Նոյեան Աղաւնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՏՐԱՄԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՄԵԿՆՄԱՆ ԿԷՏ
       Դ. ՏՐԱՄԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՐԿԱՆ
       Տրամախօսութիւնը զատորոշելով խօսակցութենէն, ըսի թէ առաջինը միշտ տրուած եւ որոշ նիւթ մը կ’ենթադրէր։ Այս նիւթը տրամախօսութեան առարկան իսկ է եւ իր հիմնական տարրերուն երրորդը։ Եւ մինչ տրամախօսողներուն թիւը անհրաժեշտօրէն սահմանափակ է եւ իրենց խօսած լեզուն՝ իրենց հասարակ, տրամախօսութեան առարկաները բազմաթիւ եւ բազմատեսակ կրնան ըլլալ, ուստի կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ, ինչ որ անկարելի է խօսակիցներուն եւ իրենց լեզուին համար։ Ուրեմն, տրամախօսութեան այս երրորդ տարրին սկզբնական յատկանիշը քանակական է, մինչ նախորդ երկու տարրերունը որակական էր։ Այս առարկաներուն բազմականութիւնն ու բազմատեսակութիւնը արգելքներ չեն սակայն, այլ միտքին զարգացման համար կենդանի ազդակներ։ Այսուհանդերձ, հոս զանոնք որոշ դասակարգերու կը բաժնեմ ու կ’առնեմ այս վերջերուն գլխաւորները միայն։ Այսպէս. -
       Ա. - Ես ու դուն, որ կ’ուզենք տրամախօսել, կրնանք մեր տրամախօսութեան առարկան ընել քեզ կամ զիս։ Ինչ որ ցարդ ըսի խօսակիցներուն մասին, լայնօրէն բաւական է հաստատելու համար այս առաջին առարկան՝ տրամախօսութեան մէջ։ Սակայն, անհրաժեշտ է հոս յիշել, եւ շե՛շտելով, հետեւեալ երկու մեծ դժուարութիւնները՝ որոնք թակարդներ են, եսին եւ դունին մէջ իսկ լարուած եւ եսին եւ դունին մարդկային բնութեամբն իսկ։ Նախ, պայման է, որ եսին համար, որ ենթակայ մըն է, դունն ալ ենթակայ մը ըլլայ եւ ենթակայ մը մնայ միշտ, ճիշդ ու ճիշդ իրեն նման, եւ ոչ թէ իրի մը վերածուի, ինչ որ կարելի է ճշմարիտ սիրոյ մը ներկայութեան մէջ միայն. սիրոյ՝ որ իր սիրած էակը կը սիրէ իր ազատութեան մէջ, այսինքն իր մարդկային հանգամանքին եւ պայմանին մէջ։ Ու սէրը կ’ակնկալէ եւ ո՛չ թէ կը պահանջէ։ Պահանջողը տենչանքէն միշտ։
       Յետոյ, նոյնպէս սկզբնական պայման է, որ եսը երեւնալու ամէն սնամտութիւն թոթափէ եւ տեւական ճիգով մը ըլլալ աշխատի, ըլլայ ինչ որ է ինք ճշմարտապէս։ Ու անկեղծութիւնը, գործող անկեղծութիւնը անհրաժեշտ է հոս, շնչառութեան նման։ Անմիջապէս, որ եսը դիմակ մը կ’անցընէ իր դէմքին ու կը կենայ դունին դէմ, եսին եւ դունին միջեւ հաւասարութիւնը խախտած է, դունը վերածուած է իրի մը եսին համար այն վախով իսկ, զոր եսը կ’ուզէ ազդել դունին վրայ։ Վախին մէջ, մարդկային էակը յանկարծ կը վերածուի անհատի մը, այսինքն կը բանտարկուի իր սեփական տարբերութիւններուն սահմաններուն մէջ, կորսնցնելով հանգիտութեան ամէն եզր իր եւ իր դիմացինին, իր եւ զինքը շրջապատող պայմաններուն միջեւ, ու յանկարծ ինքզինքը գտնելով մինակ, ուստի լքուած։ Վախը ակն է նաեւ բոլոր նախապաշարումներուն եւ աւելորդապաշտութիւններուն, որոնք մարդերը կը բաժնեն, կ’անջատեն, կը խզեն իրարմէ եւ մենք արդէն գիտենք՝ թէ տրամախօսութիւնը մարդոց իրարահաղորդակցութիւնը կ’որոնէ, իրարահաղորդակցութիւնն է։
       Ինչ որ հոս կամ այլուր անկեղծութիւն կը կոչեմ, աւելի՛ն է քան այն դաժան յստակատեսութիւնը, ինքնատեսութիւնը ըսելս կու գայ որով մարդ ինքզինքը խիստ եւ մանրազննին քննութեան կ’ենթարկէ ու երեւան կը հանէ իր ամենէն խորաթաքուն եւ գաղտնածածուկ, գիտակից ու անգիտակից դիտաւորութիւնները։ Անկեղծութիւնը այն ճիգն է, որով մարդ իր ներքին տեսողութիւնը միշտ քիչ մ’աւելի սուր, միշտ քիչ մ’աւելի ներաթափանց, միշտ քիչ մ’աւելի խորամուխ կ’ընէ։ Ուրեմն հոս մատնանշուած անկեղծութիւնը արարք մըն է։ Աւելի՛ն. անիկա գործողութիւն մըն է, գործ մըն, որովհետեւ այն յարայորդ ճիգով իսկ, զոր մարդը ի գործ կը դնէ իրականը երեւան բերելու համար, այս իրականին վրայ բան մը կ’աւելնայ։ Ու այս պատճառով իսկ, այս գործող անկեղծութիւնը ստեղծագործ անկեղծութիւն մըն է։ Այս ստեղծագործ անկեղծութիւնը, ինչպէս ամէն ստեղծագործ արարք, խստապիրկ ուշադրութիւն մը կ’ենթադրէ, որ կ’արթնցնէ եւ ոտքի կը հանէ մարդուն ներքնագոյ զօրութիւնները եւ նոյն ատեն քաջութիւն մը՝ որ այս զօրութիւններուն մարմին կու տայ։ Առանց այս մարմնադրութեան՝ անոնք գոյութիւն չունին։ Ու ինչ որ զօրութիւն կ’անուանեմ այստեղ, մարդուն էութեան ամենէն մտերիմ խորութիւններէն ժայթքող կանչ մըն է միշտ եւ քաջութիւնը այն պատասխանն է, զոր մարդը կու տայ այս կանչին։ Ու այս պատասխանով միայն, որ վերոյիշեալ արարքն է, գործն է, մարդը կ’անցնի իր սեփական ու տրուած սահմանագլուխները, մուտք կը գործէ աշխարհին մէջ եւ ի յայտ կու գայ ա՛յն ինչ որ է ինք հարազատօրէն։ Այսինքն կը գտնէ, ամբողջ տիեզերքին մէջ այն միակ տեղը, որ իրն է եւ իրը միայն։ Այս յարախոր անկեղծութիւնն է մարդուն ինքնագիտակցութեան ակնաղբիւրը եւ մարդուն ինքնագիտակցութիւնը այն գիտակցութիւնն իսկ է, որով ան գիտէ թէ՝ այս անչափելի տիեզերքին մէջ տեղ մը կայ, որ իրն է միայն եւ այս անհամրելի արարածներուն մէջ արարած մը՝ որ ինքն է եւ այս արարածներուն անհաշուելի ըրածներուն մէջ բան մը կայ՝ որ կախում ունի իրմէ, միայն եւ միայն իրմէ, բացարձակօրէն իրմէ։ Ուրեմն, իր տեղը, ինքն ու իր ըրածը անփոխարինելի են, յաւիտեանս յաւիտենից։ Մարդկային անձին այս անփոխարինելիութիւնը, մարդկային անձին կոչումն իսկ է, ճակատագիրն իսկ է, որ միշտ ոգեկան է, իր կորիզին մէջ։ Ու ճիշդ ըմբռնուած ու հարազատօրէն կերարկուած քրիստոնէութիւնը, մարդկային էակին ճակատագիրին այս ոգեկանութիւնն իսկ է։ Քրիստոնէութիւնը, մարդուն մէջ, իր մարդկայնութիւնն է։ Ու մարդկայինը, ուստի քրիստոնէականը, մարդուն մէջ, յարատեւ ստեղծագործութիւն մըն է ու առանց անկեղծութեան ստեղծագործութիւնը անկարելիութիւն մըն է եւ առանց ազատութեան՝ անկեղծութիւնը։
       Բ. - Մեր տրամախօսութեան առարկան կրնայ ըլլալ ուրիշ մարդ մը։ Այս մարդը եթէ ողջ է, կարող է անմիջապէս մեր տրամախօսութիւնը ընդմիջել եւ մեր խօսքերը ուղղել, կամ մեր խօսքերը իր վկայութեամբը լուսաւորել եւ խորացնել եւ կամ, մեր խօսքերուն վրայ յաւելումներ ընել։ Այս երեք պարագաներուն մէջ ալ, մեր տրամախօսութեան մէջ բան մը կ’աւելնայ եւ այս աւելցածը իրականն է միշտ։ Ուստի, նման ամէն իրականի, այս իրականն ալ մեր հաղորդակցութիւնը կ’ընէ աւելի հաստատուն ու աւելի տեւական, մեզ մօտեցնելով քիչ մ’աւելի իրարու, մեր իրարաթափանցումը ընելով քիչ մ’աւելի խոր։
       Բայց հոս շատ մը պարագաներ կրնան ներկայանալ։ Այս երրորդ անձը, առանց մասնակցելու մեր տրամախօսութեան, այսինքն առանց մեզի համար ես մը կամ դուն մը ըլլալու, չէզոքաբար, միայն մեզի բացատրութիւններ կամ վկայութիւններ կը հայթայթէ։ Այս պարագային, մենք կը մնանք իրարու դէմ առանձին, ես եւ դուն, բայց մեր բանականութիւնն ու տրամաբանութիւնը սնուցանելով նոր տուեալներով։ Յետոյ, այս երրորդ անձը, ինքն ալ կրնայ մասնակցիլ տրամախօսութեան, ուստի, նոր ես մը, հետեւաբար նոր դուն մըն ալ կու գայ իմ եւ քու միջեւ, իմ եւ քու կողքիդ։ Երրորդ պարագայի մը մէջ, անիկա իբրեւ բոլորովին նոր իրականութիւն մը կրնայ ի յայտ գալ եւ մենք, երկուքս մէկ, կը վերածուինք միակ դունի մը ու ան՝ ես մը։ Կամ, փոխադարձաբար։ Կան նաեւ ուրիշ պարագաներ։
       Գ. - Բայց կրնայ ըլլալ, որ մեր տրամախօսութեան առարկան մեռած մարդ մըն է։ Հոս ալ պարագաներ կան։ Այս մարդը կրնայ ըլլալ Մարկոսը կամ Կիրակոսը, զոր մենք ճանչցած ենք եւ որ այսօր, մեր տրամախօսութեան մէջ ինք այլեւս անկարող է միջամուխ ըլլալու, ո՛չ իբրեւ վկայ մը եւ ոչ ալ իբրեւ խօսակից մը։ Տրամախօսութեան առարկան կրնայ ըլլալ նաեւ Վասակը, որ գործեր կատարած է միայն ու մենք կը մեկնաբանենք այս գործերը, իրենց նշանակութեան եւ արժէքին եւ հետեւանքներուն մէջ, զորս կրած են բոլոր հայ մարդերը։ Այս առարկան կրնայ ըլլալ, օրինակի համար, նաեւ Վ. Թէքէեանը, որ այս աշխարհին վրայ այլեւս մեզի հետ չէ, ուստի անկարող է, ուղղակի՛, մեր տրամախօսութեան մասնակցելու։ Բայց Թէքէեանին գիրքերը կան, քերթուածները կան, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ անիկա ես մըն է։ Ես մը՝ որ ո՛չ քեզի համար եւ ոչ ալ ինծի համար դուն մը չի կրնար ըլլալ։ Ու ընդմիշտ ես մը ըլլալու եւ ես մը մնալու այս կարողութիւնը, որուն դէմ մենք ալ ես մըն ենք իւրաքանչիւրս, տրամախօսութեան առարկային կու տայ նոր ու բարդ դէմք մը։ Անշուշտ, այս քերթուածները, նամակները, արձակ գրութիւնները վկայութիւններ են եւ վկայողը միշտ Վ. Թէքէեանն է, ինչպէս ողջ մարդը, որ ուղղակի իր վկայութիւնը կը բերէր մեզի։ Այս ճշմարտութիւնը պարզ է ու թափանցիկ, եւ սակայն, խորհրդաւորութիւնը իր պարզութեան եւ թափանցկութեան մէջն իսկ է, ճիշդ ու ճիշդ Թէքէեանի բանաստեղծութեան նման, ճիշդ ու ճիշդ մեր ժողովուրդին հոգիին մէկ արտայայտութեան նման։
       Դ. Բոլոր այս պարագաներուն մէջ, տրամախօսութեան առարկաները միշտ ես ըսելու կարողութիւնը ունին, ուստի միշտ վկայելու ատակ են։ Բայց կան՝ նաեւ ուրիշ առարկաներ, որոնք մեզի պատասխանելու անկարող են, ուստի, մեր տրամախօսութեան չեն կրնար մաս կազմել։ Անոնց դէմ մենք մեր բանականութիւնն ու տրամաբանութիւնը միայն ունինք, զրկուած ըլլալով անոնց բերած վկայութենէն։ Ուրեմն, մեր մէջ ու մեր առջեւ նոր ու մեծ դժուարութիւններ ծնունդ կ’առեն հոս, տրուած ըլլալով, որ ճշմարտութեան որոնումն ու գիւտը կախում ունին գրեթէ միայն մեր բանականութենէն եւ մեր տրամաբանութենէն։ Այս առարկաները իրերն են։ Ու այս իրերն ալ, իրենց կարգին, կարելի է բաժանումի մը ենթարկել. - անասունները, բոյսերը եւ նիւթական առարկաները կը կազմեն նոյն այս իրերը։ Ու իրը ո՛չ միայն անկարող է պատասխանելու այլ նաեւ հասկնալու։ Այս իրողութիւնը մեզ կը մղէ, մեզ կը տանի դիւրին եզրակացութեան մը - քանի որ անոնք անկարող են պատասխանելու եւ հասկնալու, ուրեմն անոնց գոյութեան անկախութիւնը, անոնց մեզմէ մտածուած ըլլալու իրողութեա՞ն մէջ կը գտնուի։ Այլ խօսքով, այս անկախութիւնը մեր մտածումին անկախութի՞ւնն իսկ է։ Ասիկա ըսել, անշուշտ իտեալիստ ըլլալ չի նշանակեր, քանի որ իտեալիստը, իր մտածումէն դուրս իրերուն գոյութիւնն իսկ կը մերժէ եւ հոս կասկածի տակ դրուածը այս գոյութեան անկախութիւնն է միայն եւ ոչ թէ գոյութիւնը, ինքը։
       Եսը եւ դունը, որպէսզի կարենան զիրար հասկնալ, անհրաժեշտ է, որ նախ գիտնան թէ ո՞րն է այն առարկան, որուն մասին կը խօսին։ Տրամախօսութեան առարկան յստակօրէն որոշադրելու եւ որոշադրելէ ետք զայն միշտ իր ինքնութեան մէջ պահելու պայմաններուն խախտումը, տրամախօսութեան կործանումն է։ Նայեցէք մեր ամենօրեայ վէճերուն ու դուք այս հաստատումին թանձրացեալ ապացոյցերը պիտի գտնէք անոնց մէջ եւ առատօրէն։ Հայ-մարդոց ներկայ իրարանհասկացողութիւնը, ազգային ինչպէս գրական, քաղաքական ինչպէս բարոյական գիտուններուն վրայ, ո՛չ հետեւանքն է միայն իրենց ապուշութեան եւ ոչ ալ իրենց տգիտութեան, Անոր պատճառները երկուք են։ Նախ, անշուշտ կեղծիքը կայ, դիմակը կայ, հասկնալ չուզելու կանխորոշումը, կամքն ու անվեհերութիւնը կայ։ Ու յետոյ, կայ մանաւանդ այն հիմնական իրողութիւնը, զոր ո՛չ ոք կը նշմարէ, որուն մասին ո՛չ ոք կը խօսի եւ որ հետեւեալն է. - երկու կողմերուն վէճին առարկան, նոյն առարկան չէ։ Ու նոյն իսկ, ի սկզբնաւորութեան եթէ անիկա նոյն առարկան է, վէճի ընթացքին, անիկա կը կորսնցնէ իր նոյնիմաստ ինքնութիւնը եւ կը վերածուի տարիմաստ առարկայի մը առարկաներու։ Որովհետեւ իւրաքանչիւր կողմ զայն կը հասկնայ իր ուզածին պէս կամ իր հասկնալ կրցածին չափ միայն։ Աւելին - ամէն անգամ, որ երկու մարդերու միչեւ վէճ մը կը ծագի, առարկան, որ պատճառ եղած է վէճին, դադրած է նոյն առարկան ըլլալէ եւ եղած է, անոնցմէ իւրաքանչիւրին համար տարբեր առարկայ մը։ Կ’ըսեմ մարդուն համար եւ ո՛չ թէ անասունին։ Որովհետեւ, երբ երկու շուներ, կամ կատուներ կը կռուին ոսկորի կտորի մը համար, կը կռուին, որովհետեւ երկուքին համար ալ ոսկորը նոյն եւ միակ ոսկորն է միշտ եւ զայն ունենալու մարմաջը, երկուքին մէջ ալ նոյնը։ Օրինակ. երկու տարիէ ի վեր այս քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ընտրութիւնները. ընտրութիւններ՝ որոնք ոսկորի կտորներու արժէքը միայն ունին հայ ժողովուրդին ճակատագրին համար ուստի մշակոյթին մէջ։ Ո՛չ ոք քաջութիւնը ունի ըսելու, - ինծի համար բարոյականը այս ինչ բանն է, գրականութիւնը այն ինչ բանն է, մշակոյթը, կեանքը, հայ-մարդը կրօնքը եկեղեցին եւ մնացեալները, այն ինչ բաները։ Ամէ՛ն ինչ անորոշ, տարտամ ու անհաստատ է հայ մարդուն սիրտին ու միտքին մէջ, բերնին ու լեզուին վրայ, որովհետեւ անոնք կաշկանդուած են կարծրակուռ, ծանրակիր ու խորաթափանց տարակոյսով եւ յուսահատութեամբ եւ զորս կ’ուզեն ամէն գինով պահել մեզմէ եւ նոյն իսկ իրե՛նք իրենցմէ։ Ու ամենէն բարձրաձայն պոռացողները, հայհոյողներն ու յոխորդացողները ամենէն աւելի խորապէս յուսահատածներն ու տարակուսողներն են, առանց կասկածի։ Ու այս ճշմարտութիւնը տեսնելու եւ հաստատելու համար մեծ հոգեբան մ’ըլլալու, մեծ հոգեբոյժ մ’ըլլալու հարկին մէջ չգտնուիր մարդ։ Կը բաւէ, պահ մը ինքն իր վրայ մտածելն ու խորհրդածելը։ Բայց ո՞ր գիտակից հայ-մարդը, այսօր, ինքզինքին կը նայի, առանց ինքզինքէն յուսահատելու, ինչպէս մեր ու աշխարհի ներկայ վիճակին՝ առանց այս վիճակներէն յուսահատելու։ Ես կ’ուզեմ այդ հայ-մարդը տեսնել։
       Ե. - Որպէսզի որեւէ շփոթութեան տեղի չի տամ, կ’ընեմ վերջին զատորոշում մը եւս։ - Երբ իմ մանչս, որ կանգնած է պատուհանին առջեւ, իր թեւը երկարելով պատուհանին առջեւէն անցնող գետը, կը բացագանչէ - ի՜նչ մե՜ծ առագաստանաւ մը կ’անցնի», ան կը հաստատէ առագաստանաւին գոյութիւնը, ներկայութիւնը նախ։ Ու յետոյ՝ առագաստանաւին մեծութիւնը, անցնիլը։ Այսինքն, ան առարկայ մը ցոյց կու տայ ինծի ու կ’ընէ հաստատում մը նոյն այս առարկային մասին։ Ու ես, գոցելով կարդացած գիրքս, կը դառնամ ու կը նայիմ պատուհանէն դուրս, ստուգելու համար խօսքին ճշմարտութիւնը, պարունակութիւնը։ Ըսել կ’ուզեմ, առագաստանաւն ու իր մեծութիւնը, անցնելը։ Ու այս ստուգումի իմ արարքովս, ես ապահովութիւն մը կ’որոնեմ։ Առագաստանաւը՝ որ իր մըն է, անմիջապէս այս ապահովութիւնը կու տայ ինծի։ Մեծութիւնը, որ իր մը չէ բայց հոս իրի մը վրայ ու շրջանակի մը մէջ սահմանափակուած է, գրեթէ նոյնպէս։ Սակայն, երբ մանչս ինծի կը յայտնէ, պիտի ըսեմ նոյնիսկ՝ ինծի ցոյց կու տայ ինչպէս ցոյց տուաւ առագաստանաւը, իր մեծութիւնն ու իր անցքը, իր մէկ մտածումը, այսինքն իր գիտակցութեան տարրերէն մէկը, ինծի ըսելով. - Հայ լեզուին հնչականութիւնը չեմ սիրեր», նոյնպէս ես կը դառնամ ու կը նայիմ (գլխուս եւ աչքիս շարժումովը կամ ներքին շարժումով մը միայն), բայց իմ շարժումս պարապի մը կը յանգի։ Ու ինչ որ կը կարծեմ տեսնել ու հաստատել այս խօսքին մէջ, ո՛չ իմ տղուս տեսածներն են եւ ոչ ալ հաստատածները, այլ իմ սեփական գիտակցութեանս տարրերը։ Ու մեր առջեւ մեծագոյն դժուարութիւնը կը ցցուի, երբ մեր տրամախօսութեան առարկան մեր գիտակցութեան տարրերէն մէկն է։ Որովհետեւ, հո՛ս, հայ լեզուին հնչականութեան գոյութիւնը կ’ընդունուի. անիկա գոյութիւն ունի առանց իմ եւ իմ զաւկիս գիտակցութեան ալ, բայց անոր անկախութիւնը կը սահմանափակուի իմ տղուս գիտակցութեան մէջ։ Այս տարրական հաստատումներուն հետեւողութիւնը պարզ է. - Ուրեմն, անկախաբար դունէն, որ կը խօսի եւ ցոյց կու տայ առարկայ մը եւ անկախաբար եսէն, որ կը հասկնայ եւ կ’ուզէ ստուգել (կամ փոխադարձաբար), պէտք է որ բան մը գոյութիւն ունենայ, որ ստուգումի այս շարժումին վերջաւորութեան ինքզինքը ցոյց տայ, ներկայ ըլլայ, եւ խօսակիցները կարող ըլլան զայն հաստատելու, հակառակ իրենց նկարագիրներուն, տարիքին, գիտակցութեանց եւ անձնական փորձառութիւններուն տարբերութեան։ Ու եթէ ես եւ դուն անբաւական ենք հաստատելու համար այս առարկան, ուրիշները կան։ Ու մեծամասնութեան օրէնքը հոս ունի իր պաշտօնը՝ հաւաստելու համար ինծի եւ քեզի՝ թէ մեր տեսած առարկան մեր միտքին զուտ մէկ առարկայացումը չէ. արտարձակումը, արտահոսումը չէ։
       Հոս երեւան կու գայ նրբայորդ եւ շատ լուրջ մարդկային իրականութիւն մը. զոր, աւելի քան ոեւէ մարդ, հայ մարդը կը զգայ խո՛րապէս եւ ցաւագինօրէն։ Ու ասիկա՝ ամէն տեղ իր օտար ըլլալուն իսկ հետեւանքովը։ Բայց, ինչպէս իր գրեթէ բոլոր զգացումները, այս զգացումն ալ ան կ’անտեսէ կամ կ’ուրանայ։ Ու այս անտեսումով եւ ուրացումով, ան արգելք կ’ըլլայ իր այս զգացումին իր գիտակցութեան մաս կազմելուն։ Ուստի, իր այս զգացումն ալ, նման միւսներուն, կը մնայ իր ներքին խաւարներուն, ներքին քաոսին մէջ, անձեւ, անիրական, անգոյ։ Եւ սակայն, մարդկային այս նախնական իրականութեան, իր անհրաժեշտութեան եւ արժէքին գիտակցութիւնը միայն սկզբնական ազդակն է, հայ-մարդուն եւ հայ-մարդոց մէջ, իրենց հաւաքական գիտակցութեան կազմութեան, գործունէութեան, ազդուութեան։ Ու կրկին անգամ, տրամախօսութիւնը կրնայ մեզի տալ ե՛ւ այս գիտակցութիւնը եւ կրնայ ըլլալ նոյն ատեն այն դաշտը ուր կը կիրարկուի անիկա։ Ահաւասիկ այս իրականութիւնը. -
       Երբ ես կը քալեմ փողոցին մէջ, ամէն մարդ նկատի կ’առնէ իմ մարմինս, ինչպէս ես նկատի կ’առնեմ ամէն մարդու մարմինը։ Եթէ այս բնածին նկատառումը գոյութիւն չունենար մարդոց եւ իմ մէջս, ես ու մարդերը անդադար իրարու պիտի բախէինք, պիտի վիրաւորէինք զիրար, ու աշխարհը պիտի ըլլայ միայն կոյրերով եւ խուլերով բնակուած մեր ներկայ գոյութեան նման։ Աւելին. - Ես, ինչպէս ամէն մարդ, նկատի կ’առնեմ նաեւ առարկաները. - կանգ կ’առնեմ երբ ինքնաշարժ մը կու գայ, կը դառնամ փողոցին անկիւնը, կը շեղեմ ճամբաս, չզարնուելու համար պատին, որ առջեւս է, ինչպէս կ’ընեն բոլոր մարդերը, որոնք կը քալեն ինծի հետ։ Ու եթէ պատահի, որ անոնք շարունակեն քալել ու անցնիլ տեղէ մը ուր ես պատ մը կը տեսնեմ ու կանգ կ’առնեմ, այսինքն ընեն բան մը, զոր ես չեմ ըներ, իմ բանականութեանս մէկ ոստումովը, որոշումովն իսկ, յանկարծ ես կը կասկածիմ իմ բանականութեանս վրայ ու ինձ կը թուի թէ զգայախաբութեան մը զոհն եմ ես։ Ու այս բոլորը, պարզապէս, որովհետեւ ոչ միայն իմ այլ միւս մարդոց իմ մարմինիս եւ առարկաներուն հանդէպ ցոյց տուած այս նկատառումը, կ ը հաստատէ ու կ’ապահովէ, ԻՆԾԻ ՀԱՄԱՐ, իմ մարմինս ու այս առարկաները։ Ու նոյն փողոցին մէջ, կամ դրան մը առջեւ, կամ հանրակառքի մը մուտքին, երբ մարդ մը անցք մը չի տար ինծի, ուստի նկատի չ’առներ իմ մարմինս, յանկարծակի եւ ինքնածին անհանգստութիւն մը, անապահովութիւն մը կը ցնցէ, կը խռովէ իմ ամբողջ էութիւնս ու ես հպումով մը մերթ ու երբեմն ալ իմ ձայնովս, անմիջապէս կը հաւաստեմ ու կը հաստատեմ իմ մարմինս, այսինքն ես զիս գոյութեան մէջ։
       Արդ, աւելի քան իմ մարմինիս, իմ ամբողջ ինքնութեանս համար, իմ գոյութեանս մէջ իսկ, ուրիշին դատողութեամբը հաստատուելու, պաշտպանուելու, ապահովուելու, սնուցանուելու, կազդուրուելու տեւական, սկզբնական եւ ընդոծին անհրաժեշտութիւնը կը զգամ ես, նման ամէն մարդու եւ ամէն մարդէ աւելի, իմ հայ-մարդ մ’ըլլալուս իսկ պատճառով։
       Որովհետեւ հայ-մարդը, իր օտար ըլլալուն համար իսկ, ամէն տեղ ու ամէն վայրկեան զինքը իր ինքնութեանը մէջ ճշտորոշող այս մարդկային հաստատումէն իսկ, պաշտպանութենէն իսկ, ապահովութենէն իսկ զրկուած մարդ մըն է։ Աւելին ըլլալով, անիկա այսօր զրկուած է այս մարդկային տարրական իրաւունքէն, նոյն իսկ հայ ժողովուրդին ծոցին մէջ, յաճախ։ Ու ասկէ՝ անիկա ինքզինքին համար իսկ անգոյ մարդկային էակ մըն է։ Ու նոյնն է պարագան հայ գրագետին համար, ե՛ւ աշխարհին, ե՛ւ հայ ժողովուրդին ե՛ւ հայ գրականութեան մէջ։ Հայ գրագետը ինքը չէ, որ ինքզինքը թանձրացեալօրէն կրնայ հաստատել, իբրեւ հայ-գրագետ, հայ ժողովուրդին եւ հայ գրականութեան մէջ այլ հայ-մարդերն ու միւս հայ-գրագետները։ Ու ճիշդ ու ճիշդ այս մարդկային աջակցութեան բացակայութեան պատճառով է, որ հայ-գրագետը, այսօր, գրեթէ անգոյ ու անիրական արարած մըն է մեր գրականութեան մէջ, մեր ժողովուրդին ներկայ գոյութեան մէջ։ Աւելին. - նոյն այս պատճառով է դարձեալ, որ հայ գրագետին ինչպէս եւ հայ-մարդուն գոյութիւնը անատակ է, անկարող է զայն ձերբազատելու, առաջնորդելու, դուրս հանելու իր ենթակայութեան սահմաններէն։ Իր ենթակայութեան՝ որ տեւական ու զուր կարելիութիւն մըն է միայն։ Ու հոս, կարելիութիւն կը նշանակէ պատրանք։ Ու վերջապէս, նոյն այս պատճառով է, որ անիկա մինակ ու անստոյգ, յուսահատ ու անապահով, խեղճ ու տրտում արարած մըն է - չեմ ըսեր մարդ մը, էակ մը իսկ - իր մարդկային արժէքին, նշանակութեան, գոյութեան մէջ իսկ ուրացուած, անտեսուած, արհամարհուած, ուստի տեւականօրէն նետուած անէութեան մէջ, ոչնչութեան մէջ։ Խլեակ մը այսինքն։
       Ու հասնելու համար հոն ուր կ’երթամ, կ’ըսեմ. - ինչ որ հոս հաստատում, հաւաստում, ապահովութիւն ու աջակցութիւն կը կոչեմ, իր խորքին մէջ ուրիշ բան մը չէ այլ վկայութիւն մը։ Ու մարդկային էակը, այսինքն եսը, տեւական պահանջը ունի միւս-մարդուն, այսինքն դունին, մարդկային վկայութեան, ճիշդ ու ճիշդ ինքզինքը իբրեւ մարդկային էակ մը զգալու, գտնելու, ըմբռնելու եւ արժեւորելու, մարդկային էակ մը ըլլալ կարենալու համար։ Խոստովանիմ. - Ես, իբրեւ հայ-մարդ ու հայ գրագէտ այս պահանջը ամէն տեղ ու ամէն մարդու առջեւ կը զգամ, իմ սիրտիս զարկին նման, իմ սիրտիս զարկին հետ ու ինձ կը թուի թէ իմ սիրտիս զարկը այս պահանջն իսկ է։ Ու մերթ այս պահանջին գոհացումը եւ յաճախ ալ գոհացումի կարելիութիւնը կը գտնեմ, ոեւէ հայ-մարդու մը տեսքին մէջ իսկ աւելի ճշմարիտ, իրական ու անկեղծ քան ուրիշ մարդու մը մէջ։ Ու նոյնպէս, իմ զգացումներուս եւ մտածումներուս, ըսել կ’ուզեմ իմ գիտակցութեանս արարքներուն համար։ Ու կը զարմանամ, երբ մարդիկ, բոլոր հայ-մարդերը շահագրգռող հարցերու մասին, ամենէն անպատասխանատու խօսքերն ու արարքները կ’ընեն, առանց իրենց ըսածին ու ըրածին ճշմարտութիւնը միւս-հայ-մարդոց վկայութեան ենթարկելու պահանջը զգալու իրենց մէջ։ Ու կը հասկնամ. - Անոնք, ի յառաջագունէ, իրենցմէ զատ բոլոր միւս-մարդերը վերածած են իրիրու, այսինքն միջոցներու։ Կամ՝ այս մարդերը խենդեր են։ Եւ կամ՝ իրենք իրենցմէ իսկ յուսահատած դերասաններ։ Եւ սակայն, նոյն այս մարդերը, երախաներու նման, ինծի ու քեզի նման, աշխարհի բոլոր մարդոց նման, երբ փոքր ու տարտամ աղմուկ մը լսեն, յանկարծ կը դառնան ու կը նային իրենց շուրջի մարդոց դէմքերուն, անոնց վրայ փնտռելու եւ գտնելու համար, հաւաստումը, հաստատումը, վկայութիւնը իրենց լսածին ճշտութեան։ Ու իրենց գլխու այս պարզ ու փոքր շարժումը յանկարծ զանոնք կ’ընէ ճշմարտապէս մարդկային էակներ, ուստի նման ինծի ու նման բոլոր մարդոց։ Ուստի իմ դրացիս ու սիրելի ինծի, իրենց այս տկարութեա՜ն մէջ, որ իրենց ազատութեան սկիզբն իսկ է։
       Տրամախօսող եսը, տրամախօսութեան տեւողութիւնը կ’ապահովէ, իր սեփական ինքնութիւնն եւ գոյութիւնը կ’ապահովէ, գլխու նոյն այն հասարակ շարժումով միայն, որով ան դունին դէմքին վրայ կ’որոնէ վկայութիւնը, երաշխաւորութիւնը իր ըսածին ճշտութեան։ Ու նոյն այս շարժումով է, որ ան դունը զերծ կը պահէ իրի մը վերածուելու վտանգէն։ Դունը կը փրկէ, կ’երաշխաւորէ…։ Ու վերջապէս, կ’ապահովէ տրամախօսութեան առարկային յարակայուն եւ յարիմաստ գոյութիւնը, որ պայմանն է, կը կրկնեմ, տրամախօսութեան գոյութեան։ Տրամախօսութեան գոյութեան մէջ միայն եսն ու դունը դրական իրականութիւն մը ունին ինչպէս մարդը իր հայրենիքին մէջ։ Տրամախօսութիւնը դրականը սնուցանող որովայնն է։ Ու սէրը դրականն է միշտ։
       ***
       Հոս մենք կը հասնինք այն միակ հանգրուանը, որ մեր վերլուծումի ճամբուն վրայ կը գտնուի եւ ուր մենք ստիպուած ենք, առանց մեր ուղղութիւնը փոխելու, մեր շոգեկա՜ռքը փոխել, ճիշդ ու ճիշդ մեր ժամանումի կէտին հասնիլ կարենալու համար։ Այս կայարանը լեզուն է. լեզո՛ւն՝ որ ծնունդ կու տայ եւ ծնունդ տալով ձեւ կու տայ մարդկային զգացումին, մտածումին ու կամքին, ուստի մարդկային կեանքին։
       Արդարեւ։ Որպէսզի ես կարենամ քու ուշադրութիւնդ հրաւիրել որեւէ առարկայի մը կամ եղելութեան մը վրայ, պէտք է, որ ես կարենամ զայն նշանադրել եւ նշանադրելով իսկ, զայն յանկարծ մարմնաւորել, յայտնել քեզի, յանձնե՜լ քեզի։ Ու անշուշտ, ձեռքի պարզ շարժում մը երբեմն կը բաւէ առարկայ մը կամ եղելութիւն մը քեզի ցոյց տալու համար։ Բայց շարժումը, իր արագութեամբը, կարճութեամբն ու բրտութեամբը, անձայն ճիչ մըն է եւ նման ամէ՛ն ճիչի՝ անբաւարար է նախ ու յետոյ, անորոշ ու անհաստատ։ Անիկա, յանկարծ զիս ալ, քեզ ալ անորոշ ու անհաստատ կ’ընէ ու անապահով վիճակի մը մէջ կը նետէ։ Աւելին մեր իրարահաղորդակցութիւնը, ճիչին եւ ճիչին մատնանշել ուզած առարկային, քու եւ իմ անորոշութեամբն ու անհաստատութեամբն իսկ, ինքն ալ, անհաստատ, անորոշ ու անապահով կ’ըլլայ։ Ուստի, հաղորդակցութեան այս երեք հիմնական յատկութիւններէն զերծ ըլլալով, կարելի չէ զայն հաղորդակցութիւն կոչել։ Մարդուն ճիչը, ինչպէս շարժումը, ամէն բանէ առաջ կը վախցնէ միւս-մարդը ու այս վախն ալ, նման ամէն վախի, յանկարծ մարդը կը վերածէ անհատի մը, իր ազատութիւնը յանկարծ լոյսի մը պէս մարելով իր մէջ եւ զայն ձգելով իր ներքին մթութեան մէջ, զայն բանտարկելով իր մինակութեան, ըսել կ’ուզեմ իր անասնային բնազդներուն մէջ։ Ու մասնաւորապէս մէկ դարէ ի վեր, հայ-մարդերուն միջեւ հաղորդակցութիւնը անհաստատ է ու տարտամ, որովհետեւ մեր լեզուն ճիչի մը, շարժումի մը վերածուած է ու մարդիկ իրենց բոլոր քարոզներուն ու ճառերուն մէջ կը պոռան միայն, փոխանակ խօսելու ու կը վախցնեն զիրար, որովհետեւ իրենք ալ բռուած են վախի մը յուզադողերուն ուռկանին մէջ։ Աւելի՛ն - ճշմարիտ հաղորդակցութիւն չկայ հայ-մարդոց միջեւ։ Որովհետեւ, հաղորդակցութիւնը, ամէ՛ն բանէ առաջ ճշտորոշութիւն մը եւ հաստատութիւն մը կ’ենթադրէ, որոնք ապահովութեան մը հիմերն են եւ այս ապահովութիւնը՝ հաղորդակցութեան իսկութիւնը։ Անշուշտ, մեր լեզուին այս իրողութիւնը մեր գոյութեան, ուստի մեր գիտակցութեան իրողութիւնն իսկ է։ Բայց, անշուշտ նաեւ, լեզուին բուն պաշտօնը, մարդոց եւ իրենց գիտակցութեան եւ գոյութեան հաստատութիւն մը, որոշադրութիւն մը, ապահովութիւն մը տալուն մէջ կը կայանայ եւ մեր լեզուն, իր այս հիմնական, սկզբնական պաշտօնը կորսնցնելով մեր միտքին ու բերնին մէջ ու գրիչին տակ, հոս իսկ եղծանուած է ու եղծանած՝ հայ-մարդուն եսը։
       Որովհետեւ լեզուին հիմնական նկարագիրն է, պաշտօնն է, դերն է, մարդուն այս նախնական վախը, աւելին իսկ, սարսափը վանելու, անէացնելու իր զօրութիւնը, ուստի մարդը իր սեփական ազատութեան մէջ իսկ ներմուծելու, մարդը իր արարածի հանգամանքէն մարդկային էակի հանգամանքին բարձրացնելու կարողութիւնը, առաքինութիւնը։ Ու երբ կ’ըսեմ ու կը կրկնեմ հայ-մարդ նախնական մարդ մըն է ներկայիս, ըսել կ’ուզեմ միշտ, - հայ-մարդը իր նախնական սարսափին մէջ կաշկանդուած եւ նոյն այս սարսափով սնանող մարդ մըն է։ Ու ի՜նչպէս կը հասկնամ դաշնակցականները, որոնք իրենց անորակելի անգիտակցութեան մէջ, իրենք զիրենք արդարօրէն կը կոչեն «հայ ժողովուրդին հարազատ զաւակը»։ Դաշնակցութիւնը, որ իր ազգային նկարագրին մէջ հայ-մարդուն այս նախնական սարսափն իսկ է կամ միշտ ուզած է, եւ ի գին ամէն բանի, ու դեռ կ’ուզէ ալ, այս սարսափը ըլլալ, նախ եւ առաջ ինքն իսկ այս սարսափին շղթայակապ ստրուկը ըլլալով…։
       Բայց լեզու կայ եւ լեզու ալ կայ։ Մեր արդի լեզուն, որ ճառային, քարոզային լեզու մըն է «սիրտցաւ հայերուն» բերնին մէջ, ինչպէս «յեղափոխական» լեզուն, լեզու մ’ըլլալէ աւելի, շարժում մըն է միայն, ճիչ է միայն. - բուռն եւ անկապ շարժումներու եւ ճիչերու բոցավառում մըն է, ուր խօսողը կամ գրողը «կը բոցավառի», ուստի կը մոխրանայ նաեւ, ինչպէս իր մատնանշած առարկաները, ու կը ձգտի, կ’որոնէ միայն մեզ ալ «բոցավառել»։ Ու հայ-մարդը, ի՛նքն ալ կ’ուզէ, կ’որոնէ «բոցավառուիլ», ուստի մոխրանալ չես գիտեր իր անգիտակցութեան ո՛ր մութ ու անանուն մէկ հրեղէն դրդուած, յուսադրուած, քաջալերուած։ Տեսա՞ծ էք, դիտած էք հայ-մարդուն աչքերուն ու ձայնին մէջ շողացող գոհունակութիւնը, իր անասնային ամբողջ պերճութեամբը, երբ ան կ’ըսէ ձեզի - «բոցավառ ճառ մը խօսեցաւ», կամ «բոցավառե՜ց բոլոր ներկաները…»։ Հայ-մարդը, ահաւոր ախտով մը, որուն բնութիւնը դեռ չեմ ճանչնար, ուստի որուն դեռ անուն մը չեմ կրնար տալ, այս «բոցավառութիւնը», այս «խանդավառութիւնը» կ’որոնէ միշտ, ըլլա՛յ մեր հանդէսներուն, ըլլայ մեր թերթերուն եւ ըլլայ մեր գրականութեան մէջ։ Հայ-մարդը, մեր լեզուն կ’ընդունի ու կը գործածէ այս «բոցավառութեան» ի խնդիր եւ ոչ թէ՛ սորվելու, իրականին հասնելու, ճշմարիտին մէջ միւս հայ-մարդոց հետ հաղորդակցելու, հաղորդուելու համար։ Ու հայ-լեզուին իսկութիւնը, գոյութեան պատճառն ու իրաւունքը, իմաստը, կը կրկնեմ, իր ակին մէջ իսկ եղծանուած է հայմարդուն միտքին ու բերնին մէջ։ Ու գրիչին ալ։
       Յետոյ, ճառը, քարոզը ու «յեղափոխական լեզուն» շարժում ու ճիչ ըլլալով, անհրաժե՛շտօրէն, մարմինն ու իր գերիշխանութիւնը կ’ենթադրեն միտքին վրայ ու մարմինը կ’ենթադրէ կիրքը - այս բառը առնելով իր այն իմաստին մէջ, զոր տուած է անոր ժողովրդային յստակատեսութիւնը, իր անգիտակցութեամբն իսկ։ Այս լեզուն շողշողո՜ւն է, պատկերալի՜ց է, խրոխտ է, հրամայողական է, ստիպողական է, սարսափազդու է, մերկ ու հսկայ սուրի մը նման, որ մեզ մեր սարսափին մէջ խցկելէ ետք, կ’որոնէ մեզի ապահովութիւն մը տալ, վստահութիւն մը տալ, գրգռելով մեր երեւակայութիւնն ու եսապաշտութիւնը ու մեր յանձնապաստանութեան գիշերը տարածելով աշխարհին ու մարդոց իրականութեան վրայ։ Ա՜յո։ Մեր լեզուն, ներկայիս, սուլիչի ճիչ է, ահազա՛նգի ազդանշան է, մեր ներքին մութ ու ստորակրեայ ապաստարաններուն մէջ մեկուսանալու, ապահովութիւն գտնելու եւ սարսափի գալարումներով շնչայեղձ, սպասելու համար, իւրաքանչիւրս անասնայինօրէն մինակ եւ յուսահատ։ Հայ լեզուն հայ-մարդը կ’ընէ խուճապահար ու դարէ մը ի վեր։ Ու ձեւաեղծուած է իր լեզուի իսկութեան մէջ իսկ, ուստի իր իսկութեան մէջ իսկ։
       Արդ, մեր արդի լեզուին, ուստի մեր միտքին ներկայ գործունէութեան հիմնական թերութիւնը ասիկա իսկ է, - Մեր լեզուն, ուստի մեր միտքը, անտեսելով բառն ու բառերը եւ նետուելով նախադասութեան եւ նախադասութիւններուն մէջ, ինքզինքը կը խաթարէ, ինքզինքը կ’ոչնչացնէ եւ կ’ուրանայ ինք զինքը։ Որովհետեւ նախադասութեան մէջ, միտքին ինքնագոյացնելու, ինքնիրականացնելու արարքը կը վրիպի ու իրեն համար անկարելի կ’ըլլայ կցուիլ, միացուլուիլ իր նշանակած առարկային հետ, հետեւաբար լեզուին եւ առարկային, միտքին եւ առարկային միջեւ պարապ մը կը մնայ միշտ, ինչպէս հայ մարդուն էութեան ու գոյութեան միջեւ պարապ մը կայ ներկայիս: Ու այս պարապին մէջ իսկ ան, ինչպէս իր միտքն ու լեզուն անկարողութեան մը դատապարտուած է։ Վասնզի, այս պարապը արգելք կ’ըլլայ, որ մեր լեզուն, ուստի եւ մեր միտքը, տիրապետէ առարկային, զոր կը ներկայացնէ, ամբողջութեամբ պարփակէ զայն, ճանչնայ զայն ու անոր մէջ իսկ, անոր վրայ իսկ ներգործելով, թափանձէ իրականին մէջ. աւելի ճիշդը, ստեղծէ իրականը, - լեզուին, միտքին, առարկային, հետեւաբար հայ-մարդուն իրականը։ Ու երբ ես կ’ըսեմ. ներկայիս հայ-մարդը անիրական է, կամ հայ-մարդուն գոյութիւնը անիրական է, ասիկա իսկ ըսել կ’ուզեմ, ասիկա իսկ կ’ըսեմ։ Ու մարդերը իրականին մէջ միայն կրնան իրարու հետ հաղորդակցիլ բայց երբեք անիրականին, պարապին մէջ։
       Արդէն, քարոզը, ինչպէս ճառը, հրամայողական նախադասութիւններու, այսինքն սլակոններու շղթայ մըն է միշտ։ Կ’ըսեմ շղթայ եւ ըսել կ’ուզեմ - քարոզ կամ ճառ խօսողին ինչպէս քարոզ եւ ճառ մտիկ ընողին միտքին ձեռքերուն եւ ոտքերուն անցուած շղթայ մը։ Մեր ստրկամտութեան առաջին նշանը՝ ճառին եւ քարոզին համար մեր մէկ դարէ ի վեր դեռ չյագեցած ծարաւն է, անօթութիւնն է։ Ամբոխը միշտ ու միայն ճառ ու քարոզ կ’ուզէ։ Հայ-մարդը, մարդ մը չէ, այլ ամբոխ մըն է դեռ։ Ու խոստովանիմ. - քսան տարիէ ի վեր մարդերը եւ երբեմն նոյն իսկ իմ բարեկամներս զիս կը զրպարտեն, իբրեւ «բառերու հետ խաղացող» մը, երբ տեւականօրէն ինքզինքս ստիպուած կը գտնեմ խօսակիցներուս գործած բառերը սրբագրելու եւ կը սահմանեմ ու կը զատորոշեմ իմ գործածած իւրաքանչիւր բառս։ Ու անոնք, որ իմ աշակերտներս ըլլալու առիթը ունեցած են, աւելի քան ոեւէ ուրիշ մէկը, գիտեն թէ ի՛նչպէս, բնագրին իւրաքանչիւր բառը իր տեղւոյն վրայ իսկ «ոչխարի մը պէս կը մորթեմ եւ աղիքներն ու սիրտը կը հանեմ, կը դնեմ իրենց առջեւ» ինչպէս կ’ըսէր անոնցմէ մէկը, օր մը։ Ու այս բոլորը, ո՛չ թէ «խաղալու համար» այլ սկզբունքով մը, դրութեան վերածուած հաւատքով մը։
       Սերտակից, լիապիրկ, կցակուռ փարումը լեզուին եւ առարկային, միտքին եւ առարկային, հաստատութիւն մը, ճշտորոշութիւն մը, յստակութիւն մը կու տայ լեզուին, միտքին եւ առարկային, եւ այս յստակութեան, ճշտորոշութեան ու հաստատութեան մէջ իսկ ծնունդ կ’առնէ իրականը մարդուն համար, շուրջն եւ մէջը։ Կը բաւէ որքան որ նախադասութիւններով տենչացինք ու երազեցինք. բառերով զգալու եւ բառերով մտածելու, ուստի կամենալու ժամանակը եկած է այլե՜ւս։ Եւ շատո՜նց։
       Ու ճշդիւ, բառերուն պաշտօնն է նշանադրումը առարկային, որուն մասին կը խօսուի, ինչ որ նախադասութիւնը անկարող է ընելու, տրուած ըլլալով, որ անիկա առարկայ մը չէ, որ կը նշանադրէ, այլ առարկաներու շղթայ մը կը շարժէ։ Ու հոս, լեզուի մը բառերը պէտք է բաժնել երկու դասերու։ Ահաւասիկ. -
