Այլ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
23. ԵՐԱԶ ՕՐԵՐ
(Քանթիլէն)
       Կարմիր ծաղիկ մը գարունի
Առտու մ'ինծի նըւիրեցիր,
Ըզգացի թէ տենդեր ունի
Երազկոտ միտքըս ուշացիր:
       Խանդաղատանք մը յորդեցաւ
Իմ նըւաղկոտ լանջքիս տակ` ուր
Դողաց սիրոյ սարսուռն անցաւ`
Ու թովանքը համբոյրին հուր:
       Եւ ըղձակաթ իմ հէգ հոգիս
Ըզգաց սիրտիդ հուրքն արծարծուն,
Ու մետաքսէ ուղի մը զիս
Սէր-Ծաղիկին տարաւ ածուն:
       Հոն ժըպտեցաւ կեանքը ինծի,
Հըմայքներու հոյլովն անցաւ,
Եւ ուրուական մը կասկածի
Անոր մօտէն երբեք չանցաւ: