Նոյեան Աղաւնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՂԱԶԱՐՈՍ
       Ա՜հ, իմ յարութեա՜նս երեկոն։
       Դէպքէն վերջ, հոգածութիւններէն, սրտազեղումներէն, մեկնաբանութիւններէն վերջ, բարեկամներու սարքած ճաշկերոյթէն եւ երգերէն վերջ, հանգիստէն վերջ, եւ, աղաւնիներէ բնակուած մեծ շոճիներու տակ, երբ այլեւս մարդիկ կերուխումի պիտի սկսէին , իմ քովս գտնուողներուն ցած ձայնով մը ըսի. - «հիմա, թոյլ տուէք, որ ձեզ ձգեմ, թոյլ տուէք, որ նոր փեսայի մը պէս տուն վերադառնամ, իմ վերագտնուած կեանքիս հետ առանձին։»
       Գաղտագողի դուրս սպրդեցայ եւ ամէն ոք այնպէս ձեւացուց, թէ չէր նշմարեր պատահածը։
       Երբ ՀինԹաղամասին հրապարակը հասայ, ամրան ամենէն ճաճանչագեղ օրերէն մէկուն վախճանն էր արդէն։ Ծիծեռնակները կը դարձդարձէին իրենց ետեւէն ընդ քարշ ածելով իրենց ճիչերը՝ երկինքի մը վրայ, որ մեծ երջանկութեամբ մը նուաղիլ կը թուէր։ Աշխարհը թափանցուած էր թովչանքով մը զոր ես ալ կ’ապրէի՝ մինչեւ իմ հոգիիս խորը։
       Նստայ բազմամեայ կնձնիի մը ոտքին, ինչպէս իմ երազուն երիտասարդութեանս ատեն. ինձմէ ո՛չ հեռուն կը գտնուէր ծերունի մը՝ որ զիս իր ծունկերուն վրայ խաղցուցած եւ զուարճացուցած էր, բայց չէր կրնար զիս ճանչնալ, այն մօրուքին պատճառով, որ մահուան մէջ բուսած էր դէմքիս։
       Սքանչելի՜ք։ Ամէն ինչ կը շարունակուէր, ամէն ինչ կը վերսկսէր։ Սուր ձայներով փոքրիկ աղջիկներու շուրջպար մը կար, եւ հոս ու հոն՝ անփոյթ եւ շատախօս խումբեր։ Կային՝ պատուհաններուն մէջ գեղեցիկ թեւեր՝ վանդակապատերուն թարմութեան միացած, եւ դէմքեր կային, որ ստուերին մէջ կը ծաղկէին։ Քարէ աստիճանի մը վրայ պատանի մը երկնցած էր եւ երգ մը կը մրմնջէր եւ ատիկա ե՛ս էի։ Պզտիկ տղայ մը իր շրջանակը կը վազցնէր հրապարակին բոլորտիքը եւ ատիկա ե՛ս էի։
       Դողդոջուն սիրտով մը կը պաշտէի ամէն ինչ. - աղբիւրին մրմնջունը, օրօրուն քալուածքը երկու երիտասարդ աղջիկներու՝ որ կ’անցնէին թեւանցուկ, ուռերու կրակի մը բոյրը, հովին մէկ շունչովը բերուած, ոտքերուս ներքեւ գաղջ աւազը, հին նստարանը, որուն վրայ նստած էի եւ որուն կեղեւաթափ փայտը ձեռքս վերստին կը ճանչնար։
       Շատ կերպարանքներ, շատ մանրամասնութիւններ, թէեւ ընտանի՝ զիս անակնկալի բերին։ Առաջին անգամ նշմարեցի, որ սա՛ տերեւախիտ ծառը, որ երկաթագործին պատէն վեր կը ցցուէր, յունապի մըն էր։ Երբեք չէի հիացած, հացագործին գորշ տունին վերեւ, վարդագոյն կաւհողի սա՛ ձուլումին, հին ներկի մը մնացորդ հետքին վրայ։ Այծերու փոքրիկ հօտ մը հրապարակէն անցաւ եւ ուլիկի մը պարը զիս լալու աստիճան յուզեց։ Այս վայրկեանին, ծերուկ մարդը, որ կնձնիին տակ իմ քովս նստած էր, հծծելով կանգնեցաւ եւ բացագանչեց՝ ինքզինքին համար. - «Ըսել թէ պէտք պիտի ըլլա՜յ այս բոլորը թողուլ»։
       Իր գաւազանին վրայ ծռած ծերունիին հեռանալը դիտելով, իմ գթութիւնս բերկրանքի փոխակերպուեցաւ։ Թողուլ այս բոլո՞րը։ Ո՛չ ե՜ս…։ Ո՛չ երկար ատենէ մը առաջ։ Կը հասնէի, կու գայի բոլորովին նոր եւ փորձառութեամբ հարուստ։ Հազիւ կը թեւակոխէի իմ քառասներորդ տարիս։ Հիմա՛ էր, որ պիտի ճանչնայի ու պիտի վայելէի «այս բոլորը»։ Մինչեւ այսօր կէս կոյր մը չէի՞ եղած, անգիտանալով տարածութիւնն եւ հրապոյրը իր գանձին։ Ա՜հ, այսուհետեւ պիտի ապրէի, պիտի պատուէի զԱստուած այն ամէն բանին մէջ, զոր տուած էր ինծի, յետոյ առած՝ կրկին վերադարձնելու համար զայն ինծի։
