Նոյեան Աղաւնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՄՈՆԿՈԼ ԽԱՉԱԿՐՈՒԹԻՒՆԸ
       Ասիկա այն դարաշրջանն էր ուր մոնկոլ կայսրութիւնը կը ծածկէր գրեթէ ամբողջ Ասիան։ Մոնկա Մեծ-Խանը, թոռը եւ երրորդ յաջորդը Ճէնկիզ-Խանի, տէրն էր Վերին Ասիոյ եւ Կեդրոնական Ասիոյ, Չինաստանի կէսին եւ ամբողջ Պարսկաստանի։ Իր քեռորդիներէն մէկը կ’իշխէր ռուսական տափաստաններուն վրայ, մինչեւ Բոլոնիոյ եւ Հունգարիոյ սահմանները։ Խաչին եւ Մահիկին միչեւ վեց անգամ դարաւոր մենամարտին մէջ՝ մոնկոլ ազդակին միջամտութիւնը վճռական կրնար ըլլալ։
       Ճանապարհորդները գիտէին թէ Մեծ-Խանին բանակներուն եւ մինչեւ իսկ անոր շրջապատին մէջ մեծ թիւով քրիստոնեաներ կային։ Եւ իրողապէս, իր նախարարներէն շատերը նեստորականներ էին ինչպէս նաեւ իր ընտանիքէն բազմաթիւ իշխանուհիներ եւ նոյնիսկ իր հարազատ մայրը։ Արդարեւ, նեստորականութիւնը վաղուց շատ տարածուած էր Վերին Ասիոյ Թուրք ցեղախումբերուն մէջ՝ որոնց իշխանական ընտանիքները սերտօրէն կապուած էին Ճէնկիսխանեան տունին։ Այս քրիստոնէական համակրութիւնները շահագործելու համար էր, որ Դ. Անմեղ Պապը, 1245ին, ետքէն Սուրբ Լուդովիկոս 1253ին՝ Մոնկոլիստան ղրկած էին, առաջինը Բլան Քաբէնի դեսպանութիւնը, երկրորդը՝ Ռիւպրուքի դեսպանութիւնը, Ընդունելութիւնը, պէտք է ընդունիլ, քիչ քաջալերական եղած էր, որովհետեւ Մոնկոլ կայսրերը՝ քրիստոնեայ իշխաններուն հետ համաձայնութիւնը կ’ըմբռնէին միայն այս վերջիններուն կողմէ անընդունելի ճորտութեան մը ձեւին ներքեւ։ Բայց հոն ուր Լատինները ձախողած էին՝ հայերը յաջողեցան։
      
       ***
       Հայ ժողովուրդին պատմութիւնը մէկն է ամենէն աւելի գրաւիչ պատմութիւններէն զորս մենք ճանչնայինք։ Եւրոպայի առաջապահը Ասիոյ յառաջացեալ սահմաններուն վրայ, ան չդադրեցաւ մնաց որ, ընդհանրապէս ի զուր քրիստոնէութեան ազդարարելէ եւ մատնանիշ ընելէ վտանգները՝ որոնք կը սպառնային անոր, ինչպէս ցոյց տալէ՝ այս վտանգներուն դիմադրելու միջոցները։
       Միջին Ասիոյ հիւսիս-արեւմուտքը հասնելով՝ Խաչակիրները հոն գտած էին, Կիլիկիոյ մէջ հաստատուած առոյգ հայկական գիւղացիութիւն մը, հո՛ս գաղթած իր Եկեղեցիին եւ աւատապետներուն հետ, Մեծ Հայաստանի Թուրքերուն կողմէ գրաւուելէն ի վեր։ Կիլիկիան, իր արծիւի բոյներովն եւ իր բերրի դաշտագէտինովը, Նոր Հայաստան մը ըլլալու ճամբուն մէջ կը գտնուէր, որ շնորհիւ` Խաչակրութեան պատճառով յառաջ եկած պատերազմական եւ քաղաքական խոտորումներուն, կրցաւ նոյն ատեն ե՛ւ ինքզինքը ազատագրել Բիւզանդական տիրապետութեան վերջին հետքերէն ե՛ւ իր անկախութիւնը պաշտպանել՝ Թուրքերուն դէմ։ Հայկական իշխանապետութիւնը, այսպէ՛ս հաստատուած, Լատին արեւելքի պատմութեան մէջ շատ կարեւոր դեր մը խաղած։ Խաչակրութեան ամբո՛ղջ տեւողութեան, Ֆրանքները աւելի հաւատարիմ դաշնակից մը չունեցան։ Ֆրանք ընտանիքները եւ հայ ընտանիքները անդադար միացան իրարու՝ ամուսնութեամբ, այնպէս որ Երուսաղէմի արքայական ընտանիքը, ի վերջոյ, Ֆրանքօ-Հայկական թագաւորութեան մը վերածուեցաւ։ Ասպետութեան կարգաւորութիւնը ներմուծուեցաւ Հայաստանի արքունիքին մէջ, ֆրանսերէնը Հայ իշխաններուն ազգային երկրորդ լեզուն եղաւ։ 1198ին, Պապութիւնը նուիրագործեց այս սերտ համաձայնութիւնը՝ Մեծն Լեւոն Բ. Հայ իշխանին արքայական թագ շնորհելով։
       Լեւոն Բ. ի փեսան եւ յաջորդը՝ Հեթում Ա. Հայաստանի թագաւորը (Հայթոն, ինչպէս կը գրէին Ֆրանքները), զարգացուց այս քաղաքականութիւնը։ Աներհայրը եւ հաւատարիմ դաշնակիցը ֆրանք Պառոններուն գլխաւորագոյնին Անտիոք Տրիպոլիսի իշխան Պոհէմոնտ Զ. ի ան յղացաւ, ֆրանքներուն ինչպէս եւ իրե՛ն համար, մեծակառոյց ծրագիր մը. - Մոնկոլ ահագին ուժը կապտել, զայն կեդրոնացնել ի նպաստ քրիստոնեայ քաղաքակրթութեան, զայն ուղղելով Իսլամին դէմ. սարսափելի Թաթարները, Աշխարհակալին թոռները, Լատին Արեւելքի փրկիչները ընել։ Ձեռնարկը դժուարին էր, բայց Հեթում, նեստորականութեան կռթնելով, կը յուսար ձեռք ձգել Մոնկոլներուն քրիստոնէական համակրութիւնները։ Ան չէր անգիտանար նաեւ՝ թէ այս վերջինները, գրեթէ ամբողջ Ասիան գրաւելէ ետք, իրենց առջեւ դեռ կը գտնէին վերջին պատուարը, ճդշիւ կազմուած, Իրաքի մէջ Պաղտատի Խալիֆէութեամբ եւ Սուրիոյ մէջ՝ Սուլթան Սալատէնի վերջին զարմիկներով։
       Հայ միապետը ուրեմն չվարանեցաւ մինչեւ Մոնկոլիստան ճամբորդութիւն ընելու։ 13 Սեպտեմբեր 1254ին, ան ընդունուեցաւ Կարակորումի մօտ Մեծ-Խան Մոնկայի կողմէ, որուն մեծ պատիւներ ընծայեց։ Ո՛չ միայն Ճէնկիզխանի թոռը անոր վերապահեց լաւագոյն ընդունելութիւնը, ո՛չ միայն ան խոստացաւ Հայաստանի թագաւորութիւնն ու հայ քրիստոնէութիւնը իր պաշտպանութեան ներքեւ առնել, այլ նաեւ յայտնեց Հեթումի՝ Սուրիոյ Միւսլիմանները ջախջախելու եւ Պաղտատը կործանելու պաշտօնով՝ Մոնկոլ մեծ բանակի մը վերահաս առաքումը։ Ասիկա, ինչպէս ըսուած է, ահագին «դեղին խաչակրութեան» մը սկբզնահոսումն էր, Վերին Ասիոյ խորութիւններէն խուժած եւ կարող՝ Իսլամը առնելու՝ Մոնկոլներուն եւ Ֆրանքներուն միչեւ, ձեռնա մամուլի մը մէջ։
       Այս բաները պատահեցան, 11 Փետրուար 1258ին, Մոնկայի եղբայրը, Հուլաւու Խանը գրաւեց Պաղտատը։ Հսկայ քաղաքին անկումը, արաբ աշխարհի գոռոզութիւնն եւ Միւսլիւման Սրբատեղիին մայրաքաղաքը, Արեւելքի մէջ հրաշագործ արձագանգ մը ունեցաւ։ Այս եղելութիւնը քրիստոնեաներուն հրաշալի փոխվրէժ մը թուեցաւ։ «Հինգ հարիւր տասնըհինգ տարի եղած էր, կը գրէ հայ պատմիչ մը, որ այս քաղաքը հիմնուած էր: Ամբողջ այս ժամանակի ընթացքին ուր ան պահպանեց կայսրութիւնը, անզգայ տզրուկի մը նման, անիկա լափած էր ամբողջ աշխարհը։ Անիկա դուրս տուաւ ամէն ինչ որ կլլած էր։ Անիկա պատժուեցաւ այն արիւնին համար զոր թափած էր, չարիքին համար զոր գործած էր, երբ իր անարդարութիւններուն չափը յորդեցաւ Աստուծոյ առջեւ։ Արաբներուն տիրապետութիւնը վեց հարիւր քառասունը եօթը տարի տեւած էր»։ Սարսափելի Թաթարները, կ’երեւէին այսպէս իբրեւ ճնշուած քրիստոնէութեան վրէժառուները, Կոպիի խորերէն ղրկուած նախախնամական փրկիչները, Իսլամը իր կռնակէն զարնելու եւ մինչեւ իր հիմերը սասանելու համար։ Պաղտատի մէջ իսկ, Ճէնկիզ-Խանի թոռան կինը, Տօքուզ-Խաթուն, որ շատ հաւատացեալ նեստորական մըն էր, քրիստոնեաներուն կը շնորհէր նպաստաւոր վարչաձեւ մը եւ բացէ ի բաց զանոնք մասնակից կ’ընէր յաղթութեան։
       Պաղտատէն ետք՝ միւսլիւման Սուրիան։ 1260ի սկիզբը, Հուլաւու Խանի հրամանին տակ գործող Մոնկոլ բանակը, որուն միացած էին Հայաստանի թագաւորը Հեթում եւ Անտիոքի իշխանը Պոհէմոնտ՝ գրաւեց Հալէպը։ Մարտին, Քիթպուքա Մոնկոլ զօրավարը գրաւեց Տամասկոսն ալ: Հալէպ եւ Տամասկոս, միւսլիւման անբռնաբարուած քաղաքները որոնց ո՛չ մէկ ֆրանկ բանակ չէր կրցած դպչիլ, կ’իյնային «Մոնկոլ Խաչակրութեան» առջեւ, Քիթպուքա, որ նեստորական էր եւ որուն անձնապէս կ’ընկերանային հայոց թագաւորն ու Անտիոքի իշխանը, Տամասկոսի մէջ բազմաթիւ մզկիթներ եկեղեցիի փոխակերպել տուաւ, ամէն տեղ արտօնեց կոչնակներու ղօղանջը, եւ ինչպէս իր պետը Պաղտատի մէջ, առաջին տեղը տուաւ քրիստոնեայ տարրին։ 1260ի այս բախտորոշ տարին, միւսլիւման Սուրիան, ծովուն կողմէ դեռ բռնուած ֆրանք բերդերու գիծով մը, կռնակէն զարնուած Մոնկոլ արշաւանքով՝ կը խորտակուէր։
       Նեստորական Մոնկոլը, ամբողջ ներքին Սուրիոյ տէրը՝ երկարեց իր հուժկու ձեռքը ֆրանքներուն՝ որոնք տէրն էին ծովեզերքին։
       Այս ձեռքը, Սէն-Ժան-տ’Աքրի պառոնները մերժեցին։ Ճէնկիզխանեան խստասրտութենէն վախցած, անոնք մատուցուած դաշնակցութիւնը մերժեցին եւ նախընտրեցին համաձայնիլ Եգիպտոսի Մամլուքներուն հետ՝ որոնց ազատ անցք տուին Մոնկոլ բանակը յանկարծակիի բերելու համար։ 3 Սեպտեմբեր 1260ին, այսպէս նպասատաւորուած, Մամլուքները ջախջախեցին Մոնկոլները, Կալիլիոյ մէջ եւ Եփրատէն անդին նետեցին զանոնք։
       Ֆրանքները սուղ վճարեցին իրենց կուրութիւնը։ Մամլուքները, որոնց երախտագիտութեան կ’սպասէին, իսկոյն դարձան իրենց դէմ։ Թուրք այս «մեծ ընկերութիւնը», ճշմարտապէս մնայուն բանակ մը, երբ Ֆրանքները, զինուորական Կարգերէն դուրս, ժամանակաւոր աւատական զօրահաւաքումներ միայն ունէին իրենց տրամադրութեան տակ, այս դարաշրջանին պատերազմի գործիքներուն լաւագոյներէն մէկը եղած էր։ Մամլուք սուլթանութիւնը, աւելի քան Սալատէնի կայսրութիւնը նախօրօք, բացարձակ միապետութիւն մըն էր, որուն կը հնազանդէին Սուտանէն մինչեւ Եփրատ։ Ինչ որ, տասնըմէկերորդ դարու սկզբնաւորութեան, Ֆրանքներու յաջողութիւնը ապահոված էր, իրենց զօրաւոր զինուորական միապետութիւնն էր՝ հակապատկերը միւսլիւման անիշխանութեան։ Հիմա, կացութիւնը վերջնականապէս շրջուած էր. - Միւսլիւման զինուորական միապետութիւն եւ Ֆրանք անիշխանութիւն։ Աւելի՛ն ըլլալով, 1260-1277, Մամլուքները հանճարեղ պետ մը ունեցան, ռուսական տափաստաններուն մէջ նախկին գերի, Թուրք