Նոյեան Աղաւնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Բ. ԴԺԲԱԽՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
       Ամբողջ աշխարհը դէմ է հայ գրագէտին. օտարը՝ իր անգիտութեամբը եւ ոչ-օտարը՝ մերթ իր անտարբերութեամբն եւ յաճախ ալ իր արհամարհանքովն ու թշնամութեամբը։ Ու հակառակ դարէ մը ի վեր գրուած ու խօսուած քարոզներուն, տրուած խրատներուն եւ հրահանգներուն, դեռ իւրաքանչիւր հայ գրագէտ, իր ուժերուն մէկ մեծ մասը ստիպուած է վատնելու, իր գոյութեան ամբողջ ընթացքին, հայ գրականութիւնը պաշտպանելու, անոր իրաւունքն ու արժէքը, անհրաժեշտութիւնն ու դերը ապացուցանելու, զայն ու ինքզինքը հայ-մարդոց առջեւ արդարացնելու ապերախտ աշխատանքի մը մէջ։ Ու հակառակ իր աղաջանքներուն, ո՛չ ոք կը լսէ զինքը, երբ նոյն իսկ, պահ մը գոնէ զայն մտիկ ընելու բարութիւնը ունեցող մարդիկ գտնուին։ Աղքատախնամ որեւէ կազմակերպութիւն անհամեմատօրէն աւելի մեծ ժողովրդականութիւն ունի, անհամեմատօրէն աւելի մեծ յարգ ու պատիւ կը վայելէ, հայ-մարդոց սիրտին, միտքին ու բարքերուն մէջ, քան հայ գրականութիւնը։ Այսօր, քու աղքատութիւնդ ապացուցանելով, կրնաս որեւէ հայ աղքատախնամ մարմինէ մը ամսաթոշակ մը ապահովել քեզի։ Ո՛չ քու գրագէտ ըլլալդ եւ ոչ ալ քու գրականութիւնդ քեզի ոչինչ չեն ապահովեր - ո՛չ իսկ քու գրածիդ ընթերցումը։ Այս իրողութիւնը հայ գրագէտին դժբախտութիւններուն գլխաւորն է։
       Նոյնքան մեծ դժբախտութիւն մըն է հայ գրագէտներուն ցրուածութիւնը աշխարհի վրայ, հայ զանգուածներուն ցրուածութեան իսկ հետեւանքով։ Իրենց գրականութիւնը արդէն զիրենք բաժնած է մեր «ժողովուրդէն» ու անոնք բաժնուած են իրարմէ՝ երկիրէ երկիր ու քաղաքէ քաղաք։ Ու երբ նո՛յն երկիրին մէջ են ու նոյն քաղաքին, կայ ուրիշ բաժանում մըն ալ, աւելի աղէտաբեր ու խաւարակուռ. - հատուածական, ու բառը գործածելու համար, կուսակցական բաժանումը։ Շատ քիչ են, գրեթէ հազուագիւտ են այն հայ գրագէտները, որոնք իրենց արժանաւորութեամբը միայն, կուսակցութենէ կուսակցութիւն, անորոշ եւ թոյլ կապ մը ունին, որ քաղաքավարութեան սահմաններէն անդին չանցնիր։ Ու չէզոք գրագէտներն իսկ, այսինքն մեր գոյութեան ներկայ իրականութենէն հրաժարելով անկէ բացակայ եղող ու անվնաս նկատուած քանի մը հայ գրագէտներն իսկ, հազիւ պզտիկ շնորհ մը կրնան գտնել կուսակցութիւններուն եւ կուսակցական գրողներուն մօտ։ - Շնորհ մը՝ որ փոխատուութիւն մըն է, ապագայ կամ անմիջական շահու մը ակնկալութեամբ միայն տրուած եւ ամէն վայրկեան ու բրտութեամբ ետ պահանջուելու սպառնալիքով շաղախուած։ Ու այս չէզոք, կամ ոչ-կուսակցական գրագէտներուն յարաբերութիւններն ալ, իրարու հետ, անհաստատ են ու պղտոր, մերթ իրենց անկրթութեամբն ու ծուլութեամբը, յաճախ ալ իրենց սնամտութեամբն ու ինքնահաւանութեամբը, որոնք ոչ չափ ունին եւ ոչ ալ սահման, …Աստուծոյ նման։
       Միջոցին, կուսակցութեանց եւ խեղճ ու կրակ անհատապաշտութեան մը յառաջ բերած այս ցրուածութիւնը, ուստի բաժանումներն ու անջատումները, թերեւս կարելի ըլլար մասամբ մը սրբագրել, եթէ գոյութիւն ունենային կամ գոնէ հատ մը գոյութիւն ունենար գրական հանդէսներ, ինչպէս ժամանակին գոյութիւն ունէին, ուր որոշ թիւով եւ որոշ արժէքով գրագէտներ հաւաքուէին, խօսէին, վիճէին, արտայայտէին իրենց գաղափարներն ու զգացումները եւ կամքը, տային իրենց գրական գործերը, նոյն իսկ հակադիր ուղղութիւններով։ «Զուարթնոց»ը ժամանակին փորձեց ընել ասիկա, բայց այս փորձը սկիզբէն իսկ դատապարտուած էր վիժելու, տրուած ըլլալով իր խմբագրին մտաւորական խեղճութիւնն ու նկարագրին անհաստատութիւնը, որոնց վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ իր անորակելի իմաստակութիւնն ու սնափառութիւնը։ «Մենք»ը նոյնպէս ձախողեցաւ, բարոյական եւ նիւթական պատճառներով։ Ինչ որ ներկայիս «Անի»ն կը փորձէ ընել՝ վերոյիշեալ ամսաթերթերուն փորձածը չէ։ Հոս կայ ուղղութեան որոշ տարբերութիւն մը նախ։ Ու յետոյ, «Անի»ին կը պակսին գաղափարական ու քննադատական բաժինները: «Հայրենիք»ը, ժամանակ մը իրապէս գրական ամսագիր մը ըլլալէ ետք, պարապ փեթակի մը վերածուած է այժմ։ «Ակոս»ը, ակոս մըն է միայն ու «Նոր Գիր»ը՝ միայն գիր։ «Անահիտ»ին նման «Նայիրի»ին ալ անունը կայ ու ինքը չկայ, ինչպէս կ’ըսեն։ Ու մեր օրաթերթերը կը լափեն մեր գրականութիւնը, աւելի ճիշդը՝ մեր գրագէտները։ Արդ, օրաթերթերը, որքան ալ «գրական» ըլլան անոնք, օրաթերթ են միշտ ու սահմանափակուած՝ իրենց շրջանակին մէջ։ Անոնց գետնայարկերէն բարձրացող հայ գրագէտներուն ձայնը չի՛ հասնիր այլ երկիրներ գտնուող այլ կուսակցութեանց «պատկանող » հայ գրագէտներուն եւ ասիկա հասկնալի է։ Ու իրերու այս վիճակին մէջ, հայ գրագէտները կը մնան անջատուած իրարմէ եւ իրարմէ հեռու, միջոցով, կուսակցական կրօնքներով, անհատական խնդիրներով ու պակասովն իսկ կեդրոնական հավաքավայրի մը։ Եթէ բաժանումի առաջին երկու պատճառները կախում չունին իրենցմէ եւ անոնց բարձումը վեր է իրենց ուժերէն, երրորդ եւ չորրորդ պատճառներուն քանդումը կախում ունի իրենցմէ եւ միայն իրենցմէ ու կը գտնուի իրենց ուժերուն սահմանին մէջ։ Չունի՞ն գիտակցութիւնը իրենց ուժերուն։ Չե՞ն ուզեր զանոնք քանդել։ Գո՞հ են իրեց ներկայ ողբալի, արգահատելի ու դաժան կացութենէն, որ իրենց իսկ կը վնասէ. որ մեր գրականութեան ու մշակոյթին իսկ վնասն է։ Գիտե՞ն թէ իրենք ի՛նչ են մեր ներկայ իրականութեան մէջ եւ ի՛նչ կ’ընեն։ Գիտե՞ն թէ կը պարտին իրենք իրենց, մեր գրականութեան ու մեր ներկայ իրականութեան մէջ ի՛նչ ըլլալ եւ ի՛նչ ընել։ Ու եթէ այսօր ո՛չ ոք գիտէ թէ ո՞վ է եւ ի՛նչ կ’ընէ հայ գրագէտը, պատճառը իրենք իսկ չե՞ն։ Իրենց այս անգիտակցութիւնը կամ գիտակից կուրութիւնը չէ՞, որ մշակութայինօրէն բացակայութիւն մըն է։ Ա՛րդ, իրենց միասնական ներկայութիւնը միայն կրնայ իրենց եւ մեր գրականութեան իրականութիւն մը տալ, գրական եւ մտաւորական կեանք մը ստեղծել մեր ներկայ գոյութեան մէջ։ Եւ ով որ կեանք կ’ըսէ, կ’ըսէ զարգացում, կ’ըսէ կառուցում, կ’ըսէ ապագայաբեր ինքնակերտում։
       Ասկէ դեռ մինչեւ քառորդ դար առաջ, հայ-մարդուն զգայնութեան մէջ եւ լաւագոյն պարագային, իր գիտակցութեան եւ խղճմտութեան մէջ, մեր գրականութիւնը մեր «ազգային գործին» մէկ անբաժան ու անբաժանելի մասը ներկայացուած եւ ընդունուած էր, զգացուած եւ մտածուած էր։ Աւելին իսկ Անիկա միթ ի մը վերածուած էր հայ-մարդուն զգայնութեան մէջ այնպէս ինչպէս մեր «յեղափոխութիւնը», «անկախութիւնը», «ազատագրութիւնը», քրիստոնէութիւնը, մշակոյթն ու Արարատը եւ այս կարգի ուրիշ շատ մը թանկագին բաներ։ Այս իրողութեան պատճառները բարդ են եւ բազմաթիւ ու կու գան Մխիթարեան Հայրերուն վիպապաշտային ազգայնամոլութենէն եւ մեր քաղաքական ներքին փրոփականտէն։ Ու ինչպէս մեր ժամանակակից միւս միթ երուն, նոյնպէս մեր գրականութեան մէջ ալ, մեր արեւելքցիի եւ ստրուկի հոգեբանութեամբը, մենք կրաւորական ու կոյր հաւատք մը միայն ունեցած ենք ու անշարժօրէն պաշտելո՜վ զայն, տենչացած ենք անոր մէջ մեր անցեալն ու ապագան եւ մենք զմեզ։ Ու այն կարեւորութիւննն ու արժէքը, անհրաժեշտութիւնն ու իրականութիւնը զոր տեսած ենք, ըմբռնած ենք կամ տուած անոր, իր «մեր ազգային սուրբ գործին» մաս կազմած ըլլալուն համար է միայն եւ երբե՛ք իբրեւ գրականութեան մը արժէքն ու անհրաժեշտութիւնը, իրականութիւնն ու կարեւորութիւնը։ Նման ամէ՛ն բանի, մեր գրականութիւնն ալ մենք տեսած ու գտած ենք մեր «ազգային գործին» մէջ եւ գործին նման սրբազան։ Ու դատած զայն՝ յարաբերաբար մեր «ազգային գործին»։ Այս իրողութիւնը աւելի շեշտուած է գրականութեան պարագային, տրուած ըլլալով որ մեր բոլո՛ր գրողներն ալ, ասկէ դեռ քառորդ դար մը առաջ, «ազգային գործիչներ» էին, ուստի մեր ազգային գործերը կը կառավարուէին մեր գրագէտներով։ Ու իրենց գրագէտի հմայքը, իրենց ազգային գործիչի հմայքն էր գրեթէ ամբողջութեամբ կամ այս հմայքին վրայ աւելցած զարդ մը միայն։ Հակառակը մտածել, պիտի նշանակէ հայ-մարդուն նոյն իսկ զարգացածին վերագրել գրական գիտակցութիւն մը, գրական ըմբռնողութիւն մը որոնցմէ ան զուրկ է միշտ եւ միշտ ալ զուրկ եղած է։
       Արդ, ներկայիս, մեր «ազգային գործին» գլխաւոր պաշտօնները չեն գտնուիր այլեւս մեր գրագէտներուն ձեռքերուն մէջ, բայց մեր գրականութիւնը դեռ կը շարունակէ «ազգային գործ» մը մնալ. հայ-մարդուն զգայնութեանն ու գիտակցութեանը մէջ։ Միւս կողմէն, հայ գրագէտները. աւելի՛ քան երբեք, ներկայիս, հաստատուն եւ խորունկ գիտակցութիւնը ունենալով գրականութեան իսկութեան, մեր գրականութիւնը ինչպէս իրենց մշակած գրականութիւնը կը մերժեն, «մեր ազգային գործին» որպէս մէկ անբաժան մասը ընդունիլ այնպէս ինչպէս զայն դեռ կ’ընդունի ոչ-գրագէտ հայ-մարդն ու հայ իշխանաւորը։ Հայ գրագէտներուն նոյն այս գիտակցութիւնն է, որով այսօր անոնք Թէքէեանը կը գերադասեն մեր այլ բանաստեղծներէն եւ Տ. Չրաքեանին մէջ կը գտնեն հաստատ ու իրական արժէք մը։ Աւելին. մեր ամբողջ ժամանակակից գրականութիւնը կը տեսնեն ու կ’ըմբռնեն եւ կը դատեն նոյն այս գիտակցութեամբ, մինչ «մեր ժողովուրդը» դեռ զայն կը դատէ այնպէս նախնականօրէն ինչպէս դատած էին իր հայրերը։ Գիտակցութիւններու այս այլատարրութիւնը, հոս իսկ, այսինքն մեր գրականութեան ըմբռնումին, նշանակութեան եւ արժէքին մէջ իսկ, հայ-գրագէտին ու հայ-մարդուն միչեւ ընդդիմութեան մը ծնունդ կու տայ ու այս ընդդիմութիւնը, բաժնելով զանոնք իրարմէ, պարապութիւն մը յառաջ կը բերէ անոնց միջեւ։ Ու այս պարապութիւնը, նման ամէ՛ն պարապութեան, դժբախտութեան ակ մըն է։ Ու գրականութեան պարագային աւելի մե՛ծ ու առատահոս ակ մը քան այլ պարագաներու մէջ։ Ու ասիկա հասկնալի՜է, կը մտածեմ, կամ, աւելի ճիշդը, ճիգ կ’ընեմ մտածելու։
       Այս դժբախտութիւնը շեշտաւորող, անոր ծանրութիւն մը եւ դաժանութիւն մը տուող այլ պատճառներ կան տակաւին, որոնցմէ քանի մը հատը միայն կը յիշատակեմ հոս. -
       Ներկայիս, զանազան պատճառներով, որոնց գլխաւորներն են հայ-մարդուն ներքին խոնջէնքն ու յուսաբեկութիւնը, մեր «ազգային գործը», ուստի ազատագրութիւնը, յեղափոխութիւնը, անկախութւնը, կրօնքն ու մշակոյթը եւ անոնց նման ու հետ գրականութիւնն ալ, իրենց կենդանի ներկայութենէն, իրականութենէն, թանձրութենէն շատ բան կորսնցուցած են հայ-մարդուն զգայնութեան եւ գիտակցութեան մէջ։ Անոնք, լաւագոյն պարագային, նոյն այս զգայնութեան եւ գիտակցութեան մէջ, վերացականութիւններ են միայն եւ նման ամէ՛ն վերացականութեան, չունին որեւէ հաստատուն իրականութիւն եւ ազդուութիւն։ Անոնք դադարած են միթեր ըլլալէ, հայ մարդուն զգայնութիւնն ու գիտակցութիւնը սնուցանող, շարժման մէջ դնող զօրութիւններ ըլլալէ։ Շատ-շատ, անոնք մեր կուռքերն են դեռ, լքուա՛ծ ու անդամահատ, որոնց ի պատիւ ատենը երբեմն մե՜ծ ձեւերով արարողութիւններ կը կատարենք, բառային ու սին, եւ սովորամոլութեան վերածուած շարժումներով, առանց հաւատքի, ամսաթոշակով վարձուած տիրացուներու նման։ Մեզ մեր հիմերէն ցնցող «ազգային գործեր» ալ չունինք այժմ, որպէսզի գրականութիւնն ալ, հայ-մարդուն զգայնութեան մէջ շարժե՜ր քիչ մը, արթըննար…։
       Մեր «ազգային գործերուն» եւ մեր կուսակցութիւններուն ղեկավարութիւնը ներկայիս անցած ըլլալով զուտ «քաղաքագէտներու» ձեռքը, այս վերջինները, բացէ ի բաց եւ անորակելի ինքնահակասութիւններով, կը վարկաբեկեն մեր գրականութիւնն ու գրագէտները եւ իրենց բոլոր արարքները մեր գրականութեան դէմ ցուցայայտնուած թշնամութիւններ են, զրահաւորուած «իրապաշտութեամբ» եւ արհամարհանքով։ Այս «իրապաշտութիւնը» ամէն օր մուտք կը գործէ, մեր գոյութեան մէջ։ Գողիաթին նման հսկայ ու ինքնահաւան, «միջազգային քաղաքականութեան» մեծ գաղտնիքներուն վերլուծումներովը, երեսփոխանի, հոգաբարձուի, ուսուցչի եւ ազգային այլ պաշտօնները իրարու ձեռքէ յափշտակելու մանրակրկիտ, եսամոլ եւ անպատկառ հաշիւներուն մէջ, ինչպէս նաեւ մէջը իրենց չարութիւններուն, ատելութիւններուն եւ ճշմարտութիւնը խեղդելու եւ սուտն ու կեղծիքը ճշմարտութեան տեղ, կեղծ դրամի մը պէս մեզի «քշելու» իրենց հնարամտութիւններուն մէջ։ Ու մինչ Գողիաթը իր յոխորտանքներով եւ սպառնալիքներով կը դողացնէ մեզ, Դաւիթը բացակայ է միշտ։
       Մեր «ազգային գործերուն» մէջ, որոնք մտաւորական եւ բարոյական բնութիւններ միայն ունին, Արտասահմանի մէջ մեր զուտ «կրօնական համայնքներ» ըլլալուն իսկ հետեւանքովը, մտաւորական հայ-մարդոց ներկայ բացակայութիւնը, վտարումը, ըլլալով բոլո՛ր հայ-մարդոց համար ալ հաւասարապէս դժբախտութիւն մը, չարիք մը, է՛ նաեւ դժբախտութիւն մը եւ չարիք մը հայ գրականութեան ու գրագէտներուն համար։ Այս հիմնական անպատշաճութիւնը, հակասութիւնը բնութեան եւ բնութիւնը իրականացնող մեքենային, միացած «քաղաքագէտ» կուսակցապետերու եւ խմբագրապետերու բռնակալութեան, այսօր, հայ գրականութեան ու գրագէտին վարկը, նշանակութիւնն ու արժէքը խողխողած են հայ-մարդուն մէջ։ Գրականութեան՝ որ աւելի քան ուրիշ որեւէ ոգեկան իրականութիւն մը, մարդը ինքզինքին ու մարդը մարդոց մօտեցնող, մարդը մարդկային ընող զօրութիւնն է։ Ու մեր ներկայ գոյութեան անմարդկայնութիւնը, ինչպէս ամբողջ աշխարհինը, այս գոյութեան ղէկը միայն «քաղաքագէտներուն» ձեռքին մէջ գտնուիլն է։ Աւելի՛ն. գրականութեան՝ որ դարձեալ աւելի քան ուրիշ որեւէ ոգեկան զօրութիւն մը, մարդուն տեւողութեան գիտակցութեան մարմնացումն իսկ է եւ հայ-մարդը, ներկայիս, աւելի քան ուրիշ ոեւէ մարդ մը աշխարհի վրայ, իր տեւողութեան գիտակցութեան կը կարօտի, տեւել կարենալու համար։ Մե՛ր ներկայ «ազգային գործը» որ քաղաքականութեան մը վերածուած է ամբողջապէս, միշտ ժամանակաւոր, յարափոխփոխ եւ միշտ զիրար հակասող շարժումներու բեկբեկում մըն է, որոնց մէջ հայ-մարդն ալ կը բեկանուի, կ’ըլլայ փշուր-փշուր, ու իյնալով ինքզինքէն դուրս, կը կորսուի տեղ մը որ ժամանակն իսկ չէ այլ ոչնչութիւնը։
       Եթէ ո՛չ միշտ իրենց խօսքերովը, բայց իրենց արարքներովը միշտ, լաւագոյն պարագային, մեր իշխանաւորները կ’ուզեն, կը պահանջեն որ հայ գրագէտները, այժմէն իսկ նման ըլլան մեր մեռած գրագէտներուն. - Աբովեանին, Ռաֆֆիին, Վարուժանին, Հայր Ալիշանին ու Սիամանթոյին եւ միւսներուն։ Մեռելներ միայն ըլլան։ Մեռելները միշտ անհանգիստ կը ձգեն ողջերը, իրենց չարութեան, սխալներուն եւ տխմարութեանց մէջ։ Կարեւորը, մեր իշխանաւորներուն համար, ուստի «մեր ժողովուրդին» համար ալ, գրագէտները չեն այլ հայ գրականութիւնն է, իբրեւ թէ այս վերջինը կարենար գոյութիւն ունենալ առանց առաջիններուն գոյութեան։ Ու յետոյ, գրագէտներուն անունները միայն բաւական են, նոյն իսկ առանց իրենց գիրքերուն, զիրենք համոզելու եւ իրենց ճառերովն ու քարոզներովն ալ, ամբողջ «մեր ժողովուրդը» համոզելու համար, որ մենք գրականութիւն մը ունինք, որ մենք «հին մշակոյթ ունեցող ժողովուրդ մըն ենք»։ Հի՜ն, միա՛յն հին ու ասիկա ալ բաւական է, եւ առատօրէ՜ն։ Այո՛, մեր իշխանաւորները կ’ուզեն, կը պահանջեն իսկ, որ մենք մեր կեանքին մէջ իսկ, նման ըլլանք մահուան, նման ըլլանք մեր սեփական մեռելներուն։ Որովհետեւ, դեռ չեն համարձակիր ըսելու. - Մեր ժողովուրդը գրականութեան պէտք չունի։ Ու չեն համարձակիր ո՛չ թէ որովհետեւ կը հաւատան հակառակին ճշդութեան, այլ որովհետեւ կը վախնան տգէտ ու յետամնաց միտք մը ունեցած ըլլալ երեւնալէ, տեսնուելէ, դադուելէ։
       Ո՛չ իրենք, մեր իշխանաւորները, եւ ոչ ալ իրենց գոյութիւնն ու գործունէութիւնը, մեր գոյութեան ներկայ իրականութեան մէջ, գայթակղութիւններ չեն այլ բնական, սովորական, հասարակ բաներ։ Ինչ որ իրակա՛ն, մեծ ու սահմանաքանդ գայթաղկութիւն մըն է, մեր ժողովուրդին ծոցի՜ն եւ հայ իշխանաւորներու միտքին ու սիրտին մէջ, մեր ներկայ գրականութիւնն է, իր դեռ ողջ մնալն է, հայ գրագէտն է, իր գոյութիւնն է։ Իր գրելու եւ հրատարակելու յամառութիւնն է, որ նոյն այս իշխանաւորներուն համար՝ յիմարութիւն մըն է միայն։
       Նոյն այս բաժանումը, անջատումը, կղզիացումը շեշտելով խորացնող պատճառ մըն է հետեւեալ իրողութիւնն ալ, որ քառորդ դարէ մը եւ մանաւանդ քանի մը տարիէ ի վեր, հասած է անչափելի համեմատութիւններու։ - «Կարդացէք Դաշնակցական գրականութիւնը» կը գրէ «Հայրենիք » «գրական ամսագիր»ը իր կողքին վրայ եւ մե՜ծ տառերով։ Աւելի երկչոտ կամ «քաղաքագէտ», ուրիշ կուսակցութեան մը թերթը, գիրքերու ցանկ մը հրատարակելով, կը գրէ. - «Կարդացէք մեր հրատարակութիւնները»։ Ու բոլորն ալ, հաւասարապէս, առանց այս յայտարարութիւնները ընելու իսկ, նոյն սկզբունքը կը գործադրեն լռելեալ, լրիւ եւ դրութենացած ձեւով մը։ Ու ասիկա՝ երբ ամէն օր կը պոռան մեզի, յուզումնահար ձայներով. - Հայ գրականութիւնը մէկ է։ Աւա՜ղ։ Ինչ որ մէկ է, հակասութիւնն է, խօսքին ու գործին հակասութիւնը միշտ, ու երբեմն ալ խօսքին հակասութիւնը խօսքին ու գործին հակասութիւնը՝ գործին։ Հակասութիւնը՝ որ ներկայ է ամէ՛ն հայ հաստատութեան ու կազմակերպութեան, ամէ՛ն հայ մարդու մէջ։ Մեր ներկայ ամբո՛ղջ գոյութիւնը, հակասութիւններու հսկայ ու մահաբոյր ատամնագոյց մըն է, որուն մէջ հայ-մարդը կը փշրուի, կը փոշիանայ իր լաւագոյն մասերովն իսկ. - Ու հայ-մարդուն լաւագոյն մասերը իր հայութիւնն ու մարդկայնութիւնն են, ըսել կ’ուզեմ, իր սեփական մշակոյթն է։
       Մեր գրականութեան եւ ձեր գրականութեան, մեր գրողներուն եւ ձեր գրողներուն այս բաժանումը, աւելի աղէտաբեր է հայ-մարդոց համար քան «ազգային աթոռներու» բաժանումի կռիւը։ Ու այս բաժանումէն աւելի ինչ որ անընդունելի, անըմբռնելի ու արտառոց է, հայ գրագէտ ներուն համակերպութիւնն է, ենթարկուումն է այս բաժանումներուն։ Այս բաժանումներուն պարիսպներուն տէր կանգնիլն է, անոնց վրայ կռուելու իրենց մարմաջն է, կամքն է ծիծաղելին, որ, աւա՜ղ, միայն ծիծաղելի չէ։ Գրագէտը, որ ամէն բանէ առաջ ազատ-մարդն է, առանց իր էութեան գիտակցութեան խաւարումին, կրնա՞յ իյնալ այս ստրկամտութեան մէջ։ Ու այս ստրկամտութիւնը, որ ամէն բանէ առաջ ինքնասահմանափակումէ մը յառաջ եկած ու ընդունուած եւ կիրարկուած անուղղամտութիւն մըն է, հայ գրագէտին, ինչպէս ոեւէ գրագէտի մը ինքնահրաժարումը չէ՞։ Ու արդէն մեր ժողովուրդը մէկ անգամ ընդ միշտ դատած է մեր կուսակցական գրագէտները, մեր լեզուին զօրաւոր մէկ արտայայտութեամբն իսկ, երբ կ’ըսէ. - Այսինչ բանաստեղծը այսինչ կուսակցութեան կը պատկանի։ Աւելին կայ. - Ես լսած եմ, իմ ականջներովս լսած, հայ գրագէտներ՝ որ առանց նշմարելու իրենց ինծի պատճառած սարսուռն ու սարսափը, եւ ահաւոր այլուրութեամբ մը ու գոռոզադիրք, յայտարարած են. - «Ես Ք. կուսակցութեան կը պատկանիմ: » Ու արդարեւ, կուսակցական գրագէտը չի՛ պատկանիր ինքզինքին եւ ոչ ալ՝ գրականութեան։ Չի՛ պատկանիր մեր ազգին այլ կը պատկանի իր կուսակցութեան։ Ու այս պատկանումովն իսկ, ան դադրած է ենթակայ մը ըլլալէ ու վերածուած է առարկայի մը։ Մարդկային էակը չի կրնար ուրիշ մարդու մը իսկ պատկանիլ, առանց մարդկային էակ մը ըլլալէ դադրելու։ Առարկաները միայն կը պատկանին մարդուն։ Կ’ընդունիմ որ ոեւէ մարդ մը, ինչպէս ոեւէ գրագէտ մը ըսէ եւ մտածէ. - Ես այսինչ կուսակցութեան անդամ եմ։ Բայց պատկանի՞լ, հեզահամբուրօրէն առարկայանա՞լ։ Ու արդէն անջատումը, ուստի նաեւ անջրպետը, առարկաներուն միջեւ միայն գոյութիւն ունի, ինքնաբերաբար։ Մարդն է, մարդուն բանականութիւնն է, որ բոլոր անջատումներուն յարաբերութիւնները գտնելով, բոլոր անջատումներուն միջեւ յարաբերութիւններ ստեղծելով, կը քանդէ բոլոր անջրպետները, ինքզինքովը կը լեցնէ բոլոր պարապութիւնները, բոլոր բաժանումները կը միաւորէ։ Ու գրագէտը, ամէ՛ն բանէ առաջ եւ ամէն մարդէ աւելի մարդ մըն է ու գրականութիւնը, մարդը միշտ քիչ մը աւելի մարդկայնացնող զօրութիւն մը։
       Ո՛չ միայն իւրաքանչիւր կուսակցութիւն իր գրողները ունի, այլ իր գրողներուն գոյութիւնն ու արժէքը միայն կ’ընդունի, անոնց եւ անոնց գործերուն փրոփականտը միայն կ’ընէ իր թերթերուն մէջ։ Ու եթէ, պատահմամբ, ուրիշ կուսակցութեան մը պատկանող գրագէտի մը անունը կը յիշէ օր մը, զայն վարկաբեկելու համար է միայն ու տարուան մնացեալ բոլոր օրերը կ’անգիտանայ զայն, ինչպէս միւսները. - կամաւոր կերպով կ’անգիտանայ անոր գոյութիւնը ու ակամաօրէն՝ անոր գործը, զոր կամաւոր կերպով մերժած էր կարդալ, ճանչնալ։ Ու «մեր գրականութիւնը մէկ է» դեռ, մեր կուսակցութիւններուն համար ալ…։
       Բայց կայ դեռ աւելին։ Ժամանակէ մը ի վեր, նոյն իսկ կուսակցական թերթերու մէջ, իրենց պատանեկան կամ այլ միութիւններուն սարքած հանդէսներուն աւելի տեղ ու բառ կը տրամադրուին քան «իրենց գրողներուն եւ անոնց հրատարակած գիրքերուն։ Սիկարէթի ծուխերու նման ցնթող այս հանդէսները, ներկայիս, աւելի մեծ «կարեւորութիւն» ունին «մեր մշակոյթին պաշտպան» մեր կուսակցութիւններուն համար քան քիչ մը ամէ՛ն գաղութի մէջ հրատարակուող գիրքերը։ Այսօր, «հայ ժողովուրդը» եւ իր «դարաւոր մշակոյթը» այս վաղացրիւ «հաւաքոյթ»ներուն վերածուած են գործնականօրէն։ Ո՞վ գիրք կարդալու ժամանակ ունի ու մանաւանդ՝ գիրքի մը մասին գրուած յօդուած մը։ Բայց ո՞վ ըրաւ «մեր ժողովուրդը» այսպէս։ - Անշուշտ ո՛չ մենք, ո՛չ մեր թերթերը, վէճերը, ներքին «քաղաքականութիւնն» ու այս քաղաքականութեան հետեւանք եղող մեզ անմարդկայնացնող մեր պայքարները։ Ո՛չ։ Այլ, «ժամանակները»…։
       Լուրջ, խորաթափանց, ուղղամիտ եւ ուղղահայեաց քննադատութեան մը պակասը, մեր ժամանակակից գրականութեան դժբախտութիւններէն մէկն է եւ գլխաւորը։ Այս պակասին հետեւանքն է արժէքներու շփոթութիւնը ու անորոշութիւնը, ուստի գրական ճաշակի մը, հասկացողութեան մը կազմաւորումին անկարելիութիւնը։ Նոյնպէս մեր գրականութեան մէջ տիրող անիշխանութիւնը հետեւանքն է նոյն այս քննադատութեան բացակայութեան։ Պիտի ըսեմ դեռ աւելին. - Այսպիսի քննադատութիւն մը միայն կարող է գիրքերուն եւ մարդերուն յարակցութիւնները, զգացումներուն եւ գաղափարներուն հանգիտութիւններն ու ընդդիմութիւնները, փոխադարձ ազդեցութիւններն ու հակազդեցութիւնները երեւան բերելու, անոնց միչեւ կարգ մը հաստատելու, մեր գրականութեան հաստատուն իրականութիւն մը տալով նոյն այս կարգին մէջ, մեզի տալու գիտակցութիւնը այս գրականութեան, իր արժէքին ու նշանակութեան։ Մեր գրագէտներն ու իրենց գիրքերը միացնելու եւ միաւորելու, աւելի ճիշդը, անոնց պարփակած ինքնաբուխ միութիւնը գտնելու, պարզելու եւ ցուցայայտնելու կարող է։ Մինչդեռ ներկայիս, եւ ճիշդ այս լայնահայեաց ու լայնախոհ քննադատութեան բացակայութեան պատճառաւ, մեր գրագէտները, ու իրենց նման իրենց գիրքերն ալ, կը մնան իրենց ցուրտ, տխուր եւ յուսաբեկ մինակութեան, կղզիացումին մէջ։ Եւ ոչ միայն իրենց թաքնագոյ այլ բացայայտ արժէքներուն մէջ իսկ անոնք կ’անցնին աննշմար, կը մնան աննշմար։ Ու գիտակից գրագէտը, աւելի քան ոեւէ մարդկային ուրիշ էակ մը, ամէն բանէ առաջ կ’որոնէ, կը սպասէ, կ’ակնկալէ հասկցուիլ, որովհետեւ կը հաւատայ իր գրածին գեղեցկութեան ու ճշմարտութեան, եւ այս ճշմարտութիւնն ու գեղեցկութիւնը հացի մը պէս բաժնել կ’ուզէ, բոլոր մարդոց հետ։ Արուեստը, ըլլալով մեծ «բարեկամութիւն մը», ինչպէս քանի մը տեղ կ’ըսէ ու կը շեշտէ Վ. Թէքէեան, գրագէտը տեւականօրէն կ’որոնէ մարդոց բարեկամութիւնը։ Եւ ո՛չ միայն դասակարգ մը մարդոց այլ բոլոր մարդոց։ Հայ գրագէտը, ներկայիս, օդին, հացին ու ջուրին նման իրենց կենսական եւ անհրաժեշտ եղող այս բարեկամութենէն զրկուած մարդ մըն է։ Ու քննադատութիւնը՝ որուն մասին կը խօսիմ, այս բարեկամութեան ծնունդին աջակցող եւ զայն սնուցանող զօրութիւն մըն է։ Նոյն այս քննադատութիւնը միայն ատակ է յայտնաբերելու հեղինակներուն եւ գիրքերուն պարունակած կարելիութիւնները, իրե՛նց եւ մեզի, ուստի անոնց աճումը ապահովելու, ճի՛շդ ու ճիշդ զանոնք մօտեցնելով, կցելով իրարու եւ այս կցումով իսկ անոնց իրական նշանակութիւնն ու արժէքը ի յայտ բերելով։ Ինչպէս որ մարդը մարդուն առջեւ, դէմ եւ հետ մարդ մըն է, նոյնպէս գրագէտը գրագէտին դէմ, առջեւ եւ հետ գրագէտ մըն է ու գիրքը գիրք՝ գիրքին դէմ, մօտ ու հետ։ Ու ինչպէս որ տրուած մարդու մը սկզբնաւորութիւնն ու վախճանաւորութիւնը, ուստի անհրաժեշտութիւնը, նշանակութիւնն ու արժէքը համայնքին մէջն են միայն, նոյնպէս, գրագէտին ու գիրքին սկզբնաւորութիւնն ու վախճանաւորութիւնը, սկզբնավայրն ու վախճանավայրը, ուստի եւ անհրաժեշտութիւնը, նշանակութիւնն ու արժէքը գրականութեան մէջ են միայն։ Տեսնելու եւ ըմբռնելու համար այս ճշմարիտ իրականութիւնը կամ իրական ճշմարտութիւնը, պայման է տեսնել եւ ըմբռնել մարդոց անխորտակելի առնչութիւնը, ինչպէս ընդոծին առնչութիւնը գրագէտներուն եւ գիրքերուն։ Ու գիտեմ թէ հայ-մարդուն համար դժուար է, եւ շատ դժուար, այս՝ ինչպէս այլ առնչութիւններ տեսնելն ու հասկնալը։ Ու ասիկա՝ որովհետեւ հայ միտքին մեծագոյն թերութիւններէն մէկն է, նոյն իսկ կը տարուիմ ըսելու մեծագոյն թերութիւնն է, բնական առնչութիւնները տեսնելու եւ ըմբռնելու իր բնական անկարողութիւնը։ Այս սարսափելի հաստատումին յստակ ու անառարկելի ապացոյցը մեր լեզուն իսկ է, մեր լեզուին բառամթերքն է ու իր շարահիւսութեան օրէնքը։ Ու մեր միտքին իսկութեան մարմնացումը՝ հայ լեզուն եւ իր շարահիւսութիւնը։ Ու դարձեալ կը տարուիմ մտածելու եւ գրելու իսկ. - վերոյիշեալ քննադատութեան բացակայութիւնը թերեւս իր բնածին պատճառը ունի հայ միտքին այս բնական անկարողութեան մէջ իսկ, որովհետեւ այս քննադատութիւնը առնչութիւններու քննադատութիւնն է։ Ու քննադատութիւն կը նշանակէ քննել եւ դատել, քննելով դատել, քննելէ վերջ դատել։ Արդ, բան մը կարելի է քննել յարաբերաբար ուրիշ բանի մը։ Գրագէտը՝ յարաբերաբար այլ գրագէտներու եւ գիրքը՝ այլ գիրքերու։ Ու առանց յարաբերութեան՝ առնչութիւն չկայ։
       Չունենալով հրատարակչական հաստատութիւններ, հայ գրագէտները իրենք են որ, իրենց սեփական խեղճ միջոցներովը եւ իրենք զիրենք ենթարկելով զրկանքներու, կը հրատարակեն իրենց գիրքերը։ Արդ, այսօր, իւրաքանչիւր նոր հրատարակութիւն, հինգ հարիւրէն հազար օրինակ միայն կը տպագրուի։ Մէկ կողմ ձգելով «մեր ժողովուրդն» ու մեր «մտաւորական դասակարգը», եւ կեդրոնանալով միայն մեր գրագէտներուն, գրողներուն եւ ուսուցիչներուն ու եկեղեցականներուն շուրջ, որոնք ի պաշտօնէ գիրք պէ՜տք է գնեն ու կարդան, եւ զորս «մեր դարաւոր մշակոյթին պաշտպանները կը յորջորջենք մենք, ամենէն հասարակ տրամաբանութիւնն իսկ կը լուծէ այս բա՜րդ խնդիրը։ Բայց իրականութեան մէջ, այս խնդիրը կը մնայ անլոյծ, քանի որ երկու հարիւր օրինակ գիրք իսկ կարելի չէ սպառել, նոյն այս ընթերցողներուն մէջ՝ որոնց թիւը սակայն, հազարը կը գլէ ու կ՛անցնի։ Այս իրողութիւնը կը հաստատէ հետեւեալ մե՛ծ իրականութիւնը. - Ընթերցողի տագնապը, ինչպէս գրականութեան տագնապը, գրականութեան մէջ իսկ է, գրագէտներուն եւ գրողներուն եւ «մեր դարաւոր մշակոյթին պաշտպաններուն» մէջ իսկ է։ Գրագէտներն ու գրողները չե՞ն կարդար զիրար, չհաւնելով իրար։ Իրաւունք ունին, եւ լայնօրէ՜ն, իրար չհաւնելու, բայց իրաւունք չունին, ԻԲՐԵՒ գրագէտներ, զիրար անտեսելու, իրարու գրական գործը անգիտանալու, որովհետեւ, ի պաշտօնէ պարտաւոր են ճանչնալու այն գրականութիւնը որուն մաս կը կազմեն իրենք, ինչպէս միւսները։ Կ’ըսեմ կարդալ ու ճանչնալ եւ ոչ թէ անոնց փրոփականտը ընել։
       Կայ նաեւ ուրիշ պատճառ մը զոր պէտք չէ անտեսել. - Հրատարակուած գիրքերը սպառելու համար ոչ մէկ կազմակերպութիւն գոյւոթիւն չունի Արտասահմանի մէջ։ Ու հայ գիրքը, հայ գրագէտին նման, կը մնայ լքուած՝ իր մինակութեանն ու խեղճութեանը մէջ, իր անյուսութեան ու դառնութեան ճախճախուտին մէջ։ Ու ան որ հայերէն գիրք մը կ’որոնէ, չի կրնար զայն գտնել կամ կը գտնէ դժուարութեամբ։ Անթիլիասը, որ վերջերս լրջօրէն լծուած է հրատարակչական գործի մը, բոլորովին անտեսած է իր հրատարակութիւնները սպառելու կազմակերպութեան գործը։ Տ. Տ. Գարեգին Կաթողիկոս հօր, ինչպէս Տ. Դերենիկ Եպիսկոպոսին ըրած խոստովանութիւնները, ճիշդ այս մասին իմ ըրած կարգ մը առարկութիւններուս առթիւ, որոնք «շատ հետաքրքրական» էին ըստ իրենց, շշմեցուցին զիս։ Հրատարակել ու հրատարակելով գոհանալ կամ սպասել պատահական այցելուներու, հրատարակուածները սպառելու համար, անբաւական ընթա՜ցք մըն է, առնուազն։ Ու Անթիլիասը, մեր գաղութներուն մէջ ցրուած մեր Առաջնորդարաններուն գոյութեամբը, մե՜ծ առաւելութիւն մը ունի, սպառումի այս գործը կազմակերպելու համար։ Նոյն առաւելութիւնը ունի նաեւ Հ. Բ. Ը. Միութիւնը։ Բայց, անշուշտ, ինչպէս մեր Առաջնորդարանները, նոյնպէս Հ. Բ. Ը. Միութեան գրասենեակները շատ զբաղած են իրենց սեփական գործերով, եւ չունին, մեր գրականութեան հաւատացող, խոնարհամիտօրէն եւ անաչարօրէն հաւատացող եկեղեցականներ ու պաշտօնեաներ։ Կան նաեւ կուսակցութիւնները, կամ աւելի ճիշդը կուսակցական գրավաճառները, որոնք կ’ընեն իրենց կարելին, իրենց տրամադրած, աւելցած պարապ ժամերուն։
       1938ին, երբ այս տողերը գրողը Հայ Գիրքի Բարեկամներու Ընկերակցութեան գաղափարը յղացաւ, պատրաստեց անոր ծրագիրը եւ քանի մը բարեկամներու մասնակցութեամբը հիմնեց զայն, իր մտադրութեանց, ուստի նաեւ ծրագրին մէջ նկատի առած էր, հայ գիրքը սպառելու կազմակերպութեան այս խնդիրը, ինչպէս նկատի առած էր, գաղութէ գաղութ ու քաղաքէ քաղաք հայ գրագէտներուն միջեւ կապ մը հաստատելու անհրաժեշտութիւնը։ Կապ մը՝ որ, գրական, մտաւորական ու բարոյական հաշուեկշիռի մը համար անհրաժեշտ համագումարի մը պատրաստութեան անհրաժեշտ ժամանակամիջոցն էր միայն։ Հ. Գիրքի Բարեկամներու Ընկերակցութիւնը չի կրցաւ իրագործել իր ծրագրին այս մասը, ինչպէս այլ մասերը։ Կարելի է վերսկսիլ լքուած աշխատանքը։ Աւելի՛ն. անհրաժեշտ է զայն վերսկսիլ։
       Պէտք է ըսել նաեւ. - Այսօր, որեւէ գաղութի մը մէջ հրատարակուած հայերէն գիրք մը, փոքր աջակցութեամբը միայն անոնց որ հայ գիրքին ու մշակոյթին անհրաժեշտութիւնը շեշտելէ եւ փառաբանութիւնը ընելէ չեն դադրիր, իր ծախսերը կը հանէ, ինչպէս կ’ըսեն։ Ու ես չեմ տեսած դեռ հայ գրագէտ մը՝ որ իր հրատարակած գիրքերովը իր կեանքը շահելու, նոյն իսկ դրամ շահելու պարզամտութիւնը ունենայ։ Իր միակ որոնածը, սպասածը, յուսացածը, ինքզինքին պարտադրած զրկանքներով իր հրատարակած գիրքին ծախսը «հանելն է» միայն, ու իր այս յոյսը իրաւունք մը իսկ չէ ո՛չ իրեն համար եւ ոչ ալ՝ ոեւէ հայ-մարդու մը համար։ Օ՜հ, հայ գրագէտը, գոնէ «այս գետնին վրայ», ծայրայեղօրէն համեստ է։ Նոյն իսկ՝ խոնարհ։
       Վերջին հաստատում մը եւս. - Ժամանակին մեր բոլոր գրողները, առանց բացառութեան, ազգային գործիչ, խմբագիր եւ ուսուցիչ էին։ Ու ասիկա՝ որովհետեհւ նախ ազգային գործ մը կար, ընդարձակ ու լի կարիքներով. յետոյ, այս գործը վերապահուած էր գրողներուն, հի՛ն ու պղտոր հաւատքով մը, ու աւելի յետոյ, գրողը իր անխուսափելի պարտականութիւնը, նոյն իսկ իր իրաւունքը կը նկատէր ազգային անմիջական ու ժամանակաւոր բոլոր գործերուն կատարումը։ Ու ազգային այս պաշտօններով էր որ հայ գրագէտը իր կեանքը կը շահէր։ Այսօր, այս օրէնքը խախտած է։ Շատ մը հայ գրողներ, իրենց կեանքը կը շահին այլ աշխատանքներով եւ «ազգային գործերուն» հետ որեւէ ուղղակի կապ չունին։ Ու իրենց գրագէտներ ըլլալու իրողութիւնը՝ ազգային պաշտօններով չէ որ կը ճանչցուի ու կը հաստատուի։ Ասկէ՝ հայ գրագէտը որոշ անկախութիւն մը ունի ներկայիս եւ զոր ժամանակին