       Ոտքի կանգնեցայ ես ալ, ու մեկնեցայ, քիչ մը դեդեւելով, գլուխս գինով։ Տանիքներուն կատարներուն վրայ կղմինտիրները նոր մարած էին եւ առաջին աստղը կը շեշտէր երկնակամարին անճառելի տշգնութիւնը։
       Ուղղուեցայ իմ բնակարանս, ծծելով փողոցին տաք շունչը, անցքիս վրայ ըմբոշխնելով ծիծաղ մը, խօսք մը, մօր մը սաստը կամ կնահաճոյի մը կծկծանքը։ Բայց չ’ուշացայ հաստատելու, որ հոս ու հոն, դռներուն առջեւ, մարդիկ իմ մասիս կը խօսէին։ Ու ես կը դանդաղեցնէի կամ կ’արագացնէի քայլերս, ըստ հետաքրքրութեան որով տիրապետուած էի կամ վիրաւորուած՝ տխմարութեամբ մը։
       Տեղեկութիւնները այնքան մանրակրկիտ էին որքան այլազան եւ մեկնաբանութիւնները կը շարունակէին իրէնց դիւրասահ ճամբան։ Կը լսէի խօսքեր՝ հետեւեալններուն նման. -
       Ան շատ զօրաւոր պոռաց միայն իր անունը ականջին եւ Ղազարոս ընդոստ արթնցաւ։
       Կ’ըսեն թէ ցուրտէն դողդողացեր է, երկար պահ մը։
       Օ՜հ, ո՛չ ցուրտէն, զարհուրանքէն։ Երբ ան ինքզինքը տեսաւ հո՛ն ուր որ է՜ր…։
       Իր առաջին բառերը եղած են ջուր խնդրելու համար։
       Զայն կանչելէ առաջ՝ ան Ղազարոսին ակռաները բացեր եւ բերնին մէջ հրարկու հեղուկ մը լեցուցեր է։
       Ասիկա հրաշք մըն է։
       Ո՛չ, մարդազատութիւն մըն է։
       Երբեք պէտք չէ մէկը թաղել առանց կանխաւ կարմիր երկաթով մը իր ոտքին ներբանը այրելու։
       Մեռած չէր։ Կալիլեացին ինքն իսկ ըսաւ, թէ մեռած չէր ան։
       Այնքան լաւ մեռած էր, որ կը հոտէր։ Բոլոր անոնք, որ ներկայ էին պիտի ըսեն քեզի թէ սիրտխառնուք ունեցան։
       Տասնըհինգ օրէ ի վեր թաղուած էր։
       Ո՛չ , չորս։
       Ո՛չ, վեց , ճշդապէս։
       Իմ մեծ մայրս հօրեղբայր մը ունէր, որ եօթանասուն հինգ օր քնացաւ։
       Եթէ մեռելները յարուցանեն, հիմա, այրիները այլեւս պիտի չհամարձակին վերամուսնանալ։
       Եւ ժառանգորդները մտատանջութեան մէջ պիտի ապրին։
       Թող յարութիւն առած ըլլայ կամ պարզապէս արթնցած, հեռուէն կու գայ, այս Ղազարոսը։
       Այո՛, հեռուէն կու գայի։ Յանկարծ յիշեցի հիւանդի սրտադողերս, երբ, հեւալով, քրտինք ջուր մտած, այլեւս ոչինչ կը յուսայի դեղերէն, ո՛չ ալ ինքզինքէս ու կը զգայի գլխիվայր իմ անկումս ոչնչութեան մէջ։ Իմ յարութեանս յիշատակը շատ մօտ էր, բայց բարեբախտաբար պատկերները անկատար էին։ Երբոր աչքերս բացած էի, անբողջապէս գիտակցութիւնս վերագտած եւ ճանչցած անոնք, որ զիս կը շրջապատէին. ինքզինքս կը գտնէի, ծաղկած ու խիտակուռ խոտի մը մէջ տարածուած։ Ինծի խնայելու համար գերեզմանին սարսափազդու տեսքը, զիս արագօրէն հոդ փոխադրեր էին եւ մեռելակապերէս մերկացուցած։ Անոնք, որ կ’օգնէին ինծի իմ առաջին քայլերս առնելու՝ արգելք կ’ըլլային ինծի՝ իմ ետիս նայելու։ Կը խնդայի, գինովցած մաքուր օդէն եւ արեւէն, թափանցուած ապաքինողներու հեշտախռով տկարութեամբը։
       Կ’աճապարէի հիմա վերագտնելու իմ սիրելի բնակարանս, հոն վար դնելու իմ յուզումիս բեռը եւ վերսկսելու այս առօրեայ հրաշքները. քունը եւ զարթումը ապրողներուն։
       Իմ տունիս առջեւ հետաքրքիրներու պզտիկ խմբաւորում մը նշմարելով՝ մխրճուեցայ գռեհներուն մէջ եւ վերադարձայ տուն պարտէզէն՝ զոր դանդաղօրէն կտրեցի եւ անցայ, ընդունուած իմ մանկութեանս խաղերէն եւ իմ քսան տարեկանի երազներէն։ Փոքրիկ վարդենի մը, զոր ձմրան վերջաւորութեան տնկած էի, ինծի կ’երկարէր իր առաջին ծաղիկը եւ նռնենին՝ որ իմ տարիքիս կը սկսէր իր պտուղները հասնցնել։
       Տան մէջ գտայ Մարթա քոյրս, որ զիս կանխած էր, մինչեւ հրապարակը գաղտագողի ինծի հետեւելէ ետք։ Ան զիս գուրգուրանքով համբուրեց, եւ, ժպտուն, արգիլելով ինծի մուտքը այն սենեակին ուր հոգեվարքը ճանչցած էի, զիս առաջնորդեց Արեւելքին սենեակը՝ որ իմ մանկութեանս սենեակը եղած էր եւ ուր ամէն ինչ պատրաստ էր իմ վերադարձիս համար։
       Հոս է, որ ամէն բան սկսաւ քեզի համար, ըսաւ ինձ քոյրս, եւ ամէն բան պարտի հո՛ս շարունակուիլ։ Արթննալով՝ արեւին ծագիլը պիտի տեսնես։
       Ինչպէս ժամանակին մայրս կ’ընէր, ան ինծի թաս մը կաթ երկարեց։ Լայնաբաց պատուհանէն կը լսէի ծղրիթներուն մեծ խումբը, գիշերուան շիչառութեան իսկ նման։ Սեղանին վրայ յասմիկներու փոքրիկ փունջ մը կար։ Քնացայ՝ երանաշնորհ մարդու մը պէս, որ ե՛ս էի։
      
       ***
       Սոսկալի երազ մը տեսայ . կը պառկէի, զարհուրանքով կաշկանդուած, բաց գերեզմանին խորութեանը մէջ, զոր մռայլ ու ժայռակոյց կամար մը կը ծածկէր։ Ի զուր կը ճգնէի շարժիլ. սերտիւ կապուած էի, երիզներով պատանքուած. մանաւանդ կը խեղդուէի, չկարենալով հանդուրժել կծու եւ նողկալի հոտ մը, որ, գիտէի, ինձմէ կ’արտահոսէր։ Փոսին եզերքին վրայ կը տեսնէի մարդեր եւ կիներ, որ դէպի ներս կը ծռէին եւ որոնք ճանչնալու ժամանակ չունէի, որովհետեւ անոնք իսկոյն կ’աներեւութանային, մարմնացնցումի մը մէջ եւ փակելով իրենց քիթը։
       Երբ այս մղձաւանջով արթնցայ, արդէն վաղուց լուսցած էր։ Լեզուս չորցած էր եւ դառն, ու ինձ կը թուէր, թէ այս հոտը դեռ կոկորդիս մէջն էր։
       Զով ջուր խմեցի եւ ծռելով սեղանին վրայ, անյագօրէն շնչեցի յասմիկները, գինովցայ անոնց աստուածային եւ կենդանի շունչովը, յետոյ մօտեցայ պատուհանին եւ խնդացի արեւին, որ արդէն, կը լեցնէր երկինքն ու երկիրը։ Մէկ անգամէն ինձմէ ներս զգացի երջանկութեան վերերեւումը, երազս վերագրեցի այն խօսքերուն զորս լսած էի նախորդ երեկոյ, փողոցին մէջ, եւ ինքզինքս կարծեցի ձերբազատուած՝ մահուան վերջին հոտերէն։
       Աւա՜ղ, հոտը վերադարձաւ, գողունի, սողոսկուն։ Բաղնիքէն ետք, կարծեցի զայն անակնկալօրէն զգալ թեւերուս վրայ, ձեռքերուս վրայ, եւ անկէ վերջ, գաղտնի անձկութեամբ մը , ամէն վայրկեան զայն գտայ եւ զայն գրեթէ միշտ փնտռեցի, խառնուած կեանքի բոլոր հոտերուն, հողին շունչերուն, հովին պատգամներուն, կիներուն ու ծաղիկներուն բոյրերուն, հացին եւ պտուղներուն համին։
       Պէտք է ըսել նաեւ՝ թէ ապրողներու ընկերութեան մէջ իմ վերամուտս՝ զիս իմ այս լլկահարութենէս ձերբազատելու բնոյթ մը չունեցաւ երբեք։ Օրեր ամբողջ, մեր տունը ողողուեցաւ բարեկամներով եւ հետաքրքիրներով։ Իւրաքանչիւր ոք զիս կը շնորհաւորէր արգահատանքով խառն ջերմութեամբ մը. ամենէն վեհանձները զի ս կը համբուրէին՝ առանց կարենալ ամբողջովին քողածածկելու իրենց նողկանքը։ Զիս կը շրջապատէին հեռուէն, զիս կը քննէին շրջահայեցութեամբ։ Մանաւանդ տեղեկութիւններ կ’ուզէին իմ մեկնումիս, միւս աշխարհին մէջ իմ բնակութեանս եւ այս աշխարհին մէջ վերադարձիս մասին։ Ի՞նչ ճանչցած էի, ի՞նչ քաշած էի, ի՞նչ մտածած էի։ Դանդաղօրէն ընկղմա՞ծ թէ վերհամբարձած էի ոչնչութենէն։ Ի՞նչ եղած էին հոգեվարքիս վերջին վայրկեանները։ Դէպի ո՞վ, դէպի ի՞նչ գացած էին առաջին ակնարկներս։
       Ճակատագրականօրէն, տգէտներ, կոշտեր գտնուեցան, ինծի խօսելու համար հոտին մասին։
       Ինքզինքս կը զսպէի։ Խորապէս կը փափաքէի անստուեր հրճուանք մը պարզել, իբրեւ կռուի հրաւէր մը, իբրեւ պաշտպանութիւն մը, եւ լիապէս պատուելու համար փրկիչս։ Քոյրերս այժմ զիս մահէն բաւականաչափ ձերբազատուած կը նկատէին՝ որպէսզի մարդիկ կարենային մահուան մասին առանց զգուշաւորութեան խօսիլ իմ առջեւս։ Ամէն վայրկեան անոնց խանդավառ վկայութիւնը կու գար ամբողջացնելու իմինիս անբաւարարութիւնը եւ իրենք իսկ այլեւս չէին վարաներ յիշատակել մահուան հոտը, երբ սկեպտիկ մը մէջ կը բերէր մահաքունի մը վարկածը։
       Բիւթանիոյ մէջ չէի կրնար տասը քայլ ընել՝ առանց ենթարկուելու պանդոյրներու յարձակումին կամ փարիսեցիներու դարանալից հետախուզութեան։ Տղոց խումբեր փսփսալով կը հետեւէին ինծի, եւ, անոնց խօսելու համար եթէ կանգ առնէի, ինչպէս ես սիրած եմ միշտ ընել, անոնք վայրկեան մը զիս պակուցումով կը զննէին, յետոյ կը փախչէին՝ ճիչեր արձակելով։ Անոնց համար յարուցեալը ուրուական մըն էր միայն։
       Բայց զգայացունցը անցողական է իր իսկութեամբը եւ օրագրութիւնը ամէն օր նոր սննունդներու պէտք ունի։
       Կայիափայի մարդոց կողմէ սպառնալիքի ենթարկուած՝ Նազովրեցի Յիսուսը մեր գաւառէն հեռացաւ, իր աշակերտներուն հետ՝ որոնց միացաւ իմ Մարիամ քոյրս։ Քիչ յետոյ իմացանք, որ Եփրայեմի մէջ կը գտնուէին անոնք, Անապատին ծայրասահմաններուն վրայ։ Բանակռիւները մարեցան Բիւթանիա, գինետան մը մէջ երկու գինովներ զիրար խողխողեցին, զոհարարի մը անդրանիկ աղջիկը անցորդ զինուորի մը հետ փախաւ, այնպէս որ, երեկոյին, դռներուն առջեւ այլեւս մարդիկ իմ մասիս չխօսեցան եւ ոչ ալ հրաշքին մասին։ Ես վերադարձայ իմ հասարակ մարդու վիճակիս։
       Զիս Յարուցեալը մականունեցին, կարծես ըսած ըլլային Արթունը, Սթափը, ինչպէս Փորոտը կ’անուանէին մեր դրացի եւ բարեկամ Սիմոնը, զոր ժամանակին բորոտութեամբ վարակուած կը կարծէին մարդիկ։ Բայց յստակ էր թէ, բոլորին համար, արդէն, ատիկա այլեւս բառ մըն էր միայն։
       Բոլորին համար, բայց ո՛չ ինծի համար։ Դառնօրէն կը զգայի, թէ գերեզման մը օրօրոց մը չէ եւ յարութիւն առնելը՝ վերածնիլ։ Ի զուր կը ճգնէի իմ կեանքիս երկու բեկորները վերակցել, վերաձուլել։ Զանոնք իրարու մօտեցնելով, անոնց տարանմանութիւնը կը շեշտէի միայն. ի զուր կը փորձէի մոռնալ անդունդը, նեղ բայց խոր, որ զանոնք կը բաժնէր. զիս Յարուցեալը անուանելով, իմ նոր ծագումս շուտով ինծի յիշել կու տային։ Ճշտելու համար ընտանեկան կեանքի պզտիկ որեւէ դէպք մը, այցելութիւն մը, տօն մը, վնաս մը կամ ստացք մը, քոյրերս ինծի կ’ըսէին. - «Քու յարութենէնդ առաջ էր », կամ «Քու յարութենէդ ի վեր առաջին անգամն է»։
       Այսպէս կ’ըսեն. պատերազմէն առաջ կամ վերջ, աղետէն առաջ կամ վերջ. այսպէս կը վերյիշեն, ուղղանշանելու համար ժամանակը, ինչ որ կը ճնշէ յիշողութիւնը եւ կը փոխէ աշխարհը։
      
       ***
      
       Այնքան զարմանքով որքան նախանձով կը տեսնէի ան, որ ես եղած էի իմ առաջին մահէս առաջ. - կեանքին վարժուած երջանիկ մը եւ հոն փճազբօսնելով, ինչպէս յունիսի մարգագետնի մը խորը, - հորիզոնը խափանելու աստիճան ուռճազարդ մարգագետին մը։ Այն ժամանակ իմ քայլս պար մը ըլլալէ չէր դադրեր ու ես կը վատնէի ոսկեզօծ ժամերը, անսպառելի մանրուք դրամի մը պէս։ Անասուններուն եւ բոյսերուն հետ յաւերժական ուժգնութեամբ մը մաս կը կազմէի։ Աշնան հովը, որ կը ցրուէ սերմերը տերեւներուն հետ՝ ապագային մասին միայն կը խօսէր ինծի եւ ձմրան մէջ կը տեսնէի՝ աւիշին գարնանային խոյանքին անհրաժեշտ ժամանակամիջոցը։ Ինծի համար պտուղը ծաղիկին յաղթանակն էր միայն եւ կը հմայուէի՝ կնոջ մէջ մանուկը գտնելով։
       Այժմ կեանքը նուազ չէի սիրեր։ Ա՜հ, աւելի կը սիրէի զայն, առանց կասկածի , բայց ի՜նչ պայծառավառ եւ աղեքէզ սէրով։ Որովհետեւ կեանքը ինծի հասարակած բաժին մը չէր, այլ հրաշալի յետաձգում մը։ Միւսները, հեզօրէն կրնային ըսել. կ’ապրիմ. ես, բաբախուն սիրտով, կը մտածէի. - մեռած չեմ, այլեւս մեռած չեմ, դեռ մեռած չեմ։ Բայց ամէ՛ն վայրկեան ինքզինքս կը զգայի սարսափազդու յստակատեսութեամբ մը բռնուած։ Յոգնութեան շարժումի մը մէջ, ձայնի մը կորաբեկումին մէջ, նայուածքի մը մելամաղձոտութեան մէջ եւ նոյն իսկ արարածի մը շգեղութեան մէջ, երեւան կը հանէի սաղմը կամ գաղտնի յառաջացումը մահուան։ Միսին շողարցակումին ներքեւ կմախքը կը տեսնէի եւ չէի կրնար հիանալ իր աշխատանքին վրայ ծռած աշխատաւորի մը կամ իր խաղին մէջ կորսուած մանուկի մը վրայ, առանց զանոնք երեւակայելու այնպէս ինչպէս պիտի ըլլան, ուշ կամ կանուխ, կարծր եւ չորցած՝ գերեզմանի պատանքներուն մէջ։
       Այսպէս, մահուան յաճախանքն ու ապրելու ծարաւը իրար կը գրգռէին իմ մէջս, զիրար կը շարունակէին, անբաժան՝ ինչպէս արեւին տակ քալող ճամբորդն ու իր շուքը։
       Ինչ որ իմ անձնական շուքիս համար էր, որուն հետ անգամ մը, արդէն, ողբալիօրէն խառնուած էի, ամբողջ օրը կը ջանայի, որ ան չդադրի ալիքի մը չափ շարժուն ըլլալէ եւ սաղարթի մը չափ սարսռուն։
       Իմ անյագ աչքերս ու ձեռքերս ուզեցին ամէն բան բռնել, ամէն բան ճանչնալ, ամէն բան սիրել։ Կը տենչայի, որ իմ իւրաքանչիւր քայլս նուաճում մը ըլլար, իմ իւրաքանչիւր ժամըս ըլլար արգասաբեր։ Ամէ՛ն ինչով կ’ուզէի ինքզինքս աւելցնել, կեանքս բազմապատկել, տեւե՛լ իմ ձեռնարկներուս մէջ։
       Ծառեր տնկեցի, հոր մը փորեցի, սկսայ կաւէ անօթներ յօրինել եւ թրծել, խորապէս փորագրել՝ պղինձի եւ քարի վրայ՝ անասուններ, ծաղիկներ, պատգամներ։ Երեկոյին կը թափառէի դաշտերուն մէջ, մանուկներուն եւ ինծի համար յօրինելով երգեր՝ որոնց մէջ միջատներն ու խոտերը խօսեցնել կու տայի, որոնց մէջ Աստուծոյ եւ մարդոց պաշտպանութիւնը կը հայցէի ամենէն աւելի վաղանցուկ եւ ամենէնէ աւելի երկիւղահար արարածներուն համար։
       Որովհետեւ ես միշտ անհոգ բնութիւն մը ունեցած էի, այս ցրուած եւ տենդավառ գործունէութիւնը զարմացուց եւ մտահոգեց իմիններս։ Վախնալով իմ առողջութեանս համար, իմ ողջմտութեանս համար անգամ, անոնք աշխատեցան զիս խաղաղեցնել, ողորմասէր հոգիներու մեղսակցութեամբը։
       Բիւթանիոյ մեծագոյն շատախօսներն ու նաեւ ամենէն աւելի նանրամիտները լծուեցան իմ աշխատանքներուս մէջ զիս ընդմիջելու եւ շեղեցնելու իմ մտածումներուս ուղղութիւնը. ընդունեցի յեղակարծ այցելութիւնները երիտասարդութեանս հին ընկերներուն, զորս առաւել կամ նուազ կորսնցուցած էի աչքէ։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ինծի կը խօսէր իր ընտանիքին մասին, գործերուն մասին, պնդելով՝ զիս ներկայացնելու համար իր կնոջ եւ ճաշակել տալու իր գինին։ Քիչ ատենէն այլեւս չեղաւ շաբաթ մը, ուր երեք կամ չորս ընտանեկան ճաշկերոյթի հրաւիրուած չըլլայի եւ պարագայի յարմար որեւէ խնճոյքի մը։
