Ապուշը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Գ
       Սինայեանի պերճ ապարանաց մէջ, երբ Լեւոն կը լսէր Ֆօռթիւնէ անունը, կրնա՞ր ենթադրել, թէ այդ սէգ աղջիկն աղքատ կօշկակարի զաւակն էր եւ թէ մեկնելով փարթամութեան այդ բնակարանէն, նա կ՚երթար, յուսահատ եւ կատաղի, բանտարկուիլ անարեւ տնակի մը մէջ։
       Երբ աշխարհ եկաւ այդ աղջիկը, մայրն իւր առաջին օրօրովը պահապան հրեշտակ կը հանդիսանար ունայնասիրութեան այն զգացման, որ կնոջ սրտին մէջ բիւրաբեղուն լինելու համար չկարօտիր մայրենի գգուանաց եւ խնամոց։ Այդ աղջկան հայրը կօշկակար էր եւ մայրը լուացարար. թէպէտ լուացարար, բայց միշտ կին։ Երբ պիտի մկրտէին աղջիկը, լուացարար կինը, Շողակաթ տուտուն , կ՚ըսէր.
       —Աղջկանս ալաֆռանկա անուն պիտի դնեմ։
       —Անանկ է, անանկ է , կը պատասխաներ կօշկակարը, սա ալաֆռանկան ալ ի՜նչ աղւոր կը վայլէ մեզի։
       Կօշկակար Աւետիսն առողջ դատողութիւն ունէր. կարեւորութիւն չընծայեց կնոջ քրթմնջանացն եւ աղջիկը մկրտել տուաւ Պիրիճիկ անուամբ։ Այդ անունը լինելով կօշկակարին մօրն անունը, կը զարթուցանէր նորա սրտին մէջ քաղցր յիշատակներ։
       Բայց երբ Պիրիճիկ մեծցաւ մի քիչ, մայրն հաստատ որոշեց տեղի չտալ այս անգամ իւր ամուսնոյն կարծեացը։ Փոքրիկ աղջիկը կնոջ մը տուն «վարպետ կ՚երթար » եւ ուսած էր հասարակ ընթերցում։ Երբ ինը տարեկան եղաւ, մայրն յայտարարեց, թէ աղջիկը քօլէճ պիտի դնէ. կօշկակարն համակարծիք չէր իւր կնոջը։ Աւետիս մի պարզ մարդ էր, տգէտ, բայց առողջ մտօք ըսինք. նորա կարծեօքը կը բաւէր որքան կարդալ ուսած էր աղջիկը. լաւագոյն կը համարէր, փոխանակ զնա դպրոց դնելու, ուսուցանել նմա կար, ձեռագործ, որպէս զի օր մը կարող լինի ճարել իւր հացն եւ ամուսնանալ իրենց աստիճանին համեմատ անձի մը հետ։
       —Ամէն բոյս իր հողի վրայ աղէկ կը մեծնայ, կ՚ըսէր։
       Բայց կինը կը մրմռար.
       —Ա՛լ աս անգամ խօսքերդ ականջս չեն մտներ. աղջիկս «օրիորդ » պիտի ընեմ. երկու աշխարհք իրարու ալ գան, մտքիս դրածը պիտի ընեմ, աղջկանս արունը չպիտի մտնես։
       Կօշկակարը ձանձրացած էր այդ վեճերէն. Շողակաթ առանց ուշադրութիւն ընծայելու ամուսնոյն խօսքերուն, կը գործէր։ Նա կը մտնէր կ՚ելնէր շատ մեծամեծներու տուներ. կարող եղաւ առանց մեծ դժուարութեանց Պիրիճիկը ձրիաբար ընդունել տալ աղջկանց դպրոցին մէջ։
       Դպրոցը Պիրիճիկի համար նոր աշխարհ մ՚էր. կը տեսնէր աղջիկներ, ոյք լաւ զարդարուած էին. ճաշի միջոցին կը տեսնէր, որ նոքա կ՚ուտէին այնպիսի կերակուրներ, զորս ինքն ոչ տեսած էր եւ ոչ լսած. աչքերը բացած կը նայէր։ Երբ այդ աղջիկները դպրոց կուգային եւ կը մեկնէին, անոնց ետեւէն ծառայներ կ՚երթային։ Եւ յետոյ, ի՜նչ խօսակցութիւններ։ Իւր ընկերուհիներէն շատերը գնացած էին ամառը Վոսփորի գիւղերն, կամ կղզիները. կը պատմէին միմեանց իրենց զբօսանքներն, իրենց զուարճութիւնները։ Պիրիճիկ ոչինչ կը հասկնար լաւ մը. միայն սա կը հասկնար, թէ ինք կարող չէր մասնակցիլ այդ խօսակցութեանց։
       Ձմեռն հասաւ, կը կատարուէին տօնախմբութիւնք եւ երեկոյթք, ու յաջորդ օրերն ադոնց վրայ կը խօսէին աշակերտուհիք։ Պիրիճիկ աչքերը բացած, ականջները սրած, մտիկ կ՚ընէր ապշած։
       Կաղանդին օրն ինքն ալ դպրոց գնաց, պարզ, բայց կոկիկ հագուած. ուրախ էր։ Ի հարկէ ինք վարժապետներուն քիչ ստակ պարգեւ կը տանէր, իւրաքանչիւրին մէկ քառորդ մեճիտ՝ խեղճը կը կարծէր, որ բոլոր աշակերտք այնքան բերած են, որքան ինքն. աւելի մեծ գումարի վրայ գաղափար չունէր։ Բայց տեսաւ, թէ վարժապետները կ՚ընծայէին իւր ընկերուհիներուն գեղեցիկ մեծ պատկերներ, ոսկեզօծ գրքեր, իսկ իրեն երկու հատ պարզ օրացոյց տուին. շատ տխրեցաւ, քիչ մնաց պիտի լար. տրտում տուն դարձաւ։
       Փոքր առ փոքր ընտանեցած էր ընկերուհիներուն. կիրակի օրերն անոնց կ՚երթար խաղալու. կը ցատկռտէին պարտէզները, սրահներուն մէջ, կ՚զբօսնուին ուրախ զուարթ, բայց երբ կը վերադառնար տուն՝ իրենց բնակարանն աչքին նեղ, մութ, տխուր, անտանելի կ՚երեւէր։
       Սինայեան Կարապետ էֆէնտիի մէկ աղջիկն ալ դպրոցն էր. իրիկուն մը միասին տուն տարաւ Պիրիճիկը։ Կարապետ էֆէնտի երեկոյթ կուտար։ Սինայեանի աղջիկը գգուեց իւր ընկերուհին, առատօրէն անուշեղէններ կուտար, որոց վրայ կ՚սքանչանար Պիրիճիկ։ Գիշերը միւս ընկերուհիներէն շատերն եկան. իրմէն ո՜րքան տարբեր զարդարուած էին, եւ ինչպէս ամէն ոք զանոնք կը սիրէր, կը փայփայէր, իսկ իրեն ոչ ոք կը մօտենար. այսու հանդերձ շատ զուարճացաւ։ Եւ երբ վերադարձաւ տուն, անդադար իւր ականջներուն կը հնչէին պարերու եւ դաշնակներու ձայներն։ Չէին աներեւութանար իւր աչքերուն առաջէն հիանալի սրահները՝ լուսաւորուած լուսաբորբոք ջահերով։
       Օր մը մայրն ուրախութեամբ եկաւ հաղորդել աղջկանը՝ թէ ա՛լ աղէկ աղէկ կերակուրներ պիտի ուտէ։ Ազնուական տիկին մը ըսած էր Շողակաթին, թէ այնուհետեւ Պիրիճիկ ճաշէ իւր աղջկան Հերիգային հետ, որ կ՚աշխատէր մի եւ նոյն դպրոցն։ Ազնիւ, քաղաքավարի աղջիկ մ՚էր նա։ Երբ միասին կը ճաշէին, կը վարուէր այնպէս Պիրիճիկի հետ, իբր թէ նա լիներ մեծարելի մի հիւր։ Եւ սակայն Պիրիճիկ երբեք չունէր ժպիտ, մինչ կը ճաշէին միասին. եւ հասաւ օր մը, որ մինչեւ իսկ ատելութիւն զգաց Հերիգայի դէմ։
       Ո՞ր մէկն ըսենք այն դառնութեանց, ոյք կաթիլ կաթիլ կ՚իյնային այդ մատաղ սրտին վրայ եւ զայն կը թունաւորէին։ Որքան կը մեծնար Պիրիճիկ, այնքան աւելի իւր բնաւորութիւնը կը լինէր անտանելի։ Նեղսիրտ, դժգոհ, դառնացած աղջիկ մ՚էր։ Պատահեցան պարագայներ, յորս կօշկակարն այլ եւս չկարողացաւ համբերել եւ ապտակ խփեց աղջկանը։ Եթէ մէկը գիտէր այդ միջոցին Պիրիճիկի աչքերն, որոց բիբերն կը բառնուէին ճերմակին հետ եւ կարծես կարմիր կանանչ գոյն մը կ՚առնուին, առանց վարանելու կրնար ըսել, թէ այդ աղջիկն ընդունակ էր սպաննելու իւր հայրն։
       Կ՚անցնէին մանկութեան օրերն եւ Պիրիճիկ, որ մինչեւ ցայնժամ կ՚զգար առանց խորհելու, սկսաւ մտածել եւ խորհիլ։ Նախանձ, ատելութիւն բոյն դրած էին իւր սրտին մէջ եւ անտարակոյս մեղաւորն ինք չէր։ Անհանդուրժելի էր իրեն համար ստորին լինիլ իւր ընկերուհիներէ. բայց ի՞նչ կրնար ընել։ Ո՛րքան աւելի ստորին էր ընկերական վիճակին մէջ, այնքան աւելի սիրտը կը տոգորուէր փառասիրութեամբ։ Եւ յետոյ՝ մարմինը կ՚աճէր, ով որ գիտէր մի քիչ այդ աղջկան կարմրալար թանձրաշուրթն բերանը, հրուտ աչքերն, կրնար ըսել, թէ կը յուզուէր նա տռփանաց, ցանկութեան , հեշտասիրութեան ամէն կրքերով։
       Պիրիճիկ իւր դժբախտութեանց մին կը համարէր անունը եւ մականունը։ Ի հարկէ «Պիրիճիկ Խունտուրաճեան » ներդաշնակութեան հրաշալիք մը չէր՝ եւ դժուար էր ենթադրել, թէ այդ անուան հովանւոյն ներքեւ նա կարող լինէր իւր ճանապարհն առաջ վարել աշխարհի մէջ։ Այդ մականունը ծաղու առարկայ մ՚էր մանաւանդ դպրոցի Մատամին, որ երբ կ՚արտասանէր զայն, իւր դէմքն հտպտանաց հրաշակերտ մը կը լինէր։ Պիրիճիկ կը փափագէր անունը փոխել։ Միտքը բաց աղջիկ մ՚էր եւ շատ յառաջադիմած էր ֆրանսերէնի մէջ։ Մատամը կը սիրէր զնա. միասին խորհրդակցեցան նոր անուն մը գտնելու համար։ Մառի, Վիկթորիա, Էօժէնի սովորական համարուեցան, գրեթէ հայացած , եւ Պիրիճիկ չէր սիրեր հայերէնը. վերջապէս գտան «Ֆօռթիւնէ» անունը, զոր կը համարէին նաեւ մի բարեգուշակ անուն։ Կը մնար մականունը որոշել. բաւական մտածեցին, մտածելու եւ գտնելու միջեւ անջրպետը ընդարձակ չէ։ Կօշկակարին անունը Աւետիս էր. ի հարկէ մականուն մը փոխելն այնքան հեշտ չէ, որքան անուն մը, ուրեմն հարկ էր մօտենալ բուն մականուան։ Պիրիճիկ կրճատեց հօրն անունը, Աւետիսն ըրաւ Աւետ։ Արդարեւ շատ գոհացուցիչ չէր այս գիւտն, բայց ֆրանսերէնի մէջ անախորժ չէր հնչեր։ Պիրիճիկ, կամ թէ նոր անուամբն այսուհետեւ անուանենք զինքը— Ֆօռթիւնէ, կրցաւ խնայողութիւն մը ընել տալ մօրը մէկ մէճիտի՝ եւ զայն յանձնեց Մատամին՝ իրեն այցետոմսը շինելու համար։ Կեանքին մէջ առաջին ուրախութիւնն ունեցաւ, երբ տեսաւ այդ այցետոմսը.
       MIIe Fortunée Avède
       Այդ այցետոմսն ի ձեռին՝ կ՚ուրախանար. կարծես յոյսը կը ժպտէր իրեն. ո՜րքան յոյսեր այդ այցետմոսի շնորհիւ. բայց տխուր իրականութիւնը միշտ իւր մօտն էր։ Օր մը օրիորդ Ֆօռթիւնէ, միասին օր. Հերիգայի եւ օր. Սինայեանի եւ մի քանի ուրիշ ընկերուհեաց, այցելեց իրենց մի ընկերոջ. լաւ ժամանակ անցուցին, գոհ եւ ուրախ։ Երբ պիտի մեկնէին, տան պառաւ կինը, բարեսիրտ կին մը, ըսաւ Ֆօռթիւնէի, առանց ո՛ եւ է չարամտութեան.
       —Քա ա՛ղջիկ, սա մօրդ ըսէ, էրկուշաբթի թող գայ։ Աղտոտները լեռան պէս դիզուէր են. թող գայ չամաշիր մը ընէ։— Չմոռնա՛ս , հա՛։
       Ֆօռթիւնէի դէմքը մեռելի գոյն առաւ։ Ընկերուհիներն այնքան ազնիւ էին, որ չլսել ձեւացուցին, բայց Ֆօռթիւնէ լսած էր։
       Այո՛, օգուտ չուներ ֆրանսերէն անունը, ֆրանսերէն այցետոմս։— Իւր աղքատութիւնը ճակտին վրայ դրօշմուած էր. ամէն ոք իրաւունք ունէր հրապարակաւ ըսելու, թէ մայրդ մեր աղտոտները թող լուայ— եւ այդ դրօշմը ճակտին վրայ կրելով, արի՛, մի փառաւոր ամուսին գտիր։— Եւ սակայն պարտական էր կատարել այդ յանձնարարութիւնը։ Հացի խնդիր էր։
       Տասն եւ եօթ տարեկան էր, երբ դպրոցէն ելաւ, փառաւոր վկայագիր ստացած։ Երեկոյին կօշկակարը միշտ գլուխն երերցնելով կ՚ըսէր կնոջն.
       —Հրամմէ նայինք, հիմա ի՞նչ պիտի ընես. ո՞ւր տեղդ պիտի պահես հանըմ օռիօռտըտ, նայինք՝ ե՞րբ ֆրէնկ մը պիտի գտնես կարգելու։
       Աւա՜ղ, ո՛չ եւրոպացին կը ներկայանար եւ ո՛չ հարուստ հայը, զոր Ֆօռթիւնէ հաւանօրէն զիջանէր ամուսին ընդունելու։ Չենք ըսեր , թէ Ֆօռթիւնէի սիրահարուողներ չէին գտնուէր, բայց դոքա դպրոցէն նոր ելած պատանիներ էին՝ առանց բացառութան։ Տասն եւ եօթը, տասն եւ ութը տարեկան այդ պատանիներու աղուամազ երեսները, փոքրիկ մօրուքներն, եւրոպական գլխարկներն, սիրուն գաւազաններն եւ մաքուր հայերէնը բաւական չէին զիրենք Ֆօռթիւնէի մտատիպարներն ընելու. եթէ հարուստի զաւակ լինէին, ինչ եւ է, բայց իրենց գրպանները դատարկ էին։
       Շաբաթներն, ամիսները, կ՚անցնէին եւ Ֆօռթիւնէ այնպէս կը մնար ու կը տառապեր։ Ճարահատեալ յանձնառու եղաւ՝ ուր ուրեմն վարժուհի լինիլ։ Գէթ սենեակ մը կ՚ունենար պառկելու, կրնար լաւ ճաշ մը ընել եւ զգեստներ ունենալ։ Եւ ո՞ գիտէ. տեղափոխութիւնը կրնար նաեւ բերել բաղդի փոփոխութիւն մը։ Դժբաղդաբար այդ աղջկան համար իւր չարաբաստիկ աստղը կ՚առաջնորդէր վերստին իրեն Հայու մը տուն։ Հանըմը մեծ խտրութիւն մը չէր դներ աղախնոյ մը եւ վարժուհւոյ մը միջեւ. երկուքն ալ ամսական կ՚առնէին. այդ կը բաւէր։ Այդ հանըմը կը պահանջէր, որ վարժուհին զբաղի ո՛չ միայն երեխաներու դաստիարակութեամբ, այլ նաեւ իրեն պարտականութիւն համարի հոգ տանիլ անոնց զգեստներուն եւ մինչեւ իսկ ինքը մաքրէ, լուայ անոնց ձեռքերն ու բերանները։ Ֆօռթիւնէ շաբաթ մը միայն կարող եղաւ տոկալ այդ ստորնութեան եւ կրկին վերադարձաւ հայրենի յարկը։
       Բայց այս անգամ բաղդն իրեն հետ էր. շատ չկեցաւ տան մէջ։ Մատամը յաջողած էր գտնել Ֆօռթիւնէի համար վարժուհիի պաշտօն՝ յոյն տան մը մէջ, ի Ֆէնէռ, բոլորովին հեռի հայ ընկերութենէ։ Ֆօռթիւնէ բաւական ֆրանսերէն գիտէր, մաքուր կ՚արտասանէր այդ լեզուն։ Մատամը առանց շատ դժուարութեան յաջողեցաւ հաւատացնել, թէ Ֆօռթիւնէ մի ֆրանսուհի էր։
       Ո՜րքան տարբեր կը գտնէր այդ տունը հայ տուներէն, ի՜նչքան կը յարգէին զինքն իբր օտարուհի։ Ինքն ալ լի նորանոր յոյսերով, կերպարանափոխ կը լիներ, երջանկութեան հորիզոն կը պարզուէր իւր աչաց առաջ եւ բարի կը լինէր։ Եւ ի՞նչ կը յուսար. հարուստ յոյն մը իւր ճիրաններուն մէջ առնուլ։
       Ուրախ զուարթ կ՚օրօրուէր Ֆօռթիւնէ երազներով եւ բաւական ամիսներ անցան այսպէս, երբ օր մը ծառայներն իմաց տուին իրեն, թէ կին մը եկած է եւ զինքը տեսնել կ՚ուզէ։ Ֆօռթիւնէ կարծեց, թէ Մատամն է եւ խնդալով վար իջաւ, բայց մայրն էր։ Խեղճ կինը յոգնած, շնչասպառ նստած էր բակը, աթոռի մը վրայ, եւ կը սրբէր թաշկինակով կասկարմիր երեսները, որոնց վրայ քրտինք կը հոսէր։ Աղջիկը տեսաւ ու խնդալով ըսաւ.
       —Աղջիկ, աս ո՛ւր էս էկեր, հոգիս էլաւ փնտռելով, նա՞սլ ես, աղէ՞կ ես. հարիկդ ալ հիւանդ պառկած է.
