակողմն կամ ի հիւսիս, վաճառականութեան գործածական ու վարուն ճանապարհօք, ի մեծամեծ շահաստանս ժամանակին. եւ առ այս ` յարմարագոյն էր Մահմեստիոյ դիրքն քան զՏարսոնի, որ ինչպէս ի հնումն նոյն ատենն ալ Կիլիկոյ գլխաւոր նաւահագիսն էր ` ծովու քով, բայց հեռու մնացեալ վաճառականութեան ցամաքային ճամբարներէն: Քիչ ատենէն թէ Տարսոն եւ թէ Մահեստիա իրենց նախկին փայլն ու կարեւորութիւնը կորուսին, երբ Այաս կերպով  մը իր մէջ կենդրօնացուց, ոչ միայն Կիլիկիոյ վաճառականութիւնը, այլ նա եւ բովանդակ անոր կամ վաճառականութեան մեծ մաս մի, ինչպէս պիտի տեսանենք: Տասնուհինգ տարի ետքը (1215) նորոգեց Լեւոն, առ Գենուացիս տուած Պարգեւագիրը. բայց Վենետացը կերեւի թէ անփոփոխ մնացեր է քառասունեւհինգ  տարուան միջոց: 1245 դուքսն Յակոբ Թիեփոլոյ ` իր Պետրոս Տանտոլոյ դեսպանին ձեռքով ուզեց Լեւոնի պարգեւագիրը վերահաստատել, գրելով առ Հեթում Ա. որ քան տարիներէ ի վեր կը թագաւորէր (1226), իր հօր Կոստանդին մեծ իշխանին ` ճարտարութեամբ ամուսնանալով ընդ Զապելի միակ դստերէ եւ օրինաւոր ժառանգի մեծին Լեւոնի, անոր հետ տէր ըլլալով նաեւ արքունական գահուն, որոյ պաշտպան էր խորագէտ եւ ահարկու ծերունի թագաւորահայրն քառասուն տարի: Հեթում իր եւ թագուհւոյն անուամբը շնորհեց կամ կրկին հաստատեց Վենետաց տրուած երկրորդ ծանոթ Պարգեւագիրը յամսեանն մարտի. որոյ մէջ քանի մը նոր պայմանը կամ շնորհք աւելցած են. ինչպէս: Վենետաց մէջ վէճ մը ծագած ատեն իրաւարարքն յարքունուստ սահմանուին. ու երբ իրաւախոհութիւնն անկարելի ըլլայ, այն ատեն Սսոյ արքեպիսկոպոսն իրենց դատաստանը տեսնէ եւ վճռէ. նոյնպէս, անժառանգ վախճանեալ Վենետաց համար բաւական ըլլայ թագաւորական վճիռն, առանց դքսին կամ Աքքեայի պայլին թղթոց սպասելու:

Տասնուվեց տարիէ ետքը Ռանիերոյ Ծենոյ դքսին քնդրանօք ու իր Յովհաննէս Ծենոյ դեսպանին ձեռօք, Հեթում նորոգեց պարգեւագիրը, յամի 1261 յամսեանն  նոյեմբերի: Թորոս վարդապետի ձեռքով, ու վաւերացնելով Յովհաննէս անուն քահանայի մը ստորագրութեամբ, որ Վենետաց նօտար էր յԱքքայ: Պայմաններն առաջնոյն մէջ նշանակուածին նման ու համաձայն են. միայն ասոր մէջ փոխանակ Մահտեսիոյ ` թոյլ կու տայ անոնց եւ իշխանութիւն եւ Սիս մայրաքաղաքի հաստատել իրենց բնակութիւնը եւ փնդուկ ունենալ հօն. եւ որ աւելի արժանաւորն է նշանակութեան նաեւ յԱյաս քաղաքի. et apud Iaciam dabimus eis locum ad faciendum domum: Նաւահանգիստ եւ շահաստան քաղաքիս այս առաջին յիշատակութիւնն լսուի ի մերոցս. որ գրեթէ ամբողջ դարու մը միջոց Կիլիկիոյ առաջին անունն եղաւ, եւ առաջին ծանօթագոյն եւ ստէպ գըրուացուած թէ յարեւելս եւ թէ մանաւանդ յարեւմուտս ` այլ եւ այլ անուանակոչութեամբ. ինչպէս Ayacio, Layazzo, Giazzo, Iacia. եւ եթէ ոչ առաջին վաճառաշահ քաղաք ի վերայ երկրի, բայց եւ ոչ մէկու մը երկրորդ. որոյ վերայ մարթ էր յերկրագոյն գրել, ինչպէս գրուած է յայլոց եւ մեզմէ: Գուշակուի թէ Եգէա (Egea) քաղաքին ` ինչպէս կը կոչուեր ի հնումն, աւերակաց վրայ կառուցուած եւ նոր քաղաք մը բարձրացած ըլլայ, եւ ի կէս երեքտասաներորդ դարու ` Հեթմոյ տուած երկու Պարգեւագրաց միջոց ժամանակին ` անքոյթ եւ յաջողակ նաւահանգիստ մը դարձած: - Հեթմոյ այս պարգեւագրին առ Վենետս ` կարծեմ որ մինչեւ հիմայ քննուած ու հրատարակուած չէր, ոչ այլ այսքան հին թուական ունեցող Այասայ անունն: Հեթմոյ հրովարտակին լատին թարգմանութեան մէջ, ոսկէկնիք հայ բնագիրը ` Հայոց թագաւորական քարտուղար Թորոս եպիսկոպոսի թարգմանութեանն հետ. տեսեր էր Վենետկեցի նոտարն. բայց Վենետկոյ դքսական դիւանաց ուրիշ արքունի բնագրաց հետ հրոյ ճարակ եղած եւ անշուշտ. բարեբաղդաբար հին օրինակք եւ կրկնագրութիւնք պահուած են եւ կը պահուին ցարդ եւ դիւանական քաղաքին:

Երբ այսպէս հայկական նաւահանգիստն Այասայ բացուցեցաւ համաշխարհական վաճառականութեան, հարկ էր այնուհետեւ հաստատել յայնմ քաղաքի եւ Պայլ ի դիմաց Վենետկոյ, ուր Հասարակապետութեան հպատակք խուռն կը դիմէին իրենց նաւերով (galea) եւ յարեւելից կարաւանք կու գային ընդ րամաք: Նոր պարգեւագիր մի տուած է յամին 1271 Լեւոն Բ որդի Հեթմոյ. որ եւ ի փռանկ լեզու թագմանուած է ի Ժոֆրուա (Jeoffroy) արքունի թարգմանէ, եւ խնդրոյ Լորենցոյ Թիէփոլոյ դքսի յանձնուած առ դեսպանն Պանկրացիոյ Մալիբիէրոյ: Այս Պարգեւագրին մէջ նախ եւ ստէպ կը յիշուի Պայլն ի Հայս. իսկ Վենետկոյ դիւանաց մէջ ինձ ծանօթ եղածն ` երեք տարի յետոյ շնորհուած է (1274, օգոստոս 14, ի վճիռս Քառասնից ժողովոյն ), եւ առաջին կերեւնայ ի շարս նման Պարգեւագրաց, որովհետեւ այսպիսի սկզբնաւորութիւն մը ունի. Incipiunt consilia Baiulo Armenie pertinentia, որով կօրինադրէ Պայլին ` իր խորհրդականաց եերեքին երկու մասին խորհրդոյ համաձայնութեամբ Հայաստանէն բամբակի գնման օրէնքը սահմանել: Քանի մը տարի յետոյ ` (1279, յունիս 15) կը պատուիրէ նոյն ատեանն Քառասնից ` իր պաշտօնակցաց հետ կրկին ընտրութեամբն վերահաստատեալ ի պաշտամանն զՊայլն Հայոց: Իսկ 1282 ին յ ՚ 30 յուլիսի կը վճռէ Ատեանն Մեծ ` որ Հայոց Պայլին թոշակը հաւասար ըլլայ Աքքեայի Պայլին տրուածին, եւ չափն այլ կը սահմանէ քանի մը օր ետքը ուրիշ վճռով մը (8 օգոստոս ), 400 բիզանդ դրամ. զոր քանի մը տարի ետքը կը յաւելու մինչեւ ի 600 բիզանդ [2]:



[1]        1196. La signoria di Venezia acciocchè i suoi cittadini potessero mercantare per tutto, mandò Messer Giacomo Badoer ambasciatore al re di Trebisonda, un bailo in Trebisonda e così nell'Armenia, e Tana un consolo.

[2]        Նոյն ատենին յաճախուած եւ ընդհանրապէս ի գործածութեան դրամն՝ էր «Բիզանդ» կոչուածն, որոյ անունէն կը յայտնուի ծագումն. բայց քանակը կը զանազանէր ըստ այլ եւ այլ տեղեաց՝ որոց անուամբը կը կոյուէր. ինչպէս Բիզանդ սառակինեան, եգիպտական, Աքքեայ, Հայոց, Կիպրոսի, եւ այլն։ Հոս յիշուածն հաւանաբար կիպրոսեանն էր։- Տե՛ս ի Սիսական, 378։