***

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ
      
       Կարճ պտոյտ մը քաղաքէ քաղաք՝ բաւական չէ ամբողջական գաղափար մը կազմելու համար այն շարժումի մասին, որ կը ձգտի համախմբել տարագիր երիտասարդութիւնը։
       Եւ սակայն, առաջին ակնարկով իսկ, աչքի կը զարնէ կազդուրիչ իրողութիւն մը։
       Ամէն տեղ ալ, լուրջ աշխատանքի լծուած են, կարելի եղածին չափ կազմակերպելու համար ցիրուցան երիտասարդութիւնը։
       Տեղ մը լայն, տեղ մը սահմանափակ, գետին շահուած է արդէն։ Կը մնայ թեւ տալ, բարոյապէս թէ նիւթապէս, աստիճանաբար ընդարձակելու համար §կենսական տարածութիւնը»։ Մանաւանդ որ, հետզհետէ կը բազմապատկուին օրուան պահանջները, օտարութեան մէջ։
       Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը խորապէս ըմբռնելով նոր սերունդին ապագայ դերը, մասնաւոր ուշադրութեամբ կը հետեւի անոր քայլերուն։ Կ’ուզէ վառ պահել անոր գիտակցութիւնը եւ ձեռներէցութեան ոգին։ Կը ջանայ ճամբայ ցուցնել եւ մղել զայն ինքնագործունէութեան։
       Արդէն իսկ ունինք Երիտասարդական Միութիւններ, բոլոր գաղութներուն մէջ, կազմուած Հ. Յ. Դ. կոմիտէներու նախաձեռնութեամբ, կամ ինքնաբերաբար մտած անոնց հովանաւորութեան տակ։ Անուններու տարբերութիւնը պարզապէս հետեւանք է տեղական պայմաններու։
       Այսպէս, Հիւս. Ամերիկայի մէջ տարիներէ ի վեր կը գործէ Հայ Երիտ. Դաշնակցութիւնը, մօտաւորապէս երեք հազար անդամներով, որոնք ամէն բանէ առաջ կը ձգտին ամրապնդել նոր սերունդին կապերը հայկական կեանքին հետ։
       Կազմակերպութիւնը աւելի քան տասը տարիէ ի վեր կը հրատարակէ անգլերէն շաբաթաթարթ մը, «Հայրենիք Ուիքլի», ուր իրական տաղանդներ կը ծաղկին։ Իսկ այս տարի ձեռնարկեց նոր գործի մը, ամսագրի մը, որպէսզի աւելի լայն ասպարէզ գտնեն գրելու եւ զարգանալու։
       Հարաւ. Ամերիկան եւս ունի երիտասարդական կուռ կազմակերպութիւն մը, «Արմենիա», 1500-2000 անդամներով։ Կեդրոնը՝ Պուէնոս-Այրէս։
       Ֆրանսայի մէջ, երբեմնի Պատանեկան Միութիւններուն յաջորդած է Հ. Յ. Դ. Նոր Սերունդը, որ, դեռ երեք տարեկան, կը հաշուէ աւելի քան հազար անդամներ եւ անդամուհիներ։ Իր ամսագիրը, «Հայաստան», կը հրատարակուի կէս առ կէս հայերէն եւ ֆրանսերէն։ Սպառումը՝ մօտ երկու հազար օրինակ, եթէ ոչ աւելի։
       Յունահայ գաղութն ալ, որ այժմ նախկին համրանքին մէկ երրորդը կը ներկայացնէ, մեծ մասով ամփոփուած Աթէնքի շրջանին եւ Սելանիկի մէջ, ունի Հ. Յ. Դ. Պատանեկան Միութիւնները։ Միշտ վառվռուն եւ գործօն, հակառակ բազմազան դժուարութեանց։
       Այլապէս փայլուն եւ յուսատու պատկեր մը կը ներկայացնեն Միջին Արեւելքի Երիտ. Միութիւնները։
       Եգիպտոսի Հ. Յ. Դ. Երիտ. Միութիւնը դեռ նոր աւարտեց իր Շրջ. Ժողովը։ Այս առթիւ հրապարակային կոչ մը ուղղելով տարագիր երիտասարդութեան, մասնաւորապէս անոր կը յիշեցնէ հիմնական պահանջներ. -
       Մնալ Հայ՝ հոգիով, լեզուով եւ մշակոյթով։
       Ըլլալ Հայ՝ արի եւ պարկեշտ, տէր սկզբունքներու եւ մեր քաղաքական պահանջներուն։
       «Այս է թելադրանքը մեր պատմութեան, այս է իղձը հաւասարապէս հայրենիքի եւ գաղթաշխարհի հայութեան»։
       Կոչը կը յիշեցնէ ուրիշ պարտականութիւն մը. - Փարատել յոռետեսութեան եւ ստորադասութեան տրամադրութիւնը։ Ազդանշան մը, որ պէտք է տարածուի բոլոր գաղութներուն մէջ, որպէսզի չմնան ճիտը ծուռ եւ նկուն, աշխարհի պողոտաներուն վրայ։
       Իսկ Սուրիա-Լիբանանի մէջ ինչ որ կը տեսնենք ամէն օր, աչօք բացօք, չի կարօտիր մասնաւոր վկայութեան։
       Կուռ ցանց մը՝ երիտասարդական գործունէութեան, կուսակցականէն մինչեւ մարզականը . Մ. Ը. Մ. ), այս երկու բազմահայ գաղութները հասցուցած է բարձրութեան մը, որ կրնայ տիպար ծառայել ուրիշ վայրերու։
       Աւելի բախտաւոր գաղութներ փող ու թմբուկով պիտի ծանուցանէին այս ափերուն վրայ կատարուած նուաճումները։
       Հազարաւոր երիտասարդներու եւ պատանիներու խանդավառ եւ յարատեւ ինքնագործունէութեան ոգին է, որ կը սաւառնի երկու գաղութներուն մէջ, ոգեւորելով ու գործի մղելով տարեցներն ալ։ Ինչպէս եւ մեր քոյրերն ու աղջիկները։
       Որո՞ւ համար գաղտնիք են այս տարագիր բազմութեան պարբերական տագնապները, անոր կեանքի ելեւէջները, վերջին տարիներու ընթացքին։
       Եւ սակայն, անոր հոգին մնաց միշտ երիտասարդ եւ տոկուն, վանելով վհատութեան խորշակը։
       Այս հարեւանցի տեսութենէն դուրս չեն մնար ուրիշ հայկական համրանքներ ալ, Կիպրոսէն մինչեւ Իրաք եւ Իրան։
       Որքան ալ համառօտ, այս պատկերը կը թելադրէ շարք մը խորհրդածութիւններ։
       Այսօր կը յիշեցնենք միայն մէկը. - Սրտանց գնահատելով մինչեւ հիմա շահուած գետինը, վաստակը, կրկնապատկել ճիգերը։ Աւելի ընդարձակել ցանցը։ Խտացնել շարքերը, քանակին հետ բարձրացնելով որակը։
       Ամէնէն կենդանի գործը, ամէնէն կենսունակ ճակատն է այս, ներկայ պարագաներուն մէջ։
       Լայն ասպարէզ՝ բոլոր ընդունակ տարրերուն համար։
      
       Հալէպ, 1948