Ձրի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՁՐԻ
       (ՊԱՐԶ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ)
       Արթուն ու մտացի դէմքով, նիհար, սեւուլիկ պզտիկ տղայ մըն էր որ շատ իրիկուններ մեր տունը կուգար՝ պզտիկ եղբօրս հետ յաջորդ օրուան դասերը պատրաստելու, նոյն վարժարանին նոյն կարգին աշակերտ երկուքն ալ։
       Իր ծնողքը ծանօթ էր ինծի հարեւանցի կերպով։ Երբէ՞ն ի վեր։ Ո՞վ գիտէ։ Միեւնոյն գիւղի մէջ ծնած ու մեծցած անձերու բնական մտերմութեամբ, իր հայրը, ամէն անգամ որ փողոցը տեսնէր զիս, բարեւ կուտար, ու մայրը՝ երբոր իրենց տանը առջեւէն անցնէի՝ պատուհանէն մեր տնեցիներուն որպիսութիւնը կը հարցնէր միշտ։ Ո՛չ իրենց տունը գացած էի, - մոխրագոյն փայտաշէն փոքրիկ տուն մը, - եւ ո՛չ ալ իրենք մեր տունը եկած էին։ Բայց չէ՞ մի որ “գեղին տղաքներէն” էի։ Ու նահապետական հին բարքերու մնացորդով մը, որ նախնի հաւաքական հասարակութեանց մէկ աղօտ շարունակութիւնն է անշուշտ, ամբողջ գիւղը նկատելով մէ՛կ ընտանիք մը եւ զիս անոր անդամներէն մին, այդ մարդն ու այդ կինը վարժուեր էին իրենցմէ մէկը նկատելու զիս։ Ու վստահ եմ թէ եթէ անծանօթ մը հարցնէր այդ կնոջ թէ ուսկի՞ց կը ճանչնար զիս, վստահօրէն պիտի պատասխանէր. “Պզտիկուց կը ճանչնամ. ձեռքս մեծցեր է”։
       Մեծնալուն հետ, իրենց պարզուկ մտերմութիւնն ինծի հետ՝ քիչ քիչ պակսեր էր։ Խեղճ կինը, պատուհանէն, ա՛լ կը քաշուէր հարցնելու մեր տնեցիներուն որպիսութիւնը, եւ մարդն ալ, շոգենաւին մէջ կամ դուրսը ինծի հանդիպած ատեն, ա՛լ առջի հայրախնամ ու հոգածու ձեւերը չունէր՝ զիս բարեւելու ժամանակ։
       Վերջերը, շա՛տ ինկած կը տեսնէի խեղճ մարդը։ Գլուխը կախ էր միշտ, եւ օրուան ապրուստի մտմտուքը, որ հիմա մեր խանութպաններուն դէմքը կը չարչրկէ եւ տարիքէն առաջ կը փոթթէ անոնց դիմագծերը, կքած էր անոր հասակը։ Ու իր բարեւին մէջ խուսափողական բան մը կար, նեղութեան մէջ գտնուող բոլոր այն անձերուն շուարումն ու անհանգստութիւնն որք պիտի ուզէին կարելի եղածին չափ քիչ տեսնուիլ, որք պատերուն տակէն կը քալեն միշտ, ու գլուխնին միշտ անդին կը դարձնեն, վախնալով գուցէ որ իրենց դէմքին վրայ չկարդացուին իրենց սիրտը ճանկռտող հոգերը, ու թերեւս առնելիքւորներէ փախչելու երկարատեւ վարժութեամբ մը։
       * * *
       Անոր տղան էր որ իրիկունները շատ հեղ մեր տունը կուգար՝ պզտիկ եղբօրս օրուան դասերը պատրաստելու։
       Շատ քիչ տեսած եմ այդչափ շնորհքով պզտիկ տղայ մը։ Միշտ մաքուր ու կոկիկ հագուած էր. հագուստները հին էին, բայց պատռուածք մը կամ արատ մը չի կար վրան. իր խոհուն դէմքին վրայ տարիքէն առաջ եկած լրջութիւնը իր նուրբ ու կանոնաւոր դիմագծերուն կուտար պզտիկ զօրաւոր կամքի արտայայտութիւն մը։ Եւ ի՜նչ քաղաքավար, ի՜նչ նուրբ կերպով բարեկիրթ, առանց մէկէ մը դաս առած ըլլալու, բոլորովին տարբեր այն տղաքներէ որք իրենց մեծերէն սորվեր են նստելու եւ ելլելու մէկ քանի կտոր- բրդուճ կանոններ, որոց տակ չեն կրնար պարտկել իրենց կոշտ ու գռեհիկ զգացումները։ Թշուառութեան ու զրկանքի մեծ դպրոցին մէջ իր աչքերը բացած, կանուխէն հասկնալով թէ ընկերութիւնը իրեն իրաւունք չէր տուած ուրիշներու պէս ազատօրէն դուրս տալու իր ներսիդիէն եկած մանկական դրդումները, ինքն իր վրայ ամփոփուած տղեկ մըն էր, կարելի եղածին չափ քիչ խօսելով ու քիչ շարժելով։ Մանրիկ սեւ աչքերուն մէջ փայլող կրակը միայն ցոյց կուտար թէ մարմրած ու անգոյն տղայ մը չէր այդ պզտիկը, եւ թուխ դէմքը, բարակ շրթունքը եկ սուր կզակը կը յայտնէին թէ կամքի ու որոշողութեան տէր հոգի մը ունէր արդէն։
       Ժամանակէ մը ի վեր ա՛լ չէր գար մեզի։ Մեր գիւղին վարժարանին Հոգաբարձութիւնը, ելմտացոյցի նեղութեան պատճառով, հարկ դատեր էր վարժարանին բարձրագոյն կարգը ջնջել եւ տղաքները ցրուեր էին։ Եղբայրս հիմա մասնաւոր բարձրագոյն վարժարան մը կþերթար։ Օր մը լուր հարցուցի իրեն իր ընկերոջ վրայ։
       - Ա՜խ, եղբայր, շա՛տ կը մեղքնամ կոր զինքը, ըսաւ։ Անցեալ օր տեսայ որ մինակը կուլար կոր. հայրը կարողութիւն չունի եղեր զինքը մեր վարժարանը դնելու։ Ի՛նչ ալ աղէկ էր դասերուն մէջ, միշտ առաջին կ’ելլէր. մեղք եղաւ իրեն։
       Խե՜ղճ պզտիկ։
       Շաբաթ մը ետքը իմացայ որ կրցեր էր ընդունուիլ ազգային հանրային վարժարանի մը մէջ։ Ուրախ եղայ։ Հայրը, ճար ճարակ ընելով, կը հոգար անոր առտուան եւ իրիկուան շոգենաւի ծախքը, ցերեկուան համար պզտիկը իրեն հետ կը տանէր՝ խնամքով ծրարուած կապոցի մը մէջ՝ քիչ մը հաց եւ պանիր կամ ձիթապտուղ, զոր ցերեկուան հանգիստին աճապարանքով կուլ կուտար, պատի մը տակ քաշուած։
       Երբեմն իրիկունները ուշ ատեն կը հանդիպէի իրեն շոգենաւին գլուխը։ Գիրքերու եւ տետրակներու կոյտ մը ունէր միշտ թեւին տակ։ Հետաքրքրութեամբ տեղեկութիւններ կը հարցնէի իր վրայ։ Այո՛, գոհ էր նոր վարժարանէն, կամաց կամաց սկսած էր վարժուիլ։
       - Աշխատէ՛, կ’ըսէի միշտ իրեն։
       - Գիշեր ցերեկ կ’աշխատիմ, կը պատասխանէր։
       Ու իր աչքերը, իր խելացի սեւուկ աչքերը կը վառէին։ Ըսել չէր ուզեր անշուշտ, բայց չէ՞ մի որ հայրը եւ մայրը իրեն կը սպասէին։
       * * *
       Իրիկուն մը, մեր տունը,
       - Գիտե՞ս, ըսաւ պզտիկ եղբայրս, ան տղան վարժարանէն ելեր է։
       Գիտէր որ կը համակրէի այն պզտիկին, եւ իր վրայ միշտ տեղեկութիւն կուտար ինծի։
       - Վա՞յ, հարցուցի, ինչո՞ւ համար։
       Իր պատմութիւնը կսկծելի էր, սրտի դպչող. պատմութիւն մը շատ տխուր, ընկերական անարդարութեան դէմ սրտմտեցնող, զայրացնող, ըմբոստացնող։
       Իր գացած հանրային բարձրագոյն վարժարանին մէջ, ձրի ընդունուած էր տղեկը։ Իր դասընկերները, որք իրենք գիտնալու չէին այդ պարագան, ո եւ է կերպով մը հասկցեր էին իրողութիւնը եւ իրենց մանկական անգիտակից չարութեամբն օր մը սոսկալի նախատինքի մը պէս երեսին նետեր էին այդ “ձրի” բառը. կը նախանձէին այդ պզտիկէն որ իրենց խաղերուն չէր մասնակցեր, որ աչքը իր գրքերէն չէր բաժներ միշտ։ Տղան, լալու աստիճան յուզուած, չէր պատասխանած։
       Օր մը սակայն, երբոր իր դասը չէր կրցեր պատրաստել, - գուցէ առջի գիշերը տանը մէջ մոմ մը ունեցած չէին վառելու համար, - դասատուն, որ այդ պաշտօնին գլուխը կը գտնուէր՝ եկեղեցիին մէջ աղքատին ձգած տասնոցներուն արդիւնքովը, տղուն երեսն ի վեր պոռացեր էր.
       - Ամօ՜թ է, այստեղ ձրի եկեր ես, պէտք է որ քեզի եղած շնորհքը արդարացնես։
       Տղան ձայն ձուն չէր հաներ. իրիկունը, տունէն ներս մտած ատենը, լալով մօրը գիրկը նետուեր էր, իր ամբողջ էութեամբը դողդղալով ու հեծկլտալով, ցաւագին յանկերգի մը պէս մրմնջելով.
       - Չէ՛, մէկ մըն ալ չեմ երթար հոն, միսերս ալ կտրէք, չեմ երթար։
       Եւ պզտիկին ահռելի կսկիծին առջեւ, հայրն ու մայրը տեղի տուեր էին։
       * * *
       Մէկ քանի օր ետքը շոգենաւին գլուխը տեսայ զինքը. իր հօրը քով կեցեր էր։
       Զիս տեսնելուն պէս կամաց մը քովս եկաւ։
       - Ան ի՜նչ է եղեր, հարցուցի անտարբեր երեւոյթով մը, վարժարանէն ելեր ես։ Ի՞նչ կ’ընես կոր հիմա։
       - Մէկ քանի օր է, հօրս հետ շուկայ կ’երթամ կոր։
       - Եղբայրս պատմեց թէ ինչո՛ւ վարժարանէն ելեր ես, ըսի վարանումով մը։
       Իր փայլուն սեւ աչքերովը երեսս նայեցաւ ուղղակի, եւ կամաց մը,
       - Ի՞նչ ընեմ, ըսաւ, ա՛լ չէի կրնար մնալ հոն։
       Աւելի բան մը չկրցաւ ըսել. դէմքը կարմրեցաւ ու աչքերը լեցան։
       Այդ միջոցին հայրը ետին դարձաւ, տղան փնտռելու պէս, եւ պզտիկը շուտով անոր քովը գնաց։ Հայրը զաւկին տուաւ պզտիկ տոպրակ մը եւ երկուքը մէկտեղ անյայտացան դէպի շոգենաւը խուժող բազմութեան մէջ։
       Խե՜ղճ պզտիկ. իր աչքին մէջ լեցուած արցունքը, զոր իմ դիմացս զսպեր էր, հիմա անշուշտ ազատօրէն կը վազէր իր այտէն վար, բազմութեան մէջ աննշմարելի։
       ( “Հայրենիք”, 21 Նոյեմբեր 1892).