Դատապարտեալը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ը
       1883—ի աշնան վերջերը Հայրապետ էֆէնտիի դրացի եկաւ վերին Վոսփորէ ընտանիք մը։ Էրիկ մարդ մը, կին մը, աղջիկ մը եւ երիտասարդ մը կը կազմէին այդ ընտանիքն։ Երիտասարդին հետ ծանօթացանք Ազգանուէր Հայուհեաց պարահանդէսին գիշերն. դա ինքն Արամն էր։ Իւր հայրը մեռած էր մի քանի ամիսներ առաջ, ինքը մնացած էր մօրը եւ քրոջը հետ մինակ. հօրեղբայրնին արդէն իրենց հետ էր. չորսը միասին հարկ տեսան Բերայ հաստատուիլ։ Առեւտուրի մէջ Արամի հօրեղբայրը ծանօթ էր Հայրապետ էֆէնտիի. ընտանեկան յարաբերութիւնները շուտով սկսան։ Շատ գիշերներ միասին կ՚անցընէին, մանաւանդ երբ Հայրապետ էֆէնտի եւ Արամի հօրեղբայրը տունը չէին մնար։ Արամ քիչ դուրս կ՚ելնէր։ Քսաներկու տարեկան երիտասարդ մ՚էր, որ կ՚ուսանէր օրէնսգիտութիւն՝ դիւանագիտական ասպարէզին մէջ մտնելու համար։ Հօրմէն բաւական ժառանգութիւն կար, որով իրենք դրամական նեղութեան մէջ չէին։ Արամ կորովի, սիրուն երիտասարդ մ՚էր, խարտեաշ մազերով. լաւ կրթութիւն ստացած էր. շուտ ընտանեցաւ Սաթինիկի հետ։
       Մարդկային բնութիւնը կը սիրէ հակադրութիւնը. խարտեաշը սեւին կը հարի, ջղուտը կ՚ախորժի գիրուկէն ու փափուկէն , եւ սակայն բարոյական կեանքի մէջ չենք կարծեր, որ բարիները չար գգուանք զգան չարերու համար, եւ ոչ ալ կիրթ ճաշակներն փափագին բիրտ անձնաւորութեանց ընկերակցութիւնը. այդ անկարելի է։ Կրնանք ըսել, թէ Սաթինիկ եւ Արամ զիրար քաշելու յատկութիւններն ունէին , մին խարտեաշ էր, միւսը՝ սեւ, մին՝ կորովի, միւսը՝ փափուկ, իսկ երկուքը միասին իրենց միութեան կէտը կը գտնէին իրենց ստացած խնամակալ կրթութեան մէջ. այդ կրթութիւնը իրենց հոգեկան կապն էր։
       Երբ կը միանային երկու ընտանիքները, մանաւանդ ի բացակայութեան Հայրապետ էֆէնտիի եւ Արամի հօրեղբորն, Սաթինիկ ու Արամ գրեթէ միշտ իրարու մօտ էին եւ կը խօսակցէին երկար ժամեր։ Կը խօսակցէին գեղարուեստից վրայ, մատենագրութեան վրայ, քաղաքական խնդրոց վրայ, օրուան լուրերու վրայ։ Յորմեհետէ Սաթինիկ ունեցած էր իւր ամուսնական դժբախտութիւնը, շատ կը պարապէր փիլիսոփայական եւ գիտական գրոց ընթերցմամբ։ Մտքի հոգնութեանց մէջ կ՚ուզէր մոռնալ սրտի վշտերն, ինչպէս հիւանդները մարմնոյ ցաւերու մոռացումը կը հայցեն քնէ։ Արամ պարտաւորեցաւ ինքն ալ կարդալ այդ գրքերէն։ Չէր ուզեր հետամնաց լինել, մանաւանդ թէ պէտք էր գտնել Սաթինիկի հետ վիճաբանելու նորանոր առարկաներ։
       Արամ շատ կ՚ախորժէր վիճաբանել Սաթինիկի հետ. նոյնիսկ երբ համակարծիք էր նմա, իւր համոզման հակառակ կը խօսէր, որպէսզի վիճաբանելու առիթներ գտնէ ստէպ։ Կնոջ մը հետ վիճաբանելու մէջ կարելի է սքանչելապէս վայելել անոր ամէն հրապուրանաց ամփոփումը։ Կը բարկանայ կինը, կը ծիծաղի, սրամիտ կը լինի, լուրջ եւ թեթեւ. մէկ ժամու մէջ ամէն գոյն կ՚զգենու եւ կնոջ մը, ի հարկէ գեղանի կնոջ մը, ամէն մէկ գոյնը սիրտ կը բանայ։ Եւ երբ կինը ունի սիրուն փոքրիկ բերան մը, գեղազարդեալ մանրիկ ու սպիտակ ակռաներով, պէտք է խոստովանիլ, որ փորձութիւնը անդիմադրելի է։ Արամ միշտ այս փորձութեանց ենթակայ էր Սաթինիկի հետ տեսակցելու միջոցին, եւ որովհետեւ խելացի երիտասարդ էր , հետեւաբար ամենայն ճարտարութեամբ օգուտ կը քաղէր առիթէն։
       Այն օրէն ի վեր, յորում Արամ եւ Սաթինիկ բարեկամացած էին, այս վերջինս աւելի զուարթ էր, երբեմն ուներ սրտի այնպիսի գոհութիւններ, զորս ինքն ալ չէր կարող բացատրել։ Շատ անգամ անհոգ էր. թեթեւ թեթեւ կը դաշնակէր, կ՚երգէր, կը կարդար, փոքրիկ դէպք մը իրեն բացատրեց իւր այս զուարթութեան գաղտնիքը։
       Ձմեռը, հետեւելով իրենց ծնողաց, Արամ եւ Սաթինիկ իրենք ալ ուզեցին թուղթ խաղալ։ Ի հարկէ պէզիկ պիտի խաղային։ Օր մը Արամ ըսաւ.
