Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

1. ԵՂԻՇԷ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆ
       Բոլորովին հակառակը կարգ մը յոխորտ ու ճղճիմ իմացականութեանց, Եղիշէ եպիսկոպոս համեստութեան տիպարն է: Ճշմարիտ ու մեծահոգի բանաստեղծը, որ իր առօրեայ զբաղումներէն դուրս ունի հոգելից ներշնչումներու եւ միստիք վերացման իր պահերը, երբ իր յոգնաշխատ միտքն ու վաստակաբեկ մարմինը հոգւոյն սիրեկան հրճուանքներովը կը կազդուրուին ու անոնցմով կը հանգչին, երազանքի բեղուն ու խորհրդաւոր վայրկեաններ, ուր բանաստեղծ միտքը կը բաժնուի մերթ աշխարհի ունայն աղմուկներէն, ու մտածումը կը սլանայ թեւաբախ դէպի հոգեկանը, որ իրեն կը սպասէ արդէն անանուն եւ զգլխիչ նեկտարին քաղցրութեամբ ամոքելու համար թռիչքին յոգնութիւնը:
       Ինքը բանաստեղծ ծնած է արդէն, ինչպէս իր եղբայրը: Եւ ի՜նչ մտերիմ, ի՜նչ սերտ շեշտ մը, ինքնաբուխ զգացման, բառի ու բացատրութեան տեսակ մը, ի՜նչ շնորհալի ու գողտրիկ բնականութիւն ունին երկու եղբայրներն ալ, որոնք կը նոյնանան մեր դատումին առջեւ: Միեւնոյն միջավայրին մէջ ծնած, Սկիւտարին մէջ միեւնոյն բանաստեղծականութիւնը շնչած ու մա՛նաւանդ արդէն իսկ բանաստեղծ ծնած Միհրանիկը վաղամեռ Պետրոսին հարազատ շարունակութիւնը կը թուի ըլլալ։ Կարծես միեւնոյն Դուրեանն է, որ կը խօսի մեզի, միեւնոյն Դուրեանը` որ սակայն կրած է տարիքին ու կոչումին հարկադրած փոփոխութիւնները. եւ մեծ հաճոյք մը չէ՞ միթէ տեսնել մեր վաղեմի սիրեկան քերթողին շարունակութիւնը` իր հարազատին մէջ: Ու ո՞չ ապաքէն Եղիշէ եպիսկոպոսը մեր երեւակայած Պետրոսն է, հասուն տարիքին բանաստեղծը, նուազ մելամաղձիկ, աւելի խոհուն ու հզօր, մի՛շտ քաղցր ու մի՛շտ խանդավառ:
       Բաւական երկար լռութենէ մը վերջ` բանաստեղծի իր տաղանդը, տեսիլքի մը, դիւթանկարի մը պէս գունագեղ ու փողփողուն հիմակ, եկաւ մեզի հիանալի փետրափոխութեան մը հմայքը վայելել տալ, ու մենք, որ վարժուած էինք միօրինակ ու ձանձրացուցիչ հարթավայրերու տաղտուկին, մենք, որ երկարաձիգ ու յոգնեցուցիչ անապատի մը մէջ հազիւ երբեմն կրկներեւոյթներու պատիր հմայքը վայելած էինք լոկ, հոգիի ճշմարիտ հրճուանքով մը ըմբոշխնեցինք իր սրբագեղ բանաստեղծութիւններուն թովքը:
       Իր սակաւաթիւ քերթուածներուն անստգիւտ յօրինուածքը, զգացումներու նրբին ընդելուզումը, երաժշտական բառերու ադամանդազարդ ագուցուածքը, ու վերջապէս գաղափարներու ներուժ արտայայտութիւնը, իրարու միացած, բանաստեղծի բնածին տաղանդին հետ մեզի կը յայտնեն նաեւ ճշմարիտ արուեստագէտին տաղանդը, որ ազնուական ու շնորհալի մոգութիւն մըն ալ կ՚աւելցնէ իր բանաստեղծութեանց թովանքին վրայ: Ապաքէն ո՞վ պիտի կրնար մատնանիշ ընել մեզ իր քերթուածներուն մէջ գաղափարի անճարակ կաշկանդումներ, բացատրութեան բռնազբօսիկ դարձուածքներ եւ զգացումի անճահ արտայայտութիւններ, եւ մա՛նաւանդ ո՞վ պիտի կրնար այնքան զգայազեղ ու խանդաբորբ բնականութեամբ մը ներկայացնել մեզի, օրինակի համար, Անառակ որդիին զղջումի այն հոգեխոր ցաւերը` պոռթկացող ուժգնութեամբ մը տոգորուն.
       «Անէծքըդ, հա՛յր, փոխեց ոսկիս մութ պղնձի,
       Բայց քանի որ շամբուշ կուռք մը պէտք էր ինծի`
       Ես պղինձով ալ պատրանքներս ձուլեցի:
      
       Անէծքըդ, հա՛յր, փոխեց կնդրուկս անարգ գուղձի,
       Բայց քանի որ զգլխանք մը պէտք էր ինծի`
       Ես այդ գուղձովս ալ երազներս ծխեցի։
      
       Անէծքըդ, հա՛յր, գոհար քարերս դարձուց խեցի,
       * պէտք էր ինծի`
       Թամարներու կուրծքին զանոնք ես կախեցի»։
      
       Գրութիւններ կան, որոնցմէ մարդ մէջբերում մը ընելու կը վարանի, եւ միթէ անիրաւութիւն մը չէ՞ գեղեցիկ ամբողջութեան մը դաշնութիւնը հատուածել, քայքայել երազի նրբահիւս ու ճարտարագեղ այն շէնքը, որուն ամբողջութեանը վրայ պէտք է հիանալ մանաւանդ, զայն վերստին ու վերստին կարդալով, ու վերջապէս զայն գոց ընելով:
       Տեսնենք նաեւ սա հատուածը, նմանապէս Ս. Գիրքէն առնուած նիւթի մը բանաստեղծացումը.
       «Կը սիրե՞ս զիս, կրկնեց Տէրն, ու Կեփաս
       Ամպի մը պէս խռոված` զգաց ներսիդին
       Ուրացումի ահեղ անկումը շանթին։
      
       —Ա՛հ, գիտես դուն, գիտե՜ս ամէն ինչ, ով Տէր,
       Թէ կը սիրեմ զքեզ, ցորչափ սէրդ անհաս
       Ճառագայթի մը քաղցրութեամբ թափի՜ վրաս,
       Քուկդ են բոլոր մեր հոգիներն ու սիրտեր:
       Եւ իբրեւ պատասխան` Յիսուս կը հրամայէ անոր երթալ արածել իր ոչխարները (եւ ասիկա` իր ալ պարագան).
       «Մինչեւ այն օրն ուր իյնայ ցուպդ ի գետին
       Եւ ուրիշներ կապեն մէջքիդ թոյլ գօտին»:
       Դիտեցէք պատկերին նկարչականութիւնը. վաստակաբեկ ծերունին, տարիներու յոգնութեանը տակ ընկճուած, աչքերը անբոց ու տկարատես, անկարող իր դողդոջուն ձեռքերուն մէջ նոյնիսկ ցուպը բռնելու, իր շրթունքներն ալ անզօր` վաղեմի սիրական սրինգին վրայ տաք համբոյրի մը խանդաղատ հպումին. եւ սակայն աւելի քան երբեք գոհ` կատարուած պարտականութեան մը երջանիկ զգացումով մը զեղուն:
       Այս քերթուածին մէջ իր իսկ հոգիէն բան մը դրած է Դուրեան, ինքը` իր աշխատութեան իտէալին նուիրուած, ինքը` եռանդազեղ ու կորովի մինչեւ հոն` ուր ալ մաշած ու ուժազուրկ մարմինը մերժէ ծառայել իր տխրաբեկ, այլ խղճահանգիստ մտածումին:
       Իր ուրիշ մէկ քերթուածը Տեառնընդառաջն է, հիանալի` սկզբնաւորութենէն իսկ.
       «Հոտ մը կ՚առնէր ծերունին խօլ հեշտանքի`
       Խանձարուրին տաքուկ, ճերմակ խորշերէն,
       Հիւթէ ցամքած մարմնին համար` ուղխօրէն
       Արբում մ՚էր այն ըզգայնութեան ու կեանքի»:
       Երեւակայե՜լ պատկերը ալեփառ ծերունիին, ըղձացուած դիրքի մը մէջ, գրկած Գերագոյն֊Մանուկը, անոր վրայ հակած խանդաղատօրէն, եւ այս մերձեցումէն եւ այս հպումէն խելայեղ…
       «Ու երբ շուրթերն ալ դողահար ու տըմոյն
       Համբուրեցին մաքուր կայծակը` բերնին,
       Շունչէ կտրած ծոցին համար ի՜նչ ջերմին
       Կաթում մ՚էր այն` որ շարժեց լարը հոգւոյն»:
       Ու, գերագոյն ու աստուածային վայելքէն վերջ, հուսկ գուրգուրանքի անհուն յորդումէն վերջ, անոր գոհ ու հանդարտիկ աղաչանքը` որ հեծկլտուքի մը կը փոխուի.
       «Ա՛լ արձակէ զիս, Տէ՛ր, եկաւ ժամանակ,
       Որ ոսկորներս խաղաղին,
       Բայց մէյ մ՚ալ դուն զիս գրկէիր, որ համակ
       Որսը չըլլամ դագաղին»:
       * թափը, որ երբեք չի կասիր:
       Ու մտածե՜լ, որ իրապէս արժանաւոր ու հոգելից այսպիսի մտաւորական մը այսքան ուշ հրապարակ կ՚ելլէ, ամփոփուած ըլլալով իր հուժկու եւ բանաստեղծ Եսին մէջ, ու խոնարհած` իր կրօնաշունչ մտածումին սրբանուշ խորանին առջեւ. մինչ ուրիշներ, բանաստեղծի վատառողջ գոյութիւններ, կամ շպարուած, սիրուն ոչնչութիւններ, միշտ երեւալու, միշտ խօսուելու նիհար ու ճղճիմ փառասիրութեան մէջ մոլորած, եւ կամ իրենց անունին քով ներբողի երկու բառ տեսնելու շատ տղայական անձուկէ բռնուած, ասդին֊անդին կը թափառին, հոս ու հոն ծիծաղելի ուրուագիծեր նկարելով, եւ հուսկ յետոյ իյնալով տղայական եւ ունայնամիտ յոխորտանքի մը մէջ։
       Այս ամենէն վերջ, ինչ որ ամէն բանէ աւելի բաղձալի պիտի ըլլար մեզի` ամենուս համար ալ, անտարակոյս բանաստեղծ եպիսկոպոսին քերթուածներուն հատորի մը մէջ ամփոփուած տեսնելն է: Պիտի սիրէինք ուրեմն մտածել, թէ իր վերապահ ընթացքը համեստութեան գաղափարին հետ այս մտածումին ալ վերագրելի է: