Դատապարտեալը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Դ
       Գիշեր մը, ընթրիքէ վերջ, Սաթինիկ այսպէս թափառոտ կը յածէր հոգւովն այս անոյշ կրկներեւոյթներու մէջ, երբ մայրն ու մօրաքոյրը ներս մտան եւ սկսան խօսակցիլ։ Մայրը իմացուց աղջկանը, թէ հայրը կ՚ուզէր զինքը ամուսնացնել, եւ թէ միւս օրն իրեն աղջիկտեսի պիտի գային։
       Յաջորդ օրը, նոյեմբերի վերջերը, կիրակի մ՚էր։ Կես օրէն երկու ժամ յետոյ երկու կառք կանգ առին Սաթինիկի հօր՝ Հայրապետ էֆէնտիի տան դրան առաջ։ Չորս անձինք դուրս ելան։ Տրդատ եւ Հայրապետ էֆէնտի առաջնորդեցին նոցա ընդունելութեան մեծ սրահը։ Աւելորդ է խօսիլ տեսակցութեանց մասին։ Երբ հասաւ ներկայանալու վայրկեանը, կը դողդողային Սաթինիկի ձեռքերը, մինչ ըստ սովորութեան կու տար անուշին ջուրը։ Հաճոյից դողդղալ չէր, այլ զայրոյթի դող։ Ինչպէս յայտնի է, իբր պարկեշտ աղջիկ՝ ներելի չէր իրեն վեր առնուլ աչքերն եւ ակնարկ մը տալ նմա, որ իւր ամուսինը պիտի լինէր։ Այո՛, ամէնքն ալ գիտէին թէ Սաթինիկ գոհար մ՚է, պատուական գոհար մը, բայց կ՚աղաչեմ, ո՛ր ժամանակէ ի վեր է, որ գոհարներն ու ադամանդները ձայն ունէին իրենց գնողը որոշելու համար։
       Սակայն կ՚ըսեն, թէ կինը իւր գլխոյն ամէն կողմը աչքեր ունի. հետեւաբար չենք զարմանար, եթէ Սաթինիկ կարող եղաւ որոնել այն դէմքն, որ կոչուած էր մագնիսելու իւր սիրտն։ Յարգանաց, մեծարանաց գլխաւոր առարկայն էր նա, զոր Քերովբէ էֆէնտի կամ պարզապէս «էֆէնտի » կը կոչէին. միւս երեք ընկերները բաւական քաշուած էին։ Եւ որչա՜փ նազելով կ՚ուտեր էֆէնտին անուշը։ Այո՛, այդ մեծահատոր կոճղն, այդ խոշոր դէմքով, ռամիկ դիմագծերով, լայն ռունգերով, մօտ քառասուն տարեկան անձն էր, որ պիտի պահպաներ Սաթինիկ իւր սրտին վրայ։ Սաթինիկ զզուանք զգաց։ Նիստը երկարեցաւ։ Տարակոյս չկար, թէ Քերովբէ էֆէնտին իւր համակրանաց արժանի գտած էր Սաթինիկը։ Եթէ փոքրիկ կասկած եւս կար, այդ ալ փարատեցաւ, երբ մեկնելու ժամանակ յայտարարեցին խորհրդաւոր դէմքով մը, որ յառաջիկայ շաբթուան մէջ ընտանեօք եւս պիտի գային։ Այդ կը նշանակեր, որ արդէն Քերովբէ էֆէնտին տուած էր իւր հաւանութիւնը։