Թորոս աղբար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆԱՑ ԱՌԹԻՒ ՔԱՆԻ ՄԸ ԽՕՍՔ
       «Գիրք փակեալ կուռք են»։
       Ի յիշտկրնէ Ս. Կիր. վանից Երզնկայի
       Մեր օրէն իբր 500 տարի առաջ՝ խաւարի եւ հալածանաց դարուն, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ գրոց լուսաւոր մի խօսքն է, զոր կը դնեմ գրուածքիս ճակատը. «Գիրք փակեալ՝ կուռք են»։
       Հայոց եկեղեցին եղեր է եւ է ամենայն ինչ Ազգին համար։ Հայ ազգն ոչ միայն իւր գոյութեան պահպանութիւնը կը պարտի իւր եկեղեցւոյն, այլեւ փշրանք եւ նշմարք նախնեաց, եթէ ազատուած են եւ մինչեւ մեզ հասած, ի շնորհս եկեղեցեաց եւ վանորէից է։ Ասոր համար թագուհիք իրենց գանձերը, տիկնայք իրենց զարդերը, ընչեղք իրենց դրամն, հողն, այգին, կալուածն եւ այլն, ի կենդանութեան եւ յետ կենդանութեան նուիրած են, եւ ցայսօր ունեւորք կը նուիրեն այն սրբազան յարկաց եւ հաստատութեանց, «Յիշատակ ի Սիոն»։
       Եւ բազումք, խաչ, սկիհ, զգեստ, աւետարան, շարական եւ այլն կռել, կարել եւ գրել տալով, կամ խորան մը, յարկ մը կառուցանելով, իրենց անունն օրհնութեան արժանի ըրած են եւ ի Քրիստոսէ վարձք ստանալու հաւատով աշխարհէս մեկնած եւ յաշխարհի ապրած են։
       Իրենց եւ իրենց սիրելեաց անունն նուիրեալ մատենից մէջ եւ շինուածքի մը վրայ դրոշմել տուած են, ոմանց ալ պատկերները նկարուած կամ քանդակուած կան՝ հանդերձ իրենց տոհմական պատմութեամբ եւ Քրիստոսասէր հոգւոյ իղձերով, որք արժանի են տեսնալու, զմայլելու եւ խնամքով պահպանուելու ազգին մէջ անմահապէս։
       Արդարեւ, կորուստ մեծ կորուսած է Հայն, եւ այն՝ ոչ միանգամ, եւ ոչ երկիցս, այլ բազմիցս։ Կորուստ մ’ինքնին եղած է Հայն՝ անհամար բազմութեամբ ցիրուցան լինելով, տեղէ տեղ փոխուելով, ազգէ յազգ անցնելով, որք ի գնալն եւ ի մնալն աւանդած են եկեղեցւոյն ինչ որ զերծուցած են աւարէն եւ մահուանէն, ընդ որ եւ իրենց վիշտն եւ փափագը, եւ շինուածոց եւ աւերածոց, լաւաց եւ վատաց, դիպուածոց եւ արարուածոց յիշատակները, որ կը տեսնուին մագաղաթներու վրայ, մատենագրութեանց մէջ, աւետարանի կողը եւ ամենայն մատենից մէջը, էջը ու վերջը։
       Ժամանակի դժբաղդ պատահարներ արդարեւ աւարեր, այրեր եւ ապականեր են անթիւ եւ անգին կեանք ու գոյք Հայոյն, տապալեր են շէնքը քաղաքաց, աւանաց, բերդից եւ ապարանից, ի տեղիս տեղիս մուրճն ու փայտատն քանդեր են նաեւ սրբավայրից հոյակապն ու ամուրն, բայց, այդ այն ժամանակները միայն, երբ մարդն ապաստաներ անոր մէջը, զի յաճախ գիտենք, որ արշաւանաց երեսէն վարեալք եւ վտարեալք իրենց գոյքն ու կեանքը ամրացուցած են վանորէից եւ ամրակուռ եկեղեցեաց մէջը։ Ահա յայնժամ աւարիչք պաշարեր եւ քանդեր ու կողոպտեր են զայն։ Առանց այս պատճառին՝ կը տեսնանք, որ սովորաբար մեր վանքեր եւ եկեղեցիներէն շատերը մնացած են զերծ՝ պատկառանք կարծես ազդելով անագորոյն աւերչաց։ Բռնաւորներէն եղեր են ոմանք ալ, որ զիրենք յանձնարարած են կրօնաւորաց աղօթից եւ շնորհներ թողած են, հրովարտակներ տուած են այս եւ այն վանքին։ Վանքերէն եւ եկեղեցիներէն շատերը, Հայ բնակչաց փախստեամբ լքեալ մնալով, աւրուեր են ամայութենէն։ Գիտենք այնպիսիներ ալ, որ ներքին յափշտակութեանց եւ անկարգութեանց երեսէն աւերակ դարձած են։
