Դատապարտեալը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Է
       Անցան շաբաթներ եւ Սաթինիկ օր ըստ օրէ կ՚ըմբռներ իւր վիճակին ծանրութիւնը։ Որքան սուր աչքերով ալ հայէր հեռուն, շատ հեռուն, միշտ միեւնոյն հորիզոնը կը տեսնէր պարզուած իւր աչքերուն առաջ՝ ձանձրոյթ։ Այո՛, հայրը լաւ վիճակի մէջ էր. խնայողութեան եւ ոչ իսկ փորձ մը եղած էր։ Տակաւին երկու տարիներ եւ ահա՛ եղբայրն աւարտելով ուսման ընթացքը կը վերադառնար Պոլիս. գեղածիծաղ ապագայ մը կ՚սպասէր նմա։ Եւ սակայն ո՛չ ոք իւր շուրջը կ՚ուզէր յայտնի ընել, թէ այդ ամէնն իրեն պարտական են։ Ո՛չ մէկ դէմքի վրայ երախտագիտութան թեթեւ նշոյլ մը կ՚երեւէր իրեն համար։ Երախտապա՞րտ լինիլ իրեն, ծիծաղելի մտածութիւն։ Ո՛չ, այդ անձնուէր զոհը իբր մեղապարտ, առանձնացեալ կեանքով պէտք էր ապրէր, ինչպէ՞ս չար օրինակ հանդիսանալ այլոց։ Յուսալ, թէ սէրը նոր կեանք մը տայ իրեն, բայց ոչ ապաքէն օրէնքներն անողոքելի են, ընկերական սովորոյթք՝ աններող։ Ո՛չ, նոր կեանքի հրապոյրն իրեն համար չէր, ապա թէ ոչ դատապարտեալ մ՚էր ընկերութենէ, դատապարտեալ եկեղեցիէ։
       Եւ սակայն հազիւ տասն եւ ինը տարեկան էր։
       Տխրութիւնը, հոգեկան դառնութեանց այդ միակ սփոփանքն իւր աչքերուն մէջն էր։ Շատ անգամ իրիկնամուտին կ՚երթար իւր եղբօրը Տրդատի հետ Բերայի ընդարձակ դաշտը, քիչ մը մաքուր օդ շնչելու։ Որչա՜փ կը սիրէր այդ ընդարձակ դաշտը, երբ արեւն ալ քրքմագոյն կը ներկէր դէմքերն ու բնութիւնը։ Սաթինիկ կը խորասուզուէր մտահոգութեանց մէջ, կը խորհէր, կը տխրէր ու կը վերանար։