Օրեր եւ ժամեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
ԱՃՄԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ
      
       Չեմ գիտեր որեւէ ատեն մեր միտքէն անցա՞ծ էր ողջունել ազատութիւնը, մէկ օրէն միւսը։
       Այո, յաճախ երազներ կը հիւսէինք, երբ թագաւորը կը հիւանդանար, եպարքոս կը փոխուէր կամ խորհրդաւոր շշուկներ կը հասնէին դուրսէն։ Մակեդոնական խնդիրը սուր հանգամանք առած էր եւ կը թուէր թէ մենք ալ բանի մը կը սպասէինք, հոտոտելով Արտասահմանի թերթերը։
       Գիշեր մը նորէն լուսցուցեր էինք։
       Խմբագրապետը, Արամ Անտոնեան, մէկ մէկ սենեակի մէջ բանտարկելով մեզ, յօդուած կը պահանջէր։ Գեղամը կը սոսկար մանրէներէն եւ առածի կարգ անցած էին իր բացառիկ զգուշութիւնները։ Ճաշարանին մէջ, երբ ամէն մարդ տասը փարայի հաց կ’առնէր, ինք քսան փարայի կ’ապսպրէր, որպէսզի ձեռքով բռնած մասերը բերանը չդնէ։ Ուրեմն կէսը կը նետէր։ Անգամ մը Եիւքսէք Գալտըրըմէն անցած ատեն, գաւազանը ձեռքէն կ’իյնայ գետին, քիչ մը թաց տեղ մը։ Կասկածէ կասկած գլորելով, Գեղամ կը վազէ տուն, սիւմպլիմէով կը լուայ ու լուայ, իրիկունը եւ յաջորդ առտուն։ (Սիւմպլիմէն միշտ անպակաս էր գրպանէն, իբրեւ ազդու հականեխական մը ամէն բանի դէմ։ Գեղամի այս կասկածամտութեան մէկ պատճառն էր, որ սուր թոքատապ մը անցուցած էր ժամանակին։ Ուրկէ՝ խժլտուք մը մնացած էր վրան)։
       Անտոնեան, իսկական պաշըպօզուք, որպէսզի ստիպէ Գեղամը անպատճառ յօդուած մը գրել կիրակի օրուան թիւին համար, խմբագրատան խցիկին դուռներն ու պատուհանները կը փակէր, եւ ցախաւելը ձեռքն առած՝ անխնայ կ’աւլէր գետինը, անտանելի փոշի մը հանելով։ Գեղամ քիթբերանը փակած կը ճչար, պատէ պատ կը զարնուէր։ Խեղդուիլը բան մը չէր, եթէ մէկն ու մէկը տեղի չտար կամ ցախաւելը չփախցնէր։
       Կարճերկան գրեցինք յօդուածները եւ գիշերուան մնացեալ մասը անցաւ գրականքաղաքական խօսակցութիւններով ու երազներով։
       Անտոնեան, որ նամակագրութեամբ կապուած էր Ռուբէն Զարդարեանի հետ, կը պատմէր թէ իր բարեկամը «Ռազմիկ» անուն յեղափոխական թերթ մը կը հրատարակէ Ֆիլիպէի մէջ, թէ Պոլսէն թղթակից մը ունի, որ շատ յաջող եւ յանդուգն բաներ կը գրէ։ Ու կը հարցնէր Գեղամին թէ կը ճանչնա՞յ…։ Երկուքս ալ անգիտանալով, ուրիշ «նորութիւններ» կ’ուզէինք լսել, իր բերնէն կախուած։
       - Բաներ մը պիտի ըլլան կարծեմ։ Սա շունը սատկէր, ազատէինք…
       Ուրիշ գիշերներ, Գեղամին, երբեմն ալ Տիգրանին հետ, չեմ գիտեր ի՛նչ բանէ ներշնչուած, կ’երազէինք թէ ահա Սուլթանը կը փոխուի, ազատութիւն կը հռչակուի, քիչ մը շունչ կ’առնենք։
       Եւ ծրագիրներ, ծրագիրնե՜ր.
       - Մեր ուզածին պէս թերթ մը կը հանենք, ազա՜տ, գրական-քաղաքական։ Յետոյ գիրքեր…
       - Երիտասարդական Միութիւն մը կը հաստատենք, ուսանողներ կը ղրկենք Եւրոպա։
       - Ես Ժընեւ կ’երթամ համալսարանական շրջան մը բոլորելու համար։ Ա՜խ, Զուիցերիա, Զուիցերիա՜. «Դրօշակ»ն ալ հոն է…
       - Հապա Հայաստա՞նը, ես երթալ տեսնել կ’ուզեմ, աչքովս տեսնել… Նաեւ Կովկասը…
       - Ո՞վ չուզեր. երանի՜ թէ։ Եւ սակայն…
       Երբ առտու կ’ըլլար եւ քնաթաթախ աչքերով դուրս կ’ելլէինք, երբ ցրուիչները աջ-ձախ կը վազէին «Իգտա՜մ», «Սապա՜հ» պոռալով, երբ կը տեսնէինք նոյն դաժան դէմքերը պողոտային երկու ափերուն վրայ, կամ գորշ բազմութիւնները, որ կը խոկային սրճարաններու մէջ, անճոռնի խօսակցութիւններով, անմիջապէս կը սթափէինք, - «Բայց ափսո՜ս, որ երազ էր»…
      
       *
      
       Առտու մը, սակայն, երազը դարձաւ իրականութիւն։
       Թերթերը վախկոտ երկտող մը հրատարակած էին։ Բայց, մէկ օրէն միւսը կացութիւնը փոխուեցաւ «կայծակի արագութեամբ», ինչպէս պիտի ըսէր Մարկոս Նաթանեան։
       10 Յուլիս, 1908. - Եաշասըն Հիւրրիյէթ, եաշասըն Ատալէթ, եաշասըն Մուսավվաթ, եաշասըն Միլլէթ…
       Ա՛լ չեմ յիշեր թէ ի՛նչպէս անցաւ առաջին օրը։ Եթէ չեմ սխալիր, երկրորդ կամ երրորդ օրն էր որ, Արամ Անտոնեանին, Գեղամին եւ ուրիշներու հետ խառնուելով ամբոխին, գացինք Պապը Ալի, - այս անգամ բուն իսկ պաշտօնատան մեծ դուռը, կարմիր ֆէսերը ծուռ դրած, կարմիր դրօշ մըն ալ բռնած.
       - Ֆատիշահըմ չօք եաշա՜, Սադրազամը տեսնել կ’ուզենք անպատճառ, կ’աղաղակէր ամբոխը։
       - Տեսնել կ’ուզենք…ո՞ւր են նախարարները, ազլ, ազլ (պաշտօնանկ)։ Եաշասըն մէշրութիյէթ ( Կեցցէ Սահմանադրութիւնը), եաշասըն միլլէթ…
       Ահա կ’երեւար Մեծ-եպարքոսը, Սայիտ փաշա, եւ բարեւելով ամբոխը, կը խոստանար հրաժարիլ անմիջապէս։
       - Նախարարներն ալ, նախարարներն ալ, ո՞ւր են։
       - Չեմ գիտեր. ամէն մէկը իր պաշտօնատունն է կամ տունը։
       Կամաւոր առաջնորդներ յանձն կ’առնէին ամբոխը տանիլ իւրաքանչիւր պաշտօնատուն, նախարարներուն հրաժարումը պահանջելու համար։
       Եւ ամբոխը ճամբայ կ’ելլէր - մենք ալ միասին - դէպի մատնանշուած շէնքերը, նախարարական պաշտօնատուն կամ բնակարան, խելայեղ կանչեր արձակելով, ոտքերը գետին զարնելով, ծափահարելով, երգելով կամ լալով։
       Այսպէս մինչեւ իրիկուն իրարու ետեւէ ամբոխին մարտակոչին պատասխանելով հրաժարական տուին նախարարները, բացի մէկէն - կարծեմ կրթականը - որ չգտնուեցաւ, եւ հռչակաւոր Ֆէհիմ փաշայէն, որ փախած էր (յետոյ բզիկ բզիկ եղաւ մօտակայ գաւառի մը մէջ)։
       Այնուհետեւ ճառեր շանթարձակ, որոնց սկիզբն ու վերջը գոց ըրած էինք.
       - Վաթանտաշլա՜ր, օթուզ սէնէտէն պէրի մէմլէքէթիմիզ իսթիպտատ փէնչէլէրինտէ փարչա փարչա օլուպ… (Հայրենակիցներ, երեսուն տարիէ ի վեր մեր հայրենիքը բռնապետութեան ճիրաններուն ներքեւ բզիկ բզիկ եղած…)։
       Այդ օրերուն էր, որ գռեհիկ ցոյց մըն ալ Օրմանեան Պատրիարքի դէմ կը սարքուէր, առաջնորդութեամբ վարկաբեկ մուխթարի մը եւ խումբ մը գրոց բրոցներու։ զո՜ւր Դաշնակցութեան վերագրեցին այս խուժանային արարքը եւ այդ առթիւ տպուած թռուցիկները։ Եթէ եղած-չեղածը մենք էինք, լուր անգամ չունէինք. իսկ դուրսէն Դաշնակցականի շուքը չէր երեւցած տակաւին)։
       Դեռ բանտարկեալները չէին արձակուած։ Մինչեւ բանտին դուռն ալ գացինք, ճամբեցին։
       - Տղա՛ք, եկէք Եըլտըզ երթանք։
       - Երթա՛նք, երթանք, մէկ մէկ ձի նստած քշենք…
       Իսկապէս, Գեղամը, ես եւ Ենովք Շահէնը Պէշիկթաշէն մէկ մէկ ձի նստելով, քշեցինք դէպի Եըլտըզի պալատը։ Ես շատոնց վարժուած էի ձիավարելու։ Երբ գիշերը ուշ մնայի, Սկիւտարի նաւամատոյցէն ձի մը կը վարձէի -100փարա - եւ կը քշէի դէպի տուն։ Գեղամը նոր կը նստէր եւ հաճութեամբ չէր, որ համակերպեցաւ այս արկածալի արշաւին։
       Ես ձին սրընթաց քշելով արդէն հասեր էի Կայսերական պալատին ընդարձակ դարաստանը, ուր խայտաբղէտ բազմութիւն մը խռնուած «Փատիշահըմ չօք եաշա՜» կ’աղաղակէր եւ ցնծութեան կանչեր կ’արձակէր։ Երկու ընկերներս հասան բաւական ուշ, հարսնեւորի պէս վարած ըլլալով ձիերը։
       Գեղամն էր, որ կը գրէր, մէկ տարի վերջը. - «Հազիւ թէ բռնած սանձերը մեր ձիերուն, որոնց վրայ հեծած էինք, կ’արշաւէինք, կ’արշաւէինք այն ճամբաներէն, որ նոր ժամանակներու ամէնէն մեծ Ոճրագործին պալատը կը տանէին. մենք, ընկերներ, Եըլտըզ Քէօշկի վրայ կը քալէինք»։
       Ի՞նչ ընելու գացեր էինք այդ արիւնազանգ, արիւնարբու որջին մէջ։ Ի՞նչ գործ ունէինք այս ծոպաւոր եւ փաթթոցաւոր բազմութեան հետ…
       Մինչեւ այսօր ալ չեմ կրնար բացատրել։ Տարակոյս չկայ թէ նախ կ’ուզէինք տեսնել Հրէշին երեսը։ Ի՞նչ ըսելու համար, այդ խառնիճաղանճ ամբոխին մէջ։ Կրցա՞նք տեսնել…
       Շշուկ մը, յանկարծ, եւ մատով շարժումներ դէպի պալատին պատշգամը։ Ու թէմէննահներ , կանչեր.
       - Նայեցէ՛ք, նայեցէ՛ք, փատիշահն է։ Եաշասը՜ն Էֆէնտիմիզ, եաշասըն փէտէրիմիզ…Գա՛հր օլսուն իսթիպտատ… (Անկցի՜ բռնակալութիւնը)։
       Իբրեւ թէ տեսած եղանք մօրուսաւոր դէմք մը, որ ստուերի պէս երեւցաւ, քանի մը բառ արտասանեց ու հեռացաւ։
       Անոնք, որ իրապէս տեսած ու լսած էին, կը պատմէին թէ Սուլթանը իր ջե՜րմ ուրախութիւնը յայտնած էր ժողովուրդին, փառաբանելով Սահմանադրութիւնը եւ Ազատութիւնը…
       Բազմութեան մէջ Հայեր ալ կային եւ այդ առթիւ իմացանք թէ բանտարկեալներուն մէկ մասը արձակուած է, մէջն ըլլալով Եզնիկը։
       Ահա թէ ի՛նչ ըսել է ոտքը գետնէն կտրել։ Նորէն ցատկեցինք ձիերը եւ հուռռա՛… «Եաշասը՜ն Հիւրրիյէթ»։
       Անշուշտ Ապտիւլ Համիտ քթին տակէն կը խնդար, այլապէս դիւային ծրագիրներ որոճալով։ Այս անգամ իբրեւ «կոմիտէճի»։ Չէ՞ որ հրապարակաւ յայտարարած էր թէ ինք շատոնց անգամ էր «Իթթիհատ վէ Թերազգը»ին…
      
