Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Բ. ԶՈՒԼՒԻՍԻԱ
       Չորս կողմն անբոյս ու անմարդաբնակ, մէջտեղը բարձր բլուր մի եւ բլուրի հիւսիսային կողմն անտառներով, կանանչներով զարդարուն ծառոց հովանեաց ներքեւ, տեղ-տեղ ջրոց աւազաններ եւ թռչունք եւ որսի կենդանիք կը թռին, կը շրջին այդ տեղը, յարմարագոյն վայրերը քանի մ’ալ գոյնզգոյն վրաններ կազմաւորուած, իրական եւ երանական դրախտն էր կարծես։ Այս խորհրդաւոր վայրը երկրի ամէն արքունեաց եւ իշխանաց իւր հռչակը հասուցած էր, բայց ընդհանրապէս, փոխանակ փափագ զարթուցանելու, ահ ու սարսափ կ’ազդէր, զի ամէնէն զօրաւոր անձինք, բանակներով անգամ այնտեղ գնացողներ ոչ եւս կը դառնային։ Մէկը գոնէ չէր դառնար՝ պատմելու գաղտնիքը։ Ուստի իւրաքանչիւր հայր իւր զաւկին կտակ կ’ընէր, որ չ’լինի այն կողմն որսի կամ զուարճութեան համար երթան։ Բայց չէին պակսէր նաեւ յանդուգն անձինք, որ կ’երթային, կ’երթային, բայց անհետ կը լինէին։
       Եօթն եղբայրներ կային, թագաւորի մը զաւակներ։ Ասոնց հայրն եւս խրատած էր որդւոց, որ չ’երթան այն կողմն։ Մեծ զաւակն հօր տեղն անցաւ, հօր խրատին վրայ ծիծաղեցաւ, կանչեց իւր մտերիմներ եւ գնացին որսի։ Սպասէ, որ գան, դե՛ռ կուգան։ Միւս եղբայրն եւս, եւ ապա վեցն ալ նստան թագաւոր, ետեւէ ետեւ գնացին ու չ’դարձան։ Կարգն եկաւ կրտսերին. եղաւ թագաւոր։
       Օրեր անցաւ, էլաւ որսի։ Հանդիպեցան մի գեղեցիկ եղնիկի։ Եղնիկ փախաւ։ Ետեւէն ինկան եւ ահա հասան անտառը։ Աներեւոյթ եղաւ եղնիկն։ Իսկ թագաւորն ու մարդիկ զարմացած մնացին տեղւոյն վայելչութեան վրայ, շրջեցան ամէն տեղ, մտան վրանները, տեսան, որ փըռած ու կահաւորած են վայելչապէս եւ ընտիր խորտիկներով ու պատուական ըմպելիքներով պատրաստուած սեղան։ Թագաւոր կ’երթայ աւազաններ ու ծառաստանները դիտելու, իսկ իւր մարդիկներ անհամբերութեամբ կը ճաշակեն սեղանէն։ Կը դառնայ թագաւորն եւ կը գտնէ իր մարդիկներէն ոմանք մեռած, ոմանք մահամերձ, որ կ’աղաղակեն եւ կը մռնչեն։ Կը ցաւի թագաւոր, բայց օգնութիւն չ’կրնար ընել։ Կը հասկնայ, որ թունաւորուած են։ «Ահա այս որոգայթն ինկած են իմ եղբայրներս ալ, - կ’ըսէ ինքնիրեն, - բայց անշուշտ այս որոգայթ լարողներ կան, պիտի գան, տեսնամ»։ Եւ կը քաշուի թաւ կաղնւոյ մը տերեւալից ոստերու մէջ, կը թագչի։ Գիշեր էր։
       Դեռ արշալոյս չ’բացուած՝ մաղ-մաղ աղօթրան կը մաղկըտայ։ Մէջ երկինք, մէջ գետին որոտալից եւ սրարշաւ անտառը կը մտնէ սպիտակ ձիաւոր մը, կը քննէ եւ կը տեսնայ, որ մեռած են մարդիկ, կը բռնէ ոտներէն, կ’անթոլկէ ձորնըվէր։ Հոն արագ-արագ կը հասնին, կը ժողվեն քանի մը ծառաները մեռելոց ձիերը եւ կը բառնան մեռելոց կողոպուտները։ Ոմանց կը հրամայէ մեր դիւցազն, որ քշեն տանին աւարները, ոմանց կը հրամայէ, որ ելնեն բլուրը, արձակեն եղնիկն ու տեսնեն, եթէ որս կուգայ, դառնան խորտիկներով եւ խմելիքներով սեղանը կազմեն։
       Կը շրջի անտառի խորերը այդ հրամայողն եւ մեծ զարմացմամբ կը պատահի ձիոյ մը, որ կապուած է պնտուկի ծառէն։
       -Որքան մարդ կային ինկած, այնքան ալ ձի գտանք, որո՞ւ է աս մէկ ձին։
       -Հեռացի՛ր, սատանա՛յ, - ձայն մը գոչեց ծառերու մէջէն, - հեռացի՛ր, իմ է ձին, կտրիճի գործ չէ մարդ մոլորցընել, մարդ թունաւորել։ Հեռացի՛ր, քեզ հետ կը չափուինք քո տան առջեւ։
       Աչքերը վեր վերցուց հրամայողն, տեսաւ այս խօսքը խօսողը, նախ կատղեցաւ եւ ապա վեհանձնօրէն ասաց.