       Ֆօռթիւնէի պատասխանն եղաւ ծառաներուն ըսել յունարէն, զոր սկսած էր ուսանիլ։
       —Ո՞վ է աս կինը. ի՞նչ կուզէ. խե՞նդ է։
       Ծառայներն հարցուցին, Շողակաթ չէր հասկնար, թէ ի՞նչ է։
       —Աղջի՛կս, ի՞նչ կ՚ըսես , կը պատասխանէր յունարէն չհասկնալով, եւ տաճկերէն կ՚ըսէր՝ «Մայրն եմ , մայրը»։
       —Խենդ է , կ՚ըսէր Ֆօռթիւնէ , ես ի՞նչ կը ճանչնամ այս կինը. վռնտեցէք դուրս։
       Ծառայները «տուտու տիսարի » ըսելով, բռնեցին Շողակաթի թեւերէն եւ հրելով, հրմշտկելով բռնութեամբ տունէն դուրս նետեցին եւ դուռը փակեցին վրայէն։ Շողակաթ չհասկցաւ, թէ ի՞նչ էր այս, եւ լալով հեռացաւ։
       Երկու օր վերջը Ֆօռթիւնէ տուն գնաց դիւահարի պէս, խստիւ հանդիմանեց մայրն եւ միայն ծեծելը պակաս մնաց։ Ի՞նչ, ինքն իբր ֆրանսուհի ընդունուած էր եւ մայրը կուգար զինքը խայտառակե՜լ։
       —Ապրիս, ապրիս , կ՚ըսէր հայրն անկողնոյն մէջէն։— Կը հաւնիս, անանկ չէ՞, կ՚ըսէր մօրը. հաւատքն ալ կ՚ուրանայ, հարը մարն ալ կ՚ուրանայ. ի՞նչ պիտի ըլլար որ։
       —Ձայնդ քեզի քաշէ , ըսաւ Ֆօռթիւնէ հօրը։ Հանեց երկու ոսկի նետեց վրանին. խստիւ պատուիրեց, որ ալ իրեն չգան եւ մեկնեցաւ։
       Ֆօռթիւնէ պաշտօն վարեց այդ տան մէջ մօտ երկու տարի. երբ մեծցան երեխայներն, հրաժարեցաւ, իւր յոյսերն առանց պսակուած տեսնելու։ Իբր վարժուհի այնուհետեւ շատ տուներ մտաւ. ամէն ուրեք հազիւ կը մնար մի քանի ամիսներ։ Այդ խեղճ աղջիկը կրնար կոչուիլ ընտանեզուրկ։ Այնքան շուտ շուտ կը փոխադրուէր գիւղէ ի գիւղ, տունէ ի տուն, որ կարծես ուղեւոր մ՚էր Պոլսոյ մէջ եւ կը ճաշէր միշտ հիւրասեղաններու վրայ։ Եւ սակայն, երբ կը մեկներ ամէն մէկ տունէ, անդ թողած էր արդէն զուարթածաղիկ երիտասարդութեան մէկ բեկորն եւս։ Եւ երբ տարիներն անցան, օր մը, յանկարծ զգաց, թէ կը հնչէր այն ժամն, որ կնոջ համար դեռ կենաց արշալոյսն է, իսկ աղջկան մը համար արդէն վերջալոյսի աղօտ փայլը։
       Այլ Ֆօռթիւնէ եթէ յուսախաբեալ էր, յուսահատ չէր։ Վշտերն այրեցաւեր ըրած էին նորա սիրտը, բայց յոյսը, ցաւած հոգիներու այդ զովարար սիւքը, կարծես թէ կեանք կը բերէր նմա հեռաւոր դրախտի մը անոյշ բուրումներովն։ Ֆօռթիւնէ բնաւ տրամադիր չէր ապրիլ եւ մեռնիլ որպէս մի սիրուն պառաւուկ աղջիկ. ուստի գօտեպինդ եղաւ եւ ուզեց վերստին մաքառիլ ընդդէմ իւր աննուէր բաղդին։
       Հեռացաւ բոլորովին ուսուցչութեան ասպարէզէն, շնորհիւ իւր խնայողութեանց հարուստ էր փոքրիկ գումարով մը, որ պիտի լինէր իւր միակ հաւատարիմ դաշնակիցն։ Երբ վերադարձաւ հօրը տունը, ուժգնապէս պնդեց, որ տունը փոխուի։ Ա՜հ, անլուսանելի այն գիշերներն, երբ կը փակուէր այդ սենեակին մէջ, ինկած անկողնոյ մը վրայ, մինչ, խոնջ ու վաստակաբեկ, իւր հայրն ու մայրը թաղուած խոր քնոյ մէջ, խորդալով կը խորդային։ Ֆօռթիւնէ ստիպեց ծնողքը վարձել բաւական կանոնաւոր տան մը մէջ երկու սենեակ. ինք կը վճարէր վարձքին կէսը։
       Մինչ Ֆօռթիւնէ թափառիկ կը շրջէր, իւր ընկերուհիներէն շատերն ամուսնացած եւ մինչեւ իսկ մայր եղած էին. օր. Սինայեան եւ օր. Հէրիգա տակաւին ամուսին չունէին, բայց նոցա համար երկիւղ չկար տունը մնալու. նոքա կ՚ուզէին յանգիլ այնպիսի ընտրութեան. որ երբեք ստրջանաց առիթ չընծայէր իրենց։ Օր. Ավէտ բնաւ համակիր զգացումներ չէր տածած իւր ընկերուհեաց, մանաւանդ Հէրիգայի համար, որոյ սակառէն ճաշելը, դպրոցին մէջ, մին էր այն դժբաղդ պարագայներէն, ոյք կը հարկադրէին զինքը գլուխը կախ պահել. սակայն սիրած էր Օր. Սինայեանն։ Ինչքան ալ դառնացած լինի եւ թունալիր մարդկային սիրտը, բայց գորովանաց համար անդ պահուած է միշտ ջերմիկ անկիւն մը, որ կը պարգեւէ կենդանութիւն սրտին։ Այն միջոցներուն, երբ Ֆոռթիւնէ կը վերադառնար տուն, սիրայօժար կ՚այցելէր Սինայեաններու։ Նոցա տան մէջ ազատ կը շնչէր, վասն զի մայրն անդ բնաւ չէր ծառայած։
       Վերջին մի քանի տարիներու մէջ Օր. Սինայեանի եղբայրը՝ Մկրտիչ, քիչ անգամ Պոլիս գտնուած էր. առեւտրական գործերը հարկադրած էին զնա Պոլսէն ստէպ բացակայ մնալ. իսկ այժմ վերջնական կերպով կը հաստատուէր Պոլիս այն պահուն, երբ Ֆօռթիւնէ՝ հրաժարելով ուսուցչական պաշտօնէ, հաստատ որոշեց ճարել հարուստ ամուսին մը։ Ֆօռթիւնէ տեսած էր Մկրտիչ Սինայեան, երբ, տակաւին նորաբողբոջ աղջիկ, ապագայն կը նշմարէր այնքան լուսանշոյլ. այն ատեն չէր ընծայած մեծ կարեւորութիւն այդ երիտասարդին. բայց այժմ, երբ կը տեսնէր Մկրտիչը, կը յուզուէր խորին կերպով. չէր կարող ըսել, թէ ի՛նչ կ՚զգար. լոկ փառասիրական հաշիւները չէին, որ կը տոչորէին իւր արիւնը, եւ ոչ իսկ եթերային նուրբ սէրը միայն կը գորովէր իւր սիրտը։ Անընդդիմակ զօրութիւն մը կը մղէր զինքը դէպի Սինայեան։ Բարեբաստիկ ապագայի մը հաւատքն, անշէջ նորա սրտին մէջ, կը յուսադրէր զնա, թէ կարող է յափշտակել Սինայեանի սիրտը։ Ո՞չ ապաքէն ֆրանսիական վէպերը կ՚ուսուցանէին նմա, թէ կինը ամենակարող է եւ թէ ինչ որ կինը կ՚ուզէ, Աստուած ալ զայն կ՚ուզէ։ «Կամք կնոջ, կամք Տեառն»։— Միայն թէ Ֆօռթիւնէ ուշադրութիւն չէր ըրած, թէ ա՛յլ է կին, ա՛յլ է աղջիկ։
       Ֆօռթիւնէի հաստատամտութիւնը թէեւ արժանի համարուի ամէն գովեստից եւ քաջալերանաց, բայց տխրաբար խոստովանինք, թէ վատաբախտիկ աղջիկն ունէր իւր դէմն այրական սեռի մի այնպիսի նմոյշ, որոյ սիրտը լաւ պատսպարեալ էր ամրակուռ վահանաւ ընդդէմ՝ ինչպէս կ՚ըսեն՝ «սիրոյ սլաքներուն »։ Այդ վահանը խորհրդածութիւնն էր։ Ո՛վ որ կը խորհի եւ կը տրամաբանէ աղջիկ մը ընտրելու համար, ի հարկէ նա չէ կարող հափշտակուիլ եւ սիրել կուրաբար։ Անօսր, բանաստեղծական սիրոյ համար, հիւրամերժ օթեւան մ՚էր Սինայեանի սիրտը։ Կարծրատորր մարմնով էր, կարծրատորր նաեւ սրտով— սիրոյ համար։ Ամուսնութիւնը կը նկատէր իբր լուրջ խնդիր մը։ Կրնար առանց մտատանջութեան սիրել շատ կիներ, ինչպէս ըրած էր, բայց չէր կրնար թեթեւամտութեամբ ամուսնանալ։ Կ՚ուզէր գեղեցիկ աղջիկ մը, բայց աղջկան մը արտաքին կերպարանքը բաւական չէր զինքն ապահովելու համար։ Պէտք էր, որ այդ աղջիկն ունենար նաեւ դրօշմ մը, երաշխաւոր նորա բարոյական յատկութեանց։ Այդ դրօշմը կը պարգեւէ աղջկան ծնողքը, մանաւանդ մայրը։ Մօրը վայելած համբաւը՝ ջերմաչափ մ՚է աղջկան բարոյականին։ Ի հարկէ այսպիսի գաղափարներով սնած երիտասարդ մը բաւական հեռի պէտք էր լինէր իրեն մտատիպար ընտրելէ օր . Ֆօռթիւնէն։
       Այդ սրտին, որ կրնար նկատուիլ «դրական սիրտ մը », տիրապետելու փոքր ինչ յոյս կրնար տածել Ֆօռթիւնէ, եթէ սիրոյ պատերազմներու մէջ փորձառու եղած լինէր եւ օժտուած ռազմագիտական քաջահնար տաղանդով։ Բայց Ֆօռթիւնէ անփորձ էր եւ խակ. թէպէտ շատ ապրած էր, բայց միշտ յուզեալ , յուսալիր, յուսախափ, սրտնեղ, բնաւ ժամանակ չէր ունեցած խորհելու եւ դատելու։ Հետեւաբար՝ իւր անցեալը չէր կրնար ծառայել իբր ուղղեակ ներկային։ Ինքն ալ չէր գիտեր ո՞ր սուրբին օգնութեանը դիմել։ Ամէն ջանք ի գործ կը դնէր, որ սիրուն երեւի եւ հրապուրիչ. կը շեղէր բնականէն, ուստի աւելի անախորժելի կը լինէր, երբեմն այնքան ծանր կը բռնէր ինքզինքն, որ դիտողները կը ծիծաղէին. երբեմն ալ նորածիլ աղջկան մը պէս կը խօսէր, կը խաղար, կը խնդար։ Բարեբախտաբար Սինայեան բնաւ ուշադիր չէր այս հնարքներուն. նա կը շարունակէր միշտ ընտանեբար վարուիլ Ֆօռթիւնէի հետ, իբր տան աղջկան մը։
       Ֆօռթիւնէի կենաց այս ճգնաժամին էր, որ Լեւոն նորա դէմն ելաւ։ Ի՞նչպէս եղաւ, որ Լեւոնի սիրտը մէկէն ի մէկ յարեցաւ աղջկան, ի՞նչ յատկութիւններ տեսաւ անոր վրայ։— Այս հարցումներու պատասխանները կրնան տալ այն երիտասարդներ, կամ լաւ եւս այն պատանիներն, որոնք սիրած են այնպիսի աղջիկներ, զորս ընկերութիւնն անյարմար, մինչեւ իսկ հրէշաւոր սեպած է։— Ինչո՞ւ սիրած են։— Վասն զի սիրած են։ Լեւոն ծանօթացաւ Ֆօռթիւնէի՝ ձմրան իրիկուն մը։ Սինայեաններու տունը։ Կիրակի օր մ՚էր, Լեւոն այցելութեան գնաց Սինայեաններու, բաւական ատենէ ի վեր չէր գնացած։ Մի քանի սենեակներու մէջ ըստ սովորութեան լեցուեր էին թուղթ խաղացողներն։ Ուրիշ սենեակ մը հաւաքուեր էին խօսող խնդացողները. Լեւոն անոնց մօտ գնաց։ Ամէնքը կը ճանչնար, բացի մէկէ մը։ Օր. Սինայեանն անմիջապէս իրարու ծանօթացուց ըսելով.
       —Միւսիւ Լէոն Սարաֆեան , Օրիորդ Ավէտ։
       Ձմրան վերջի կիրակիներէն մին էր. սենեակը տաքուկ. վառարանի մէջ կը լսուէր փայտերու ճարճատիւնը. անոյշ, նրբին, գրեթէ անզգալի բուրումներ, հեշտութիւն կուտային զգայարանաց։ Երեկոյեան հեշտ արեւուն ճառագայթները ներս կ՚անցնէին ապակիներէն եւ բեկբեկելով ճերմակ սթոռներու, կարմիր վարագոյրներու վրայէն շառագոյն կ՚երեւցնէին դէմքերն ու սենեակն։ Օրիորդի մը մատները կ՚երթեւեկէին դաշնամուրի մը վրայ, որուն կ՚ընկերանար երիտասարդ մը իւր վիօլոնովն եւ կը նուագէին Այի նօսթրի մօնթի, գորովալիր սրտերու համար քաղցրահնչակ նուագն։
       Լեւոն նստաւ Ֆօռթիւնէի քով, երբ երաժշտութիւնը կը վերջանար, կը խօսակցէին ֆրանսերէն, Ֆօռթիւնէի երեսները կարմրորակ էին՝ շնորհիւ հրակայլակ շառթռեօզին եւ քիւռասօյին. ինքն ալ շատ զուարթ էր նոյն միջոցին։ Երբ աղջիկ մը, կին մը զուարթ է, միշտ հրապուրիչ յատկութիւն մը ունի, մանաւանդ, երբ այտերն տաքցած են։ Ուշ ատեն հիւրերը մեկնեցան , Լեւոն ալ ուզեց երթալ, բայց Օր. Սինայեան թող չտուաւ եւ արդէն ինքն ալ կ՚ուզէր մնալ։ Ընթրիքի ժամանակ Ֆօռթիւնէի քով նստած էր, եւ Մկրտիչ Սինայեանն ալ իրենց դէմն էր։ Ֆօռթիւնէ այն գիշեր շատ սրախօս էր, շատ ուրախ, հետեւաբար նաեւ շնորհալի։ Այն գիշերն, հետեւեալ օրը, Լեւոն շարունակ Ֆօռթիւնէի վրայ կը մտածէր եւ այնուհետեւ աւելի ստէպ առիթ կը գտնէր Սինայեաններու տունն երթալու, ուր ընդհանրապէս կը հանդիպէր Ֆօռթիւնէի։
       Շաբաթներ անցան, Լեւոն հետզհետէ աւելի կը կապուէր սրտովը Օր. Ավէտի հետ, բայց հետզհետէ ալ աւելի երկիւղալից եւ աւելի վարանոտ էր. այլ բոլորովին տկարացաւ երբ օգնութեամբ կասկածանացն ու երկիւղին կարծեց նշմարել, թէ Ֆօռթիւնէի սիրտը նուիրուած էր Մկրտիչ Սինայեանի։ Իսկ այս վերջինս կը սիրէ՞ր զնա։ Լեւոն չվարանեցաւ այս հարցման ինքնին հաստատական պատասխան տալ։ Թարմ սրտով նորընծայ սիրահար մը միշտ միամիտ է եւ կը կարծէ, թէ իւր սիրած աղջիկն օժտուած է ամէն յատկութիւններով, թէ նորա նմանը չկրնար գտնուիլ եւ բնաւ չզարմանար, որ ամէն ոք զնա սիրէ եւ պաշտէ։ Այս գաղափարն ունէր Լեւոն Ֆօռթիւնէի համար եւ շատ բնական կը գտնէր, որ Մկրտիչ Սինայեան խենդենայ այդ աղջկան վրայ։ Բայց ընկերական պահանջմունքնե՞րն։— Է՜հ, առանց դիմելու անգլիական թագաւորներու պատմութեանց, զորս լաւ ուսած էր Ռոպէրթ դպրոցի մէջ, ո՛չ ապաքէն լսած էր, թէ Պոլիս շատ բարձր դիրք ունեցող Հայեր, ոյք կը պատկանին հին եւ ազնուական տոհմերու, իրենց կիներն ընտրած են խոնարհ վիճակի պատկանող ընտանիքներէ, կնոջ մը համար ազնուականութեան ամենափառաւոր տիտղոսն համարելով նորա գեղեցկութիւնը։ Սակայն Մկրտիչի ծնողքն ի հարկէ կը փափաքէին, որ իրենց զաւակը բարձրաստիճան ընտանիքէ աղջիկ առնու եւ այդ պատճառաւ էր անշուշտ, որ Լեւոն գաղտնի կը պահէր իւր սէրը մինչեւ յարմար առիթ մը ներկայանալն։ Այսպիսի միամիտ մտածութիւններէ առաջնորդեալ, Լեւոն կատարելապէս համոզուած էր Ֆօռթիւնէի եւ Մկրտիչի փոխադարձ սիրոյն։ Երբ ունեցաւ այդ համոզումն, այն ատեն սէրն ու երախտապարտութիւն սկսան մենամարտիլ իւր սրտին մէջ։
       Յայտնի է, թէ ազնիւ եւ բարի ծնած սրտերը չեն կարող երբեք ապերախտ գտնուիլ։ Լեւոն զոհեց սէրն իւր պարտականութեանց, կամ լաւ եւս, զոհել կարծեց։ Սրտի ամէն ազնիւ բաբախում, խոհական ամէն խորհուրդ կը ջախջախին ընդդէմ այն նուրբ, թեթեւ զգացման, որ սէր կը կոչուի։ Լեւոն կրնար իւր սիրտն զոհել որոշել, Ֆօռթիւնէ կրնար նշանուիլ եւ ամէն յոյս կորսուիլ Լեւոնի համար բայց Լեւոնը կը կարօտէր շնչել այն օդը, զոր Ֆօռթիւնէ կը շնչէր, տեսնել նորա դէմքը, լսել նորա ձայնը։— Հմայեալ էր եւ մագնիսացեալ։
       Սրտին խոր ծալքերուն մէջ կ՚ուզէր թաղել Լեւոն իւր սէրը, բայց սէրը, նման կայծոռիկին, կը պլպլայ, որքան ալ նսեմաստուեր լինի սիրահարին դէմքը։ Ֆօռթիւնէ զգաց, թէ Լեւոն զինքը կը սիրէր։ Այդ աղջիկն, որոյ համար ոչ մի սիրտ բաբախած էր մինչեւ այն ատեն, գոհ մնա՞ց արդեօք. գգուեցա՞ւ իւր անձնասիրութիւնը. ունեցա՞ւ սիրտը գորովալիր տրոփում, մտածելով, թէ ինքն, որ անկոչ մնացած էր սիրոյ խնջոյքին՝ կրնար այնուհետեւ հանգիստ մեռնիլ. ո՞չ ապաքէն աղջկան մը համար մեծ վիշտ է հասնիլ ծերութեան եւ ակնարկ մը տալով անցեալին , չնշմարել անդ այն լուսոյ շաւիղը, զոր կը թողու սիրով տոգորուած սիրտ մը։— Ո՛չ։
       Ամուսնացած կնոջ մը համար միշտ անուշաբոյր է այն խունկը, զոր կը ծխեն իւր առաջ, զուարթահայեաց ակնարկ մը ունի նա անոնց համար, ոյք զմայլած կը դիտեն զինքը։ Ամուսնացած կին մը, որ աւելի փափկասիրտ է, քան աղջիկ մը՝ միշտ դիւրագորով է զինքը սիրողին համար, մանաւանդ երբ այդ սէրն ի յայտ կուգայ շրջապատեալ մեծարանաց արտաքին ամէն նշաններով։ Բայց ամուրի աղջիկներն, որ աւելի հաշուել գիտեն, քան զգալ, կ՚ատեն զանոնք, որ իրենց անպատեհ սիրովը կը խանգարեն նոցա հաշիւներն։ Ի՜նչ անտանելի կացութիւն աղջկան մը համար, երբ իւր չորս կողմը կը դեգերի, դէմքը տխրամած լամարթինեան մելամաղձութեամբ, ինքնակոչ սիրահար մը, զոր ինքը ոչ կը սիրէ եւ ո՛չ ալ կուզէ սիրել, եւ այդ սէրը սպառնալից վտանգ մ՚է միշտ իւր ամէն խորհրդոցը։ Խե՜ղճ Ֆօռթիւնէ, իբր այն, թէ բաւական չէին իւր այնքան դժբաղդութիւններն եւ ահա՛ իւր գլխոյն վրայ կը տնկուէր սիրահար մը՝ ճիշդ այն պահուն, յորում ոչ միայն պէտք չունէր նմա, այլ եւ խոչ եւ խութ մը կը լինէր իւր ամէն խորհրդոցն։ Հազիւ թէ առիթ մը կը ներկայանար իրեն միայնակ մնալու Մկրտիչի հետ, եւ ահա՛ Լեւոն կ՚երեւէր՝ սենեակը լինէին թէ պարտէզին մէջ, գլուխը բաց, գլխարկը ձեռքը, կոտրտուելով եւ իւր մեծարանքները մատուցանելով կ՚ըսէր։
       —Արգելք չե՞մ ըլլար։
       —Չէ՛, չէ՛, Լեւոնիկ , կը պատասխաներ Սինայեան եւ կը հրաւիրէր զնա իրենց մօտ։
       Կը նստէին սեղա՞ն. Լեւոն միշտ Ֆօռթիւնէի մօտն էր եւ թոյլ չէր տար Մկրտիչի փոքրիկ ծառայութիւն մը մատուցանելու Ֆօռթիւնէի, որոյ փոխարեն նա կրնար զետեղել «միտք բանի ունեցող » շնորհակալութիւն մը։ Կը ներկայանա՞ր առիթ մը պարելու, միշտ Լեւոն կը յառաջանար նազելաճեմ եւ իւր բազուկը կ՚ընծայէր Ֆօռթիւնէի, ո՛չ Մկրտիչի, ո՛չ այլոց ժամանակ թողլով։— Լեւոն միշտ կը դեգերէր Ֆօռթիւնէի չորս կողմն՝ ուշադիր հաճոյակատար լինելու նորա ամէնափոքր կամացն։
       —Մժեղ մ՚է այդ տղան, կ՚ըսեր Ֆօռթիւնէ , զիս հանգիստ չպիտի ձգէ։
       Եւ օր մը այդ աղջկան բոլոր տխուր նախազգացումներն իրականութիւն կը լինէին։ Մկրտիչ իւր քրոջն ըսած էր.
