Թորոս աղբար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ
       1879 տարւոյ գարունը՝ մեր Օգոստափառ Սուլթան Համիտ կայսրն՝ իւր նախարարապետ Վսեմ. Խայրէտտին փաշային օրով, հրամայած էր, որ Թուրքիոյ Հայաբնակ գաւառաց համար Քօմիսէրներ ղրկուին, որոց պաշտօնն էր ուշադրութեան առնուլ ժողովրդեան դժգոհութեան պատճառները եւ գոհացնել երկրին բնակիչները։ Վսեմ. Եուսուֆ փաշան՝ Աղաբէկեան Սարգիս էֆէնտիին հետ որոշուած էին Տրապիզոնի, Կարնոյ եւ Վանայ վիլայէթներուն բաժնին, Վսեմ. Ապէտին պէյ (այժմ փաշա) Մանաս էֆէնտիին հետ՝ Սեւազի, Խարբերդի եւ Տիգրանակերտի վիլայէթներուն բաժնին։
       Ապրիլ ամսոյն Քօմիսէրները իրենց սահմանեալ վիճակները կ’երթային։ Ասոնց հասնելէն առաջ ոգեւորութիւն մը կը տիրէր ժողովրդեան վրայ, եւ սարսափ բռնած էր երկրի չարերն ու անիրաւները։ Պետութեան մը ընելիքին համաձայն գործեցին այդ բարձր պաշտօնեայք։ Կայսերական գանձը զոհողութիւններ ըրաւ, Արդարութիւնը ինքզինքը ցոյց տուաւ, կեղեքիչները հաւատացին, թէ ինչպէս Աստուած յերկնուստ, նոյնպէս եւ Կայսրն իր գահոյից վրայէն կը յիշէ իւր ժողովուրդը, կը կամի երկրին շինութիւնն ու բնակչաց բարօրութիւնը, կը հաճի պաշտպանել աշխատաւորն, եւ դատել անոնց յափշտակիչներն ու լլկողներն։ Այո՛, այս ամէնը տեսան եւ հաւատացին, եւ այն օրէ զգալի փոփոխութիւն մը կայ այդ երկիրներուն։ Ընդհանրապէս ընտրանօք պաշտօնեայք կը կարգուին գաւառները, Քիւրդ ցեղապետներու եւ շեխերու երեսէն եղած աւերումները նուազած են։ Եթէ երբէք Կարսի եւ Պաթումի գաղթականք, ու ’ի տեղիս տեղիս Չարքազք վնասներ կ’ընեն տակաւին. անոնք ալ պիտի հանդարտին շնորհիւ մեր Վեհ. Սուլթանին, իւր արժանաւոր մեծ եպարքոս Վսեմ. Սայիտ փաշային եւ այլ իմաստուն նախարարաց, որոց անծանօթ չէ այդ վիճակը։
       Բարւոքմանց սերմունք սկսած են ցանուիլ գաւառաց մէջ։ Կրթական գործը առաջնութիւն ստացած է կառավարութեան առջեւ։ Հասարակաց առողջութեան վիճակին հոգ կը տարուի։ Ճանապարհներ կը շինուին։ Ափիոնի, բամբակի եւ այլ այսպիսեաց օգտակար մշակութիւնք կը քաջալերուին։ Հասարակաց փոխառութեան (էմնեաթի) սնտուկներ կը վերահաստատուին։ Գիւղախումբերու (նահիէի) վարչութեան կազմութիւնը գրեթէ ամէն վիլայէթի մէջ կատարուած է, որ տեսակ մը ինքնավարութիւն եւ ինքնապաշտպանութիւն է։ Տեղական (Պէլէտիյէ) ժողովներ ամեն ուրեք կան։ Առեւտրական ու Դատական ատեանները հաստատուած են։ Նոյնպէս եւ վարչական (իտարէ) ժողովք ամէն պաշտօնէութեանց կեդրոնը, եւ այլն, եւ այլն։
       Ասոնց ամէնի մէջը անխտիր կ’ընտրուին ու կ’առնուին մահմէտականն ու քրիստոնեայն, տեղ-տեղ պէլէտիէի րէիս, թիճարէթի րէիս, ընդհանուր դատախազ եւ մուավին, մալ միւտիրի, եւ այլն, եղած են Հայք։ Իսկ դատական կամ վարչական ժողովոց հայ անդամք, ինչպէս նաեւ Առաջնորդք, եթէ բանգէտ ու ողջամիտ անձինք են, գրեթէ իրենց ձայնին կը բերեն ժողովոյն հաւանութիւնը, եթէ իրենց դիրքն ու ջանքը երկրին օգտին համար լինի։ Իսկ եթէ կը գտնուին այնպիսիք, որ միայն որոշումներ, տեղեկագիրներ եւ հաշիւները կնքելու համար կ’անդամակցին ժողովոյ մը կամ պաշտօնէութեան մը, եւ կը լինին գործիք վնասակար անձանց եւ անարդար պաշտօնէից, դոքա կամ իրենց անգէտ ու ապիկար լինելէն է, կամ շահասէր լինելէն։
       Եթէ ժողովուրդն ունի իւր իրաւացի դժգոհութիւնները դատերու, կալուածագրութեանց, հարկերու բաշխմանց եւ հաւաքմանց եւ այլն, համար, բայց կը դժգոհին անոնք ոչ տէրութենէն եւ ոչ օրէնքներէն, այլ գործադրիչ անձինքներէն։
       Ուրեմն բարեխնամ կայսեր, կառավարութեան նպատակն է գոհ ընել իւր երկիրն եւ ժողովուրդը։ Պէտք է հաւատով փարինք մենք ալ նոյն նպատակին։ Մեզի բաւական է, որ կառավարութիւնը տայ այդ երկիրներուն համար լաւ կառավարիչ եւ արդար դատաւոր, պաշտօնեայք, որք ժողովրդեան վիճակը հասկնան, եւ համբերութեամբ ու քաղցրութեամբ վարուին անոնց հետ, ինչպէս նաեւ խիստ ու անաչառ լինին յայտնի չարագործաց համար։ Մեզի բաւական է, եթէ եդեալ օրէնքն առանց թիւրելու ’ի գործ դրուին։ Արդարութեան եւ անխտրութեան համար հաւատք ունենանք, մենք ալ սիրենք աշխատիլ, մենք ալ սիրենք ծառայել երկրին ու կառավարութեան շինարար կոչման՝ իբրեւ բուն մեր շահուն եւ յառաջադիմութեան։ Անյուսութիւնը թողունք, եւ երբ հրաւէր կ’ընդունինք, կամ կ’ընտրուինք այս ինչ պաշտօնին, այն ինչ ժողովոյն գործակցելու կամ անդամակցելու, չհրաժարինք։ Շինութեան համար՝ շինենք, նպաստելու՝ նպաստենք որքան կարող ենք։ Եթէ իրաւունք կ’ուզենք վայելել այս հողին վրայ, պարտական ենք մեր բոլոր ոյժեր թափել հոն։ Այո՛, այսպէս պէտք է ընենք մենք։
       Երբ մեք, փոխանակ մեր տեղը կենալու, փոխանակ հեռացեալքս ալ հոն վերադառնալու եւ ուժով մեր մտաց, ուժով մեր հոգւոյն, ուժով մեր մարմնոյն եւ նիւթոյն այդ երկիրները զարգացնելու եւ տէրութեան ոյժն աւելացնելու, կը պակսինք օր ըստ օրէ՝ մեկնելով ի հեռաւորս, թողլով մեր արտն ու արմատը գօսացած։ Միթէ իրաւունք կը մնա՞յ մեզ այլ եւս գանգատիլ թէ Քիւրդն, Չարքազն ու Մուհէճիր կը լեցուին այդ գաւառները։ Ասոնք բարի են դեռ։ Եթէ մի այլ ցեղ եւրոպական ազգերէ յաջողի մուտ գտնել, ոտն ածել այն տեղերը, ոչ եւս կեանք կը մնայ մեզ պէս ժողովրդեան մը։ Եւ ո՞ւր պիտի ապրինք. ամենայն ինչ կորած է յայնժամ մեզ համար, եւ մենք կորած՝ ամէն բանի համար։ Քան զամենայն առաւել ազդու կը հարստահարէ զմեզ անհոգութիւնն ու անգործութիւնն, որ մեծ պատճառն է մեր աղքատութեան։ Ինչո՞ւ մեր բամբակներէն եւ մեր բուրդերէն մեր գործած տարազները չենք գործածեր մենք. միթէ տէրութիւն բռնութեամբ կը վաճառէ՞ մեզ Եւրոպայի ապրանքները։ Ինչո՞ւ խանգարուած են Ամասիոյ, Թօխաթի, Ակնայ, Արաբկիրի, Խարբերդի, Մալաթիոյ, Տիգրանակերտի, Վանայ, Բաղիշոյ եւ այլ գաւառաց հազարաւոր գործարանները կերպասեղէնի, կտաւեղէնի, չիթի, մանիսայի շալի, շիլայի եւ տեսակ տեսակներու։ Ամէնէն անծանօթ եւ աննշան գեղերու մէջը մտած է Ամերիկայի եւ Անգղիոյ ապրանքն՝ հագնելու եւ կահաւորելու։ Ո՞րքան անձինք կ’ապրէին եւ կրնան ապրիլ այն գործարաններով։ Թող գողը տանի, թող տէրութիւնը հարկէ, ժողովուրդ մը չկործանուիր, բայց սարսափելի կործանումն է, երբ զմեզ անգործութեան կը դատապարտեն, գործն ու գործողները կը խափանեն եւ այնքան մեր սեպհական շահերէ զմեզ զրկելէ զկնի՝ ծանր-ծանր կողոպուտներ կ’ընեն՝ տանելով մեծ քանակութեամբ դրամ մեզմէ, փոխարէն՝ թողլով մեզ շռայլութեանց վարժութիւնը եւ նորաձեւութեանց ճաշակ։
       Այժմ այս վիճակի մէջը ուրիշ բան չկայ ժողովրդեան մեր գաւառները, բայց միայն պարտք առնուլ, մուրհակ տալ, գրաւ դնել, իր անասունն, իր արտն, իր պարտէզն, իր տունն, եւ ’ի լրանալ պայմանին անտրտունջ թողուլ ադոնք եւ մեկնիլ։ Պարտքով կը վճարէ տէրութեան հարկը, պարտքով կը գնէ իր եւ ընտանեաց ապրուստն ու հագուստն պարտքով դատ կը վարէ եւ ծախքեր ուղղակի եւ անուղղակի կը հոգայ դատարանին՝ այնչափ, քան զոր յոյս չունի շահելու, եթէ երբէք իրաւունք վաստկի, պարտքով պանդխտութեան ճամբու ծախքը կը հոգայ, պարտքով, հարսնիք կ’ընէ, պարտքով Եւրոպայէն եկած կօնեաքին ու իքսիրին գինը կը վճարէ…։
       Թէ՛ յիշեալ արհեստները եւ թէ՛ երկիրը մշակելու համար մեծ միջոց մի է տեղական եւ աժան տոկոսով փոխատուներ հաստատել կեդրոն գաւառները։
       Ի Կ. Պօլիս եւ այլ ուրեք պանդխտելով շահելու յոյսը գլխաւոր պատճառ մի է գաւառացւոց, որ իրենց ոյժն ու կեանքը իրենց երկրէն դուրս կ’սպառեն։ Այն ինչ, եթէ այնքան տքնութիւն եւ զոհողութիւն կրեն իրենց տեղը, պիտի ապրին լաւապէս՝ հողն ու արուեստը մշակելով եւ իրենց արդիւնքով ապրելով։ Պանդուխտներն, որ իրենց սերնդեան հետ կը լքանեն, կը պակսեցնեն երկրին գործն ու արգասիքը, եւ դոքա են, որ կը բերեն գաւառները շռայլութիւն եւ այլ եւ այլ մոլութիւններ եւ մահացու ախտեր։
       Ողբալ, անիծել եւ գաղթելու նպատակ ունենալ. ա՛յս է բազմաց մեր գաւառացւոց վիճակը, միշտ հանգիստ որոնել։ Որոնել անշուշտ հանգիստ կենաց բնական եւ կրթական ճաշակ մի է, բայց առանց վաստակելու, առանց տքնելու զայն ունենալ՝ անբնական է։ Այլք իրենց զոհողութեամբ ձեռք բերած տեղն ու ասպարէզը չեն տար, որ ուրիշ մը վայելէ։ Այդ բանը մենք կ’ընենք միայն։ Եւ տեղափոխութիւնը մեծամեծ դժուարութիւն ու զոհողութիւն կը պահանջէ, մինչեւ բնակարան մը ու հաց մը գտնէ մարդ եւ վայելէ։ Տանք այդ աշխատանք մեր բնակած տեղւոյն եւ, առանց կորուստ անձին ունենալու, գոնէ կը վայելենք անտարակուսելի բարիք եւ հանգիստ, ողբն ու անէծք ցնծութեան եւ օրհնութեան կը փոխուին մեր մէջը, եւ, մեր վրայ արժանիք ու բարձրութիւն նկատելով, մեր Վեհապետն եւ այլք պիտի բարձրացնեն կրթեալն, վաստակաւորն, օգտակարն իր երկրին եւ պետութեան մէջը։ Մարդ հասցունենք, Մարդ ունենանք, Մարդ լինինք։