       Ա. - Առաջին դասին բառերը նման են շարժումին, պարզ ու համր։ Անոնք միշտ ներկայ կացութիւն մը, վիճակ մը կամ առարկայ մը ցոյց կու տան, իրենց մշտանոր միաւորութեան մէջ։ Ասոնք դերանուններն են։ Ու արդէն սա դեր մասնիկը, որ հոս տեղ կը նշանակէ, յստակօրէն կ’ըսէ ինչ որ ես կ’ուզեմ ըսել - բառ մը, որ անունը չէ, այլ անունին տեղը դրուած է միայն։ Ասոնք, անջատուած այն թանձրացեալ պարագաներէն, որոնց մէջ կը գործածուին, իրենք իրենց մէջ որեւէ պարունակութիւն չունին գրեթէ։ Այսուհանդերձ, անոնք տարբերութիւն մը ցոյց կու տան մանաւանդ մեր լեզուին մէջ, անձերուն եւ իրերուն միջեւ։ Անոնց իմաստը միշտ սերտիւ կախում ունի իրենց ներկայացուցած առարկաներուն կացութենէն։ Ես դերանունը իւրաքանչիւր խօսակիցի համար տարբեր իմաստ մը ունի, տարբեր բան մը կը նշանակէ։ Դերանունները միշտ եզակի եւ թանձրացեալ վիճակ մը ցոյց կու տան։ Ու երբ ուրիշ դասի բառերուն հետ բառակցութեան մը մէջ կը մտնեն, իրենց թանձրացեալ նկարագիրը կը փոխանցեն անոնց։ Դերանունը, միշտ այժմէականութիւն մը կը ցուցայայտէ։ Դերանունը փոփոխական է նաեւ։
       Բ. Երկրորդ դասին բառերը սեփական պարունակութիւն մը ունին։ Այս պարունակութիւնը որոշ անկախութիւն մը եւ անփոփոխելիութիւն մը ունի։ Այս դասը կը կազմեն անունները, բայերը, ածականները, նախադրութիւնները, մէկ խօսքով բոլոր այն բառերը, որոնք դերանուն չեն։ Այս բառերուն իմաստը զիրենք ներկայացնող պարագաներէն անկախ է թէեւ, բայց նախադասութիւնը զանոնք կը զետեղէ թանձրացեալ կացութիւններու մէջ, ուստի կը փոխէ անոնց նշանակութիւնը։ Երկրորդ դասին բառերը՝ առարկաները աւելի խորապէս եւ յստակութեամբ սահմանադրելով, զանոնք կ’անջատեն իրենց շրջանակէն, զանոնք իրենց անունովը կանչելով անոնց ինքնութիւն մը կու տան ու յղացքը, մարդուն միտքին մէջ, կը կազմուի այս անունակոչումով։ Մեր միտքը, ներկայիս, յղացքներէ զուրկ միտք մըն է, ուստի մեր գոյութիւնն ալ, մեր գրականութիւնն ալ, մեր կեանքն ալ ։
       Անուանակոչումով, եւ անուանակոչումով միայն, մենք կրնանք, մեզի տրուած անսպառ տուեալին ամբողջութեանը մէջ, որ աշխարհն է, որ մեր գոյութիւնն է, որ մենք ենք, նշանադրել կարգ մը առարկաներ։ Ու այս նշան ադրումով միայն մենք կրնանք զանոնք անջատել քաոսէն՝ որ ամէն տեղ եւ ամէն վայրկեան մեր շուրջն է ու մեր մէջը։ Ու արթնցնել զանոնք եւ զմեզ։ Եւ որովհետեւ մարդը, հակառակ իր կարծիքին եւ իր տենչանքին դեռ աստուած մը չէ, այլ մարդ մը միայն, իրեն տրուածը միայն կրնայ ունենալ ու եթէ ուզէ ունենալ։ Աւելին. անուանակոչումի իր արարքը՝ տուեալին մէջ ընտրութիւն մըն է միայն։ Այսուհանդերձ, եւ ճի՛շդ ընտրութեան իր այս արարքը միայն ցոյց կուտայ, որ ան ենթարկուած չէ այս տուեալին, այլ կ’իշխէ անոր վրայ, անմիջապէս, որ ինք յանձն կ’առնէ ի գործ դնել այս արարքը, այսինքն իր ազատութիւնը։
       Բայց տուեալին մէջ նոյն առարկան միշտ իր անունովը կանչելով եւ միայն իր անունովը կանչելով չէ, որ մենք նոյն առարկային պարունակած իրականութեան կը հասնինք։ Եթէ առարկայի մը միայն նոյն անունը տալը բաւական ըլլար, այսօր, օրինակի համար, Աստուած, բանաստեղծութիւն կամ Մայիս 28ի դէպքը, որ պատմական առարկայացած իրողութիւն մըն է, բոլո՛ր հայ-մարդոց համար ալ նոյն իրականութիւնը պիտի պարզէր։ Արդ, նոյն այս պատմական դէպքը, բոլոր հայ մարդոց համար ալ նոյն անունը կրելով հանդերձ, նոյն իրականութիւնը չունի։ Անիկա, դաշնակցականին համար, կամ ինչ որ աւելի ճիշդ է, դաշնակցականին մտածումին մէջ տարբեր նկարագիր մը ունի, տարբեր դրոշմ եւ տարբեր դիմագիծ, եւ ռամկավարին, չէզոքին կամ համայնավարին միտքին մէջ՝ տարբեր։ Դաշնակցականը զայն տարբեր նշաններով նշան ադրած է, ուստի, տարբեր նշանակութիւն մը, տարբեր իրականութիւն մը կը տեսնէ անոր մէջ։ Անիկա տարբեր առարկայ մըն է դաշնակցականին համար, եւ ռամկավարին եւ միւսներուն համար՝ տարբեր առարկայ մը։ Որպէսզի անիկա նոյն իրականութիւնը ըլլայ բոլոր հայ-մարդոց համար ալ հաւասարապէս, անհրաժեշտ պայման է, որ անիկա ըլլայ նոյն առարկան եւ նոյն առարկան կրնայ ըլլայ, միայն եւ միայն, երբ բոլոր հայ-մարդերը անոր մէջ կը տեսնեն, կը բռնեն ու բռնած կը պահեն, որոշ հաստատութիւն եւ դիմացկունութիւն ունեցող նոյն նկարագիրները, դրոշմը, նշանակութիւնը։ Զայն կը նշանադրեն որակական նոյն նշաններով։
       Աւելին. - Եթէ այսօր, ճիշդ այս Մայիս 28ի պատմական իրողութեան մէջ, հայ մարդոց տրամախօսութիւնը եղած է անկարելի, ըսել կ’ուզեմ վերածուած է սին եւ ծիծաղելի վէճի մը, պատճառը պարզ է, - ընտրութեան արարքը, զոր մարդուն ազատութիւնն իսկ կոչեցի, դաշնակցականին համար դադրած է տուեալին մէջ, այսինքն, Մայիս 28ը կազմող դէպքերուն ամբողջութեան մէջ ընտրութեան արարք մ’ըլլալէ, ուստի ազատութիւնը ըլլալէ ու եղած է, պարզապէս, ստեղծագործութիւնը այն առարկային՝ որ դաշնակցականին Մայիս 28ն է։ Ընտրութիւնը միշտ տուեալին մէջն է։ Ուստի նաեւ ազատութիւնը։ Ինչ որ տուեալէն դուրս է, անիշխանութիւնն է, որ բռնութիւնն ու բռնադատութիւնը կ’ենթադրէ միշտ ու բռնութիւնն ու բռնադատութիւնը կ’ենթադրեն կեղծիքը, առանց դադարի կրկնուող կեղծիքը, որ ծնունդ կու տայ առասպելին։ Առանց մարդուն եւ առարկային միջեւ փոխադարձ յարաբերութեան, աշխատակցութեան, զուգադրութեան, միտքին համար անկարելի է անուանակոչումի, ուրեմն նշադրութեան արարքը։ Ու հոս իսկ ի յայտ կու գայ, առարկան նշանադրող բառերուն համար, նոյն այս բառերուն ճանաչումի, թափանցումի արժէքը։
       Անուանակոչումը, բացայայտելով տարբեր առարկաներու մէջ նոյն յատկանիշները, նկարագիրները, կը դասաւորէ զանոնք։ Բառը այս նկարագիրները իր մէջ կը պահէ, կ’ափոփէ։ Եւ որովհետեւ անուանակոչումը իրը կ’անջատէ, կը փտցնէ, կը հեռացնէ իր շրջանակէն ուր ան տրուած է մեզի, բառը կը փոխարինէ զայն. դեր - առարկան կ’ըլլայ, ուստի անոր տեղը կը բռնէ մեր միտքին մէջ։ Բառը կը մնայ մեզի հետ, մեզի համար, մեր մէջ, երբ իրը կամ առարկան անհետացած է վաղուց։ Ան կարծես իր նշանադրած առարկայէն անկախ կեանք մը կ’ապրի։ Այս կեանքով իսկ, բառը կրնայ արգելք հանդիսանալ մեզի, որպէսզի մենք դառնանք ու նայինք առարկային եւ ստուգենք պարունակութիւնը, նշանակութիւնը, զոր ան կը յաւակնի պարփակել։ Ու այսպէս, մեր եւ առարկաներուն միջեւ բառը պատի մը նման միջադրուելով, մեր ճանաչումը կը խաթարէ։ Ու որքա՜ն որ բառը իր սեփական ինքնութիւնը կորսնցուցած է, այսինքն ձուլուած է նախադասութեան մէջ, ինչպէս մարդկային անձը կուսակցութեան մը կամ որեւէ ուրիշ հօտի մը մէջ, այնքան անթափանց է մեր եւ առարկային միջեւ ցցուած այս պատը, ուստի այնքան խոր ու բուռն՝ խաթարումը մեր ճանաչումին, մեր ճանաչողութեան։ Այս պատն է, որ մեզ կը բաժնէ իրականէն ու գրեթէ բոլոր ճառախօսներն ու քարոզ խօսողները, կուսակցականներն ու կուսակցամիտ մարդերը, այսինքն բոլոր «քաղաքագէտները», առաւել կամ նուազ վարպետ որմնադիրներ են։
       Լեզուն, ուրեմն, խորապէս եւ անոգորելիօրէն մասնայատուկ նկարագիր մը ունի։ Իր գոյութիւնը նման չէ իրեն եւ անձին կամ առարկային ու ենթակային գոյութեան։ Ան կը գտնուի անձին եւ իրին, ենթակային եւ առարկային միջեւ։ Ենթական կը գործածէ լեզուն, որ տրուած է իրեն, իր կանոններովն իսկ, զոր ինք չէ հնարած։ Լեզուն ենթակային հանդէպ որոշ ու սեփական անկախութիւն մը ունի, որ աւելի քան ուրիշ տեղ, եսին եւ դունին միջեւ, այսինքն տրամախօսութեան մէջ ի յայտ կու գայ։ Այս անկախութիւնը կորսուած է, երբ միայն եսը կայ, առանց դունին, ինչպէս է պարագան ներկայիս, մեր լեզուին համար, որ «կուսակցական» լեզուի մը վերածուած է գրեթէ ամբողջովին։ Նոյնպէս, լեզուն որոշ եւ սեփական անկախութիւն մը ունի առարկային դիմաց, որ նման առաջին անկախութեան, կորսնցուցած է մեր լեզուն։ Ու այս երկու անկախութիւններուն կորուստովն իսկ, մեր լեզուն եղած է ստրուկը ե՛ւ եսին, ե՛ւ առարկային։ Հայ-մարդուն նման։ Ճի՛շդ ու ճիշդ հայ-մարդուն նման։
       Ըսի թէ լեզուն հիմնապէս կը տարբերի շարժումէն եւ ճիչէն, որոնք միշտ կապուած են առարկային ներկայութեան, մինչդեռ լեզուն զերծ է այս կապանքէն։ Շարժումին եւ ճիչին համար տեւողութիւնը գոյութիւն չունի, մինչդեռ, տեւողութիւնը լեզուին իսկութիւնն իսկ է։ Տեւողութեան մէջ է, որ բառը կը գերազանցէ առարկան, անդրանցնելով առարկային սահմանները։ Առարկային փոփոխութիւնները, նոյնիսկ առարկային վերջնական կորուստը, անէացումը, լեզուին վրայ որեւէ ազդեցութիւն չունի։ Ընդհակառակը։ Որպէսզի եսն ու դունը, կամ մարդիկ կարենան իրարու հետ խօսիլ ու զիրար հասկնալ, անհրաժեշտ է, որ բառերը որոշադրուած իմաստ մը ունենան եւ այս իմաստը ունի՛ն, տրամախօսութեան, նոյն իսկ հասարակ խօսակցութեան մը ընթացքին։ Աւելի՛ն - անհրաժեշտ է, որ լեզուին բառերը իրենց որոշադրուած այս իմաստը պահեն, ամբո՛ղջ համայնքին մէջ, որ նոյն այս լեզուն կը գործածէ։ Ու լեզուին տեւողութիւնը, լեզուին բառերուն իմաստին տեւողութեան մէջ իսկ կը գտնուի, ու այս տեւողութիւնը կ’ապահովէ համայնքին տեւողութիւնը։ Ու համայնքը կը սկսի կորսուիլ, երբ նոյն բառին նշանակութեան ինքնութիւնը կը տարբերի համայնքը կազմող մարդոց բերաններուն մէջ, ուստի անոնք զիրար հետզհետէ նուազ կը հասկնան, նուազ կ’իմանան, հետզհետէ խուլցող ականջներու նման ու զիրար կը տեսնե՜ն հետզհետէ նուազ, հետզհետէ կուրցող աչքերու նման։ Ու իմանալ ու տեսնել, հոս կը նշանակէ զիրար ճանչնալ իրենց ինքնութեան մէջ իսկ։ Մեր լեզուն եւ մենք, այսօր կը գտնուինք կորուստի այս ճամբուն վրայ, որովհետեւ հայ-մարդը անհատի մը վերածուած է նախ ու յետոյ, լեզուն գտնուելով անհատին բռնակալութեան ներքեւ, անհատին տեւողութիւնն է, որ կ’ապահովէ բառին տեւողութիւնը։ Ուրեմն, հայ լեզուին տեւողութիւնը կ’ապահովէ հայ-մարդուն ճանաչումը եւ առանց այս ճանաչումին, այսինքն առանց իրականին, անկարելի է, հայ-մարդուն համար, գործել։ Հայ-մարդոց փրկութիւնը, այսօր ինչպէս երէկ ու վաղը, իրենց հասարակաց գործունէութեան մէջ է միայն, որ հասարակաց ճանաչում մը կ’ենթադրէ ու այս վերջինն ալ կ’ենթադրէ հայ լեզուին իւրաքանչիւր բառին նշանակութեան ինքնութիւնը, այսինքն հասարակաց իմաստը, տեւողութիւնը, որ բոլոր հայ-մարդոց գիտակցութիւններուն միութիւնը կը մարմնադրէ կը մարդեղնացնէ։
       (*) ԴԻՏՈՂՈՒԹԻՒՆ. - Մայիս 28ի մասին հոս ըսուածները ո՛չ այս թուականին եւ ոչ ալ իր նշանակութեան ու արժէքին ուրացումը չեն։ Ի՜նչ ալ ըլլայ, անիկա պատմական թուական մըն է մեզի համար ու անբաժանելի՝ Նոյեմբեր 29էն։ Առաջին թուականը. մեր դարաւոր երազին մարմնացումն է։ Ու երկրորդ թուականը, նախ, ներկայ Հայաստանին եւ հոն զանգուածօրէն բնակող հայ ժողովուրդին փչացումը արգիլող, ուստի աշխարհի բոլոր հայ մարդոց կռուան եղող միակ իրականութեան ծնունդ տուող թուականը։ Յետոյ, անիկա շարունակութիւնն է Մայիս 28ին, որ առանց Նոյեմբ. 29ին, նման մեր շատ մը այլ ցաւակառոյց յիշատակներուն, «հին, հի՜ն դարուց յիշատակ» մը պիտի ըլլար միայն այսօր։ Ու վերջապէս, Նոյ. 29ը առանց Մայիս 28ին, գոյութիւն իսկ պիտի չունենար։
       Ե. ՄԵՐ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԳՏՆԵԼ ԵՒ ՈՉ ԹԷ ԳՈՒՄԱՐԸ
       Աշխարհի բոլոր մարդոց հասարակ եղող տեսողութեան կլիմաներուն մէջ կա՛ն նաեւ ուրիշ եղանակներ, որոնք չեն բխիր մարդուն կենսաբանական կազմէն ու մարդոց չեն պատկանիր՝ իրենց ծնունդով միայն։ Այս եղանակները, աշխարհին մէջ իւրաքանչիւր համայնքի եւ համայնքին մէջ իւրաքանչիւր խմբաւորումի եւ խումբին մէջ իւրաքանչիւր անձի մասնայատուկ են, ըլլալով իր անհատական նկարագրին, փորձառութեան եւ կազմութեան արտադրոյթները։ Այս արտադրոյթները սահմանած են անձին դիրքը աշխարհին ու համայնքին մէջ եւ ան կրնայ տեսնել միայն ա՛յն առարկաները եւ իրենց ա՛յն ձեւերուն մէջ միայն, զորս իր դիրքը կը թոյլատրէ տեսնել իրեն։ Ուզենք-չուզենք, հոս ալ, մարդուն մէջ գրեթէ անոգորելի բան մը կայ։
       Արդ, տրամախօսութեան մէջ եսին եւ դունին դիրքերը նոյն դիրքը չեն եւ այս տարբերութիւնն իսկ անոնցմէ մէկը կը պահէ միշտ իր եսի եւ միւսը միշտ իր դունի հանգամանքին մէջ։ Միւսը երբեք չի կրնար զիս ըլլալ ու ես երբեք չեմ կրնար զինքը ըլլալ։ Մենք անջատուած ենք իրարմէ եւ նախ անջրպետին մէջ ու յետոյ՝ ոգեպէս։ Մենք կը գտնուինք, անջրպետին մէջ, տարբեր կէտերու վրայ։ Այս իրողութիւնը անառարկելի է ու մեկին։ Երբ պատուհանէն կը նայինք ես ու իմ մանչս, մեր տեսած առագաստանաւը մենք կը տեսնենք, իւրաքանչիւրս, տարբեր անկիւնի մը մէջ։ Մեր տեսողութեան մեզի տուած առագաստանաւին պատկերը, մեր երկուքին համար ալ նոյն պատկերը չէ եւ չի կրնար ըլլալ։ Անշուշտ, այս տարբերութիւնը այնքան մեծ չէ որպէսզի մենք չկարենանք զիրար հասկնալ, այսինքն, առագաստանաւը ինծի համար զրահաւոր մը ըլլայ եւ տղուս համար ալ՝ մակոյկ մը։ Այսուհանդերձ, մեզմէ իւրաքանչիւրը առագաստանաւին մէկ կողմը միայն կը տեսնէ եւ մենք, ի միասին, մեր տեսած կողմը միայն կը տեսնենք։ Եւ զայն աւելի ամբողջական ձեւի մը մէջ տեսնելու համար, անհրաժեշտ է առնել, եւ յաջորդաբար, տարբեր դիրքեր։ Ու այս յաջորդական տեսողութիւնները պայմանաւորուած են հեռագծութեան օրէնքներով, որոնք միայն մեր դիրքին վրայ հիմնուած չեն՝ որ մեզ կը բաժնէ իրարմէ, այլ նաեւ հեռաւորութեան՝ որ մեզ կը բաժնէ առարկայէն։ Ու հեռագծութիւնը գիծերուն գումարը չէ, այլ գիծերուն միութիւնը, ինչպէս առարկան գիծերու եւ ձեւերու գումար մը չէ, այլ գիծերուն եւ ձեւերուն ամբողջութիւնը։ Ու իրականը ամբողջին մէջն է միշտ, որովհետեւ, առանց ամբողջին ճանաչումին, մարդուն ճանաչումը ճանաչում չէ, այլ ծանօթութիւն միայն։ Ու հեռագծութեան դերը, մեր ճանաչողութեան մէջ, ճիշդ ու ճիշդ ամբողջը մեզի տալ կարենալուն մէջ կը կայանայ։
       Բայց անջրպետային հեռագծութեան դերը սահմանափակուած է մեր զգայնութեան մէջ եւ նկարչութիւնը, աւելի քան բնութիւնը, կամ եթէ հարկ է աւելի պարզ ըլլալ, նկար մը՝ աւելի քան բնական տեսարան մը, կը հաստատէ ու կ’ապացուցանէ այս ճշմարտութիւնը։ Անջրպետային հեռագծութեան կողքին, եւ անկէ շա՛տ աւելի բարդ ու կարեւոր, կա՛յ նաեւ ոգեկան հեռագծութիւնը, որ եսին եւ դունին դիրքին իսկ ծնունդ կու տայ միշտ ու եսին եւ դունին բոլոր դատողութիւնները կը մարմնաւորէ։ Այս ոգեկան հեռագծութիւնը, որ մարդուն գիտակցութեան էութիւնն է, նախ պատմական, յետոյ ընկերային ու աւելի յետոյ անձնական հեռագծութիւն մըն է։ Ու այս յետոյները հոս յաջորդականութիւն մը ցոյց չեն տար, գիտակցութեան մէջ, այլ պարզապէս ըսուածին հասկնալիութիւնը դիւրացնող միջոցներն են։
       Հայ մարդուն տեսնելու, հասկնալու, եւ զատելու եւ իր տեսածն ու հասկցածն ու դատածը արտայայտելու կարողութիւնները կերպաւորուած են, ինչպէս արդէն ըսի, հայ լեզուով իսկ, զոր ան ժառանգած է իր նախնիքներէն։ Ու ով որ նախնիք կ’ըսէ, ամէն բանէ առաջ կ’ըսէ անցեալ։ Ու ամէն անցեալ, բնակազմականօրէն ինչպէս բնախօսական, հոգեբանականօրէն ինչպէս մտաւորական, իր ազդեցութեան ներքեւ որոշ ու մասնայատուկ ծալքեր կու տայ նոյն այս կարողութիւններուն։ Այս ծալքերը, ամէն բանէ առաջ ի յայտ կուգան, հայ-մարդուն մէջ, իր լեզուին գործածութեան ընթացքին, այսինքն տեսնելու, հասկնալու եւ դատելու իր կարողութիւններուն գործածութեան մէջ։ Այս անցեալը կազմաւորող փորձառութիւնները, հիմնապէս տարբեր ըլլալով այլ ժողովուրդներու փորձառութիւններէն, տարբեր նշանահետքեր ձգած են մեր անցեալին վրայ, որոնցմով ան կը զատորոշուի բոլոր միւս անցեալներէն։ Այս տարբերութիւնը՝ այս փորձառութիւնները ընդունող մեր ազգային նկարագիրովն ու նկարագրին մէջ միայն մարմնադրուած ինքնութիւն մը, իրականութիւն մը, նշանակութիւն մը ունի։ Արժէք մը ունի։ Ու այս հիմնական տարբերութիւնն իսկ մեզ մէկ անգամ ընդմիշտ դրած է, ամբողջ տիեզերքին մէջ, դիրքի մը վրայ, ուրկէ մենք կը տեսնենք ամէն ինչ տարբեր ձեւի մը, տարբեր անկիւնի մը, տարբեր իրականութեան մը, ուստի տարբեր հեռագծութեան մը մէջ։ Ու ճիշդ այս մեծ ու անոգորելի ճշմարտութիւնն է, զոր կը ցուցայայտնեմ, երբ կ’ըսեմ. - ամբողջ աշխարհի վրայ ո՛չ մէկ մարդ կրնայ այնքան ամբողջութեամբ, այսինքն իր ամբողջական իրականութեան մէջ տեսնել ու ըմբռնել հայմարդը՝ որքան ուրիշ հայ-մարդ մը։ Անշուշտ, հայ-մարդոց համար ալ կան ընկերային, կազմութեան եւ անհատական նկարագրի տարբերութիւնները։ Ու անշուշտ, այս տարբերութիւնները, նման անջրպետային տարբերութիւններուն, նման օտար մարդոց եւ հայ մարդուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւններուն, ո՛չ միայն տրուած հայ-մարդոց եւ տրուած առարկային միջեւ տարբեր հեռաւորութիւն մը կը դնեն, այլ նաեւ տարբեր հեռաւորութիւններ կը դնեն հայ-մարդոց միջեւ իսկ։ Այն որ ինծի աւելի մօտ է, իր տեսած առարկան աւելի մեծ հանգիտութիւն եւ նմանութիւն ունի իմ տեսած առարկայիս հետ։ Ու այս իրարամօտութեան ծնունդ տուող զօրութիւնն է խումբը, խմբաւորումը, կուսակցութիւնը, համայնքը, ազգը։ Այս տարբերութիւններն ալ, ինչպէս անջրպետային տարբերութիւնը, այնքան մեծ չեն, որ մենք չկարինք զիրար հասկնալ, եթէ զիրար հասկնալու բարիկամացողութիւնը ունենանք։ Բայց բոլոր այս տարբերութիւններն են, որ մարդիկ անդադար կը մոռնան կամ կը մերժեն ընդունիլ, երբ մանաւանդ բռնուած են մոլութենէ մը - կուսակցամոլութիւն, կրօնամոլութիւն, ազգամոլութիւն, եսամոլութիւն։ Ու որեւէ մոլութեան առաջին արարքը անտեսումն է չափին, չափին՝ որուն իսկութիւնը մարդուն կեանքին մէջ կը գտնուի նախ։ Ուրեմն կեանքն է եւ կեանքը միայն, որ մարդուն կը սորվեցնէ որոշ չափի մը մէջ, այս տարբերութիւնները նկատի առնելու եւ զանոնք գնահատելու, արժէւորելու անհրաժեշտութիւնը։ Մոլութիւն, որեւէ մոլութիւն ունեցող մարդը այն մարդն է, որ խզած է կեանքին իմաստին հետ իր ունեցած բնական ու միշտ ներկայ կապը ու իր երեւակայութեամբը միայն կապուած է անոր, ապագային մէջ։ Ասկէ՝ բոլոր «յեղափոխականները» մոլութենէ բռնուած մարդեր են։
       Աւելին։ Անմիջապէս, որ այս տարբերութիւնները կ’անցնին այս չափին սահմանները, ինչ որ մի՛շտ կը պատահի մոլութիւն ունեցող մարդոց հետ, իրարահասկացողութիւնը կ’ըլլայ անկարելի, հասկացողութեան բոլոր եզրերը խորտակուելով այն բառերուն մէջ իսկ, զորս մարդիկ կ’ըսեն իրարու եւ որոնք այլեւս նոյն պարունակութիւնը, ուրեմն նոյն նշանակութիւնը չունին անոնց համար։ Որովհետեւ, իւրաքանչիւր մարդ կը յաւակնի ինք միայն իրաւունք ունենալ, պնդելով, որ առարկան է ինչ որ եւ ինչպէս որ իրեն կը ներկայանայ։ Ու անմիջապէս, որ իւրաքանչիւր մարդ կ’ապաստանի իր իրաւունքի կամ ինչ որ ինք իր իրաւունքը կը կարծէ, բերդին մէջ, կռիւը սկսած է մարդոց միջեւ։ Եւ իրարու թշնամի մարդերը, իրենց մարդկային բնութեամբն իսկ, եւ ճակատագրականօրէն, դատապարտուած են զիրար չհասկնալ, կորսնցուցած ըլլալով իրարահաղորդակցութեան իրենց մարդկային բոլո՛ր միջոցները, կարելիութիւնները։
       Կրկին անգամ ինքզինքս հարկադրուած կը զգամ, եւ դաժանօրէն, զատորոշում մը ընել այստեղ, որովհետեւ այստեղ իսկ կը գտնուի անհանդուրժողութեան, անթոյլատութեան այն ոգին, որ մեզ կը բզկտէ կէս դարէ ի վեր մասնաւորապէս եւ որուն համար շատեր կ’ըսեն թէ «մեր դարաւոր ախտն է», ուստի արհաւական զօրութիւն մը ունի մեր իւրաքանչիւրին մէջ եւ բոլորին. - քարացած, ժայռացած, զանգուածահեղ զօրութիւն մը, անդիմադրելի եւ ճակատագրական։ Ու իսկապէս, այս ախտը կրկին անգամ եւ չորս տարիէ ի վեր, մեզ զարկած է վերէն վար ու վարէն վեր, ահաւոր համաճարակի մը նման։ Նայեցէք ձեր շուրջը, նայեցէք ձեզմէ հեռուն, նայեցէք բոլոր հայ-մարդոց, բայց նայեցէք նաեւ դուք ձեզի եւ փոխն ի փոխ ու եթէ կրնաք՝ մի՛ տառապիք, մի՛ տուայտիք, մի՛ ամչնաք։ Բայց ահա՛ այս զատորոշումը։
       Հայ-մարդերը եւ հայ-մարդերուն նման հայ կազմակեպութիւններն ալ եւ այս վերջինները կազմակերպուած - կարծես թէ ճի՜շդ ու միա՜յն ասոր համար եւ ասով միայն կազմակեպուած ըլլային ձեւի մը տակ, կը մոռնան, կը մերժեն միւսին ունեցած տարբերութեան պատճառը, աւելին, կը պայքարին ճի՛շդ ու ճիշդ այս տարբերութեան իսկ դէմ, բայց նոյն ատեն, իրենց սեփական տարբերութեան պաշտամունքը ունին։ Անոնք կը մտածեն, կը գործեն, կ’ապրի՜ն այս տարբերութեան մէջ եւ տարբերութեամբ, իբրեւ թէ այս տարբերութիւնն իսկ ըլլար իրենց գոյութեան պատճառը եւ ոչ թէ այն հասարակաց խորքը հայ ժողովուրդին, որուն ծոցին մէջ կազմուած են եւ որուն համար կը զոհուի՜ն իրենք, կ’ըսեն մեզի եւ անշուշտ իրենց ալ։ Այս տարբերութեամբ անոնք կը բաժնեն, կ’անջատեն իրենք զիրենք միւս-հայ-մարդերէն, միւս կազմակերպութիւններէն ու ծնունդ կու տան իրենց սեփական մինակութեան, իրենց շուրջբոլորը փոսի մը պէս պարապութիւն մը փորելով, ուստի իրենք իսկ քանդելով հաղորդակցութեան բոլոր միջոցները։ Հայ-մարդը անգիտակից, ուստի շատ աւելի վտանգաւոր եւ վնասակար անհատապաշտ մըն է ու անհատապաշտութիւնը ստրկամիտ պաշտամունքն է անհատին։ Ու անհատը, ճիշդ ու ճիշդ զինքը միւս արարածներէն զանազանող, բաժնող, անջատող տարբերութիւններուն գումարն է միայն, ըստ իս։ Թշնամութեան ակը անհատն է ու մանաւանդ անհատապաշտութիւնը։ Ու բնութիւնը՝ հսկայ ու ինքն իր մէջ անվերածելի թշնամութեան մը անսպառ ջրվէժն է, ճիշդ ու ճիշդ ըլլալով անհատներու զանգուած մը, համախառնութիւն մը, համախառն գումար մը։ Ու ասիկա, ինչպէս արտաքին բնութիւնը, նոյնպէս բնութիւնը մարդուն։ Տեսէք անտառ մը, նոյնիսկ փոքրիկ պարտէզ մը, իր խոտերով, ծաղիկներով, միջատներով ու մրջիոններով ու պիտի հաստատէք այս ահաւոր, այս սարսափելի իրականութիւնը։ Բայց մարդը բնութիւնը չէ միայն։ Ան ունի նոյն այս բնութիւնը զսպող, զայն կառավարող իմացականութիւնը, հոգին, ոգին ու մարդուն յառաջդիմութիւնը ուրիշ բան չէ, այլ այն յաղթանակն իսկ, զոր ան կը տանի բնութեան վրայ։ Ու անձը, մարդուն մէջ, այն արարքն է, գործն է, ստեղծագործ այն խոյանքն է, որով մարդը կը դիմագրաւէ բնութիւնը եւ ամէն բանէ առաջ՝ իր սեփական բնութիւնը։
       Պիտի ըսեմ աւելին. - Անհատը անասունն է ու անասունը անսպառ է մարդուն մէջ։ Ու անհատ բառը, հայերէնի մէջ, արդէն կը նշանակէ անհատնում, անվերջ, անսպառ, անպակաս, նշանակելով հանդերձ նման, նոյն տեսակէն մէկը, հիւլէ մը, եւ այլն։ Ու հայ-մարդերը անգամ մը բռնուած, զետեղուած իրենց այս յատկանիշին մէջ, այլեւս մեզի կը մնայ չզարմանալ ի տես իրենց գոյութեան եւ իրենց գոյութիւնը կազմաւորող թշնամութեան։ Որովհետեւ, թշնամութիւնը անհատական գոյութեան ինչպէս բնութեան հիմնական օրէնքն է, անհատին հիմնական օրէնքը ըլլալով եսամոլութիւնը։ Այս բոլորին հետեւութիւնը պարզ է. - հայ-մարդուն ինչպէս հայ կազմակերպութեան դիրքը, այս աշխարհին վրայ, ուստի հայ ժողովուրդին մէջ, իր անհատի հանգամանքն է, այսինքն զինքը միւս-հայ-մարդերէն եւ կազմակերպութիւններէն բաժնող, անջատող, զատորոշող տարբերութիւնն է։ Ու ան կը տեսնէ, բոլոր միւս-հայ-մարդերն ու իրողութիւնները, այս տարբերութեան hեռագծութեան մէջ իսկ ու ասկէ՝ իր բոլոր տեսած առարկաները խաթարուած են։ Հայ-մարդուն միակ հարազատ դիրքը, այս աշխարհին վրայ, այն եզակի ու անփոխարինելի կէտն է, զոր ես բոլոր-հայ-մարդոց հասարակաց խորքը կը կոչեմ եւ որ իր նախնական աղօտութեան, անորոշութեան, անխտրութեան մէջ հայ-մարդուն գիտակցութեան միութիւնն իսկ է, բոլոր-հայ-մարդոց գիտակցութիւնները հայ-մարդուն գիտակցութիւնը ընող միութիւնն է, զօրութիւնն է, սէրն է ու կամքը։ Ամէ՛ն տարբերութիւն, որ մէջտեղ կ’ելլէ, կը ծագի՜ հայ-մարդուն մէջ, իր եւ բոլոր-միւս հայ-մարդոց հասարակաց խորքին, ուստի գիտակցութեանց միութեան տրուած հարուած մըն է, վնաս մըն է, վարակում մըն է։ Ու եթէ միւս-հայ-մարդոց տարբերութեան դէմ հայ-մարդոց թշնամութիւնը այսքան բուռն է ու դաժան, պատճառը, ըստ իս, հետեւեալն է. - իրենց հասարակաց խորքին կրած վնասը դարմանելու ի խնդիր ինքնաժայթք ու անգիտակից հակագործութիւն մըն է այս պայքարը, որ նոյն ատեն կ’որոնէ միւսին տարբերութիւնը քանդել, ուստի կ’ըլլայ թշնամութիւն մը այս տարբերութեան դէմ։ Բայց ահա՛ նաեւ նենգամտութիւնը զգացումին - այս տարբերութիւնը քանդելու պատրուակին ներքեւ, ան կը քանդէ նաեւ տարբերութիւն կրողը նախ ու յետոյ՝ անմիջապէս, որ ինք մտած է պայքարի մէջ, ինքն ալ մտած է իր սեփական տարբերութեան մէջ։ Միւս-մարդուն յաւակնոտութիւնը, անբաւարարութիւնը եւ ծիծաղելիութիւնը տեսնելը միշտ դիւրին է մարդուն համար։ Բայց ինչ որ դժուար է եւ շա՜տ, իր սեփական ծիծաղելիութիւնը, յաւակնոտութիւնը ու անբաւարարութիւնը տեսնելն է։ Նոյնն է պարագան ուրիշին տարբերութեան եւ իր սեփական տարբերութեան համար։ Բարեբախտաբար, բոլո՛ր այս տարբերութիւնները, հայ-ժողովուրդին պատմութեան ամբողջ ընթացքին, ջնջուած են հայ ժողովուրդին էութեան ամբողջութեան մէջ իսկ (?), այսինքն բոլոր հայ-մարդերը հայ-մարդեր ընող ու զանոնք իրարու միացնող հասարակաց խորքին մէջ, որ յաստուածուստ անտարբեր է բոլոր այս տարբերութիւններուն դիմաց։
       Անշուշտ, ընթերցողին համար բոլոր այս վերլուծումները միամտութիւն մը, աւելին, պարզամտութիւն մը կը պարունակեն։ Ուրեմն անհրաժեշտ է, որ աւելցնեմ նաեւ հետեւեալ դիտողութիւնը. - Անշուշտ, հոս եղած հաստատումը ի զօրու է միայն այն հայ-մարդուն համար, որ հաստատ ինքնագիտակցութիւն մը ունի նախ ու յետոյ ունի գիտակցութիւնը՝ թէ ո՛չ ինքզինքը եւ ոչ ալ միւս-հայ-մարդերը կը խաբէ եւ կ’որոնէ խաբել, ուստի կը մերժէ զանոնք որեւէ նպատակի մը համար շահագործել։ Այլ, միւս-հայ-մարդուն տարբերութիւնը, այսինքն տեսած առարկային իր տեսած առարկան չըլլալը կը վերագրէ անոր իմացականութեան պակասին, ինչ որ մեղադրելի չէ եւ կամ կը վերագրէ հասկնալու՝ բարեկամեցողութեան պակասին, ինչ որ մեղադրելի է այս անգամ։ Որովհետեւ, ուղղամիտ մարդը, տեսնելու, հասկնալու եւ դատելու իր եղանակը կը գտնէ շատ բնական ու այս եղանակին միւս մարդուն համար ալ նոյնքան բնական չըլլալը՝ անբնական, զարմանալով եւ իր զարմացումին մէջ մոռնալով միջավայրերուն, մտայնութիւններուն, մշակոյթներուն, փորձառութիւններուն եւ մանաւանդ անհատական նկարագրին հեռաւորութիւնները։ Հարցը, ըստ իս, բնական կամ անբնական ըլլալու հարց մըն չէ։ Հարցը անդր բնական հարց մըն է, ուստի իմացական, ոգեկան, լեզուական հարց մըն է, մարդկային հարց մը է այսինքն։
       Եւ քանի որ ասիկա մարդկային հարց մըն է, ուրեմն իր մէջ անհրաժեշտօրէն ազատութիւն մը կը պարունակէ ու ազատութիւնը՝ կարելին։ - Կարելի է, անշուշտ մեր ներկայ գոյութեան արտառոց տուեալներուն պատճառով երկար եւ յարատեւ ճիգերով միայն, կ’ըսեմ, կարելի է բոլո՛ր հայ-մարդերէն հասկցուիլ եւ բոլոր հայ-մարդերը հասկնալ։ Մարդիկ չինարէն լեզուն կը սորվին, իր հազարաւոր տառերովը ու կը հասկնան չինացի մարդը ու կը հասկցուին անկէ, ու մեր լեզուն երեսուն եւ ութը գիր միայն ունի՜։ Մարդիկ, աւազներուն տակ կորսուած տաճարներ ի յայտ կը բերեն ու կը կարդան լեզուներ, քարերու վրայ քարացած. եւ որեւէ ողջ մարդու մը անծանօթ եւ անծանօթ հազարաւոր տարիներէ ի վեր ու կը հասկնան անոր իմաստը եւ զիրար։ Մարդուն մէջ իսկ կէտ մը կայ, տեղ մը կայ, ուր բոլոր մարդերը կրնան հաւաքուիլ, խօսիլ իրարու եւ իրարու պատասխանել ու զիրար հասկնալ։ Այս կէտը զանոնք կը միացնէ իրարու ընդմէջէն իսկ բոլոր դարերուն եւ անջրպետներուն եւ բոլոր տարբերութիւններուն։ Անշուշտ այս կէտը, մարդոց մէջ, ո՛չ ատելութիւնն է եւ ոչ ալ անարգանքը, ո՛չ իրարու դէմ ու վրայ բռնալու իրենց մոլուցքն է եւ ո՛չ ալ զիրար ուրանալու իրենց կուրութիւնը։ Ասիկա սէրն է, ներքին պահանջն է, կամքն է ճշմարտութեան՝ որուն ինքնութիւնը, բոլոր մարդոց մէջ ալ ներկայ է եւ որով անոնք էակներ են, նման իրարու եւ իրենց նմանութեան մէջ միշտ քիչ մ’աւելի մարդկային, միշտ քիչ մ’աւելի մօտ Աստուծոյ։
       Այս ներքին տեղը, ներքին դիրքը բոլոր մարդոց՝ բոլոր մարդոց հասարակաց խորքն է, զոր իրենց պատմական, ընկերային ու անհատական նկարագրին տարբերութիւնները չեն կրնար խորտակել, քանդել, ցրուել։ Որ բոլոր դարերուն, անջրպետներուն եւ ժամանակներուն ընդմէջէն մնացած է ու կը մնայ կենդանի, իւրաքանչիւր մարդու մէջ ու զայն մարդն իսկ կ’ընէ։ Զայն իր անհատի հանգամանքէն կ’ազատագրէ ու կը բարձրացնէ իր մարդու հանգամանքին։
       Արդ, ներկայիս, այո՛, դեռ ներկայիս, ծովերով, լեռներով, անապատներով, լեզուներով, եւ քաղաքակրթութիւններով եւ այլ սարսափելի բաներով բաժնուած հայ-մարդերուն մէջ, նոյնպէս հասարակաց խորք մը կայ, որ իւրաքանչիւր հայ-մարդը հայ-մարդը կ’ընէ եւ որ իր գիտակցութեան միութիւնն իսկ է, այսինքն իր ինքնութիւնը։ Ու ըսի եւ կը կրկնեմ. - նոյն այս հասարակաց խորքէն եկող հասարակաց գործունէութեամբ մը միայն հայ-մարդերը իրենք զիրենք, զիրար եւ իրենց ներկայ գոյութիւնը լեցնող բոլոր առարկաները կրնան տեսնել նոյն հեռագծութեան մէջ, ուստի իրականին կամ ճշմարտին մէջ կը հաղորդակցի՛ն, կը հաղորդուին իրարու եւ իրենք իրենց։ Ու փրկութիւնը միշտ հաղորդութեան մէջն է, մարդուն համար ու միշտ ալ եղած է հաղորդութեան մէջ։
       Անշուշտ, հայ-մարդուն գիտակցութիւնը տառապանքի մը մէջ է ներկայիս ինչպէս մերթ ընդ մերթ եղած է տառապանքի մէջ։ Որովհետեւ, գիտակցութիւնը յարատեւ աճումի մը մէջ ըլլալով միայն կրնայ գիտակցութիւն մնալ եւ գիտակցութեան համար աճիլ, տառապիլ է։ Ու աճիլ՝ կը նշանակէ բացուիլ։ Բացուի՛լ, միշտ քիչ մ’աւելին իր մէջ ընդունելու համար - մարդերէն, կեանքէն։ Ինքն իր վրայ գոց գիտակցութիւնը, որ կուսակցականին գիտակցութիւնն է, ինքն իր մէջ բանտարկուած մարդուն, այսինքն անհատին գիտակցութիւնն է միայն։ Ու կուսակցականին գիտակցութեան այս գոցութիւնը, կամաւոր ու բռնի, կուսակցականը կ’ընէ անմարդկային։ - Մարդը մարդ է, մարդկային է, իր գիտակցութեան մէջ միայն։ Աւելին. իր գիտակցութեան աճումի շարժումին, բացուելու շարժումին մէջ միայն, ընդունելու շարժումին մէջ միայն։ Բացուիլ այն բոլոր բաներուն առջեւ, որոնք ինքը չեն, որոնք իրը չեն։ Ու գիտակցութիւնը, իր բացուելու, ընդունելու շարժումին մէջ իսկ կը հաստատէ իր անկախութիւնը, որ նման ամէն անկախութեան՝ ազատութեան սկիզբն է, բայց դեռ ազատութիւնը չէ։ Ու իր գիտակցութեան մէջ միայն կը ծնին, կը կազմուին, կը ձեւակերպուին մարդուն տենչանքները, բայց նաեւ անոնց առարկաներուն տիրացումի զգացումը, ուստի եւ զգացումը պատասխանատուութեան։ Ինչ որ կայ մեր իւրաքանչիւրին գիտակցութեան մէջ, մեր իւրաքանչիւրին համար ամբողջ տիեզերքն է եւ մենք ունինք եւ կրնանք ունենալ միայն ինչ որ կայ մեր գիտակցութեան մէջ եւ անկէ դուրս ոչինչ ունենալ, ոչինչ ճանչնալ կրնանք։
       Անշուշտ, իմ գիտակցութեանս առջեւ տարածուած իմ ասպարէզս միշտ աւելի մեծ է ու աւելի զօրաւոր քան իմ գիտակցութեանս ոյժերը, բայց երբե՛ք աւելի զօրաւոր ու մեծ՝ քան իմ յոյսս, որ ծնունդ կ’առնէ իմ գիտակցութեանս ինքնաբացումովն իսկ, եւ որ նման է իմ թոքերուս բացումին, երբ ես խորունկ շունչ մը կ’առնեմ։ Մարդուն գիտակցութիւնը մարդուն շնչառութիւնն իսկ է. շնչառութիւնը, որ ամբողջ աշխարհը կու տայ իրեն։ Ու ինչ որ իմ գիտակցութեանս մէջ չէ, ոչնչութեան մէջ է։ Աւելի՜ն. ինչ որ ես կը մերժեմ ընդունիլ իմ գիտակցութեանս մէջ, ես կը նետեմ ոչնչութեան մէջ։ Ու ճիշդ այս պատճառով է, որ կուսակցականին գիտակցութիւնը, ինչպէս չէզոքինը, անտարբերինը, անզգայինը, մեռելինը ոչնչութեամբ շրջապատուած է միշտ ու եթէ պատահմամբ բացուի իսկ, պարապը միայն կը գտնէ, պարապին միայն կը բախի։
       Հոս, անհրաժեշտ է քիչ մ’աւելի խորանալ, ուստի ըլլալ խիստ ու յստակ։ - «Իրապաշտ» կը կոչեմ մեր կուսակցական պետերը, հարուստներն եւ իշխանաւորները, մէկ խօսքով բոլոր անոնք, որոնց կուռքն է «քաղաքականութիւնը», իր «հեռատես» եւ հեռատեսութեամբն իսկ ոչնչատես ամենուրեքութեամբը։ Ու չեմ ըսեր թէ «իրապաշտ» հայ-մարդերը գիտակցութիւնէ զուրկ են, բայց կ’ըսեմ. - «իրապաշտ» մարդոց գիտակցութիւնը ինքն իր վրայ գոց գիտակցութիւն մըն է նախ։ Յետոյ, այս իրապաշտութիւնը իրենց գիտակցութեան արդէն կազմուած, իրացած, առարկայացած զանգուածն է միայն եւ իրենց պաշտամունքը, այս իրերուն, առարկաներուն զանգուածին սահմաններէն դուրս ելլելու իրենց մերժումն է։ Ու, բառը ինքնին կ’ըսէ արդէն ինչ որ ես ըսել կը փորձեմ. - իր եւ պաշտամունք։ Ու այս երկու բառերը ու իրենց պարունակութիւնը խաթարած են միշտ մարդը եւ ամէն տեղ ու ամէն ատեն։ Ու ասկէ՝ իրապաշտ հայ-մարդոց գիտակցութիւնը խաթարուած, անկատար եւ անբաւարար գիտակցութիւն մըն է միայն։ Իրը, իրականը չէ, իրականութիւնը չէ. իրը, նման իրողութեան, նման առարկային, զուրկ է կեանքէ, ուստի աճումէ, ապագայէ։ Գիտակցութիւնը ամբողջ աճում է, ուստի ապագայ։ Իրը միշտ գոցն է ինք իր վրայ, ըլլալով սահման մը միայն. ինչ որ բաց է, իրականն է, իրականութիւնն է, կեանքն է, մտածումն է, սէրն է։ Գիտակցութիւնը իրերու զանգուած մը չէ, այլ իրականութիւն մը ու գիտակից մարդը՝ իրականապաշտ մը եւ ոչ թէ իրապաշտ մը։ Այս զատորոշումը հիմնական է հոս եւ ամէն տեղ։ Իրապաշտը կռապաշտ մըն է։
       Բայց դեռ պիտի համարձակիմ աւելին ըսել. - Գիտակցութիւնը, իր ինքնութեանը մէջ, իր արդէն կազմուած իրականութիւնն ալ չէ միայն այլ այն ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ, ՈՐ ԱՆՎԱԽՃԱՆՕՐԷՆ ԿԸ ԿԱԶՄԷ ՆՈՅՆ ԱՅՍ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ։ Իրապաշտներուն գիտակցութիւնը զայն կազմող իրերուն, առարկաներուն գումարն է միայն եւ իրականապաշտներուն գիտակցութեան միութիւնը՝ իրենց գիտակցութիւնը անվախճանօրէն կազմող զօրութիւնը։ Ասկէ, առաջինները միշտ հաշուելու, ամէն բան հաշիւի առնելու - ամէն բան պէտք է հաշուել կ’ըսեն իրենք - այսինքն ամէն տեղ քաղաքականութիւն եւ միայն քաղաքակնութիւն ընելու սովորամոլութենէն վարակուած են։ Ասկէ, անոնք միշտ ստրուկներն են իրենց գիտակցութիւնը կազմող իրերուն՝ որոնց պաշտամունքը ունին։ Ու վերջապէս ասկէ նաեւ՝ անոնք եւ ի յառաջագունէ, մատնուած են յուսահատութեան եւ ձախողանքի։ Ու մեր ներկայ գոյութեան այս մեծ շփոթութիւնը, յուսաբեկումը, լճացումը, անշարժութիւնը, մեզ կառավարող այս յուսահատ մարդոց «հեռատեսութեան» արդիւնքն է, որ միայն իրենց ձախողանքը կը տեսնեն, գոնէ հոս եւ մէկ անգամ եւ առաջին ու վերջին անգամ ճշմարտութիւնը տեսնելով։ Ու մեռնող մարդուն տեսած ճշմարտութիւնն է ասիկա։ Ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս։ Ապացոյց - հայ-մարդը, նման հայկական ժողովներուն ատենագրութիւններուն, փափաքներու, չգործադրուած որոշումներու եւ հրամաններու գերեզմաննոց մըն է ներկայիս։