17.
ԱՇՆԱՆ
ԾԱՂԻԿՆԵՐ
Կը
խամրին
աշնան
ծաղիկներ
տըժգոյն.
Լըքուած,
անտերունջ
հոգիներու
պէս.
Կը
ցընդի
անոնց
բոյրն
անուշ
ու
վէս,
Հոգեվարք
սիրտի
հուսկ
շունչին
հանգոյն:
Գօս
տերեւներուն
հետ,
արագ
արագ,
Կը
խամրին
աշնան
ծաղիկներ
տըժգոյն.
Սիրազեղ
բոյրն
ու
թովքն
իրենց
հոգւոյն,
Կը
մեռնին,
հովուն
հեծքերէն
վայրագ:
Արեւուն
վերջին
ցոլքերն
աննըշոյլ
Կը
մարին
գոգը
ամպին
մըթագոյն.
Կը
խամրին
աշնան
ծաղիկներ
տըժգոյն,
Օր
մըն
ալ
ձիւնէն
սառելով
բոյլ-բոյլ:
Եւ
յուզուած
սիրտն
ալ
սիրատանջ
մարդուն
Անըզգայութեան
ձիւնին
տակ,
աւա՜ղ,
Կը
սառի
օր
մ'ալ,
ինչպէս
որ
դեռ
վաղ
Կը
մեռնի՜ն
աշնան
ծաղիկներ
տըժգոյն…
Բերա
[1903]