       —Կը տեսնե՞ս ինչպէս Լեւոն Ֆօռթիւնէի չորս կողմը կը պտըտի. աղէկ չըլլա՞ր, որ երկուքն իրարու կարգենք։ Երկուքն ալ ուսումնական են, ուսումնականներն իրարու կը վայելեն։
       Այդ առաջարկը կը համապատասխաներ Օր. Սինայեանի գաղտնի մտածութեանց, եւ զգաց այն ուրախութիւնը, զոր կ՚զգան միշտ աղջիկներն, երբ կ՚ուզեն նշանել իրենց բարեկամուհիներն— բնականաբար երբ ընտրելուհի իրենք չեն։ Յաջորդ օրը Ֆօռթիւնէի լուր կը ղրկէր Օր. Սինայեան եւ առանց մանուածապատ դարձուածքներու, կ՚առաջարկէր նմա ամուսնանալ Լեւոնի հետ, աւելացնելով, թէ այդ գաղափարն եղբօրմէն կուգար, եւ թէ նա ալ կնքահայր պիտի լինէր։
       Ֆօռթիւնէի արիւնը երեսը ցատկեց, կարմրեցաւ, քիչ մնաց պիտի ըսէր թէ «Դուն առ Լեւոնը, եթէ այդքան կը սիրէք ». բայց գրեթէ բնազդմամբ զսպեց ինքզինքը. չէր ուզեր խզել յարաբերութիւնները Սինայեաններու հետ։
       —Ի՞նչ կ՚ըսես , պատասխանեց բռնի ծիծաղով մը , ես միտքս դրած եմ չկարգուիլ, այսպէս շատ հանգիստ եմ։— Օր. Սինայեանի բոլոր առարկութիւնները փշրեցան ընդդէմ Ֆօռթիւնէի համառութեան։
       Ֆօռթիւնէ մեկնեցաւ Սինայեանի տունէն սաստիկ գլխու ցաւով մը. մի քանի օրեր անցուց առանց երեւնալու. անհուն ատելութիւն մը կը սնուցանէր սրտին մէջ թէ՛ Մկրտիչի եւ թէ՛ Լեւոնի համար։ Այդ առաջարկէն մի քանի շաբաթ յետոյ, ամրան վերջերը լուր տարածուեցաւ, թէ՝ Մկրտիչ Սինայեան կը նշանուի Օր. Հերիգայի հետ։ Երբ Ֆօռթիւնէ տեղեկացաւ այդ լրոյն, ո՛չ բարկութիւն ունեցաւ, ո՛չ կատաղութիւն զգաց։ Նման էր հօր մը, որ յանկարծ մեռած կը տեսնէ իւր միակ զաւակը։ Լքեալ, յուսահատ էր։ Ամէն ինչ կորսուած էր իրեն համար։
       Իսկ Լեւոն ունեցաւ այն ուրախութիւններէն մին, զոր քիչ անգամ տրուած է մարդուս վայելել իւր կենաց մէջ։ Սէր ու գթութիւն ի մի կը ձուլուէին իւր սրտին մէջ։ Լեւոն ենթադրեց Ֆօռթիւնէն զոհ մը՝ Սինայեաններու ընտանեկան նկատմանց։ Կը փութար իւր սէրն յայտնել առ Ֆօռթիւնէ. մի քանի նամակներ գրեց ֆրանսերէն. ամէնն ալ պատռեց, ո՛չ մին կը բացատրէր իւր զգացմանց սաստկութիւնն։ Որոշեց երեք բառ գրել միայն— երեք բառ, թէպէտ կարճ, բայց շատ պերճախօս, ինչպէս այն ամէն բացատրութիւններն, որք կենաց հզօր զգացումները կ՚արտայայտեն. միշտ հին են. բայց միշտ նոր։— «Զքեզ կը սիրեմ », գրեց ֆրանսերէն— եւ այն օրն, երբ վերադառնալով պաշտօնական նշանտուութենէ բոլոր բարեկամներն հաւաքուած էին Սինայեանի տունը, Լեւոն վայրկեան մը գտաւ եւ աղաչաւոր աչքերով սահեցուց թուղթը Ֆօռթիւնէի ափին մէջ։ Ֆօռթիւնէ ճմռթկեց թուղթն, ուզեց նետել առանց կադալու, բայց վերջապէս կին էր, չը դիմացաւ, գնաց անկիւն մը, կարդաց, թուղթը գրպանը դրաւ. նողկանք կ՚զգար։ Իւր յոյսերու մահուան դագաղին վրայ Լեւոն կը ժպտէր, իւր թշուառութիւնը նորա ուրախութիւնն էր։
       Բայց երբ վերադարձաւ տուն, փակուեցաւ իւր սենեակին մէջ եւ սկսաւ մտածել։ Փոքրիկ սեղանի մը վրայ ճրագը կը վառէր, աթոռ մը առաւ եւ ճակատն, որ կ՚այրէր, ձեռքերուն մէջ առած, կը մտածէր։ Ա՛լ կարող չէր տոկալու. ա՛լ կարող չէր վերստին աշխատանաց ձեռնարկել յետ այնքան յուսախաբութեանց։ Ջղերը թուլցած էին, մինչեւ ցարդ զօրավիգ մը ունէր. իւր ընկերուհիներէն երկուքն՝ Օր. Սինայեան եւ Օր . Հերիգա բաղդակից էին իրեն. կը սիրէր կարծել թէ միասին տարաբաղդ էին, բայց Հերիգա փառաւոր բաղդ մը կ՚ունենար եւ Օր. Սինայեան պիտի նշանուէր քիչ ժամանակի մէջ. ինք միայնակ կը մնար։ Ինք միայն գթութեան, ցաւակցութեան եւ ծաղու առարկայ պիտի լինէր։ Գնաց բացաւ պատուհանը. մի քիչ մաքուր օդ շնչեց. երկինքն աստղազարդ էր. օդը ջերմիկ, անոյշ հով մը կը փչէր, սիրտը ելաւ, խանդաղատեցաւ եւ սկսաւ լալ։ Սիրտը փոքր ինչ զովացաւ։ Արցունքները երեսին վրայ էին. գնաց թաշկինակ մը առաւ, եւ սրբեց երեսն. նայեցաւ հայլիին, փոշին, որով շպարած էր երեսները, սրբուեցան. տեսաւ իւր դէմքը եւ վախցաւ, կանանչ ու դեղին գոյն ունէր։
       Իբր գէշ երազ մը՝ ուզած էր մտքէն միշտ հեռացնել, բայց այդ պահուն կը յիշէր, թէ այլ եւս իւր երեսներն ո՛չ թարմ էին, ոչ փափուկ։ Երկար ատենէ ի վեր սկսած էր ճաթռտիլ երեսին մորթը, փոթ փոթ եղած էր։ Երկար ատենէ ի վեր բաց չէր պահեր ճակատն, ուր խորշումները կ՚երեւէին. երբ թէ մազերը ճակտին վրայ բերելով, կը շտկէր զայնս ա լ՚ա՛նկլեզ, ա լա շինուազ, ա լա սիռգասիէն, բայց այդ պչրանաց ներքեւ կը ծածկէր ճակտին հորիզոնական գծերն, պառաւութեան այդ նսրիներն։ Եւ այդ նշաններէն ո՛չ մին կ՚երեւէին Լեւոնի աչքին, անշուշտ տխմար մ՚էր. Ֆօռթիւնէ սիրոյ վրայ գաղափար չունէր, հետեւաբար չէր կարող դատել Լեւոնը։