       -Ադամորդի՛, կը ներեմ քեզ, բայց թէ խօսքիդ պէս սիրտ ալ ունիս, ես կ’երթամ, հեծիր ձիդ, ետեւէս հասիր։ Զուլւիսիան եմ ես, հարցուր եւ կը գտնես։
       Ասաց, հեծաւ ու սրացաւ։
       Թագաւորը տեսաւ նորա ձին, որ հրեղէն էր, հեծնողը՝ լուսեղէն եւ վարսերը ոսկեղէն, որ սփռուած կը ծփային ուսերնը վէր։ «Արդեօք աղջիկ թագաւո՞ր էր նա, թէ աւազակ կին…։ Արդարեւ աղջիկ էր Զուլւիսիան»։ Մինչ նա կը մտածէր ու կը տնտնար, շատոնց աներեւոյթ եղած էր Զուլւիսիան, եւ ոչ հետքը կարող եղաւ գտնել նորա ձիոյն։
       Շիւար ու մոլար ինկաւ ճանապարհ եւ շատ գնաց, քիչ գնաց, հասաւ ետեւէ ետեւ երեք քէօշք ու սարայները։ Ամէն մէկի մէջ կը բնակէին մէկ-մէկ պառաւ մայր դէւեր, միմեանց քոյրեր, եւ ամէն մէկն ունէին քառասունական դէւ զաւակներ։ Մայրերէն սէր ու գութ կը վայելէ եւ դէւերը իրենց մօր բարեխօսութեան համար կը խնայեն թագաւորին, եղբայրագիր կը լինին հետ եւ երբ կը հարցունեն, թէ՝ ո՞ւր կ’երթաս, կը պատասխանէ.
       -Զուլւիսիային, որ իմ եղբայրներս եւ մեր այնքան մարդիկ թունաւորեր, սպաներ եւ կողոպտեր, կ’երթամ իմ քէնը հանեմ։
       Երեք տնէն ալ միեւնոյն բանը կը լսէ, թէ.
       -Հէ՜յ վախ, այս տեղէն անցաւ, դարձաւ։ Գիտնայինք, կը բռնէինք, - կ’ասեն։
       Բայց սո՜ւտ։ Ջուրի պէս կը դողան Զուլւիսիայի ահէն։ Կը համոզեն թագաւոր, որ չերթայ, մնայ իրենց մօտ։
       -Դու մեր ջոչ աղբէր, մենք քո պստիկ, կենանք մէկտեղ, ապրինք մէկտեղ։
       Թագաւոր կը հանէ մկրատ մը կուտայ մէկ տան, ածելի մը՝ մէկ տան, հայելի մը՝ մէկ տան եւ կ’ըսէ.