       Կարի տխուր է տեսնել մեր վանքերու անշէն եւ ինկած վիճակը նոյն իսկ մեր ձեռքով, մեր օրով։
       Ո՛րքան մեղաւոր եմք, որ մեր նախնեաց մեզ թողուցածը գոնէ պահել եւ վայելել չգիտենք։ Ի՞նչ դժուարութիւն կայ, որ իւրաքանչիւր գաւառը իր մէջը կամ վանք մը կամ եկեղեցի մը յատկացնէ թանգարան հին մատենից, ինչպէս ըրաւ ի Վարագ մեր Ս. Հայրիկն, եւ հոն խնամքով հաւաքեն, կարգաւորեն ու պահեն այդ գանձերը ապականութենէ եւ յափշտակութենէ. յափշտակութիւն, զոր չեն կատարեր ելուզակներ, այլ զօշաքաղք, որոց ձեռքով կը վաճառուին Աւետարաններ եւ զանազան ընտիր ձեռագիրներ ու կը փոխադրուին յարեւմուտս՝ իբրեւ հնութիւն եւ հրաշալիք արուեստից։ Մնացեալներն ալ հողոյն տակ, կաթիլներուն տակ, փոշիներու մէջ կ’ոչնչանան եւ կ’անհետին։
       Ա՜հ, ո՞րքան մեծ յոյս ունէինք Ղալաթիոյ Մատենադարանի հաստատութենէն։ Ի՞նչ եղան հիմնադիրք եւ ընկերք, ի՛նչ եւ քանի՜ հնութիւնք կրնայինք հաւաքել այնտեղ, եւ զանազան ձեռագիրք եւ յիշատակարան ի լոյս ածել՝ պարբերական հանդէս մը հրատարակելով, զոր այսօրուընէ իսկ սկսիլ շահ է։ Ես զիս կը դնէի այդ քաղցր ծառայութեան մէջ՝ իմ տկարութեանս չափով աշխատելու թէ՛ այդ յարկին տակ եւ թէ՛ վասն այդ յարկին շրջելով դուրսերը։ Ես յոյս ունիմ, թէ կան ու կը գտնուին գերազանց կարող անձինք յօժարաբար աշխատակցելու, եթէ միանգամ գործն սկսէր։
       Ստոյգ է, թէ Ս. Էջմիածին, Ս. Երուսաղէմ, Վենէտիկ, Վիէննա, Արմաշ, Վարագ, եւ այլն, իրենց չափով արդիւնաւորած են Հայ գրականութիւնը եւ ունին մատենադարաններ։ Ունինք բաւական անհատներ ալ, որ փայլած են ու կը փայլին պիտանի վաստակներով, բայց քան զամենեսեան առաւելն կրնայ ընել Ղալաթիոյ Մատենադարանն, զի յարաբերութեանց ամէնէն յարմարն է թէ՛ հայրենի գաւառաց հետ եւ թէ՛ հեռացեալ գաղթականաց հետ. այո՛, եւ յոյժ դիւրութիւններ ունի։
       Այդ յարկը կարող է եւ ազգային մատենագրաց եւ գրագիտաց ընծայել միջոց, ուր գտնան իրենց պէտք եղած գիրքը եւ օգտուին։ Փորձով գիտենք, թէ որքա՜ն բան գրողներ կան մեր մէջ, որ առ ի չգոյէ գրեանց ստիպեալ են չգրել, կամ սխալ եւ ընդ տարակուսանօք գրել։
       Դառնալով մեր յիշատակարանաց վրայ՝ ընթերցողն կը տեսնէ, թէ ուրեք-ուրեք յապաւած ենք կրկնութիւնները, տեղ-տեղ ալ արդի տպագրական օրինաց անպատշաճները։ Այսու ամենայնիւ, դարձեալ կը մնան հետաքրքրական եւ բնասիրութեան արժանի։
       Հայոց մատեաններն ալ Հայ մարդոց պէս գերութիւն եւ գաղթականութիւն կրած են. կը տեսնես՝ Վանը գրուածներէն եկած են յԱկն, Բաղէշէն՝ Տիգրանակերտը, Տիգրանակերտէն՝ յԱյրարատ, Սասունէն՝ Կիլիկիա, Կամախէն՝ Նիկոմիդիա եւ Պրուսա, Կարինէն՝ ի Խարբերդ, Մուշէն՝ ի Սեւազ, Կիլիկիայէն ի բազում գաւառս եւ ի Պօլիս, Անիէն՝ ի Րումանիա եւ ի Լեհաստան, Տփխիսէն՝ ի Վան, Էջմիածնէն՝ ի Հնդկաստան, Ջուղայէն՝ ի Զմիւռնիա, եւ այլն։ Է, որ գաղթողները հետ տարած են, է, որ գողերէ եւ յափշտակիչներէ գնած ու գերեթափ ըրած են։
       Կարի օգտակար կը լինէր, եթէ ծանօթութեամբ հրատարակէինք յիշատակարանները, բայց ես անձեռնհաս կը գտնուիմ ժամանակի եւ այլ միջոցներու առջեւ։ Այդ գործը որչափ օգտակար, այնքան ստուար կը լինէր։ Արդէն մեր Վարագայ միաբանակից Փիրղալէմեան Գեր. Ղեւոնդ վարդապետ կատարած է զայդ իւր ճոխ օրինակութիւններով, որոց վրայ բաղդատութիւն եւ պատմական դիտողութիւն աւելցուցած է իւր կողմանէ, թէ Նորին Հայրութեան փոյթն ու տքնութիւնն, եւ թէ ազգային բանասիրութեան փափաքն իրապէս գոհ պիտի լինի, եթէ յաջողէր այդ աշխատասիրութեան հրատարակութիւնը։
       Յիշատակարանաց տպագրութիւնը յոյժ պիտանի գործ մի է, որ կը լուսաւորէ պատմութիւնը, կը ցուցնէ անյայտ եւ շփոթեալ անունները անձանց եւ տեղեաց, կ’ուղղէ տարեգրութիւնները, կը յայտնէ իրողութիւններ եւ սովորութիւնները։ Ջերմ օրինակ կ’ընծայէ Աստուածպաշտութեան, օրինակ հայրենասիրութեան։ Նշանաւոր մի ցանկ կը բանայ մեր աչքին առջեւ անուանակոչութեանց արանց եւ կանանց, յորս թէպէտ այլազգի անուանք յաճախ են, այլ կան նաեւ ընտիր-ընտիր ազգային անուններ։ Կը բացատրուի, թէ ի՞նչ ըսել է եղեր Վանք, ի՞նչ՝ Անապատ, ի՞նչ՝ Դպրոց, ի՛նչ Մենաստան, եւ, թէ ի՞նչպէս եւ քանի՞ գեղեցիկ վաստակներ ունեցած են այն արտասուաց դարուց հայ կրօնաւորներ ու անապատաւորներ, որոց մատանց արդիւնքն է, որ ցայսօր դեռ այնքան բազմաթիւ Աստուածաշունչ, Աւետարան, շարական, մաշտոց, ճաշոց, ժամագիրք, ճառընտիրք, պատմութիւնք եւ այլն, եւ այլն։ Գեղեցկագիրք եւ գեղանկարք լի են մեր մէջը՝ այնքան գերի եւ կորուստ տալէն զկնի։ Մարդ կը համարձակի ըսել, թէ տպագրածներէ աւելին ունինք, եւ որք, իբրեւ չքնաղ գործ եւ արուեստ եւ զարդ եւ նկար եւ վայելչութիւն, արժանի են յատուկ ուշադրութեան, ինչպէս արդէն կը գնահատուին Եւրոպացի գիտուններէն։
       Այսպիսի ազգի մը ու աշխարհի մը մէջ մեր երկրի հակոտնեայք եկեր են, աւետարա՛ն կը տարածեն, ազգի մը ու աշխարհի մը, որք այսքան ունին եւ իրենց համար «Գիրք փակեալ՝ կուռք են», եւ այս գրքերով կրցած են ապրիլ ու չփճանալ, որոց կրածին քառորդին չափ եթէ պատահէր այլ ազգաց, ա՛յդ ազգաց, թերեւս չկային այսօր։
       Այժմ իմ հրատարակելիքներն են քանի մը օրինակ՝ Բաղէշէն եւ Վանէն օրինակուած, եւ այնուհետեւ սոյն գրքուկիս ընթացքին համեմատ կ’սկսինք Երզնկայէն, կը վերջացնենք ի Տիգրանակերտ։ Անշուշտ, ինձ պատահածներէն զատ՝ դեռ բազմաթիւ ձեռագիրք եւ յիշատակարանք կան նոյն իսկ իմ շրջած տեղերը, ինչպէս շատ եւ շատ կը գտնուին մանաւանդ Վանայ կողմերը։