       Եւ ի՞նչ ընէր. մեռնի՞լ. չէ։— Ի՞նչ կրնար ընել։ Սկսած էր զով ընել, պատուհանը գոցեց, եւ անկարող մտածելու եւ խորհելու, ինկաւ անկողնոյն վրայ, ջախջախուած էր, կամաց կամաց մրափեց։ Կէս գիշերն անցած էր, երբ արթնցաւ, բաւական մսած էր, անկողին մտաւ, փաթթուեցաւ վերմակին մէջ եւ խոր կերպով նիրհեց։ Առաւօտուն ուշ արթնցաւ, յոգնած էր։ Օդը գեղեցիկ էր, ինքն ալ քիչ մը կազդուրեցաւ, փոքր ինչ մտածեց եւ որոշեց հաճութիւն տալ Լեւոնի ձեռքն ընդունելու։ Սկսաւ թուել ինքնին այն առաւելութիւնները, զոր այդ ամուսնութեամբ ի ձեռս պիտի բերէր։ Ինչ որ ալ լինէր իւր վիճակն, ազատ պիտի լինէր. աղջիկ մը ամուսնութեամբ ազատ կը լինի։ Առանց ուրախութեան, առանց գոհութեան այդ որոշումը տուաւ եւ Լեւոնի հաղորդեց Սինայեաններու տունը։ Օր. Սինայեան եւ Մկրտիչ գոհ եղան։ Լեւոնի ծնողքը շատ գոհ չէին. նոքա կը փափաքէին, որ Լեւոն «ունեւոր » աղջկան մը հետ ամուսնանայ, բայց Աբրահամ աղան, որ միշտ տան բարեկամն էր եւ կողմնակից նմա, ուսկից շահ մը կար, կը յիշեցներ , թէ՝
       —Փարան կ՚երթայ, քիթը կը մնայ։
       Սահակ աղա եւ կինը այնքան պարտականութիւններ ունէին իրենց զաւկին, որ շատ չդիմադրեցին, մանաւանդ վստահ էին նորա խոհականութեանը։ Լեւոնի քոյրը ոչինչ կը մտածէր։ Եղբայրը պիտի կարգուէր, այդ կը բաւէր իրեն, եւ արդէն ի բոլոր սրտէ կը սիրէր իւր հարսը։
       Եթէ կար դժգոհ մը, այդ Ֆռոթիւնէի մայրն էր, լուացարար Շողակաթը։— Ի՜նչ եղան իւր մայրենի երազները։ Միտքը դրած էր, թէ հանըմ պիտի լինի, հարուստ փեսայ մը պիտի ունենայ, անոնց տան մէջ առաջին տեղը պիտի գրաւէ իբր զոքանչ, մեծ հանըմներու հետ հաւասարակից պիտի լինի։ Եւ շատ անգամ այս իղձերն էրկանն ալ կ՚ըսէր, իսկ կօշկակար Աւետիսը գլուխն երերցնելով կը պատասխաներ. «Էշն է դրեր մտօքը պարկով գարի, իրիկուն կ՚ըլլայ ո՛չ պարկ կայ, ո՛չ գարի»։
       Այո՛, իրենց ալ իրիկունը կը մօտենար, ո՛չ հարուստ փեսայ կար, ո՛չ հանըմութեան տիտղոս։— Բայց ամէն թշուառութեան մէջ մխիթարութիւն մը գտնելու պէտք կայ. Շողակաթ տուտուն կը մխիթարուէր, որ եթէ հարուստ փեսայ չպիտի ունենայ, գէթ եւրոպական գլխարկով փեսայ մը ունի։ Բաւական փոխարինութիւն կը համարէր զայս։
       Իսկ կօշկակարն, երբ առաջին անգամ տեսաւ փեսացուն, մեղքցաւ տղան։ —Կարծես թէ Աստուծոյ շնորհքը վրան է , կ՚ըսէր։
       Լեւոն ինքն հոգաց Ֆօռթիւնէի օժիտն, հարսանիքը փութացուց։ Խաչին Սինայեան ամուսնացաւ։ Ս. Յակոբին որոշուեցաւ Լեւոնի հարսանիքն։ Իրենց աստիճանին համեմատ բաւական լաւ հանդէս մը պիտի կատարուէր։ Հարսանիքէն քանի մը օր առաջ Լեւոն ցաւ մը ունեցաւ։ Երբ կարգադրութիւններ կ՚ընէին, Լեւոն փափագեցաւ, որ Ֆօռթիւնէի հայրն ու մայրը ներկայ գտնուին հարսնիքին։
       —Ա՛յդ պակաս էր , ըսաւ Ֆօռթիւնէ, եւ ամենեւին թող չտուաւ, որ ծնողքն հարսանեաց գան։ Լեւոն վշտացաւ, բայց Ֆռոթիւնէ իրեն նախատինք կը համարէր, որ իւր ծնողքը շնորհքով մարդկանց մէջ երեւին։ Ֆօռթիւնէի խօսքը կատարուեցաւ։
       Ս. Յակոբի կիրակի առաւօտը տխուր օր մ՚էր, երկինքն ամպամած. ցերեկուան դէմ բարակ անձրեւ մը սկսաւ։ Կէս օրէն վերջ երեք կառքեր եկան. հարսնառները ելան Ֆօռթիւնէի սենեակը։ Կէս ժամ վերջ մեկնեցան Ֆօռթիւնէի հետ միասին։ Մեկնելու պահուն Ֆօռթիւնէ առաջին անգամ ըլլալով, յորմէհետէ յիշողութիւնը կը ներէր, համբուրեց հօրն ու մօրը ձեռքերը։
       —Աստուած աղէ՜կ ընէ, մրմռաց կօշկակարը։
       Մտան կառքերը, կառավարները ձիերը մտրակեցին եւ մեկնեցան։ Մտան կառքերը, կառավարները ձիեր մտրակեցին եւ մեկնեցան։
       Կառքին մէջ Ֆօռթիւնէ թաշկինակն հանեց եւ աչքերուն տարաւ։ Այսպէ՞ս հարս լինիլ կ՚երեւակայէր ինքն։ Տխուր էր, շա՜տ տխուր. բնութեան տխրութիւնը կ՚աւելցնէր իւր թախիծը։ Փողոցները տղմոտ էին, երկինքը աղտոտ էր, շառաչուկ անձրեւը կ՚իջնէր եւ կառքի ապակիներու վրայ գոլորշակները կարծես կը պատկերացնէին իւր երազոց գոլորշիներն։