       -Երբ տեսնէք, որ մկրատէն արիւն կաթի, ածելիէն արիւն ծորայ, հայելիէն քրտինք գայ, գիտցէք, որ ես նեղն ինկած եմ, վտանգի մէջ եմ, հասէք ինձ օգնութեան։
       Կաց բարով, գնա բարով կ’անեն, ճանապարհ նշանց կուտան, եւ թագաւոր կ’երթայ։
       Մութ-մութ գիշերուան մը մէջ քան զարեգակ պայծառ լուսով լուսաւորուած մեծ դարպաս մի կ’երեւայ, կ’ասես, թէ այդտեղ գիշեր չկայ։ Դեհ այդ լուսաւոր դարպասը կը դիմէ, մաթ ու մայլած կը մնայ, կը պտոտի, կը պտոտի, որ դուռը գտնէ, դուռը չկայ։ Պարիսպէն դուրս խոր նկուղէ մը խռալու խռպոտ ձայն մը կը լսէ։ Կը կըզուի, կ’իրիշկի, որ փիր հալեւոր մը կը կընքայ, եւ կանթեղ մը իր առջեւ վառ։ Ներս կը մտնէ, հալեւոր կ’ակհի ու կը հարցունէ.
       -Ո՞վ ես դու, հողածի՛ն։ Այստեղ օձն իր պորտով, հաւքն իր թեւով չէ կարցեր եկեր, դու ի՞նչխ էկար։
       Կը պատասխանէ.
       -Զուլւիսիայի համար եմ եկեր։
       -Հը՛մ, - կ’անէ հալեւոր, - Զուլւիսիայի՜ համար, քանի՛ հազար մարդու գլուխ է կերեր նա։ Ես ալ նորա մէկ զոհն եմ, Չինումաչինու թագաւորին որդին եմ։ Հազար մարդերէն ինձ միայն խնայեց եւ բերեր, այստեղ դրեր երկար տարիներ։
       Թագաւոր կը պատմէ ծերոյն իւր եղբարց եւ մարդոց արկածը եւ թէ ինքն եկեր էր վրէժ հանել, բայց այն վայրկենէն, որ տեսեր Զուլւիսիայի ոսկեղէն մազերը, հրեղէն աչեր, հրեշտակային ձայնը լսեր, սրտին մէջ քէնը գութ դարձեր, եւ վրէժը՝ սիրել։
       -Այժմ ասա ինձ, բարի հալեւոր, ի՞նչ անեմ, ի՞նչպէս վարուիմ, որ Զուլւիսիայի սրտին տիրեմ, - կ’ըսէ։
       -Քեզ խրատ մը տամ։ Զուլւիսիան ամէն առաւօտուն՝ արեւու ծաղկելուն հետ, իր մարգրտէ շապիկ հագած կ’ելնէ վերին շիշաբանդ (բիւրեղակերտ) քօշկը, չորս կողմանց կ’աչքէ իր հողն ու սինօրը։ Թէ ջանավար կամ մարդասուն տեսնայ մտած իր հողը, կը բօռայ եւ իր ձայնէն զարզանդ կը թափէ տեսածին վրէն։ Այդ ձայնը լսող կը մեռնի։ Բայց եթէ դու ճեղլակ փայտ մը տնկես, վրայիդ աբան եւ գլխուդ գտակը վրան անցունես ու փոսի մը մէջ պահուըտես, երկու դիր թող բօռայ, վեր երեքին դուրս կ’ելնես, իրեն երեսը կը նայիս, այլեւս կը խնայէ քեզ ու վեր կը կանչէ։
       Տեղնըցտեղ կը կատարէ թագաւոր եւ երրորդ բօռալուն կը կանգնի Զուլւիսիային աչքն առջեւ։ Կը ճանչնայ զինքն։
       -Յաղթեցիր, - կ’ասէ, - կտրիճ ես եւ ինձ արժանի, մօտ արի։ Ոչ ոք մինչեւ այսօր ապրեր էր իմ ձայնէս, եւ այս էր իմ պայմանն ու գաղտնիքը։
       Մօտ հասեր էր թագաւոր քօշկի պարսպին, լուսամուտէն վար կախեց Զուլւիսիան իր երկայն եւ ոսկեթել մազերը, փէլքէն ու անուշ հոտէն մարդու խելքը կ’երթար գլխէն, եւ մինչ կը համբուրէր զայն թագաւորն, վարսերուն հետ քաշուեցաւ վեր։
       Քառսուն աղջիկ ծառայ ունէր Զուլւիսիան, որ զինք կը պահէին ու իրեն հետ կը հեծնէին։ Էկան խաչկապ կ’այնեցան, ասաց.
       -Ահա ձեր տէրն։ Ինչպէս ինձ ծառայեցիք, ծառայեցէք այս կտրիճին, որ իմ ձայնը լսեց ու ո՛չ խելառաւ, ո՛չ մեռաւ։ Դուք գիտէք, որ իմ թըլլսմն աւերաւ։ Ես կին եղայ եւ սա իմ էրիկ, տուն տեղ, մ ալ մուլք ամէնը իրեն է, ես էլ իրեն։
       Թագաւորի ձեռնէն բռնեց Զուլւիսիան, տարաւ նստեցուց վերին գլուխը։ Քառասուն աղջիկներ լուացին, հագուցին զինքն ու ձեռն պագին։ Առջի գործն եղաւ հալեւորն ազատել, որ ճամբեց իր երկիրը։
       Նոր հարս ու փեսին առաւտուն երեկուն չ’կայ, բայց վերջապէս աշխատանք պիտի, որ վաստկեն, ուտեն, ապրին ու սիրեն։
       -Այժմ ես տանի տիկին եմ, - կ’ասէ Զուլւիսիան իւր էրկան, - ո՛վ իմ կտրիճ սիրական։ Ինձ չ’կպեր որսի երթալ, դուրսեր շուռ գալ, եւ իմ թըլսըմն ալ ինկած է։ Դու պիտի երթաս աշխատիս, մեր դար ու դաշտն աչքես եւ ամէն օրուայ ուտելիք բերես։ Դուրս քաշեցէք իմ հրեղէնը (ձին)։ Ո՛վ իմ հրեղէն, ահա քո տէր, հնազանդէ իրեն եւ թոյլ տուր, որ հեծնէ, գնա՛ ուր որ ինքն ուզէ։
       Եւ, համբուրելով ձիուն աչքերը, սանձը յանձնեց փեսային։ Ձին կայծակի աչքերով նայեցաւ իր նոր տիրոջ եւ թող տուաւ, որ գրկէ իւր վիզը, շոյէ իր կռնակն ու պոչը, եւ միշտ կը դառնար, կը դիտէր ու կը հոտոտար զայն, իբր թէ միտքը պահէր իւր նոր տիրոջ կերպն ու հոտը։
       Գահն եկաւ, որ երթայ։ Գնաց ձին պատրաստեց, բայց միշտ կը դառնայ ետ, կ’ելնէ դուրս, կը մտնէ ներս։
       -Ինչի՞, ի՞նչ կ’ուզես։
       -Քեզնից ի՜նչխ զատուեմ, Զուլւիսիա, քո տեսքից, քո անուշ հոտից։
       -Գնա՛, իրիկուան շուտ արի, ես այստեղն եմ։
       -Կ’երթամ, չե’մ երթար… չ’եմ կրնար երթալ։
       Մարգրտէ տուփի մը մէջ ճիւղ մը իր մազերէն կը քաշէ, կը դնէ Զուլւիսիան ու կ’ասէ.
       -Ա՛ռ, ծոցդ դիր։
       Այս անգամ կ’երթայ։
       Ժուկմ ու ժամանակ մը երթալով գալով, օր մ’ էլ կը պատահի ջէհրանի մը, որ կը փախչի, գետի մէջ կը ձգէ զինքն, կ’ուռի ետեւէն։ Հա՛ զարնեմ, հա՛ զարկի, կը զարնէ ջէհրանը, բայց տուփը ծոցէն կ’իյնայ գետը, ջուրը կը տանի հեռի աշխարհ մը, կը հանէ առուով մը արտի մը մէջ, եւ ջրկալը կը տեսնայ, կը տեսնայ, կը բանայ, կը հիանայ.
       -Տանիմ մեր թագաւորին։
       Այդ երկրին թագաւորն կ’արմնայ կը մնայ տեսածին ու չ’գիտեր, թէ ի՛նչ բան է։ Կը հանէ բերողին բաշխիշը կուտայ եւ իր մեծամեծներ ու գիտոցիկներ մաջլիս կը կանչէ։ Թէ՝ չ’ասէք ինձ, թէ այս ի՞նչ բան է, չ’պիտէք ինձ։ Կա՛մ պատասխան, կա՛մ ձեր գլուխ։
       -Թագաւորն ապրած կենայ, - կ’ասեն, - երեք օր տուր։
       -Տուի։
       Տուփն իր մէջինով կ’առնեն, գիտուն, կախարդ, էլ մարդ չ’մնար կուգան։ Ջատու պառաւ մը կ’իմանայ։
       -Ես գիտեմ, - կ’ասէ, - բայց ի՞նչ կուտաք ինձ։
       -Ճանկ մը ոսկի։
       -Ճանկ մը ոսկի ձեր գլուխն ազատելու համար, ճանկ մ’ էլ կուտա՞ք իմ հանճարեղութեան վարձք։
       -Տուինք, մեզ ազատէ, պառա՛ւ, դո՛ւ քո Աստուած, օրը լրացած է։
       Կ’առնու պառաւն երկու ճանկ ոսկին եւ կը յայտնէ, թէ ով է Զուլւիսիան, ո՞ւր կը բնակի, ի՞նչ է նորա կեանքն, եւ թէ այդ մազն նորա գլխու վարսերէն է։ Ուրախ-ուրախ երես կ’ելնեն թագաւորին եւ իրենց լսածը, իբրեւ իրենց գիտցածը, կը պատմեն։
       Սաստիկ հրաման կ’անէ թագաւոր, որ երթան, Զուլւիսիան բերեն իրեն, թէ չէ՝ իրենց արեւու վերջն է։ Հա՜, հա՜, գօ քեզ փորձանք։ Կ’երթան ջատիին։
       -Պառաւ՛, անես չ’անես, դու պիտի անես, երթաս Զուլւիսիան պիտի բերես, սրտիդ ուզած, բերնիդ բռնածը կուտանք։
       Ջատու պառաւ կ’ելնէ, քանի մ’ օձ կը բռնէ, կը դնէ իր ծոցն եւ ջոբը, օձ մը կ’անէ ձեռաց փայտ, օձ մ’ էլ կ’անէ մտրակ (խամչի ). ծըծումի բերան սեռիկով կը կապէ, կը հեծնէ, կը դնէ գետի վրէն, կը քշէ։ Կ’երթայ, կ’երթայ կը հասնի Զուլւիսիայի խ աս բաղչան. գետի ծայրը այն տեղէն էր։ Ծըծումը խոտերու տակ կը պահէ, ճաթ ու պըլընկ հագած, տքալով ճանապարհի եզրը գլուխ կը դնէ. եւ ահա Զուլւիսիայի փեսան իր հրեղէն ձիով որսորդութենէն կը դառնայ։ Աչքը կը դէպնի պառւուն, կը խղճայ, կը հարցու, թէ ով է եւ ինչպէս էկեր ինկեր է այն տեղը։
       -Վո՛ւյ, որդի, Աստծու բերան քեզ օրհնէ, Երուսաղեմայ ուխտաւոր եմ, կարվանն անցեր էր, ես մոլորուած սար ու ձոր, դար ու դաշտն ինկայ։ Սէրն Աստուծոյ, բրդուճ մը հաց ուտեմ, քո դրան շան մօտ պառկիմ, չուր մ’ իմ ընկերներ գտնեմ։
       Կը գթայ, կը վերցնէ, իր ձիոյն ետեւը կ’առնէ, բայց ձին իմաստուն է, ոտները կը տընկէ եւ պառաւը կը ձգէ գետինը։
       -Ես դրէ դրէ կուգամ, որդի՛, դու քո ձինը քշէ գնա։
       Զուլւիսիան կը լսէ իւր փեսայէն այս դէպքը։
       -Մի՛ բերեր տանդ մէջը, - կ’ասէ, - ողեամը կը բերէ մեր գլխուն, մի՛ պահեր, թող հաց ուտէ ու երթայ։
       Բայց իւր այրը հրաման կուտայ աղջիկ ծառաներուն, որ Զուլւիսիային երեսը չ’հանեն, միայն իրենց մօտ պահեն, խնամեն։ Պառաւ հազար ֆանտի տէր է, բաներ կ’անէ, բաներ կը խօսի։ Աղջիկներ կը պատմեն Զուլւիսիային ու կը համոզեն, որ զուարճութեան համար անգամ մը տեսնայ։
       -Թող գայ, - կ’ասէ։
       Պառաւ կ’անէ, կ’անէ, կը մտնէ Զուլւիսիայի աչքը, այնպէս որ ժամ մը պակաս չ’աներ մօտէն։
       Օր մը պառաւ շատ գովասանք կ’անէ Զուլւիսիային եւ.
       -Հազար երնեկ քեզ, - կ’ասէ, - որ այսպէս էրիկ ունիս։ Նա քո գաղտնիքը իմացաւ ու քեզ տիրեց, սիրեց, դու էլ նորա գաղտնիքն, ի հարկէ, գիտես։ Աստուած պահէ զինք սատանայի շառից, բայց արդեօք ի՞նչ բան է նորա գաղտնիքը, գիտե՞ս։
       -Չէ։
       -Այդ ինչպէ՞ս էրիկ կնիկ էք, թէ որ քեզ սիրէ, իր սըռը քեզ պիտի պատմե։
       Զուլւիսիան այս խօսքէն կը գրգռուի եւ կ’անէ, չ’աներ, փեսայէն կ’իմանայ անոր կտրճութեան ու անպարտութեան գաղտնիքը եւ կը պատմէ պառաւին, թէ. «Կեծակէ թուրն է, որ ցերեկ մէջքը կը կապէ ու գիշերը բարձին տակ կը դնէ։ Ես քեզ պատմեցի այս բանը, որ դու հասկանաս, թէ իմ փեսան սրտանց կը սիրէ զիս»։ Բայց երբ գաղտնիքը խօսէր էր Զուլւիսիային, երդուեր էր, որ մարդու չ’ասէր, ու էրիկ կնիկը մատնիկներ փոխեր էին, Աստուած վկայ բռներ էին իրարու հաւատարիմ մնալու։ Զուլւիսիան չ’պատմեց պառաւին։
       Պառաւ գոհ եղաւ, օրհնէնքներ տուաւ երեսանց եւ սկսաւ իւր չարութիւնը։ Օրեր անցան, իրիկուն մը շատ կերուխում արին, պառկեցան։ Կէս գիշերին էլաւ պառաւն, ամէնքը փորձեց, տեսաւ, որ խոր քներ են, մտաւ, բարձի տակէն թուրը առաւ եւ տանիքէն նետեց ջրի մեծ ոփը ու գնաց պառկեցաւ։ Առաւօտուն աղջիկ ծառաներ ու Զուլւիսիան կը տեսնան, որ չ’ելներ քնէն իրենց տէրը։ Ականջ կը դնեն, որ խռխռոցի խեղդալոխի ձայն մը կայ։ Կը բանան դուռը, կը տեսնան, որ փրփուրը ծածկեր բերան, աչքերն փոս են ինկեր։ Կը կանչեն, կը կանչեն, ձայն չ’տար, լալ ու աղաղակ կ’սկսին։ Պառաւն է, կը վազէ եւ շատ լաց ու կոծ կ’անէ, կը զարնէ իր գլխին, կը զարնէ իր կուրծքին, կը զարնէ իր ծունկերուն երկու ձեռքով։ Ապա կ’երթայ, ծծումը կը բերէ, դուռը պատրաստ կը պահէ եւ յանկարծ օձերով շրջապատեալ ներս կը մտնէ։ Զարհուրանք ամէնուն կը տիրէ, օձերով աղջիկները կը փարատէ, ապա կը դառնայ Զուլւիսիային, օձեր կ’արձակէ վրէն։
       -Կը հնազանդի՞ս, կուգա՞ս հետս, թէ չէ օձեր պիտի հանեն աչերդ, կրծեն երեսներդ, պատատուեն վիզդ, պատռտեն մարմինդ, արիւնլուայ պիտի իյնաս։
       Արհաւիրք այնքան էր, որ բարբառ կտրեցաւ Զուլւիսիայէն, վարեց զինքն պառաւ, տարաւ կոխեց ի ծծումն, խըցեց բերան, հեծաւ, գետի վրայէն քշեց, գնաց, հասաւ, առաւ խուրջ մը ոսկի, Զուլւիսիան յանձնեց վազիրներաց, վազիրներն էլ՝ թագաւորին։
       Մենք դառնանք դեհ մեր կտրիճը։ Աղբրագիր դէւերը տեսեր են, որ մկրատէն ու ածելիէն արիւն կը կաթէ, հայելիէն՝ քրտինք, ելեր ժողվեր եկեր են, թէ՝ կայ, չ’կայ փորձանքի մը պատահեր է մեր եղբայրը։ Եկեր ու տեսեր են, որ հա՛։ Աղջիկ ծառաներէն բանը կ’իմանան, կ’իյնան չորս դեհ կէծակէ թուրը կը պտրտեն, չ’կայ։ Իրիկուն կը ժողվըրդուին. հաց պիտի ուտեն, ի՛նչ ուտեն, ի՛նչ չուտեն։ Կ’իրիշկեն, որ գօ ոփին մէջ պէտ-պէտ ձկներ լող կուտան։ Մէկ-երկու դէւ կը մտնեն ջուրը, ձկներ կը բռնեն, կ’անթոլկեն դուրս, որ խորովեն ուտեն, մէկէլ տեսնան, որ ճոչ ձուկ մը՝ հետ թալելուն երկու տապակ եղաւ եւ փորէն կեծակէ թուրն ինկաւ։ Կըլլեր էր։ Թուրը տարան դրին բարձին, էլաւ նստաւ իրենց եղբայրը։ Լուացուեցաւ, զարմացաւ դէւերուն գալուն։ Զուլւիսիան ո՞ւր է, կը հարցունէ։ Ամէն բան կը պատմեն իրեն։ Կը վազէ դեհ ձին, կը տեսնայ, որ ձին դան է, բայց մալուլեր, թաւալեր մէջ փոշիներաց, ոչ կերեր, ոչ խմեր։ Կը փաթթուի ձիոյ վզով, կը համբուրէ աչքերը։ Ձին կը հոտուըտայ զինքն ու փռնգտալով կը թռի կը կայնի։ Ձիոյն ջուր ու գարին կուտայ, թիմար կ’անէ, սիրտը կը փլի, կուլայ դառնապէս։
       -Ո՛վ իմ հաւատարիմ եւ իմաստուն ձի, դու չարիքը գուշակեցիր, չար պառաւը վրայէդ նետեցիր։ Ես յիմար էի, տունս բերի, ահա թէ ինչեր բերաւ գլխուս…։ Երթանք Զուլւիսիային ետեւէն։
       Կարծես կը հասկնար ձին. փնթփնթալով, խխնջալով, ոտները տրոփելով.
       -Յօժար ու պատրաստ եմ, - կ’ասէր, - երթանք Զուլւիսիայի ետեւէն։
       Դարձաւ, աղջիկներ ազատ արաց, շատ բան ու բարիք եդիր հետերնին, դէւերուն ալ բաշխեց մնացած գանձեր եւ քօշկն ու սարայն։ Ինքն խուրջի մի ոսկի ելից, հեծաւ իր ձին, քշեց։
       Գետի պռուկ կը բռնէ կ’երթայ։ Կ’երթայ, կը հասնի այն քաղաք։ Քաղքի մէկ ծայրը հին ու աննշան տան մը դուռն կը զարնէ, պառաւ մը կուգայ, կը բանայ։
       -Մամի՛կ, մէկ գիշեր քեզ հիւր եմ։
       -Բալա՛մ, ես տեղ չ’ունիմ, ուրիշ դուռ մը գնա՜։
       -Կուց մը ոսկի…։
       -Վէր իմ գլխուն ես էկեր, վէր իմ աչաց, քեզ էլ տեղ կա՛յ, քո ձիուն էլ։
       Կ’առնէ ոսկիներ, կը հիւրընկալէ ճամբորդը։ Իրիկուն է, հաց ու մաց կ’ուտեն, մարդն կը հարցունէ պառաւէն եւ կ’իմանայ, թէ Զուլւիսիան այդ քաղաքը բերուած է, թէ թագաւորի պալատին մէջ է եւ ողջ է, թէ երեսունեւհինգ օր է, որ բոլոր քաղաքը հարսնիք կապեր է, հինգ օրէն պիտի պսակեն Զուլւիսիան թագաւորին հետ, թէ Զուլւիսիան մարդը չ’ընդունիր, թէ պատասխան տուած է եղեր թագաւորին ու ամանով աղու դրեր առջեւ, որ եթէ բռնութեամբ պսակեն, աղուն խմէ ու մեռնի, թէ միշտ լալով կը յիշէ իւր էրիկը…։
       ՛… է՜… հերիք է, մամի՛կ։ Սըռ։
       -Օ՜, քո ուզածէն աւելի։
       -Առ քեզ բուռ մը ոսկի, գնա՛ շուկայն, ձեռք մը խաթունակ հալաւ առ, հագիր, գնա ի տես։ Ահա իմ մատիս մատնին, մատդ անցուր, իրեն նշանց տաս, հերիք է, տես՝ ի՛նչ կ’ասէ։
       Պառաւն է, տեղնըցտեղ կը կատարէ։ Թագաւորի դռնապաններ ու աղջիկ ծառաներ որ կը տեսնան, կ’ասեն, որ վազիրի կնիկն է, Զուլւիսիային իմաց կուտան։
       -Չե՛մ ուզեր, չեմ ուզեր, - կը բոռայ, - թող չգան այդ գարշելիք։
       Պառաւն ականջ չ’աներ։ Կը զարնէ, դուռ կը բանայ, մատնին դեհ աչք կը բռնէ, աչքը մատնիկին կը դէպնի թէ չէ, Զուլւիսիան կը դառնայ Աստուծոյ գառն։
       -Դո՛ւ բարով գաս, հազար բարով, քեզ մեռնիմ, քեզ ղրկողին։
       Դուռը կը փակէ։
       -Ո՞ւր է այդ մատնիկին տէրը, մամի՛կ։
       -Մեր տունն է։ Քո կամքը կը հարցու, ի՞նչ կ’ասես։
       -Գնա՛ ասա՛, թող երեք օր հանգիստ անէ։ Եւ դու գնա թագաւորին, ասա, որ Զուլւիսիան համոզեցի։ Թող միամտի։ Երրորդ օրը ես կ’երթամ խ աս բաղչան, քո հիւրը պիտի գայ փախցունէ զիս… մնացածն իր գիտնալիքն է։
       Պառաւն դուրս կուգայ, հպարտ-հպարտ թագաւորին կը դիմէ։
       -Համոզեցի, - կ’ասէ, - երեք օրէն ետքը՝ արեւ ծաղկելուն, խ աս բաղչան պիտի ելնէ, մինչեւ իրիկուն զուարճանայ, դառնայ ու քեզ հարսն լինի։
       Պառաւ կը մեծարուի թագաւորէն, ընծայ կ’առնէ, կուգայ, իր հիւրին կը պատմէ։
       Եկաւ այն օրը, գնաց նա իր ձիով յարմար տեղ մը։ Զուլւիսիայի հանդէսն սկսաւ, քառսուն ձիաւոր ու քառսուն նուագարաններ առջեւէն, քառսուն աղջիկ ծառաներ կողէն ու կուշտէն, քառսուն ազաբ ներ ետեւէն, կ’երթային խ աս բաղչան։ Թամաշայի կայնողներաց թիւ ու համրանք չ’կար, բերանբաց մա՛թ մնացեր էին, Զուլւիսիային կը նայէին։
       Զուլւիսիան յանկարծ յափշտակուեցաւ։ Հրեղէն ձին երկու հոգի առեր, կը թռեր։ Շփոթութիւն տիրեց բովանդակ նայողներուն։ Թագաւորն իմացաւ, հեծաւ ու անդար հազար մարդ հետ իւր։ Հեռուէն տեսնուեցաւ այն բազմութիւն։ Զուլւիսիանը դրաւ ծառերու եւ ծաղիկներու մէջ, ծածկեց եւ ետ դարձաւ հրեղէն ձիաւորն՝ կեծակէ թուրը ձեռքը։ Հազարը թրով ջարդեց, երկու հազարն հրեղէն ձին փշրտեց։ Թագաւորն իր վախէն ինկաւ ձիէն ու մեռաւ։ Ողջ մնացողներ աղաչանք արին, թէ.
       -Դարձիր, դու մեր թագաւոր եղիր, Զուլւիսիան՝ մեր թագուհին։
       Եւ առօք-փառօք առին, տարան թախտը նստուցին։ րկնից ե րեք խ նձոր իջաւ…)։