       Ես, առիթ ունենալով ներկայ գտնուիլ կայսերական քօմիսէրի գործողութեանց քանի մը տեղեր, տեսած եմ իմաստուն կուսակալաց եւ պաշտօնէից ոմանց խնամքն ու աջակցութիւնը մեր ազգային շահերուն մէջը, ուր ընդհակառակն օտար պետութեանց մարդիկներէն կային, որ կը մնային կամ կը շրջէին միշտ՝ յուզելու եւ խռովելու հայ ժողովուրդը ընդդէմ հայութեան, դժգոհ ցոյց տալու զհայն ընդդէմ տիրող կառավարութեան, բողոքել եւ կռուել տալ Հայն ընդդէմ Թուրք եւ Քիւրդ բնակակցութեան, եւ դժբաղդաբար մեր զանազան դասերէն ալ շատերը անգիտօրէն կը գտնուէին՝ ջանքեր ու ցոյցերը նուիրելու այդ օտարին շահ առթող եւ մեզ կործանումն բերող մեքենայութեանց։ Անշուշտ, խաբուած էին ոչինչ բաներով կամ սուտ խոստմամբ։ Բայց այս ընթացքը ո՞րքան վնասներ բերաւ գաւառաց, բաց մը տեղի ունեցաւ ’ի մէջ կառավարութեան եւ Ազգ[ային] պաշտօնէութեան, ի մէջ Հայոց եւ ’ի մէջ բնակակից Թրքաց եւ Քրդաց։ Եւ հետեւանքն եղաւ ծանր, մինչեւ պարզուեցաւ, թէ ժողովուրդն անմեղ էր։
       Շատ տխուր էին այն ձայները, որք այս եւ այն գաւառներէն կը լսուէին, թէ՝ Հայքս Անգղիացի կը դառնանք, այսինքն՝ Անգղիական եկեղեցւոյ կրօնքը կ’ընդունինք, թէ՝ Ռուս կը դառնանք, այսինքն՝ Ռուս եկեղեցւոյ կրօնք կ’ընդունինք, տեղ-տեղ ալ այլակրօնութեան դիմելու ձայներ հանին, տեղ-տեղ ալ՝ գաղթելու։ Անշուշտ, ընթերցողաց յայտնի են, թէ այլակրօնութեան փափաքն ի՞նչ կ’ակնկալէր այն այլազգներէն։ Յայտնի են նաեւ, թէ այսօր դոքա ո՛չ Անգղիացի, ո՛չ Ռուս, ո՛չ այլակրօն են, այլ որպէս էին, նոյնպէս եւ մնացած են հայ եւ իրենց տեղն են։ Բայց ո՞րքանի կշռեցան ազգի վրայ այդ կեղծ ու պատիր անխոհեմ ցոյցքերը։ Նրբամիտները դիւրաւ կրնան խելամուտ լինել, թէ Հայուն կանչել կուտային այդ խաղերը մեր օտար ու սուտ բարերարները, որոնցմով տագնապ աւելցուցին Հայուն, աշխատութիւն աւելցուցին մեր բարեխնամ կառավարութեան, բայց իրենք խնդացին ու ծափ զարկին, խաղացին եւ այժմ հանգիստ կ’ընեն։ Հա՞րկ է յիշել Տիգրանակերտը, Վանը, Բաղէշը, Մուշը, Կարինը եւ ողբալին՝ Ալաշկերտն…։
       Ոչ, եղբա՛րք, այս չէր մեր ընելիքը, այդ ճանապարհ դէպ ’ի բաղձալին չէր հաներ։ Այդ կեղծ բարերարները ո՛չ հայուն հօրեղբայրն էին եւ ո՛չ հայուն քեռին, այլ աւելի ճարպիկ որսորդներ ու մսագործներ, որ զմեզ, էրէ վայրիի, պատրաստ ոչխարներու եւ պարարակ կովերու տեղ դնելով, մեր փարախէն կ’ուզէին խրտեցնել, հեռացնել եւ, իրենց ձեռքը ձգելով, ի սպանդ մատուցանել…։ Բայց մենք մարդ ենք եւ որդի մարդոյ։ Ո՛րքան աղուէսոց, գայլոց, արջոց եւ առիւծոց դարեր ու դարանակալութիւններ անցուցեր է Հայն՝ հաւատարիմ մնալով իր Աստուծոյն, իր եկեղեցւոյն, իր խաչին, իր գրքին ու Աւետարանին, իր տաճարին, վանքին, արտին, հողին, ջրին, իր հօրենական տանն ու գերեզմանին եւ իր տիրող թագաւորին, որ ազատութիւն տուեր է ապրելու եւ պաշտելու իր ազգային նուիրական սրբութիւնները, հաւատքը։
       Խաղողը իր բուսած հողին վրայ կը հասուննայ, մանուկն իր մօրը ջերմիկ ծոցը կը զարգանայ, եւ պտուղը հասուննալու, հունձք հնձելու եղանակն՝ ամառն է։
       1881-82-ի ձմեռը Կեդր. վարչութեան որոշմամբ ’ի Բաղէշն էի Վանէն եկած՝ տեղւոյն հայ ժողովրդեան ծանուցեալ ծանրագոյն խնդրոյն առթիւ։ Օրհնեալ է Աստուած, որ յաջորդեց ’ի փառս իւր։ Անտի Թեղուտայ վանքն ու գեղը, եւ Մշոյ Առաքելոց վանքը Արուեստասիրաց ընկերութեան բացած երկրագործական վարժարանը տեղեկագրելու համար պաշտօն տուած էր ինձ Սովելոց Կեդր. պատուական Յանձնաժողովն։ Ապրիլ ամիսն էր, երբ անցայ Մշոյ դաշտը։ Այդ հիանալի, հոյակապ եւ մշտամատաղ դաշտը եւ իւր շրջապատող անտառոտ լեռները, Չուխուլայ շամբերը ամբողջովին ողողեալ էին ձեանց հալքերով, եւ գեղեցիկն արեգակն ծլեցուցեր էր հազար ու բիւր տեսակ կանանչներ ու ծաղիկներ։ Բնութիւնը յուսալից ոգելից վերածնած էր գարնան զեփիւռին հետ։ Կռունկն, արագիլն, սարեակն եւ հազար կերպ թեւաւորք ու եղանակաւորք կը կենդանացնէին այդ օրհնեալ հողն, ձիեր, քուռակներ, գոմէշներ, եզներ, կովն ու իւր հորթը, մագին իւր գառնուկը, այծն եւ իւր ուլը, կը վրվնջային, կը կարկաչէին, կը բառաչէին, կը բայէին, եւ այնքան անուշութեամբ ու երանութեամբ կը լնուին մեր սիրտերը, որ այլ եւս դրախտին չէինք ցանկար, զի դրախտը գտած էինք…։ Վերջապէս ընդ երեկն կը հասնինք Ա. գիւղն Հայոց, ուր տեսայ ժողովեալ գրեթէ գեղացի բոլոր Հայերը, որոց դէմքին վրայ խորին վիշտ եւ վարանումն կը տիրէր։ Ողջունելէն եւ զիրենք հարցունելէն ու օրհնելէն զկնի՝ «Կը զարմանամ, - ըսի, - ինչո՞ւ լուծք չէք հաներ, ինչո՞ւ արտերը չէք հերկեր, այգիները չէք փորեր, տունը նստելու, պարապ մնալու օ՞ր է…»։ «Մենք պիտի չվարենք, չփորենք, չցանենք, չտնկենք այլ եւս», - ըսին ինձ, դառնութեամբ սրտի…, եւ ծանուցեալ բացատրութիւնները երկարօրէն մտիկ ըրի, որոց եզրակացութիւնն էր, թէ՝ «Մեր եզներն ու կովերն անգամ կուշտ խոտ ու յարդ չեն ուտեր, եւ մենք միշտ անօթի, մերկ, տուրքի ու պարտքի տակ, արեւու ու ձիւնի տակ կը մեռնինք… ո՛չ կամք կայ եւ ո՛չ կարողութիւն, որ աշխատինք… որոշեր ենք, որ երկրէն ելնենք։ Ամբողջ ձմեռն մինչեւ օրս այդ կը մտածենք, բայց խօսքերնիս չենք կրնար համաձայնել՝ ո՛ւր երթանք։ Կ’ըսենք՝ Ռուսի հողն երթանք, Աճմու հողն երթանք, Մըսըր երթանք, մեռնինք՝ խօ՛ մեռնինք, իսկ եթէ ապրինք, կտոր մը մարդու պէս ապրինք… այս ի՞նչ է մեր քաշածը…»։
       Այժմ վարանման վիճակն իմ վրայ տիրեց։ Բաւական վշտակրելէս զկնի՝ խօսեցայ, թէ ի՛նչքան անհնարութիւն, դժուարութիւն, կորուստ եւ մահ կայ գաղթելու ճանապարհին վրայ, եւ թէ՝ լաւ է քիչ մը եւս սպասել, համբերել, թագաւորը պիտի յիշէ իւր ժողովուրդը, Աստուած պիտի ողորմի վերջապէս, օրեր պիտի փոխուին, չարերը պիտի պատժուին, աղէկ կառավարիչներ եւ արդար դատաւորներ պիտի ղրկէ թագաւորը, եւ զձեզ պիտի մխիթարէ եւ այլն։
       Մինչ ես օրինակներով կը ջանայի համոզել զիրենք, թէ ամէն երկիր գիշեր կը լինի, խաւար կ’ունենայ, բայց չէ՞ որ Աստուած ամէն օր առաւօտ կը բանայ, լոյս կուտայ մեզ, ձմեռուանէն յետոյ կուգայ գարուն. ամէն աշնան չորցած, քաղուած, տրորուած ու գօսացած հողը Աստուած կրկին կը կանանչեցնէ գարնան արեւով։ Կը հալին ձիւները, կը տաքնան օդերը, կը ծաղկին դաշտն ու ծառերը, այսպէս եւ մեր վիճակը կը նորոգուի՝ շնորհիւ մեր հայրախնամ Վեհ. Սուլթանին։ Յանկարծ ծերունի մը, իբրեւ կցորդ իմ ձայնիս, կրկնեց ու մատով ցոյց տուաւ գեղի առջեւի մարգագետինը. «Եղբարք, - ասաց, - տեսէք սա չայիրը։ Գեղի տաւարը, գնացողի-էկողի գրաստները ամէն օր կը կոխկռտեն ու կը կոծեն, հէմլէ կանանչ է, կանանչ է, ինչի՞, որ իր արմատը կը մնայ իր տեղը։ Մեր ազգ լէ, որ մինչեւ այսօր այնքան կոխկռտուեր, ճռփուեր, քաղուեր է, նորէն կանանչացեր է տեղին վրայ. մենք կը չորնանք, կ’ոչնչանանք, թէ որ մեր տեղն ու մեր հողը փոխենք։ Եկէք, մ’ընէք, Աստուծոյ ողորմութիւն շատ է, Թագաւորի ռահմ շատ է…»։
       Այս ծերունւոյն խօսքերը եւ տուած օրինակը կրնան ամէն տեղի Հայոցս վրայ ալ տպաւորութիւն ունենալ։ Արդարեւ ժողովրդեան մը ու ազգի մը կեանքը հոգեկան կապեր ունի իր ծնած հողին ու արեւին հետ, իր հօրն ու մօր գերեզմանին հետ, գետին եւ արտին հետ, աղբիւրին եւ ծաղկին հետ, աստղին ու ամպին հետ, վանքին եւ սուրբին հետ, թռչնոյն եւ անտառին հետ, թմբուկին ու պարին հետ, գոմին ու գոմէշի հետ, հորթիկին եւ գառնուկին հետ, թոնիրին եւ մուխին հետ. «Ո՞ տայր ինձ զծուխն ծիրանի, եւ զառաւօտն Նաւասարդի, զվազելն եղանց, եւ զվագելն եղջերուաց, մեք փող հարաք եւ թմբկի հարկանէաք»։ Ահա քեզ թագաւորի մը հոգեկան կարօտ, մեր Արտաշէսին։ Որքա՞ն հապա ժողովուրդ մը, որ կրնայ մաշուիլ եւ կորչիլ այդ կարօտութեանց պատճառաւն անգամ։ Դիտուա՞ծ է արդեօք, երբ մէկը առաջին անգամ իր ծնած տեղէն պանդխտութեան դիմէ, ուր որ լինի, գնացած տեղը հիւանդութիւն մը կ’ունենայ, եւ չը բացատրուիր, թէ ո՞ւր տեղը կը ցաւի։ Օդոյ եւ ջրոյ փոփոխութեան կուտան շատեր այդ բանը, բայց ոչ, պէտք է ըսել հայրենական տան կարօտը կրելու հիւանդութիւնը։ Ես իսկ յաճախ ենթակայ եղած եմ, շատերու վրան ալ տեսած եմ։ Ո՞ւր կը մնայ հապա գաղթականութիւնը, որ ըսել է՝ անդարձ պանդխտութիւնը։ Սիրտ եւ հոգի կրող գաղթականի մը հարցուցէք, թէեւ ունենայ փարթամ եւ անդորր վիճակը, հառաչանօք կը յիշէ իւր թողած վայրը…։ Եւ միթէ ամէն գաղթողը կը յաջողի՞. հազարներէն հազիւ մէկը։ Ինձ ծանօթ է, թէ քանիցս մեր գաւառներէն գաղթել ուզողները դրացի պետութենէն պատասխան ընդունած են բնակելու Կովկասէն հեռու։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի չտեսնան Մասիսը, չտեսնան Այրարատը, հեռի Գեղամայ ծովէն, Արագածի հովերէն, հեռի նոյն իսկ Տփղիսի հայերէն, որք կենդանի շղթայ մի են այդ լերանց, հողին ու ջրին եւ հողմոց տալուն առնելուն։ Այս գիտեն պետութիւնները, թէ խոտն իր արմատին վրայ կը զարգանայ եւ կը կանանչի։
       Միթէ հարկ կա՞յ պատասխանելու անոնց, որք կ’ըսեն, թէ բարեկեցիկ վիճակը հերիք է ազգի մը կեանքին համար, երբ նա մանաւանդ կը տանի իւր հետ իւր կրօնքն ու լեզուն, կը կառուցանէ եկեղեցի, վարժարան, ունի քահանայ, ուսուցիչ եւ ալ ինչո՞ւ պիտի կորսուի նա։
       Իմ ընթերցողաց ծանօթ է խորամանկն Շահաբաս, որ Սպահանի մէջ ամէն ընդարձակութիւն տուաւ իր տարավարած Հայոց։ Անձամբ կը պատուէր անոնց կրօնական տօները, կը շնորհէր եւ կը նպաստէր փառաւոր եկեղեցիներ շինելու, կը պսակաւորեր կղերն, բայց միշտ ախ ու վախ կը լսէր Ջուղայեցի գաղթականներէն։
       –Ի՞նչ կը պակսի ձեզ. ահա տուն, պատուական վայր ձեր բնակութեանց, ազատութիւն, համակրանք, վաճառականութիւն, շահ, վայելեցէք եւ Շահին համար աղօթք ըրէք։
       –Էջմիածնէ՜ն զրկուեցանք, - հառաչեցին ամենքը իրենց սրտերէն…։
       Էջմիածի՜ն։ Բառ մի էր, որ ժողովրդեան հազար տեսակ հոգեկան իղձերը կը բացատրէր։ Բայց եւ քիչ մնաց, որ այս անմեղ ու բնական իղձը անհետ ընել տար զԷջմիածինն, որպէսզի անհետէր Հայոց սրտերէն ու հոգիէն այն կարօտը։ Մտածեց Շահն քակել այդ Աստուածաշէն հիմունքը եւ Սպահանի մէջ կառուցանել զայն։ Հազիւ զգալով անմեղները իրենց նուիրական զգացմանց յայտնելուն ծանր մեղքը եւ անոր ծայրագոյն հետեւանքը՝ յաջողեցան համոզել զՇահն եւ միայն քանի մը քարեր բերել տրուեցաւ Էջմիածնէն եւ Ս. Լուսաւորչին աջը…։
       Անցաւ սակայն հետզհետէ այդ սերունդն, եւ գաղթականութեան հատուածներն աստ եւ անդ բաժիններ տուին։ Հնդկաստանի Հայք ամէնէն երջանիկ գաղթակա՞նք եղան։ Յիշե՞նք նաեւ ’ի Լեհաստան գաղթեալ Հայք, եւ մեծաւ մասամբ այսօրուան Րումանիոյ Հայք եւ այլն։ Ամենքն ալ Հայ լեզուն եւ Հայ կրօնքն իրենց հետ տարած ու բաւական տարիներ ալ պահած էին, բայց թուել գիտցող մը թող բաղդատէ այսօր գաղթելոց եւ մնացելոց թիւերը եւ քննէ, թէ ի՞նչ պատճառաւ սպառեցանք։
       Կ. Պօլիս եւ իւր շրջակայքը տարբեր պատճառներ ունին։ Այս մայրաքաղաքը միշտ հաղորդակցութեան մէջ է ամէն երկրի Հայոց հետ, եւ գաւառները՝ սոյն կեդրոնին հետ, ուր պանդուխտներէն անպակաս են, ամ յամէ եւս կը նորոգի այստեղի պանդուխտներու բնակութիւնը։ Ակնցի, Կեսարացի, Մշեցի, Վանցի եւ այլ Գաւառացի ո՞ր թաղի մէջ չգտնուիր, ո՞ր տունը, ո՞ր խանը, ո՞ր նաւահանգիստը, ո՞ր եկեղեցին, շատերն ընտանեօք, շատերն ալ հոս ամուսնացեալ։ Անպակաս են եւ եկեղեցականք։ Այստեղ մանաւանդ Օսմ. Բարեխնամ Կայսերութիւն մեծամեծ խնամքով պահած է Հայերը եւ յատուկ ուշադրութեան արժանի է, միակ Կայսերութիւնն է, որ չներեր իւր հպատակաց, մասնաւորապէս Հայոց, գաղթելու իր հողէն՝ ջանալով գոհ ընել զիրենք։
       Պատուական եւ օգտակար էր այն սովորութիւնը, երբ Էջմիածնի նուիրակները կը շրջէին Հայոց մէջը՝ թէ՛ իրենց բնիկ հողին վրայ բնակողաց եւ թէ՛ գաղթելոց օրհնաբեր եւ ողջունաբեր լինելով, Հայոց՝ եւ Հայոց մէջը, եկեղեցւոյն՝ եւ իւր մայր Աթոռոյն մէջը։ Ոչ միայն շնորհաբաշխ եւ նուիրահաւաք էր անոր պաշտօնը, այլ եւ խնդրակ եւ բանբեր։ Հարցուցէք պատմութենէն եւ քննեցէք։ Կը տեսնաք, որ, նուիրակաց անհետանալէն զկնի, կորուստներ սկսեր են մեծամեծ յաջողութեամբ կլնուլ զՀայն։ Օտարաց գործունէութեամբ լեզուն ու կրօնքը կողոպուտ տուած, Հայոց վանքի Եպիսկոպոսն ու Մայրապետն դեռ կը պահեն Լուսաւորչի պատկերն եւ կը յիշեն ջերմեռանդութեամբ Սուրբ Էջմիածինն՝ յԱւստրիա կամ ’ի Բոլոնիա, ինչպէս կը գրեն տեղեկագիրք եւ այցելուք։ Նոյնքան օգտակար էր նաեւ Մշոյ Սուրբ Կարապետի նուիրակն, որ կը շրջէր ուր որ Հայու հոտ առնէր, եւ ցայսօր այդ նուիրակութեանց արգասիքն է, որ Մոզդոկէն, Աժտէրհանէն, Խրիմէն, Նոր Նախջեւանէն, Կովկասէն, Պարսէն, Րումանիայէն եւ Թուրքիոյ գրեթէ ամէն գաւառներէն ամէն տարի ուխտ ընողներ, ուխտ էկողներ բազմաթիւ են այդ սուրբ հողոյն վրայ կառուցուած սուրբ ուխտին, մուրատատուր Սուրբ Կարապետին, ուր էկողները կրօնապէս մխիթարուելէն զկնի, հոգեպէս եւ մտաւորապէս ալ կը ճաշակեն քաղցրութիւն յիշատակաց, տեսութիւն վայրաց, մեր անմահ նախնեաց։
       Ա՜հ, ուխտաւորութիւն, ի՜նչ հզօր եւ սրբազան կապերով կը կապես մեր կեանքը մեր արմատին։ Ուխտաւորն, երբ իր աչքով տեսնէ այդ երկիրները, այլեւս անփոյթ եւ անտարբեր չմնար, երբ լսէ, թէ այդ վանքը կը կործանեն քանի մը կրօնաւորաց կիրքեր եւ աշխարհականաց ոմանց շահերը։ Անփոյթ եւ անտարբեր չկրնար կենալ, երբ լսէ թէ, կը գայթակղի, հաւատափոխ կը լինի ժողովուրդ այս եւ այն պատճառով եւ թէ կը գաղթեն այդ երկրէն հայերը…։
       Անսպառ են այս նիւթոյն վրայ գրելիք, բայց ես կը փութամ այստեղ դնելու ընթերցողաց աչքի առջեւ մի պատճէն բարձրագոյն Հրամանագրին, զոր Բ. Դուռն հաճեցաւ Ազգ. Պատրիարքարանի խնդրանաց վրայ գրել հայաբնակ գաւառաց կուսակալութեանց։ Կը հրատարակեմ զայն՝ ցոյց տալու համար, թէ Օսմ. Կայսերական կառավարութիւնն ո՛րքան բարեմտութեամբ եւ հայրաբար կը հոգայ իւր Հայ ժողովուրդն, որ կը յանձնարարէ պատրիարքարանէն ղրկուած վարդապետին «պատիւ, ընդունելութիւն եւ ’ի հարկին ամէն դիւրութիւն եւ ձեռնտուութիւն», ըստ խնդրանաց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որոյ պաշտօնն էր «խրատել Հայ բնակիչները, հարստահարութեանց պատճառաւ հայրենիքին թողլու նպատակէն ետ կեցնելու»…։ Վայելեցինք արդարեւ յանձնարարեալ կայսերական շնորհքները, եւ դիւրութիւն ընծայուեցան, գործեր գործուեցան, զորս այստեղ մանրամասն յիշատակել աւելորդ կը թուի։
       Ահաւասիկ Հրամանագրին Հայերէն։
       Բարձրագոյն հրամանագիր
Խարբերդու կառավարութեան ուղղեալ
       Համար 29
       Մեծաշուք Տէր,
       Այդ կողմերու Հայ բնակչաց՝ Քրդերէ եւ ուրիշ անձերէ կրած հարստահարութեանց պատճառաւ Հայրենիքնին թողելու նման դիտումներ ունենալնին՝ իրենց պատրիարքարանի կողմանէ իմացուելով զանոնք իրենց սոյն նպատակէն ետ կեցնելու եւ իրենց Հայրենեաց մէջ մնալու համար խրատելու եւ յորդորելու պաշտօնով՝ Գարեգին վարդապետն այդր ուղարկուած ըլլալով, եւ յիշեալն Խարբերդի (հոս գաւառները կը թուէ) կողմերը երթալուն՝ իրեն նկատմամբ պատիւ եւ ընդունելութիւն ցոյց տալու, եւ ’ի հարկին ամէն դիւրութիւն եւ ձեռնտուութիւն ընծայելու մասին՝ վերոգրեալ տեղերու իշխանութեանց հարկ եղած հրամաններն ի գործ դնելու համար՝ Հայոց Բարձրաշնորհ պատրիարքին կողմանէ խնդիր մատուցուած լինելով, կարեւոր եղածն ’ի գործ դնելու եւ կատարելու շնորհն ընելնիդ կը յանձնարարուի ներկայ գրութեամբ։
       9 Րեճեպ V (Կնիք)