Հմայաթափ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՄԱՅԱԹԱՓ

       (ՆՈՐԱՎԷՊ ՊՈԼՍՈՅ ԿԵԱՆՔԷ)

      
Ա.
       Դպրոցին մէջ, «Միլվուային թոռնիկը» կ’անուանէին զինքը։ Դէմքը, արդարեւ, Միլվուայի քերթուածոց տրտմական դառնութիւնն ունէր։ Աչերը կը փայլէին այն ապակիի գոյնով որ մասնաւոր երանգ մը չը ներկայացներ, այլ շրջակայ առարկայից գոյնին ցոլացումն է գոգցես։ Դեռաբուսիկ խարտեաշ մօրուք մը կը շրջանակէր իր վտիտ դէմքը, ոյր ցցուեալ այտերը - սրածայր ոսկորներու վրայ անցուած տմոյն կաշի, - ամէնէն դիւրահաճ կնոջ իսկ համբոյրը ի բաց վանելու յատկութիւնն ունէին։ Շրթունքը, գրեթէ միշտ կիսաբաց, տարտամ ժպիտ մը ուրուագրելու համար եւեթ կը միանային, եւ յայնժամ դէմքին կուտային այնպիսի արտայայտութիւն մը որ անմիջապէս աչերուն կը նայէիր, տեսնելու թէ արցունքի կաթիլներ չե՞ն բաժնուիր կոպերէն։ Նայուածքն, յարաշարժ ու անստոյգ, երկնակապոյտի պայծառութիւններ ու անդնդային խորութիւններ ունէր փոփոխակի։ Սակայն դէմքին ամէնէն ուշագրաւ մասն էր ճակատը, բարձր, ուռուցիկ, որուն երկու կողմերը քներց երակները կը գծէին իրենց օձապտոյտ կապտորակ ուղիներն. այդ ճակատն, իր ողորկ մերկութեանը մէջ, նոյնհետայն սա զգացումը կուտար թէ սովորականէն տարբեր գաղափարաց պահարան մ’է։
       Եւ, Գէորգ, սովորականէն տարբեր տղայ մ’Էր իրօք։ Վարժարանին բոլոր աշակերտաց մէջ իր առանձին տեղն ու դրոշմն ունէր։ Զբօսանաց ժամերու մեծաշռինդ ուրախութեանց, կամ դասարանաց չարաճճի խաղերուն չէր մասնակցեր բնաւ։ Գերառութեան կամ գնդամուղի ամենէն կրակոտ բառթիներուն ատեն, պարտէզին մէկ կողմը կը տեսնէիր զինքը ծառի մը կոճղին վրայ նստած, վէպի մը ընթերցման մէջ խորասոյզ կամ մատիտ ի ձեռին թղթի մը վրայ խազխզելով։ Դասարանին մէջ, սերտողութեան ժամերուն, երբ աշակերտք հսկողին դուրս ելած վայրկեանէն առիթ կը քաղէին յարուցանելու համար այն դժոխային աղմուկներէն մին որք հէգ դաստիարակն ի դասարան կը շտապեցնեն այլայլակ ու բարկաճայթ, ինքն էր միայն որ գլուխը վեր չէր առնուր գրասեղանէն։
       Սակայն, ինչ որ վարժարանին բոլոր աշակերտաց մէջ գեր ի վեր կը հանդիսացնէր զինքն, այն էր թէ գրող մ’էր։ Շարադրութեան դասերուն, առաջին մրցանակը միշտ իրն էր։ Հայերէնի դասատուն ամէն անգամ ներբողական խօսք մը ունէր նմա ուղղելիք։ Իրաւ է թէ իր գրութեանց միշտ տխուր ու մելամաղձիկ ոճը քանիցս իր վրայ հրաւիրած էր դասատուին ծանր դիտողութիւններն, բայց երբ տեսնուած էր թէ այդ դիտողութիւնք ապարդիւն կը մնային, Գէորգ մելամաղձիկ գրող հռչակուեր էր եւ այս պարագայն աշակերտաց մէջ մասնաւոր տեղ մ’էր տուած իրեն։ Միւս դասերուն մէջ ալ, ընդհանրապէս առաջինն էր։ Մաթեմաթիքի մէջ միայն, երբեք չէր կրցած ուսողութեան դասատուին աչքը մտնել։ Իր տկարութեանն իբր բարուրանք, ըստ հաճոյս յառաջ կը քշէր սա խօսքը. “Եթէ կ’ուզես մաթեմաթիք սովրիլ, սրտիդ մէջ խեղդէ՛ գորովոյ ու խանդաղատանաց ամէն զգացում”։ Վոլդէռէն գրած եմ զայս, կ’ըսէր։ Ճշմարի՞տ էր արդեօք։ Ամէն պարագայի մէջ, իր ընկերակիցներէն ո՞վ կրնար հերքել անոր ճշգրտութիւնը։ Երբ խնդիրը գրական նիւթի մը կամ մատենագրաց վրայ էր, ամէն ոք առանց վիճաբանութեան կ’ընդունէր Գէորգի բարձր հեղինակութիւնը։
       Այս նախանձելի դիրքը սակայն մէկէն ի մէկ եկած չէր իրեն։ Տարիներ, արհամարհանաց ու դառն զրկանաց երկար տարիներ հարկ եղած էին մինչեւ որ աշակերտներն հանգիստ թողած էին զինքն իր գրական գահոյից վրայ բազմելու եւ անկից իր վճիռներն արձակելու։
       Երբ առաջին անգամ վարժարանը մտաւ, տասնեւհինգ տարեկան էր։ Տխեղծ մանկութիւն մ’ունեցած էր, այնպէս որ իր հիւանդագին տարիներուն մէկ դոյզն մասը միայն անցուցած էր դպրոցական գրասեղաններու վրայ։ Իր կարգին մէջ, աշակերտաց ամենէն տարէցը ինքն էր։ Ընդհանուր կանոն, նոր եկող ամէն աշակերտ աղէկ աչքով չ’դիտուիր հիներուն կողմէ, որք իրենց իւրաւունքը կը համարին քիչ մը չարչրկել զնա. եթէ նորեկը քիչ շատ զօրաւոր եւ ճարպիկ է, շուտով կուտայ իր կարողութեան չափն եւ ոչ ոք կը համարձակի ձեռք դպցել նմա. իսկ եթէ տկար ու վեհերոտ է, վա՜յ իրեն. ա՛լ հանգիստ չ’կայ իրեն համար. այդ մատաղ գանկերուն յղացած բոլոր չարաճճիութեանց զոհ կը լինի։
       Գէորգ շուտ ճանչցաւ դպրոցական այդ ամէն դառնութիւնները։ Լաֆոնթէն մանկութեան համար կ’ըսէ թէ “Այդ տարիքն անգութ է”։ Վարժարանին աշակերտները լիովին կ’ապացուցանէին նրբամիտ առակախօսին յայտնած այս տեսութիւնը։ Օր մը անոր գիրքը կը գողնային, միւս օր կաղամարին մէջ ջուր կը լեցնէին, ուրիշ ատեն գնդասեղներ կը զետեղէին անոր նստարանին վրայ։ Գէորգ չէր տրտնջար, բողոք չէր բառնար տնօրէնին. ցաւագին ու արհամարհոտ ակնարկով մը կը նայէր իր ընկերակիցներուն, եւ գիրքը կամ գրիչը նորէն ձեռքը կ’առնուր լռիկ։
       Օր մը ֆրանսերէնի դասին ատեն, ուսուցիչը տախտակին առջեւ հանած էր աշակերտ մը եւ տուն կուտար նմա ուղղագրութեան հատուած մը, որուն մէջ կար souffre - douleur բառը։ Ուսուցիչը հարցուց նշանակութիւնը. ոչ ոք գիտէր։ Գէորգ միայն մատը վեր վերցուց եւ տուաւ ճիշդ պատասխանը։
       - Օ՜հ, չե՛մ զարմանար, դուն արդէն անձնական փորձով գիտես այդ բառին նշանակութիւնը, ըսաւ դասատուն երգիծական ժպիտով մը_։
       Դասատուն ալ կը ծաղրէր զինքը, եւ աշակերտք քանի մը օր խնդալու նիւթ գտան, իրենց մատը փաթթելով ուսուցչին ծաղրաբանութիւնը։
       Այսպէս տեւեց այս երկու տարի։ Իր ընկերակիցներէն շատերն իրեն հետ փոխեր էին իրենց դասարանն, այլք մնացեր էին հոն ուր էին, եւ շատեր հեռացեր էին վարժարանէն։ Անոնց տեղ եկողներն, իրենց անդրանիկներուն օրինակին հետեւելով, նոյն ընթացքը բռներ էին Գէորգի նկատմամբ։
       Այդ ատեններն էր որ պատահեցաւ իր հօր մահը։ Բաստըրմաճեան Կարապետ աղան ոսկերչի միջնորդ էր Շուկային մէջ, ուր ժամանակաւ խանութ եւ բաւական լաւ դիրք մ’ունեցած էր։ Փայլուն գործեր չէր տեսներ Կարապետ աղան՝ ոսկերչաց շուկային հետզհետէ վատթար կացութեան մէջ, սակայն գէշ աղէկ կ’ապրեցնէր ընտանիքը։ Կինը մեռած էր բաւական ժամանակէ ի վեր, եւ իր այրի քրոջ, Աղաւնի հանըմին, եւ իր Գէորգ զաւկին հետ կ’ապրէր վարձու տան մը մէջ։ Աղաւնի հանըմը քսաներեք տարեկան տղայ մ’ունէր, Ալիքսան Թումայեան, որ Պոլսոյ վաճառատան մը կողմէ Տրապիզոն ղրկուած էր եւ անկից մերթ փոքրիկ գումարներ կը ղրկէր իր մօրն ու մօրեղբօրը, որ իր բարեկեցիկ օրերուն մէջ զինքը մեծցուցած եւ կրթել տուած էր։ Այսպէս, ընտանիքը կ’ապրէր, դիւրութեամբ հոգալով Գէորգի կրթութեան ծախքերը։
       Հօրը մահը ծանր հարուած մ’եղաւ Գէորգի համար։ Տասնեւեօթն տարեկան էր այն ատեն, եւ կ’զգար թէ ի՛նչքան ծանր պիտի լինէր իրեն բաժնուիլ իր սիրական ուսումներէն։ Աղաւնի հանըմը սակայն “բուխ-սիրտ կնիկ” էր, գործէ հասկցող, ու խանդաղատանօք կը սիրէր եղբօրորդին, իր բացակայ զաւկին բոլոր կարօտն անկից առնելով։ Թող չ’տուաւ որ Գէորգ դպրոցէն ելնէ. աւելի աժան տուն մը վարձեց, տան դուռը պզտիկցուց, ակռան սղմեց, եւ զաւկէն ստացած ամսական երկու ոսկիովն եւ իր ասեղին համեստ հասոյթով, սիւզէնի բանելով, շարունակեց վճարել Գէորգի դպրոցական կէս թոշակն եւ գնել անոր անհրաժեշտ գրքերը։ Երբ պէտք կ’ըլլար թանկագին մատեան մը, բառագիրք կամ բնագիտութիւն, Աղաւնի հանըմ ցերեկը գիշերին կը խառնէր, եւ ամիս մը ետք Գէորգ կ’ունենար իր ըղձացած գիրքը։
       Դպրոցին մէջ, աշակերտները կարեկցական աչքով կը նայէին Գէորգին՝ իր հօր մահուընէն ի վեր, եւ ա՛լ չէին նեղեր զինքը։ Օր մը միայն, ընկերակիցներէն ոմանք գողցան իր դարակէն տետրակ մը, զոր միշտ գաղտնի պահած էր իրենցմէ։ Գէորգ անոր մէջ կը գրէր իր քերթուածները։ Սակայն երբ տեսան անոր լռիկ արտասուելը, գլուխը դարակին մէջ, արգահատանօք ետ դարձուցին տետրակը։
       Իր ընկերակիցներուն վերջին չարաճճիութիւնն եղաւ այս իրեն նկատմամբ, ի բաց առեալ այն խիստ դիտողութիւնը, զոր տնօրէնն ըրաւ նմա օր մը՝ դասարանին մէջ յաճախ վէպ կարդալուն համար, գլխաւորաբար մաթեմաթիքի դասերուն։ Մանաւա՛նդ զի Գէորգ հին աշակերտ եղած էր ա՛լ եւ իր ունեցած դիրքն իբր դասարանին ամենէն յառաջադէմ աշակերտը, և իր հեզ ու խոնարհ բնաւորութիւնն յարգելի կ’ընծայէին զինքըն ամէնուն։ Գրելու մէջ ունեցած յաջողակութիւնն հետզհետէ սիրելի կ’ընէր զնա տնօրէնին եւ իր ընկերակիցներուն, որոց շարադրութեանց կամ պարգեւաբաշխութեան ճառերուն մեծապէս կ’օգնէր։ Իրաւ, ընկերակիցները կը ծաղրէին մերթ իր անյագ սէրը բանաստեղծութեանց, մասնաւորապէս տխուր բանաստեղծութեանց համար, եւ չարամիտին մէկը, Միլվուայի քերթուածոց գիրքը տեսնելով յաճախ իրեն ձեռքը, «Միլվուայի թոռնիկը” մականուանած էր զայն. - այս մակդիրը տարածուած ու մնացած էր վարժարանին մէջ եւ երբ Գէորգ գիրք մը ի ձեռին պտըտէր պարտէզին մէջ, գրագիտութեան դասին յառաջադէմները կ’ըսէին որ Գէորգ իր Վէնսէնի անտառին մէջ կը ճեմէր։ Սակայն ա՛լ ոչ մէկուն մտքէն կ’անցնէր արգելք լինել նորա գործոց։
      
Բ.
       Երբ վարժարանէն ելաւ, տասնեւինը տարեկան էր։ Իր վեհերոտ բնաւորութեամբ, չհամարձակեցաւ ասդին անդին իյնալ՝ հրապարակին վրայ գործ մը գտնելու համար. իր գաղափարներն եւ ունեցած գրական կրթութիւնն արդէն խորշեցնել կուտային զինքն առեւտրական ասպարէզէն, ուր կ’զգար թէ յաջողելու համար հարկ եղած կարողութիւններն եւ կորովը կը պակսէին իրեն։ Ուստի սիրայօժար մտաւ այն կենաց մէջ որ մեր վարժարանաց ուսումնաւարտներուն մեծ մասին կը ներկայանայ իբր ապրուստի դիւրին եւ պատրաստ միջոց մը, որ բնաւ դժուարութիւն մը չներկայացներ իրենց։ Հայերէնի, ֆրանսերէնի եւ պատմութեան երկրորդական ուսուցիչ եղաւ թաղային վարժարանի մը մէջ, շնորհիւ իր նախկին ուսուցիչներէն միոյն որ իր պաշտպանութեան ներքեւ առած էր զինքն։ Ամսական 250 ղրուշ տուին իրեն առաջին անգամ, շաբաթը տասներկու ժամուան դասախօսութեան փոխարէն։ Ապրելու համար շատ քիչ էր այս։ Գէորգ դժգոհ չէր սակայն։ Իր բանաստեղծի եւ խորհողի գաղափարներով, արհամարհանօք կը նայէր կենաց վրայ։ Նիւթական վայելքները չէին հրապուրեր զինքն, եւ գիտէր սակաւապէտ լիւնել։ Կը բաղձար միայն աւելի մեծագումար դրամ ունենալ իր տրամադրութեան տակ, կարենալու համար գնել այն բոլոր գրական գործերն, որոց դեղին կափարիչները ժամերով անձկանօք կը դիտէր Վայսի կամ Բաբատիսի ցուցափեղկերուն ետին։ Իր գրեթէ միակ վիշտն էր այս։
       Տարի մը ապրեցաւ այս կեանքով։ Գոհ էր։ Իր այս կենաց մէջ նիւթական զրկանաց բոլոր փոխարինութիւնը կը գտնէր մտաւորական անսահման գոհունակութեամբք։ Հետզհետէ առիթ կ’ունենար ճանչնալու բոլոր այն մարդիկն որք հռչակ մը հանած են գրական հրապարակին վրայ, եւ որոց մտերմութիւնը կամ մէկ սիրալիր խօսքը մոռցնել կու տար իրեն թէ՝ ռըտէնկօթին թեւերը հնութեան ապիկով կը փայլէին, կամ ոտքին մատները, մանաւանդ այն փոքրիկ չարաճճի ճկոյթն յաճախ նեղ կը գտնէր իրեն տրուած անձուկ սահմանն եւ ազատ օդ շնչելու աճեցուն փափաքներ կþունենար։ Իրաւ, կրկնոցը բարակ էր քիչ մը, ամառուան եւ ձմրան օրերուն համար նոյնն հաւասարապէս, ու ցուրտ օդերուն որչափ ալ Բրուսիացի զինուորականի ճշդութեամբ դնէր ամէն կոճակները՝ դարձեալ ակռաներն իրարու կը կափկափէին մշտատեւ յամառութեամբ. սակայն ո՛վ կ’ըսէր թէ այս վիճակն այդպէս պիտի տեւէր շարունակ։ Դպրոցական յառաջիկայ տարեմուտին տարակոյս չկար թէ ուրիշ տեղեր ալ պիտի գտնէր դասախօսելու. արդէն քանի մը տեղէ խոստումներ ստացած էր։
       Սպասելով այդ բարօրութեան թուականին, կը շարունակէր իր ուսումնասիրութիւնները եւ գրական աշխատութիւնները։ Երբոր գիշերները տուն դառնար, տղոց շարադրութիւնները սրբագրելէն եւ կարգի դնելէն յետոյ ձեռք կ’առնուր իր գրիչն, եւ թղթին վրայ կը թափէր իր երազատենչ մտքին ցնորքներն ողջոյն, ու տառապանքներն անհուն իր սրտին զգայաթրթիռ։ Գրասեղանին առջեւ, սենեկին մէջ մենաւորիկ, կրնար ազատ ասպարէզ տալ զինքն յուզող զգացմանց, զորս օրն ի բուն զսպած էր աշակերտաց ծաղրածու դէմքերուն հանդէպ։ Դառնութեամբ լցուած բողոքներ էին ասոնք ընդդէմ ճակատագրին քմահաճ խաղերուն, խորհրդածութիւններ մարդկային սրտի թշուառութեանց վրայ, հոգին ի վեր համբարձիկ առ վարդագոյն երազներն իտէականին, սիրատենչիկ տարտամ մրմունջներով։ Զի սէրը չէր ճանչեր նա։ Փողոցին մէջ, կիներն արհամարհոտ նայուածք մը միայն կը նետէին իրեն, եւ ինքն համարձակութիւն չէր ունեցած երկու անգամ աչերը վերցնելու միեւնոյն կնոջ վրայ։ Իր ընդածին համեստութեամբ, չէ՛ր համարձակեր իր գրուածներն ուրիշին կարդալու, եւ իր գրադարանին ամենէն մութ խորշերուն մէջ իրարու վրայ կը դիզէր զայնս։ Անգամ մը միայն, հազար վարանումներէ յետոյ, ծածկանուան մը ներքեւ իր գրուածներէ մին ղրկած էր առ Արեւելք որ նոր սկսած էր հրատարակուիլ այն ատեն։ Երկու շաբաթ, ամէն երեկոյ, օրերէ ի վեր նօթի մնացած սովալլուկ մարդու անյագութեամբ, տենդոտ շարժումներով բացած էր թերթը, տեսնելու թէ իր գրուածն հիւրընկալուա՞ծ էր։ Օր մ’ալ ազգային լուրերուն ներքեւ, Արեւելքի պատասխաններուն մէջ, երկու պարտազանց բաժանորդներու ուղղեալ ազդարարութեանց մէջտեղ, կարդացած էր թէ՝ իր յօդուածը չը պիտի հրատարակուէր, որովհետեւ “շատ վերացական էր”։ Չը զարմացաւ, բաղդն ե՞րբ ժպտած էր իրեն. սիրտը վարժուած էր դառնութեանց՝ պատանեկութեան մատաղ տարիներէն իսկ։ Սակայն չը կրկնեց փորձն, եւ շարունակեց ըստ առաջնոյն գրել լոկ իր սրտին պահանջմանց գոհացում տալու համար։
       Իր այդ բաղդատաբար երջանիկ վիճակին մէջ, եթէ իրեն մտահոգութիւն պատճառող բան մը կար, այն ալ իր աշակերտաց հետզհետէ յանդուգն եւ ապերասան վարմունքն էր իրեն նկատմամբ։ Առջի ամիսներն աշակերտները շատ չը հեռացան այն յարգական դիրքէն զոր ընդհանրապէս կը պահեն ամէն նոր դասատուի նկատմամբ։ Սակայն, երթալով համարձակ ձեւեր առին։ Իրաւ է թէ Գէորգ ալ իր կողմէ զօրաւոր ջանքեր ի գործ չէր դներ զսպելու համար աշակերտաց ըմբոստական ձգտումները։ Ի՞նչ ընէր. իր կարողութենէն վեր էր այս. ծանր էր իրեն բարկութեան կայծակներ թափել աշակերտաց գլխուն, կամ իր մատներուն զօրութեան ճաշակը տալ այդ մատաղ դէմքերուն։ Աշակերտները, քաջալերեալ այս ներող ու թոյլատու ընթացքէն, անհաւատալի յառաջդիմութիւններ ընել սկսան իրենց սանձարձակ ազատութեան այս հաճոյական ճամբուն մէջ։ Ա՛լ այնուհետեւ Գէորգի դասախօսութեանց ժամերը մէկ մէկ տօն էին աշակերտաց համար որք անհամբերութեամբ կ’սպասէին այդ ըղձալի վայրկեաններուն։ Գէորգ ոտքը դասարանէն ներս դրածին պէս, ժխորը կ’սկսէր ձայնարկութիւններով, ծիծաղներով, կատուի կամ աքաղաղի ձայներով։ Ի զուր կ’աղաչէր նա հանդարտ կենալ. ո՞վ մտիկ կ’ընէր իրեն։ Աշակերտք, ասով ալ չգոհանալով, սկսան իրենց խաղերը փորձել ուսուցչին վրայ։ Օր մը գլանաձեւ բոլորուած թուղթ կը նետէին նմա լաստիկով. ուրիշ օր մը, Գէորգ, դասարանէն ներս մտած ժամանակ, գրատախտակին վրայ կաւիճով նկարուած տեսաւ մարդու մը պատկերը, որուն երկար, անհատնում քթին վրայ մարդ մը կանգնած էր՝ լարախաղացի պէս ձեռքերը տարածած, եւ ծայրէն ալ ուրիշ մարդ մը կախուած էր բոլոր ուժովը, ոտքերը գետնէն կտրած։ Պատկերին վրայ գրուած էր “Միւսիւին քիթը”։
       Վարժարանին Հոգաբարձութիւնը, որուն Գէորգ քանիցս գանգատած էր, կ’սկսէր դժգոհութեան ցոյցեր ընել նմա, ըսելով թէ՝ յանցանքն իրն էր եթէ չէր յաջողեր իր արժանապատուութիւնն յարգել տալ աշակերտաց։
       Օր մըն ալ, Գէորգ Հոգաբարձութենէն նամակ մը ստացաւ, որով զինքը պաշտօնանկ կ’ընէին, քաղաքավարական մեղմ բանաձեւերով։
       Իր դասախօսութեանց հաշուէն երկու ամսական ունէր առնելիք։ Մտքէն իսկ չանցուց երթալ պահանջել զայն, ոչ իսկ դիմումներ ըրաւ վերահաստատուելու համար իր պաշտօնին մէջ։
       Ամիս մը պարապ պտըտեցաւ։ Այդ ամսուան մէջ ի՛նչպէս ապրեցաւ, չէր գիտեր։ Ուր որ կը դիմէր, միեւնոյն պատասխանը կուտային իրեն. սպասելու էր, առ այժմ պարապ տեղ չկար։
       Այդ միջոցին էր որ բարեկամ մը յանձնարարեց զինքն յՕրթագեղ Զիւմպիւլեան ընտանեաց, որք իրենց երկու մատաղատի տղոց համար տան դասատուի մը պէտք ունէին։ Գէորգի համար փրկութեան խարիսխն եղաւ այս։ Ճիշդ իր ուզած գործն էր, դպրոցի դասախօսութեան տաղտուկներէն ազատ, խաղաղ, հանդարտ գործ մը, իրեն համար ալ բոլորովին հանգիստ, մասնաւորապէս տեղւոյն մերձաւորութեան պատճառաւ. - երեք ամսէ ի վեր Պէշիկթաշ փոխադրուած էին, շուկային մէջ Յունաց եկեղեցւոյն ետին երեք սենեակով փոքրիկ տուն մը։ Անմիջապէս ներկայացաւ Զիւմպիւլեանց տունն, ուր տան տիրուհւոյն հետ կարգադրեց իր դասախօսութեան ժամերը։ Շաբաթը երկու անգամ, չորեքշաբթի եւ շաբաթ, կէս օրէն մինչեւ իրիկուն, ընդհանուր դասեր պիտի տար երկու տղայոց, որոց մեծը, Տիրան, տասնեւչորս տարեկան էր, իսկ պզտիկը, Գոհարիկ, տասնեւմէկ տարեկան։ Ամսականն որոշուեցաւ 300 ղրուշ։
       Երեկոյին, երբ Գէորգ տուն դարձաւ, ի՜նչ ցնծութիւն հօրաքրոջն եւ եղբօրորդւոյն միջեւ։ Բաղդը վերջապէս եկած զարկած էր իրենց դրան։ Գէորգ մեծ ծախք մը չպիտի ունենար, Պէշիկթաշէն Օրթագեղ քալելով պիտի երթար գար. ասկից զատ, տարակոյս չկար որ, Զիւմպիւլեաններուն շնորհիւ, պիտի կրնար ուրիշ ընտանիքի մը մէջ ալ պաշտօն գտնել, եւ եթէ երեք հարիւր ղրուշ ալ անկից առնո՜ւր։
       Աղաւնի հանըմը սիւզէնի չը բանեցաւ այն գիշեր։
      
Գ.
       Գէորգ եռանդեամբ սկսաւ իր նոր դասերուն։ Իր աշակերտները երկու սիրուն տղայներ էին, աշխոյժ ու մտացի, մին սեւ ու գռուզ մազերով գիրուկ պատանի մը, փոքրիկը շագանակագոյն վարսերով քնքոյշ ու փափկիկ աղջիկ մը, նուրբ եւ գունատ։ Իրաւ է թէ իրենց տարիքին բաղդատմամբ շա՛տ քիչ բան գիտէին, ու յայտնի կ’երեւէր թէ՝ շատ շփացուցած էին զիրենք. սակայն իր յարատեւ աշխատութեամբ եւ հեզահամբոյր բնաւորութեամբ պիտի կրնար լեցնել անշուշտ անոնց դաստիարակութեան այս կրկնակ պակասները։
       Երիտասարդին համար բարօրութեան եւ երջանկութեան թուական մ’եղաւ այս։ Տանը մէջ յարգանօք կ’ընդունէին զինքն, եւ երբ դասախօսութեան սենեկին մէջ կ’առանձնանար իր աշակերտաց հետ, իրեն այնպէս կուգար թէ՝ երկնային դրախտը գտած էր ա՛լ։
       Քանի մը անգամ, տիկին Զիւմպիւլեան ներկայ գտնուեցաւ դասերուն։ Երեսունեւհինգ տարեկան կին մ’էր նա, թուխ, բարեդէմ, վայելչաձեւ, հանդարտ երեւոյթով։ Աչերը միայն, սեւաթոյր հրավառ աչերը, կը փայլէին այնպիսի թափանցանց նշոյլով մը, որ Գէորգ, նորա դիմաց նստած ատեն, միշտ խոնարհ կը պահէր գլուխը՝ նորա նայուածքին հանդիպելու երկիւղէն. մնաց որ, առաջին անգամն էր որ այդչափ բարձր եւ զարգացեալ կնոջ մը դէմ առ դէմ նստելու առիթը կ’ունենար, եւ այս այնչափ կը խռովէր զինքն որ ամէն անգամ սիրտը կը տրոփէր երբ իր աշակերտաց մայրը սենեկէն ներս կը մտնէր իր դասերուն միջոցին։ Բայց իրեն համար ճշմարիտ տանջանքն այն ատեն էր երբ տիկին Զիւմպիւլեան հարցումներ կ’ուղղէր իրեն իր տուած դասերուն, իր կենաց, իր գրական ճաշակաց վրայ։ Տիկինը բաւական զարգացեալ միտք մ’ունէր, կը հետեւէր ֆրանսական գրական շարժման եւ իր գրադարանը լեցուն էր ֆրանսացի նշանաւոր վիպասանաց նորագոյն գործերով։ Գէորգ յայնժամ կը պատասխանէր դողդոջ ձայնով մը, աչերն առանց վեր առնլու, դատաւորին առջեւ կանգնած ամբաստանեալի մը խոնարհ դիրքով։ Այսպէս, հետզհետէ, ցորչափ մտերմութիւնը կը հաստատուէր, նորա առջեւ կը պարզէր իր ցաւագին կեանքն, իր մանկութեան թշուառութիւնները, դպրոցին մէջ թէ՛ իբր աշակերտ եւ թէ՛ իբր ուսուցիչ ունեցած դառնութիւնները, իր անակնկալ վտարումը թաղային վարժարանէն։
       Տիկին Զիւմպիւլեան մտիկ կ’ընէր, տարտամ ժպիտով մը որ ի յայտ կը բերէր զուգեակ շարք մը սպիտակափայլ ակռաներու. յետոյ դուրս կ’ելնէր ձանձրոյթի շարժումով մը։
       Որովհետեւ կը ձանձրանար, այո՛։ Տանը մէջ գործ չունէր տեսնելիք, օրն ի բուն ալ գիրք չկարդացուիր. այցելութիւնք ալ շուտով կը լմննան։ Տղայոց դասերուն եւս ներկայ չէր ուզեր գտնուիլ. ամէն անգամ որ Գէորգի ողբերգական դէմքը տեսնէր, դժուարաւ կրնար զսպել ծիծաղը։
       Օր մը, դասի ատեն, յանակնկալս ներս մտաւ սենեկէն։ Գոհարիկ ոտանաւոր մը ուզած էր երիտասարդէն, եւ նա ալ բերած էր փոքրիկ քերթուած մը դեռատի օրիորդին համար։ Տիկին Զիւմպիւլեան առաւ զայն աղջկանը ձեռքէն եւ կարդաց.
       Երբ տեսնես
       Գոհարիկ,
       Համբուրիկ
       Դու կ’ուզես
       Առնել իւր
       Այտէն բիւր։
       - Օ՜, դուն նշանաւոր բանաստեղծ ես եղեր, եւ մենք չէի՜նք գիտեր մինչեւ հիմա։ Առաջին ոտանաւո՞րդ է այս, թէ ուրիշներ ունիս գրած։
       - Չէ, տիկին, ուրիշներ ալ գրած ունիմ, սակայն երեւան չեմ հանած, ինձ համար պահած եմ։
       - Ի՜նչ դժբաղդութիւն։ Ազգը զրկե՜լ այսպիսի տաղանդաւոր արտադրութիւններէ, ըսաւ տիկին Զիւմպիւլեան ժպտելով։ Ինծի կը բերէ՞ք որ կարդամ. ես շատ կը սիրեմ հայերէն բանաստեղծութիւնները, դպրոց եղած ատենս շատ մը կտորներ գոց գիտէի։ Սակայն շատ հասարակ նիւթերու վրայ գրածներիդ չը բերէք, զգացումով գրուած ինչ որ ունիք, բերէք, շնորհակալ կ’ըլլամ։
       Այդ օրուան յաջորդ երկու գիշերները Գէորգ մաքուր տետրակի մը մէջ խնամով արտագրեց իր քերթուածներէն տասնեւհինգ կտորի չափ, որոց մէջ դրած էր իր սիրտն ողջոյն, եւ յաջորդ չորեքշաբթի տարաւ յանձնեց զայնս տիկին Զիւմպիւլեանի։ Տիկինը նոյն պահուն քանի մը բարեկամուհիներ պիտի ընդունէր, ուստի շնորհակալութիւն յայտնելով, ըսաւ որ գիշերը կը կարդայ զայնս, եւ տետրակն առնլով ընդունելութեան սրահը գնաց։ Այցելուներն էին երեք մանկամարդ տիկին եւ մէկ օրիորդ, եւ խօսակցութիւնն սկսաւ աշխոյժ, սիրուն, զուարճալի։ Նոյն միջոցին, այցելու օրիորդն, որ ստոլին վրայ դրուած թերթերը կը թղթատէր, դիպուածով ձեռքն անցուց Գէորգի տետրակը զոր տան տիրուհին ներս մտած ատեն անդ դրած էր աճապարանօք, եւ գոչեց.
       - Ա՜հ, բանաստեղծութեանց տետրա՜կ մը։ Կը ներե՞ս որ աչքէ անցունեմ։
       - Ինչո՞ւ չէ, ըսաւ տիկին Զիւմպիւլեան։ Աղէ՛կ գտար, այդ բանաստեղծութիւնները գրողը ներսն է, մեր Տիրանին եւ Գոհարիկին դասատուն, հոս բերել տամ զինքն եւ իրեն կարդացնել տանք, կը զուարճանանք։
       Երբ Գէորգ սրահէն ներս մտաւ, դրանը առջեւ մնաց շուարած, շլմորած։ Տիկին Զիւմպիւլեան շարժմամբ մը յառաջ հրաւիրեց զնա, եւ համամտութեան չարիմաց ակնարկ մը փոխանակելով իր հիւրերուն հետ, ըսաւ.
       - Կը ներկայացնեմ ձեզ Միւսիւ Գէորգ…ը…ը…Միւսիւ Գէո՛րգ Բաստրմաճեանը, մեր արժանաւոր դասատուն, որ միանգամայն նշանաւո՛ր բանաստեղծ մ’է։ Միւսիւ Գէորգը հիմա պիտի հաճի մեզ կարդալ իր քերթուածներէն մի քանի կտոր որք հոս կը գտնուին, կանխաւ ընդունելով մեր ջերմ շնորհակալիքը։
       Երիտասարդը հազար գոյն կը փոխէր այս փոքրիկ ճառին միջոցին. կմկմալով պատասխանեց թէ՝ իր գրուածները չէին արժեր այսպէս հրապարակաւ կարդացուելու, եւ թէ անշուշտ ձանձրոյթ պիտի պատճառէր ներկայից։ Սակայն այցելուաց եւ մասնաւորապէս տանտիրուհւոյն թախանձանաց վրայ, ձեռք առաւ տետրակն եւ սկսաւ կարդալ։ Ձայնը կը դողդղար եւ այդ դողը կոկորդէն փոխանցուելով մարմնոյն բոլոր անդամներուն, ծունգերը կ’երերային եւ տետրակը կը տատանէր իր ձեռներուն մէջ։ Սակայն հետզհետէ տէր լինելով իր անձին, յառաջ տարաւ ընթերցումը վստահ ձայնով մը, իր բոլոր ցնորական անուրջներն, իր գիշերային մենիկ տքնութեանց այդ կսկծելի եղերերգութիւնները թափելով այդ ծիծաղկոտ սրահին մէջ։ Մերթ ընդ մերթ, սրտայոյզ տողերուն, որք իր սրտին արիւնովն էին գոգցես գրուած, ձայնը կը նուաղէր եւ աչերը կը թրջէին։ Տիկին Զիւմպիւլեան եւ իր հիւրերը միմեանց կը նայէին ժպտելով, թաշկինակով մը ծածկած իրենց շրթունքն, յայտնի չընելու համար իրենց խնդուքը։
       Երբ աւարտեց, ամէնքն ալ իրենց շնորհաւորութիւններն յատնեցին նմա. բայց հազիւ Գէորգ դուրս ելաւ վրդոված ու ալայլած, ծիծաղն սկսաւ։
       - Խե՜նդ է, ի՜նչ է, ըսաւ նրբահասակ տիկին մը որուն խաժուկ աչերը նուաղկոտ փայլ մը կ’արձկէին. ո՞ւրկից գտար այս տղան, կարդացած ատենը աչերն այնպէս մը կը դարձնէր կոր որ վախ զգացի։
       - Աղէկ ժամանակին դուրս ելաւ, յարեց ուրիշ մը. եթէ քիչ մըն ալ կենար, ա՛լ չպիտի կրնայի զսպել ինքզինքս, եւ քա՛հ քա՛հ պիտի խնդայի։
       - Այսու հանդերձ աղէ՛կ զուարճացուց մեզի։ Միմիայն դէմքն ամբողջ կատակերգութիւն մը կ’արժէ։
       - Քանի որ ձեռքիդ տակը այսպէս գանձ մը ունէիր, ինչո՞ւ համար մինչեւ հիմա երեւան չէիր հաներ զայն։
       Այդ օրէն, Գէորգի համար նոր կեանք մը սկսաւ։ Իր դասի օրերուն, Տիկին Զիւմպիւլեան կը հրաւիրէր իր բարեկամուհիներէն մի քանին, Գէորգը ներս կը կանչէին, եւ խօսեցնել կամ իր գրուածները կարդացնել կուտային իրեն։ Հետզհետէ, ցորչափ մտերմութիւնը կ’աւելնար, ա՛լ չէին զսպեր իրենց ծիծաղն, այնպէս մը ընելով սակայն որ երիտասարդը չկասկածի։ Աւելորդ զգուշութիւն մ’էր այդ. Գէորգ, իրեն համար նորանշան եւ անծանօթ այս պատիւներէն շլացեալ, իր բանաստեղծական անրջոց անձնատուր բոլորանուէր, մտքէն իսկ չէր անցուներ թէ խնդալու ի՜նչ զուարճալի առարկայ մ’էր դարձած։ Տակաւ առ տակաւ, ամիսը մէկ երկու անգամ, Տիկին Զիւմպիւլեան գիշերներն ալ թող չէր տար նմա տուն դառնալ. - ձմեռ էր, այն երկար գիշերներն ի՜նչպէս անցունելու էր։ Գէորգ ինքիրմէ ելած, անասելի ուրախութեամբ համակուած, չէր գիտեր թէ ի՛նչ ընէ, այս պատուոց արժանի լինելու համար։ Ամէն բանէ առաջ սակայն, զգացած էր թէ այսպիսի ընկերութեան մը մէջ ըստ պատշաճի երեւալու համար, պէտք էր լաւ հագուիլ։ Հիմակ իր գրեթէ բոլոր ամսականն հագուստի կապուստի կը ծախսէր նա, ամենէն էական բաներէն իսկ զրկելով ինքզինքն։ Երբ դասախօսութեան օրերը կը հասնէին, խենդի պէս կը վազէր յՕրթագեղ, սրտին մէջ կրելով անբացատրելի զգացում մը, որ կը դողացնէր իր ձեռքն ամէն անգամ որ կը զարնէր Զիւմպիւլեանց տան դուռը։
       Գիշեր մը, երբ նորէն ամէնքն ալ հաւաքուած էին՝ լսելու համար Գէորգի մէկ նոր գրութիւնը, տիկին Զիւմպիւլեան յարմար առիթ մը գտնելով Գէորգը կանչեց իր մօտ եւ իր քանի մը բարեկամուհեաց քով, ըսաւ նմա ժպտագին.
       - Այս բոլոր գրուածներդ շա՛տ աղէկ. սակայն ինչո՞ւ սիրոյ տաք շունչով գրուած բան մը չես յօրիներ։ Ամէն բանաստեղծ իր սրտին մէկ առարկայն կ’ունենայ որուն կ’ուղղէ իր աղերսները։ Այսչափ հոգիին մէջ, մէկը չե՞ս տեսներ քու Էլվիռդ ըլլալու արժանի։
       Գէորգ, մինչեւ ականջները կարմրելով, պատասխան չտուաւ։ Սիրտն այնքան ուժգին կը բաբախէր, որ կարծես իր ցնցումներովը գետին պիտի նետէր զինքը։ Քիչ մը անդին գնաց եւ աթոռի մը վրայ նստաւ մտախոհ։
       Այն գիշերը չքնացաւ, եւ մինչեւ առաւօտ մտածեց տիկին Զիւմպիւլեանի խօսքին վրայ։ Է՜հ, այո՛, ի՜նչպէս չէր հասկցեր մինչեւ այն ատեն իր սիրտն յուզող զգացումները. կը սիրէր այդ կինը, մոլեգին կերպով կը սիրէր, եւ նա ալ, այո՛, չէր արհամարհեր զինքն։ Ա՜հ, իր երազներն իրականութի՞ւն պիտի գտնէին ուրեմն։
       Յաջորդ օրը երբ տուն դարձաւ, սենեկին մէջ փակուեցաւ եւ նամակ մը գրեց առ Տիկին Զիւմպիւլեան, յիմարական նամակ մը, սիրոյ զգլխիչ խօսքերով, իր անարատ հոգւոյն բոլոր զգայնութեամբք, աղեկիզիկ նամակ մը, յորում կը պարզէր իր սրտին խորը թաղուած բոլոր կրքերը զորս արթնցուցած էր նա, այդ սէրն հայցելով անկից իբր մխիթարութիւն իր վշտաչարչար կենաց, յայտնելով միանգամայն թէ մերժում մը կարող էր մինչեւ իսկ անձնասպանութեան մղել զինքն, եթէ՝ անկից առաջ՝ խելքը չցնորէր արդէն։ Այդ նամակն հետեւեալ դասին վերջը, մեկնած ատեն, տուաւ Տիրանի որպէսզի իր մօրն յանձնէ, ըսելով թէ իր մէկ նոր քերթուածն է։
       Միւս դասին, Գէորգ շատ յամր քայլերով ուղղուեցաւ Օրթագեղ։ Սիրտը կը կայտռէր ցնծութենէ, եւ կ’ուզէր կարելի եղածին չափ երկարել այն երջանկութիւնը զոր մարդ կ’զգայ ըղձացուած նպատակի մը հասնելէ առաջ։ Անցորդները զարմանօք կը նայէին այդ երիտասարդին որ ինքնիրենը կը խնդար։ Չորս կողմը, թէեւ ձմրան աղտոտութեան տակ ծածկուած, հիանալի կերպով գեղեցիկ կ’երեւէր իրեն։ Տարակոյս չունէր թէ իր աղերսն ընդունուած էր, եւ թէ նոյն պահուն սիրտ մը արդէն կը տրոփէր նոյն զգացմամբք։ Այս մտածումներով հասաւ Զիւմպիւլեանց տան առջեւ եւ զանգակն հնչեցուց վստահալից. զանգակին ձայնը մեղեդիի մը պէս անուշ եկաւ իր ականջին, իբր նախերգանքն իր երանութեան։ Սպասաւորը դուռը բացաւ, եւ Գէորգ կը պատրաստուէր ներս մտնել, երբ միւսն ըսաւ սրտնեղութեամբ.
       - Վիեր մ’ելլար, հանըմը ու տղաքները հոս չեն, դիւս էլան. հանըմը ասաց որ մէ՛կ մ’ալ չի գաս, տղաքները ա՛լ պէտք չունին դասի։ Երեք հարիւր ղրուշ ալ պարտք կայ եղեր, ա՛ռ։
       Եւ տեսնելով որ Գէորգ արձանացեալ կեցեր էր, ստակը նորա վերարկուին գրպանը լեցուց եւ դուռը գոցեց երեսին։
       Օրթագեղէն մինչեւ Պէշիկթաշ ի՞նչպէս գնաց հետիոտն, առանց վար իյնալու, միտքն անգամ չը գալով թրամուէյ նստիլ։ Երբ իր տան դուռը զարկաւ, յայնժամ սթափեցաւ, ներս մտաւ առանց բար’ իրիկուն զուրցելու հօրաքրոջը, դանդաչելով իր սենեակն ելաւ, եւ, լալով, հեծկլտալով, բազմոցին վրայ փռուեցաւ։
      
Դ.
       Անկողնին մէջ պառկած է նա, դէմքն աւելի գունատ քան այն դեղին բարձը որուն վրայ հանգչեցուցած է իր լղար գլուխը։ Աչերն աւելի խոռոչացած են, այնչափ ներս քաշուած, որ գերեզմանի փոսի մը տարօրինակ զգայնութիւնը կուտան տեսնողին. եւ այդ փոսին խորը, մարմրուկ ցոլք մը կը պլպլայ, շիջանելու մօտ պատրոյգի մը լոյսին պէս տատանոտ։ Իսկ երբ կոպերը վար կ’առնու դալկութեամբ, մութ կապոյտ գիծ մը կը տեսնուի, չորս բոլորքը քաշուած ճմրթկած կակուղ գծերով։ Այտերն այնքան ներս խրած են որ կարծես թէ բերնին մէջէն իրարու են միացած։ Ու բոլոր դիմագծերուն վրայ յոգնութիւն կը կարդացուի, անբացատրելի խոնջութիւն մը, տրտում, թաղծալից, սրտամորմո՜ք։ Վերմակը քաշած է մինչեւ կզակը. սակայն երբ տաղտկութեամբ մէկդի կը նետէ զայն մերթ, պարանոցը, իր մանկական վտիտ պարանոցը կ’երեւի մոմի ճերմակութեամբ, նեղկիկ սրածայր ուսերուն մէջտեղ։
       Սնարին քով, ցած աթոռակ մը. երկու երեք սրուակներու եւ տուփերու մէջտեղ, քանի մը ֆրանսերէն գրքեր, լիմոն մը եւ Գոլոնեի ջրի սրուակ մը. աւելի մօտ, գիրք մը բացուած մնացած է։ Դուրեանի Տաղերն են։
       Դիմացը, բազմոցին վրայ, Աղաւնի հանըմը, ակնոցը դրած, գուլպայ կը հիւսէ, առանց աչերը հեռացնելու Գէորգի վրայէն. մատները մեքենաբար կը կատարեն իրենց գործըն, եւ ասեղներն անխոտոր կը խաղան իրենց խօլական հապճեպ շարժումները։ Մերթ ընդ մերթ, տեղէն կ’ելնէ, եղբօրորդւոյն քով կուգայ, վերմակը լաւ մը կը ծածկէ ուսին կողմէն, եւ անուշ ձայնով մը, մանկան մը հետ խօսելու պէս, կը հարցնէ խանդաղատանօք.
       - Բան մը կ’ուզե՞ս, եավրում, մէկ տեղդ կը ցաւի՞ կոր. տաքութիւնդ նասը՞լ է։
       Ու ձեռքը նորա ճակտին դնելով.
       - Օ՜, բան մը չունիս, մէ՛կ բանիկդ չէ մնացեր։ Մէկ էրկու օրէն ա՛լ բիւս բիւթիւն կ’ըռընտնաս տէ քեզի հետ աղուոր աղուոր ժամ մը կ’երթանք։ Աստուածամօր առջին մոմ մը կը վառենք, անանկ չէ՞, անուշի՛կս։
       Գէորգ պատասխան չ’տար, այլ մեղմիւ կը բռնէ իր հօրաքրոջ ձեռքն ու շրթանցը կը տանի։
       Հօրաքոյրը նորէն անցած է իր տեղը, ու Գէորգ վերստին կ’իյնայ իր խոհանաց մէջ։ Քսան օրէ ի վեր այսպէս պառկած է։ Լաւ չ’յիշեր իր հիւանդութեան առաջին օրերը։ Կը մտաբերէ միայն, որպէս երազի մը մէջէ, թէ հիւանդ եղած է, շա՛տ հիւանդ, ու վայրկեաններ ունեցած է յորս զգացած է թէ նոյնհետայն, անմիջապէս, կեանքը պիտի խուսափէր արդէն ու աչերը պիտի գոցուէին առ յաւէտ։ Այդ օրերէն իրեն մնացած միակ յիշատակն է իր հօրաքրոջ դէմքն, զոր միշտ իր սնարին քով տեսած է փոյթեռանդն, պատրաստ կատարելու իր ամենադոյզն փափաքներն։ Անկից առաջ ամէն բան թաղուած է համայնապարփակ մշուշի մը մէջ։
       Երկու երեք օր է աղէկ կ’զգայ ինքզինքը։ Բժիշկն յայտնած է թէ ա՛լ իրեն գալուն պէտք չկայ, սակայն դեռ բաւական օրեր կատարեալ հանգիստ պատուիրած է։ Գէորգի խնդրանաց վրայ, թոյլ տուած է միայն կարդալ, սակայն ընդհատաբար, առանց գլուխը ժամերով կախ պահելու։
       Կը մտածէ։ Գաղափարները խառն ի խուռն կը լեցուին մտքին մէջ, առանց որոշ ուղղութեան մը հետեւելու, առանց ինք ճշգրիտ գիտակցութիւնն ունենալու իր խոհերուն։ Ամէնուն տիրապետող զգայնութիւնն է սակայն, չգիտեր ինչ խառնուրդ մը յոգնութեան եւ հանգստեան պէտքի։
       Ձեղունը կը դիտէ դարձեալ։ Իր հիւանդութեան օրերուն գլխաւոր զբաղումն եղած է այս։ Գիտէ թէ ձեղունը քանի՛ տախտակէ բաղկացած է, ո՛ր տեղ ծակ կայ, ո՛ր տեղ վարակ։ Եւ, մեքենաբար, նորէն կը համրէ. մէկ, երկու, երեք… տասնեւեօթն, տասնեւութ։
       Ձեռքը դուրս կը հանէ վերմակէն եւ Դուրեանի Տաղերը կ’առնու, ու հարիւրերորդ անգամը լինելով կ’սկսի կարդալ զայնս անձանձրոյթ։ Էջերը միմեանց կը յաջորդեն իր դողդոջուն ձեռքին տակ, աչերը կը պղտորին, գլուխը կը դառնայ, սակայն ձեռքէն չի թողուր գիրքն. ի՜նչքան համ կ’առնու այդ սրտի դպչող ողբերէն։ Բարեբաղդաբար հօրաքոյրը հոն կեցած է, Գէորգի մէն մի շարժմանն ուշադիր։ Կամաց մը տեղէն կ’ելնէ, անկողնին քով կուգայ, եւ յուշիկ իմն գիրքն առնելով Գէորգի ձեռքէն.
       - Ա՛լ հերիք կարդաս, տղաս, նայէ՛, նորէն տաքութիւն եկեր է վրադ. տոքթոռը ինծի ըսաւ որ թող մի տար որ շատ կարդայ. աղէկ չէ, ինչո՞ւդ պէտք ատ մարդոց գրածները։ Դուն հանգիստդ նայէ։ Սըտեղը քանի՞ օր մնաց. էկող շաբթու ա՛լ ոտք կ’ելլաս, ան ատեն ուզածիդ խըտար կարդա, ուզածդ ըրէ։ Ամա ա՛լ դաս չպիտի տաս, անանկ չէ՞։ Աս գործը հի՛չ չ’եկաւ քեզի։ Ան ի՞նչ էր, ամէն իրիկուն տուն կուգայիր նէ քիւթիւր քիւթիւր կը հազայիր։ Էս զաթը առջի օրէն չէի ուզեր որ դասատու ըլլաս. ան հէռկէլէն կառավարելը խօլա՞յ բան է, իլլէ քեզի պէս նազիք հիւանդկախ տղայ մը։ Ամա դուն կտոր մը խելքիդ հաւնած էս, չը նեղանաս զուրցածիս, հէմ կիտէի որ խօսքիս մտիկ չպիտի ընես։
       Ու Աղաւնի հանըմը գիրքը գրասեղանին վրայ կը դնէ, սակայն սիրտը լեցուած է, ա՜յնչափ բաներ ունի զրուցելիք, զորս վախցած է յայտնելէ Գէորգի հիւանդութեան միջոցին։
       Եւ ձայնն աւելի անուշցնելով.
