Այլ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
10. ՏՂՈՒ ՄԸ ՄԱՀԸ
       Գարուն է, ծիլ առին ծաղիկն ու դալար,
Կը շողայ լոյսն եթերին մէջ կապուտակ.
Ձըմրան խոժոռ երկինքը որ միշտ կու լար`
Բիլ հըրճուանքով մը կ'ողողուի ա՛լ հիմակ:
       Կեանքի գարնան մէջ դուն ծաղի՜կ նորածիլ.
Աղէտաբեր խորշակով մը խամրեցար.
Մանուկ հոգիդ ալ եւ հեշտ բուրում մը եւ յածիլ
Գընաց կապոյտ անհունին մէջ լայնատարր:
       Անվերադարձ մեկնումդ, աւա՜ղ, մենք կու լանք
Խուլ հեծքերով ու արցունքով դառնագին,
Եւ կը մարի մեր սըրտին խինդն ու տենչանք
       Քու արեւիդ շիջումին հոծ շուքին տակ`
Չըխորհելով թէ անըստուեր քու հոգին
Զըւարթունի վերացում մ'է ա՜լ հիմակ: