Դատապարտեալը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺԶ
       Մահուան դագաղի մէջ, ոմանք՝ մինչ կարծուած են անկենդան դիակներ, բացեր են յանկարծ իրենց աչքերն եւ մեծ ցնցմամբ մը ապրած են մի քանի րոպէներու համար եւս։ Բժշկութիւնը ցոյց կուտայ, թէ ջղուտ բնութեանց ոմանց համար երբեմն մահն առ երեւոյթ է եւ մինչ մեռած կը համարուին, դեռ եւս կ՚ապրին. ոմանք գերեզմանին մէջ անգամ բացած են իրենց աչքերն, ի հարկէ շուտով վերջնապէս նիրհելու համար։ Այսպէս ալ շատ անգամ մեր մարդկային խեղճ սիրտը մեռած, յաւիտենապէս մեռած կ՚ենթադրենք, հանկարծ կը զարթնու, կը ցնցուի եւ կը ցնցէ։ Կ՚երեւի զերդ ուրուական մը, ապրիլ կ՚ուզէ, կեանք կը հայցէ, կը փարի անցեալ սիրոյ յիշատակներու։ Հաւանօրէն այս ցնցմամբ ցնցուած էր Սաթինիկի սիրտն ալ, երբ գիշեր մը ուզեց երթալ Նոր-Թատրոն։ Երաժշտութեան սէրն այդ կնոջ սրտի մոլութիւնն էր։ Ամէն մոլութիւն անջնջելի հետք մը կը թողու սրտի մէջ։ Սաթինիկ ուզեց արբենալ պահ մը երաժշտութեամբ։ Ուզեց տեսնել այն սրահն, ուր առաջին անգամ զգացած էր սիրոյ համբոյրներու հեշտութիւնը։ Եւ յետոյ, ո՞վ գիտէ, գուցէ նշմարէր դէմքեր։
       Այդ գիշերն Նոր-Թատրոնի բեմին ձախակողմեան օթեակներու հանդիսականք ոմանք հետաքրքրութեամբ կը նայէին իրենց դէմն վերի յարկի փոքրիկ օթեակը, ուր գրեթէ քօղածածուկ նստած էր կին մը եւ մօտն Յոյն կին մը եւ իրենց ետին ոտքի վրայ ծանօթ երիտասարդ մը կար։
       Երբ վարագոյրը վերջին անգամ իջաւ ու թատրոնը սկսաւ պարպուիլ, Սաթինիկ տակաւին չէր ելած, կարծես երազի մէջ ընկղմուած էր։
       Վերջապէս պէտք էր մեկնիլ, դուրս ելան, Սաթինիկ յանկարծ սկսաւ դողալ եւ ուժով մը կռթնեցաւ Յոյն կնոջ։ Իրեն այնպէս երեւցաւ, թէ Արամն ու իւր կինը նշմարած էր։ Ոչինչ կրցաւ ստոյգ իմանալ, բայց սիրտը կը տրոփէր։ Սաթինիկ ջղային յուզման մէջ էր. չէր կրնար կառք նստիլ հանդարտ, յուզումը շարժման մէջ կարելի էր հանդարտեցնել , խնդրեց մի քիչ քալել։ Յոյն կինը դիտել տուաւ, թէ ներսը շատ տաք էր, քրտնած ըլլալու էր, գիշերն ալ ցուրտ էր, ձմրան ցուրտ գիշեր մը՝ թէպէտ պայծառ։ Այսու հանդերձ քայլեցին բաւական տեղ։ Շատ ատենէ ի վեր Սաթինիկ չէր տեսած մեծ փողոցը, կարծես կարոտը կ՚առներ։ Ուր ուրեմն հարկադրեցան կառք մը մտնել. երեքն ալ լուռ, մունջ էին։
       Այդ գիշերուան յաջորդ օրն էր, որ Տիկին Սաթինիկի այցելութեան գնացի. զինքը կոտրած տեսայ, քիչ մ՚ալ անհանգիստ էր։ Խօսեցանք երկրորդական նիւթոց վրայ։ Դիտեցի, թէ անհամբեր է կ՚սպասեր եղբօրմէն լուր լսել։ Ոչինչ ըսի. գուշակեց լռութենէս, թէ ձեռնարկս անյաջող եղած է, բոլորովին լռեց։
       Արդարեւ Սաթինիկի բժիշկ եղբօրը հետ ծանօթացած էի, բայց կարող չէինք եղած բարեկամանալ. ցուրտ ընդունելութիւն գտած էի, կ՚երեւի, թէ լսած էր իւր քրոջն համար ունեցած բարեկամութիւնս։ Ի հարկէ չէի կրնար այլեւս խօսիլ ինչպէս որ կը փափաքէի։ Ուրիշ բարեկամի մը դիմեցի եւ զնա միջնորդ դրի։ Բժիշկն ամէն ինչ մանրամասնօրէն լսած էր եւ միայն հեգնական ժպիտ մը ունեցած էր։— Կատակերգութիւնը գէշ չէ, պատասխանած էր, խնդրեմ այլ եւս մի՛ խօսիք մեզ անոր վրայ։ Ան մեռած է մեզ համար։
       Ինչպէ՜ս այս պատասխանը հաղորդել խեղճ Սաթինիկին, եւ այնուհետեւ ի՜նչ ընել։
       Այդ իրիկունը բաւական կարմրցած էին երեսները։
       —Շատ տաքութիւն ունիմ , կ՚ըսէր , վրաս չափէն աւելի նեղութիւն կայ։
       Քիչ մը դեղեր ըսինք, խոստացաւ ընել։
       Իմ լռութիւնս եղբօր մասին թուի թէ իրեն զայրոյթ ազդեց, չափէն աւելի նեղացած կ՚երեւէր։ Այցելութիւնս չերկարեցի։