       —Տիկի՛ն, այս անգամ բանի մը խաղանք։
       —Լա՛վ , ըսաւ Սաթինիկ , եւ իւր մասին պայման դրաւ սովորական բան մը։
       —Ես ալ , ըսաւ Արամ ցած ձայնիւ եւ ֆրանսերէն , եթէ յաղթեմ, սիրտդ կ՚ուզեմ։
       Սաթինիկ կարմրեցաւ, ձայն չհանեց, սիրտ սկսաւ ուժով ուժով բաբախել. կը խաղար, բայց առանց գիտնալու, թէ ի՞նչ կը խաղար, լռութեամբ խաղացին, Սաթինիկ յաղթուեցաւ։
       —Ուրեմն , ըսաւ Արամ , - եւ ուրիշ բան չաւելցուց։
       Ելան խառնուեցան իրենց ծնողաց հետ. այն գիշերն ուրիշ բանի վրայ չխօսեցան։
       Կ՚ըսեն թէ ոճրագործութեան մը համար առաջին քայլն է, որ միշտ դժուարութիւն կը յարուցէ, յետոյ ամէն ինչ կը դիւրանայ։ Սիրոյ մէջ ալ գրեթէ միշտ այսպէս է։ Բաղդատութիւնը թող անտեղի չթուի, վասնզի փորձառութիւնը ցոյց կուտայ, թէ շատ անգամ սէրն ալ կրնայ ապագայ ոճիրի մը յառաջաբանը համարուիլ։ Բաւական ատենէ ի վեր կը ջանար Արամ յայտնել Սաթինիկի, որ իր սիրտը յափշտակուած էր, բայց ամէն օր յաջորդ աւուր կը թողուր։ Երբ այդ գիշերը ըրաւ իւր յայտարարութիւնն առ Սաթինիկ, այնուհետեւ քակուեցան լեզուին կապերը եւ հանդուգն եղաւ։
       Սաթինիկ խելացի, խոհեմ կին մ՚էր եւ գիտէր, թէ իւր վիճակին մէջ որքան վտանգալից էր իրեն համար այդպիսի սէր մը. կը ջանար հետեւաբար, որ Արամ իւր վրայ ո՛ եւ է յոյս չդնէր եւ սակայն որքան ախորժալուր կը հնչէր իւր ականջներուն Արամի ձայնը։ Կեանքին մէջ առաջին անգամն էր, որ կը զմայլէր սիրոյ անոյշ երաժշտութեամբ։ —«Ա՜խ, եթէ ամուսնացած չլինէի » կ՚ըսէր . կը յիշէր իւր աղջիկնութեան երազներն։ Հազիւ երեք տարիներ կը բաժնէին զինքը այդ օրերէն եւ սակայն հին, շատ հին էին։ Այնքան շուտ աներեւոյթ եղած ոսկեզօծիկ անրջոց յիշատակները կ՚ընկղմէին զինքն իւր հին տխրութեանց մէջ։ Արամի խօսքերը նորէն կը բանային իւր սրտի խոցերն, եւ սակայն շատ անգամ զմայլած ունկն կը դնէր այդ խօսքերուն։ Տխրանուագ երաժշտութիւն մը կը յուզէ մեր սրտերն ու կը տխրեցնէ, մանաւանդ երբ հին ցաւոց յիշատակները կը զարթուցանէ ի մեզ, բայց եւ այնպէս չենք ուզեր, որ դադարի այդ երաժշտութիւնը, լի դառն հրապոյրներով. այսպէս ալ Սաթինիկ կը սիրէր Արամի սիրոյ երաժշտութիւնը։
       Կը ծփար, կը ծփծփար այս հոգեկան վրդովմանց մէջ, երբ Արամ կարող եղաւ փոքր ինչ դժուարութեամբ համոզել զինքն, որ ներկայ գտնուի յունուարի 26—ի գիշերն Ազգանուէր Հայուհեաց պարահանդէսին։ Երբեք վայրկեան մը առանձին չէին կրցած լինել եւ սէրն առանձնութեան ջերմանոցի կարօտ է։ Այդ գիշերուան համբոյրները տակնուվրայ ըրած էին խեղճ Սաթինիկը։ Չէր կրնար բացատրել, թէ ինչ կրակ կար այդ համբոյրներուն մէջ, որ զինքը կ՚այրէր։ Բայց եթէ չէր կրնար բացատրել, կ՚զգար սակայն։