       *
       Եկե՜ր են, եկե՜ր են. առ այժմ երկու հոգի։ Ուրիշներ ալ պիտի գան հետզհետէ։
       Կարծեմ Եզնիկն էր, որ այս աւետիսը կուտար։ Բանտէն հազիւ արձակուած, կրակի պէս կ’եփէր, կապերը գտնելու, կորիզը վերակազմելու համար։
       Որո՞նք էին եկողները։
       Առաջինը, որ տեսանք, մեզի ծանօթացուցին իբրեւ «ընկեր Վահագն»։ Ուրիշ ոչինչ։ Միջին տարիքով մարդ մը յաղթանդամ, թաւ պեխերով։ Պուլկարիայէն կուգար, բայց հագուածքէն, խօսուածքէն կ’երեւար, որ Ամերիկան ալ տեսած է։
       Պարզ եւ եփուն մարդ, Վահագն (Տաթեւեան), կը խօսէր իբրեւ կուսակցութեան ներկայացուցիչը։ Առանց ամէն բան ըսելու, անմիջական հրահանգները տալով, յայտնեց թէ քանի մը օրէն մեզի պիտի ներկայացնէ կարեւոր ընկեր մը, որ իրեն հետ միասին եկած է։
       Կապը կը պահէր Եզնիկը, եւ ժամադիր եղանք Բերա, Փըթի Շանի պարտէզը։
       Ահա քանի օր էր, որ կը սպասէինք անհամբեր։ Պզտի՞կ բախտ էր, - նորընծայ խլէզներ, ամբողջովին տենդ եւ երազ, Եւրոպայէն, լոյս աշխարհէն եկած մտաւորական, յեղափոխական, Դաշնակցական պիտի տեսնէինք։
       Ամպամած իրիկուն մըն էր։ Որոշուած ժամուն գացինք Փըթի Շան եւ կեցանք որոշ տեղ մը, վարի ցանկապատին մօտ, համաձայն տրուած հրահանգին։ Եզնիկը Վահագնին հետ բաներ մը փսփսալէ վերջ, վերադառնալով, պատուիրեց, որ պարտէզին վերի դրան կողմը նայինք։
       Աչք ու ականջ կտրած էինք ես ու Գեղամը։
       - Ահա կ’անցնի, տեսա՞ր, միջահասակ, սեւ փողկապով, ետեւէն ալ ընկեր Վահագնը։
       Ուրիշ մարդ չկար արդէն. Վահագնը՝ արդէն ծանօթ՝ իր ըմբիշի կերպարանքով եւ «միւսը», վայելչակազմ, գլխարկաւոր, ձեռքը ձեռնոց եւ գաւազան, քաղքենի քալուածքով։
       «Սեպէ թէ տեսանք», քանի որ կարելի չէր աւելի որոշ դիտել այդքան հեռուէն։ Պտոյտ մը կատարեց եւ անհետացաւ։
       Անո՞ւնը. - Է. Ակնունի։ Այսքան։ Ոչ աւելի, ոչ պակաս։
       Վահագնը հաղորդեց թէ յայտարարութիւն մը պիտի բերէ, անմիջապէս տպել տալու եւ յաջորդ օրը ցրուելու համար։
       - Մա՛րդ պիտի չտեսնէ ձեռագիրը. դուք երկուքդ անձնապէս պատասխանատու էք։ Շարել կուտաք ձեր վստահած տպարանին մէջ, ձեր աչքին առջեւ, կը սրբագրէք, տպագրութեան ատեն ալ ուշադրութեամբ հսկողութիւն կը կատարէք, որ աւելի-պակաս օրինակներ չըլլան, եւ վաղը կը ցրուէք։
       Օրե՜ր, օրե՜ր… երբ «քալէ՛» ըսէին, վազելը խաղ էր մեզի համար։
       Ձեռագիրը ստացանք իբրեւ մասունք մը։ Խոշոր, իրար հիւսուած տառեր՝ ճերմակ փայլուն թուղթի վրայ։ Վազեցինք «Սուրհանդակ»ի տպարանը, իբրեւ ամէնէն վստահելին, քանի որ տունի տղայ կը համարուէինք հոն։ Տէր եւ Տնօրէնը, Տիգրան էֆէնտին (Ճիվէլէկեան) մեռած ըլլալով, պատասխանատու վարիչ նշանակուած էր ազգ. բաժնի լրաբերը, Յակոբ Վարժապետեան, միեւնոյն ատեն խմբագիր հայատառ թրքաբարբառ «ճէրիտէ»ի։ Դժբախտաբար հոն չէր։ «Տուն գնաց», ըսին, կարճ կապելով։
       Գեղամը տպարան ձգելով, ես վազեցի Յակոբին տունը, կէս ժամ հեռու, - Եէնի Գափու։
       Խելօքիկ մարդ, Վարժապետեան տեսակ մը խնամակալ դարձած էր ինծի, երբ անփորձ պատանի մըն էի։ Բայց շուքէն կը վախնար։ Արդէն հին գլուխ, Սահմանադրութեան հռչակումէն ի վեր աւելի կասկածոտ էր դարձած։
       Հեւ ի հեւ ներս մտնելով, անմիջապէս բացատրեցի միտքս եւ պահանջեցի, որ միասին տպարան երթանք, նոյն գիշերն իսկ տպել տալու համար Յայտարարութիւնը։
       Ձեռագիրը եւ ստորագրութիւնը հազիւ տեսած, Վարժապետեան դեղնեցաւ, սկսաւ դողալ եւ ճչաց.
       - Խենթեցա՞ր, տղայ, գլխուս փորձա՞նք պիտի բանաս. անկարելի՛ է…
       - Դուն լուր չունի՞ս աշխարհէն, Սահմանադրութիւն, ազատ մամուլ… Չկարդացի՞ր Կայս. Իրատէն։
       - Կարդացի, կարդացի, բայց ես պաշտօնական լուրերէն դուրս բան չեմ տպեր. ամենեւի՛ն… քեզի ալ խորհուրդ կուտամ, որ ուրիշ տպարան չտանիս, դուն տակաւին չօճուխ ես. խելքդ չի հասնիր…
       Կրակ կտրած էի, առաջին փորձին իսկ ձախողանքի հանդիպելով։ Այն ալ բարեկամի մը առջեւ։
       Ի՞նչպէս թէ ոչ… Կարելի՞ է ընդդիմանալ Յեղափոխութեան, յեղափոխականի կամքին, երբ Թուրքերն անգամ «Կոմիտէճի» դարձած են եւ Եըլտըզի գահը կը սարսի ընդհանուր ցնցումէն…
       - Յակո՛բ, այս Յայտարարութիւնը պիտի տպուի. կարճ խօսք։ Դուն պատասխանատու չես, երկտող մը գրէ գրաշարին եւ մեքենավարին, ես կը կարգադրեմ։
       - Չե՛մ կրնար, մի՛ պնդեր։
       - Եթէ մէկը ատրճանակը բռնէ գլխո՞ւդ… (ատրճանակը գրպանէս հանելու ձեւ մըն ալ փորձելով)։
       - Գլուխս ալ կտրէք, չեմ կրնար, վէսէլա՛մ… Ոչ ես կուգամ, ոչ թուղթ կուտամ. տպարանն ալ կը գոցեմ։ Ահա վերջին խօսքս…
       Ճաթիլը բան մը չէր։ Բայց ճաթելու կամ «ղալմաղալ» հանելու ժամանակ չէր։ «Այս գիշեր պիտի տպենք եւ վաղը պիտի ցրուենք»։ Յետոյ կը տեսնուինք այս «հակայեղափոխական»ին հետ…
       Վերադարձայ Գեղամին պատմեցի անցուդարձը, փրփուր տեղալով։
       Իրիկուն էր արդէն։ Ո՞ւր կրնայինք դիմել, ուշ ատեն։ «Այս գիշեր պիտի տպուի»…
       Ճիվէլէկեան տպարանին դիմացը, պարսիկ թէյավաճառին մօտ, կարծեմ ճիշդ այն շէնքին մէջ, ուր յետոյ Եփրատ գործակալութիւնը բացուեցաւ, կը գտնուէր փոքր տպարան մը։ Տէրը, Կեսարացի երիտասարդ մը, որ ամէն բանէ առաջ գործ կը փնտռէր, յանձն առաւ գիշերանց մեր աչքին առջեւ շարել, տպել տալ եւ յանձնել, պայմանաւ, որ իր ուզած գինը վճարէինք։
       - Փատիշահըմ չօք եաշա՜։ Եւ գործի սկսան։
       Ուզած գինը 150 կամ 180 ղրուշ էր։ Կանխիկ վճարեցինք, տաքուկ, պատուական թէյ մըն ալ հրամցուցինք, որպէսզի տաք սրտով աշխատին եւ հասցնեն։
       Ո՛վ որ տեսած է Ակնունիի գիրը, ան միայն կրնայ ըմբռնել խեղճ գրաշարին կրած չարչարանքը։ Մենք իսկ զօրութեամբ կը հասկնայինք շատ մը բառեր եւ գրաշարին գլուխը կեցած՝ տուն կուտայինք։
       Շարելը վերջացած պիտի ըլլար մինչեւ կէս գիշեր, բայց հազիւ լրացաւ կէս գիշերէն երկու ժամ վերջը, բազմաթիւ սրբագրութիւններով։ Յետոյ յանձնուեցաւ տպագրութեան, միշտ մեր աչքին տակ։ Նոյնիսկ տպագրական մեքենան դարձուցինք փոխն ի փոխ։ (Ելեկտրական շարժանիւը արգիլուած էր)։
       Երբ ամէն բան վերջացաւ, լոյսը բացուած էր արդէն։ Քանի մը ժամ քնանալէ վերջ, գործի սկսանք։
       Յայտարարութեան մէկ մասը Եզնիկը ցրուել պիտի տար հայաշատ թաղերու մէջ, մնացեալը Գեղամն ու ես պիտի ցրուէինք ամէնէն բանուկ հրապարակին՝ Կամուրջին վրայ։
       Եւ ահա Կամուրջին երկու ծայրերը բռնած ենք, իրիկուան դէմ. Գեղամը՝ Պոլսոյ կողմը, ես՝ Ղալաթիոյ կողմը։
       Թուղթերը հալեցան կէս ժամուան մէջ։
       Յայտարարութեան բովանդակութի՞ւնը։ Դժբախտաբար աչքի առջեւ չունիմ։ Բայց դժուար չէ գուշակել, յիշելով ա՛յն օրերը, - Սահմանադրութիւն, ժողովրդապետական կարգեր, տարրերու համերաշխութիւն։ Անկցի՜ բռնակալութիւնը։
       Յայտարարութեան տակ, իբրեւ ստորագրութիւն՝ դրուած էր «Հ. Յ. Դաշնակցութիւն Պոլսոյ Պատասխանատու Մարմին»։ Ուրեմն անդամներէն երկուքը արդէն Պոլիս կը գտնուէին, իսկ երրորդը՝ Ռուբէն Զարդարեան, «Ռազմիկ»ով զբաղած էր Ֆիլիպէի մէջ։
       Ահա նաեւ Զարդարեանը, - տաքարիւն երիտասարդ մը երկայնահասակ, պոմպէ գլխարկով։ Տղաքը շրջապատած էին արդէն եւ երբ ամէնէն վերջը զիս գտնելով ներկայացուցին իբրեւ «Ռազմիկ»ի թղթակիցը, «Ըմբոստ-Բարբարոս», Զարդարեան զարմացաւ, իր դիմացը գտնելով անծանօթ խլէզ մը։ Ինք մինչեւ վերջը կը կարծէ եղեր թէ Արամ Անտոնեանն է թղթակիցը։
      
