Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺԵ. ՍԱԼՄԱՆՆ ՈՒ ՌՈՍՏՈՄՆ
       Սալման անասելի կտրիճ ու զօրընդեղ էր, պէտոսկոր, քան զբլուր մի էր։ Չըկար մարդ, որ իրմէ չ’սարսափեր։ Ինքն կը բնակէր աշխարհի մէկ ծայրը, իր ահն ու զարզանդ հասեր էր աշխարհի չորս ծայրը։ Իրեն յարմար ալ ձի ու զէնք ունէր։ Դոր հասնէր, խարաջ կ’առնէր, թէ չէ՝ կը ջնջէր մարդերը։ Երկրի մէկ կողմն ալ Չալ անունով զօրբայ մի կար, որ տղայ մի ունէր Ռոստոմ անունով։ Ռոստոմ լեռան չափ մարդ էր ու շատ անուն հաներ էր։ Ահա այս Չալի երկիր մինակ հնազանդ չէր Սալմանին։
       Օր մի Չալ հեծաւ ձին ու. «Երթամ, տեսնամ Սալման ի՞նչպէս մարդ է», - ըսաւ ինքն իրեն։ Ելաւ գնաց, գնա՛ց, գնա՛ց ու հասաւ տեղ մի, տեսաւ որ հեռուանց մուխ մի կ’ելնէ, դէմ էն դեհ գնաց, տեսաւ որ մարդ մի հեծուկ, իր ու իր ձիու պէտութեն ասել չ’գար. չըբուխը դրած բերան կը քաշէ, լուլան քան զամրոցք մի, չըբուխի փայտն էլ դու ասա։ Չալ իր զէնքերն ու մզրաղը պատրաստեց, բայց ձիաւորն զանգուն մի թալեց ընցաւ, երեսին էլ չ’նայեցաւ։ Այս բանը ամօթ սեպեց իրեն Չալ ու գնաց, եկաւ, մզրաղ մի զարկաւ։ Ետ դարձաւ Սալման, Չալի ճիտէն բռնեց ու կապեց իր ձիու փորի տակ, քշեց, աղբիւրի մը վրայ պատրաստ չատըրի մը տակ իջաւ, Չալի ականջը մըխեց չատըրի սիւնը ու ինքն քնաւ։ Չալն իր քրբուն կը պատռի. «Հետս էլ չ’խօսեցաւ, -կ’ըսէ, - գիտնայի, թէ ո՞վ է, իր անունն ըսէ՛ր»…։ Քնուց արթնցաւ Սալման հարցուց, թէ. «Տղա՛յ, դու ո՞վ ես»։ Ասաց. «Ես Չալի երկրէն եմ» (վախէն չ’ըսաւ, թէ Չալն եմ)։ Ելաւ, ականջը պրծուց, ասաց. «Գնա՛, Չալի տղային՝ Ռոստոմին, ասա թող գայ, չափուինք. աշխարհի մէջ մէկ պիտի մնայ զօրաւոր, թէ երկու մնան, չ’գիտցուիր՝ ո՞րն է զօրեղ։ Ես Սալմանն եմ»։
       Չալ դարձաւ իր տունը, ծանրիկ ախ մի քաշեց։ Ռոստոմն ասաց. «Աբո՛ էդ ինչ, դու Չալն եղնիս, Ռոստոմն քու որդին, ու դու ա՛խ քաշես։ Քո դարդն ասես պիտի»։ Չալ կը պատմէ տղային իր գլուխն եկածը ու Սալմանէն լսածը։ Ռոստոմն կ’առնէ իր քեռու լաճ Վըժան, կը մտնեն դավրիշի կերպարանք, մէկ-մէկ դաֆ կը ձգեն պառեկ իրենց։ Կ’երթայ, կը պագէ իր Նխշէբալաք ձիու աչքերը ու հօրը կ’ըսէ. «Երբ որ պէտք գայ ինծի իմ ձին, կ’իմանայ ու ոտքերով գետինը կը փշրտէ։ Զէնքերս վրան կապէ, թող տուր։ Ձին իմ կոխած տեղերէն կուգայ, զիս կը գտնէ»։ Վըժանի հետ կ’ելնեն ճամբայ։ Վըժան ալ պզտիկ բրդուճ չէր ու այնպէս ձայնեղ էր, որ երբոր բօռար, արեւելքէն արեւմուտք կը լսուէր։ Ճամբուն վրան շատ քաջերու եւ դէւերու կը պատահին, դաֆ կը չալեն, ձէյնս կ’ընեն (խաղ կանչել)։ Ուր որ իրենց վրայ կուգան, Վըժան կը բօռայ։ Տեղ-տեղ Վըժանի ձայնէն կը սարսափին, կը փախչին, տեղ-տեղ ալ կը բռնէ Ռոստոմն մէկ դէւն, կ’ընէ իրեն կոպալ (հաստ բիր) ու անով մէկալ դէւերը կը ջախջախէ։ Կը պատահին թեւաւոր դէւի մը, որ աղջիկ մը բռներ իր ոտներու մէջ, կը թռչի։ Վըժանը կը բօռայ։ Ռոստոմն լեռ մը կը վերցու թէ զարնէ, դէւը սոսկալուց կը ձգէ աղջիկն, կը հեռանայ։ Կը բռնեն աղջիկն իրենց թեւերուն վրայ։ Աղջիկ կը պատմէ, թէ ինք թագաւորի աղջիկ է։ Կը տանին, թագաւորին կը յանձնեն։ Ռոստոմը կերաւ, խմեց, քնացաւ։ Քաղաքին մէջ յանկարծ վալվալուն կ’ինկնի, փաղչող՝ փաղչողի, պահուող՝ պահուողի։ Ի՞նչ կայ։ Թէ՝ Սալմանն եկեր է, եօթն տարուան խարաջ կ’ուզէ։ Կը ժողվեն արծաթ ու ոսկի եւ վլվլուկ շատ կ’անեն։ Վըժան կ’երթայ, թէ՝ ի՞նչ կայ, կ’իմանայ, որ խարաջ ինչ մարդու հետ խրկեն, այն մարդը կը բռնէ, տանի Սալմանն ու կ’ըսպաննէ։
       -Տուէք ես տանիմ, - կ’ըսէ Վըժան։
       Ռոստոմ քնոյ մէջ կը լսէ Վըժանի ձայնը, թէ. «Հասի՛ր, Ռոստոմ, Սալման զիս տարաւ»։
       Ռոստոմ կը զարթնի, կ’իմանայ եղածը, եւ ահա իր Նխշէբալաք ձին իր քովը կայներ է։ Ռոստոմ կը թռի ձիու քամակ։ Սալմանը կապեր է Վըժանը իր քօշկի մէջը, կ’ելնէ առջեւ Ռոստոմին։ Կուտան, կ’առնեն, զէնքեր կը փշրուին, կ’իջնեն ձիէն, կը գրկուին ու մէկմէկու բարչամէն կը կախուին։
       Մինչեւ այսօր իրար չեն յաղթած։
       Ահա այս է, որ քանի տարին հեղ մը զիրար կը քաշկըռտեն ու զիրար կը ջըռբեն։ Ադոնց դարբէն ժաժկ կը լինի, ու Վըժանի ձայնը հեռուէն խորո՜ւնկ կը լսուի։