չունէր։ Ու ասիկա շահ մըն է հայ գրագէտին, բայց կորուստ մը՝ «ազգային գործերուն» համար. - Լեզուական, բարոյական, մտաւորական կորուստ մը։ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ միայն հին դրութիւնը կը շարունակուի դեռ եւ գրականութիւնը որ «կը ծաղկի» այս գաղութներուն մէջ, քիչ եւ շատ «վարժապետութիւն կը հոտի», ինչպէս կը հոտի նաեւ գիւղացիութիւն։ Մանաւանդ՝ իր գրական ըմբռնումներուն եւ դատումներուն մէջ ի յայտ կու գան այս հոտերը։ Նոյն այս վարժապետութիւնն ու գիւղացիութիւնը ներկայ են Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ ապրող բոլոր հայ-մարդոց ներսը։ Այս իրողութեան պատճառը այս երկիրներուն յետամնաց ըլլալը չէ։ Ապացոյց. - Նոյն այս հոտերը կ’առնեմ ես Ամերիկայի մէջ «ծաղկող» մեր գրականութեան եւ հոն ապրող հայ-մարդոց լեզուին, մտայնութեան, շարժումներուն եւ բարքերուն մէջ։ Երկու պարագային ալ, հազիւ քանի մը բացառութիւններ կը նշմարեմ։
       Վախնալով հանդերձ բռնադատութիւն մը ի գործ դրած ըլլալէ, ուզեմ-չուզեմ ստիպուած եմ ընկերութիւն անուանել մարդերու այն զանգուածները որ մենք ենք, Արտասահմանի մէջ, եւ ցրուած աշխարհի ամբողջ երեսին։ Այս ընկերութիւնը, այժմ, իր գրագէտները իր ծոցէն դուրս վռնտած է, զանոնք այլեւս անպետ ու աւելորդ նկատելով։ Արդ, աշխարհի պատմութիւնը, ըսել կ’ուզեմ աշխարհը լեցնող ու կազմող ազգերուն ամբողջ պատմութիւնը, ցոյց կուտայ, որոշ եւ մեկին, հետեւեալ մե՛ծ ճշմարտութիւնը. - Ընկերութիւնները, ամէն անգամ որ ուզած են առանց գրականութեան եւ գրագէտներու ապրիլ ու կարծած են ապրիլ, սկսած են մեռնիլ ու մեռած են արդարեւ։ Ներկայիս, մեր ընկերութեան, հոս ինչպէս ամէն գաղութի մէջ, մեր գրականութեան եւ գրագէտներուն հանդէպ բռնած ընթացքը, իր մահամերձ կացութիւնն իսկ է եւ ուրիշ ոչինչ։ Ու իր ներկայ «ազգային գործունէութիւնը», իր ամբողջութեանը մէջ գրեթէ, ահաւոր զառանցանք մըն է. - մահամերձի զառանցանք մը միայն։ Զառանցող մարդը իր գիտակցութիւնը կորսնցուցած մարդ մըն է, մարմին մըն է։ Գրականութիւնը միայն լրիւ ու պայծառ գիտակցութիւնն է ընկերութեան, ուստի ժողովուրդին։ Ու կը կրկնեմ մարդուն համար, ընկերութեան ու ժողովուրդին համար, գիտակցութեան կորուստը, կորուստն իսկ է իր սեփական ապագային։ Աւելին. - Մահամերձ ու զառանցող մարդը, արդէն իսկ դադրած է մարդ ըլլալէ, իր ձայնով, իր դէմքով, իր աչքերով ու իր շարժումներով։ Զառանցող մարդը անմարդկային է միշտ, մեր ներկայ ընկերութեան նման, աշխարհի ներկայ վիճակին նման։
       ԴԻՏՈՂՈՒԹԻՒՆ. -
       Գրականութեան եւ գրագէտին վարկին անկումը, ներկայիս, միայն մեր մէջ չէ որ տեղի ունեցած է, գիտեմ։ Այս անկումը իրապէս համաշխարհային նկարագիր մը ունի: Օրինակ. - Այսօր, Ֆրանսայի մէջ, ո՛չ Ժիտը, ո՛չ Քլօտելը, ո՛չ Ալէնը, ժողովուրդին ինչպէս պետութեան առջեւ չունին այն ընդհանրական վարկը զոր ունեցած են Լամարթին մը, Վ. Հիւկօ մը եւ նոյն իսկ Պառէս մը։ Պարագան նոյնն է Գերմանիոյ մէջ, Կէօթէին եւ ուրիշներուն համար։ Գրագէտին վարկին, ուստի կարեւորութեան նման ու հետ, իր գիրքերն ալ, կամ իր հանրային արարքները, նոյն ճակատագիրը ունին ներկայիս. - Ո՞ր հանրութիւնն է, որ անհամբերութեամբ կը սպասէ հեղինակի մը մէկ գիրքին հրատարակութիւնը, ինչպէս ժամանակին կը սպասէր Հիւկոյի, Է. Սիւի, Պալզաքի, Ֆլոպէռի, Ֆրանսի եւ Թոլսթոյի մը գիրքերուն հրատարակութիւնը ու իրար կ’անցնի, գրագէտի մը հանրային մէկ արարքին առջեւ։ Այսօր, ամբողջ աշխարհի մէջ, գիտունը փոխարինած է գրագէտը. գիտունն է պետական մարդը եւ ոչ թէ գրագէտը։ Ու ժողովրդական մարդը՝ դերասանն է ու դերասանուհին։ Այս հաստատումները չեն արդարացներ անշուշտ հայ գրագէտին վարկին անկումը։ Աւելին. - Անոնք չեն իսկ բացատրեր մեր իրողութիւնը, պարզապէս, որովհետեւ այս անկումները տարբեր բնութիւններ ունին ու նաեւ տարբեր պատճառներ եւ համեմատութիւններ։ Ու այս մատնանշումները կ’ընեմ հոս ի յառաջագունէ չէզոքացնելու համար այն փոյթեռանդն ինքնարդարացումները որոնց դիմելու սովորամոլութիւնը ունի հայ-մարդը։ Ու Պիղատոսին նման՝ լուալու՝ իր մաքրամաքուր ձեռքերը։ Ո՛չ ջուր, ո՛չ ջրաման եւ ո՛չ ալ ղենջակ կը ներկայացնեմ ես իրեն։ Ընդհակառա՛կը։ Պիղատոը, որ փոքր Կեսարն է միշտ, թշնամին է մարդուն եւ ճշմարտութեան, որոնք իրեն համար գայթաղկղութիւններ են միշտ։ Հայ-մարդերը, ներկայիս, եւ աւելի քան երբեք, Պիղատոսներ եղած են, մեծ ու պզտիկ Կեսարներ եղած են…։