       - Հէմ մէյ մըն ալ ան տունը չպիտի էրթաս, անանկ չէ՞։ Էս քեզի բան մը չէի զուրցեր կոր ամա, քանի կ’երթայիր կ’աւրուէիր կոր։ Ան տունը քեզի աղէկ չեկաւ, էս կիտեմ։ Հիւանդ էկած իրիկունդ դուն ինծի բան մը չըսիր ամա, էս ետքէն հասկցայ. գիշերները քունիդ մէջ վիրայ անոնց անունը պէրնէդ վար չէիր ձգեր կոր։ Կիտե՞ս ի՜նչ խըտար վախցուցիր ինծի։ Փա՜ռք Տիրոջը, խազասըզ անցուցիր, անկից աղէկը չիկայ։ Աղէկնալուդ պէս, կ’ելլանք Տրապիզոն կ’երթանք. Ալիքսանս հիմակ հոն թոհաֆճիի խանութ պացեր է, վիրայ կը գրէ որ էլլամ հոն էրթամ, աղէկ մը կ’ապրինք։ Քեզի հետ կ’ելլանք կ’երթանք, դուն ալ կը թողուս ատ ուղուրսուզ զէնահաթը։ Ալիքսանիս հետ կ’աշխատիս, հէմ կը բացուիս քիչ մը, հավա կ’առնես։ Տրապիզոն կ’երթանք, անանկ չէ՞, Գէորգ։
       Բայց հօրաքոյրը կանգ կ’առնու յանկարծ. Գէորգի աչերն արցունքով լեցուած են, եւ կաթիլ մը կը սահի իր այտէն ի վար, երիթացեալ դիմագծերուն ոլոր մոլոր ուղղութեանն հետեւելով։
       - Ան ի՜նչ է ան, կուլա՞ս կոր։ Չես ուզեր նէ չենք երթար, մի՛ դող էլլար։ Ալիքսանը հիմա ամէն ամիս շիտկէ շիտակ իրեք ոսկի կը ղրկէ կոր, էրկուքնուս ալ կ’օգտէ, դուն նորէն ուզածդ ըրէ։
       - Չէ՛, չէ՛, հալա, կ’երթանք, կ’երթանք, քեզի հետ կ’երթա՜նք աս տեղէն։
       Ու սիրտը կը պոռթկայ. արցունքները ուղխօրէն կը հոսին այտերէն վար ու կ’երթան կորսուիլ իր բարակ մօրուքին մէջ, ու կուծքը կը հեւայ խուլ թառանչներով որք կը ցնցեն իր վտիտ մարմինն ողջոյն՝ երկարատեւ սարսուռներով։ Այդ հառաչանքները կարծես իրենց հետ սրտէն դուրս կը քաշեն կը տանին ինչ դառնութիւն ու մորմոք որ դիզուած կայ անդ, իր կենաց սկիզբէն ի վեր։
       ղաւնի հանըմը չգիտէ ի՛նչ ընել։ Գոլոնեի ջրով Գէորգի ճակատը կը շփէ, դէմքը կը շոյէ կը փայփայէ, ու կը պաղատի նմա հանդարտիլ։
       Քիչ քիչ արցունքները կը դադրին. մերթ ընդ մերթ հառաչանք մը եւեթ, կուրծքը պատռելու աստիճան լայն, կոկորդէն կը խուսափի ցաւագին երկար “ախ»ով մը։ Յետոյ կ’ելնէ անկողնին մէջ կը նստի, եւ տկար ձայնով մը.
       - Ինծի քիչ բան տայիր, հալա, անօթի եմ։
       - Օ՜խ, ա՛տ աղէկ. իշտահիդ բացուիլը աղէկ նշան է։ Քեզի էրթամ տաքուկ տաքուկ հաւի ճուրի չոռպա մը պերեմ։
       Եւ դուրս կ’ելնէ Աղաւնի հանըմը. ժամանա՛կ է. եղբօրորդւոյն աղիողորմ լացը տակն ու վրայ ըրած է իր սիրտը, եւ թեզանիքովը կը սրբէ աչերն որք լեցուած են։ Քսան օրէ ի վեր հանգիստ քուն քնացած չէ խեղճ կինը, եւ իր բոլոր խնայողութիւնները բժշկին, դեղագործին եւ մսավաճառին գրպանը լեցուցած է. բայց հո՞գն է իրեն. միայն թէ իր Գէորգը աղէկնայ, Աստուած ողորմած է այնուհետեւ։
       Գէորգ, մինակ մնալուն պէս, վար կ’իջնէ անկողնէն, կթոտ քայլերով կը յառաջանայ մինչեւ պատուհանն եւ մէկդի կ’առնու վարագոյրը։ Սենեակը պարտէզին վրայ կը նայի, քառակուսի փոքրիկ պարտէզ մը, ուր քանի մը ծառեր կը տարածեն իրենց նորընձիւղ ոստերը։ Մարտի օր մ’է, բարակ անձրեւ մը կը տեղայ, գարնանամուտի այն մեղմ անձրեւներէն մին որք մելամաղձութեամբ կը լնուն մարդուս սիրտը։ Քիչ մը ատեն կը դիտէ անձրեւի կաթիլներն որք ծլարձակ ոստերուն վրայ իյնալով յուշիկ շրշիւն մը յառաջ կը բերեն եւ մարգարտի պէս կը փողփողին անդ։ Հակառակ դուրսի տխրութեան, այդ կանաչազարդ ճիւղերը զորս քսան օր առաջ տեսած էր իրենց կմախային մերկութեան մէջ, տեսակ մը գոհունակութիւն կը պատճառեն իրեն։ Կ’զգայ թէ ինքն ալ, այդ մեռած բնութեան նման, առողջացած է ա՛լ։ Բայց սի՞րտը, բայց իր երազնե՞րը, իր բոլոր հաւատքներն ու բոլոր հմայքնե՞րը։
       Ու գրելու պէտք մը կ’զգայ, իր զգացումները թղթին վրայ թափելու անզուսպ անդիմադրելի տենչ մը։ Կամաց քայլերով գրասեղանին քով կ’երթայ, որպէսզի հօրաքոյրը չիմանայ վարէն, թուղթ ու գրիչ կ’առնու, եւ տենդայոյզ շարժումներով, արագ արագ, կը գրէ.
       «Է՜հ, ի՜նչ երազ, ա՜յս է եղեր կեանքը։ Բանաստեղծներուն երգած օդային կապոյտ պարիկներն ասո՜նք են եղեր, եւ իտէականի ամենէն հոգեպարար անուրջներն այս խեղկատակ կերպարանաց տակ մարմին կ’առնուն եղեր։ Սի՛րտս, ի՜նչքան դատարկ է. անկէ վտարեալ պատրանքները կարծես իրենց խուսափուկ ընթացքին մէջ հետերնին տարեր են այն քիչ մը արիւնը զոր ունէի երակացս մէջ։ Այս դատարկութիւնը բանի մը չեմ կրնար նմանցնել։ Անյատակ անդունդի մը զարհուրելի խորութիւնը կ’զգամ հոն, ուր արձակած ձայնիդ կամ նետած քարիդ արձագաքը չես լսեր։
       «Դուրեանը միտքս կ’իյնայ անդադար, ու անոր տողերուն ամենէն վսեմը թերեւս միտքէս չ’ելլար ամէն վայրկեան.
       Ի՜նչ, երազէ մը ետք գրկել ցո՜ւրտ շիրիմ։
       «Ե՛ս ալ, ե՞ս ալ արդեօք պիտի գրկեմ ցուրտ շիրիմը։ Որդերն, այն մանրիկ մարմնատանջիկ որդերն, պիտի պլլըւին ի՛մ ալ դիակիս, եւ այն բիւրաժանի բիւրաբերան հոյլն, ահագին կլափ մը կազմած, պատա՜ռ պատա՜ռ կուլ պիտի տայ զիս։ Սոսկա՞լ, քստմնի՞լ։ Ինչո՞ւ։ Ո՞րն է լաւը. - Արեւ արեգական տակ, մարդկային ընդհանուր ցնծութեան ու հրճուանաց մէջ, թաքուն անտեսանելի որդ մը այլապէս դիւագրգիռ, ո՜ղջ ո՜ղջ, հաճոյքով, փափկութեամբ հատցընէ՞ սիրտդ, թէ իրենց անկուշտ ախորժակէն վարեալ անասնիկներու երամ մը կրծէ լմնցնէ զքեզ մէկ անգամէն, հողի՛ն ներքեւ, գերեզմանին պա՜ղ եւ յաւերժական միայնութեանը մէջ»։

      
(«Մասիս», 3 Դեկտեմբեր 1888)