14.
ԱՇՆԱՆ
ԾՈՎ
Տառապագին
աշնան
հզօր
ծովը
լըքուն,
Երազողն
է,
միշտ
այլայլած,
ու
միշտ
դաժան.
Իր
տենդահար
ալքերուն
մէջ
կայ
վիշտ
մ'անհուն,
Զոր
ալիքներ
մերթ
յուզումով
դուրս
կը
պոռթկան:
Դէպ
ի
բարձունքն
ամպերու
գորշ
գուլաներուն ,
Իր
դողահար
նայուածքները
կը
յառէ
ան.
Լըքուա՜ծ,
սիրող,
տենչանքներով,
յոյզով
եռուն,
Որ
կ'երազէ
միշտ
դալուկ
մը
ճակտին
վրան:
Ու
իր
ցաւը
կը
տանի
լուռ
խարակներուն,
Որոնք
ընդմիշտ
կ'արհամարհեն
զայն
անտարբեր,
Փափաքելով
կարծես
անկէ
խուսիլ
հեռուն:
Ծովեզերքէն
մարդիկ
կ'անցնին
միշտ
անգիտակ.
Անկարեկիր`
լայն
ցաւին
որ
զինքն
է
լափեր.
Մեծ
տառապողն
ա՜լ
երազուն
է
միս
մինակ…
[1903,
Յուլիս]