ՊԶՏԻԿ
ԵՐԳԵՐ
8.
ԱՌՏՈՒՆ
Ինչպէս
բարի
քոյր
մը,
սպիտակ
առտուն,
լուսեղէ՜ն
աստուած,
ձեռքը
դրաւ
ճակտիս,
եւ
յամրօրէն
անցաւ
հոգւոյս
մէջ,
իր
շառ
քղանցքէն
հոն
անձրեւելու
շըրշիւնը
մետաքս:
Ինչպէս
բարի
քոյր
մը,
ցանկալի
առտուն`
լուսցաւ
հոգւոյս
մէջ`
կարօտով
մթագնած.
ինչպէս
բարի
քոյր
մը,
ինչպէս
շուշան
մը`
անձաւի
մէջ
ծաղկած:
Ինչպէս
բարի
քոյր
մը,
գորովազեղ
առտուն,
իր
խունկ
ձեռքերով
ամէնն
ալ
գգուեց.
գգուեց
ամէնն
ալ
ցաւիս
ծաղիկներուն,
որոնց
բաժակները
բարձրացան,
բարձրացան`
անոր
նայուածքին
լոյսովը
թրջուելու:
Եւ
ինչպէս
բարի
քոյր,
ինչպէս
բարի
քոյր`
վաղաժամ
մեռած`
քնացաւ
առտուն,
իր
գորովանքով
օծած`
հասկերը
իմ
տարփանքներուս: