Արձակ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
5. ՈՐԹԻՆ ՏԵՐԵՒԸ
       * կը թօթուէ ու քըւքըւալով կ'անցնի այգեստանին մէջէն , ուր խաղողի զգլխիչ բոյրը, գինիին նախերգանքը, ու ցորեկուան արեւին եղկ շոգոլին կը բարձրանան:
       Հեռաստանին մէջ հարսենի, գեղանի լեռը նստեր է տարփատենչիկ շարժուձեւերով, մշուշի տարտամօրէն յոգնաթոյր քցափ մը ուսն ի վեր կ՚իջնէ. զոյգ մը ծառեր թխլիկ դաստակներու պէս արեւակէզ իրաննին կ՚երկարեն, եւ իրենց տերեւուտքը կը բացուի. լերան դալար ափն է ան, ուր ահա՜ լիալուսինը կը զետեղուի, շառագոյն, նրբարուեստ հողմահարի մը պէս՝ որ հետզհետէ կ՚երփներփուի` ոսկեթոյր, խնկաթոյր, քրքում ու արծաթ:
       * մը մշկենի ալիքը կը ծփծփայ, ու պտղառատ լիաբերրի հողին արգաւանդ ծոցը կ՚ուռի, գոյութեան եթերածին երակ մը անդադրում կը բաբախէ. ա՜հ, վայրկեանին քաղցրութիւնը։
       Գիւղ կը դառնամ. ատեն֊ատեն կը շոյեմ ճայիկիս բաշը՝ որ լուսնի ծիածանումին մէջ կը փալփլի, ան սուրալով կ'անցնի դեղնորակ ճամբաներէն, փոշիէ ուրուանկարներ յօրինելով. ատեն֊ատեն սանձը կը քաշեմ, ու կը կենայ. պահին գեղեցկութիւնը շարժումի գաղափարը կը մոռցնէ, ու տիեզերքի սրտին մէջ բաբախող րոպէներուն ու վայրկեաններուն զարկը ա՛լ չի զգացուիր. ամէն ինչ իր սքանչացումին մէջ կ'արձանանայ, հովը, ծաղիկը, տերեւը, մարդը, ո՜հ, վայրկեանին երանութի՜ւնը:
       Շրջանկարը կը դիտեմ անկշտում. գիւղակները մանուկներու պէս նստեր են բլրակներու ծունկին, հովիտներու գոգը, կամ գետին քղանցքին մօտ. զաւակներ՝ զոր արգասաւոր ամոլ մը ցանցներ է հոս֊հոն: Ահա՛ հեռուներէն սպիտակ իրան մը կը ցցուի, կ՚ուռի * հովիտին աղջի՜կն է, գե՜տը, իմ սիրականս, իմ տարփուհիս՝ որ լուսինէն արծաթէ թռաններ կը քաղէ իր ծփանուտ քղանցքին համար: Բայց պահը անցաւ, ու ես ձիս խթանելով կը յառաջանամ, վայրկեանիկ արձանիկ դադարէն վերջ, ուր յաւիտենականութիւնը կը մղուէր, կը խտանար, հիմակ աշխոյժով կը լսեմ դարձեալ իրերուն ձայնը, կեանքին աղաղակը, րոպէներուն ուժգին զարկը:
       Դեռ չհասայ, տափաստանը այնքա՜ն ընդարձակ է, այնքա՜ն ծայրածաւալ, որ գաւազանի չափ երեւցող ճամբան առաձիգ, քմահաճ, ոլորուած տրէզի պէս հետզհետէ կը քակուի, կ՚երկննայ։։ Ճամբուն վրայ ալոճիներու, ընկուզիններու պզտիկ կայաններ կան, շուրջս այգիները, այգիները, անվե՛րջ այգինե՜րը. որթի տերեւներ ամէ՜ն կողմ. գետնին վրայ ու կապտորակ օդին մէջ ալ որթի խնկագոյն տերեւներ. դիմացս, ետիս, գլխուս վրայ. շուրջս, ամէն դի անրջային թիթեռնիկներու պէս պարանցիկ կը դառնան. ի՜նչ երազի մէջ եմ: Ու այս տերեւի բոյլերուն մէջ, հեռո՜ւն, հա՜տ մը, գեղեցիկ, հսկայական, լուսաշող, շեշտ կը նկարուի, իր դրասանգներուն շուրջը բիլ երիզ մը կը պտուտքի ու իր երակիկները, մեղրամոմի պէս տժգոյն, իր դալար ծոցին մէջ կը խաղան. տեղ֊տեղ հրանիւթ կայծեր, ոսկի աչքեր կը քթթին. կոթունը փոշեգոյն, պիրկ կը շեշտուի. ես այդ տերեւին եւ այդ տեսիլքին կ'երթամ գրկաբաց, ու ինքն ալ ժպտուն, խանդաղատ ինծի կը սպասէ, զի՜ս կը կանչէ կարծես. ա՜հ, ի՜նչ երազի մէջ եմ։
       * ու կը բարձրանամ փոշեգոյն կոթունն ի վեր, կաթոգին սրտազեղ. եւ ահա կոթունին ալ ծայրն եմ արդէն ու պիտի սուզիմ դալարին մէջ:
       Բարո՛վ, տնաշէն:
       Բարին արեւի՜դ, կ՚ըսեմ, ու տեսիլքը հալեր֊փախեր է արդէն. մոմագոյն երակները սակայն դեռ կը խաղան քիչ մըն ալ ու կ՚այլափոխուին յանկարծ, գիւղիս փողոցներն են, սալարկուած, միափայլ փողոցները. ու կոթունն ալ՝ զոր մագլցեցայ, գիւղիս ճամբան էր, տերեւաձեւ գիւղիս ճամբան:
       Վա՜խ, տեսիլքը փախեր է, բայց ա՜հ , իրականութիւնը հոն է. իմ մշկենի, ծաղիկ ու ծափ գիւղս հո՛ն է: Երազը գնաց, բայց խանդաղատանքը դեռ կը մնայ…։