Պայպարսը, գործի եւ յաղթութեան աստուածն իսկ։ Քանի որ Ֆրանքները անբացատրելիօրէն մերժած էին զիրենք փրկելու համար եկած Մոնկոլ դաշնակցութիւնը, Պայպարսի կը մնար միայն օգտուիլ իրենց յիմարութենէն։ Քանի մը ամսուան մէջ, զբօսնելով, անոնց բերդերուն կէսը մաքրեց, Եաֆայէն եւ Անտիոքէն (1268) մինչեւ Ասպետներու Քրաքը (1271)։ Գալով Հայերուն՝ ան գացած էր առնելու սարսափելի վրէժ մը՝ կրակի եւ արեան մատնելով ամբողջ Կիլիկիան։ Հեթում թագաւորը, խորտակուած այս աղէտներէն, հրաժարեցաւ իր գահէն՝ վանքի մը մէջ առանձնանալու համար։
       Հայ միապետին ձախողութիւնը՝ ձախողութիւնն իսկ է խաչակրութեանց, ձախողութիւնը Եւրոպայի։ Ինչպէս Պայպարս կը տիրապետէ տասներրորդ դարու Իսլամութեան, Հեթում տիրապետած էր իր ժամանակաշրջանի քրիստոնէութեան եւ իր մտահաշիւներուն մէջ ներմուծած էր ամբողջ Ասիան, Բէքինէն մինչեւ Սէն-Ժան-տ’Աքրը, ընդարձակ Մոնկոլ հակահոսանքին մէջ ընդնշմարած էր՝ թէ ո՛ւր էր Արեւմուտքի փրկութիւնը։ Եւ ոչ ոք հասկցած էր իր հանճարը։ Ֆրանքները, զորս փորձած էր Մոնկոլներուն մօտեցնել, չէին ըմբռնած շահը, իրենց համար գերագոյն, այսպիսի մօտեցումի մը. Մոնկոլները՝ զորս ան պահ մը կրցած էր արեւելեան քրիստոնէութեան պաշտպանները, փրկարարները ընել, ետ կը կենային այս ապերախտ դերէն՝ ուր անոնք Լատիններուն մօտ կասկածամտութիւն եւ թշնամութիւն միայն գտած էին։ Հրաժեշտ առնելով հայ իշխանէն՝ որ չէր վախցած Կարակորումի ճամբորդութիւնը ընելու, ի նպաստ քրիստոնէութեան կեդրոնացնելու համար Մոնկոլ ահագին ուժը, պատմութիւնը պարտի ողջունել, Միջին դարու ամենէն յստակատես դէմքերէն մէկը, ամենէն զօրաւոր հանճարներէն մէկը։ Հեթում թագաւորը պիտի մնայ այն մարդը՝ որ, եթէ Արեւմուտքը զինք մտիկ ըրած ըլլար, կրցած պիտի ըլլար պատմութեան ընթացքը ուրիշ կողմ դարձնել, այն պահուն՝ ուր Մոնկոլ երկրաշարժը տակնուվրայ ընելով Ասիոյ դէմքը, թոյլ պիտի տար հազարամեայ գետերուն նոր ուղղութեամբ մը հոսիլ։
       Ինչ որ մեծ Հայը ընդնշմարած էր, մինչեւ Եգիպտոս երկարող Մոնկոլ կայսրութիւն մըն էր, որ պիտի ըլլար պաշտպանը Երուսաղէմի վերահաստատուած թագաւորութեան. Մոնկոլ կայսրութիւն մը՝ քիչ առ քիչ քրիստոնէացած իր նեստորական ազգայիններուն ինչպէս հայ կամ լատին քահանաներու ազդեցութեան տակ, սիրիականացած Արեւմուտքի Մոնկոլ կայսրութիւն մը, ինչպէս Չինաստանի Մոնկոլ կայսրութիւնը պուտտայականացած էր, ինչպէս Թուրքիստանի Մոնկոլ խանութիւնը՝ միւսլիւմանացած։ Կորսուած աշխարհի մը այս երազն էր, որ Հեթում հայոց թագաւորը, վերածուած Մակար վանականին, անշուշտ դեռ կը հետապնդէր Ցառախի վանքին մէջ, եւ մինչ երէկուան այս կարելիութիւնները կը նուաղէին երազի մը պէս, Պայպարսի կաշմբուռն ձեռքը պատմութիւնը կը վերադարձնէր իր հին ընթացքին։
      
       ՌԸՆԷ ԿՌՈՒՍԷ (Անդամ Ֆրանսական Կաճառին)
       «ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՇՈՒԵԿՇԻՌԸ» գիրքէն