       *
      
       Մինչ մերինները, գլուխ թէ շարք, Պոլիս կը հասնէին անշշուկ, երկու հանդիսաւոր ընդունելութիւններ սարքուած էին, ի պատիւ երկու ականաւոր տարագիրներու, Իզմիրլեան Պատրիարք եւ իշխան Սապահէտտին։
       Երկու առիթներով ալ մասնաւոր նաւեր վարձուած էին, որոնք մինչեւ Տարտանէլ գացին, հիւրերը Պոլիս առաջնորդելու համար։
       Մենք ալ գլխու վրայ տեղ ունէինք, իբրեւ պատուակալ հիւր։ «Հրամեցէք, հրամեցէ՛ք, այստեղ աւելի հանգիստ կ’ըլլաք»։
       Իզմիրլեանը դիմաւորելու կ’երթանք։ Ցնծութիւն, երգ, նորօրինակ բացագանչութիւններ։ Ահա երեւցաւ շոգենաւը։ Խելայեղ ծափեր, «հուռռա՛», կեցցէ՜ Սահմանադրութիւնը, կեցցէ՜ երկաթեայ Պատրիարքը, կեցցէ՜ ազգը։ Կ’ըսես նաւն անգամ կ’ոստոստէ խանդավառութեան ալիքներուն վրայ։
       Բազմաթիւ ծանօթութիւններ հաստատուեցան երկու նաւերուն մէջ։ Նոյնիսկ մերիններէն շատերուն անունները նոր կը լսէինք։ Թերեւս տեսեր էինք, բայց լուր չունէինք թէ դաշնակցական են։ Միւսներէն առաջին անգամ ծանօթացուցին Վահան Թէքէեանը, որ այն ատեն Վերակազմեալ Հնչակեան էր, եթէ չեմ սխալիր, եւ հռչակաւոր Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեանը, Հմայեակ Արամեանց, որուն բարի գալուստի ճառը թիթեղի պէս կը հնչէր հեռուէն, երկդիմի ժպիտով մը։
       Մեզի՞ էր մնացեր ճառ խօսիլ, նոյնիսկ բարի գալուստի համար։ Ուստի այդ պաշտօնը յանձնեցինք Պալքանէն եկած տարեց ընկերոջ մը, Խաչիկ Ոստանիկեանի, որ գոց ըրած էր բոլոր բանաձեւերը։ Նոյնիսկ թուրքերէնի համար կրցաւ լեզու թափել, ճերմակերես հանելով մեզ։
       - «Մեր Պալքանի Կեդր. Կոմիտէն» կ’ըսէր ու կ’երթար ընկեր Խաչիկ, երբ առանձին կ’ըլլայինք, խումբ մը ընկերներով։ «Դուք չէք տեսած անոր պէս կազմակերպութիւն»…
       Իզմիրլեանի ընդունելութեան առթիւ, շոգենաւին մէջ լսեր էի, բայց ուշադրութիւն չէի ըրած։ Երբ ցամաք ելլելով կառքերու մէջ նետուեցանք եւ կառքերը Պատրիարքարանի շրջակայ փողոցներէն կ’անցնէին, մեր Երուանդը (Յովնանեան) ձայնը ձգած կ’երգէր.
       Կարկուտ տեղաց Խանասորայ դաշտումը,
       Ֆետայիներ Դաշնակցական վրէժխնդիր, գոռում են…
      
       Ո՛չ երգէն լուր ունէինք, ո՛չ դէպքէն։ Երուանդը կցկտուր կը պատմէր ու կը շարունակէր.
      
       Եամա՜ն Աստուած, ֆետան եկաւ, ո՞ւր փախչինք,
       Ասաց կրծքին սեղմած որդին լեղապատառ Քրդուհին…
      
       Հետզհետէ ուրիշ երգեր ալ սորվեցանք, - «Դաշնակցական խումբ», «Լուսին չկար», «Կռուեցէ՛ք, տղերք», «Տալւորիկ», եւ այլն, շնորհիւ Պուլկարիայէն եկած բանուոր ընկերներու։ Ոգեւորութիւնը այն աստիճանի հասած էր որ, իրիկուն մը, երբ անոնք զարմանազան պատմութիւններ կը պատմէին Պալքաններու մասին, Գում Գափուի մէջ, խենթ փափաք մը ունեցանք Ֆիլիպէ երթալու…քալելով։
       - Քանի՞ ժամ է Պոլսէն Ֆիլիպէ։
       - Տասնըութ ժամ։
       - Ուրեմն այս գիշեր ճամբայ ելլենք, վաղը չէ միւս օր կը հասնինք։ Տես, Գում Գափու էինք, խօսելով Մաքրիգիւղ հասանք։
       - Երեք օրէն ալ չենք հասնիր։
       Կը հասնինք, չենք հասնիր։ Շոգենաւով երթանք։ Երթանք, չերթանք, - եւ եղեւ առաւօտ.
      
       Անդրանիկը քաջ, իւր ընկերներով
       Կ’ուզէ պատերազմ, կը սպասէ գարնան…
      
       *
       Մեքենան կը բանէր արդէն։ Պատասխանատու Մարմինը՝ Բերա մասնաւոր բնակարանի մը մէջ. գրասենեակ մը Պոլիս, տեղական գործերու համար։ Քարտուղար նշանակած էինք Եզնիկը, որ կը զբաղէր օրն ի բուն։ Ջուրի ճամբայ էր դարձած Սէթեան խանի այդ պատմական սենեակը։ Ես կը մնայի դեռ գրագիր Պալենց գրատունը, երբ առտու մը հասան «Ռազմիկ»ի առաջին կապոցները։ Հասնիլն ու հատնիլը մէկ եղան, եւ խեղճ Պալենցը չկրցաւ քանի մը օրինակ ճարել, ծախելու համար։
       Ատեն մը վերջը թերթը դադրեցաւ, ես ալ ձգեցի գրագրութիւնը, որ այլեւս անտանելի կը դառնար, այս նոր յոյզերուն մէջ։ Արդէն անկանոն դարձեր էի, մէկ ոտքս Բերա, միւսը Սէթեան խան, հեւ ի հեւ։ Հոսանքն էր, որ կը վարէր մեզ եւ նոր ասպարէզներ կը բացուէին։ Այլեւս կարելի՞ էր ծառայել գրավաճառի մը շուքին տակ…
       Ճառերու շարքն սկսած էր արդէն, առաջինը՝ ողբացեալ Ակնունին, Ղալաթիոյ ժողովասրահին մէջ։ Բազմութիւնը խռնուած էր սրահին մէջ, սանդուղներուն վրայ, տարածուելով մինչեւ բակը եւ փողոցը։
       Երբ ատենախօսը բեմէն իջաւ որոտընդոստ ծափերու տեղատարափին տակ, վարը, բակին մէջ, վայրենի կանչեր կ’արձակուէին.
       - Դո՛ւրս ըրէք շունը, լրտես է, խաֆիէ՛…
       - Աս ան չէ, բարեկամ, կը սխալիք…
       - Ա՛ն է, ա՛ն, կը ճանչնամ, զարկէք…
       - Ես անմեղ եմ, կը պոռար ենթական, բոլոր ուժովը։
       Քիչ անդին ուրիշ հրմշտուք մը, եւ նոյն աղաղակները։ Իրար պիտի բզկտէին։ Ակնունի ստիպուեցաւ միջամտել, յորդորել եւ ցրուել, մինչ իրարանցումը կը շարունակուէր դուրսը, փողոցին մէջ։
       Իրիկունէ իրիկուն խմբական կամ հրապարակային ժողովներ, որոնց մասին նոր գաղափար պիտի կազմէինք։ Հրապարակային ժողովներէն մէկը գումարուեցաւ Գում Գափուի դուրսը, դպրոցին մէջ, առաջնորդութեամբ Գեղամին եւ Յակոբ Տէր Յակոբեանին, որոնք թաղեցի կը համարուէին։ Չեմ գիտեր որքան տեւեց տէր Յակոբեանի արձանագրուիլն ու քաշուիլը։
       Ո՜ւրկէ ուր, որոշուած էր, որ կիրակի օր մը ես ալ ճառ խօսիմ Սամաթիոյ մէջ։ Ազդն ալ տպեր էին օրուան թերթերուն մէջ (մենք թերթ չունէինք տակաւին, ո՛չ անհատական, ո՛չ ալ կուսակցական)։
       Ես՝ բանախօ՞ս, այն ալ Ակնունիի պէս հռետորի մը հետ… Ես որ արտասանութիւն մը անգամ չէի փորձած դպրոցին մէջ։ Դեռ հազիւ քանի մը խումբերու երեւցած էի, իբրեւ «ընկեր Բարբարոս», ինչպէս ծանուցած էին թերթերը։ Եւ մինակ ալ չէի։ Ուրիշներ կը խօսէին, ես ալ կ’օգնէի, «կարճ եւ ազդու» խօսքեր, բացագանչութիւններ արձակելով։
       Եւ սակայն որոշուա՜ծ էր։ «Կուսակցական պարտականութիւն է»։
       Քանի օրերը կը մօտենային, այնքան զգալի կը դառնար մտմտուքս։ Ակնունին լուր ղրկած էր եթէ շատ կը վախնայ, թող նախապէս գրէ, չի կարդար, սեղանին վրայ կը դնէ եւ կը հետեւի. Զօհրապն ալ այդպէս կ’ընէ։
       Երանի՜ թէ լսած չըլլայի այդ խրատը։
       Բանախօսութեան կիրակի առտուն Սկիւտար, Պէյլէրին պարտէզը նստայ եւ սկսայ գրի առնել խօսելիքս, մինչ Թէոդիկ իր սովորութեան համաձայն կը գրգռէր. - Գրէ՛ նայիմ, աչքիս առջեւ, ի՞նչ պիտի խօսիս։ Տասնըհինգ-քսան թուղթ լեցուցեր էի արդէն, անշուշտ վսեմ ոճով եւ ճախրասլաց երեւակայութեամբ։
       Երանի՜ թէ գրած չըլլայի։
       Կէսօրէն վերջը, ժողովասրահն ենք արդէն։ Բանախօսներէն մէկն ալ Թուրք էր, յանուն Օսմանեան համերաշխութեան։ Գրիգոր Մերճանով երգեցիկ խումբ մը կազմած էր, որ կը շրջէր թաղէ թաղ։ Հանդէսին բացումը կատարուեցաւ երգով մը.
       Յառաջ ընթանանք, եղբայրնե՛ր,
       Մարտի հրաւէր կարդալով…
      
       Մինչ վերջին տունը մարտագոռ կը թնդար, տարբեր աշխարհ մը փոխադրելով զիս ալ, յանկարծ բեմ հրաւիրեցին։
       Բեմը շտկուած էր բաց պատուհանի մը առջեւ։ Տրուած պատուէրին համաձայն, ճառը գրպանէս հանելով դրի սեղանին վրայ. ումպ մը ջուր խմեցի, եւ սկսա՜յ, իբրեւ թէ հետեւելով ձեռագրին, որպէսզի կապը չփախցնեմ։ Հէ՜յ, տնաշէն, առաջին թուղթէն հինգերորդը ցատկեր էի արդէն, եւ ահա, ճարտասանական շարժուձեւ մը փորձած ատենս, հովը թռցուց թուղթերէն մէկը։ Թէեւ ունկնդիրներէն մէկը բերաւ յանձնեց, բայց այլեւս վրան չնայեցայ։ Բոլոր թուղթերը գրպանս թխելով, ճառը շարունակեցի անգիր, 15 վայրկեան եւս։
       Ո՛չ ծափերը պակաս եղան, ոչ ալ «կեցցէ»ները, մինչդեռ ես արիւնքրտինք մտած, գունատ, վար կ’իջնէի բեմէն։
       Բարեկամներ դիտել տուին, երբ դուրս կ’ելլէինք.
       - Վերջին 15 վայրկեան խօսածդ, անգիրը, ամէնէն յաջողն էր։
       Այնուհետեւ ուխտեցի այլեւս գրի չառնել որեւէ ճառ, բացի այն պարագաներէն ուր անհրաժեշտ են մէջբերումներն ու փաստերը, - թիւ, թուական եւ այլն։ «Այսպէս նետուելով կա՛մ կը յաջողիմ, եւ կամ բոլորովին կը դադրեցնեմ ճարտասանական մարզանքները»։
      
       *
       - Թե՛րթ, թե՛րթ, մեր սեփական թերթը…
       Մենք մեզի կը խօսէինք, դուրսէն ալ կը խրախուսէին։ Իսկապէս անհրաժեշտ էր։ Կուսակցութեան մտաւոր ուժերը օրկան չունէին արտայայտուելու համար։ Ոչ- կուսակցական թերթերը կը տիրապետէին հրապարակին, - Բիւզանդիոն, Մանզումէ, Ժամանակ, Սուրհանդակ (նոր շրջան)։ Բայց տակաւին բարեացակամ էին։ Գեղամ «Մանզումէ»ին անցած էր, որ կ’երիտասարդանար։ Զարդարեան յօդուածներ կը գրէր «Ժամանակ»ի մէջ, պարզելով Դաշնակցութեան տեսակէտները։ Դաշնակցական հով մըն էր, որ կ’ուռեցնէր առագաստները։ Ապա ուրեմն տեղ կուտային նաեւ մեր բանախօսութեանց եւ ազդերուն, աւելի կամ պակաս յօժարութեամբ։ Տեսակ մը «բոլորտիքեան»…
       Ինչո՞ւ այնքան ձգձգուեցաւ «Ազդակ»ը, լոյս տեսնելով միայն 1908 Դեկտ. 16-29ին, Սահմանադրութեան հռչակումէն գրեթէ վեց ամիս վերջը։
       Զօհրապ օրաթերթ մը պիտի հրատարակէր, «Նոր Օր», խմբագրութեամբ Արամ Անտոնեանի, որ ամէնէն առաջ նկատի ունէր Գեղամը եւ զիս։ Յետոյ, երբ իմացաւ որ Դաշնակցութիւնն ալ օրաթերթ մը պիտի հիմնէ, ետ կեցաւ, թէեւ «Ազատամարտ»ը լոյս տեսաւ Սահմանադրութեան հռչակումէն գրեթէ մէկ տարի վերջը։
       Կուսակցութիւնը պէտք ունէր նաեւ գրատունի մը, իր հրատարակութիւնները տարածելու համար։ Այդ հոգը ստանձնած էր Լեւոն Ղարիպեան, եւ առաջարկեցին, որ ես ալ ընկեր ըլլամ։ Ես դժկամակեցայ, ընդունակութիւն չունենալով առեւտրական գործի։ Բայց առժամապէս համակերպեցայ, Հրատարակչական ճիւղը վարելու առաջադրութեամբ։
       Երկու ընկերներ 60ական ոսկի դրամագլուխ դնելով, բացինք «Արծիւ ժողովրդական գրավաճառանոց»ը, Մարփուճճըլար։
       Ո՞վ չի յիշեր այդ պատմական կրպակը, նպարավաճառի խանութի մը կից։
       Ոտքդ սեմին վրայ եւ արդէն խանութն էիր, կահաւորուած երկու թափթփած սեղաններով եւ քանի մը աթոռներով։ Եւ սակայն, ամբողջ պատմութիւն մըն էր այդ խանութը, կենդանի եւ բովանդակալից։ Երանի՜ թէ օրագիր մը պահած ըլլայի, եկող գացողներով, կատարուած ասուլիսներով, արձանագրուած յիշատակներով, բոլորն ալ վաղաժամ կորած…
       Գաւառէն եկողը հոն կը հանդիպէր, «Ազատամարտ»ի խմբագրատան բացումէն վերջն ալ։ Տեսակ մը կայարան կամ ժամադրավայր։ Իրիկուն մը Սեպուհն ու Մարզպետը եկան եւ կարծես փլան, տեսնելով խանութին խեղճութիւնը։
       - Ա՞ս է եղեր «Արծիւ»ը, Դաշնակցութեան ժամադրավայրը, որ այնքան հռչակ է հանած երկրի մէջ։ Մենք ալ կը կարծէինք թէ…
       - Այս՝ հիւպատոսարանն է, դեսպանատունը կը գտնուի Բերա, Համալ Պաշի։
       Գրատան ցուցափեղկերը զարդարուած էին Դաշնակցական հերոսներու մեծադիր նկարներով եւ խմբանկարներով, Աղբիւր Սերոբ, Գէորգ Չավուշ, Տարօնի առիւծը իր ձագուկներով, Խանի խումբը, Դումանի խումբը, եւայլն։
       Քիւրտ բեռնակիրներ, որոնք ահագին հակեր կը փոխադրէին մաքսատունէն, գրատան առջեւէն անցած ատեն դիտեր էին այդ նկարները։ Եւ յաճախ, բեռները վար դնելով ճիշդ խանութին առջեւ հանգստանալու համար - կուգային ցուցափեղկին նայելու։ Կը մատնանշէին աս ու ան, բաներ մը կը պատմէին իրարու, քիւրտերէն կամ թուրքերէն։
       Օր մը հետաքրքրուելով հարցումներ ուղղեցի մէկուն։ Մարդը վերէն վար չափելով զիս, պատասխանեց.
       - Դուն ի՞նչ գիտես, ա՜յ մարդ, ես երկու տարի ծառայեր եմ Սերոբ փաշային քով, ի՜նչ իկիտ, ի՜նչ իկիտ…Կինն ալ կը ճանչնամ։
       - Ես ալ Գէորգ Չավուշին երգը գիտեմ, էֆէնտի։
       Ու մէկ մէկ պատկեր ուզեցին։
       Անշուշտ բոլորն ալ այսպէս բարեմիտ չէին։ Մասնաւորապէս քանի մը հոգի կարծես ակռայ կը կճրտէին, պատկերները դիտած ատեն։ Բարեմիտ կամ չարամիտ, այս տեսարանը տեւեց երկար ատեն, մինչեւ որ գրատունը փոխադրուեցաւ յարակից խանին երկրորդ յարկը։
       Օրուան որեւէ ժամուն, շարժելու տեղ չկար խանութին մէջ. այնպէս որ սնտուկները յաճախ փողոցին մէջ կը գամուէին, եթէ օդը լաւ ըլլար։ Անընդհատ երթեւեկ։ Շարժանկար մը, որ առտուն կանուխ սկսելով կը տեւէր մինչեւ խանութին փակումը։ Շարժանկար մը հնչուն, աղմկալի, գունաւոր. բայց նաեւ համր, նշանացի, եթէ հարցը կապ ունէր կուսակցական խնդիրներու հետ։ (Շատ հեռու չէր Եզնիկին գրասենեակը եւ օրը տասն անգամ հոն կը վազէինք, հոն կը կանչէին)։
       Գրատունը կը ծառայէր նաեւ իբրեւ ճաշարան- սրճարան, մտերիմներու համար։ Հինգ վայրկեան անդին, հրապարակին վրայ կը գտնուէր նշանաւոր քէպապճի մը, որ համով հոտով խորովածներ կը բերէր մինչեւ խանութ, մածունով, լաւաշ հացով ևն. (եօղուրթլը, փիտէլի), բաժինը 100 փարայի։ Ամէնէն շատ Վահագնը կուգար, եւ միշտ երկու բաժին կ’ապսպրէր։ Յետոյ Սեպուհը, Մարզպետը, որոնց բնակարանը մօտ էր, Գում Գափու։ Ապա Վանի Արամը, որ Ժընեւէն վերադարձած էր եւ Օրտու կ՛երթար իբրեւ ուսուցիչ։ Շահրիկեանը, Զարդարեանը, Սիամանթօն, Մելոյեան, Ֆ. Ճէմիլ, Ժիրայր Բարթող, վերջապէս մենք ու մերոնք։
       Համոզուած կուսակից՝ տարրերու համերաշխութեան եւ նոր քաղաքականութեան, Արամ օր մը ճաշած ատեն բուռն վիճաբանութեան մը կը բռնուի ներկաներէն մէկուն հետ։ Այս վերջինը դիտողութիւններ կ’ընէ Դաշնակցութեան կատարած գործերու մասին, կ’աւելցնէ թէ Իթթիհատը Համիտը փնտռել պիտի տայ։ Մէկ խօսքով կը յայտնէ կարծիքներ, որ չէին համապատասխաներ օրուան կարգախօսին։ Արամ ուժգնօրէն հակաճառելէ վերջ, երբ խօսակիցը կը մեկնի, կ’ազդարարէ Լեւոնին.
       - Ո՞վ է այս ընկերը, որ այսպէս հակադաշնակցական կարծիքներ կը յայտնէ. պէտք է նրան պատժել յանուն կարգապահութեան։
       Լեւոնը կը բացատրէ թէ ընկեր չէ, այլ… Շ. ին հայրը։ Անկախ եւ պահպանողական։
       Գրատան առաջին մթերքը կազմուած էր Ժընեւէն եւ Թիֆլիսէն փոխադրուած գիրքերով։ Անշուշտ Պոլսոյ հրապարակէն ալ գիրքեր կը գնէինք, մասնաւորապէս դասագիրքեր. ինչպէս եւ Վիեննայի եւ Վենետիկի Մխիթարեաններէն։ Առեւտուրի մէջ ալ հետեւելով թունդ գաղափարական ուղղութեան մը, կը մերժէինք ծախել հակադաշնակցական գիրք եւ թերթ, նոյնիսկ տեւական յաճախորդներու։ Գաւառէն գրավաճառներ ունէինք, որոնք ընկեր չէին, այլ պարզ առեւտրականներ։ Ա՛յս գիրքը, ա՛յն գիրքը կ’ուզէին։ Պատասխանը. - Ո՛չ. դիմեցէք այնինչ գրատունը։
       «Դրօշակ»ի հրատարակութիւնները ջուրի պէս կը սպառէին, մանաւանդ Աղբիւր Սերոբ, Գէորգ Չավուշ , Վարանդեանի գիրքերը եւ այլն։ Անտանելի փորձանք մը դարձած էր Թիֆլիսի «Յառաջ»ին Մատենաշարը, մօտ 50 գիրք եւ գրքոյկ՝ նուիրուած «սոցիոլոգիական» (ընկերային) այլ մանաւանդ ընկերվարական հարցերու, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ թարգմանութիւն։ Թթու, թերխաշ, թխածոյ։ Մինչեւ այսօր ալ կարգ մը անուններ կը յաճախեն միտքիս մէջ,
       Ագրարային հարցը նոր Զելանդիայում, Ի՞նչ է իրաւական պետութիւնը, Ֆեդերալիզմ եւ դեմոկրատիզմ, Հող եւ կապիտալիզմ, Ո՞վ ինչով է ապրում, Ագրարային հարցը եւ գիտական Սոցիալիզմի տեսութիւնը, Բանուոր դասակարգի դրութիւնը Բելգիայում, Պրոլետարիատը եւ աշխատաւոր գիւղացիութիւնը։
       Այս հրատարակութիւնները կապկութիւն 1905ի ռուսական յեղափոխական շարժումին, ինչպէս որ սնտուկներով եկած էին, սնտուկներով ալ կը փոխադրուէին գաւառ, Սամսոնէն մինչեւ Սեբաստիա, Ամասիա կամ Տիգրանակերտ։ Եւ տարիներով կը մնային անվաճառ։ Ոեւէ գրավաճառ կամ գրասէր, որ շարքէն հատ մը թղթատած էր, այլեւս չէր հետաքրքրուեր մնացեալով։ Թէեւ իրապէս պիտանի հատորներ չէին պակսեր, ինչպէս Կովկասեան Վանդէան (Վարանդեան), Ֆեդերացիա (Խաժակ), Ազատութեան Ճանապարհին, (Ահարոնեան), Գորդեան Հանգոյցը . Վարանդեան), եւայլն։
       Արդէն «ընթերցող հասարակութիւն» մը կազմուած էր Րաֆֆիի գիրքերուն եւ Կովկասի վիպականգեղարուեստական գրականութեան համար։ Իրարու ետեւէ կը սպառէին Ա. Ահարոնեանի, Վ. Փափազեանի, Շիրվանզադէի, Ա. Իսահակեանի (Երգեր ու Վէրքեր), Լէոյի, Ծերենցի գիրքերը։ Կովկասեան հրատարակութեանց առաջին մթերանոցը եթէ Պալենցն էր, երկրորդը Արծիւը դառնալ սկսած էր։ 1911ին, երբ Թիֆլիսէն կ’անցնէի Կարին երթալու համար, ամենամեծ գրավաճառը, «Կիւթէմպէրկ»ի տէրը կը խոստովանէր թէ ամբողջ Կովկասի մէջ մէկ տարուան ընթացքին այնքան հայերէն գիրք չի ծախեր որքան կը ղրկէ Պալենցին կամ Արծիւին։ հարկէ հարցը դասագիրքերու մասին չէ)։
       Ահա այս խանութին մէջ էր, որ ծնաւ «Մատենաշար Ազդակ»ը, տասը հատոր գրականութիւն, իւրաքանչիւրը 2000օրինակ, - 1. Կարմիր լուրեր բարեկամէս, Սիամանթօ. - 2. Հաջի Բէգ, Վրթանէս Փափազեան. - 3. Ցեղին Սիրտը, Դ. Վարուժան. - 4. Ցայգալոյս, Ռուբէն Զարդարեան. - 5. Թայիս, Անաթօլ Ֆրանս. թարգմ. Շ. Մ. -6. Սանթօ, Վրթ. Փափազեան. - 7. Աբու Լալա Մահարի, Ա. Իսահակեան. - 8. Մայրը, Ղ. Մելոյեան. - 9. Վերժին, Լեւոն Շանթ. - 10. Պարտուածներ, Ա. Ահարոնեան։
       Ապա «Կարմիր Տետրակներ»ու շարքը. - 1. Մեր Հաւատամքը, Ատոմ . Շահրիկեան). - 2. Դրուագներ Սասունի Կռիւներէն, Սեպուհ. - 3. Նոր Կշիռ, Նոր Արժէքներ, Գեղամ Վրդ. ։ Տարբեր շարք մը՝ Ի՞նչ է ազգութիւնը, Գ. Խաժակ, եւայլն։1912էն վերջ կը սկսէր դասագիրքերու շարքը, Լուսաբեր ով, եւ հետզհետէ կը պատրաստուէին Ընդհ. Պատմութիւն (3 հատոր), Գ. Խաժակ, Պատմութիւն Գրականութեան . եւ Բ. հատոր), Վ. Փափազեան, Մանկական Աշխարհ, Մարզպետ, Թալիսման (հէքեաթներ), Բնապատմական հաւաքածոյ, Մ. Նալբանդեան, եւայլն, մինչեւ որ պատերազմը պայթեցաւ եւ տպուած պրակներն ալ փճացան ձեռագիրներուն հետ։
      
       *
       Ո՞ւր տեսեր էինք լսարան, ընթերցարան, Երիտ. Միութիւն։
       Աւագ ընկերներու, արտասահմանէն եկած բանգէտներու հարցնելով, ծրագիր-կանոնագիր մը թխած եղայ, որուն հիման վրայ բացուեցաւ «Րաֆֆի» լսարանը, Սկիւտարի մէջ։ Տակը սրճարան, վրան սրահ մը, որ կրնար պարտկել 80-100հոգի։ Այնուհետեւ իրարմէ օրինակելով բացուեցան ուրիշ լսարաններ, բոլոր հայկական թաղերուն մէջ։ Անշուշտ միւս հոսանքներն ալ ասպարէզ նետուած էին, առանց հաշուելու Կրթասիրացները, Բարեսիրացները կամ…Պարասիրացները։
       «Րաֆֆի»ն մէկ անգամէն դարձաւ հնոց մը։ Բանախօսութիւնները, մեծ հանդէսները կը սարքուէին Թէփէի թատրոնը կամ «Յառաջդիմական» Միութեան սրահը, որ կրնար 4-500 հոգի առնել։ Բայց փոքր հաւաքոյթներու եւ մասնաւորապէս դասախօսութեանց համար բաւական կը համարուէր Րաֆֆին։
       Երկար ատեն ամէն հինգշաբթի դասախօսութիւն կար, եւ ինծի համար ճիտի պարտք եղած էր դասախօս մը ճարել։ Եկող-գացող բոլոր ընկերները կարգով հանդիպեցան մեր լսարանը, բացի Ակնունիէն, որ առհասարակ չէր սիրեր դասախօսական սահմանափակ ժողովները։ Շատերը դասախօսեցին մէկէ աւելի անգամներ։ Սրահը այնքան կը լենար, որ սանդուղները անանցանելի կը դառնային եւ շատերը վարը՝ սրճարանը նստելով կը ջանային հետեւիլ։
       Պատահաբար կը յիշեմ շարք մը անուններ այդ շրջանի դասախօսողներէն. - Յովհ. Քաջազնունի, որ անդադար կը ծխէր, խօսած ատեն, Յ. Շահրիկեան, Ս. Զաւարեան, Ռոստոմ, Լ. Նազարեանց, Ռ. Դարբինեան, Ռ. Զարդարեան, Բ. Շահպազ, Մ. Վարանդեան, Մարզպետ, Մար, Զապէլ Եսայեան, Մելոյեան, Ներսէս Փափազեան, Խ. Պապայեան։
       Դասախօսութիւնները երկու տեսակ էին, - զուտ կուսակցական, այն ատեն սրճարանը կը պարպուէր, և ժողովրդական, երբեմն գեղարուեստական բաժինով։ Մասնաւորապէս բաց ու գոցի օրերուն արտօնութիւն կը տրուէր հարցումներ ուղղելու, եւ ահա բուռն վիճաբանութիւններ, որոնք մինչեւ փողոց կը տարածուէին։
       Այդպիսի վիճաբանութեան մը պահուն էր, որ Շահրիկեան հակառակորդը կը ճզմէր տրամաբանութեան խաղով մը։
      
       *
       Քանի մը ցիրուցան պատմութիւններ ու պատկերներ այդ համեստ բոյնէն.
       Օր մը Վարանդեանը հրաւիրած էինք հրապարակային բանախօսութեան, Յառաջդիմականի սրահին մէջ։ Գիշերը տեղի պիտի ունենար խնջոյք՝ մեր լսարանին մէջ։ Հանդէսէն վերջ պտոյտ մը՝ դէպի Ֆրէնկին լեռը։ Ընկերընկերուհիներ կ’երգէին ոչ միայն ազգայինյեղափոխական եղանակներ, այլ եւ Կոմիտասի դաշնաւորած երգերը, «Սոնա եար», «Երկինքն ամպել ա», «Կուժն առայ», եւայլն։ Վարանդեան, որ տարիներէ ի վեր հայերէն երգ չէր լսած, խորապէս խանդավառուած, ուզեց մասնակցիլ խնջոյքին։
       Ի՜նչ պատիւ։ Սակայն կրնա՞ր լուսցնել մեզի հետ։ Ամբարուած շիշերը - գարեջուր եւ գինի - պարպուեր էին արդէն եւ հարկ եղաւ նորէն ապսպրել։ Միքայէլը, հակառակ իր տկարութեան, ոչ միայն մնաց մեզի հետ, այլ եւ երգեց ու պարեց մինչեւ լոյս, վարակուելով երիտասարդական մթնոլորտէն։
      
       *
      
       Օր մը դասախօսելու կարգը եկած էր Բարսեղ Շահպազին։ Քիչ մը ուշացաւ։ Առհասարակ ես անձամբ կ’առնէի կը բերէի դասախօսները, նախ տուն հրաւիրելով։ Բարսեղ ուզած էր առանձին գալ, աւելորդ յոգնութիւն չպատճառելու համար։
       - Ինչո՞ւ ուշացաք։
       Միշտ շէնշող, Բարսեղ քիչ մը յուզուած կ’երեւար։
       - Ոչինչ։ Շոգենաւը փախցուցի։ Բերայի Շիտակէն կ’անցնէի, դասախօսութեան գալու համար։ «Քէյֆ»ի ընկեր մը հանդիպելով, խօսքի բռնեց։ Յետոյ առաջարկեց միասին անցընել գիշերը։ Բնականաբար մերժեցի, յայտնելով թէ ստիպուած եմ Սկիւտար երթալ եւ խօսիլ։ Ի՞նչ կ’ուզէք, որ պատասխանէ այսքան տարուան մտերիմս.
       - Կը հասկնամ, կը հասկնա՛մ. չես ուզեր կորսնցնել մէկ ոսկիդ…
       - Ի՞նչ մէկ ոսկի, բարեկամ։
       - Ճա՛նըմ գոնէ մէկ ոսկի խաշլըխ չե՞ս առներ, այդ ճառը խօսելու համար…
       Դասախօսութենէն վերջ ընկերական ժողով։ Նոր թեկնածուներ առաջարկուած էին։ Ընդունելէ առաջ, թեր ու դէմ կը խօսէին վարք ու բարքի, յարմարութեան մասին (եթէ թեկնածուն ներկայ էր, դուրս հանելով)։
       Բաւական երկար տեւեց երիտասարդի մը պարագան։ Տրամադրութիւնները նպաստաւոր էին, բայց բանուոր ընկեր մը կ’ընդդիմանար։ «Յարմար չէ», կ’ըսէր ու կը պնդէր, առանց յայտնելու պատճառը։ Ի հարկէ դիւրին էր կարճ կապել, առնելով մեծամասնութեան քուէն։ Բայց բանուոր ընկերը այնքան խորհրդաւոր ձեւ մը առած էր, որ մտածել կուտար։
       Ներկաները ճնշեցին, ես ալ կարծեմ սաստեցի։ Ու վերջապէս բանուոր ընկերը պարզեց գաղտնիքը.
       - Գէշ տեղուանք կ’երթայ…
       Ըսաւ ու նստաւ, գոյնը նետած։
      
       *
      
       Լսարանին աղն ու պղպեղը կը կազմէին երկու ընկերներ, մէկը Կովկասի մէջ թրծուած, միւսը կազինոյի մը մէջ հասակ նետած։
       Առաջինը Ազարիկ, շատոնց մեռած, երկրորդը՝ Ռոբովամ, զոր վերջին անգամ Գավալայի մէջ տեսած էի 1932ին, կաթուածահար։ (Յետոյ իմացայ, որ մեռած է Բ. աշխարհամարտի ընթացքին)։
       Ազարիկը Տրապիզոնցի էր, բայց Պաթումէն կուգար եւ մինչեւ վերջը զինք ճանչցանք իբրեւ Պաթումի Ազարիկ։ Միջահասակ եւ գիրուկ, զուարթ, համով հոտով պատմութիւններ կը պատմէր Կովկասի յեղափոխական կեանքէն, եւ մենք, բաղդատաբար թերխաշ, բերանաբաց կը լսէինք։ Մանաւանդ հետաքրքրութիւնը կը տաքնար, երբ Ազարիկ ժողովրդական լեզուով, այլ պատկերալից, կը նկարագրէր զանազան քաջագործութիւններ, - պետական մթերանոցներէ զէնք փախցնել, զինատար խումբեր կազմել, ահաբեկումներ կատարել, սահմանը անցնիլ, ցարական պաշտօնեաները քնացնել կամ կաշառել, եւայլն։ Այսքան տարի վերջն ալ, դեռ կը հնչէ իր թաւ, լեցունկեկ ձայնը.
       -Վախմասթերը գալիս էր, ասում էր, Ազարի՜կ…
       Իբրեւ ընկեր տեղաւորուած էր Ռոբովամի տունը, ինչպէս ուրիշ հայդուկ մը, Ադամ, ինչպէս դեռ ուրիշ ընկերներ աւելի վերջը։ Տեսակ մը հիւրանոց էր դարձած Ռոբովամի տունը։
       Բայց, ո՞վ էր այս տղան, որ մէկ անգամէն փայլեցաւ նոյնիսկ բեմի վրայ իբրեւ արտասանող։
       Զաւակը՝ գինեպանի մը, կէս ձգած Պէրպէրեան վարժարանը, նետուած էր գինետուն։ Սահմանադրութեան հռչակումէն քանի մը ամիս ետք, երբ Ս. Զաւարեան եւ Կ. Բասմաճեան Սկիւտար եկած էին քարոզութեան համար, Ռոբովամ ալ արձանագրուեցաւ 70-80 թեկնածուներու հետ, Պէյլէրին պարտէզը։
       Բաւական տարեց կ’երեւար։ Հագուած «ափաշ»ի պէս, մէջքին հաստ գօտի մը, կուրծքին վրայ ժամացոյցի շղթայ մը, որ աջ գրպանէն ձախ գրպանը կ’երկարէր։ Խօսուածքը՝ կարծր։ Հանրածանօթ ամբողջ թաղին մէջ։ Եթէ խմել սկսէր։ Երբ խմե՜լ սկսէր։
       Իր անցեալի մասին ստուգումներ կատարած ատեն, Տեղական Մարմինը իմացած էր թէ ժամանակին օգներ է Պատրիարքարանի գործակատար Տիգրան էֆէնտի Տ. Ներսէսեանի, պանդուխտ գաւառացիներ քշել տալու համար Պոլսէն։
       Անմիջապէս դատական ատեան մը, որուն մէկ անդամն ալ ես էի, դժբախտաբար։
       Ռոբովամ սրտբաց պատմեց ամէն բան։ Յանցանքը երեւութական էր։ Պարզապէս բարեխօսած էր անհատի մը համար։ Երբ մէկը քիչ մը բարակը փնտռել ուզեց, քրքրելով իր կեանքը գինետան մէջ, յանկարծ լաց մը բռնեց այս կարծրացած տղան։
       - Ի՛նչ կ’ուզեն ըսեն, ես Դաշնակցական պիտի ըլլամ. ես ալ կ’ուզեմ ծառայել ազգիս…
       Ու մինչեւ վերջն ալ մնաց հաւատարիմ կուսակցութեան ստանձնելով ամէն զոհողութիւն։ Հայրը շատոնց մեռած ըլլալով, միայն մայր մը եւ տուն մը ունէր աշխարհի վրայ։
       Ի բնէ ուշիմ, անմիջապէս կ’ըմբռնէր որեւէ հարց։ Մինչեւ անգամ կը վիճաբանէր գրոցբրոցներու հետ, պարզելով առողջ, հաստատուն տեսակէտներ։
       Հրապարակային հանդէսներու ատեն Ռոբովամն էր, որ կը ստանձնէր «պիւֆէ»ին կազմակերպումը։ Բայց նաեւ ինքն էր միակ արտասանողը կամ արտասանողներուն յառաջապահը։
       Ի՜նչ խոր զգացումով կ’արտասանէր Շուշանիկ Կուրղինեանի «Այդ մե՛նք ենք գալիս»ը, ինքն ալ իսկական բանուոր մը հագուստ կապուստով եւ կերպարանքով։ Հետզհետէ ուրիշ կտորներ ալ սորվեցաւ, «Յարգա՜նք քեզ», «Բագինի Փառաբանութիւնը», եւ այլն։ Բայց «Այդ մե՛նք ենք գալիս»ը եւ Ռոբովամը այնքան նոյնացած էին որ, մէկը յիշած ատենդ միւսը միտքդ կ’իյնար։
       Տարիներով Ենթակոմիտէի կամ լսարանի վարչութեան անդամ, Ռոբովամ կը մտնէր ամէնէն վտանգաւոր գործերու մէջ։ Յաճախ կը հարցնէր անհամբեր.
       - Ան չէ ամա, տահա շատ պիտոր պէքլէյե՞նք, ակռաներս թափիլ սկսան…
       Ընկեր մը ունէինք, խիզախ, որ հակառակ ճոռոմ կեղծանունին, բառերու հետ կը խաղար, երբ հարց մը վճռելու կ’ելլէինք։ Խօսք առնելով հանդիսաւորապէս կը յայտարարէր.
       - Սկզբունքով համաձայն եմ, բայց գործնականին մէջ՝ ո՛չ։
       Եւ ահա Ռոբովամը անդիէն.
       -Պօշ լաֆ մտիկ ընելու ժամանակ չունինք։ Էրիկ մարդու պէս ըսէ. համաձա՞յն ես, չէ նէ մի ռամկավարի պէս՝ հէմ ասանկ, հէմ անանկ…
      
       *
      
       1910 Զատկի երկուշաբթի առտուն Ռոբովամին հետ նստեր էինք Լսարանին առջեւ։ Սափրիչ Արշակը պատմեց թէ երկու Քիւրտեր վարչութեան անդամներուն կը սպասեն ներսը Միլլէթ Վէքիլի», ինչպէս կ’ըսեն իրենք։
       Երկու Քիւրտեր, «Րաֆֆի»լսարան, «Միլլէթ Վէքիլի»…
       Հազիւ ներս մտեր էինք, երբ երկու Քիւրտերը ոտքի ելան յարգանքով։
       - Հրամեցէք, հրամեցէք. տէրտ ունինք ձեզի եկանք. հապա ո՞ւր երթանք։ Ազատեցէք մեզի այս ճանավարին ձեռքէն…
       Ու պատմեցին թէ 150-200 բանուորներու կողմէ եկած են օգնութիւն խնդրելու, թէ բոլորն ալ նաւամատոյցը կ’աշխատին, սալայատակները նորոգելով, թէ շաբաթներէ ի վեր դրամ ստացած չեն։ Եւ վերջապէս ձեռնարկուն չարաչար կը շահագործէ զիրենք, պատառ մը չոր հացով օրը իրիկուն կ’ընեն, եւայլն։
       - Ճար մը, ի սէր Ալլահի, ճար մը, այլապէս արիւն պիտի թափի…
       - Երթա՞նք, Ռոբովամ, «Մշակ բանուոր, րէնչպէր ախպէր… աշխատանքի դատի պաշտպան»…
       = Երթա՛ևք, ինչո՞ւ չէ։
       Եւ ճամբայ ինկանք երկու Քիւրտերուն հետ, որոնք մինչեւ նաւամատոյց մէկ բերան պատմեցին գործին բոլոր մանրամասնութիւնները։
       Աշխատաւորները բան-գործ թողած, հաւաքուեր էին նաւամատոյցի մզկիթին բակը, խառնիճաղանճ աղմուկ մը յարուցանելով։ Երբ մենք հասանք հանդարտեցան, սպասելով մեր կարգադրութեան, իբրեւ «Միլլէթ Վէքիլի»։
       Երկուքս տեղաւորուեցանք ծառի մը տակ, մարմարիոնին վրայ։ Երկու քիւրտ պատուիրակները դէզ մը թուղթեր եւ հաշիւներ դիզեցին մեր առջեւ։ Կապալառուն կամ անոր ներկայացուցիչն ալ ուրիշ թուղթեր կը ցուցնէր։ Ես հազիւ կրնայի կարդալ արաբատառ թուրքերէնը, իսկ Ռոբովամի լեզուն կը բանէր շուկայի քերականութեամբ։
       Մինչ թուղթերը կը քննէինք, հասնողը բան մը կը պատմէր։ Հազիւ եզրակացութեան մը հասած, նոր պատմութիւն մը կը լսէինք։ Դրամ ստացողը, չստացողը իրար խառնուած էին։ Միեւնոյն մարդուն բան մը կը հարցնէիր երկրորդ անգամ ուրիշ պատասխան կուտար։ Քիչ առաջ, կ’ուրանար թէ 25 ղրուշ ստացած է, հինգ վայրկեան չանցած կուգար կը յայտնէր թէ ստացած է։
       - Սուտ է, աղա, չէ առած, վախէն կը ստէ… Առած եմ, դուն ալ առած ես, ան ալ առած է…
       -Վալլահի, պիլլահի, ես չեմ առած…
       Կապալառուն հաշիւ մը շինած էր, որուն համաձայն բանուորները ոչ թէ առնելիք, այլ տալիք ունէին։ Խեղճերը կարդալ գրել չգիտնալով, ո՛չ թուական գիտէին, ո՛չ ամսաթիւ, ո՛չ ալ թուանշան։ Վարպետորդիներ շատ մը բանուորներու առնելիքը գանձելով իւրացուցեր էին։ Երբ կը հարցնէիր թէ ո՛րքան պահանջ ունի, պատասխանը մէկ էր.
       - Չեմ գիտեր, աղա՛, Մստօն գիտէ, Հասօն գիտէ, Սլօն գիտէ…
       Կատարեալ թնճուկ։ Երթալով խրեցանք անելին մէջ։ Կէսօրը անօթի անցուցինք։ Օրը իրիկուն կ’ըլլար եւ տակաւին ծայրն էինք ծրարոց։
       - Այս ի՜նչ փորձանք բերինք մեր գլխուն, Ռոբովա՛մ…
       = Ուզենք, չուզենք պիտի վերջացնենք։
       Պահ մը նեղսրտելով երբ կը պատրաստուէինք հեռանալ, բանուորները սկսան աղաչել, քծնիլ, շողոքորթել։
       Հէ՜յ աշխարհ։ Այս նոյն մարդիկը չէի՞ն, որ հում հում կը ջարդէին «կեավուր»ները, մէկ հրամանի վրայ, այր, կին, կամ երախայ։ Գառնուկ են դարձեր, գառնո՜ւկ, եւ երկու երիտասարդ «կեավուր»ներու ոտքն ինկած օգնութիւն կը խնդրեն, - արդարութի՜ւն, իրաւունք…
       Կապալառուն անգամ իր պատեանին մէջ կծկուած, կը ջանար հաճելի դառնալ մեզի, պարտկելու համար իր զեղծումները։ Մինչդեռ ծուռ նայուածք մը, նշանացի պատուէր մը իր կուսակիցներուն, եւ մեր բանը բուրդ էր մզկիթի բակին մէջ, իրիկուան դէմ, ամբողջովին շրջապատուած Թուրքերով ու Քիւրտերով։
       Ի վերջոյ եզրակացութեան մը յանգելով որոշեցինք արդիւնքը հաղորդել թաղապետութեան «ըստ բաղձանաց ժողովրդեան»։
       Բազմութիւնը կ’ուզէր մեզի ընկերանալ մինչեւ թաղապետութիւն, որ շատ հեռու չէր։
       Յորդորեցինք, որ սպասեն մզկիթին բակը եւ միայն իրենց ներկայացուցիչները գան։
       Մենք ըսինք, մենք լսեցինք։
       Հազիւ ճամբայ ելած, կարաւան մը կազմուած էր մեր ետեւէն։ Բարեբախտաբար թաղապետութեան պաշտօնեաները բազմութիւնը կեցուցին արտաքին դրան առջև, իսկ մեր հանգամանքը ճշդելով ներս հրամցուցին, երկու քիւրտ ներկայացուցիչներու հետ։
       Սանդուղ մը վեր, դահլիճին առջեւ, պաշտօնեայ մը խնդիրը հասկնալով, ներս կը հրամցնէր միայն մեզ երկուքս։
       Մեր դիմացը կը գտնենք միջին տարիքով մարդ մը, նստած գրասեղանին առջեւ։ Կը պատմեմ խնդիրը խեցբեկ թուրքերէնովս։
       - Դուք ի՞նչ կապ ունիք այս Քիւրտերուն հետ։
       = Մենք Հայկ. Ակումբին վարչութեան անդամներն ենք. մեր աջակցութեան դիմեր էին. անհամաձայնութիւններ կանխելու համար պարտք սեպեցինք բարեխօսել։ Իրենց ներկայացուցիչները դուրսը կը սպասեն, կանչեցէք, թող պատմեն։
       - Պէտք չկայ, ես կը կարգադրեմ, հանգիստ եղէք։
       Եւ մարդը անգամ մը եւս պաղ պաղ մեր երեսը նայելով, ճամբեց սովորական արարողութեամբ։ Երբ դուրս ելանք, Ռոբովամ դիտել տուաւ իբրեւ եփուն մարդ.
       Խաթրդ չմնայ ամմա, քիչ մը պաղ գնաց։ Մարդը թաղապետական խորհուրդի նախագահն է, հէմ ալ փաշա։ Դուն «պէն» ըսիր գացիր, ո՛չ «պէնտէնիզ», ո՛չ «փաշա հազրէթլէրի» ո՛չ ալ «սայէի շահանէտէ»…։
      
       *
      
       Քանի որ կարգը եկաւ, պատմեմ ուրիշ ձեռնարկ մը եւս, իբրեւ «միլլէթ վէքիլի»։ Նուազ տոնքիշոթական եւ աւելի արդիւնաւոր։
       Ահարոնեանը հրաւիրուած էր բանախօսելու Պէշիկթաշի եկեղեցին։
       «…Ծուխը պալա՜ն պալա՜ն բարձրանում էր Ալաշկերտի հովտից, Բասենի դաշտից… Մենք տեսնո՜ւմ էինք, լսո՜ւմ էինք, եւ լալի՜ս էինք…»։
       Եկեղեցին բերնէ բերան լեցուած՝ կը հեւար յուզումէն եւ սքանչացումէն։
       Այս դողահար բազմութիւնը կրնա՞ր երազել անգամ արտասանութիւնը այդ բառերէն մէկն ու մէկին, Եըլտըզի քթին տակ։
       Բանախօսութենէն վերջը, երբ խանդավառութիւնը գագաթնակէտին հասած էր, ի դիմաց թաղեցիներու խօսք առաւ Յարութիւն Մկրտիչեան եւ ընկեր Ահարոնեանի միջամտութիւնը խնդրեց, բանալ տալու համար Պէշիկթաշի ազգ. գերեզմանատունը, որ փակուած կը մնար Համիտի հրամանով, մօտ 30 տարիէ ի վեր։
       Անմիջապէս ասպարէզ նետուեցանք նորընծաներս։ Եւ ահա նորէն դէպի Եըլտըզի պալատը, այս անգամ Լեւոն Ղարիպեանի հետ, քանի մը հոգի ալ՝ իբրեւ հետեւորդ, ընկերակցութեամբ Յ. Մկրտիչեանի։
       Սա՛ դուռը, ա՛յն դուռը։ Ա՛յս յարկը, ա՛յն սրահը։ Վերջապէս հասանք պալատի հրամանատարին դահլիճը, մինչ պահնորդները ապշահար կը նայէին։
       Այս անգամ ալ իբրեւ վկայական ունէինք նոյն բառը - «Դաշնակ»։ Հրամանատարը բարեացակամութեամբ լսելէ վերջ, անմիջապէս պատուէրներ ուղղեց առ որ անկ է։ Եւ գերեզմանատունը հանդիսաւորապէս բացուեցաւ, լոյս ցանելով թաղին վրայ։ Հասնողը գերեզման օրհնել կուտար։
       1916ին երբ ձերբակալուեցայ, առաջին հարցաքննութեան ատեն այս պարագան էր, որ կը յիշէր Րէշատ պէյ, Քաղաքական Բաժնի տնօրէնը.
       - Դուն Պէշիկթաշի երևելիներէ՞ն էիր կամ ազգին փոխանո՞րդը, որ Եըլտըզի պալատը գացիր, գերեզմանատան բացումը պահանջելու համար…
       Անմիջապէս կռահեցի թէ Յարութիւն Մկրտիչեանը պատմած պիտի ըլլայ, - ան որ նախ ուսուցիչ էր թաղին մէջ, յետոյ մուխթար եղաւ, ու վերջապէս դարձաւ պաշտօնական լրտեսը ոստիկանութեան, շանսատակ զարնուելու համար զինադադարին, իր նմաններուն հետ (1919)։
      
       *
       Թեւերը լայն բացած, Րաֆֆի Լս. Միութիւնը շարունակ հրապարակային բանախօսութիւններ կը սարքէր, գեղարուեստական բաժիններով։ Առաջին անգամ Ակնունին լսելէ վերջ, Սկիւտարի հասարակութիւնը դարձած էր դժուարահաճ։ Այնպէս որ, երբ յաջորդ բանախօսութիւնը Շահրիկեանը կատարեց, սկսան քրթմնջել.
       - Ա՛լ մարդ չունէի՞նք, որ այս չոր ու ցամաք փիլիսոփան բերիք…
       Շահրիկեանին նիւթն ալ չոր ու ցամաք էր, «Ի՞նչ է իրաւական պետութիւնը»։ Հասարակութիւնը ճա՛ռ կ’ուզէր, ճա՛ռ, «կեցցէ»ներ արձակելու եւ ծափելու համար։ Յետոյ, տակաւին չէր վարժուած իր լեզուին, իսկ ձայնը բնականէն տկար էր։
       Եւ սակայն այս «չոր ու ցամաք» մարդն էր, որ ամէնէն տաք մթնոլորտը կը ստեղծէր, պայքարի օրերուն։
       - Դուք երէ՞կ էիք ստում թէ այսօր։ Ես ձեզ ասում եմ, - ե՛ւ երէկ էիք ստում ե՛ւ այսօր…
       Չկար երեւելի մը, որ բեմ հանած չըլլայինք մեր թաղին մէջ, երբեմն քանի մը անգամ Ահարոնեան, Զաւարեան, Զարդարեան, Խաժակ, Զօհրապ, Վարդգէս, Վ. Փափազեան, Վարանդեան, Վռամեան, եւայլն։ Որոշած էինք առանձին գրքոյկներով հրատարակել կարեւոր բանախօսութիւնները եւ ուրիշ գործեր։ Իսկապէս ալ երեւցաւ առաջինը, Զօհրապի «Պատգամաւորի մը համարատուութիւնը»։ Երկրորդը պիտի կազմէր էջ մը Զաւարեանի կեանքէն։ Իսկապէս գրած էր առաջին մասը, ուր կը պատմէր թէ ի՛նչպէս տղայութեանը շառաչուն ապտակ մը կերած էր իր մօրեղբօրմէն, Հայերը եւ հայերէնը ծաղրելուն համար. ապտակ մը, որ իր փրկութիւնը եղած էր։ Մինչ կը սպասէինք անհամբեր, որ գոնէ սկսածը վերջացնէ, ձգձգեց, յետոյ ես Կարին գացի, եւ գործը մնաց կիսատ։ Հիմա կը զգամ թէ ո՛րքան յանցաւոր ենք, որ չբռնացանք աննման Զաւարեանին վրայ, գոնէ իր յուշերուն մէկ մասը գրի առնել տալու համար։ Ի՜նչ հարցեր լուսաբանուած պիտի ըլլային։
       (Զաաւարեանի այդ ձեռագիրը մասունքի պէս պահած եւ Փարիզ բերած ըլլալով, հրատարակուեցաւ «Դրօշակ»ի մէջ)։
       Խանդավառութեան, տենդագին աշխատանքի օրեր, այդ շրջանին ո՞վ կը մտածէր Յուշերու մասին։ «Միշտ ալ ժամանակ ունինք»։
       Այս տեսակէտէն շատ աւելի անհոգ, անողոք էր միւս աննմանը, Ռոստոմ։
       Նախ, Ռոստոմ գրեթէ միշտ կը մերժէր ճառ խօսիլ կամ յօդուած գրել։ Հաճութեամբ կը ներկայանար յետին ընկերական ժողովին, դասախօսութեան համար, ըլլային իսկ 1520 հոգի։ Յետոյ, չէր ուզեր, որ տպուին իր խօսածները։ Կը նստէր սեղանին առջեւ- յաճախ բեմ ալ չէր ելլեր - ու կը սկսէր. - «Մի անգամ, Թաւրիզում…»։ Կամ, - «Երբ մերոնք Վանում…»։
       1912, Կարին։ Սգահանդէս Եփրեմի մահուան առթիւ։ Ռոստոմը յանձն առած է ստանձնել բանախօսութեան գլխաւոր բաժինը։ Ի՜նչ բախտ։ Արթուն ընկերոջ մը պատուիրեցի ամբողջովին գրի առնել ճառը, որքան որ կարելի էր, առանց սղագրութեան։
       Բովանդակալից ճառ մըն էր եւ կը պարունակէր այնպիսի պարագաներ, դէպքեր, որոնք նորութիւններ էին մեզի համար։ Հում նիւթեր պատմութեան համար։
       Տղան ամբողջութեամբ գրի առած բերած էր։ Անմիջապէս յանձնեցի գրաշարին, յաջորդ թիւին համար։ Բռնած էր թերթին ամբողջ մէկ էջը։
       Ռոստոմ սովորութիւն ունէր շաբաթը քանի մը անգամ խմբագրատուն հանդիպելով օրուան անցուդարձին տեղեկանալու։ Այդ երկուշաբթին ալ եկաւ եւ իր սովորական բարութեամբ հարցուց. Ի՞նչ նորութիւն կայ վաղուայ համարին մէջ։
       Տղու մը խանդավառութեամբ ներկայացուցի ճառին պատճէնը, Բ. էջին վրայ։ Բ. եւ Գ. էջերը տպուած էին կէս առ կէս։ Միեւնոյն ատեն խնդրեցի, որ եթէ սխալներ կան, սրբագրենք։
       Շարուածը տեսաւ թէ ոչ, Ռոստոմ լուրջ շեշտ մը առնելով, յայտարարեց.
       - Աւելորդ բան էք արել. չարժէ տպել. ոչ, ոչ, ցրեցէք։
       - Բայց, ընկեր Ռոստոմ, մեղք է, մէկ մասը տպուած է արդէն…
       - Ասում եմ ոչնչացրէք, չարժէ…
       Ի զո՜ւր փորձեցի համոզել։ Ինք անձամբ տպարան իջնելով, պատուիրեց գրաշարին, որ ցրուէ։ Կիսովին տպուած բոլոր թերթերը ոչնչացուցինք։
       Եւ Ռոստոմը չունեցաւ ոչ իսկ փշուր մը յուշ, իր բազմավաստակ եւ բեղուն կեանքէն։
       Արամն ալ, որ ապագային Վանի եւ Երեւանի անկախութեան հիմնադիրը պիտի հանդիսանար, մէկ անգամ պատեհութիւն ունեցաւ բանախօսելու Թէփէի թատրոնը։ Բոլորովին անակնկալ։
       Բանախօսութիւնը սարքուած էր ի նպաստ Սասունի (մեղու եւ փեթակ, համաձայն Զաւարեանի ծրագրին)։ Պիտի խօսէին՝ Ա. Ահարոնեան եւ Գ. Խաժակ, ինչպէս յայտարարուած էր «Ազատամարտ»ի մէջ եւ մասնաւոր թռուցիկներով։ Մուտքը՝ 2 ղրուշ։ Ասեղ ձգելու տեղ չկար։
       Ինծի պարտականութիւն յանձնուած էր Բերայէն Սկիւտար առաջնորդել Ահարոնեանը։ Կանուխ գացած էի, եւ ափ ի բերան մնացի, տեսնելով, որ ընկերը վճռապէս կը մերժէ գալ եւ բանախօսել։ Մէկ երկու ընկերներ ալ կային հետս։ Ինչ որ ըրինք, անօգուտ։ Սկիւտարէն հեռախօս. Պիտի գա՞յ, ճամբայ ելա՞ծ է։
       Ուրիշ երկու պատգամաւորներ ալ ղրկած էին։ Իսկ մենք ասդին վերջին փորձ մը կատարեցինք, դիմելով Շահրիկեանի միջամտութեան։
       -«Մի՞թէ», գոչեց ընկերը և դուրս ցատկեց Ահարոնեանին երթալու եւ համոզելու համար։
       Դարձեալ անօգուտ։ «Հիւանդ եմ», կ’ըսէր Ղարիպը ու կը կրկնէր. - «Չե՛մ կարող, չեմ կարող»։
       Հոգեվարք էլ լինես պէտք է գնաս, պնդեց Շահրիկեան։ Չի կարելի խաբել ժողովուրդը։
       Յանկարծ տեսանք, որ երկուքը մէկ դուրս ելան։ Մենք ալ միասին, սրտատրոփ։ Երկուքը առաջ անցած, կը խօսէին տաքտաք։ Ուրեմն պիտի գա՞յ։
       Թոքաթլեանի առջեւ հասած, կառք մը կը փնտռէինք, երբ Ահարոնեան սրահէն ներս մտնելով գնաց նստաւ պատուհանին առջեւ։ Շահրիկեան դեռ կը ջանար համոզել. թէեւ ժամանակը անցած էր արդէն։ Ի վերջոյ եկաւ յայտնել յուսահատ. - «Չի ուզում գալ»։
       Անդին, հանդէսին կազմակերպիչները Խաժակէն վերջ բեմ հաներ էին Արամը անծանօթ մը իրենց համար որ կրակ ու բոց ճառ մը խօսած էր, զարմացնելով բոլորը։ Բայց, բեմէն հազիւ իջած, սաստիկ յօդացաւ մը անշարժութեան կը դատապարտէր սրունքները։ Ճարահատ կառք մը դնելով փոխադրեր էին մեր տունը, ուր քանի մը օր մնաց, մասնաւորապէս վայելելով Օր. Սաթենիկ Օհանջանեանի խնամքը։
      
       *
      
       - Մեծն Տիգրա՜ն, Արտաշէս աշխարհակալ, Վարդան Մամիկոնեան, Հայկական Զինանշա՜ն, ընտիր թուղթի վրայ, շատ աժան…
       - Հայաստանի շքեղ քարտէսը։ Սպառելու մօտ է, օգտուեցէք առիթէն…
       - Լեւոն Լուսինեան, Կիլիկիոյ Հայոց թագաւորներուն հարազատ պատկերները։
       Ո՞ւր չէինք լսեր այս կանչերը, Սահմանադրութեան հռչակումէն ի վեր։ Նոյնիսկ երբ կեղծ համբոյրները շուտով մոռցուած էին, Կիլիկիան ջարդուած էր եւ նոր նախճիրներ կը խմորուէին, Պալքանեան պատերազմին առթիւ (1911-1912)։
       Չաքմաքճըլարի գրավաճառները չէին բաւեր, իրենց պոռոտ ցուցափեղկերով. շրջուն փերեզակներ ալ ման կուգային բոլոր հայկական թաղերուն մէջ, եկեղեցիներու կամ հանդիսավայրերու առջեւ, Հայոց թագաւորական փառքերը ծախելու համար, աժան աժան։
       Ուրիշ քմայք մը, - Ամերիկայէն հասնողը գրպանը պատրաստ կ’ունենար «քոլտ» ատրճանակ մը։ Սկիզբները մարդիկ չտեսնելու կը զարնէին. բայց հետզհետէ օղակները պրկուեցան։ Զինակիր ուղեւորները կ’առաջնորդուէին ոստիկանութեան բանտը։ (Երբեմն ալ միայն զէնքը կ’առնէին)։
       - Ընկեր Վարդգէս, Ամերիկայէն երեք ընկերներ եկեր են այսօր, ոստիկանները ձերբակալեր տարեր են։
       - Ընկեր Վարդգէս, Ամերիկայէն եկած տասը Հայերու ատրճանակները գրաւեր են։ Ճա՛ր մը…
       Ողբացեալ երեսփոխանին համար ջուրի ճամբայ դարձած էր Պոլսոյ կեդրոնի հրամանատարութեան պաշտօնատունը։ Միշտ ալ գործնական ելքի մը կը յանգէր դիմումը, շնորհիւ կուսակցութեան վայելած վարկին եւ Վարդգէսի պերճախօսութեան։ Բայց օր մը Ճէմալ փաշա դիտել տուած էր.
       - Ամերիկայէն ճամբայ ելեր եկեր են, աղէկ. բայց այս ատրճանակնե՞րը ի՛նչ են. զինարա՞ն պիտի կազմեն։ Մարդիկը կ’արձակեմ, բայց զէնքերը վար պիտի դնեմ. ա՛լ չափը անցաւ…
       Վարդգէս ինքն ալ ձանձրացած էր, երկուքը մէկ բերան ծռելուն համար։ Եւ սակայն, - «Ընկեր Վարդգէս, պատիւի խնդիր է կուսակցութեան համար»: - «Վարդգէս էֆէնտի, ո՞տքդ պագնեմ, մենք ալ ազգի զաւակ ենք»։
       Ինչո՞ւ ծածկել. մինչ հայկական ճակատին վրայ ցուցադրական գործունէութիւնը, շռինդն ու յոխորտանքը լայնօրէն կը ծաւալէին, կը գունաւորուէին առանց կուսակցական խտրութեան, Թուրքերը լուռ ու մունջ կը բանէին։ Անոնք իրաւագիտական դասեր կը քաղէին նոյնիսկ մեր կեանքէն, փորձառութենէն, գործունէութենէն, բարեփոխելու, վերակազմելու համար իրենց հանրային կեանքը։
       Ճէմալ փաշա (այն ատեն պէյ) երբ Սկիւտարի կառավարիչ էր, յատկապէս խնդրեց «Րաֆֆի» Լս. Միութեան ծրագիր-կանոնագիրը, թրքական ակումբ մը բանալու համար նոյն հիման վրայ։ Եւ իսկապէս ալ բացաւ, - «Թէգալլիւմ Քլիւպի», խնդրելով մեր աջակցութիւնը։ Նոյնիսկ առաջարկելով միացում։
       - Մերինները շատ ետ մնացած են. սորվելու, զարգանալու պէտք ունին, ձեր օգնութեան կը կարօտին…
       Բանաստեղծ Մէհմէտ Էմին պէյ երբ Կարինի կուսակալ էր, 1912ին, ամբողջովին թարգմանել տուաւ Ահարոնեանի «Ազատութեան ճանապարհին»ը։ Գործը յանձնած էր կուսակալութեան թարգմանին. - Պոլսեցի հայ էֆէնտի մը, որ պաշտօնական թուրքերէնի մը շողշողանքովը կը պարտկէր իր գիտցած հայերէնին չքաւորութիւնը:
       - Այդ մարդը գրականութենէ չի հասկնար. իր գործը չէ այս թարգմանութիւնը:
       - Գիտե՛մ, գիտեմ. հոգ չէ. ես կը հասկնամ. թող միայն իմաստը բացատրէ։ Մենք չունինք այս տեսակ ազգային, հայրենասիրական գրականութիւն. կ’ուզեմ ես ալ մշակել «Հիւրրիյէթ Եօլունտա» մը։
       Եւ մշակեցին, գետն ալ, արտն ալ, կէս ճամբան ձգելով մեզ։
       Մինչ անոնք իրենց աչքերը չորս բացած կը զննէին մեր հետքերը, մենք թուրք մամուլին վրայ կը նայէինք պարզապէս իբրեւ լուրի աղբիւր։ Պարբերակա՞ն, ընկերային եւ քաղաքական ուսումնասիրութի՞ւն, հին կամ նոր գի՞րք, - այո՛, կողմնակի մարդիկ, քանի մը վարժապետներ երբեմն թղթատած կ’ըլլային հատընտիր հաւաքածոյ մը, բանաստեղծութեանց գիրք մը, իրենց արհեստին բերումով կամ իբրեւ ժամանց։ Մնացեալը, գրոց-բրոցներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը այնքան բան գիտէր դրկից ժողովուրդի ներքին, ազգային-ընկերային խմորումներու եւ յղացումներու մասին որքան փարիզեան մեծ օրաթերթի մը խմբագիրները՝ հայկական գաղութի վրայ։
       «Թուրքը մարդ չըլլար»։ Մինչեւ այսօր ալ մեր պիտանի եւ անպիտան գիտելեաց շտեմարանին վրայ կախուած կը մնայ այս պսպղուն «պոնճուխ»ը, իբրեւ չարխափան։
      
       ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ. - Յուշերու տետրակը կը վերջանայ այստեղ, - ափսո՜ս, անաւարտ։