       Այս ամէնը սկսաւ հաճոյալիօրէն զիս թմրեցնել, մանաւանդ որ, ըստ Մարթա քրոջս տուած հրահանգներուն, ինչպէս վերջէն ան յայտնեց ինծի, մարդիկ ետ կը կենային զիս Յարուցեալը կոչելէ, Եղելութեան մասին նուազագոյն ակնարկութիւնը ընելէ եւ բուռն շահագրգռութիւն մը տածել կը ձեւացնէին իմ աշխատանքներուս համար, որոնցմէ կը յաջողէին զիս հեռացնել։ Ու յետոյ, չէի՞ կրնար վերագտնել հաւասարակշռութիւն եւ հանդարտամտութիւն, խառնուելով, նոյնանալով իմ ցեղախումբս կազմող այս մարդոց հետ։
       Մինչդեռ կը հեռանայի իրենց սեղանէն այն լաւատեսութեամբ եւ այն բարեմտութեամբ, որոնց ծնունդ կու տան համեղահիւթ ճաշերն եւ գլխահարող գինիները, նախ յաջողեցայ ինքզինքս համոզել՝ թէ բոլոր այս մարդերը ողջ մարդոց մէջ ամէնէն ողջերն էին։ Աւա՜ղ, քիչ ատենէն պէտք եղաւ լեզուս փոխել։ Ինչ որ, իրենց աչքերուն մէջ, հրաշխոյժ հոգիի մը ցոլարցակումին տեղ առած էի, արծաթսպասներու եւ սրուակներու շողն էր միայն։ Այս մարդերը, երբ չէին ուտեր կամ չէին քնանար, հաշուեսեղանին ետին կկզած կը կենային եւ բակլայի, թուզի կամ ձիթապտուղի առեւտուր կ’ընէին։ Անոնք ալիւրներուն եւ մետաղներուն վրայ կը շահադետէին, անշարժագրաւի վրայ դրամ փոխ կու տային կամ կը շահավաճառէին հազար բաներ զորս միայն թիւերով կը ճանչնային. անոնք կը շահագործէին հարուստին պարապոյ ժամերը, աղքատին աշխատանքը, միամիտներուն վստահութիւնը եւ ապուշներուն ունայնամտութիւնը։ Ինչ որ ապրիլ կը կոչէին անոնք, իրենց մորթին տակ ճարպ կուտակելն էր եւ ոսկի՝ իրենց արկղին մէջ եւ հասարակ տեղիքներ՝ իրենց միտքին մէջ. ամրափակ բնակարանի մը մէջ, հին բազկաթոռի մը նման կակուղցած կրօնքի մը մէջ, պոռնիկի հաճոյակատարութեանց բարոյականի մը մէջ, որդնոտած հաստատութիւններու մէջ, վերջապէս, գերեզմանի ապահովութեան նման ապահովութեան մը մէջ, զոր անոնք վերջնական կը կարծէին՝ ինքնախծկելն էր ապրիլը անոնց համար։
       Իրենց մանկութենէն, որուն թարմ հանճարը, խոյանքները, ըմբոստութիւններն ու եռանդները ճանչցած էի, անոնք կը պարծենային թէ ոչինչ մնացած է, փքանալով, որ այժմ իրենց գլխուն մէջ կապար միայն ունին։ Ու անոնք իրենց զաւակները կը մղէին տափակ եւ ուղղագիծ ճաբաներու մէջ, առանց փոթորիկներու եւ առանց երազներու, ուր, մինչեւ հորիզոն, բոլոր քայլերը հաշուուած էին, բոլոր հանգրուաները կանխատեսուած, բոլոր արարողութիւնները որոշուած ու կարգադրուած, ուր իտէալին քծնբանութիւնները այլասերած տեսակէն էին, անփայլ , անվնաս, - ճամբաներ՝ ուր մարդ կրնար օր ըստ օրէ լրացնել ո՛չ թէ իր կեանքը, այլ իր մահը։
       Եւ պատահեցաւ, որ հոտը, որմէ գրեթէ ձերբազատուած էի, հոտը, որուն այլեւս չմտածել յաջողած էի, զիս նորէն տանջեց։ Ան կը կաշկանդէր զիս երբոր այս մարդերէն ասոր կամ անոր կը մօտենայի, երբ կը մտնէի իրենց տան մէջ, երբ անոնք ինծի կը յայտնէին իրենց ծրագիրները եւ իրենց քաղաքական դաւանութիւնը։ Միակ բառ մը, երբեմն, դուրս եկած իրենց ամենէն կատակաբոյր խօսքերէն, անով ապականած էր։
       Յարաբերութիւններս խզեցի անոնց հետ եւ ասիկա այնքան դիւրութեամբ որքան այս մեղմաբարոյ ընկերակիցներս նախայարձակներ կ’ըլլային ու զիս կ’ամբաստանէին իրենց յարգելիութեան վնասող մը իբրեւ՝ անմիջապէս, որ կը փորձէի միայն զիրենք զգուշացնել լճացումին եւ ջլախտութեան դէմ։
       Բայց իմ աշխատանքներուս, իմ խանդավառութիւններուս, իմ անձկութիւններուս վերադառնալէ առաջ, նետուեցայ քաղաքին խորերը, նոյն ատեն յոյսով եւ երկիւղայորդ նախզգացումով լեցուն հետաքրքրութեամբ մը։ Ես միշտ հեռու մնացած էի ամբոխներէն, կուսակցութիւններէն, ժողովներէն. երբեք մօտէն չէի տեսած հաստատութիւններուն խաղը, հանրային մեքենային բանումը։ Այս բոլորէն բարձրացող աղմուկը կը թուէր վկայել ներոյժ կեանքին մը մասին եւ որուն հպումը կրնար ինծի համար փրկարար ըլլալ։
       Բո՜ւֆ։ Այդ կեանքը՝ քոսոտ ծեր առիւծին վրայ ոջիլներուն կեանքն իսկ էր։
       Եթէ, դուրսէն դիտուած, հանրային շէնքերը կը պարտադրէին վեհութիւն մը, որ ժամանակին ասպարէզ կը կարդար, ներսը զազիր էր։ Ձեղունները, որմնդրուագներն ու նստատեղիները, պաշտօնի վրայ եղող մարդոց դէմքերն ու ձեռքերը, հաւասարապէս, ներթափանցուած էին աղտեղութեամբ մը, որ աւանդութեան ոյժը ունէր։
       Մինչ կը հրէի Պալատին դուռը, ուր Արդարութեան Ատեանը կը բազմէր, գարշահոտութիւն մը՝ որուն բնութիւնը ես լաւ կը ճանչնայի, զիս այնպիսի ուժգնութեամբ ցնցեց, որ կարծեցի կռնակիս վրայ գետին իյնալ։
       Տաճարներուն մէջ, հրապարակին վրայ, ամբոխները, աղաւաղեալ մեծ բառերու վրայ իրարու կը փակչէին, փոշիացած մասունքներ կը պաշտէին։ Թմբուկի մը չափ պարապ եւ ուռուցիկ նշանաբաներու ետեւէն թափօր կը կազմէին, կը կռուէին վարդապետութեանց համար, որոնք սատակայարդուած արծիւի մը վերջնական վեհութիւնը ունէին։
       Ամէն տեղ, առաւել կամ նուազ նեխած անցեալ մը, առաւել կամ նուազ ամուլ ներկայի մը կը տիրապետէր, եւ պոռոտախօսներուն ամենէն համբաւաւորները անոնք էին, որ ամենէն աւելի կը փայլէին հռչակաւոր մեռելները ի շահ իրենց յօշոտելու եւ նոյն ատեն անոնց ի պատիւ հռետորական արձաններ բարձրացնելու արուեստին մէջ։
       Բայց այս մեռելներէն ոմանք արդարօրէն փառաբանուած էին եւ ես ալ կը յաջողէի ստուգել՝ թէ անոնք շատ աւելի կենդանի էին քան ապրողներէն շատերը եւ իրենց յաւիտենական երիտասարդութեան մէջ անոնց յաճախելով, հոտէն ինքզինքս պիտի ձերբազատէի։ Անյագօրէն լեցուեցայ անոնց լոյսովը, անոնց ձայնովը, անոնց պատկերովը եւ անոնց մասին ծանօթութիւններ հաւաքեցի մինչեւ իսկ իրենց շիրմաքարերուն վրայ։
       Այսպէս, տեսակ մը շեղումով եւ ճշմարտազանցութեամբ, ե՛ս որ ամէն տեղ երեւան կը հանէի եւ կը նախզգայի մահուան նշանները, հիմա գերեզմանոցներու մէջ էր, որ կը փնտռէի անոնք, որ մահը կ’արհամարհէին։
       Արդ, այս ձեռնարկին ընթացքին, ինծի պատահեցաւ կանգ առնել նորածածք գերեզմանի մը առջեւ եւ իմ յուզումս մեծ եղաւ. գերեզմանն էր իմ սերունդէս մարդու մը, վարպետ որմնադիր, զոր մահը առած էր ինծի հետ նոյն օրուան մէջ։ Երկար տապանագրութիւն մը կը յիշատակէր, թէ ան Բիւթանիան նոր թաղով մը օժտած էր։ Այո՛, գիտէի. իր ձեռքով կառուցուած երեսուն տուներ իրենց սպիտակութիւնը կը պարզէին արեւին եւ աւելի կապոյտ կ’ընէին երկինքի կապոյտը։
       Ա՜հ, նախանձեցայ այս մարդուն։ Միզմէ ո՞ր մէկը՝ մեր մահէն վերջ՝ աւելի ազդուապէս պիտի ապրէր։
       Եթէ ողջ ըլլար, կ’ըսէի ինքզինքիս, եթէ, իմ տեղս ինք յարուցեալ, անցնէր իմ գերեզմանիս առջեւէն, իր նայուածքը անտարբերութեամբ պիտի սահէր, հազիւ հպելով առանց արձագանգի անունի մը անունը ամբողջական մեռեալի մը։
       Բայց այս մտածումը յանկարծ իմ մէջս յառաջ բերաւ անդիմադրելի հետաքրքրութիւն մը։ Թողուցի այս գերեզմանը, եւ, դողդոջուն քայլերով, գացի դէպի իմինիս։ Առաջին անգամ ըլլալով կ’ուզէի զա՜յն տեսնել, զա՜յն կամ ինչ որ կը մնար անկէ. նոյնիսկ իր տեղը միայն։
       Զայն գտայ միւսներէն հեռու, բլուրի մը կուշտին, այն քարայրին մէջ, որ մաս կը կազմէ իմ ընտանեկան ստացուածքներուս։
       Փոսը երեք քառորդով լեցուած էր աւազով եւ նոյն ատեն զղջումի եւ սփոփանքի զգացումներ կրեցի։ Շիրմաքարը ինկած էր մէկ կողմ, ծռած, թեթեւ մը շրջուած. անունս փորագրուած էր վրան, սարսափելիօրէն միայնակ եւ կարծես թէ քարը իր սառած եւ անփայլ ձայնովը կը պոռար ատիկա ինծի։
       Անունս, երկու թուական եւ ուրիշ ոչինչ։ Ցաւատանջ զարմացումով մը երկար ատեն խորասուզուեցայ այս պարապ էջին հայեցողութեան մէջ եւ զոր գիտէի սակայն լեցուցած չըլլալ։ Բայց ոստոստուն հով մը անցաւ դէմքիս վրայէն. բայց զգացի սիրտիս զարկերը։ Աղէ՜. ես ոտքի էի աշխարհին մէջ, ես տարիքիս ուժին մէջ է՜ի։
       Եթէ Յիսուս յարուցած էր զիս, անոր համար չէ՞ր որ Աստուած ինծի զայն վերջապէս լեցնելու առիթը կը շնորհէր։ Նոր Ղազարոսը իր ամբողջ էութեամբը չէ՞ր տենչար ատիկա։ Հինի՛ն, որ մեռնիլ միայն գիտցած էր, ըսի բարձրաձայն, խոնարհելով իր շիրմաքարին առջեւ։
       Երթաս բարո՜վ, խեղճ Ղազարոս։
       Իսկոյն իմ ետիս ձայն մը բարձրացաւ, գթաշարժ ձայն մը, որ Մարթա քրոջս ձայնն էր։
       Այո, խե՜ղճ Ղազարոս։
       Ան իմացած էր մեռելներուն իմ այցելութիւններս եւ, մտահոգ, հետեւած էր ինծի։
       Այո՛, կրկնեց ան, երբ իրեն դարձայ, այո՛, խե՜ղճ Ղազարոս, որ դեռ չէ բուժուած մահէն։
       Դուն չես հասկնար, ըսի իրեն։
       Տխրօրէն գլուխը շարժեց .
       Կը հասկնամ, մրմնջեց ան, որ իրապէս շատ հիւանդ ուղեղ մը պէտք է ունենալ, ո՛ղջ ըլլալով, երթալ իր սեփական գերեզմանին վրայ ողբալու համար։
       Եւ ան անիծեց մեռելաթաղը, որ դեռ չէր աներեւութացուցած շիրմաքարը եւ հողը հաւասարեցուցած։
       Բռնեցի իր թեւէն, եւ մինչ կը քալէինք դէպի տուն, փորձեցի իրեն բացատրել իմ ընթացքս եւ ըսի թէ՝ աւելի լաւ ապրելու փառասիրութեամբ եւ որոնումով միայն մղուած էի։
       Ուսերու ցնցում մը ունեցաւ քոյրս։
       Պէտք է ապրիլ առանց կեանքին մասին մտածելու, ըսաւ ան. եթէ մարդ իւրաքանչիւր վայրկեանը իր սեփական շնչառութիւնը դիտելու համար գործածէ, շնչելը շնչասպառութեան միջոցի մը կը վերածուի շուտով։ Կը տեսնեմ, որ քու ապրելու տենչդ կազմուած է հիւանդութեանց վատդարագոյնէն. մեռնելու վախը։ Ա՜հ, վերջ ի վերջոյ քեզ պիտի բժշկեմ այդ հիւանդութիւնէն։
       ***
       Եւ այս նպատակով, քոյրս մեր տունը հրաւիրեց իր բարեկամուհիներէն երիտասարդ Սառան, գեղեցիկ եւ վեհապանծ այնքան՝ որքան եղած պէտք է ըլլայ Աբրահամի կինը, որուն անունը կը կրէր ան։
       Քսանըվեց տարեկանին այրի, այս Սառան իր մօրը հետ քաղաքին միւս ծայրը կ’ապրէր։ Կիները կը նախանձէին բուրդը հիւսելու իր ճարտարութեան վրայ։ Մարթան, որ երիտասարդ կնոջ դիմագիծերուն կատարելութեան եւ մազերուն փարթամութեան մասին իմ արտայայտած դրուատիքներս լսած էր, յանկարծ Սառայի հիւսքի դասերուն պէտքը զգաց։
       Անշուշտ, իմ առաջին կեանքիս մէջ եւ իր ամուսնանալէն առաջ, ես տենչացած էի Սառան։ Ուրիշ շատեր ալ տենչացած էի, աղջիկներ եւ կիներ, որոնք իրենց ամուսինին միայն տուած էին իրենք զիրենք։ Բայց ես միշտ շատ քիչ քաջութիւն եւ հաստատակամութիւն զգացած էի մէջս՝ ընտանիք մը ստեղծելու եւ անոր բեռը տանելու համար։ Ինքզինքս դիւրին եւ անցաւոր սէրերու միայն լքած էի, միշտ խուսափելով բռնուելէ կնոջմէն՝ որուն մասին Սուրբ գիրքերը կը խօսին ան որ ցանցերու նման է, որուն սիրտը նման է ուռկանի, ձեռքերը նման են կապանքներու եւ, որ մահէն աւելի դառն բան մըն է(Ժողովող)։
       ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