5.
ՓՈՇԻՆ
Ռուբէն
Զարդարեանին
Շարքովն
եզերուած
բարտիներու
հոծ
Լայն
ճամբուն
վրայ,
քաղաքին
մօտիկ,
Իրիկնամուտին,
պայծառ,
խորոտիկ,
Փոշիի
պար
մը
կ'ելլէ
հողմակոծ:
Կ'ոլորուի
թախծոտ,
կը
շրջի
տխուր
Ուռեցած
շունչովն
բիրտ
հովին
հըսկայ.
Սիրտըս
յուզուած
է,
միտքըս
կը
խոկայ
Նենգութիւններուդ,
դաւերուդ
անլուր:
Եւ
ինչպէս
հովը
կը
քալէ
արագ,
Փոշիի
անթիւ
ամպերուն
բոլոր
Ցրուելով
խառնակ
տարրերը
մոլոր,
Տիրապետումի
յոյզերով
վայրագ:
Արհամարհանքիս
հովն
ալ
անխընայ
Պիտի
ընդոտնէ
փոշին
կեղծ
սիրոյդ,
Եւ
ժըպիտներուդ
մէջէն
պատրանուտ
Սիրտըս
միշտ
կանգուն
պիտի
բարձրանայ: